0

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Վերջերս ստացայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի պարբերաթերթ “Հոգեւոր Պրիսմակ”ի բացառիկ թիւը։  Նկարներով զարդարուն այս պարբերաթերթը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հարուստ յիշատակարան/պատկերատետր մը, խնկարկելու՝ Թեմիս Առաջնորդին բառերով “Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի ազգընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մեր Թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան” : Այդքան ալ հետաքրքուած ու խանդավառուած չենք այս պատկերատետրով, որովհետեւ այդտեղ շռայլուած խօսքերու ետին միայն կայ հաշիւ, կեղծիք եւ անտեղի խնկարկում։

 

Մեր ըսածները արմատացնելու համար ընթերցողներու յիշողութեան մէջ, թարմացնենք այդ օրերուն պաշտօնապէս եւ հրապարակային կերպով կատարուած յայտարարութիւնները. “Հոկտեմբեր ամիսը այս տարի  մեզի համար եղաւ նաեւ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային եռուն եւ աշխոյժ կեանքի ամիս, որովհետեւ Նորին Ս. Օծութեան ներկայութիւնը սոսկական այցելութենէ մը շատ աւելին էր, ինչպէս եղած է միշտ։  Վեհափառ հայրապետը եկած էր տեսնելու, լսելու եւ պատգամելու նպատակով։ Եւ այդ բոլորը կատարուեցան նպատակաուղղուածութեամբ, հիմնուած՝ այն առաքելութեան վրայ, զոր նոյն ինքն հայոց հայրապետը սահմանած էր ի սկզբանէ, մեր Թեմը ժամանելէն առաջ իսկ, յստակ նպատակներ ճշդելով իր այս այցելութեան համար”։

 

Ահաւասիկ այդ նպատակաուղղուած ծրագիրերուն առաջինն էր, ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄը, ինչպէս կը շեշտուի։ Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում ըսելով մենք կը հասկնանք այն վերակենսաւորումը որ կը մատակարարուէր մեր բարեպաշտ ժողովուրդին, մասնաւորապէս մեր երիտասարդներուն, Ս. Գրոց  սերտողութեանց եւ մեր հոգեշունչ շարականներու մեկնաբանութեանց, ինչպէս նաեւ հոգեպարար արարողութիւններու ընդմէջէն։ Այս ծառայութեան դաշտին մէջ իրենց մասնաւոր  բաժինը կը բերեն թեմիս մէջ ծառայող բոլոր հոգեւորականները, եւ մասնաւորաբար անոնց մէջէն կը ճառագայթեն երկու լուսաւոր կարեւոր դէմքեր՝ Հոգշ. Տ. Միւռոն Ազնիկեան եւ Հոգշ. Տ. Պարթեւ Կիւլիւմեան  վարդապետները:

 

Բայց ին՞չ պատահեցաւ, որ կաթողիկոս եւ Առաջնորդ իրարու հետ  համագործակցաբար  ծառայութեան այս դաշտի սպասարկուներէն Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանը հեռացուցին Լոս Անճէլըսէն. անձ մը՝ որ այդքան երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք յաջողած էր հազարաւոր երիտասարդներ համախմբել Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ եւ անոնց մէջ արմատացնել ՍԷՐ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հանդէպ, եւ, այս բոլորէն վեր, նաեւ յաջողած էր լռեցնել այն աղանդաւոր փարիսեցիները, որոնք, անգիտակ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ առաքելութեան, կը յայտարարէին թէ Հայ Եկեղեցին թերացած է իր հոգեւոր մատակարարութեան մէջ ու այդ յայտարարութեամբ երիտասարդութիւնը  կը հրապուրէին իրենց մարդորսական քարոզչութեամբ: Մէկ խօսքով՝ Հայր Պարթեւ այս բոլորը լռութեան դատապարտած էր ։

 

Վերեւ յիշուած բոլոր իրողութիւններուն քաջատեղեակ ըլլալով, մեզի կը մնայ յայտարարել որ մեր ղեկավարներու խօսքն ու գործը իրարու չեն համապատասխաներ։  Մէկ կողմէ կը քարոզեն որ հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը անհրաժեշտ է այսօրուան մեր աշխարհիկ պայմաններուն մէջ, ուր կարելի է տեսնել հոգեկան արժէքներու անկումն ու նահանջը: Միւս կողմէ, սակայն, իրենց բեհեզներու սին փառքերէն հմայուած, նախանձով կուրացած, վրէժխնդրական ոգիով կը ոտնահարեն ո՛չ միայն վարդապետի մը արժանապատուութիւնը, զինք արտաքսելով այս գաղութէն, այլ կը ոտնահարեն հազարաւորներու իրաւունքը՝ սնանելու վարդապետին հոգեւոր քարոզութեամբ  ու կը խոցոտեն անոնց քրիստոնէական հաւատքը։  Ու՞ր մնացին Վեհափառին կոչերը, թէ պէտք է առաւելագոյն ճիգը գործադրել որպէսզի մեր ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը ներգրաւուին մեր հաւաքական կեանքին մէջ. չէ՞ որ եկեղեցին առանց ժողովուրդի կը պարպուի իր իմաստէն ու առաքելութենէն: Հետեւաբար՝ ինչո՞ւ հեռացնել ժողովուրդը եկեղեցւոյ փարախէն… յանուն ինչի՞…

 

Փաստ՞:  Կարդացէ՛ք մեր երիտասարդ սերունդին դատումները Ֆէյսպուքի վրայ, եւ տեսէք թէ ինչպէս պիտի յուզուիք հաղորդակից ըլլալով այդտեղ արձանագրուած անկեղծ պոռթկումներուն։

(PETITION: http://www.petitiononline.com/HBarthev/petition.html

FACEBOOK:http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-arthev/209992062422773

 

Ուրեմն՝ ի՜նչ հոգեւոր կեանքի վերանորոգումի մասին կը խօսինք, երբ մեր գործերով կը փաստենք որ մեր պատգամները լոկ շրթնային ծառայութիւններ են  եւ ո՛չ մէկ ձեւով կը բխին մեր խորունկ հաւատքի զուլալ աղբիւրէն, որուն մասին յաճախ կը քարոզենք եկեղեցւոյ խորաններէն եւ հանրային բեմերէն։ Ընթերցողին խղճին կը թողում մեկնաբանութիւնը։  Այսօր՝ Հայր Պարթեւ արդէն լծուած է իր աստուածահաճոյ Ս. Գիրքի սերտողութեանց, թէկուզ շատ փոքրաթիւ հաւատացեալներու համար, Վենեզուելայի Գարաքաս քաղաքին մէջ, յագեցնելու անոնց պապակած հոգիները։  Ինծի համար ամենէն զարմանալին եւ միտք չարչրկողը այն իրողութիւնն է, որ Վեհափառին եւ Առաջնորդին պաշտօնական յայտարարութիւնները հանրութեան առաջ՝ թէ Հայր Պարթեւ շուտով պիտի վերադառնայ Լոս Անճէլըս, ուրիշ բան չէին եթէ ոչ՝ զինք Արեւմտեան Թեմէն հեռացնելու թաքուն մտադրութեան անպատկառ եւ անպարկեշտ քողարկում մը, մէկ խօսքով՝ բացայայտ ճշմարտութեան խեղաթիւրում:  Վասնզի մինչ այստեղ պաշտօնապէս կը յայտարարուէր որ Հայր Պարթեւ պիտի վերադառնար Լոս Անճէլըս, անդին,  Վենեզուելայի Ազգային Վարչութեան հաւանութիւնը նախօրօք առնելով, Հայր Պարթեւ անմիջապէս կը ղրկուէր  ծառայութեան իր նոր դաշտը։  Հիմա կը հասկնա՞ք, սիրելի ընթերցողներ, թէ ինչո՛ւ երիտասարդներ կ’ընդվզին Առաջնորդին եւ Ազգային Իշխանութեան դէմ. պարզապէս անոր համար որ խաբուած են եւ կանգնած կատարուած իրողութեան առաջ։  Մի՛ խախտէք մեր նախանձախնդիր երիտասարդներուն հաւատքը, որովհետեւ անո՛նք են մեր ապագայի յոյսը։  Այո. Վեհափառը եկաւ, տեսաւ, պատգամեց, բայցչլսեց… :

 

Նպատակաուղղուած ծրագիրներուն երկրորդն էր ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄը, որուն վերարժեւորման ու վերականգնումի հրամայականին կոչը կ՚ընէ Վեհափառը։  Արդեօ՞ք Վեհափառին ներկայութիւնն էր անհրաժեշտ՝ որպէսզի մեր ազնիւ բարերարները իրենց նուիրատուութիւնները կատարեն մեր ազգային վարժարաններուն, թէ՝ անհրաժեշտ է ունենալ խոր գիտակցութիւնն ու կարեւորութիւնը հայ դպրոցի առաքելութեան սրբազան գործին, ուր կը ծաղկին եւ կը դաստիարակուին մեր ապագայի ղեկավարներն ու մեր արդար դատի պահանջատէր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները։  Այո, դժբախտաբար ձախողած են մեր դպրոցները իրենց առաքելութեան մէջ զանազան պատճառներով: Կ’արժէ այստեղ առանց երկարաբանութիւններու կատարել կարգ մը պարզ ախտաճանաչումներ.-

 

Ա. Նկատի ունենալով պետական հանրային ձրի վարժարաններու գոյութիւնը, մեր վարժարանները   իրենց անմատչելի գիներով չեն կրնար հրապուրել ծնող-ներու շահագրգռութիւնը ազգային վարժարաններուն հանդէպ, նամանաւանդ երկրի տնտեսական այս դժնդակ պայմաններու տակ։

 

Բ.  Մեր վարժարաններուն կը պակսին մասնաւորաբար՝ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան որակաւոր ուսուցիչներ, եւ այս իսկ պատճառով մեր երկրորդական վարժարաններու աւարտական աշակերտները չեն կրնար արտայայտել իրենց մտածումները յստակ, պարզ հայերէնով մը եւ անմիջապէս կը դիմեն անգլերէն լեզուի օգնութեան։

 

Գ. Վարժարաններու մէջ աշխատող կամ գործող պաշտօնակազմի մեծամասնութիւնը աշխատանքի գլուխ եկած է պարզապէս ո՛չ թէ իր ունեցած կրթական, դաստիարակչական պատրաստութեան որպէս հետեւանք, այլ շնորհիւ պարզապէս իր այս կամ այն խմբակին պատկանելիութեան, եւ կամ խնամիական ու բարեկամական կապերուն:  Եւ ահաւասիկ, դժբախտաբար այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ’ունենան մեր երախաներու դատիարակութեան վրայ: Մէկ խօսքով՝ հայկական դպրոց յաճախող մեր երախաներն են տուժողը։  ժամանակն է, ինչպէս Արամ կաթողիկոս կը յայտարարէ, վերարժեւորելու եւ վերականգնելու հայ դպրոցի իսկական արժանապատուութիւնը, յօգուտ մեր գալիք մատղաշ սերունդին, պայմանաւ որ խօսքը վերածուի կենդանի առողջ գործունէութեան։

 

Անշուշտ յոյժ գնահատելի է որ Վեհափառ Հայրապետը անձամբ այցելեց մեր ազգային վարժարանները եւ խանդավառեց  մեր աշակերտները, անոնց յորդորելով որ ըլլան հայ կեանքի արեւը՝ լուսաւորելու համար մեր ազգային կեանքը։  Արդեօ՞ք Վեհափառը պահ մը մտածեց որ այս գաղութին մէջ բացի Կիլիկեան Թեմին պատկանող դպրոցներէն  կան նաեւ ա՛յլ հայ վարժարաններ, ուր կը դատիարակուին հայ մանուկներ որոնք նոյնքան կարիքը ունէին իր քաջալերիչ հայրական խօսքերուն։ Աւա~ղ… ո՞ւր մնաց մէկ ազգ, մէկ հայրենիք եւ մէկ եկեղեցի լօզունգը…

 

Նպատակաուղղուած ծրագիրերուն երրորդն էր, ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄը: Անշուշտ իւրաքանչիւր հայ իր իւրայատուկ հասկացողութիւնը ունի հայ դատի հետապնդման նկատմամբ եւ բոլորն ալ յարգելի են մեզի համար։  Նկատի ունենալով որ մենք անմիջական սերունդն ենք նահատակեալ, տառապեալ, աքսորեալ այդ ժողովուրդին, մեր հասկացողութիւններն ու իմացողութիւնները տարբեր են այն սերունդէն՝ որոնք միայն իմացած են իրենց մեծ հայրերուն  պատմութիւնները իրենց ծնողներէն։ Հայ դատի ու ազգային պահաջատիրութեան աշխատանքը կը սկսի իւրաքանչիւր հայու տունէն։

 

ա. Խօսիլ հայերէն եւ ապրիլ հայօրէն, պահպանելով մեր բոլոր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, որոնք մեզի փոխանցուած են մեր ծնողներուն եւ հարազատներուն կողմէ, եւ որոնք կը կերտեն մեր հայու նկարագիրը։

 

բ.  Աշխուժացնել պահանջատիրութեան ոգին մեր նոր սերունդին մօտ, որոնք մեծ մասամբ կանգնած են մեր հայ կեանքի լուսանցքին վրայ, որոշ անտարբերութեամբ։

 

գ. Խօսքի սահմաններէն դուրս ելլել եւ անցնիլ գործի: Այլ խօսքով՝ գործօն մասնակցութիւն բերել պահանջատիրութեան մեր արդար դատին, մեր տաղանդներուն լիիրաւ ամբողջական նուիրաբերումով։

 

դ. Թէեւ Հայաստանի պետութիւնն է հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գերագոյն իրաւատէրը (իրողութիւն մը զոր ուզեցինք գործնականացնել երբ Նիւ Եորք Լայֆի դատերը սկսան, եւ սակայն դժբախտաբար կարգ մը իրաւաբաններ դէմ եղան մեր առաջարկին այդ ատեն) , բայց եւ այնպէս՝  նկատի ունենալով որ Սփիւռքը մասնաւորաբար արդիւնքն է ցեղասպանութեան, անհրաժեշտ է որ ան համախմբուած ուժերով, միակամ եւ միաբուռն լծուի պահանջատիրութեան հետապնդման գործին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ,  եւ միջազգային դատարաններու մէջ աշխուժացնէ իր աշխատանքները։  Ահաւասիկ այս մտահոգութեամբ աւելի քան հինգ տարիներ առաջ երբ Կիպրոսէն ժամանող բարեկամի մը կողմէ ինծի ցոյց տրուած նկարներուն մէջ տեսայ Նիկոսիոյ մեր եկեղեցւոյ պղծումը, եւ գետնի սալայատկուած մարմարներու աւերումն ու կողոպուտը, Վարուժան Արքեպիսկոպոսի միջոցաւ թելադրանք կատարեցի  Արամ կաթողիկոսին, որպէս գերագոյն իրաւատէրը այդ եկեղեցւոյ, միջազգային դատ բանալու Հոլանտայի մէջ, թէկուզ առանց գործնական շօշափելի արդիւնքի, առ նուազն ցոյց տալու համայն մարդկութեան, որ քսանմէկերորդ դարուն Թուրքը տակաւին նոյն բարբարոս ժողովուրդն է: Դժբախտաբար առաջարկս անլսելի մնաց։

 

Դարձեալ, կրկնակի առիթ մը կրնար ըլլալ Արամ Վեհափառին համար եթէ, տեսնելէ ետք Կիպրոսի մեր Մակարայ վանքին սրբապղծումն ու աւերումը, եւ նկատի ունենալով որ Կիպրոս կ’անդամակցի Եւրոպական Խորհուրդին, անյապաղ դիմէր Միջազգային Դատական Ատեան՝ վնասուց հատուցում պահանջելու համար Թուրքիայէն, ինչպէս կրցան ընել կարգ մը յոյն անհատներ, որոնք կալուածներ ունէին բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ եւ դատարանի միջոցաւ յաջողեցան տիրանալ իրենց արդար իրաւունքներուն։  Խօսքէն պէտք է անցնիլ գործի:  Խօսքը կը ցնդի բայց գործը կը մնայ։  Ժամանակն է… Գործ, Գործ եւ դարձեա՛լ Գործ։

OpenLetter

 

Ոսկան Մխիթարեան

 

0

Write a Comment