0

ԿՐԿԻՆ ԱՊՐԻԼ 24

            Համասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս պիտի ոգեկոչէ եւ խոնարհի իր մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակներու յիշատակին առջեւ: Քայլարշաւներ, թափօրներ տեղի պիտի ունենան ամէնուրեք, պատարագներ, դասախօսութիւններ ու հսկումներ, ճառեր եւ շռնդալից յայտարարութիւններ: Բայց յետոյ ի՞նչ եւ ինչո՞ւ… :  Դժբախտաբար եւ դառնօրէն կ’անդրադռնամ ա՛յն իրողութեան որ ցեղասպանութեան մասին  բոլոր յուշագրութիւններն ու վկայագրութիւնները կը մնան գրադարաններու փոշոտած դարակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն Ապրիլ 24-ին յայտնուող հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու «պերճ» ճառախօսութեանց  մէջ:

            Դժբախտաբար յաջորդաբար պիտի անցնին ա՛յլ Ապրիլ 24-ներ, միօրեայ կամ երկօրեայ յուզումներ յառաջացնելով: Որքա՜ն միամիտ ենք որ տակաւին կը սպասենք, եւ չենք ալ գիտեր թէ որո՞ւ կը սպասենք եւ կամ ի՞նչ կ’ակնկալենք : Ցեղասպանութեան 107-րդ տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս ծանծաղամտութեամբ պիտի ակնկալենք որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտեն ցեղասպանութիւն բառը գործածէ, որ պատահեցաւ անցեալ տարի, եւ վերջ….: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը կը համընկնին Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութեան, եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Ցեղասպանութիւն բառը գոծածուեցաւ եւ նոյնքան արագ օդին մէջ ցնդեցաւ:

            Այս բոլոր յայտարարութիւններէն ետք տակաւին կը հրճուի՜նք  այս կամ այն  օտար քաղաքին կողմէ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, միւս կողմէ մոռնալով մեր արդար պահանջը ո՛չ միայն ոճիրի սրբագրութեան, այլեւ Արեւմտահայաստանի մեր կորսնցուցած հողերուն վերաբերեալ: Հայոց ցեղասպանութեան փաստը վաղո՜ւց ապացուցուած է միջազգային ցեղասպանագէտներու կողմէ: Մինչեւ այսօր կուտակուած փաստերը այնքան հարուստ են իրենց բազմազանութեամբ, որ այլեւս անհրաժեշտ պէտք է նկատենք մեր աշխատանքները կեդրոնացնել ոճիրի սրբագրութեան եւ հողային պահանջին վրայ: Հետեւաբար պարտաւոր ենք մշակել ազգապահպանման նոր ծրագիր եւ գործի լծուիլ, որովհետեւ խօսքը առանց գործի օդին մէջ շուտով կը ցնդի:

            Հետեւաբար մեր գործնական աննահանջ պահանջքը պիտի ըլլայ.-

            1. Նիւթական կորուստներու հատուցում (շարժուն եւ անշարժ գոյքեր):

          2. Մէկուկէս միլիոն նահատակներու կեանքի հատուցում:

            3. Մշակութային կորուստներու հատուցում: (դժբախտաբար կը շարունակուի տակաւին)

            4. Հայրենիքի կորուստ:

            5. Անխոնջ պայքար ահաւոր սպիտակ ջարդին դէմ:

          6. Ազգը պահել հողին համար: Առանց հողի ազգ եւ պետականութիւն չկայ:

            Ժամանակն է որ խօսքէն անցնինք գործի եւ դարձեալ աղաղակենք բարձրաձայն ՀՈՂԵՐԸ-ՀՈՂԵՐԸ …: Հայ ժողովուրդին համար ընդունելի չէ երբեք թուրք պետութեան եւ անոր նախագահին «ցաւակցութիւնը՝» իր բացատրութեամբ՝ 1915-ին պատերազմական պայմաններու մէջ մահացած հայերուն համար։ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ոճիրը  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է եւ վերջ…: Այս բացայայտ իրողութիւնը ո՛չ քննութեան, ո՛չ ալ վիճաբանութեան եւ կամ բանակցութեան նիւթ կրնայ ըլլալ հայ ժողովուրդին համար նամանաւանդ այս օրերուն երբ հայրենի պետութիւնը «աւագ եղբօր» թելադրութեամբ, չըսելու համար պարտադրութեամբ՝ բանակցութեան մէջ է Թուրքիոյ հետ դրացիական «առողջ» յարաբերութիւններ ստեղծելու համար:

            Պահանջատիրութիւնը կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ յստակ ծրագիր: Պէտք չէ բաւականանանք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ճառերով եւ կամ լոկ ճանաչում հայցելով գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին հայոց ցեղասպանութեան մէջ: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները:

            Հայրենի պետականութիւնը իր ուրոյն քաղաքականութիւնը ունի, երբ հարցը կը վերաբերի Արեւմտահայաստանի: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունի որպէս պետութիւն եւ երբեք հրապարակաւ պիտի չպահանջէ Արեւմտահայաստանի յափշտակուած հողատարածքները, ինչպէս տեսանք մինչեւ այսօր: Պէտք չէ մոռնանք որ Թուրքիան, Ատլանտեան Ուխտի անդամ է: Անկէ հող պահանջել՝ կը նշանակէ հակադրուիլ Ատլանտեան Ուխտի կորիզին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Անգլիոյ, Գերմանիոյ ու Ֆրանսայի:    Այստեղ պէտք է յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք ելլելով իրենց հայրենասիրական զգացումներէն կը շեփորեն արեւմտահայութեան վերաբնակեցման գաղափարը Արեւելահայաստանի մէջ՝ նամանաւանդ հայրենամերձ հիւրընկալ երկիրներէն, թէ նման մակերեսային մտածողութիւն մը, որքան ալ բխի ջինջ հայրենասիրական զգացումներէ, անուղղակիօրէն ահաւոր հարուած մը կ’ըլլայ մեր հողային պահանջատիրութեան, որովհետեւ կը դադրինք այնուհետեւ մտածելէ եւ զգալէ թէ հայրենազուրկ ենք:

            Անվիճելի է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները թէ թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային, ոճրագործական արարքները բացառապէս Թուրքիոյ ներքին գործն են: Գերպետութիւններ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն մը այս նիւթականացած աշխարհին մէջ:

            Հետեւաբար ի՞նչ պէտք է ընենք մեր ձայնը աւելի լսելի եւ ընդունելի դարձնելու համար ՄԱԿ-ի ընհանուր ժողովին մէջ: Ի վերջոյ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կը տնօրինուի այդ ժողովին մասնակցող եւ ձայն ունեցող պետութիւններու կողմէ:  նախ պէտք է դաս առնենք պատմութենէն եւ քաջատեղեակ ըլլանք թէ Արեւելեան Հարցը, որուն մէջ կը մտնեն հայերը, քիւրտերն ու պաղեստինցիները, ամենաբարդ ձեւով տակաւին կը մնայ համաշխարհային քաղաքականութեան սեղանին վրայ ու տակաւին երկար ալ պիտի մնայ այնքան ատեն որ գերպետութեանց շահերը չեն համընկնիր Արեւելեան Հարցի հետ:

            Պատմութիւնը մեզի սորվեցուց որ Հայկական հարցը կարելի է լուծել աստիճանաբար, երբ գերպետութեանց հաշիւները կը համընկնին հայկական շահերուն: Թուրքիան փորձեց իրեն իւրայատուկ ոճով, այլ խօսքով իր բնածին բարբարոսութեամբ լուծել  Հայկական հարցը: Նախ Արեւմտահայաստանի վարչական տարածքներու սահմանները փոփոխելով կապեց համաթուրքական միջոցառումներու, եւ այդ ձեւով փորձեց թաղել հարցը: Տարածքային փոփոխութիւններով փորձեց անհետացնել հայ բնակչութեան ոյժը հայկական գաւառներու մէջ, եւ երբ ձախողեցաւ իր ծրագրին մէջ՝ դիմեց ցեղասպանութեան միջոցին, օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաղաքական պայմաններէն եւ այսօր ալ կը փորձէ նոյն քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի արիւնաթաթախ ձեռքով:

            Անկասկած որ իւրաքանչիւր արեւմտահայ յոյս ունի եւ կ’երազէ վերադառնալ իր դարաւոր հայրենիքը, նուիրուելու համար հայրենաշինութեան սրբազան գործին: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել երազանքը: Ամէն բանէ առաջ պէտք է նուիրուինք ինքնաճանաչման եւ մեծ աշխատանք տանինք ինքնամաքրման: Մէկդի պէտք է դնենք մեր հատուածական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական, հայրենակցական եւ այլ կազմակերպութիւններու բաժանարար գործելաոճը, եւ նուիրուինք ու խթանենք նոր սերունդի ներդրումը պահանջատիրութեան սրբազան աշխատանքին մէջ: ԱՌԱՆՑ ՀՈՂԻ ԱԶԳ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ:

            Այսուհետեւ ո՛չ խանդավառուինք,  եւ ո՛չ ալ մխիթարուինք թէ այսինչ կամ այնինչ երկրի մէկ աննշան քաղաքը ճանչցեր է հայոց ցեղասպանութիւնը:Ամէն տարի նո՛յն յուսախաբութիւնը կ’ապրինք առանց դաս մը քաղելու մեր նախորդ տարիներու փորձառութենէն, մոռնալով որ նախագահ Ռեկըն 1981 Ապրիլ 22-ին իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագրով արդէն ճանչցած էր հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց յետոյ ի՞նչ… ատկէ ասդին բան մը փոխուեցա՞ւ Թուրքիոյ հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ… Անշո՛ւշտ ոչ: Ընդհակառակն՝ Թուրքը իր աշխարհագրական դիրքը օգտագործելով կը փորձէ միշտ «ջերմ» պահել իր յարաբերութիւնները թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ՝ ելլելով իր երկրի շահերէն: Անոր նորագոյն ցայտուն օրինակը կը տեսնենք այսօր՝ Ռուս Ուքրանիական պատերազմի ընթացքին:

            Դժբախտաբար Սփիւռքն ալ, հակառակ իր բովանդակ կարողականութեան, ինքնութեան կորուստի տխուր ընթացքի մը մէջ կը գտնուի այսօր: Օտարութեան ճիրաններուն մէջ, իրենց հայրենիքէն արմատախիլ եղած այլ ժողովուրդներու նման, մենք ալ ենթակայ ենք կամաւոր ստրկութեան եւ ուծացման՝ յանուն խաբուսիկ «բարօր» կեանքի մը: Սփիւռքը, որպէսզի կարողանայ տոկալ եւ շարունակել իր գոյութիւնը, պարտաւոր է պահել ու պահպանել իր ինքնութիւնը, նամանաւանդ իր լեզուն, որ անզգալաբար մաշումի եւ կորստեան ճանապարհի մէջ է: Սփիւռքահայը իր հայեացքը դէպի հայրենիք ուղղելով հանդերձ, առանց շփոթելու հայրենասիրութիւնը՝ բարեսիրական օգնութեան եւ հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ, պարտաւոր է ասոնցմէ անդին իր ամբողջ կարողականութիւնը կեդրոնացնելու բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերը վերաշահելու հիմնախնդրին  վրայ:

            Տխուր իրականութիւններէն մէկն է, անշուշտ, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրած է այլեւս մեր ազգային քաղաքականութեան մարտավարութեան գլխաւոր օրակարգերէն մէկը ըլլալէ, որուն մէջ իր տխուր բաժինը ունի հայրենի կառավարութիւնը, որ երբեք մշակուած քաղաքականութիւն մը չունի հայկական հարցը միջազգայնացնելու, եւ  վաղուց յայտարարած է, թէ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի, եւ որմէ ետք, ուրեմն, Սփիւռքի ճիտին պարտքը կը մնայ իր գլխուն ճարին նայիլ ու այդ ռազմավարական քաղաքականութինը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդել մինչեւ արդար հատուցում:  Այլ խօսքով, չբաւարարուինք միայն ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքով եւ գտնենք մեր ապահով յենարանները արագօրէն զարգացող աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ՝ պատրաստելով գիտակից մասնագէտներ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ գիտական ոլորտներէն ներս, այն երկիրներու մէջ ուր ստուար հայութիւն կայ:

            Համասփիւռ հայութեան պահանջատիրութեան հիմքը բռնագրաւեալ Արեւմտահայստանի ազատագրումն է, իր ամբողջական հասկացողութեամբ: Ներկայ փոքրիկ հայրենիքի հզօրութեան պատուանդանը սփիւռքի կարողականութեան հարստութիւնն է, եւ եթէ չկարենանք պահել զայն յառաջիկայ յիսունամեակի ընթացքին՝ պէտք է մեղադրենք մենք զմեզ մեր ամլութեան, ողջմտութեան բացակայութեան ու քաղաքական անհեռատեսութեան համար: Հեռու ինքնախաբէութենէ, իրատեսութեամբ մօտենանք հարցին եւ արժանապատիւ լուծումներ որոնենք երբ տակաւին ուշ չէ:

            Կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ առանց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝  իրենց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ թարմ ստեղծագործ ոգիով՝ չկայ գիտակից պահանջատիրութիւն մեզմէ յափշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն: Տխուր պատկեր կը ներկայացնէ երիտասարդութիւնը այսօր, որովհետեւ չկարողացանք ազդու միջոցներով վերատեսութեան ենթարկել աւանդական մեր ճահճացած ըմբռնումներն ու  հասկացողութիւնները, եւ դարձանք արհամարհական եւ վանողական՝ մեր բոլոր մօտեցումներուն մէջ:  Չկան այսօր մեր երիտասարդները զանգուածային կերպով՝ մեր հանրային հասարակական կեանքին մէջ…Չմոռնանք որ մեր պապենական հողերը գրաւուած եւ պարպուած են այսօր: Չէ՞ որ ուխտեցինք այսուհետեւ չողբալ եւ չսգալ, այլ պահանջել եւ վերականգնել մեր հազարամեայ իրաւունքները, որոնք այլեւս երազներ չեն մեզի համար, այլ սրբազան կոչ մեր ոտնահարուած պատիւը վերականգնելու:

            Այսուհետեւ, մեր անիրաւուած իրաւունքներու ազգային վերականգնումի ճանապարհին, պիտի չբաւարարուինք ո՛չ արտաքին եւ ո՛չ ալ ներքին շրթնային ծառայութիւններով, որովհետեւ խօսքը կը ցնդի՝ գո՛րծն է մնայուն: Աշխարհ այլեւս գիտէ՛ թէ ցեղասպանութիւն գործուած է մեր հազարամեայ սեփական հողին վրայ. այսուհետեւ «բարեկամ» պետութիւններ իրենց ճանաչումի  մխիթարական խօսքերէն անդին պարտին զօրավիգ կանգնիլ մեզի՝ մեր իրաւատէրի պահանջատիրութեան մէջ:

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը բազմիցս փաստած է անվիճելի, անկոտրում ճշմարտութիւն մը. հակառակ այն իրողութեան որ դարերու ընթացքին աշխարհակալներ եկան ու անցան՝ մեր հազարամեայ երկիրը նուաճելով, կոտորելով, կործանելով ու թալանելով (որոնց վերջին արիւնարբու դաժան ոճրագործները եղան Սուլթան Համիտներն ու Երիտ-Թուրքերը), մարդու տեսակի (species) այդ վիժուկները սակայն չկարողացան սպաննել հայուն ապրելու կամքը, ստեղծագործելու կենսախայտ տենչը եւ գոյատեւելու աննահանջ եւ աննկուն խիզախութիւնը:

            Հետեւաբար մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է որ լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ: Անոնցմէ կարեւոր կը նկատենք Սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն եւ նպատակներու գործադրութեան բիւրեղացումը, նամանաւանդ քաղաքական գործելակերպին մէջ, ստեղծելով ճիգերու ամբողջական սերտ միութիւն մը: Ձեւական միութենէն անդին անցնինք, կերտելու իրակա՛ն, եւ ո՛չ թէ մակերեսային միասնութիւն մը:

                Հաւատարիմ մնալ եւ ուխտել, որ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքն է, եւ իր նահատակներուն արիւնաթաթախ պատգամը՝ որ մեր ազգային վերականգնումը հետապնդենք ու իրագործենք պատմական Հայաստանի ազատագրուած միացեալ հողերուն վրայ:  Չխանդավառուինք պատահական խոստումներէ, եւ ո՛չ ալ յուսահատինք վաղանցուկ ժխտումներէ, ուրացումներէ: Չյուսալքուինք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, անկեղծ հաւատքով եւ տեսիլքով զրահաւորուած առաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը, միշտ մնալով պատնէշի վրայ արթուն եւ շրջահայեաց:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                                                     

24 Ապրիլ 2022

0

4. ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ:

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ , որ համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի առատ բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Որովհետեւ՝ Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ: (Identity)

            Մեզ ամենաշատ մտահոգողը ներկայիս ա՛յն ահաւոր, սարսափելի իրողութիւնն է որ շեղած ենք մեր ազգային արմատներէն – լեզու, աւանդութիւն, ընտանեկան բարքեր,  արուեստ, հոգեւոր մշակոյթ եւ ընկերային կենցաղ: Այս բոլորը  համաշխարհայնացման յորձանուտին, չըսելու համար լաբիւրինթոսին, ճնշման տակ  բոլորովին աղաւաղած ու կործանման անդունդի եզրին հասցուցած են մեր ինքնութիւնը:

            Բացարձակ ճշմարտութիւն է որ լեզուն գործիք է, միջոց է մարդկային հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան. այլ խօսքով լաւագոյն եւ հզօրագոյն միջոցը ազգապահպանման՝ բոլոր ժողովուրդներուն համար:  Եթէ կան ժողովուրդներ որոնք կը գոյատեւեն այսօր, պարզապէս իրենց լեզուի շնորհիւ է որ կը գոյատեւեն: Մէկ խօսքով՝ առանց լեզուի չկայ ազգային ինքնութիւն:

            Հայոց պատմութեան ընթացքին մեսրոպաշունչ հայոց լեզուն բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է  ո՛չ միայն մշակոյթ ստեղծելու մէջ, այլեւ մեր գոյութիւնը պաշտպանող ամենամեծ զէնքը եղած է:  Ամէն ինչ կոսնցուցինք դարերու ընթացքին – թագաւորութիւն, իշխանութիւն, հոգեմտաւոր ժառանգութիւն, եւ մեծագոյնը՝ հայրենի հող ու երկիր, եւ սակայն այս բոլոր կորուստներէն ետք պահպանեցինք մեր լեզուն, որովհետեւ անո՛ր մէջ գտանք գաղտնիքը մեր ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ – ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ:

            Յաճախ կը կրկնենք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ  կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը:

            Դժբախտաբար այսօր, մեր բազմապիսի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական հիմնահարցերու ճգնաժամին մէջ՝ լեզուն դարձած է լուսանցքային հարց, եւ մտահոգ իսկ չենք թէ ո՞ւր կ’երթանք, ըլլա՛յ հայրենիքին մէջ, եւ մանաւանդ ի սփիւռս աշխարհի ուր հայութեան  մեծամասնութիւնը կ’ապրի:

            Եթէ կը հաւատանք որ լեզուն բանալին է մեր ինքնութեան, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է  արմատացնել լեզուի սէրը մեր նորահաս սերունդին մօտ, առանց պարտադրանքի: Այլեւս գաղտնիք չէ որ սփիւռքը կը մաշի լեզուի կորուստով, խառն ամուսնութիւններով, ինքնութեան աստիճանական ո՛չ յուսալից եւ երբեմն ալ ամբողջական անհետացումով: Իրաւունք չունինք այլեւս մխիթարուելու մեր ներկայի տխուր վիճակով, որովհետեւ մինչեւ օրս չկարողացանք պահել մեր նորահաս սերունդը մեսրոպեանի աւազանին մէջ, ուր կը նուազի նաեւ հայրենադարձութեան բաղձանքը որպէս «փրկութեան» վերջին կայան:

            Հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան մօտ, ըլլայ հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի մէջ, չկայ յստակ ծրագիր մը թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայութեան ապագան գալիք հարիւրամեակին: Ինչպէ՞ս պիտի պահպանենք մեր ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ, ուր մեր ոտքերուն տակ չենք զգար հայ հողին ջերմութիւնն ու զօրութիւնը: Ա՛յն ալ ուրիշ հարց՝ որ հայրենի հողին վրայ ապրողներէն շատեր արտագաղթի սրտամորմոք ճանապարհը բռնած են եւ տակաւին կը շարունակուի ինքնասպանութիւնը յանուն բարօր կեանքի:

            Դժբախտաբար համահայկական յորջորջուած ժողովներէն ոչինչ ծնաւ մինչեւ այսօր: Դժբախտաբար նոյն ինք հայրենիքի մէջ հայերէն լեզուն աղաւաղուած է օտարամուտ բառերու կուտակումով եւ փոխ առնուած շարահիւսութիւններով, հետեւաբար՝ Արեւելահայերէնը նահանջի մէջ է իր բոլոր այլանդակութիւններով: Ա՛լ չխօսինք Մեսրոպեան ոսկեղինիկ լեզուին դաւաճանող «աբեղեանական» ուղղագրութեան մասին. չարիք մը, զոր ջնջելու համար ո՛չ մէկ դրական քայլ կ’առնուի, ո՛չ մէկ նախաձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի նոյնինքն հայրենի պետութեան կողմէ: Այդ մեղաւորութեան մէջ իր կարեւոր բաժինը ունի նաեւ Մայր Աթոռը, որ տակաւին կը հրատարակէ նոր գրքեր աբեղեանական խեղագրութեամբ:

            Այս տխուր իրողութեան պատճառներէն մէկը մեր ներազգային պայքարներն են, որոնք ջլատած են մեր ոյժերը: Միասնականութեան թերացումին գլխաւոր պատճառներէն պէտք է նկատել Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պայքարները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ այսօր մեր անհանդուրժողութեամբ եւ մերժողական հոգեբանութեամբ: Նոյնքան եւ առաւել եւս մտահոգիչ եւ ազգակործան են մեր քաղաքական, միջ-կուսակցական պայքարները, որոնք տխուր անդրադարձ ունեցած են եւ ունին տակաւին մեր սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ  հայկական վարժարաններէն ներս, ուր չկրցանք արմատաւորել եւ շեշտել մշակոյթով մէկութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը եւ սիրցնել Հայոց Լեզուն առանց պարտադրանքի:

            Յաճախ պէտք է յիշեցնել թէ  կը փորձենք ուրանալ ա՛յն իրողութիւնը, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին տապալած ենք մեր էութեան մէջ հայութեան ինքնութեան գերագոյն զէնքը՝ մայրենի լեզուն, որուն բացակայութիւնը կը մաշեցնէ եւ կը յանձնէ մեզ բախտի յորձանուտի քմայքին:

            Ինչպէ՞ս մոռնալ անխորտակելի կամքը Տէր Զօրի անապատներուն մէջ խլեակ դարձած մեր մայրերուն, որոնք իրենց թշուառութեան մէջ, կմախքացած մատներով ու պապակած շրթներով, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ գրեցին եւ արտասանեցին մեսրոպաշունչ այբուբենի տառերը, որպէսզի եաթաղանէն ազատուած իրենց երախաները չմոռնան մայրենի լեզուն:  Իսկ մենք՝ ներկայ դարու հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրողներս՝ կը դաւաճանենք մեր ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ, մոռնալով մայրենի լեզուն. Ե’կ վարդապետ եւ մ’ի խենդանար…

            Մեր առջեւ պարզուած այս տխուր իրականութիւնը մեծագոյն ազդարարութիւնը պէտք է ըլայ միութեան, արթնութեան եւ զգաստութեան:  Հայ լեզուի նկատմամբ մեր անտարբերութիւնը կրնայ խորտակել մեր ազգային ոգին, եւ ժամանակի ընթացքին պիտի զգանք ու ճաշակենք անոր աւերիչ եւ դառն հետեւանքները:

            Ակներեւ է եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ հայոց լեզուն կը նահանջէ, որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեր բծախնդրութիւնը հայ լեզուի նկատմամբ:  Չի՛ բաւեր որ խօսակցական լեզուն դարձած է խառնարան մը, ըլլայ  ընտանեկան եւ կամ դպրոցական յարկերէն ներս, այժմ գրաւոր հայերէնն ալ դարձաւ ուրիշ ողբերգութիւն մը, որուն ակներեւ օրինակները կը տեսնենք մեր նօսրացող մամուլին մէջ նոյնիսկ: Այսուհետեւ ո՛չ արեւմտահայերէնը եւ ո՛չ ալ արեւելահայերէնը հպարտութեան ազդակներ են հանապազօրեայ:

            Ցաւալի իրողութիւն է որ նամանաւանդ հայրենիքէն դուրս մեր ժողովուրդը նորաձեւութեան երկրպագու ըլլալով հայերէնը կը նկատէ երկրորդական լեզու: Գաղթականի մեր հոգեբանութիւնը մղած է մեզ հաւատալու որ եթէ չկարենանք տիրապետել մեր ապրած երկիրներու լեզուին՝ չենք կրնար յաջողիլ կեանքի մէջ:  Ահաւասիկ այս սխալ հասկացողութիւնը պատճառ դարձած է որ նոր սերունդը տակաւ առ տակաւ հեռանայ իր մայրենի լեզուէն, ինքզինք դատապարտելով մշակութային անկման եւ կորստեան:

            Այս դժբախտ կացութեան քաջատեղեակ ըլլալէ ետք ինչպէ՞ս մտածել ապագայի մասին, նամանաւանդ երազային Արեւմտահայաստանի մասին, ուր կ’ապրին մեր թրքացած եւ քրտացած եղբայրները, որոնք անհամբեր  կը սպասեն մեր օգնութեան: Եթէ լեզուն չէ որ մեզ պիտի միաւորէ, հապա ի՞նչն է որ մեզ իրարու պիտի շաղկապէ: Ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան անոնք իրենց պապենական հազարամեայ մշակոյթին՝ առանց լեզուի, այլ խօսքով՝ եթէ հայերէն չգրեն ու չխօսին:

            Անտարակուսելի է եւ ճիշդ է այն իրողութիւնը, որ կը պայքարինք հոսանքն ի վեր, որովհետեւ նոր սերունդին համար ամենէն գործնական լեզուն անգլերէնն է եւ կամ իր ապրած երկրի լեզուն, սակայն եւ այնպէս հաւաքական մեր կեանքին մէջ զգալի է մեծամասնութեան անտարբերութիւնը եւ նախաձեռնութեան բացակայութիւնը: Ժամանակը հասած է որ ազգովին զարթօնք մը ապրինք, ոտքի ելլենք մեր ամբողջ իմացական կարողութեամբ, եթէ կ’ուզենք պահպանել մեր հազարամեայ գանձը՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                                                      Շար. Դ.

13 Մարտ 2022

0

3. ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԱԾ Է ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ:

Եթէ չխօսինք այս նիւթերու մասին, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը Եկեղեցւոյ բարոյական գահավիժումին: Նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ դերը դարերու ընթացքին, որուն խորապէս կը գիտակցի մեր ժողովուրդը, պարտաւոր ենք կատարել ախտաճանաչումներ, որոնք քննադատութիւն չեն, այլ վիճարկումներ, որոնելու համար ուղիներ որպէսզի լաւագոյնս կարելի ըլլայ ծառայել գաղութի, եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայ ժողովուրդի  ազգային նկարագրի անեղծ պահպանման:

            Բոլորս ալ գիտենք թէ Հայց. Եկեղեցին դժուարութիւններ ունեցած է անցեալին եւ տակաւին ունի՝ մեր ժողովուրդին դաժան ճակատագրին պատճառով: Յուսախաբութիւններ՝ շա՜տ: Ատով հադերձ մենք մեզի իրաւունք պէտք չէ տանք ըսելու թէ Եկեղեցին ընելիք չունի, եւ կամ մենք Եկեղեցւոյ հետ ընելիք չունինք:  Նման դիրքորոշում մը, ազգային անկիւնէ դիտուած, պիտի նմանի անձնասպանութեան: Ընդհակառակը, անհրաժեշտ է զօրավիգ կանգնիլ Եկեղեցիին որպէս կրանիթեայ ազգային հիմնակառոյց, դարձնելով զայն հաւատացեալ ժողովուրդի իսկական տուն, քրիստոնէական լիիրաւ հասկացողութեամբ:

            Սփիւռքեան մեր պայմաններու մէջ, Եկեղեցին ունի համախմբելու մեծ կարողութիւն եւ ահա ճիշդ այս նպատակով — եւ ո՛չ թէ վանողական մեր գործելակերպով,– պարտինք ստեղծել եկեղեցիներու շուրջ ազգային ժողովական կեանք, ժողովրդավարական սկզբունքներով, ժողովուրդի մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ ստեղծել առողջ հոգեմտաւոր ներշնչարան: Յաջողած պիտի ըլլայ ա՛յն ղեկավարութիւնը՝ որ պիտի կարենայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը, նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, բերել գործօն մասնակցութեան Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ա’յս է հրամայականը այսօր սփիւռքի վերազարթօնքի եւ գոյատեւման:

            Անգամ մը եւս կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ Եկեղեցին եկեղեցականներուն սեփականութիւնը չէ: Եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին եւ եկեղեցականը կը սպասարկէ եկեղեցւոյ, իմա՛ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն, եւ ժողովուրդն ալ փոխադարձաբար կ’ապահովէ պարկեշտ վարձատրութիւն մը եկեղեցականին:  Այս փոխ-յարաբերութիւնը կը ներդաշնակուի ու կը զօրանայ երբ չկայ այդտեղ բարոյական գայթակղութիւն եւ մամոնայի պաշտամունք: Այլ խօսքով՝ Եկեղեցին կը մնայ իր բարձունքին վրայ, իր սրբազան առաքելութեան իսկական ճանապարհին մէջ, եւ չի վերածուիր վաճառատան՝ որպէս եկամուտի աղբիւր:

            Կ’արժէ անգամ մը եւս շեշտել թէ ինչպէս Եկեղեցւոյ եւ պետութեան սերտաճումը ստեղծեց մտահոգիչ նոր իրավիճակ մը, նամանաւանդ վերջին քսանհինգամեակին: Հայաստանի անկախացումէն եւ պետականութեան վերստեղծումէն ետք Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը պետութեան հետ համագործութեամբ դարձած է պետական կառոյցի մէկ հատուածը, այլ խօսքով անոր ուղեկիցը: Բայց եկեղեցին իրաւունք չունի այլեւս թաքնուելու իր մեքենացած արարողութիւններու ետին, իսկ անոր հոգեւոր սպասաւորները, որոնք հանապազօր կը տեսնեն անարդարութիւնները,  քաջութիւնը չունին բացայայտելու ճշմարտութիւնները: Այսօրուան կղերը քաջութիւն եւ բարոյական վեհութիւն պէտք է ունենայ ընդունելու իր թերութիւններն ու սխալները: Դժբախտաբար վիժած հոգեւոր կեանքի ճգնաժամի մը մէջ կ’ապրինք: Հեռացած ենք աւետարանական ուսուցումներէն եւ հոգեւոր արժէքներու սնանկացումը մեզ կը մաշեցնէ ազգովին: Արամ Կաթողիկոս երբ կը յայտարարէր որ սփիւռքը կը մաշի, արդե՞օք նկատի ունէր որ Եկեղեցականութեան նիւթապաշտ մտածողութիւնը հայ ստուար հասարակութիւնը ընդհանրապէս մղած է անտարբերութեան հանդէպ իր եկեղեցիին եւ ազգային արժէքներուն:

            Այս մտահոգիչ ճգնաժամին առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ է կատարել բարոյական սկզբունքներու վերարժեւորում եւ յառաջ բերել բարեկարգութեան զարթօնք: Ժամանակն է զգաստանալու, սթափելու եւ տեսնելու գահավիժումը մեր դարաւոր եկեղեցիին, մեր հաւատքի կրանիթեայ ապառաժին: Եկեղեցին կարելի չէ նոյնացնել պետութեան մը կառոյցին հետ, որովհետեւ այդտեղ չկա՛յ տիրութիւն, այլ կայ միայն ծառայական առաքելութիւն, որուն մեծագոյն օրինակը Աստուածորդին Ի՛նք տուաւ Իր կեանքին զոհաբերութեամբ:

            Դժբախտաբար ծառայասիրութեան եւ եղբայրութեան փոխարէն եկեղեցւոյ ղեկավարութեան մէջ արմատացած է բռնամոլութեան, մենատիրութեան եւ քինախնդրութեան ախտը, որ յաճախ կը դրսեւորուի անհատին մօտ՝ երբ կը բացակային ինքնավստահութիւնը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Այսուհետեւ մեզի կը մնայ վանել ապականութիւնը եւ ժողովրդային գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին դուրս բերել իր ճահճացած վիճակէն:

            Մեր նպատակը թերագնահատումներ կատարել չէ, ընհակառակը՝ ախտաճանաչումներու կողքին արդար լուծումներ առաջարկել է: Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ մեզի կը պակսին հաւաքական մտածողութեան բոլոր երաշխիքները: Ամէն ինչ կը փորձենք անհատական ջանքերով իրագործել, առանց անդրադառնալու որ մեր մտածողութեամբ եւ աշխատաոճով դատապարտուած ենք ամլութեան եւ ձախողութեան:

            Աւանդական մեր քաղաքական միտքը պարպուած եւ սնանկացած է ներքին տարակարծութիւններով: Մարդիկ աւելի շահադիտական նպատակներով մօտեցած են մեր կառոյցներուն, կոխկռտելով ամէն տեսակի հաւաքական ազգային շահեր: Դժբախտաբար տակաւին չենք տեսներ այս պառակտեալ վիճակէն դուրս գալու ցանկութիւն, ո՛չ աւանդական կուսակցութիւններուն եւ ո՛չ ալ մեր այլ բարեսիրական կամ կրթական հաստատութիւններուն մօտ: Անբնական այս վիճակէն դուրս գալու մտահոգութիւն չենք տեսներ ո՛չ հայրենի պետութեան մօտ եւ ո՛չ ալ սփիւռքի ձախողած «ղեկավարութեան» մօտ:

            Որեւէ կազմակերպութեան մը օրինականութիւնը իր անդամակցութենէն կու գայ, ըլլայ ան քաղաքական-ազգային եւ կամ եկեղեցական կազմակերպութիւն:  Այս կազմակերպութիւններու մէջ հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան բացակայութիւնը միայն կրնայ միամիտները ոգեւորել. հետեւաբար մեր ունեցած հնարաւորութիւնները լաւագոյնս արժեւորելու համար պարտաւոր ենք ծրագիրներ մշակել հաւաքական մտածողութեամբ, ներգրաւելով երիտասարդ արհեստավարժ եւ մասնագիտացած նոր սերունդը:

            Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ: Ինքնախաբէութեամբ չպարուրուինք. Հայ Եկեղեցին գահավիժումի մէջ է անկասկած: Իրաւունք չունինք այսուհետեւ իրականութիւնները դիտելու մեր մատներու արանքէն: անհրաժեշտ է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցին փրկելու համար:  

            Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին միասնութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո՛չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի տարածքին մէջ գործող մեր այսօրուան ամուլ «ղեկավարութեան»   անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը:

            Վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ ներքին միասնութիւնը անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձառութիւնները եւ լծուիլ աշխատանքի: Քաջութիւն եւ վեհանձնութիւն պէտք է ունենալ բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու: Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են որ, եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել այս նիւթի մասին: Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ, վիճակ մը՝ որուն կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:

            Ատարակոյս որ Եկեղեցւոյ պառակտումը ոյժերու եւ միջոցներու անմիտ եւ անիմաստ վատնում է մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ սփիւռքի ամբողջ տառածքին ուր հայութեան մեծամասնութիւնը կ’ապրի: Պառակտեալ կողմերը իրենց անվերջանալի պայքարներով ուժաքամ ըրած են ազգին հաւաքական կամքը: Եկեղեցական տագնապը խորացած եւ արմատացած վէրք մըն է այսօր, զոր անտեսելով կարելի չէ միացնել ազգը, եւ ո՛չ ալ զիրար մեղադրելով կրնանք դարման մը գտնել:

            Հետեւաբար բոլոր ժամանակներէ աւելի ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք, իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակները պարարտացնելու սնանկ հոգեբանութեամբ, կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրերը: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:

            Ամենատխուր իրողութիւնը ա՛յն է, որ մեր Եպիսկոպոսական Ժողովներն ալ իրենց օրակարգին վրայ չունեցան Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը կը կարծուի ըլլալ թեմերու «բաժանումը», մինչդեռ՝ թեմական հարցերը խոր արմատներ ունին մեր պատմութեան մէջ, նամանաւանդ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց տակ: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք միութեան գաղափարին, այդ պարագային պարտաւոր էինք որոնել ճամբաներ վերջ տալու համար մեր բոլոր տարակարծութիւններուն:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                                                      Շար. Գ.

5 Մարտ 2022

0

2. ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ:

Ժամանակը հասած է որ բեմերէն արտասանած մեր ճառերն ու հռետորական խօսքերը, այսուհետեւ չըլլան պարզապէս շրթնային ծառայութիւններ, ամփոխները խանդավառելու եւ ծափահարութիւններ խլելու՝ այլ լծուինք գործնական աշխատանքի,անձնուրաց լուրջ աշխատանքի, ո’չ այնպէս ինչպէս կը գործէինք անցեալին՝ խնամիական, բարեկամական եւ կուսակցական հաշիւներով, որովհետեւ մեր ակնկալածէն աւելի են մեր ժողովուրդի բազմաշերտ կարիքները, ազգային, մշակութային եւ կրթական բնագաւառներէն ներս: Ժամանակը հասած է թօթափելու մեր ստրկամիտ հոգեբանութիւնը անտարբերութեան եւ համակերպելու եղած հակականոնական  անարդարութիւններու հետ, որոնք այսքան երկա՜ր տարիներ մեզ անջատուած պահեցին մեր արմատներէն:

            Անկասկած որ տխուր է պատկերը ամէնուրեք, որովհետեւ մեր գաղութները կը ղեկավարուին փոքրաթիւ, իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կարծող անհատներով, որոնք ընդհանրապէս կը նշանակուին այդ պաշտօնին՝ կա՛մ զիրենք հովանաւորող կազմակերպութենէն եւ կամ կաթողիկոսներէն: դժբախտաբար բոլոր գաղութներու ընտրութիւնները ընդհանրապէս հակականոնական են որովհետեւ կը կատարուին առանց ժողովուրդի ստուար մասնակցութեան: Հետեւաբար ժողովուրդը կը զրկուի իր կամքը արտայայտելու հնարաւորութենէն, որուն որպէս արդիւնք՝ կը հեռանայ ան իր Մայր Եկեղեցիէն:

            Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր առընթերակից բոլոր բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւնները, պարտին դուրս գալ փակ հիմնարկ մը ըլլալու հոգեբանութենէն եւ ըլլան թափանցիկ հաստատութիւններ, կառչած ըլլալով օրէնքի իւրանքանչիւր տառին եւ տրամադրութեան: Ժողովուրդը որ ինքնին Եկեղեցին է, պէտք է յստակ կերպով հասկնայ, թէ իր անտարբերութեամբ՝ միայն կը նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք իրարու մէջ կը բաժնեն «ղեկավարութեան» պաշտօնները, եւ որոնք երբեք չեն նպաստեր ազգային ոգիի ծաղկումին եւ կարգ մը Թեմեր կը պահեն պառակտեալ երկու առաջնորդարաններով ի նպաստ իրենց կազմակերպութեան եւ երբեմն ալ անհատական շահերուն:

            Ահաւասիկ ճիշդ այ’ս է պատճառը որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը մօտեցնել Եկեղեցիին՝ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքներով, եւ զայն վերադարձնել ժողովուրդին, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է: Հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց ըլլալու հանգամանքին ու անբասիր եկեղեցականներու բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրած են ազգային ահաւոր ուծացումի առաջ:

            Տխուր իրողութիւն է յիշատակել որ այս բարոյական փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքներուն բերումով է որ մեր եկեղեցականները կը զբաղին «բիզնէս»ներով: Ո՞վ կրնայ յայտարարել այսօր՝ որ Հայց. Եկեղեցին պէտք չունի բարեկարգուած եկեղեցականութեան մը, որ գիտակից է իր կոչումին: Արդարամիտ եւ նուիրեալ եկեղեցականութիւն պատրաստելու կարիքը միշտ ալ շեշտուած է մեր ժողովուրդին կողմէ: Աւա՜ղ, սակայն, «ձուկը գլուխէն հոտած է եւ հասած պոչին», ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ, եւ մենք ձեռնածալ կը դիտենք այս բոլորը՝ սառն անտարբերութեամբ: Վերջին յիսունամեակին, դժբախտաբար, ականատես եւ ականջալուր եղանք միայն ու միայն շրթնային ծառայութեան, որ կը նմանի ծովու ալիքներու փրփուրին որ պահ մը միայն մեզ կը խանդավառէ իր գեղեցկութեամբ, ինչպէս արտասանուած շքեղ խօսքերն ու նախադասութիւնները:

            Չեմ կարծեր որ որեւէ հայու մտքին մէջ կասկած կայ որ կազմակերպչական աշխատանքը պէտք է սկսի եկեղեցիէն, հոն ուր փտախտը վերածուած է ճահիճի, հոն ուր կորսուած է սիրոյ հասկացողութիւնը, հոն ուր կորսուած է կարեկցութեան իմացողութիւնը, հոն ուր կորսուած է աւետարանային պատգամի սերտողութիւններն ու առաքելութիւնը:

            Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո’չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի՝ աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:

            Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն՝ մեզի կը պակսին այդ խոչնդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ:

            Վերջին հարիւրամեակի քաղաքական հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայեացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ: Պայմաններու բերումով, մեր ազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին Հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներու, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:

            Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ, ներառեալ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ինչո՞ւ չեն սանձեր… որովհետեւ կազմակերպութեանց հաշւոյն կու գայ որ այդ դժբախտ եւ տխուր իրողութիւնը շարունակուի եւ իրենք կարենան գործել եւ շահագործել ի հաշիւ իրենց կազմակերպութեան եւ նաեւ անհատական շահերուն: Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է Հայ Ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:

            Հոն ուր օրէնք չկայ, այնտեղ կայ կամապաշտութիւն եւ անտառային օրէնք, որոնց հետեւանքով կը կորսնցնենք ժողովուրդը լսելու մեր ունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը անոր, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդներուն, որոնք ականատես եւ ականջալուր վկաներն են մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին ուծացման եւ սնանկութեան: Ու այս բոլորէն ետք կարելի՞ է ակնկալել որ մեր եկեղեցւոյ աթոռները թափուր չըլլան: Հետեւաբար՝ մեր գլխաւոր հարցադրումը պիտի ըլլլայ, Ի՞նչ պէտք է ընենք հաւատացեալը, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդը, մօտեցնելու Եկեղեցւոյ.

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                                                      Շար. Բ.

27 Փետրուար 2022  

0

ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ

Փոքր ներածականով մը պիտի սկսիմ յօդուածներու այս շարքը, որովհետեւ սփիւռքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեզի պարտադրուած արտագաղթ` ցեղասպանութեան ու ապա այլ երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական անկայուն պայմաններու հետեւանքով: Արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է անկասկած: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար, ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին, թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով , սակայն բոլոր անոնք որոնք եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ եւ այլուր:

            Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան՝ անկախութեան տարիներուն:  1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ) մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը, եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինչեւ Արեւմտեան ափերը:

            Արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը 1946-47 տարիներու ընթացքին Հայաստան ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապեր ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու աւանդական կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին, առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին:

            Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային՝ ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան, նամանաւանդ վերջին սահմռկեցուցիչ 44 օրեայ  պատերազմի կորուստէն ետք:

            Ճիշդ է` որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ Հայրենիքին եւ մանաւանդ առաւել տխուր՝ հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ երբեք չի’ դատապարտեց եւ տակաւին չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Ի՞նչ կարելի է սպասել իր երազը կորսնցուցած ժողովուրդէն:

            Արդեօք իրաւունք չունի՞նք ըսելու որ զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը: Ահաւասիկ այս բոլորին գիտակցութիւնը ունենալով հանդերձ սփիւռքի ղեկավարութիւնը ձեռնածալ մնաց, չպատրաստեց երկարաժամկէտ ծրագիրներ եւ ահա այսօր յանկարծ իր թմբիրէն արթնցողի նման կը յիշէ որ սփիւռք մը կայ որ վաղուց մաշումի, գունաթափութեան եւ ինքնութեան կորուստի ճանապարհին էր: ՈՒ՞Ր ԷՐ ՀԵՌԱՏԵՍ ՄԵՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ…

            Անկասկած որ Արամ Կաթողիկոս լուրջ պատճառներ ունի մտահոգուելու սփիւռքի մասին, թէեւ ուշացած: Սփիւռքի մաշումը սկսած է 50 երկար տարիներէ իվեր, նամանաւանդ Լիբանանեան քաղացիական պատերազմի օրհասական օրերէն: Ժողովուրդը մնաց անտէր անտիրական եւ ո’վ որ առիթը գտաւ, գաղթականութեան ցուպը ձեռքին հեռացաւ առանց ետեւ նայելու: Այդ դժբախտ եւ դաժան տարիներուն ի՞նչ երկարաժամկէտ ծրագիրներ պատրաստեցին այդ օրերու հոգեւոր եւ աաշխարհիկ «ղեկավարները» որպէսզի հայութիւնը պահէին Լիբանանի մէջ, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը արեւմտահայեր էին, այսինքն ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդի մը զաւակներն ու թոռները: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ անկասկած, բայց ինչո՞ւ….եւ ին՞չ են պատճառները:

1- ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ԵՒ ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐ.

Ընկերային եւ տնտեսական պայմանները որոնք յառաջ եկան Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներէն, շարունակուեցան եւ երբէք իրենց աւարտին չհասան, որովհետեւ՝   ի պատիւ իրերայաջորդ ձախող ղեվարութիւներու «հասուն» քաղաքականութեան, երկիրը պահեցին անդադար ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ, ուր իրենց խոշոր բաժինը բերին տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս գերհզօր պետութիւններ. Այլ խօսքով, Լիբանան խաղաքարտ մըն էր Միջին արեւելեան քաղաքական մեծ հաշիւներուն մէջ: Եւ այս բոլորի ընթացքին մեր ղեկավարութիւնը մնած լուսանցքային եւ անկարող, նոյն ատեն սառնութեամբ եւ անտարբերութեամբ դիտեց լիբանանահայութեան նօսրացումը:

Այս բոլորէն ետք, այսինքն անհեռատես հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութեան ձախողութենէն ետք, ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել որ սփիւռքը անտարբեր չըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ չըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, եւ յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք: Այո’ երիտասարդութիւնը ո’չ թէ  սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն, այլ ընհահառակը դառնութեամբ դիտելէ ետք «ղեկավարութեան» անհեռատես քաղաքականութիւնը, չփափաքիր ո’չ մէկ ձեւով ինքզինք կապուած զգալ իր ազգային-մշակութային ակունքներուն եւ ճիշդ անոր համար սովորական, բնական կը նկատէ օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ :

Ինքնութեան պահպանումի մասին՝ բեմերէն արտասանած մեր ճառերն ու հռետորական խօսքերը, պարզապէս շրթնային ծառայութիւններ են, ամփոխները խանդավառելու եւ ծափահարութիւններ խլելու: Ո’չ ոք մտածեց թէ ու՞ր կերթայ սփիւռքը:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                                                      Շար. Ա.

20 Փետրուար 2022 

0
View Post
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Մարտ 3, 2020-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովը, մասնակցութեամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած  հոգեւորական եւ աշխարհական անհատներու: Կ’արժէ այստեղ անգամ մը եւս յուշել մեր ընթերցողներուն, որ այս ժողովը իր խորհրդակցական բնոյթէն անդին ո՛չ մէկ կանոնական իրաւունք եւ հանգամանք ունի կանոներ վաւերացնելու երբ ինք՝ անվաւեր, հակականոնական մարմին մըն է, որուն կազմը ո՛չ ընտրուած է եւ ո՛չ ալ վաւերացուած՝ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ:

            Այս անգամ եւս նկատելի է Երուսաղէմի նուիրապետական աթոռի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի բացակայութիւնը ժողովէն: Շատ պարզ եւ յստակ է որ երկու աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները տակաւին հարթուած չեն: Նոյն ատեն «խրախուսի՜չ» երեւոյթ է տեսնել Պոլսոյ Աթոռին նորընտիր պատրիարքը՝ բազմած կաթողիկոսի կողքին, որպէս հաւատարիմ կամակատար եւ նեցուկ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ առաջարկուելիք կանոնագրային քմահաճ փոփոխութեանց:

            Նոյնքան հետաքրքրական է թէ ինչո՞ւ ՀԲԸ Միութեան տխրահռչակ նախագահ՝ տիար Պերճ Սեդրակեան հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու այս ժողովին: Կրնա՞յ ըլլալ որ Միութեան դրամատան հաշուի տետրակը (checkbook) իր հետ բերած էր: Անկասկած որ տեղեակ էր թէ այս ժողովին օրակարգի գլխաւոր  նիւթերէն մէկը պիտի ըլլար դրամահաւաքը Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան համար…:  Այս մասին լայնօրէն անդրադարձած ենք մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ, «Դրամահաւա՞ք, թէ՞ Կողոպուտ» խորագրով:  Կարդալ՝

            Շա՜տ հետաքրքրական պիտի ըլլար լսել եւ իմանալ թէ  ի՞նչ էին օրակարգի մէջ ընդգրկուած ա՛յն հարցերը, որոնք առընչուած էին ներեկեղեցական կեանքին, եկեղեցին եւ ժողովուրդը յուզող հարցերուն: Ամէն անգամ օդին մէջ նետուած այս խօսքերը կը լսենք եւ սակայն մինչեւ այսօր եկեղեցին եւ ժողովուրդը յուզող հարցերու մասին ո՛չ մէկ յստակ արձագանգ. ինչ որ մեզի մտածել կու տայ թէ այս բոլորը ծխածածկոյթներ են՝ հանրութիւնը խաբելու եւ քնացնելու միտող:

            Թափանցիկութեան բացակայութիւնը մեզի կու տայ ա՛յն տպաւորութիւնը, որ այս բոլոր խորհրդակցական ժողովներու ետին մի՛շտ ալ գոյութիւն ունին թաքուն  ծրագիրներ: Ապա թէ ոչ՝ ինչո՞ւ հանրութիւնը իրազեկ պիտի չդառնայ առաջադրուած խնդիրներուն եւ անոնց լուծումներուն: Ի վերջոյ ժողովուրդն է եկեղեցին, անոր ծոցէ՛ն է որ կը  ծնի եկեղեցականը՝ հոգեոր պաշտօնեան, եւ հետեւաբար Եկեղեցւոյ վերին պատասխանատուները պարտին ամէն առաջադրանք հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել:

            Այսքան խորհրդակցական ժողովներէն ետք, օ՛ր մը իրազեկ չդարձանք թէ հասարակութիւնը տագնապեցնող, եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին կեանքը փոթորկող հարցերու լուծումներ առաջադրուած են: Թուենք մի քանի պարագաներ.-

            1.- Եկեղեցւոյ միութեան եւ թեմերու հարց:

            2.- Նուիրապետական աթոռներու հետ սերտ յարաբերութիւններ:

            3.- Կանոնական խախտումներ:

            4.- Հոգեւոր ծառայութեան կոչուելիք անձերու  պատրաստութեան աժմէական

                  խնդիրը:      

            5.- Եկեղեցականաց կենցաղի գայթակղութիւնները:

            6.- Հոգեւորականաց ապրուստի ապահովութիւնը (ոմանք շատ հարուստ,                                               ուրիշներ՝ աղքատ ու հացի կարօտ):

            7.- Հոգեւոր առաքելութեան եւ դաստիարակութեան աշխատանք:

            8.- Հոգեւոր գրականութեան մշակում:

            9.- Միաձեւ պաշտամունքի արարողութիւններ:

            10.-Ընտրական նոր դրութիւն, հաստատելով տարիքի եւ պաշտօնավարութեան                   սահմաններ՝ թեմակալներու, պատրիարքներու եւ կաթողիկոսներու  

                  համար:

            11.- Ժողովրդական տնտեսական տագնապներ:

            12.- Արտագաղթի կասեցում:

            13.- Անտունիներու բնակեցում:

            Կարելի է երկարել շարքը բոլոր այն մարտահրաւէրներուն որոնց առջեւ կը կանգնի Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր նուիրապետական բոլոր աթոռներով: Դժբախտաբար սակայն, մեր եկեղեցիներէն խոյս տուած է քրիստոնէական ոգին. ամէն ինչ դարձած է մեքենական եւ մեր եկեղեցական արարողութիւններն ալ վերածուած են անհրապոյր ներկայացումի մը: Աւանդապաշտութիւնն է մտած մեր եկեղեցիներէն ներս, պարպելով հաւատացեալները հոգեւոր բոլոր ապրումներէն. այլ խօսքով մեր եկեղեցիները վերածուած են «հարսանեաց սրահներու»:

            Այս քառօրեայ ժողովի ընթացքին աւելի շեշտ դրուած է Մայր Տաճարի նորոգութեան առիթով համազգային հանգանակութեան վրայ: Համասփիւռ հայ մամուլը ամէնուրեք արձագանք հանդիսացած է այս 10 միլիոն տոլարի դրամահաւաքին, երբ Վաղարշապատէն կամ Երեւանէն երկու քայլ անդին բազում ընտանիքներ թիթեղածածկ, կիսափուլ, խոնաւ տուներու մէջ կ’ապրին: Ինչո՞ւ այս անմարդկային, անկարեկից շռայլութիւնը, չըսելու համար մարդկային նկարագրի սնանկութիւնը:  Ինչպէ՞ս կրնաք 30 միլիոն տոլար ծախսել ձեր փառքը հիւսող նոր վեհարաններու շինութեան համար, երբ ձեր քթին տակ համատարած թշուառութիւն

կը տիրէ…: Որքա՞ն քարացած են ձեր սրտերը ի տես մեր ազնիւ ժողովուրդի ծովածաւալ կարիքներուն:

            Քառօրեայ ժողովի ընթացքին, ձեր շուրջ համախմբուած ստրկամիտ եկեղեցականներով կը հպարտանաք, եւ  անոնց տուած լուսաբանութիւնները իրենց վստահուած գործերու մասին՝ լորձնաշուրթն կը գովաբանէք, երբ  մանրամասնութիւններ չկան ձեր մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, մասնաւորաբար իւրաքանչիւր յանձնախումբի պատասխանատու եպիսկոպոսին կողմէ կատարուած գործունէութեան մասին: Ուշագրաւ է հանդիպիլ հոգեւորականաց պատրաստութեան յանձնախումբի ատենապետ՝ Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի անուան, որուն յանձնուած է այդքան աժմէական եւ կարեւոր յանձանխումբի մը ատենապետութիւնը: Կրնա՞ք երեւակայել,  թէ ինչպէ՞ս վեղարը թողլով ամուսնացած  ու քահանայացած, ապա ապա  երէցկինը լքելով՝ վերստին վեղար ստացած ու ապա եպիսկոպոսացած անձնաւորութիւն մը՝ Եկեղեցւոյ կարիքները հոգացող «հոգեւորականներ»  պիտի պատրաստէ…:   Չէ՞ք կարծեր որ այսքան խաբէութիւն քիչ մը շատ է…:

            Նոյնքան անհրաժեշտ է իմանալ թէ հրապարակային ի՞նչ հաշուետուութեան մասին է խօսքը երբ ձեր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը գրէք. «Լսուեցին ֆինանսական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախմբի տարեկան հաշուետուութիւնը»: Ո՞ւր են այդ հաշիւները… ժողովուրդը իրաւունք ունի իմանալու թէ ո՞ւր կ’երթան միլիոնաւոր տոլարներու նուիրատուութիւնները: Հաշուետուութեան բացակայութիւնը իրաւունք պիտի տայ պետութեան միջամտելու եւ հաշիւ պահանջելու այդ միլիոններուն մասին: Եթէ արդար են ձեր նիւթական գործառնութիւնները, այդ պարագային ծածուկ աշխատելու անհրաժեշտութեան կարիքը չկայ: Եկեղեցին ժողովուրդին նուիրատուութիւններով կանգուն կը մնայ, հետեւաբար հաշուետու է իր ժողովուրդին: Եկեղեցին նիւթական ծածուկ գործունէութիւն չի կրնար ունենալ, ո՛չ ալ Մայր Աթոռը քահանայի անուան տակ իրաւունք ունի զեղծարարութեամբ ամբաստանուած մէկու մը միլիոններ երաշխաւորագիր տալու:  Ո՞ւր կերթայ Եկեղեցին…:

Ոսկան Մխիթարեան

12 Մարտ 2020

0

ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ

Մինչեւ ե՞րբ սնանկացած վաճառականներու պէս հին տետրակները պիտի պրպտէք: Այդքա՞ն կարեւոր է Ուինզըրի (Windsor) մէջ նոր համայնք ստեղծելու հարցը, որ գլխագիր տառերով «Պայքար»ի մէջ կը յայտարարէք. «ԱՆԹԻԼԻԱՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ»: Որպէս տխուր իրողութիւն, Գանատահայոց մէջ արդէն երկու թեմ կայ, հետեւաբար ինչո՞ւ այս աւելորդ, անտեղի եւ անիմաստ յայտարարութիւնը: Կիրքեր հրահրելո՞ւ համար է, թէ՞ կ’ուզէք ցոյց տալ թէ շահագրգռուած էք Հայց. Եկեղեցւոյ ապագայով, ինչ որ երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ:

            Անկեղծ ըլլանք մեր գնահատականներուն մէջ: Պաշտօնապէս կը յայտարարէք. «…27 տարիներէ ի վեր, Windsor-ի փոքր համայնքին մէջ Գանատահայոց Թեմին եւ օրուան Առաջնորդին՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի որոշումով արդէն իսկ ստեղծուած էր ծուխ մը: Նկատի ունենալով այդ փոքր համայնքին նիւթական սեղմ պայմանները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրահանգով որոշ Կիրակիներ [ընդգծումը՝ մեզմէ . Ո.Մ.] այցելու քահանայ մը կ’առաքուի ի Windsor, Ս. Պատարագ մատուցանելու …»: Հիմա հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ թէ ի՞նչ է պատճառը որ 27 տարիներու ընթացքին թուղթի վրայ պահեցիք այդ եկեղեցին եւ չկրցաք եկեղեցի մը կառուցանել,  եւ հետեւաբար մնայուն հովիւ մըն ալ չկրցաք ապահովել այդ գաղութին: Յովնան սրբազան նմանօրինակ թուղթերու վրայ ստեղծեց տասէ աւելի նոր ծուխեր Ամերիկայի արեւմտեան ափին վրայ, ցոյց տալու համար մարդոց՝ թէ  «գործի վրայ է»: Փութամ շեշտել, թէ վերեւ կատարուած յիշատակումներով չեմ փորձեր արդարացնել Կիլիկեան, –եւ ո՛չ թէ ձեր նախատական շեշտադրումով՝ «Անթիլիասական»–, թեմին  անտրամաբանական արարքը: 

            Ձեր ենթախորագրի նախատական խօսքերով, («Բաժանեալ Եկեղեցին կը պառակտէ Ուինզըրի համայնքը»), դուք անգամ մը եւս կը ժայթքէք ձեր մաղձն ու ատելութիւնը հանդէպ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ ատով  հանդերձ կեղծօրէն կը յաւակնիք խօսիլ Եկեղեցւոյ միութեան մասին: Չմոռնա՜ք որ նոյնքան եւ առաւել եւս տխուր ու գործօն դերակատարներ եղաք այդ ահաւոր, շինծու բաժանումին, եւ չհանադարտեցաք մինչեւ որ սեւ ու ցուրտ հողին յանձնեցիք 48-ամեայ երիտասարդ, ազնիւ եւ տիպար հոգեւորականը՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին: Անհասկնալի է թէեւ, թէ ինչու՞ իւրաքանչիւր խմբակ կամ կողմ, մոռնալով ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն ճողոպրած եւ նոր ընձիւղած հայութեան ընդհանրական շահերը,  կ’երկփեղկէ եւ կը խորտակէ համասփիւռ հայութեան երազները, մեկնելով անհատական եւ կուսակցական շահերէ: Հազա՜ր ափսոս… այսօր անգամ մը եւս կը շնչենք այդ թունաւոր օդը մեր ռամկավար եղբայրներու նախատական խօսքերով: Մի՛ մոռնաք որ բոլորդ ալ մեծաւ մասամբ կիլիկեցիներ էք: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատիւը բոլորիդ կը պատկանի, ու ձերն են նաեւ անոր գոյութեան սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:

            Եթէ իսկապէ՛ս այդքան մտահոգ էք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկով եւ հեղինակութեամբ, ինչո՞ւ լռած էք եւ ձեր մամուլին մէջ չէք անդրադառնար Մայր Աթոռէն ներս եւ անոր շուրջ կատարուած օրինազանցութիւններուն.-

            1.-Սրբութիւններու վաճառում….

            2.- Անօրինական կարգազրկումներ առաւել քան 100 անձանց: Պէտք կա՞յ արդեօք ցանկը անգամ մը եւս ներկայացնելու մեր ընթերցողներուն:

            3.- Կանոնագրային խախտումներ եւ կամաւոր մեկնաբանութիւններ: Տակաւին վերջերս, կաթողիկոսի արտօնութեամբ եւ օրհնութեամբ, քահանան թողուց իր        կինն ու երկու երախաները եւ վեղար ստացաւ: Տակաւին չենք ուզեր խօսիլ այն մասին, որ վարդապետը կին առաւ՝ քահանայացաւ, ապա թողուց իր կինը եւ դարձեալ վեղար ստացաւ ու ապա եպիսկոպոսացաւ…:  Ո՜ւր կ’երթանք:

            4.- Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներու ըստ կամս փոփոխութեանց անիրաւութիւնը…:  Ո՞ւր մնաց Ազգային Եկեղեցական Ժողովին հեղինակութիւնը:

            Եթէ շարունակենք շարքը երկարել Մայր Աթոռէն ներս կատարուած օրինազանցութիւններուն, մեր յօդուածին նպատակէն շեղած կ’ըլլանք: Պարզապէս կ’ուզենք յուշել մեր ռամկավար եղբայրներուն եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց մամուլով տեղ տուին Գանատայի առաջնորդարանի շա՜տ լուրջ յայտարարութեան, որպէսզի սթափին եւ բաժակ մը սուրճի մէջ ո՛չ փոթորիկ ստեղծեն, ո՛չ ալ խեղդուին:

            Հայց. Առաքելական Եկեղեցին լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնի այսօր: Թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան բացակայութիւնը ստեղծած է բացարձակ կղերապետութիւն, անտեսելով կարգ ու կանոն:  Հետեւաբար՝ Ուինզըրը պատրուակ բռնելով՝ նոր փոթորիկ մի՛ ստեղծէք եթէ իսկապէս կը հաւատաք Հայ Եկեղեցւոյ կատարած եւ կատարելիք առաքելութեան: Փաստուած իրականութիւն է, թէ դարերու ընթացքին մեր կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը՝ որպէս բարոյական հեղինակութիւն, եւ ո՛չ թէ բռնակալ իշխանութիւն:

            Սխալ չհասկցուելու համար, չեմ փորձեր միայն Մայր Աթոռը կշտամբել վերեւ յիշատակուած օրինազանցութիւններուն համար. նո՛յնքան ալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր գահակալով՝ օրինական խախտումներու մէջ է, շեղելով իր կանոնագրութենէն, որովհետեւ՝ շփոթած են Աթոռի հեղինակութիւնը կղերապետութեան եւ մենատիրութեան հետ: Ժամանակը վաղուց հասած է  Եկեղեցւոյ անյապաղ բարկարգութեան՝ ժողովուրդին գործօն մասնակցութեամբ:

            Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի ամենահրատապ հարցն է ինքնութեան պահպանումը՝ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ համասփիւռ հայութեան մօտ: Մասնաւորաբար՝ ութ միլիոննոց Սփիւռքը կը տառապի եւ կը հիւծի այսօր իր ինքնութիւնը պահելու անհատնում մարտահրաւէրներուն դիմաց: Պիտի չդադրինք յայտարարելէ,  թէ հայապահպանումի պայքարին յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ հայ վարժարաններու բազմացման եւ ո՛չ թէ թուղթի վրայ եկեղեցիներու գոյութեան մէջ: Նկատի ունենալով ձուլումի վտանգը սփիւռքահայ բոլոր գաղութներուն մէջ, պարտաւոր ենք ի գին ամէն զոհողութեան բանալ, եւ Ո՛Չ ԹԷ ՓԱԿԵԼ, հայեցի դաստիարակութեան օճախներ, եւ եղածներուն վրայ ալ գուրգուրալ ու պահել զանոնք՝ ինչպէս կը պահենք մեր եկեղեցիները, որովհետեւ հայ դպրոցը տաճարն է մեսրոպաշունչ հայ լեզուին, իսկ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն:

            Ե՞րբ պիտի հասնինք ինքնագիտակցութեան այ՛ն մակարդակին, ուր քաջութիւնը պիտի ունենանք խօսելու եւ պահանջելու ազգի գործերուն մէջ մեր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը: Մամոնայապաշտ սքեմաւորները, այդ ստրկացած հոգիները ոչինչով կ’արդարացնեն իրենց գոյութիւնը:  Իրենց հանգիստն ու պաշտօնները ապահով պահելու համար ծախած են մարդկային արժանիքներու բոլոր սկզբունքները, եւ հոգեւոր աղքատութեան մէջ տուայտելով կը պահեն իրենց ստորաքարշ գոյութիւնը:

            Տարիներէ ի վեր ահազանգային վիճակ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ: Կորսնցուցինք այդ երբեմնի հայահոծ շէն գաղութը, հայութեան միջնաբերդը: Բան մը չսորվեցա՞նք Լիբանանի քսանամեայ քաղաքական կռիւներէն եւ պատերազմէն:  Կորսնցուցինք լիբանանահայութիւնը, որ այսօր կը փորձէ իր գոյութիւնը պահպանել հազիւ 30 հազարի հասնող իր թիւով: Ո՞ւր մնաց հայութեան խիղճը…:

Վե՛րջ տուէք այս անտեղի եւ անիմաստ պայքարներուն:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

27 Փետրուար 2020

0

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻ՞ՒՆ՝ ԹԷ՞ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ

«Մեր ցաւը դարձած է ուրիշներու խորհրդարանի քննարկման առարկան,

քանի որ իմ երկիրը 105 տարիէ ի վեր կը հերքէ

հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնը:

 Միակ խորհրդարանը, որ կրնայ բուժել հայ ժողովուրդին վէրքերը,

Թուրքիոյ խորհրդարանն է, որուն ես անդամն եմ»:

(Կարօ Փայլան)

Թուրքիոյ Հայոց «նորընտիր» պատրիարք՝ Սահակ եպիսկ. Մաշալեան ամօթալի եւ զազրելի հարցազրոյց մը տուած է թուրք մամուլին, «Էրմէնի Հապէր» եւ «Աքշամ» թերթերուն։ «Աքշամ» թերթը Յունուար 2-ի թիւին առաջին էջի ճակատին՝ մեծ տառերով ծանուցած է հարցազրոյցը, «Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է» խորագրով, մէջբերելով Մաշալեանի զառանցանքը:

            Մաշալեան իր հարցազրոյցին մէջ առանց խղճահարելու ըսած է. «Հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի [ընդգծումը՝ իմս – Ո.Մ.]: 1915-ի եւ յաջորդող յիշողութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցած են: Անոնք ալ նայած են, որ այս խնդիրը առ նուազն կ՚ապահովէ միութիւն մը, եւ ստեղծած են ժխտական հաւաքական գիտակցութիւն մը: Ողբերգութեան վրայ հիմնուած հաւաքական գիտութիւն մը ստեղծուած է: Չեն ուզեր այդ բանը կորսնցնել: Իսկ մենք այդ դէպքերէն վերջ մնացինք այս հողերուն վրայ: Մենք ընտրեցինք միւս տարրերուն հետ ապրիլ միասնաբար: Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է»: Ակնարկելով համասփիւռ հայութեան, յայտարարած է.   “Իրականութեան մէջ ժողովուրդը շատ աւելի մեղմ է: Ապրիլ 24-ին կը յիշեն եւ կը մոռնան մինչեւ յաջորդ Ապրիլ 24-ը»:

            Շարունակելով իր ցնորաբանութիւնը, Մաշալեան շեշտած է նաեւ, թէ Թուրքիոյ  հայութեան եւ սփիւռքահայութեան՝ Իսլամի ըմբռնումն ալ բոլորովին տարբեր է։  Իսկ ակնարկելով հայութեան ժողովրդագրական պատկերին, ըսած է. «Մեր բնակչութիւնը 50-60 հազար է: Բնակչութեան նուազումը ունի երկու պատճառ, որոնցմէ մին կախում ունի մեզմէ: Սա մահերու եւ ծնունդներու համեմատութիւններու տարբերութիւնն է: Մինչ ծնունդներու տոկոսը 1,2% է, ունինք մահերու 2,6%-ի տոկոս: Չենք բազմանար: Կան ոմանք, որոնք յոյս դրած են արտասահմանի վրայ, երբ առիթը գտնեն՝ կը մեկնին: Համալսարանական մեր երիտասարդները խառն ամուսնութիւններ կը կնքեն: Այս ալ պակսելու պատճառ մըն է: Մարդիկ կը սահին դէպի ընդհանրացած մշակոյթը: Ես Պայրամփաշայի մէջ մեծցայ եւ թաղի միակ հայ ընտանիքը մենք էինք: Կ՚ապրէինք առանց կրօնի խնդրի: Այսինքն ժողովուրդները իրարու հետ հարց չունին: Մենք մեծցանք օրը հինգ անգամ էզան (մզկիթէն բարձրաձայն կարդացուած աղօթք ) ունկնդրելով»:

            Նողկալի ցնորաբանութեամբ՝ Մաշալեան կը շարունակէ իր սուտերը գլտորել: Ակնարկելով Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութեանց, կ’ըսէ. «Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւնները համամիտ են, թէ մենք մեր ամենահանգիստ շրջանը կ՚ապրինք AKP կուսակցութեան իշխանութեան օրօք: Մասնաւորապէս 2008-ին Վաքըֆներու օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը շատ կարեւոր էր մեզի համար: Մենք մնացած ենք 2 հազար Յոյն, 50 հազար Հայ, 10 հազար Հրեայ եւ 8 հազար Ասորի։ Մենք երկրի ընդհանուր բնակչութեան մէկ հազարերորդը կը կազմենք, սակայն փոքր ըլլալ չի նշանակեր անարժէք ըլլալ: Փոքրամասնութիւններու խնդիրը օսմանեան շրջանէն ի վեր Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար օգտագործուած նիւթ մը դարձած է: Մենք չենք փափաքիր, որ այս հարցին պատճառաւ Թուրքիա համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ վնաս կրէ: Մենք այս երկրի քաղաքացիներն ենք, այս երկրին հասցէին որեւէ խօսք մեզ ալ կը վիրաւորէ: Գոհ ենք պետութեան հետաքրքրութենէն: Մեր Հանրապետութեան նախագահը հանգիստ հասանելի է մեզի համար: Նախարարներ յաճախ կը փութան մեր այցելութեան, մեր կուսակալը մշտապէս հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ մեզի հանդէպ»: 

            Կ’արժէ այստեղ կանգ առնել եւ մեկնաբանել պատմական ահաւոր անճշդութիւններն ու սուտերը: Այնպէս կը թուի թէ Մաշալեան ծանօթ չէ թէ՛ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ թէ՛ Օսմանեան պետութեան բռնակալութեան՝ հանդէպ փոքրամասնութեանց, իրողութիւն մը որ շարունակուեցաւ Քեմալական հանրապետութեան ստեղծումէն ետքն ալ եւ տակաւին կը շարունակուի մինչեւ այսօր:   Խօսինք օրինակներով.-

            1.- «Հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի»:  Իսկապէ՞ս…: Այդ ո՞ր չորնալի՛ք ձեռքն է որ խզած է պորտալարդ՝ հարազատ ժողովուրդիդ սփիւռքէն. թուրքին արիւնո՞տ ձեռքը, թէ՞, ափսո՜ս, քո՛ւ իսկ ազգուրաց դաւաճանի սեփական ձեռքը…:  Մենք սփիւռքահայերս ուրիշ բան չենք եթէ ոչ՝ ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն մազապուրծ ճողոպրած հայու բեկորներուն զաւակները: Մեր հազարամեայ հայրենի հողերը բռնագրաւուած են այսօր եւ մենք պարտադրաբար ստեղծած ենք սփիւռք, միշտ պահանջատէր մնալով մեր արդար իրաւունքներուն: Թէկուզ 105 տարիներ անցած են՝ պիտի չյագենան մեր պապակած հոգիները ու պիտի չհանգչին մեր սրբադասուած նահատակներուն հոգիները անդենականին մէջ՝ մինչեւ արդար հատուցում եւ հողերու վերադարձ:  Այլ խօսքով՝ մենք ետ չենք մնացած, ո՛վ Մաշալեան, իսկ դուն՝ քու մրցակից Աթէշեան սրբազանն ալ գլեցիր-անցար քու դաւաճան ստրուկի յայտարարութիւնովդ («եկողը՝ գացողը կը յիշեցնէ…»):

            2.- Եթէ այսօր Թուրքիոյ հայութիւնը 50-60 հազար մնացած է (թերեւս այդքան ալ չկայ, եթէ չհաշուէք հայաստանցիները)՝ պատճառը ջարդն ու տեղահանութիւնն էին: Անիմաստ եւ շինծու պատճառաբանութիւններու կարիքը չկայ  («Սա մահերու եւ ծնունդներու համեմատութիւններու տարբերութիւնն է: Մինչ ծնունդներու տոկոսը 1,2% է, ունինք մահերու 2,6%-ի տոկոս», եւայլն): Նամանաւանդ 1960-ական թուականներէն սկսեալ հսկայական զանգուածներ, Պոլիսէն եւ շրջակայքէն, չդիմանալով թուրք պետութեան փոքրամասնութեանց դէմ ատելավառ քաղաքականութեան, գաղթեցին օտար երկիրներ, մասնաւորաբար՝ Ֆրանսա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Աւստրալիա: Այսօր աւելի շատ պոլսահայ կայ դուրսը քան ներսը, շնորհիւ թուրք պետութեան «բարեացակամ» վերաբերմունքին:

            3.- Եթէ իսկապէ՛ս այդքան բարեացակամ վերաբերմունք կայ փոքրամասնութեանց հանդէպ, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ երկար տարիներու բազմաթիւ դիմումներէ ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ո՛չ յոյներուն եւ ո՛չ ալ հայերուն ցարդ արտօնած է որ վերաբացուին անոնց դպրեվանքները: Սա կը նշանակէ, որ «բարեխնա՜մ» թուրք պետութիւնը փոքրամասնութիւնները իրենց սաղմին մէջ խեղդելու յստակ քաղաքականութիւն մը կը վարէ, որովհետեւ  լաւ գիտէ, թէ հա՛յն ալ, յո՛յնն ալ իրենց եկեղեցիներով կանգուն պահած են իրենց ժողովուրդները,  հետեւաբար դպրեվանքները փակելով ի դերեւ հանած կ’ըլլան նաեւ անոնց առաքելութիւնը:  Կ. Պոլսոյ երջանկայիշատակ նախորդ հայ պատրիարքները, ինչպէս նաեւ այժմու քաջարի յունաց տիեզերական պատրիարքը, անդադրում պայքարներ մղեցին իրենց դպրեվանքները վերաբանալու համար, եւ սակայն չյաջողեցան, որովհետեւ՝ թուրք պետութիւնը բազմիցս փաստած է որ ինք անհանդուրժող քաղաքականութիւն ունի  փոքրամասնութեանց  հանդէպ:

            4.- «Մենք այդ դէպքերէն վերջ մնացինք այս հողերուն վրայ»,  կ’ըսէ Մաշալեան: ԴԷ՞ՊՔ…:  Ցեղասպանութիւ՜՜՜՜՜ն, ո՛վ վիժած: Ինչպէ՞ս կարող ես հարազատներուս—մեծհայր, մեծմայր, հօրաքոյր եւ հօրեղբայր—սպանութիւնը կոչել «դէպք»: Մէկ ու կէս միլիոն մեր սրբադասուած նահատակներուն արիւնը չէ՛ լուծուած-անհետացած ո՛չ Եփրատի ջուրերուն մէջ, եւ ո՛չ ալ չորցած՝ Տէր Զօրի կիզիչ անապատի աւազներուն վրայ: Մենք կը լսե՛նք անոնց ձայները ամէ՛ն օր, եւ ո՛չ թէ «Ապրիլ 24-է Ապրիլ 24», ինչպէս կը պնդես դուն: Եւ պիտի շարունակե՛նք լսել մինչեւ արդար հատուցում:  Անոնք որպէս յուշարձաններ կը մնան մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

            5.- Բացի Արեւմտահայաստանի հողային բռնագրաւումներէն (վանք, եկեղեցի եւ բնակիչներու տուներ), այսօր տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Պոլսոյ պատրիարքարանին  պատկանող բազմաթիւ ազգային կալուածներ:   Թէկուզ անոնցմէ մի քանին վերադարձուած ըլլան, սակայն տակաւին կը մնան բազմաթիւ բռնագրաւուած կալուածներ: Չենք մոռցած տակաւին թէ ի՛նչ վախճան ունեցաւ Գալֆայեան քոյրերու հողատարածքը: Ասոնցմէ զատ կան նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատկանող կալուածներ, իսկ վերջինս բաւական ժամանակէ ի վեր կը փորձէ դատարանի միջոցաւ վերստանալ իրմէ բռնագրաւուած կալուածները: Ինչքան ալ որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ցարդ չյաջողեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի իր բռնագրաւուած կալուածը վերստանալու դատը շահիլ, կը մաղթենք որ Երուսաղէմն ալ չարժանանայ նոյն ճակատագրին:

            6.- Թուրք պետութեան «բարեացակամ» միջամտութեամբ եւ նոր կանոնագրութեան պարտադրեալ փոփոխութեամբ տեղի ունեցաւ պատրիարքական անվաւեր ընտրութիւն մը, որուն չմասնակցեցաւ հայութեան մեծամասնութիւնը: Կրկնութենէ խուսափելու համար, այստեղ պէտք չունինք յայտնելու թէ ի՞նչ պատահեցաւ մօտիկ անցեալին, երբ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը տեղապահ ընտրեց Գարեգին Պէքճեան արքեպիսկոպոսը, որ ի վերջոյ պարտադրաբար հեռացաւ Պոլիսէն, որովհետեւ ա՛յդ էր փափաքը երկու ստրկամիտ եւ թուրքին հաւատարիմ՝ Աթէշեան եւ Մաշալեան եպիսկոպոսներուն, որոնք պաշտպանութիւնն ու հովանաւորութիւնը կը վայելէին Պոլսոյ կուսակալին եւ քաղաքապետին, մէկ խօսքով՝ պետութեան: Այս առիթով՝ պէտք է յիշեցնել որ ա՛յլ ընտրելի թրքահպատակ եպիսկոպոսներ դուրս մնացին ընտրելի թեկնածուներու ցանկէն, որովհետեւ թուրք պետութիւնը գիտէր իր հաշիւը,  եւ ըստ այնմ ալ ճշտեց թէ ո՛ր ստրկամիտը պիտի բազմեցնէր պատրիարքական աթոռին:  

            Վերեւի մեր ըսածները հաստատելու համար կը բաւակնանանք ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրելով «Ազգ» օրաթերթի (Երեւան) 13 դեկտ. 1919-ի համարին մէջ լոյս տեսած՝ «Մաքուր Տոսիէ… Թուրքերի Մօտ – Կ. Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան առթիւ» խորագրեալ ուշագրաւ յօդուածին վրայ, ուր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան այնքա՛ն յաջող կերպով կը բնութագրէ «զոյգ թեկնածուների [Աթէշեան, Մաշալեան – Ո.Մ.] նկարագրի ու գործելակերպի առանձնայատկութիւնները», հաստատելով, ի միջի այլոց, թէ Մաշալեան ի Ս. Էջմիածին իր կեցութեան «… այդ երեք տարւայ ընթացքում չի մասնակցել Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին Ապրիլի 24-ին մատուցուող հոգեհանգստեան արարողութիւններին…»:  Մեր գրութիւնը չծանրաբեռնելու մտահոգութեամբ, հակառակ մեր կամքին, պիտի չկարենանք յաւելեալ մէջբերումներ կատարել պրն. Աւետիքեանի  յօդուածէն, սակայն կարեւորութեամբ պիտի յանձնարարէինք մեր բոլոր ընթերցողներուն որպէսզի անպայման յատուկ ուշադրութեամբ կարդան զայն:  Ահաւասիկ յօդուածին ելեկտրոնային հասցէն. https://www.azg.am/AM/2019121301 :   

            Կարելի է երկարել շարքը եւ անդադրում գրել Մաշալեանի այլանդակութիւններուն մասին: Ներկայիս մեզի աւելի անհանգստացնողը լռութիւնն է հայ հասարակութեան, նամանաւանդ հայ ամուլ մտաւորականութեան, ինչպէս նաեւ մեր աւանդական կուսակցութեանց, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան կը պայքարին Հայ դատի ի խնդիր: Այս բոլորէն վեր եւ անդին՝ դատապարտելի է երկու կաթողիկոսներու բացարձակ լռութիւնը:  Տակաւին չէ՛ չորցած հեղուած միւռոնը նահատակներու սրբապատկերներուն վրայ: Թէկուզ փրոթոքոլային ձեր շնորհաւորանքները յղեցիք, այդու ամենայնիւ պարտաւոր էիք խստօրէն դատապարտել մեր սրբացած նահատակներու յիշատակը պղծող այս ստրկամիտ թշուառականը:  Ձեր լռութեամբ մեղսակից էք այս ողբերգութեան:

https://www.ermenihaber.am/am/news/2019/12/23/Մաշալյան-Օսմանյան-հայ/172617

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Յունուար, 2020

Լոս Անճէլըս

Յ.Գ.

(1) Ջերմագին կը խնդրեմ ընթերցասէր հասարակութենէն որ դիտեն ներքեւի տեսաերիզը: Խրախճանքը տեղի ունեցած է երանաշնորհ Մեսրոպ պատրիարքի թաղումէն երկու օր ետք:

(2)  Հարցազրոյցի հայերէն թարգմանութեան ելեկտր. հասցէն.—

https://www.norharatch.com/%D5%BD%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%AF-%D5%A5%D5%BA%D5%AB%D5%BD%D5%AF-%D5%B4%D5%A1%D5%B7%D5%A1%D5%AC%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB-%D5%B6%D5%B8%D6%80-%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A1%D5%A6%D6%80%D5%B8%D5%B5%D6%81%D5%A8-%D5%A9%D5%B8%D6%82%D6%80%D6%84-%D5%B4%D5%A1%D5%B4%D5%B8%D6%82%D5%AC%D5%AB%D5%B6-%D5%BD%D6%83%D5%AB%D6%82%D5%BC%D6%84%D5%A8-100-%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%AB-%D5%A5%D5%BF-%D5%B4%D5%B6%D5%A1%D6%81%D5%A1%D5%AE-%D5%A7_679750823A77B85E9451BD.html?utm_medium=email&utm_campaign=%D4%BC%D6%80%D5%A1%D5%BF%D5%B8%D6%82+4+%D5%85%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A1%D6%80&utm_source=YMLP

0

ՈՂԲ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ

Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ,

Հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ,

Հայ դպրոցը հայակերտման ու

Հայապահպանման սրբավայր է:

Ո.Մ.

            Որքան ալ շեշտենք հայ դպրոցի դերն ու կարեւորութիւնը, եթէ մեր խօսքին չենք միացներ մեր գործօն մասնակցութիւնն ու աշխատանքը զայն կենդանի ոյժ պահելու համար մեր հասարակական կեանքի մէջ՝ ան կը մնայ լոկ բաղձանքի սահմաններուն մէջ, մինչեւ որ սփիւռքեան հայախօս հին սերունդը անհետանայ:

            Արտասաhմանեան, նամանաւանդ Միացեալ Նահանգներու, պայմաններուն մէջ այդքան ալ դիւրին չէ հայկական դպրոց պահել, երբ ամէն քայլափոխի՝ կան պետական հանրային ձրի դպրոցներ: Ամերիկեան «բարձր» քաղաքակրթութեան ազդեցութեան ներքեւ շա՜տ դիւրութեամբ պիտի ձուլուին, ե՛ւ կը ձուլուին, մեր նորահաս սերունդի զաւակները, որովհետեւ պատմութիւնը բազմիցս փաստած է, որ այդ մեծ հալոցին մէջ ոչ մէկ ազգութիւն կրնայ դիմանալ եւ գոյատեւել:

            Նկատի ունենալով ձուլումի վտանգը, Ամերիկայի հայ գաղութները պարտաւոր են ի գին ամէն զոհողութեան բանալ հայեցի դաստիարակութեան օճախներ, եւ եղածներուն վրայ ալ գուրգուրալ ու պահել զանոնք՝ ինչպէս կը պահենք մեր եկեղեցիները, որովհետեւ հայ դպրոցը տաճարն է մեսրոպաշունչ հայ լեզուին:

            Թէեւ անցեալին յաճախ կը կրկնէինք որ հայը ոչ-քրիստոնեայ երկիրներու մէջ չի կրնար ձուլուիլ, Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու քաղաքական վերիվայրումները  դժբախտաբար պարտաւորեցին որ մեր համոզումը փոխենք, որովհետեւ անհանդուրժող իսլամական շարժումները կը սպառնան մեր գոյութեան, ուստի եւ մեր լեզուի յարատեւման, մեզ արմատախիլ ընելով մեր որդեգրած երկրորդ հայրենիքներէն՝ Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն եւ այլ երկիրներէ:

            Այսօր Լոս Անճելըսահայ գաղութը կը կանգնի դժբախտ իրողութեան մը առջեւ:  Երկա՜ր տարիներու տքնաջան աշխատանքէ եւ յաջողութեան բազմաթիւ մրցանակներէ ետք, Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը ներկայ տարեշրջանի աւարտին ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան հրահանգով պիտի փակուի: Տակաւին երէկ էր կարծէք, որ նոյնանման տխրութեան եւ դժբախտութեան առջեւ գտնուեցանք երբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «պատուարժա՜ն» վարչութիւնը որոշեց, եւ  փակելէ ետք Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան դպրոցը՝ կալուածը ծախեց…: Փակման նախօրեակին յայտարարուեցաւ, որ վարչութիւնը որոշած է դպրոցը ծախելէ ետք ուրիշ հայաշատ վայր մը փոխադրել վարժարանը, որուն իրագործման կը սպասենք այսօր, եւ ո՞վ գիտէ՝  տակաւին մինչեւ ե՛րբ…:  Թէեւ զանազան մեկնաբանութիւններ լսեցինք այս մասին, սակայն զանոնք հրապարակաւ յայտնելու հարկը չենք տեսներ, որովհետեւ մեր մտահոգութիւնը այսօր շա՜տ աւելի լուրջ է եւ ահազանգող:

            Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը անցաւ, սակայն ճերմակ ջարդը կը շարունակուի մեզ ամէն օր հիւծելով այս դառն իրականութեան դիմաց: Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի փակումը անպատասխանատու քայլ մը է որ բացարձակապէս ներելի չէ, չըսելու համար որ զայն կը նկատենք աղէտաբեր ոճիր՝ հայ ժողովուրդի գոյութենական պայքարի ճանապարհին վրայ:

            Մենք պէտք էր նոր դպրոցներ բանայինք ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք՝ մեր վրէժը լուծելու համար մեր թշնամիէն, որ փորձեց մեզ արմատախիլ ընել մեր հազարամեայ հայրենիքէն բայց չկրցաւ կործանել մեր ապրելու եւ ստեղծելու անկորնչելի կամքն ու կորովը: Ինչպէ՞ս պիտի լուծենք մեր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն վրէժը, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, անօթի ու ծարաւ, չմոռցան իրենց մանուկներուն հայկական այբուբենը սորվեցնել կիզիչ անապատի աւազներուն վրայ, իսկ այսօր ՀԲԸՄ-ի վարչութիւնը, դրժելով իր հիմնադիրներու ուխտն ու տեսլականը, փակած է եւ տակաւին կը փակէ Ամերիկայի, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ գտնուող իր դպրոցները՝ զանազան անհեթեթ պատճառաբանութիւններով: Ահաւասիկ փոքրիկ, բայց ո’չ ամբողջական ցանկ մը փակուած վարժարաններու.-

            Ա.- Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարան –                                     Լիբանան

            Բ.- Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարան – Լիբանան

            Գ.-  Լեւոն Նազարեան նախակրթարան – Լիբանան

            Դ.- Երուանդ Տէմիրճեան վարժարան – Լիբանան

            Դ.- Մելքոնեան կրթական հաստատութիւն – Կիպրոս

            Ե.- Դանիէլ եւ Ալիս Զարուկեան վարժարան – Թորոնթօ

   Զ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարան – Լոս                       Անճելըս
    Է.- Մխիթարեան Հայրերու վարժարան – Լոս Անճելըս

    Ը.- Սուրբ Խաչ Ազգային ամէնօրեայ վարժարան – Թորոնթօ

Ասոնց վրայ կու գան աւելնալու փակուած եւ ծախուած՝ ազգային եւ միութենական անհաշիւ դպրոցներ:  Վերջին 45 տարիներուն , ՀԲԸՄ-ի կամ այլ պատկանելիութեան հարիւրէ աւելի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ փակուեցան:

            Ի՛նչ ալ ըլլան ՀԲԸՄ-ի վարչութեան որոշումները, ատոնք ո՛չ մէկ ձեւով տխուր եւ ժխտական անդրադարձ պէտք է ունենան գաղութի գոյութենական պայքարի առաքելութեան վրայ:  Եթէ հարցը նիւթական է, կարելի է համազգային հանգանակութիւն կազմակերպել եւ ապահովել նոր բարերարներ, ինչպէս անցեալին: Եթէ հարցը անձնական հեղինակութեան խնդիր է, – ականջդ խօսի Պարոն Սեդրակեան, – պէտք է զոհել անձնական շահերն ու հաշիւները՝ յանուն  հաւաքականին, այսինք ժողովուրդին: Այլ խօսքով՝ անկարելի բան չկայ այս պարագային, եթէ իսկապէս կը հաւատանք հայ դպրոցի կարեւորութեան, մասնաւորաբար Լոս Անճելըսի հայահոծ գաղութին մէջ:

            Բայց եթէ կայ վարչական մը, Երուանդ Տէմիրճեանի նման, որ կը յանդգնի օր ցերեկով ծնողներուն եւ աշակերտութեան յայտարարել. «Ինչո՞ւ կը նեղուիք, 50 տարի ետք հայ վարժարան պիտի չմնայ այլեւս Ամերիկայի մէջ, հետեւաբար ի՞նչ է տարբերութիւնը, 50 տարի ետք փակուած է [Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան] վարժարանը՝ թէ այսօր». եւ եթէ այսպիսի անտառաբնակներու յանձնուած է ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ղեկավարութիւնը՝ վա՜յ եկեր է մեզի…:  Թշնամիի պէտք չունինք այլեւս…:

            Ամէն անգամ որ դպրոց մը կը փակենք, կ’ուրախացնենք մեր թշնամին եւ կը պղծենք մեր նահատակներու արիւնաթաթախ կտակը – գոյատեւել եւ ապրիլ հայօրէն եւ մեր գոյութիւնը խարսխել հայ լեզուի վրայ, որովհետեւ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն: Սփիւռքի մէջ հայօրէն գոյատեւելու արմատը, նոր սերունդներ պատրաստելու հիմնական վայրը հայկական դպրոցն է:

            Հաւանաբար շատեր առարկեն, թէ դիւրին է խօսիլ քան գործել եւ մանաւանդ դպրոց պահել, թէ ատիկա այդքա՜ն նիւթական զոհողութիւններու կարիքն ունի: Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ մեր դպրոցներուն տնտեսական վիճակը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ մեզ ամէնուրեք: Նոյն ատեն ո՛չ մէկ կասկած կայ նաեւ, որ դժուար է ընդհանրապէս հայ ծնողքին, նամանաւանդ մասնաւորապէս գաղթական հայ ծնողքին տնտեսական վիճակը, երբ շատ մը պարագաներու բերումով ան ի վիճակի չէ տուեալ տարեշրջանի կրթաթոշակի ծանր բեռան ենթարկուիլ:

            Սփիւռքի հայ դպրոցներու պարագային, կաթողիկոսութիւն, առաջնորդարաններ, համայնքային ղեկավարութիւն, կրթական մշակներ եւ ծնողներ, որքան կարելի է ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան՝ բարոյական պարտաւորութիւն ունին այս ծանր բայց «քաղցր լուծը» իրենց ուսերուն վրայ վերցնելու, երբ հարցը կը վերաբերի մեր նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, անդաստան մը՝ ուր պիտի դարբնուին մեր ապագայ ջահակիրները  Հայ Դատի պահանջատիրութեան:

            Հայ դպրոցը ո՛չ զինք հովանաւորող եւ կամ անոր ֆիզիքական կառոյցին տէրը հանդիսացող հաստատութեան խնամակալներուն, հոգաբարձուներուն կը պատկանի, ո՛չ ալ թեմակալ առաջնորդին, համայնքապետին, կուսակցապետին կամ միութեան մը ատենապետին ու վարչականներուն: Հայ դպրոցը սեփականութիւնն է ժողովուրդին եւ տունն է իւրաքանչիւր հայու:

            Որպէսզի մեր հողային պահանջատիրութեան պայքարը շարունակենք, սփիւռքի մէջ պէտք ունինք նոր, երիտասարդ ոյժերու, որոնք հայրենասիրական շունչով կը դաստիարակուին հայ վարժարաններու մէջ: Երբ այս դպրոցները կը փակուին՝ այդ սերունդները ինքնաբերաբար կը յաճախեն օտար դպրոցներ եւ կը կազմաւորուին որպէս օտարամոլ երիտասարդներ, որոնց մօտ կը բացակայի հայրենասիրութեան ոգին:

            Հայ դպրոցը՝ մե՛նք ենք մեր ամբողջ կարողականութեամբ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ անոր տէրը ու ճանչնայ զայն որպէս ինքնութեան եւ հպարտութեան անսպառ աղբիւր: Ահաւասիկ հո՛ս է որ կը դրսեւորուի մեր դասալքութիւնը՝ երբ կը փակենք դպրոց մը՝ խուսափելու համար յանձնառութենէ եւ ծանր պարտականութենէ:

            Եկեղեցիներ, կոթողներ եւ յուշարձաններ կառուցանելով չէ՛ որ հայութիւնը կը պահպանուի, նամանաւանդ մեզ հիւրընկալող երկիրներուն մէջ: Քարեղէն կառոյցներէն աւելի՝ հայու նկարագիրն է որ պիտի կերտենք հայ պատանիին մէջ, որպէսզի մեր գոյութենական պայքարը իր յաղթանակի ուղիղ ճանապարհին վրայ դրուած ըլլայ:

            Չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք՝ որոնք դպրոցը կը ղեկավարեն որպէս շահութաբեր հաստատութիւն: Նոր մարտավարութեամբ պէտք է պայքարիլ նման հոգեբանութեան տէր ղեկավարներու դէմ եւ տէր կանգնիլ արժանավայել կերպով մեր դպրոցներուն, եթէ իսկապէս կը հաւատանք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը: Ահաւասի՛կ սփիւռքահայութեան մեծագոյն մարտահրաւէրը:

ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՆՔ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԶԱՅՆ…: 

            ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

            15 Նոյեմբեր 2019

            Լոս Անճելըս

0

ԴՐԱՄԱՀԱՒԱ՞Ք, ԹԷ՞ ԿՈՂՈՊՈՒՏ

            Սեպտեմբեր 18, 2019 թուականին, տեղի ունեցաւ Ս. Էջմիածնի  հիմնանորոգուած վեհարանի եւ Ս. Հայրապետաց նորակառոյց մատուռի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան հայրենի պետութեան աւագանին, ինչպէս նաեւ շինութեան բարերար Կարապետեան ամոլը:

            Տարիներէ ի վեր կը լսէինք թէ Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան համար անհրաժեշտ աշխատանքներ պէտք էր կատարուէին, որովհետեւ, ըստ Մայր Աթոռի պարբերական տեղեկատուութիւններուն, որպէս թէ Ս. Էջմիածնի տաճարը անմիջական փլուզման ենթակայ է եւ հետեւաբար պէտք է անմիջապէս վերանորոգուի:  Եթէ իսկապէս ա՛յդ է պարագան – այսինքն իսկապէս  անմիջական է վտանգը –  ապա ինչո՞ւ չորս տարիներէ ի վեր այդ երկաթեայ ճաղերը տակաւին կը շարունակեն շրջապատել Մայր Տաճարին կառոյցը:  Եթէ՜ իսկապէս կայ այդ վտանգը, ինչու՞ մինչեւ հիմա չաւարտեցան վերանորոգման աշխատանքները: Քիչ մը տարօրինակ է երեւոյթը, որովհետեւ չորս տարիներու ընթացքին կարելի էր ի հիմանէ նո՛ր տաճար մը կառուցանել, եթէ… այս բոլորին ետին ուրիշ նպատակներ չեն հետապնդուիր… պարզ մեկնաբանութեամբ՝ դրամահաւաքի լաւագոյն առիթ:

            Նախ, մեր միտքը անհանգստացնող հարցումը հետեւեալն է: Ո՞վ կամ ովքե՞ր որոշեցին թէ Մայր Տաճարը փլուզման ենթակայ է եւ ո՞ր ճարտարապետներն էին որոնք որոշեցին թէ Մայր Տաճարը վտանգուած է եւ անհրաժեշտ է անմիջապէս   վերանորոգել զայն: Կեանքի կոչուա՞ծ է արդեօք շինարարական յանձնախումբ մը  որ, ճարտարապետական յանձնախումբին հետ համագործակցաբար, որոշեց սկսիլ վերանորոգման աշխատանքներուն, կանխելու համար տաճարին փլուզումը:

            Թափանցիկութեան բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ շատ մը անհասկնալի եւ մշուշապատ երեւոյթներու: Պատմութենէն գիտենք թէ Մայր Տաճարը դարերու ընթացքին պարբերաբար վերանորոգուած է ըստ պահանջի:  Վերջին վերանորոգումը  տեղի ունեցած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսի օրով  (Իջման Խորանի վերականգնում, տանիքի վերանորոգում,  ծեփերու վերահաստատում, եւայլն): Իսկ հիմա կարծէք յանկարծ կարիքը կը զգացուի Մայր Տաճարը վերստին վերանորոգելու, այս անգամ… քակելով հայ ժողովուրդի զաւակներուն աղօթքի մրմունջներով  սրբատաշուած քարերը, անոնց փոխարէն «նոր»երը զետեղելով, փոխանակ արդիական բոլոր միջոցներով ամրակայելու դարերու պատմութիւն ունեցող այդ սրբազան քարերը, եթէ իսկապէս հարկաւոր է:

            Ահաւասիկ, այս առաջադրուած վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելու համար տարւոյս Յուլիս 3-ին եւ 4-ին Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը, նախագահութեամբ կաթողիկոսին: Աշխատանքային խումբ ըսելով կը հասկնանք կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած հլու-հնազանդ խմբակ մը: Ընդգծելէ ետք Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքի կարեւորութիւնը, կաթողիկոսը շեշտեց որ «համազգային հանգանակութիւնը իւրանքանչիւր հայորդու համար նախ եւ առաջ առիթ է հոգեւոր վերարթնութեան»: Որոշուեցաւ համասփիւռ թեմերու մէջ հանգանակութիւն կազմակերպել եւ այդ աշխատանքին պատասխանատու նշանակուեցաւ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ արդէն իր առաքելութեան սկսաւ Պրազիլիայէն, ապա Անգլիա ու տակաւին պիտի շարունակուի….: Ըստ Մայր Աթոռի տեղեկատուութեան, շուտով կը հրատարակուին Մայր Տաճարի համար նուիրաբերուելիք գումարներուն փոխանցման համար անհրաժեշտ տուեալները… («Մի քիչ փող ուղարկեցէք…»): 

            Անցնինք վեհարանի բացման հանդիսութեան: Կարապետեան ամոլը իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ (երեսուն միլիոն տոլար ($30,000.000)) վերանորոգեցին վեհարանը եւ անոր կողքին կառուցին Ս. Հայրապետաց մատուռը: Այս վերջինին անհրաժեշտութիւնը երբեք չկար, որովհետեւ քայլ մը անդին Մայր Տաճարն է,  իսկ երկու քայլ անդին՝ գրեթէ նորակառոյց Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին է ժառանգաւորներուն համար: Հարկ չեմ նկատեր այստեղ յիշեցնելու նաեւ բացօդեայ երկու խորանները: Հիմա հարց տանք մեր սիրելի ընթերցողներուն. երբ այս բոլորը գոյութիւն ունին նոյն շրջափակին մէջ, կարիքը կա՞ր յաւելեալ — մատուռ մը շինելու՝ երբ ատոր յատկացուած գումարը կարելի էր գործածել նպատակայարմար ա՛յլ ծրագրի մը համար:

            Քայլ մը եւս առաջ երթանք եւ վերլուծենք կատարուածը: Դիտեցէք ներքեւի՝ վերանորոգուած վեհարանի մէկ բաժինին նկարը: Ի՞նչ պէտք է կոչել զայն. վեհարա՞ն, թէ՞ պալատ: Մարմարապատ սիւներ եւ սալայատակ, ճոխ  բիւրեղապակիներով (crystal) լուսազարդուած: Հիմա հարց տանք կրկին.  զո՞վ կը փորձենք տպաւորել եւ կամ հմայել: Կրնա՞յ ըլլալ որ Վատիկանի հետ կը մրցինք, երբ տակաւին հարիւրաւոր վանքեր եւ եկեղեցիներ կան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին՝ կիսաւեր վիճակի մէջ մնացած, նորոգոգութեան կարօտ:

           Անկասկած որ Կարապետեան ամոլին անունը անոնց կատարած բարեգործութիւններուն համար  իր արժանի տեղը պիտի գտնէ մեր պատմութեան մէջ. թող վարակիչ ըլլայ իրենց բարեգործ ոգին բոլորիս համար: Բայց եկէք պահ մը տրամաբանականօրէն մտածենք եւ հարց տանք կրկին. փոխանակ երեսուն միլիոն տոլար ծախսելու վեհարանի վերանորոգման համար, կարելի չէ՞ր, ըսենք, միայն քսան միլիոն ծախսել (եթէ այդ ամբողջ գումարը իսկապէս ծախսուեցաւ վեհարանի վերաշինութեան համար – ո՞վ բռնեց հաշիւը…), եւ մնացեալ տաս միլիոնով Մայր Տաճարը վերանորոգել, եթէ իսկապէս ուրիշ… «ազնիւ» մտադրութիւններ չունինք:

          Կարելի չէ չմտածել, որ եթէ Մայր Տաճարի շուրջի երկաթեայ ճաղերը տարիներ շարունակ յատուկ մտադրութեամբ պահուեցան՝ այդ բոլորին ետին հաշիւներ կան նոր բարերարներ որսալու եւ կամ դրամահաւաք կազմակերպելու ի սփիւռս աշխարհի: Իրողութիւն մը որ արդէն կեանքի կոչուած է այսօր: Խե՜ղճ ժողովուրդ ազգիս հայոց…: Յաճախ կը կրկնենք եւ կը յիշեցնենք. «Դադրեցուցէք ձեր քարաշէն եկեղեցիներու կառուցումը եւ անոնց փոխարէն կանգնեցուցէք հոգեւոր տաճարներ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ: Այդ հոգեւոր տաճարներն  են որ կանգուն պիտի պահեն Հայց. Առաք. Եկեղեցին, եւ ո՛չ թէ ձեր եսը շոյող կառոյցները»:  Այս դիտաւորեալ, կանխամտածուած դրամահաւաքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սփիւռքահայ հաւատացեալ հասարակութեան զգայուն թելերուն դպչելով հարստանալու լաւագոյն միջոց մը:

              Դադրեցուցէ՛ք այլեւս ձեր անձնական փառքը հիւսող երկնասլաց եկեղեցիներու շինարարութիւնները: Հետեւեցէ՛ք երանելի սուրբին՝ Մեծն Ներսէս բարեգործ հայրապետի օրինակին. շինեցէ՛ք դպրոցներ (փոխանակ փակելու…), անկելանոցներ, ծերանոցներ, պատսպարաններ, որբանոցներ: Ձեր աշխարհիկ կենցաղով ուծացուցած էք ժողովուրդը իր հայրերու հաւատքէն, մրոտած էք եկեղեցւոյ վարկը, որ դարեր շարունակ մեր գոյութենական պայքարի ամենէն զօրաւոր կռուանն է եղած:       

              Ահաւասիկ այս հոգեւոր սնանկութիւնն է, որ եկեղեցին դարձուցած է անհաղորդ իր հաւատացեալներու կարիքներուն, եւ վերածուած սովորական շահադիտական մէկ հաստատութեան: ճիշդ այս պատճառով յաճախ կը կրկնենք, որ բոլոր ժամանակներէ աւելի՝ ԱՅՍՕ՛Ր պահանջը կայ բարեկարգութեան…, ՆՈ՛Ր ԶԱՐԹՕՆՔԻ…:

          ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

            5 Նոյեմբեր 2019

            Լոս Անճէլըս

0

ԵՕԹՆ ՓԱՌԱՒՈՐՆԵՐԷՆ՝ ԳՐԻԳՈՐ (ՎՐԴ.) ՓԻՏԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար

Ձախէն աջ` Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեան, Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան, Գրիգոր Վրդ. Փիտէճեան, Թորգոմ Վրդ. Հանէշեան, Վարդան Արք. Տէմիրճեան, Վահրամ Ծ. Վրդ. Եղիայեան եւ Ներսէս Արք. Բախտիկեան

            Թէեւ այս տողերը կ’արձանագրեմ սրտի ճմլումով՝ ազնուահոգի հայու մը, ուսուցչիս, միաբանակից աւագ եղբօրս անդարձ կորուստին առիթով, բայց եւ այնպէս խոր ընվզումով ու բարձրաձայն կը բողոքեմ բոլոր այն պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, ներառեալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի  հաղորդագրութեան դէմ, որոնք լոյս տեսան զանազան հայ թերթերու մէջ, ուր Ո՛Չ մէկ տեղ նշուած է թէ այս փրոֆ. երաժշտագէտ, մեկնաբան եւ խմբավար եզակի անձնաւորութիւնը տարիներով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան եղած է, եւ այդ այնպիսի շրջանի մը՝ երբ ամբողջ Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը հոգեվարքի մէջ էր:

            Ամէն անգամ որ կը մտածեմ այս նուիրեալներուն մասին, յիշատակներու ամբողջ յորձանք մը կը ողողէ էութիւնս եւ հոգեպէս կը փոխադրուիմ Անթիլիաս, մտաբերելով Դպրեվանքի քաղցր յիշատակները: Բոլոր անոնց համար որոնք ծանօթ չեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտիկ անցեալի պատմութեան, հակիրճ տողերով կը փափաքիմ անդրադառնալ ատոր ցաւոտ էջերուն:

            Երկարատեւ պայքարներէ ետք, 1956 թուականին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեան արժանապէս  ընտրուած եւ օծուած էր որպէս գահակալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1952-էն ի վեր թափուր մնացած Աթոռին:  Ընդդիմադիր միաբաններու հեռանալով, տկարացած էին Աթոռի միաբանութեան հիմերն ու կենսունակութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր նոր նուիրեալներով անմիջապէս լրացնել միաբանութեան շարքերը: Եւ ահաւասիկ նոյն 1956թ.  աշնան՝ տենդագին, չըսելու համար տագնապալից, կոչ կ’ուղղուէր Դպրեվանքի Ընծայարանի վերին՝ Ե. եւ Զ. կարգերու վեց  ուսանողներուն որպէսզի կուսակրօնութեան ուխտագիր ներկայացնելով ձեռնադրուին սարկաւագ, նուիրուելու համար ազգին ծառայութեան՝ հոգեւորական կեանքի փշոտ ճամբով…:  Այս վեցեակը (որուն յաջորդ տարի միացաւ աշխարհական դասէն՝ նախկին ուսուցիչ-տնօրէն՝ Սարգիս, յետագային Ներսէս Արք., Բախտիկեանը) առ ոչինչ համարեց հոգեւոր կոչում ստանալու հետ կապուած ամէն անհատական վերապահութիւն ու երկմտութիւն, եւ ընդառաջեց այդ կոչին՝ յանուն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի անսասանութեան ու տեւականութեան, յանուն  Աթոռը համայնավար ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու անհրաժեշտութեան:

            Այսպէս, ուրեմն, այդ վեց նուիրեալները, տակաւին ընթացիկ ուսումնական տարեշրջանը չաւարտած, եւ Ո՛Չ ԻՍԿ ամավերջի քննութիւնները յանձնած՝  Զարեհ Վեհափառի որոշումով, եւ ի՛ր իսկ ձեռամբ, հապճեպօրէն 1957 Յունիս 2-ին կը ձեռնադրուէին կուսակրօն քահանայ…: Իրենց ամենէն մատղաշ տարիները, եւ տակաւին աշխարհի տաք ու պաղը չտեսած՝ իրենց կեանքերը Սուրբ Աթոռին ու Եկեղեցիին ծառայութեան սեղանին զոհաբերող Նուիրեալներու այս առաջին հոյլին, ահաւասիկ, կը պատկանի նորոգ հանգուցեալ Գրիգոր Փիտէճեանը, որուն երաժշտական արժանիքներուն մասին լայնօրէն անդրադարձած են կարգ մը գրիչներ: Կարճ ժամանակ մը վանական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարելէ ետք Կաթողիկոսարանէն ներս, Գրիգոր վարդապետ 1960-ին կ’ուղարկուի Միաց. Նահանգներ, որպէս հովիւ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ:

            Գրիգոր վարդապետին ճակատագիրը Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դաշտէն ներս ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ եթէ ոչ՝  յար եւ նման բոլոր այն միաբաններու ճակատագրին,  որոնք  հիասթափ՝ իրենց կօշիկներուն փոշիները թօթուելով հեռացան, չդիմանալով ազգային-հոգեւոր «ղեկավարութեան» սանձարձակ, հակականոնական եւ հակասահմանադրական ապականած գործելակերպին:

            Գրիգորին կրկին հանդիպեցայ 1972 թուականի Յունուարին, երբ Լոս Անճէլըսէն պաշտօնապէս Նիւ Եորք «աքսորուեցայ», ուր ուրախութեամբ զիս դիմաւորեց Գրիգորին օծակից՝ միաբանակից եղբայր Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեանը, որ այդ օրերուն Առաջնորդական Փոխանորդն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմին: Երուանդին հետ իմ կապերս միշտ մօտ եղած են Կիպրոսի ծառայութեան մեր օրերէն, երբ ան Կաթողիկոսական Փոխանորդն էր Թեմին ու տակաւին նոյն ջերմութեամբ կը շարունակուի մեր եղբայրութիւնը մինչեւ այսօր:

            Նիւ Եորք կեցութեանս շրջանին, յաճախ կը հանդիպէի Գրիգոր Փիտէճեանին, հայ հասարակութեան ծանօթ մեծ երաժիշտին եւ խմբավարին: Ամէն անգամ որ կը հանդիպէինք, կը խնդրէի որ պատմէր թէ ինչպէ՛ս Անթիլիաս  գացած էր խնդրելու իր մեծաւորներէն արտօնուիլ որպէս ամուսնացեալ հոգեւորական ծառայելու Եկեղեցւոյ մէջ:  Արդարեւ, Դպրեվանքի ուսանողութեան կանուխ տարիներէն իսկ, Գրիգոր իր մօտիկ օծակից-դասընկերոջ զանազան առիթներով յայտնած էր, թէ ինք Դպրեվանք եկած էր   կրօնական ուսում ստանալէ ետք որպէս ամուսնացեալ քահանայ  ծառայելու նպատակով: Բայց տեսանք անշուշտ, քիչ վերը, թէ ի՛նչ պարագաներու տակ ձեռնադրուած էր որպէս կուսակրօն քահանայ, եւ անդամակցած՝ Կիլիկիոյ Աթոռի միաբանութեան…:  Գալով իր խնդրանքին, իր «մեծաւորները» յորդորած էին չհեռանալ, փոխարէնը՝ թելադրած էին որ սպասուհի մը պահէ…:  Դէհ ե՛կ վարդապետ ու  մի՛ խենթանար…:

            1972 Յուլիս 4-ին վերադարձայ Լոս Անճէլըս եւ յաճախ հեռաձայնային կապով մեր անցեալի յուշերը վերապրեցանք: Ամէն անգամ որ նոր յօդուած մը կը կարդար իմ կողմէ գրուած, անպայման գնահատական խօսք մը ունէր ըսելու եւ քաջալերելու որ շարունակեմ գրութիւններս: Տակաւին ամիս մը առաջ, երբ կը խօսէինք՝ նկատեցի որ շունչի նեղութին ունէր եւ յաճախ կը կրկնէր. «Ուժաթափ եմ, Ոսկան:  Բժիշկներու ձեռքը մնացած եմ, կը կարծեմ որ մեկնելու ժամանակս հասած է»: Ափսո՜ս որ ա՛յդ եղաւ մեր վերջին հեռաձայնային խօսակցութիւնը…: Ոչ եւս է հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան, դաստիարակ, երաժտագէտ, հայ երգի մեկնաբան եւ պատմագէտ Գրիգոր (վրդ.) Փիտէճեանը:

            Երանական հանգի՜ստ մեզմէ յաւէտ բաժնուած նուիրեալ միաբաններուն: Այսօր, ընդհանրապէս, ո՜վ կը յիշէ այդ վեց հոգիներուն զոհաբերութիւնը…:

            Յիշատակն արդարոյն օրհնութեա՜մբ եղիցի:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Օգոստոս 2019

Լոս Անճէլըս

0
View Post
ԵՕԹՆ ՓԱՌԱՒՈՐՆԵՐԷՆ՝ ԳՐԻԳՈՐ (ՎՐԴ.) ՓԻՏԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ԵՕԹՆ ՓԱՌԱՒՈՐՆԵՐԷՆ՝ ԳՐԻԳՈՐ (ՎՐԴ.) ՓԻՏԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար

Ձախէն աջ` Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեան, Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան, Գրիգոր Վրդ. Փիտէճեան, Թորգոմ Վրդ. Հանէշեան, Վարդան Արք. Տէմիրճեան, Վահրամ Ծ. Վրդ. Եղիայեան եւ Ներսէս Արք. Բախտիկեան

Թէեւ այս տողերը կ’արձանագրեմ սրտի ճմլումով՝ ազնուահոգի հայու մը, ուսուցչիս, միաբանակից աւագ եղբօրս անդարձ կորուստին առիթով, բայց եւ այնպէս խոր ընվզումով ու բարձրաձայն կը բողոքեմ բոլոր այն պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, ներառեալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի  հաղորդագրութեան դէմ, որոնք լոյս տեսան զանազան հայ թերթերու մէջ, ուր Ո՛Չ մէկ տեղ նշուած է թէ այս փրոֆ. երաժշտագէտ, մեկնաբան եւ խմբավար եզակի անձնաւորութիւնը տարիներով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան եղած է, եւ այդ այնպիսի շրջանի մը՝ երբ ամբողջ Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը հոգեվարքի մէջ էր:

Ամէն անգամ որ կը մտածեմ այս նուիրեալներուն մասին, յիշատակներու ամբողջ յորձանք մը կը ողողէ էութիւնս եւ հոգեպէս կը փոխադրուիմ Անթիլիաս, մտաբերելով Դպրեվանքի քաղցր յիշատակները: Բոլոր անոնց համար որոնք ծանօթ չեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտիկ անցեալի պատմութեան, հակիրճ տողերով կը փափաքիմ անդրադառնալ ատոր ցաւոտ էջերուն:

Երկարատեւ պայքարներէ ետք, 1956 թուականին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեան արժանապէս  ընտրուած եւ օծուած էր որպէս գահակալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1952-էն ի վեր թափուր մնացած Աթոռին:  Ընդդիմադիր միաբաններու հեռանալով, տկարացած էին Աթոռի միաբանութեան հիմերն ու կենսունակութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր նոր նուիրեալներով անմիջապէս լրացնել միաբանութեան շարքերը: Եւ ահաւասիկ նոյն 1956թ.  աշնան՝ տենդագին, չըսելու համար տագնապալից, կոչ կ’ուղղուէր Դպրեվանքի Ընծայարանի վերին՝ Ե. եւ Զ. կարգերու վեց  ուսանողներուն որպէսզի կուսակրօնութեան ուխտագիր ներկայացնելով ձեռնադրուին սարկաւագ, նուիրուելու համար ազգին ծառայութեան՝ հոգեւորական կեանքի փշոտ ճամբով…:  Այս վեցեակը (որուն յաջորդ տարի միացաւ աշխարհական դասէն՝ նախկին ուսուցիչ-տնօրէն՝ Սարգիս, յետագային Ներսէս Արք., Բախտիկեանը) առ ոչինչ համարեց հոգեւոր կոչում ստանալու հետ կապուած ամէն անհատական վերապահութիւն ու երկմտութիւն, եւ ընդառաջեց այդ կոչին՝ յանուն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի անսասանութեան ու տեւականութեան, յանուն  Աթոռը համայնավար ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու անհրաժեշտութեան:

Այսպէս, ուրեմն, այդ վեց նուիրեալները, տակաւին ընթացիկ ուսումնական տարեշրջանը չաւարտած, եւ Ո՛Չ ԻՍԿ ամավերջի քննութիւնները յանձնած՝  Զարեհ Վեհափառի որոշումով, եւ ի՛ր իսկ ձեռամբ, հապճեպօրէն 1957 Յունիս 2-ին կը ձեռնադրուէին կուսակրօն քահանայ…: Իրենց ամենէն մատղաշ տարիները, եւ տակաւին աշխարհի տաք ու պաղը չտեսած՝ իրենց կեանքերը Սուրբ Աթոռին ու Եկեղեցիին ծառայութեան սեղանին զոհաբերող Նուիրեալներու այս առաջին հոյլին, ահաւասիկ, կը պատկանի նորոգ հանգուցեալ Գրիգոր Փիտէճեանը, որուն երաժշտական արժանիքներուն մասին լայնօրէն անդրադարձած են կարգ մը գրիչներ: Կարճ ժամանակ մը վանական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարելէ ետք Կաթողիկոսարանէն ներս, Գրիգոր վարդապետ 1960-ին կ’ուղարկուի Միաց. Նահանգներ, որպէս հովիւ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ:

 

Գրիգոր վարդապետին ճակատագիրը Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դաշտէն ներս ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ եթէ ոչ՝  յար եւ նման բոլոր այն միաբաններու ճակատագրին,  որոնք  հիասթափ՝ իրենց կօշիկներուն փոշիները թօթուելով հեռացան, չդիմանալով ազգային-հոգեւոր «ղեկավարութեան» սանձարձակ, հակականոնական եւ հակասահմանադրական ապականած գործելակերպին:

 

Գրիգորին կրկին հանդիպեցայ 1972 թուականի Յունուարին, երբ Լոս Անճէլըսէն պաշտօնապէս Նիւ Եորք «աքսորուեցայ», ուր ուրախութեամբ զիս դիմաւորեց Գրիգորին օծակից՝ միաբանակից եղբայր Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեանը, որ այդ օրերուն Առաջնորդական Փոխանորդն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմին: Երուանդին հետ իմ կապերս միշտ մօտ եղած են Կիպրոսի ծառայութեան մեր օրերէն, երբ ան Կաթողիկոսական Փոխանորդն էր Թեմին ու տակաւին նոյն ջերմութեամբ կը շարունակուի մեր եղբայրութիւնը մինչեւ այսօր:

 

Նիւ Եորք կեցութեանս շրջանին, յաճախ կը հանդիպէի Գրիգոր Փիտէճեանին, հայ հասարակութեան ծանօթ մեծ երաժիշտին եւ խմբավարին: Ամէն անգամ որ կը հանդիպէինք, կը խնդրէի որ պատմէր թէ ինչպէ՛ս Անթիլիաս  գացած էր խնդրելու իր մեծաւորներէն արտօնուիլ որպէս ամուսնացեալ հոգեւորական ծառայելու Եկեղեցւոյ մէջ:  Արդարեւ, Դպրեվանքի ուսանողութեան կանուխ տարիներէն իսկ, Գրիգոր իր մօտիկ օծակից-դասընկերոջ զանազան առիթներով յայտնած էր, թէ ինք Դպրեվանք եկած էր   կրօնական ուսում ստանալէ ետք որպէս ամուսնացեալ քահանայ  ծառայելու նպատակով: Բայց տեսանք անշուշտ, քիչ վերը, թէ ի՛նչ պարագաներու տակ ձեռնադրուած էր որպէս կուսակրօն քահանայ, եւ անդամակցած՝ Կիլիկիոյ Աթոռի միաբանութեան…:  Գալով իր խնդրանքին, իր «մեծաւորները» յորդորած էին չհեռանալ, փոխարէնը՝ թելադրած էին որ սպասուհի մը պահէ…:  Դէհ ե՛կ վարդապետ ու  մի՛ խենթանար…:

 

1972 Յուլիս 4-ին վերադարձայ Լոս Անճէլըս եւ յաճախ հեռաձայնային կապով մեր անցեալի յուշերը վերապրեցանք: Ամէն անգամ որ նոր յօդուած մը կը կարդար իմ կողմէ գրուած, անպայման գնահատական խօսք մը ունէր ըսելու եւ քաջալերելու որ շարունակեմ գրութիւններս: Տակաւին ամիս մը առաջ, երբ կը խօսէինք՝ նկատեցի որ շունչի նեղութին ունէր եւ յաճախ կը կրկնէր. «Ուժաթափ եմ, Ոսկան:  Բժիշկներու ձեռքը մնացած եմ, կը կարծեմ որ մեկնելու ժամանակս հասած է»: Ափսո՜ս որ ա՛յդ եղաւ մեր վերջին հեռաձայնային խօսակցութիւնը…: Ոչ եւս է հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան, դաստիարակ, երաժտագէտ, հայ երգի մեկնաբան եւ պատմագէտ Գրիգոր (վրդ.) Փիտէճեանը:

 

Երանական հանգի՜ստ մեզմէ յաւէտ բաժնուած նուիրեալ միաբաններուն: Այսօր, ընդհանրապէս, ո՜վ կը յիշէ այդ վեց հոգիներուն զոհաբերութիւնը…:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեա՜մբ եղիցի:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Օգոստոս 2019

Լոս Անճէլըս

 

0
View Post
ՈՒՇԱՑԱԾ՝ ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՈՒՇ

ՈՒՇԱՑԱԾ՝ ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՈՒՇ

«Արցախի ժողովուրդը ի՛նք պէտք է որոշէ,

թէ կ’ուզէ՞ անկախ մնալ, թէ՝ միանալ Հայաստանին:

Ատիկա ձեր իրաւունքն է, որուն մենք

պէտք է զօրավիգ կանգնինք»:

Ժան-Ժագ Ֆլաոն

(Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ)

            Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու եւ Ազգային Ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն հայկական «Նուվել տ’Արմէնի» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին (23 Ապրիլ 2019 «Մարմարա») յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապին լաւագոյն լուծումը կը նկատէ Արցախը Հայաստանին միացնելը։

Իսկ մենք ի՞նչ կը մտածենք…  

Կարճ պատմական մը կատարենք: Նախկին Խորհրդային Միութեան փլուզումին (26 Դեկտ. 1991) առաջնորդող ժամանակաշրջանին, 1988 Փետրուար 20-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդը որոշեց վերջնականապէս դուրս գալ Ատրպէյճանի կազմէն եւ ինքնավար դառնալ:   Ահաւասիկ այսպէսով Ղարաբաղեան ազգային-ազատագրական շարժումը Արցախէն հասաւ Երեւան, եւ բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առաջին հանրահաւաքը՝  Ազատութեան Հրապարակին վրայ:            Դժբախտաբար ժողովրդավարական այս խանդավառութեան յաջորդեցին  Արցախի հայ բնակչութեան դէմ բռնութիւններ եւ տնտեսական շրջափակումներ,  ընդ որս  նաեւ, հարիւրաւոր մղոններ անդին, Ատրպէյճանի տարբեր  քաղաքներու՝ ­Սում­գա­յի­թի, ­Պա­քո­ւի, ­Կի­րո­վո­պա­տի, ­Շամ­խո­րի մէջ ապրող հայ բնակիչներուն դէմ կազմակերպուած ջար­դերն ու զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րը, որոնց պատճառով մօտաւորապէս չորս հարիւր յիսուն հազար հայեր փախստական դարձան…:

Յարգելի՛ ընթերցող, բոլորովին աւելորդ եւ անտեղի լալահառաչութիւն է ըսել. Ո՞ւր էիր քաղաքակիրթ աշխարհ…:

Ահաւասիկ այս ճգնաժամային օրերուն արցախահայութիւնը ծառացաւ եւ հերոսաբար դէմ կանգնեցաւ իրեն պարտադրուած ստոյգ կործանման վտանգին: Օրհասական արիւնալի պայքարներ մղուեցան մինչեւ 1991 թուականը, երբ նոյն տարուան Դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը յայտարարուեցաւ որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն:

Ո՛ր­քան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, նո՛յն­քան եւ զի­նա­դա­դա­րի ու, եթէ իրօք կարելի է ըսել՝ «խա­ղա­ղու­թեան» տա­րի­նե­րը դժուար ե­ղան թէ՛ արցախահայութեան, եւ թէ՛ հայրենի ժողովուրդին համար։ Ար­տա­քին թշնա­մա­կան ճնշում­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն փոր­ձե­ցին, որպէ՜ս թէ յա­նուն Ար­ցա­խեան ­Հար­ցի բանակ­ցա­յին կար­գա­ւոր­ման, ար­ցա­խա­հա­յու­թեան պար­տադ­րել անոր ա­րեան գնով ազա­տագ­րո­ւած տարածքներուն վերստին են­թար­կումը Ատր­պէյ­ճա­նի բռնակալ, անա՛րգ տիրապետու­թեան:  Եւ իրենց նենգ նպատակներուն հասնելու համար՝ ատրպէյճանական սպառնալիքները դարձան ամէնօրեայ ոտնձգութիւններ, սահմանային հրացանաձգութիւններ, ու ապա 2016թ. Ապրիլ ամսուան անակնկալ յարձակումը սահմանամերձ անզէն ժողովուրդին վրայ:

Այս բոլոր արհաւիրքներէն ետք, արցախահայութիւնը եւ հայրենի պետութիւնը եկան ա՛յն համոզումին որ Ար­ցա­խեան ­հար­ցի բա­նակ­ցա­յին եւ ար­դար կար­գա­ւոր­ման ու­ղին ո՛չ թէ այս կամ այն ձեւի փոխ-զի­ջումն է, այլ՝ Արցախը Հայաստանին միացնելը: Հայ ժողովուրդի մօտ, հայրենիքէն ներս թէ ի սփիւռս աշխարհի, այս արդար համոզումը արմատացած է եւ մեզի համար բացի անկէ ուրիշ ո՛չ մէկ համոզիչ լուծում կայ:

Եթէ ազգովին համոզուած ենք որ Արցախը պէ՛տք է միանայ Հայաստանին, ուրեմն ինչի՞ կը սպասենք:  Լաւագոյն օրինակը տուաւ մեզի մեր «Քեռին`» Ռուսաստանը, իրեն կցելով Ղրիմի թերակղզին Մարտ 2014-ին: Ինչպէս ծանօթ է մեր ընթերցողներուն, գերպետութեանց առաջնորդներ դատապարտեցին այս կցումը, յայտարարելով որ այդ արարքը խախտում մըն է միջազգային օրէնքի եւ հետեւաբար անընդունելի: Ռուսաստան  անտեսելով բոլոր բողոքները, եւ միանգամայն ասպարէզ կարդալով բոլորին՝ յայտարարեց որ Ղրիմի ժողովուրդին արդար եւ անկապտելի իրաւունքն է ինքնորոշումը (right of self determination):

Հիմա հարց տանք մեր հայրենի ղեկավարութեան. ի՞նչ բանի կը սպասենք յայտարարելու, թէ արցախահայութեան միահամուռ ցանկութիւնը ըլլալէ զատ՝ նաեւ անոր արդար իրաւո՛ւնքն է  ինքնորոշուիլ, եւ հետեւաբար 30 տարիէ իվեր կը սպասուի այդ կցումին:  Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու…: Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ հայրենի պետութեան յայտարարութենէն ետք, օտար պետութիւններ, նամանաւանդ՝ Ռուսաստանը, պիտի ճանչնան կատարուած իրողութիւնը:  Չմոռնանք յիշեցնելու թէ մենք  մեզմէ յափշտակուած եւ Ստալինի բռնատիրական տարիներուն ապօրինաբար եւ անարդարօրէն Ատրպէյճանին կցուած մեր դարաւոր հայրենի հողերուն վերատիրացանք ՝ անգա՛մ մը եւս արիւն թափելով հերո՛սաբար:

Հետեւաբար մեր սրբազան պարտականութիւնն է ամէն ճիգ տանիլ եւ աշխատանք գործադրել որպէսզի միացեալ անկախ Հայաստանի գաղափարը համայն հայութեան կողմէ մոռացութեան չմատնուի, այլ դառնայ նպատակ կեանքի: Ժամանակի հրամայականն է որ ո՛չ միայն ձգտինք, այլեւ հասնի՛նք մեր նպատակի իրականացման. վաղը ուշ կրնայ ըլլալ…: Չմոռնանք յիշեցնելու թէ այս բոլորը կապուած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման հետ: Չմոռնանք նաեւ շեշտելու, թէ հատուցումը մեր մտքին  մէջ միայն նիւթական ու բարոյական չէ՛  (մինչեւ այսօր բարոյական խրատներ շա՜տ լսեցինք), այլ հիմնական նպատակը՝ մեր յափշտակուած եւ բռնագրաւուած հողերուն ու հայրենիքին տէր դառնալն է:

Որքան այժմէական է յիշեցնել այստեղ մեր ընթերցողներուն, որ 100 տարի առաջ Մայիս 28-ին Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հռչակագիրը կարեւոր պատմական փաստաթուղթ էր, զոր    կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանը: Նոյն պատգամը ամբողջ աշխարհին պէտք է յղէ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը՝ համաձայն բովանդակ հայ ժողովուրդի միահամուռ կամքին եւ ցանկութեան եւ ի գին ամէն տեսակի խոչընդոտներու,  յայտարարելով թէ այսօրուընէ՛ իսկ Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը, սկսելով Արցախէն, մշտապէս միացած են իբրեւ անկախ պետական միութիւն: ԱՄԷՆ:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

7 Յունիս 2019

Լոս Անճէլըս

 

0
View Post
ԱՊՐԻԼ 24 ՄԸ ԵՒՍ ԱՆՑԱՒ

ԱՊՐԻԼ 24 ՄԸ ԵՒՍ ԱՆՑԱՒ

Հայ Ազգը ո՛չ միայն խօսքով,

այլ մանաւանդ գործով

պէտք է տիրանայ ապրելու իր իրաւունքին:

                                                                                                                                     Շահան Նաթալի

            Համասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս ոգեկոչեց եւ խոնարհեցաւ իր մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակներու յիշատակին առջեւ: Քայլարշաւներ, թափօրներ ամէնուրեք, պատարագներ, դասախօսութիւններ ու հսկումներ, ճառեր եւ շռնդալից յայտարարութիւններ…:  Բայց յետոյ ի՞նչ…:   

104 տարի անցած է մեր ազգային պատմութեան արիւնոտ աղէտէն եւ դժբախտաբար կենդանի վերապրողներ չկան այլեւս որպէսզի ամէն օր մեզի յիշեցնեն իրենց տառապանքները… արիւնոտ Եփրատէն մինչեւ մարդակուլ Տէր Զօրի անապատին սարսափազդու հոգեվիճակները: Չկայ այլեւ հայրս՝ որ ամէն առիթով կը յիշէր իր հօր վերջին նայուածքը՝ իրեն եւ ցասումով կը պատմէր իր նորապսակ քրոջ, եղբօր ու մօր տառապանքներուն եւ նահատակութեան մասին:

Հիմա հարց տանք մեր ընթերցողներուն, թէ  104 տարի ետք ո՞վ պիտի պատմէ մեր զաւակներուն ու թոռներուն՝ ցեղասպանութեան հոգեկան արհաւիրքին մասին, որ մինչեւ այսօր իւրանքանչիւրս կը հիւծէ:  Դժբախտաբար եւ դառնօրէն կ’անդրադռնամ ա՛յն իրողութեան որ այս մասին  բոլոր յուշագրութիւններն ու վկայագրութիւնները կը մնան գրադարաններու փոշոտած դարակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն Ապրիլ 24-ին յայտնուող հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու «պերճ» ճառախօսութեանց  մէջ:

Դժբախտաբար յաջորդաբար պիտի անցնին ա՛յլ Ապրիլ 24-ներ, միօրեայ կամ երկօրեայ յուզումներ յառաջացնելով: Որքա՜ն միամիտ ենք որ տակաւին կը սպասենք, եւ չենք ալ գիտեր թէ որո՞ւ կը սպասենք եւ կամ ի՞նչ կ’ակնկալենք: Ցեղասպանութեան 104-րդ տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս ծանծաղամտութեամբ ակնկալեցինք որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցեղասպանութիւն բառը գործածէ, որ չպատահեցաւ, եւ չարդինաւորուած «բարոյական արժէքներու» մասին մեր յոյսերը անգամ մը եւս ի դերեւ ելան:

Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ քոնկրէսականներու կոչերը, ուղղուած նախագահ Տանըլտ Թրամփին, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ դարձան ձայն բարբառոյ յանապատի: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը կը համընկնին Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութեան, եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

Բոլորս ալ հետեւեցանք Հայ եւ օտար մամուլի մէջ արձանագրուած լորձնաշուրթն յայտարարութիւններուն:  Այսպէս.

ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամ Ճիմ Քոսթան դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ:  Ըստ անոր, Էրտողանի յայտարարութիւնը կեղծ է. «Մենք պէտք չէ Թուրքիոյ մենատէր նախագահին, որ կը խախտէ մարդու իրաւունքները, կրօնի եւ մամուլի ազատութիւնը, թոյլ տանք վերաշարադրել պատմութիւնը»:

            ԱՄՆ Քոնկրէսական Ֆրենք Փալոն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի խօսքերը ցեղասպանութեան մասին անուանեց «զզուելի»: «Ատելութեամբ լեցուած այս խօսքը, զոր Էրտողան ըսաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օրը, պատմական փաստերու զզուելի ժխտում է»:

            Թուրքիոյ «Մեծ միասնութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Մուսթաֆա Տեսթիճի, մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Ապրիլի 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու մասին որոշումը, յայտարարած է թէ Թուրքիա պէտք է արտաքսէ Հայաստանի թուրքիաբնակ  քաղաքացիները: Երանի՜ թէ….

            Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սոլպերկ յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներուն` պատճառաբանելով, թէ Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը շատ աւելի կարեւոր է:

Այս բոլոր յայտարարութիւններէն ետք տակաւին կը հրճուի՜նք  այս կամ այն  օտար քաղաքին կողմէ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, միւս կողմէ մոռնալով մեր արդար պահանջը ո՛չ միայն ոճիրի սրբագրութեան, այլեւ Արեւմտահայաստանի մեր կորսնցուցած հողերուն վերաբերեալ: Հայոց ցեղասպանութեան փաստը վաղո՜ւց ապացուցուած է միջազգային ցեղասպանագէտներու կողմէ: Մինչեւ այսօր կուտակուած փաստերը այնքան հարուստ են իրենց բազմազանութեամբ, որ այլեւս անհրաժեշտ պէտք է նկատենք մեր աշխատանքները կեդրոնացնել ոճիրի սրբագրութեան եւ հողային պահանջին վրայ: Հետեւաբար պարտաւոր ենք մշակել ազգապահպանման նոր ծրագիր.-

1.- Նիւթական կորուստներու հատուցում (շարժուն եւ անշարժ գոյքեր):

2.- Մէկուկէս միլիոն նահատակներու կեանքի հատուցում:

3.- Մշակութային կորուտներու հատուցում:

4.- Հայրենիքի կորուստ:

5.- անխոնջ պայքար ահաւոր սպիտակ ջարդին դէմ:

6.-  Ազգը պահել հողին համար: Առանց հողի ազգ եւ պետականութիւն չկայ:

 

Ժամանակն է որ խօսքէն անցնինք գործի եւ դարձեալ աղաղակենք բարձրաձայն ՀՈՂԵՐԸ-ՀՈՂԵՐԸ :

Հայ ժողովուրդին համար ընդունելի չէ երբեք թուրք պետութեան եւ անոր նախագահին «ցաւակցութիւնը՝» իր բացատրութեամբ՝ 1915-ին պատերազմական պայմաններու մէջ մահացած հայերուն համար։ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ոճիրը ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է եւ այս իրողութիւնը ո՛չ քննութեան, ո՛չ ալ վիճաբանութեան եւ կամ բանակցութեան նիւթ կրնայ ըլլալ հայ ժողովուրդին համար։

Պահանջատիրութիւնը կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ յստակ ծրագիր: Պէտք չէ բաւականանանք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ճառերով եւ կամ լոկ ճանաչում հայցելով գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին հայոց ցեղասպանութեան մէջ: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները:

Հայրենի պետականութիւնը իր ուրոյն քաղաքականութիւնը ունի, երբ հարցը կը վերաբերի Արեւմտահայաստանի: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունի որպէս պետութիւն եւ երբեք հրապարակաւ պիտի չպահանջէ Արեւմտահայաստանի յափշտակուած հողատարածքները, ինչպէս տեսանք մինչեւ այսօր: Պէտք չէ մոռնանք որ Թուրքիան, Ատլանտեան Ուխտի անդամ է: Անկէ հող պահանջել՝ կը նշանակէ հակադրուիլ Ատլանտեան Ուխտի կորիզին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Անգլիոյ, Գերմանիոյ ու Ֆրանսայի:    Այստեղ պէտք է յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք ելլելով իրենց հայրենասիրական զգացումներէն կը շեփորեն արեւմտահայութեան վերաբնակեցման գաղափարը Արեւելահայաստանի մէջ՝ նամանաւանդ հայրենամերձ հիւրընկալ երկիրներէն, թէ նման մակերեսային մտածողութիւն մը, որքան ալ բխի ջինջ հայրենասիրական զգացումներէ, անուղղակիօրէն ահաւոր հարուած մը կ’ըլլայ մեր հողային պահանջատիրութեան, որովհետեւ կը դադրինք այնուհետեւ մտածելէ եւ զգալէ թէ հայրենազուրկ ենք:

Անվիճելի է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները թէ թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային, ոճրագործական արարքները բացառապէս Թուրքիոյ ներքին գործն են: Գերպետութիւններ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն մը այս նիւթականացած աշխարհին մէջ:

Հետեւաբար ի՞նչ պէտք է ընենք մեր ձայնը աւելի լսելի եւ ընդունելի դարձնելու համար ՄԱԿ-ի ընհանուր ժողովին մէջ: Ի վերջոյ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կը տնօրինուի այդ ժողովին մասնակցող եւ ձայն ունեցող պետութիւններու կողմէ:  նախ պէտք է դաս առնենք պատմութենէն եւ քաջատեղեակ ըլլանք թէ Արեւելեան Հարցը, որուն մէջ կը մտնեն հայերը, քիւրտերն ու պաղեստինցիները, ամենաբարդ ձեւով տակաւին կը մնայ համաշխարհային քաղաքականութեան սեղանին վրայ:

Պատմութիւնը մեզի սորվեցուց որ Հայկական հարցը կարելի է լուծել աստիճանաբար, երբ գերպետութեանց հաշիւները կը համընկնին հայկական շահերուն: Թուրքիան փորձեց իրեն իւրայատուկ ոճով, այլ խօսքով իր բնածին բարբարոսութեամբ լուծել  Հայկական հարցը: Նախ Արեւմտահայաստանի վարչական տարածքներու սահմանները փոփոխելով կապեց համաթուրքական միջոցառումներու, եւ այդ ձեւով փորձեց թաղել հարցը: Տարածքային փոփոխութիւններով փորձեց անհետացնել հայ բնակչութեան ոյժը հայկական գաւառներու մէջ, եւ երբ ձախողեցաւ իր ծրագրին մէջ՝ դիմեց ցեղասպանութեան միջոցին, օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաղաքական պայմաններէն:

Անկասկած որ իւրաքանչիւր արեւմտահայ յոյս ունի եւ կ’երազէ վերադառնալ իր դարաւոր հայրենիքը, նուիրուելու համար հայրենաշինութեան սրբազան գործին: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել երազանքը: Ամէն բանէ առաջ պէտք է նուիրուինք ինքնաճանաչման եւ մեծ աշխատանք տանինք ինքնամաքրման: Մէկդի պէտք է դնենք մեր հատուածական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական, հայրենակցական եւ այլ կազմակերպութիւններու բաժանարար գործելաոճը, եւ նուիրուինք ու խթանենք նոր սերունդի ներդրումը պահանջատիրութեան սրբազան աշխատանքին մէջ: Առանց հողի ազգ եւ պետականութիան չկայ:

Այսուհետեւ ո՛չ խանդավառուինք,  եւ ո՛չ ալ մխիթարուինք թէ այսինչ կամ այնինչ երկրի մէկ աննշան քաղաքը ճանչցեր է հայոց ցեղասպանութիւնը:Ամէն տարի նո՛յն յուսախաբութիւնը կ’ապրինք առանց դաս մը քաղելու մեր նախորդ տարիներու փորձառութենէն, մոռնալով որ նախագահ Ռեկըն 1981 Ապրիլ 22-ին իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագրով արդէն ճանչցած էր հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց յետոյ ի՞նչ. ատկէ ասդին բան մը փոխուեցա՞ւ Թուրքիոյ հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ: Անշո՛ւշտ ոչ: Ընդհակառակն՝ Թուրքը իր աշխարհագրական դիրքը օգտագործելով կը փորձէ միշտ «ջերմ» պահել իր յարաբերութիւնները թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ՝ ելլելով իր երկրի շահերէն:

Դժբախտաբար Սփիւռքն ալ, հակառակ իր բովանդակ կարողականութեան, ինքնութեան կորուստի տխուր ընթացքի մը մէջ կը գտնուի այսօր: Օտարութեան ճիրաններուն մէջ, իրենց հայրենիքէն արմատախիլ եղած այլ ժողովուրդներու նման, մենք ալ ենթակայ ենք կամաւոր ստրկութեան եւ ուծացման՝ յանուն խաբուսիկ «բարօր» կեանքի մը: Սփիւռքը, որպէսզի կարողանայ տոկալ եւ շարունակել իր գոյութիւնը, պարտաւոր է պահել ու պահպանել իր ինքնութիւնը, նամանաւանդ իր լեզուն, որ անզգալաբար մաշումի եւ կորստեան ճանապարհի մէջ է: Սփիւռքահայը իր հայեացքը դէպի հայրենիք ուղղելով հանդերձ, առանց շփոթելու հայրենասիրութիւնը՝ բարեսիրական օգնութեան եւ հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ, պարտաւոր է ասոնցմէ անդին իր ամբողջ կարողականութիւնը կեդրոնացնելու բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերը վերաշահելու հիմնախնդրին  վրայ:

Տխուր իրականութիւններէն մէկն է, անշուշտ, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրած է այլեւս մեր ազգային քաղաքականութեան մարտավարութեան գլխաւոր օրակարգերէն մէկը ըլլալէ, որուն մէջ իր տխուր բաժինը ունի հայրենի կառավարութիւնը, որ երբեք մշակուած քաղաքականութիւն մը չունի հայկական հարցը միջազգայնացնելու, եւ  վաղուց յայտարարած է, թէ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի, եւ որմէ ետք, ուրեմն, Սփիւռքի ճիտին պարտքը կը մնայ իր գլխուն ճարին նայիլ ու այդ ռազմավարական քաղաքականութինը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդել մինչեւ արդար հատուցում:  Այլ խօսքով, չբաւարարուինք միայն ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքով եւ գտնենք մեր ապահով յենարանները արագօրէն զարգացող աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ՝ պատրաստելով գիտակից մասնագէտներ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ գիտական ոլորտներէն ներս, այն երկիրներու մէջ ուր ստուար հայութիւն կայ:

Համասփիւռ հայութեան պահանջատիրութեան հիմքը բռնագրաւեալ Արեւմտահայստանի ազատագրումն է, իր ամբողջական հասկացողութեամբ: Ներկայ փոքրիկ հայրենիքի հզօրութեան պատուանդանը սփիւռքի կարողականութեան հարստութիւնն է, եւ եթէ չկարենանք պահել զայն յառաջիկայ յիսունամեակի ընթացքին՝ պէտք է մեղադրենք մենք զմեզ մեր ամլութեան, ողջմտութեան բացակայութեան ու քաղաքական անհեռատեսութեան համար: Հեռու ինքնախաբէութենէ, իրատեսութեամբ մօտենանք հարցին եւ արժանապատիւ լուծումներ որոնենք երբ տակաւին ուշ չէ:

Կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ առանց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝  իրենց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ թարմ ստեղծագործ ոգիով՝ չկայ գիտակից պահանջատիրութիւն մեզմէ յափշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն: Տխուր պատկեր կը ներկայացնէ երիտասարդութիւնը այսօր, որովհետեւ չկարողացանք ազդու միջոցներով վերատեսութեան ենթարկել աւանդական մեր ճահճացած ըմբռնումներն ու  հասկացողութիւնները, եւ դարձանք արհամարհական եւ վանողական՝ մեր բոլոր մօտեցումներուն մէջ:  Չկան այսօր մեր երիտասարդները զանգուածային կերպով՝ մեր հանրային հասարակական կեանքին մէջ…

Չմոռնանք որ մեր պապենական հողերը գրաւուած եւ պարպուած են այսօր: Չէ՞ որ ուխտեցինք այսուհետեւ չողբալ եւ չսգալ, այլ պահանջել եւ վերականգնել մեր հազարամեայ իրաւունքները, որոնք այլեւս երազներ չեն մեզի համար, այլ սրբազան կոչ մեր ոտնահարուած պատիւը վերականգնելու:

Այսուհետեւ, մեր անիրաւուած իրաւունքներու ազգային վերականգնումի ճանապարհին, պիտի չբաւարարուինք ո՛չ արտաքին եւ ո՛չ ալ ներքին շրթնային ծառայութիւններով, որովհետեւ խօսքը կը ցնդի՝ գո՛րծն է մնայուն: Աշխարհ այլեւս գիտէ՛ թէ ցեղասպանութիւն գործուած է մեր հազարամեայ սեփական հողին վրայ. այսուհետեւ «բարեկամ» պետութիւններ իրենց ճանաչումի  մխիթարական խօսքերէն անդին պարտին զօրավիգ կանգնիլ մեզի՝ մեր իրաւատէրի պահանջատիրութեան մէջ:

Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով, աշխարհասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց անվիճելի, անկոտրում ճշմարտութիւն մը. հակառակ այն իրողութեան որ դարերու ընթացքին աշխարհակալներ եկան ու անցան՝ մեր հազարամեայ երկիրը նուաճելով, կոտորելով, կործանելով ու թալանելով (որոնց վերջին արիւնարբու դաժան ոճրագործները եղան Սուլթան Համիտներն ու Երիտ-Թուրքերը), մարդու տեսակի (species) այդ վիժուկները սակայն չկարողացան սպաննել հայուն ապրելու կամքը, ստեղծագործելու կենսախայտ տենչը եւ գոյատեւելու աննահանջ եւ աննկուն խիզախութիւնը:

Հետեւաբար մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է որ լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ: Անոնցմէ կարեւոր կը նկատենք Սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն եւ նպատակներու գործադրութեան բիւրեղացումը, նամանաւանդ քաղաքական գործելակերպին մէջ, ստեղծելով ճիգերու ամբողջական սերտ միութիւն մը: Ձեւական միութենէն անդին անցնինք, կերտելու իրակա՛ն, եւ ո՛չ թէ մակերեսային միասնութիւն մը:

Հաւատարիմ մնալ եւ ուխտել, որ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքն է, եւ իր նահատակներուն արիւնաթաթախ պատգամը՝ որ մեր ազգային վերականգնումը հետապնդենք ու իրագործենք պատմական Հայաստանի ազատագրուած միացեալ հողերուն վրայ:  Չխանդավառուինք պատահական խոստումներէ, եւ ո՛չ ալ յուսահատինք վաղանցուկ ժխտումներէ, ուրացումներէ: Չյուսալքուինք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, անկեղծ հաւատքով եւ տեսիլքով զրահաւորուած առաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը, միշտ մնալով պատնէշի վրայ արթուն եւ շրջահայեաց:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

28 Մայիս 2019

Լոս Անճէլըս

0
View Post
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ

Աշխարհասփիւռ հայութիւնը խոր վիշտով իմացաւ մահը Կոստանդնուպոլսոյ  Հայոց 84րդ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին։ Անոր մեկնումը այս երկրաւոր կեանքէն անկասկած որ մեծ կորուստ մը եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին համար: Երիտասարդ,  յաղթահասակ, քաջարի այս հովուապետը տակաւին շա՜տ տալիք ունէր  Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով իր ժողովուրդին: Քաղաքական դժուարին եւ դաժան պայմաններու տակ իմաստութեամբ ղեկավարեց պատրիարքական աթոռը եւ խոր նուիրումով ու քրիստոնէավայել հաւատքով ծառայեց իր ժողովուրդին:

Որքա՛ն տպաւորիչ՝  նո՛յնքան յուզումնախառն էր իմ առաջին հանդիպումս պատրիարքին հետ, Պոլսոյ մէջ Սեպտեմբեր 2004-ին: Պահ մը փշաքաղուեցաւ մարմինս երբ ողջագուրուեցանք, որովհետեւ աչքիս առջեւ եկաւ երանաշնորհ Զարեհ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը: Մեսրոպ Պատրիարքը ներհուն, տիպար հոգեւորական էր՝ բառին լիիրաւ եւ ամբողջական իմաստով: Կեանքը ապրեցաւ Տիրոջ պատգամին համաձայն եւ իր մաքրակենցաղ ապրելակերպով առաւել եւս արժեւորեց իր սքեմը, նամանաւանդ պատրիարքական պատմական Աթոռը, որուն արժանընտիր գահակալը եղած էր:

Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան, գրականութեան եւ կանոններուն քաջածանօթ այս հոգեւորականը չվարանեցաւ իր խօսքը ըսելու, երբ նկատեց օրինական խախտումներ: Իր հոգեւոր սպասաւորութեան ամբողջ ընթացքին ամէն տեսակ դժուարութիւններու առջեւ ցոյց տուաւ իր աննկուն կամքը — Օրմանեան Պատրիարքին նման, որուն հանդէպ մեծ սէր եւ յագանք ունէր — հակառակ ա՛յն իրողութեան որ միշտ հսկողութեան, չըսելու համար հալածանքի, տակ էր պետական այրերու, նամանաւանդ ծայրայեղականներու կողմէ: Մեր հանդիպման ատեն նոյնիսկ, խնդրեց որ մեր խօսակցութիւնը կատարենք սենեակէն դուրս, «պատերը ականջ ունին» պատրուակելով:  Աւելին ըսելու պէտք չկայ…

Ո՛չ միայն իր պատրիարքական տարիներուն, այլ նաեւ անկէ տարիներ առաջ՝ 1980-ական թուականներէն սկսեալ քաջաբար միշտ իր ձայնը բարձրացուց բողոք ներկայացնելով պետութեան մօտ, փոքրամասնութեանց նկատմամբ որդեգրուած խիստ օրէնքներուն եւ միջոցառումներուն դէմ: Թուրք պետութիւնը անվարան փորձեց Մեսրոպ սրբազանը երկուքէն-հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտել՝ որպէս յեղափոխական յերիւրեալ զրպարտութիւններով:

Ո՛չ միայն որպէս հոգեւորական, այլեւ որպէս ՄԱՐԴ, հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարք սիրուած էր բոլորին կողմէ, եւ այդ ջերմ սիրոյ արտայայտութիւնն էր՝ ժողովուրդին խուռներամ ներկայութիւնը իր թաղման արարողութենէն  մինչեւ Շիշլիի գերեզմանատունը: Ի տես այդ բազմութեան, անգամ մը եւս յիշեցի երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսի թաղմանական թափօրին քայլերթը անդադրում տեղատարափ անձրեւներու տակ՝ Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ Անթիլիասի կաթողիկոսանիստ Մայր Տաճարը: Հանգի՜ստ իրենց յոգնաբեկ ու տառապեալ հոգիներուն…

Խորապէս կը ցաւէր որ միութիւն եւ համերաշխութիւն չկար  մեր Եկեղեցւոյ  նուիրապետական Աթոռներուն միջեւ: Նկատի ունենալով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գահակալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի բռնատիրական  վարչամեքենան,  միջոցներ կ’որոնէր առ նուազն համերաշխութիւն ստեղծելու միւս երկու  նուիրապետական Աթոռներուն հետ: Այստեղ կ’արժէ յիշատակել թէ ի՜նչ անհաճոյ եւ անվայել դժուարութիւններու հանդիպեցաւ հոգելոյս պատրիարքը Հայաստանի մէջ, ո՛չ միայն հայրենի մամուլին, այլ նաեւ պետական այրերուն կողմէ, երբ գլխաւորեց համախոհներու այն խմբակը որ կը փափաքէր Մայր Աթոռի վրայ տեսնել այդ օրերու կաթողիկոսական տեղապահ՝ Ներսէս Արք. Պոզապալեանը:

2007 թուականի Հրանդ Տինքի սպանութեան հետեւանքով, ահաւոր հոգեկան ապրումներ ունեցաւ Մեսրոպ Պատրիարք: Մահուան սպառնալիքները սաստկացան իր դէմ, մասնաւորաբար թուրք ծայրայեղականներու կողմէ, որոնք զինք կը նկատէին յաջորդ նոխազը: Այս հոգեկան մղձաւանջներուն մէջ սկսաւ տկարանալ օր ըստ օրէ, եւ քիչ մըն ալ անհասկնալի եւ խորհրդաւոր պատճառներով՝ տեղական բժիշկներու համաձայն իր մօտ ի յայտ եկաւ ուղեղային հիւանդութիւն մը, որ զինք զգետնեց եւ անկողնի դատապարտեց յաջորդող առաւել քան տաս տարիներուն:

Բոլորս ալ գիտենք թէ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական բռնատիրական պայմաններու տակ Պոլսոյ պատրիարք ըլլալը այնքան ալ բաղձալի կամ ցանկալի չէ: Պոլսահայ մեր արենակից եղբայրները նոր բարդութիւններու առջեւ պիտի կանգնին դարձեալ: Ասկէ առաջ մեր նախորդ գրութիւններէն մէկուն մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձած ենք այս թնճուկին: Ա՛լ կասկածէ վեր է որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը պատանդ է թուրք պետութեան ձեռքը, գործակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ Արամ արք. Աթէշեանի:  Տխո՜ւր, բայց իրաւ…:

Անկասկած որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, անտեսելով մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական բոլոր սկզբունքները, կրկին պիտի փորձեն միջամտել ընտրական գործընթացին, եւ պիտի աջակցին իրենց համար ցանկալի թեկնածու՝ Արամ արք. Աթէշեանին: Այստեղ կ’ուզեմ վկայակոչել քաջարի հայորդի՝ պետական երեսփոխան Կարօ Փայլանի խօսքերը. «Ես երկար տարիներ պայքարած եմ հայ համայնքի աւելի լաւ կառավարման համար ու ամէն անգամ պետութեան ձեռքը փորձած է միջամտել մեր համայնքի ղեկավարման։ Դժբախտաբար, այս պահուն, պատրիարքարանը գրաւուած է վերակացուի մը կողմէ [խօսքը Արամ արք. Աթէշեանի մասին է], որ կը համագործակցի պետութեան հետ։ Ես յստակ կերպով կրնամ յայտարարել, որ ան դրածոյ մըն է եւ կը գործակցի պետական կառոյցներուն հետ, պատրիարքական ընտրութիւններուն արգելք ըլլալու համար»:

Անգամ մը եւս յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Փետրուար 5-ին Պոլսոյ նահանգապետարանը անվաւեր համարած էր Գարեգին արք. Պէքճեանի պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը եւ այդ ընթացքին անոր ընդունած որոշումները, եւ պատրիարքի փոխանորդ ճանչցած էր Արամ արք. Աթէշեանը: Այդ պատճառով Պէքճեան սրբազան յուսախաբ եւ վրդոված մեկնած էր Պոլիսէն: Դժբախտաբար մեր երկու կաթողիկոսական աթոռները ո՛չ թէ լուռ, այլ անտարբերութեամբ վերաբերուեցան այս հարցին. ո՛չ լուծում առաջարկեցին եւ ո՛չ ալ դատապարտեցին ժողովրդավարական կարգերու բռնաբարումը թուրք պետութեան կողմէ:

Ո՜հ, ի՜նչ կատակերգութիւն: Բոլոր անոնք որոնք անտարբեր էին մինչեւ այսօր եւ ըսելիք չունէին՝ այժմ լորձնաշուրթն վեր կ’առնեն արժանիքները հոգելոյս պատրիարքին, մեզի յիշեցնելով ժողովրդային առածը. «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»: Զոհը իր հանգիստը գտած է արդէն – մտահոգուի՛նք Պոլսոյ պատրիարքութեան արժանապատուութեամբ եւ անոր հովանիին տակ ապրող մեր ազնիւ ժողովուրդին իրաւունքներուն պահպանութեամբ:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

28 Մարտ 2019

Լոս Անճէլըս

 

0

LOGIC, OR HYPOCRISY?

The primate of the diocese of Shirak, Archbishop Michael Achabahian, gave the following answer to the question as to whether a crisis exists in the Armenian Church, during a recent interview broadcast over the news program  “Arachin Leradevagan” of Armenia’s public TV Channel 1:  “Where is the crisis? The crisis is in the minds of some people: there exists no crisis. Certain people  have invented some crisis in their heads, and they think that there really is a crisis in the Armenian Church. There is no crisis! Period!”  Such is the logic of a high official of the Church who chooses to ignore the reality and wishes to convince us that everything is in shipshape order in our Church!

( https://www.1in.am/2514272.html?fbclid=IwAR0HobJrWTdvnUeaCrneNfflvtMsp-d16-ycCEnoJYYPC94axmKcJRyyAf0 )

It will be self-deception or self-delusion to declare that there is no crisis in the Armenian Church.  On the contrary, the Church’s needs are numerous, and the crises among the clergy are multiple.  Like an ostrich, Archbishop Achabahian is trying to hide his head in the sand by ignoring the existing crisis.

For the sake of absolute truth let’s make it clear that the Holy Mother See of Etchmiadzin, and the credibility and authority of the Armenian Apostolic Church generally speaking, should not be subject of any negative scrutiny.  The Armenian Apostolic Church has been, and is, the granite foundation of our existence, for it has shaped and protected our national identity throughout the centuries of our nation’s history.

In view of the unlawful and uncanonical actions of catholicos Karekin II, the public is protesting and demanding his resignation as head of the Church because for so many years he  has been part of the Armenia’s corrupt regime — the ruling party that has plundered the country and continues to do so in spite of last year’s Velvet Revolution.

It is an undisputed fact that during Karekin II’s tenure the country was flooded with alien sects and sectarians while he was busy conducting his multiple personal businesses.  It is very easy to blame your own people by maintaining that the reason of the adherence of a wide segment of the population to those sects lies in the poor socio-economic conditions of the country. Was there any time when the catholicos took measures to protect his flock from these sectarians? Was there any time when he devoted himself to preaching the truths of the Gospel and defending the teachings and faith of the Armenian Apostolic Church, of which he is the head and servant as well?  Has he forgotten the manner in which the Mormons infiltrated Armenia during Kocharyan’s presidency? Did he ever have the courage to publicly complain against this infiltration and condemn Kocharyan’s actions, just as the Russian Patriarch Aleksis did when sectarians wanted to infiltrate Russia?  The answer to these questions is in the negative.  He remained silent all the while because he was part and parcel of the conspiracy that generated millions of Dollars.

Unfortunately, during the past nineteen years we became aware of a gruesome reality. Karekin II defrocked over one hundred members of the clergy (I have given the list of those victims in one of my recent articles.)  These actions show how vindictive he is. Yet, turning a blind eye to all these realities, Archbishop Achabahian declares that there is no crisis in the Church…  This is self-delusion. Let us mention some of the most urgent problems confronting the Armenian Church and clergy today:

1.- Harmonious relations and cooperation between the Hierarchical Sees of the Church.

2.- Infringement on local diocesan regulations by Karekin II and his appointee primates.

3.- Unlawful limitation of diocesan bishops’ rights.

4.- Unlawful marriage (or cohabitation with women) of celibate priests.

5.- Homosexual clergy in the Church.

6.- Ownership of businesses by high- and low-ranking members of the clergy alike.

7.- Accountability concerning all religious and national treasures.

8.- Restoration and revitalization of the poverty vows of the clergy.

9.- Restoration of defrocked clergy to their previously-held ranks.

10.- Recruitment of experienced laymen in diocesan Judicial Councils (“Tadastanagan

Khorhoort”).

11.- Supremacy of Law and order, rules and regulations to be applied equally to clergy

and lay people without discrimination.

 

Now, the readers realize what it means to have a dictator catholicos, who during the past nineteen years got away unpunished with ravishing every sanctity and canon with the support and protection of the corrupt criminal leadership of the country.  His actions tarnished the faith of the public in the Church and its clergy, who, for personal reasons and gains unfortunately tolerated such an inglorious dictatorship.

 

Not only the passive attitude of the high-ranking clergy is to be condemned, but the various political parties, educational and other community organizations, and the intelligentsia as well –particularly in the Diaspora– are likewise to be condemned for their silence and indifference.  After all, publicly ‘elected’ members of individuals in the community are the ones who elect the catholicos and the Supreme Religious Council of Etchmiadzin.

 

We live in a very crucial period of the 21st century, especially in Armenia.  Therefore we must dedicate ourselves to enhance the awareness and appreciation of those values and cultural treasures that define our unique identity — if our coming young generations, and we as a nation,   want to successfully confront all the troubles and challenges that lay ahead of us in the future.

Hence, we ought to voice our constructive opinions without any hesitation, and to emphasize the role of the laity in the life of the Church, not to exclude its right of participating    in church and national elections.  And we must vehemently refuse the “pre-designation” by “interested parties” of candidates for any position in the Church from the lowest to the highest. The present-day “elections” in our national-religious and educational life bring to memory the notorious elections of olden times, imposed by a separate class of multi-rich influential members of the community called the Amiras, as well as those organized in Armenia during our more recent history by the tyrannical Communist regime, notorious for its voracious appetite for controlling every single minute detail the country’s political, cultural, religious, and social life.

Our people, in Armenia and in the Diaspora, has the right to express its concerns about the Church, the clergy, and reforms in general. If we truly and seriously care about these issues, then we should express our opinion about them without any hesitation, for, if we don’t, we will be part of the problem and corruption that pervade our life both in Armenia and the Diaspora, instead of being part of the solution.

No one should lecture us that Church affairs are exclusively the domain of the clergy, and that the laity has no business whatsoever to be concerned with it.  On the contrary, the flock of believers is the Body of Christ, i.e. it is the very Church itself, and the clergy are their servitors by virtue of their calling. Thus to express our views and make constructive suggestions constitutes an imperative if we really care about our Mother Church.

Therefore do not be surprised when the public demands the resignation of Karekin II, because the public considers him part of the previous corrupt regime which monopolized all the resources of the country, thus bankrupting it and never caring about the multitudes who left Armenia by the thousands and migrated to different parts of the world on account of the harsh political and socio-economic conditions of the country.  Have we ever heard, at least once, that Karekin the II complained to the authorities about the dire conditions of the country?  Did he ever appeal to the authorities to stop plundering the country’s resources and to relieve the horrible conditions of poverty and unemployment?  On the contrary, being an integral part of the very same despicable regime, he generously distributed honors and decorations  to the corrupt oligarchs… Therefore, how can we expect the public to have faith in his catholicos and a corrupted manipulating clergy?

 

The lack of an approved Constitution and regulations of the Church led us to disputes and controversy.  It was announced very recently that a General Assembly of delegates will be convened, during which Karekin II will attempt to ratify and validate a new “Constitution.”  It is absolutely crucial to ask who compiled and edited this new Constitution.  Unfortunately these new statutes violate the principles of democracy and tend to establish clerical hegemony in Church.  This goes absolutely against the centuries-old rules and traditions of our democratic Church: we have already seen the dark aspect of his dictatorial conduct during the past nineteen years…

What is the point in convening all these assemblies if everything will be decided solely by Catholicos Karekin II? These assemblies (”Ազգային Ընդհանուր Ժողով”) should have the power to elect and, if needed, impeach a catholicos and force him to resign. If we do not remain faithful to are national values, then we simply become a corrupted multitude of nomads.

So far we have not been given any assurances that Karekin II,  as the “Chief Shepherd” (“Hovvabed”) of  his flock, will revert to and execute the historical mission of the our Mother Church.  On the contrary, he has always manipulated the Church’s assemblies and councils because there is no transparency and accountability in his affairs: to him everything is business and money…  And we know how he met with indifference the massive influx of sectarians into Armenia. He never cared about the migration of our beloved people from Armenia and never offered the oligarchic government, –who oppressed the public and vandalized the country,– any advice or solution to the many problems of our Fatherland.

 

“It is about time, your Holiness, that you rediscovered your spiritual values, –if you ever had any. Otherwise defrock yourself and save our Mother Church from total destruction.” (Extracted from a letter of His Beatitude Archbishop Nourhan Manoukian, Armenian Patriarch of Jerusalem, dated August 25, 2016, and addressed to Karekin II.)

 

 

Vosgan Mekhitarian

March 17, 2019

Los Angeles

           

 

0

ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Շիրակի Թեմի առաջնորդ Միքայէլ Արք. Աջապահեան՝ Առաջին Լրատուական հեռուստակայանին հետ վերջերս ունեցած ելոյթի ընթացքին պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումին՝ թէ ինչո՞ւ Հայց. Եկեղեցին ճգնաժամի մէջ է այսօր, տուաւ հետեւեալ չնաշխարհիկ միտքը. «Որտե՞ղ է ճգնաժամը: Ճգնաժամը ոմանց ուղեղներում է, ճգնաժամ չկայ: Ոմանք իրենց ուղեղներում ճգնաժամ են ստեղծել, և կարծում են թէ ճգնաժամ կայ: Ճգնաժամ չկայ»…: Ահաւասիկ Մայր Աթոռի բարձրաստիճան եկեղեցականի տրամաբանութիւնն ու մտքի կուրութիւնը՝ բացորոշ իրողութիւններու հանդէպ: Այսպէս ուրեմն, Միքայէլ արքեպիսկոպոս կը փորձէ մեզի համոզել թէ  ամէն ինչ բնական է այսօր՝ մեր  Եկեղեցիէն ներս: (https://www.1in.am/2514272.html?fbclid=IwAR0HobJrWTdvnUeaCrneNfflvtMsp-d16-ycCEnoJYYPC94axmKcJRyyAf0 )

Չե՛նք կրնար, ո՛չ ալ ինքնախաբէութեամբ տարուած կ՛ուզենք յայտարարել, թէ Եկեղեցին լուրջ տագնապներու առջեւ չի կանգնիր այսօր:  Ընդհակառակն, այնքա՜ն բազմակողմանի են Եկեղեցւոյ կարիքներուն եւ եկեղեցականութեան հետ կապուած հրատապ հարցերը:  Եւ սակայն, Աջապահեաններու նման հաւկուր մարդիկ, խնկարկելով Գարեգին Բ.ին, իրենց գլուխը աւազին մէջ խրած՝ կը յաւակնին յայտարարել թէ «ճգնաժամ» չկա՜յ:

Անգամ մը եւս յստակացնենք, թէ սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի իրականութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար իյնալ ստուերի տակ:         Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այն կրանիթեայ խարիսխն է, որուն վրայ մեր հայրերու արեան գնով կանգնած են մեր գոյութեան բոլոր երաշխիքները: Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան մէջ:

Նկատի ունենալով օրինական եւ կանոնական խախտումները Գարեգին Բ.ի օրով, եւ ելլելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընհանուր շահերէն, ժողովուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ պահանջել հեռացումը Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ տարիներու ընթացքին եղաւ մաս եւ բաժին ա’յն անկուշտ համակարգին, որու ետին կանգնած ընչաքաղց պետական այրերն ու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ անոնց բոլորտիքը դարձող սակաւապետերը («օլիգարխ»),  երկիրը թալանեցին եւ տակաւին կը շարունակեն թալանել մինչեւ օրս, հակառակ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութեան»:

Անառարկելի իրողութիւն է որ Գարեգին Բ.ի գահակալութեան տարիներուն շատցան աղանդաւորները, որովհետեւ ան աւելի ուշադրութիւն դարձուց իր առեւտրական հաշիւներուն քան թէ իր հոգեւոր առաքելութեան: Շատ դիւրին է ժողովուրդը մեղադրել եւ ըսել, թէ մարդիկ աղանդաւորական շարժումներու կը հետեւին զանազան ընկերային եւ տնտեսական պատճառներով, թէկուզ որոշ ճշմարտութեամբ: Գարեգին Բ.ը արդեօք պահ մը մտածե՞ց եւ ծրագրե՞ց միջոցներ՝ այդ բոլորին առաջքը առնելու համար: Արդեօք ջերմեռանդօրէն նուիրուեցա՞ւ հոգեւոր առաքելութեան   եւ մխիթարե՞ց Աւետարանի քարոզութեան ծարաւ հոգիները: Մոռցա՞ւ արդեօք, թէ ինչպէ՛ս նախագահ Ռ. Քոչարեանի օրով մորմոնները մուտք գործեցին Հայաստան:  Մայր Աթոռի գահակալը երբեւիցէ քաջութիւնը ունեցա՞ւ հրապարակաւ դէմ արտայայտուելու այդ թոյլտուութեան—ինչպէս Ռուսաց պատրիարք Ալեքսիս ըրաւ իր երկրին մէջ— թէ՞ ինքն ալ մաս եւ բաժին ունէր այդ առատօրէն բաշխուած միլիոնաւոր գումարներէն:

Դժբախտաբար տասնեւինն տարիներու դառն փորձառութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրաւ դառն իրականութեան մը առջեւ: Բռնակալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՆԴԸ—«կարգալոյծ» հռչակուած եկեղեցականներուն ցանկը—ներկայացուցած ենք ասկէ  առաջ մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ առ ի գիտութիւն համայն հայութեան, տեսնելու այդ տխրահռչակ անձին մէջ՝ քինախնդրութիւնը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնն ու յիշաչարութիւնը: Եւ այս բոլորէն ետք յայտարարել թէ եկեղեցին ճգնաժամի մէջ չէ՝ կը նշանակէ կամաւոր կուրութիւն, ինքնախաբէութիւն եւ սնափառութիւն: Նշենք այստեղ, թէկուզ անցողակի, գոնէ որոշ թիւով գլխաւոր ճգնաժամային հարցեր.-

 

1.-  Նուիրապետական Աթոռներու միջեւ ներդաշնակ գործունէութիւն:

2.-  Թեմերու Կանոնագրութեանց բռնաբարում:

3.-  Թեմական առաջնորդներու իրաւազրկում:

4.-  Կուսակրօններու ոչ-օրինական ամուսնութիւն (ուխտադրժութիւն):

5.-  Միասեռական եկեղեցականներու (արուամոլ թէ՛ իգացեալ) արտաքսում:

6.-   Առեւտրական հաստատութիւններու սեփականութիւն:

7.-  Եկեղեցական եւ մշակութային գանձերու հաշուետուութիւն:

8.-  Հոգեւորականաց Աղքատութեան ուխտի վերասահմանում եւ                                                                                                                    անվրէպ գործադրութիւն:

9.-  Ապօրէն կարգազրկումներու վերահաստատում:

10.-  Դատաստանական խորհուրդի հաստատում, մասնագէտ                                                     աշխարհականներու մասնակցութեամբ:

11.-  Օրէնքի գերագահութիւն բոլորի համար:

 

ԸՆթերցողը կը հասկնայ թէ ի՞նչ կը նշանակէ բռնակալ կաթողիկոս ունենալ, որ 19 տարիներու իր գահակալութեան շրջանին առեւանգեց  ամէն սրբութիւն եւ կանոնագրութիւն, որովհետեւ զօրակցութիւնը կը վայելէր պետութեան մէջ իշխող քրէական համակարգին: Ահաւասիկ այսպիսի կանոնական խախտումներ կը սարսեն նաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որոնք կը հանդուրժեն այս անփառունակ կղերապետութիւնը ին՜չ-ին՜չ անձնական եւ շահադիտական պատճառներով եւ հաշիւներով:

Որքան դատապարտելի է բարձրաստիճան հոգեւորականութեան կրաւորական վիճակը, նո՛յնքան եւ առաւել եւս դատապարտելի են, նամանաւանդ սփիւռքի մէջ, մեր քաղաքական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններուն, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններուն, ամուլ մտաւորականութեան եւ հայ մամուլին դրսեւորած անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը: Ի վերջոյ, ժողովուրդի կողմէ «ընտրուած» պատգամաւորներն են որ կը կազմեն Ազգային Եկեղեցական Ժողովը, որուն իրաւասութեան տակ կ’իյնայ ընտրել կաթողիկոսն ու Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները:

Այսօր մեր ժողովուրդը կ’ապրի քսանմէկերորդ դարու պատմութեան անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը, նամանաւանդ հայրենիքէն ներս, եւ անհրաժեշտ կը նկատենք որ կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներու վերականգնումի աշխատանքին նուիրուինք ազգովին, եթէ կ’ուզենք տոկալ նոր մարտահրաւէրներուն որոնք կը կանգնին մեր առաջ իրենց բոլոր դժուարութիւններով, մասնսաւորաբար մեր նորահաս երիտասարդութեան առջեւ:

Անհրաժեշտ է յստակօրէն սահմանել մեր ժողովական մարմիններու աշխատանքի դաշտն ու կերպը: Առանց վարանելու պարտաւոր ենք խօսիլ անոնց կազմերուն մէջ անսահմանափակ ժողովրդական մասնակցութեան կարեւորութեան մասին՝ միշտ մերժելով նշանակումները –կաթողիկոսներէն մինչեւ առաջնորդները–, որոնք պառակտումներ յառաջացուցած են մեր կրօնական, ազգային եւ կրթական հաւաքական կեանքին մէջ եւ կը յիշեցնեն մեզի ամիրայականութեան տխրահռչակ տարիները: Ո՛չ ալ խորհրդային օրերէն ժառանգուած՝ տիրելու եւ ղեկավարելու կիրքերը մեզ պէտք է առաջնորդեն մեր ազգային, նամանաւանդ կրօնական անդաստանէն ներս:

 

Մեր ժողովուրդը հայրենիքէն ներս թէ դուրս, իրաւունք ունի խօսելու եւ քննարկելու Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին: Իւրաքանչիւր անհատ եթէ ունի բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումին նկատմամբ, անհրաժեշտ է որ յայտնէ իր կարծիքը: Լռելը ոսկի չէ այս պարագային, եւ լռութիւնը չի՛ նշանակեր որ բարւոք վիճակ մը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ կազմակերպական ընհանուր կեանքը:

Ո՛չ ոք յանդգնութիւնը թող ունենայ յայտարարելու թէ Եկեղեցին կամ եկեղեցական կազմակերպութիւնը միմիայն կրօնականներո՛ւն գործն ու պարտաւորութիւնն է: Ընդհակառակն՝ Եկեղեցին ժողովուրդն է իր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝  անոր սպասաւորները: Հետեւաբար անհրաժեշտ է խօսիլ, քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել ի նպաստ  ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն, հեռու՝ անհատական բոլոր դիտաւորումներէ:

Հետեւաբար՝ ինչո՞ւ կը զարմանանք երբ ժողովուրդը կաթողիկոսը կը նկատէ  անբաժան մասը այն անկուշտ դասակարգին, որ կողոպտեց հայրենիքի բնական հարստութիւնը, ցամքեցուց ժողովուրդին երակը եւ տնտեսապէս սնանկացուց երկիրը:  Այս բոլոր աւերումներուն ընթացքին ժողովուրդը որեւէ ատեն գէթ մէ՛կ անգամ ականատես եւ ականջալուր եղա՞ւ կաթողիկոսի բողոքի ձայնին՝ կատարուած անիրաւութեանց դէմ, թէ՞ ընդհակառակն՝ կաթողիկոսը լուռ մնաց՝ քանզի ի՛նք եւս մասնակից էր  տեղի ունեցող աւերածութեան, եւ, խղճի արդար ձայն բարձրացնելու փոխարէն՝ շքանշաններով զարդարեց կուրծքերը այդ թալանիչ ու բանսարկու դասակարգին: Մանուէլ Գրիգորեաններն ու անոնց նմանները, հակառակ իրենց բոլոր քրէական յանցանքներուն, պատիւներու  արժանացան կաթողիկոսին կողմէ: Այս բոլորին ականատես եղող ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ հաւատք ընծայել կամ հանդուրժել կաթողիկոսին հակականոնական սանձարձակ գործունէութեան:

Դժբախտաբար՝ Ժողովրդավարական հիմեր ունեցող կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը Հայց. Եկեղեցին հասցուցած է անհասկացողութիւններու, թիւրիմացութիւններու եւ խոր պայքարներու: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ թէ շուտով տեղի պիտի ունենայ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր ժողով, ուր պիտի վաւերացուի նոր խմբագրուած կանոնագրութիւն մը: Անհրաժեշտ է այստեղ հարց տալ, թէ ո՞ր եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողովով խմբագրուեցաւ այդ կանոնագրութիւնը: Այս նոր կանոնագրութիւնը կ’անտեսէ բոլոր ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կ’առաջնորդէ մեզ դէպի կղերապետութիւն:  Այդ կղերապետութեան պտուղները արդէն իսկ կը քաղենք վերջին տասնեւինն տարիներու սանձարձակ եւ ապօրինի կարգազրկումներով:

Ի՞նչ բանի կը ծառայեն մեր ժողովները,–Ազգային Ընդհանուր Ժողով, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողով, Կրօնական Ժողով եւ այլ ժողովներ,– եթէ ամէն բան պիտի որոշուի կաթողիկոսին կողմէ: Այս ժողովները անուանական, խորհրդատո՞ւ ժողովներ են թէ լիարժէք իրաւական մարմիններ, որոնք կրնան կանոնական եւ սահմանադրական որոշումներ առնել, եւ ի պահանջել հարկին կաթողիկոս մը հեռացնել իր աթոռէն:  Եթէ հաւատարիմ չմնանք մեր ազգային արժէքներուն, կը դառնանք խուժան հասարակութիւն, զուրկ բոլոր մարդկային ազնիւ չափանիշներէ:

 

Մայր Աթոռը իր աթոռակալով հանդերձ չէ տուած մեզի հաւաստիացումը թէ ան կանգնած է, կամ կը ցանկայ կանգնիլ, իր երբեմնի պատմական դերին մէջ: Ընդհակառակն, մինչեւ այսօր, հակառակ անկախ Հայաստանի «բարենպաստ» պայմաններուն, խուսափած է Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով հրաւիրելէ, որովհետեւ հոն չկայ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն. հոն կայ հաշիւ եւ դրամ: Մայր Աթոռը անտարբերութեամբ դիտեց աղանդներու խուժումը հայրենիքէն ներս, սառնարիւնութեամբ մօտեցաւ արտագաղթին, եւ ո՛չ մէկ ճիգ թափեց գէթ լուծում մը առաջարկելու հայրենի անկուշտ եւ ագահ իշխանաւորներուն, որոնք օրն ի բուն կեղեքելով ժողովուրդը՝ դատարկեցին հայրենիքը:

«Ժամանակը եկած է, Վեհափառ, որ դուք պարտիք վերագտնել ձեր հոգեկան արժէքները, եթէ երբեւիցէ ունեցած էք, ապա թէ ոչ դուք եւս ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ մեր Մայր Եկեղեցին փրկէք ամբողջական կործանումէ» (քաղուած՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի 25 Օգոստոս 2016 թուակիր նամակէն, ուղղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին):

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

17 Մարտ 2019

Լոս Անճէլըս

 

 

0
View Post
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ  Ի ՊԱՏԻՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայկական մամուլէն իմացանք, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցելութեան առիթով, փետրուար 3-ի երեկոյեան Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմական խորհուրդի կազմակերպութեամբ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տրուած է ի պատիւ կաթողիկոսին:

Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ եղած են թեմի հոգեւոր սպասաւորներ, քոյր եկեղեցիներու ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Աւելին մանրամասնելու կարիքը չեմ զգար, որովհետեւ ամէն հովուապետական այցելութիւն նոյնն է.  շքանշաններու    բաշխում, առատ գնահատագրեր ու աժան գնահատականներ եւ դրամահաւաք: «Զգացինք մեր ժողովրդի սէրը Առաքելական մեր Եկեղեցու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ու մայր հայրենիքի հանդէպ եւ ուրախացանք յատկապէս՝ Հայաստանից այսքան հեռու մեր երեխաների շուրթերից լսելով մայրենի բարբառը»:

Մամլոյ մէջ կը կարդանք նաեւ, որ այս առիթով կաթողիկոսը ճաշկերոյթի մասնակիցներուն տեղեկութիւններ փոխանցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գործունէութեան առաջնահերթութիւններու եւ մարտահրաւէրներու մասին, եւ յայտարարած. «Մայր Աթոռը, սիրելի զաւակներ մեր, առ Տէրն ապաւինութեամբ իրականացնում է իր առաքելութիւնը՝ ի սէր հայրենիքում եւ սփիւռքում մեր հոգեւոր եւ ազգային կեանքի զօրացման: Առաջնային են մնում եկեղեցականների պատրաստութիւնը, նոր եկեղեցիների կառուցումն եւ հնագոյն մեր սրբատեղիների նորոգումը, որպէսզի զօրանայ Աստուծոյ խօսքի քարոզչութիւնը, հնարաւոր դառնայ աստուածպաշտական արարողութիւններում մեր ժողովրդի լիարժէք ներգրաւումը: Հոգեւոր խօսքը մատուցւում է նաեւ հեռուստաեթերով, ռադիօհաղորդումներով, գրականութեան հրատարակմամբ: Քարոզչութիւն եւ հոգեւոր սպասաւորութիւն է իրականացւում նաեւ մեր բանակում, սոցիալական կառոյցներում, իրագործւում են կրթական նախաձեռնութիւններ, աջակցութեան ծրագրեր՝ օգնելու կարիքաւորներին, ծնողազուրկ երեխաներին: Ձեռքբերումները, որ իրագործւում են նաեւ սփիւռքի հայորդեաց սատարումով եւ աջակցութեամբ, առաւել լաւատեսական են դարձնում Մայր Աթոռի գործունէութիւնը: Սփիւռքի թեմերում մեր առջեւ ծառացած կարեւոր հրամայականներ են ծուխերի ամրապնդումը, մեր Եկեղեցու կանոնական հիմքերի վրայ եկեղեցական կեանքի կազմակերպումը, տարբեր պատճառներով տեղաշարժերի արդիւնքում ծնունդ առնող ազգապահպան խնդիրների դիմագրաւումը, մեր ժողովրդի զաւակների ներգրաւումը եկեղեցական համայնքային կեանքում:»

Հոս կանգ առնենք եւ վերլուծենք իրողութիւնները.-

1.- Մայր Աթոռը իրականացնում է իր առաքելութիւնը՝ ի սէր հայրենիքում եւ սփիւռքում մեր հոգեւոր եւ ազգային կեանքի զօրացման: Ի՞նչ հոգեւոր կեանքի զօրացումի մասին է խօսքը: Կարելի չէ՛ այսքան անտարբերութեամբ մօտենալ այս խեղաթիւրուած ճշմարտութիւններուն: Օրըստօրէ կը բազմանան աղանդաւորները, որովհետեւ Մայր Աթոռը ձախողած է իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ: Այդ առաքելութեան ծիրին մէջ կը մտնեն՝ հոգեւոր քարոզչութիւն, հիւանդաց բժշկութիւն եւ մխիթարութիւն, կարօտեալներու օգնութիւն: Դիտեցէք վերեւ տեղադրուած նկարը. «Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ բնակող Մնացականեաններու բազմանդամ ընտանիքը, ընկերային ծանր վիճակի մէջ է։ Ընտանիքին մէջ 6 անչափահաս երեխաներ կան, որոնց մայրը վերջերս մահացած է,»– կը վկայէ NEWS.am-ի խօսնակ՝ Ասիա Օհա(ն)եանը եւ կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարեն այս որբացած երախաներուն: Եկեղեցին հզօր է եւ ամուր՝ երբ քայլ կը պահէ իր ժողովուրդին հետ, կը կանգնի իր ժողովուրդի կողքին եւ կը շնչէ իր ժողովուրդով:

2.-  Առաջնային են մնում եկեղեցականների պատրաստութիւնը…: Անմիջապէս յիշեցի իմ հանդիպումս կաթողիկոսին հետ, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ  3 Յուլիս 2005-ին, ուր մեկնած էի յատուկ առաքելութեամբ հանդիպելու Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին: Երբ խօսեցանք եկեղեցականներու պատրաստութեան մասին, շեշտելով խնդրեցի կաթողիկոսէն որպէսզի աւելի կարեւորութիւն ընծայէ «նուիրեալներու» որակին քան թէ քանակին: Խնդրանքս հաճելի չթուեցաւ կաթողիկոսին եւ դժգոհութեամբ պատասխանեց. «Ինծի որակը կարեւոր չէ. ես հիմա 2000 եկեղեցականի պէտք ունիմ»: Ես ալ ծիծաղով մը պատասխանեցի. «Եթէ բանակ ունենալ է ձեր նպատակը, լաւ կ’ըլլայ որ մէկական ալ զէնք տաք անոնց ձեռքը:» Մինչեւ այսօր մօտէն հետեւեցանք մեր Ս. Աթոռի «հոգեւոր» առաքելութեան եւ խոր ափսոսանքով տեսանք արժանաւորներու կարգազրկումները եւ անոնց հեռացումը եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդի ծառայութեան դաշտէն: Դժբախտաբար այնտեղ մնացին միայն ստրուկներն ու կամակատարները:

3.-     Նոր եկեղեցիների կառուցումն եւ հնագոյն մեր սրբատեղիների նորոգումը: Բացէք համացանցի էջերը եւ տեսէք թէ ի՞նչ կ’ըսեն մեր հայրենաբնակ եղբայրներն ու քոյրերը: Դադրեցուցէք ձեր քարաշէն եկեղեցիներու կառուցումը եւ անոնց փոխարէն կանգնեցուցէք հոգեւոր տաճարներ իւրանքանչիւր հայու հոգիին մէջ: Այդ հոգեւոր տաճարն է որ կանգուն պիտի պահէ Հայց. Առաք. Եկեղեցին եւ ո՛չ թէ ձեր եսը շոյող կառոյցները: Տակաւին երէկ էր կարծէք Գարեգին Բ. կաթողիկոս կը յայտարէր որ ինք մտահոգուած չէ եւ կարեւորութիւն չի տար սարերու վրայ գտնուող եկեղեցիներուն եւ վանքերուն, եւ ահա յանկարծ կը լսենք հակառակը: Այս դիտաւորեալ յայտարարութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սփիւռքահայ հաւատացեալ հասարակութեան զգայուն թելերուն դպչելով դրամահաւաք յաջողցնելու լաւագոյն միջոց:

4.-       Հնարաւոր դառնայ աստուածպաշտական արարողութիւններում մեր ժողովրդի լիարժէք ներգրաւումը:    Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել ժողոուրդին լիարժէք ներգրաւումը երբ մտահոգ չէք ձեր ժողովուրդով, երբ չէք եղած ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար: 19 տարիներու վրայ երկարող ձեր օլիկարխիկ բռնատիրական ղեկավարութիւինը հեռացուցած է մեր հաւատացեալները եկեղեցիէն, որոնք դարձած են լոկ ծիսակատարութեան սրահներ:  Ահաւասիկ այդ տխուր իրողութեան պատասխանն է ժողովրդային պոռթկումը՝ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժման ընդմէջէն : Չեմ տարակուսիր յայտարարելու թէ օր մը այդ շարժման պիտի միանան բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք չդիմանալով այս հեղձուցիչ ապականած մթնոլորտին, –ուր կայ միայն ոխակալութիւն եւ մամոնայի պաշտամունք,– անսալով իրենց ներքին ձայնին՝ պիտի գան եւ միանան այս ժողովրդային շարժումին ու փրկեն Մայր Աթոռը ամբողջական խորտակումէ:

5.-      Աջակցութեան ծրագրեր՝ օգնելու կարիքաւորներին, ծնողազուրկ երեխաներին:    Եթէ այս յայտարարութիւնները ճիշդ են, հապա ինչպէ՞ս արդարացնել այս կամ այն ձեւով կատարուած մամլոյ անդադրում կոչերը որպէսզի օգնենք կարօտեալներուն, ինչպէս վերեւ յիշեցի: Տակաւին երկու ամիս առաջ գրած էի թէ «կարելի՞ է այսքան անգութ ըլլալ ի տես մեր ժողովուրդի կարօտեալներուն» (https://keghart.com/Mekhitarian-Cruelty): Վերջ տալու է այս կեղծ յայտարարութիւններուն:  Մի՛ շահագործէք եկեղեցւոյ հանդէպ մեր ժողովուրդին ունեցած ազնիւ զգացումները ի շահ ձեր շահադիտական հաշիւներուն: Ի վերջոյ, հայ ժողովուրդը եւ նամանաւանդ սփիւռքը՝ կթան կով չեն ձեր փառասիրութիւնը գգուելու համար:

6.-   Սփիւռքի թեմերում մեր առջեւ ծառացած կարեւոր հրամայականներ են ծուխերի ամրապնդումը…: Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր բռնատիրական աշխատաոճով նամանաւանդ արտասհմանի թեմերը ստրկացուցած է, իւրաքանչիւր թեմի մէջ դնելով իր հաւատարիմները: Թեմական առաջնորդներէն խլած է քահանայ ձեռնադրելու եպիսկոպոսական կարգի իրաւասութիւնը: Կանոնագրութեանց բռնաբարումը անհանգստացնելու աստիճան պարտադրուած է թեմերուն, անտեսելով տեղական մարմիններու որոշումները:  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, անտեսելով սփիւռքեան թեմերու տեղական պայմանները, Հայաստանէն կը ղրկէ իր հացահատիկէն սնուցուած անպատրաստ եւ անատակ քահանաներ, որպէսզի անոնց միջոցով եկամուտներ ապահովէ իր լայնածաւալ «բիզնէս»ներուն համար, եւ այս բոլորը՝ յանուն Մայր Աթոռի «բարեզարդման»:

          7.-   Մեր Եկեղեցու կանոնական հիմքերի վրայ եկեղեցական կեանքի կազմակերպում: Ցաւ ի սիրտ պիտի յայտարարենք, ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք,  թէ pոլորս ալ գիտենք որ միայն Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»  մը: 

Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած մինչեւ այսօր: Դժբախտաբար,  Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը փորձէ հաստատել եւ վաւերացնել բոլոր ա՛յն կանոնական խախտումները, որոնք  կատարուեցան մինչեւ այսօր մասնաւորաբար իր «ընտրութենէն» ետք:

Ներկայացուցչական Ժողովներէ մէկուն բացման նիստին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտարարեց, թէ «Մերժելի է նաեւ [այն] երեւոյթը, երբ թեմի թեմական-պատգամաւորական ժողովը իրեն իրաւունք է վերապահում մերժել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի որոշումները». յայտարարութիւն մը որ միայն կղերապետութիւն կը բուրէ եւ կ’անտեսէ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարութեան հիմերը:

Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք եւ քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումի նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին:

Ազգովին կ’ապրինք ողբերգական վիճակի մէջ:  Կեանքի պայմանները եւ հանրային լուրջ հետաքրքրութեան պակասը մեզ կանգնեցուցած են քայքայիչ վտանգներու առաջ, որոնց առ հասարակ գիտակցութիւնն անգամ չունինք: Մէկդի դրած ենք ամէն տեսակի առողջ դատում եւ իրաւական արժէք ներկայացնող ամէն խարիսխ, որ իր մէջ կը մարմնաւորէ ազնիւ սկզբունքներ: Հայրենիքէն ներս եւ դուրս կատարուած դէպքերն ու վկայութիւնները պէտք է արթնութեան կոչ ըլլան մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի  միշտ պատրաստ ըլլան ոտքի կանգնելու յանուն ճշմարտութեան եւ խորտակելու ամէն տեսակի եկեղեցական մենաշնորհութիւն:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

18 Փետրուար 2019

Լոս Անճէլըս

 

 

0
View Post
ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՅՍՔԱՆ ԱՆԳՈՒԹ ԸԼԼԱԼ

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՅՍՔԱՆ ԱՆԳՈՒԹ ԸԼԼԱԼ

Դիտեցէ՛ք պահ մը այս տեսաերիզը, եւ փորձեցէք չյուզուիլ: Նայեցէ՛ք փոքրիկ աղջկան արցունքոտ աչքերուն մէջ եւ փորձեցէք չհեկեկալ եթէ կարող էք: http://www.facebook.com/100006423213083/posts/2162973703926716/:  Իսկ եթէ պատահի որ չյուզուիք, կը նշանակէ որ քարացած է ձեր սիրտը եւ պարպուած էք մարդկային ամէն տեսակի կարեկցութենէ: Ահաւասիկ հայրենաբնակ հայ ընտանիքի ողբերգութեան մեծագոյնը, եւ այդ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անմիջական հարեւանութեամբ: Որքա՛ն քարացած պէտք է ըլլան ձեր սրտերը, «հոգեւոր» հայրե՛ր, որ թոյլ կու տան ձեր արժանապատուութեան՝ անտարբերութեամբ մօտենալու այս կարօտեալ ընտանիքին: Ո՞ւր են Պէնթլի եւ Մերսէտես քշող այդ յղփացած եպիսկոպոսները: Ո՞ւր են Փիէր Քարտէն եւ նմանօրինակ անուանի մակնիշներով զգեստ հագուող շփացած եպիսկոպոսները: Ո՞ւր են անուշահոտերով իրենց շրջապատը առինքնել փորձող բարձրաստիճան եւ փոքրաստիճան եկեղեցականները: Ո՞ւր են մամոնայապաշտ եկեղեցականները, որոնք կը հպարտանան իրենց դրամատան հաշիւներով միայն:

Կարելի է երկարել շարքը…   բայց անցնինք մեր վերլուծումին: Այս ի՛նչ վերաբերում է իր ազգին նուիրուած հաշմանդամ մարտիկ-զինուորին հանդէպ: Որո՞նք պիտի հոգան այս ընտանիքին կարիքները՝ եթէ ոչ նո՛յնինքն պետութիւնը եւ անոր յարակից բարեսիրական ծառայութեան գրասենեակները: Ինչպէ՞ս կարող ենք ա՛յսքան սառն արիւնով դիտել տառապանքը այս հաշմանդամ մարտիկին, որ պատրաստ էր իր արիւնը շաղախել հայրենի հողին, անոր պաշտպանութեան սիրոյն: Ո՞ւր է Մանուէլ Գրիգորեանի գողցած աւարը: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Գրիգորեաններ պալատներու մէջ ապրին՝ խլելով զինուորներու արդար իորաւունքները, իսկ  այս քաջարի մարտիկը միջոց չունենայ իրեն հարկաւոր  դեղօրայքը գնելու:

Հաւանաբար շատեր առարկեն, թէ ի՞նչ կայ այդքան զարմանալի, երբ երկրաշարժէն երեսուն տարիներ ետք Կիւմրի քաղաքը, Վանաձորն ու Սպիտակը տակաւին աւերակներու մէջ են ու բազմաթիւ ընտանիքներ կ’ապրին ծայրագոյն աղքատութեան մէջ, թիթեղածածկ անփառունակ խրճիթներու մէջ, մարդկային կենցաղի տարրական բոլոր միջոցներէն զրկուած ըլլալով:

Որքա՜ն խօսուն են վարչապետի տեղակալ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը. «աղէտի պատճառած ամենամեծ վնասը թերեւս մարդկանց հոգիներում տեղի ունեցած աւերածութիւններն էին: Երկրաշարժից շատ չանցած սկսուեցին գօտու վերականգնման աշխատանքները, բայց միշտ չէ, որ շէնքերին զուգընթաց վերականգնւում էին մարդկանց յոյսը, վստահութիւնն ու լաւատեսութիւնը, եւ երբ ասում ենք աղէտի գօտի, առաջին հերթին հէնց սա պիտի նկատի ունենանք: Երբ ասում ենք աղէտի գօտի, առաջին հերթին պէտք է նկատի ունենանք, թէ ինչքանով է վերականգնուած մարդկանց վստահութիւնը սեփական ուժերի նկատմամբ, ինչքանով է վերականգնուած լաւատեսութիւնը վաղուայ օրւայ նկատմամբ, ինչքանով է վերականգնուած յոյսը, որ զոհերի կիսատ թողնուած գործերը եւ երազանքները կը դառնան իրականութիւն: Հէնց աղէտի գօտու վերականգնման այսպիսի հայեցակարգն է առաւել կարեւորը եւ անհրաժեշտը: Եւ ես յոյս ունեմ եւ համոզուած եմ, որ Հայաստանում տեղի ունեցող գործընթացներն առաջին հերթին հէնց ծառայում են եւ պիտի ծառայեն այս նպատակին՝ մարդկանց յոյսը, վստահութիւնը, լաւատեսությունը վերականգնելուն: Եւ ես համոզուած եմ, որ, այո՛, մենք թեւակոխել ենք մի փուլ, որտեղ ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն ամիս, ամէն շաբաթ պիտի լրջօրէն վերակառուցենք մարդկանց հաւատը եւ վստահութիւնը սեփական ապագայի, սեփական երկրի ապագայի եւ իրենց երեխաների ապագայի նկատմամբ, որ նրանք պիտի կապեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ»: (Հետք, 7 Դեկտ. 2018)

            Անկասկած որ շէնքերը հաւանաբար վերականգնուին օր մը, բայց ինչպէ՞ս վերականգնել վստահութիւնն ու լաւատեսութիւնը վաղուան նկատմամբ, երբ սփիւռքը ամէն օր կը լեցուի հայրենաթող մեր արենակիցներով: Ինչպէ՞ս այս  հաշմանդամ ազատամարտիկին յոյս պիտի ներշնչենք, երբ պատրաստ չենք գէթ ժամանակաւորապէս հոգալու անոր տարրական կարիքները, որպէսզի վաղուան նկատմամբ իր լաւատեսութիւնը վերականգնենք: Ինչպէ՞ս պիտի ամոքենք վշտացած սիրտը այդ փոքրիկ աղջկան, որ չի կրնար իր դասակիցներուն հետ նստիլ ճաշասեղանին շուրջ եւ վայելել նոյն խաչապուրին կամ օրուան յատուկ ճաշը, երբ անկարող է վճարել ուտելիքին յատուկ սակագինը:  Ո՞Վ  Է ՄԵՂԱՒՈՐ…:

Եկեղեցին, այս պարագային Մայր Աթոռը, բարոյական մեծ պարտաւորութիւն ունի հանդէպ իր հաւատացեալներուն: Դադրեցուցէ՛ք ձեր անձնական փառքը հիւսող երկնասլաց եկեղեցիներու շինարարութիւնները: Հետեւեցէ՛ք երանելի սուրբին՝ Մեծն Ներսէս բարեգործ  Հայրապետի օրինակին. շինեցէ՛ք անկելանոցներ, ծերանոցներ, պատսպարաններ, որբանոցներ, եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ խոշտանգուած կանանց հոգեբուժարան-հագստանոցներ: Կարեկցանք ունեցէ՛ք ձեր ժողովուրդի զաւակներուն  հանդէպ, որոնք նոյն ինքն Եկեղեցին կը ներկայացնեն: Ձեր վանողական վարուելակերպով եւ աշխարհիկ կենցաղով հեռացուցած էք ժողովուրդը իր հայրերու հաւատքէն: Մրոտած էք եկեղեցւոյ վարկը, որ դարեր շարունակ մեր գոյութենական պայքարի ամենէն զօրաւոր կռուանն է եղած: Ո՞ՒՐ ԷՔ, ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵ՛Ր…

Ո՞վ պիտի ամոքէ մեր տառապեալ ժողովուրդին ցաւն ու վիշտը, եթէ ոչ դուք՝ «կրօնաւորներդ» որ, ծունկի եկած Միածնաէջ խորանին առջեւ, ուխտեցիք առաջի մարդկան եւ Աստուծոյ՝ ծառայել ձեր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ճամբով: Այդքան շո՞ւտ մոռցաք ձեր ուխտը: Այդքան շո՞ւտ ապականեցաք աշխարհիկ pառքերով եւ մոլորեցաք մամոնայապաշտութեամբ:

Մայր Աթոռի նիւթական կարողութիւնները՝ չըսելու համար անսահման, պիտի բաւականանամ ըսելու որ լայն են ստեղծելու եւ հաստատելու համար աստուածահաճոյ հաստատութիւններ, ուր պիտի կարենան պատսպարուիլ մեր անտէր եւ անօգնական ընտանիքները:  Հոն ուր կամք կայ, այնտեղ կայ միջոց: Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ կարօտեալ ազատամարտիկի փոքրիկ դուստրը վաղը պիտի ըլլայ այն հայ մայրը՝ որ ծնունդ պիտի տայ նո՛ր ազատամարտիկի, կամ ազատամարտիկներու՝ իրենց հայրենիքը պաշտպանող: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք պատրաստել այդ ապագայ սերունդը, երբ անոր նկատմամբ ո՛չ մէկ կարեկցանք ունինք այսօր:

Կը դժուարանամ ըսելու, բայց նաեւ պիտի չուզէի ճշմարտութիւնը քողարկել: Այսօր դժբախտաբար մեր եկեղեցիներէն խոյս տուած է քրիստոնէական ոգին եւ Հայց. Եկեղեցին տագնապի շրջանէ մը կ’անցնի: Ամէն ինչ դարձած է մեքենականութիւն, նոյնիսկ մեր արարողութիւններն ալ՝ անհրապոյր ներկայացում մը, ուր շատ յաճախ աղօթքները կ’արտասանուին առանց ապրումի, որովհետեւ պարզապէս աւանդապաշտութիւնն է մտած մեր եկեղեցիներէն ներս, պարպելով մեզ հոգեւոր բոլոր ապրումներէն:

Ահաւասիկ այս հոգեւոր սնանկութիւնն է, որ եկեղեցին դարձուցած է անհաղորդ իր հաւատացեալներու կարիքներուն, եւ վերածուած սովորական շահադիտական մէկ հաստատութեան: ճիշդ այս պատճառով յաճախ կը կրկնենք, որ բոլոր ժամանակներէ աւելի՝ ԱՅՍՕ՛Ր պահանջը կայ բարեկարգութեան: Դժբախտաբար մեր հանրային-հասարակական կեանքն է որ կը քայքայուի եւ մենք քար անտարբերութեամբ կը դիտենք համազգային նուիրականութիւններու, օրէնքի, կանոնագրութեանց հանդէպ գործուած անպատկառ խախտումները: Ներելի չէ մեր այս դասալքութիւնը. անկեղծութեան եւ քաջութեան պակասը կայ ամէնուրեք: Մեր ազնիւ ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն բխող հրատապ հարցերն ու կարիքները անյապաղ լուծման կը կարօտին:  Սիրելի՛ ընթերցող, պիտի բերե՞ս քու բաժինդ…:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

20 Դեկտեմբեր 2018

Լոս Անճէլըս

0

Ի՞ՆՉ Է ՆՊԱՏԱԿԸ ԱՅՍ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք զգալի է երկու կաթողիկոսներու մրցակցութիւնը: Հարց կու տանք. ի՞նչ է վախճանական նպատակը այս բոլորին:  Վերլուծենք:

Տարւոյս Նոյեմբեր 12-ին Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին հետ: Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ թէ ինչո՞ւ կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց ՀԲԸՄ Միութեան Հայաստանի մէջ կատարած «հայրենաշէն եւ ազգօգուտ» ծրագիրներուն, եւ այդ բոլորը անկասկած ի հեճուկս սփիւռքի մէջ փակուող վարժարաններուն եւ հայ կեդրոններուն: Իսկ այս բոլորէն վեր եւ անդին Տիար Սեդրակեանին մէկուկէս միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը Մայր Աթոռի վեհարանի վերաշինութեան աշխատանքներուն առաւել եւս գնահատուեցաւ, որուն համար Սեդրակեան արժանացաւ հայրապետական «շքանշանի»՝ կաթողիկոսին ո՛չ այնքան իրաւ գնահատումով՝ «Հայաստանում եւ Սփիւռքի համայնքներում իրականացուող հայրենաշէն ու ազգօգուտ ծրագրերի, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցու գործունէութեանը մշտապէս աջակցելու համար:» Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Նորին Սրբութիւնն ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցու առաքելութիւնն ուղղուած է hայրենիքում եւ Սփիւռքում հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքի զօրակցմանը, մեր ժողովրդի  միասնութեան ու համերաշխութեան ամրապնդմանը, ազգային-հոգեւոր արժէհամակարգի անաղարտ պահպանմանը»:

Հոս պահ մը կանգ առնենք եւ քննենք իրականութիւնները:

Ա.- «Հայ Եկեղեցու գործունէութեանը մշտապէս աջակցելու համար», այլ խօսքով՝ դուք դրամը նուիրեցէք, մենք գիտենք թէ ուր պիտի ծախսենք:  Արդեօք օր մը ժողովուրդին հաշիւ ներկայացուեցա՞ւ բոլոր այն նուիրատուութիւններուն համար որոնք փոխանցուեցան Մայր Աթոռին, եւ շատ յաճախ՝ ուղղակի կերպով անոր գահակալին: Թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան բացակայութիւնը կը նսեմացնէ Մայր Աթոռի կամ որեւէ նուիրապետական աթոռի վարկը, որու մասին մտահոգուած չեն մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները…: Կարեւորը իրենց համար առ հասարակ երկրաւոր բարիքներով յղփացած կեանքն է եւ/կամ իրենց մենիշխանական վարքագիծը:

Բ.- «Եկեղեցու առաքելութիւնն ուղղուած է հայրենիքում եւ սփիւռքում հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքի զօրացմանը»: Հոգեւոր կեանքի զօրացման՞՞՞… Ամերիկացին պիտի ըսէր. Give me a brake! Կրնա՞ք երեւակայել իրականութեան այսքան  խոշոր խեղաթիւրում: Մարդ կոյր պէտք է ըլլայ չտեսնելու համար այլազան եւ բազմազան աղանդաւորներու ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Այս իրողութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Մայր Աթոռը ձախողած է իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ, եւ հետեւաբար ինչո՞ւ գովերգել իրողութիւն մը որ գոյութիւն չունի եւ կամ իրականութեան չի համապատասխաներ… Մինչեւ ե՞րբ պիտի խաբէք ժողովուրդը:

Գ.- «Մեր ժողովրդի միասնութեան ու համերաշխութեան ամրապնդմանը»: Միասնութիւն բառը այստեղ շատ ծիծաղելի կը թուի, որովհետեւ այդ բառը ո՛չ մեր եկեղեցական, եւ ո՛չ ալ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գոյութիւն ունի, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ այս օրերուն հասած ենք: Եկեղեցին այնքան ատեն որ չի կրնար միութիւն քարոզել եւ իրագործել իր առօրեայ կեանքին մէջ՝ միասնութիւն բառը դատարկ լօզունգէն անդին չ’անցնիր: Նախ եւ առաջ աթոռակալը կամ աթոռակալները իրե՛նք պէտք է հաւատան միութեան, եւ ջանք չխնայեն հասնելու այդ իտէալական իրականութեան: Համերաշխութեան պակասը նոյնքան շեշտուած է Մայր Աթոռէն ներս, որովհետեւ գահակալը իր վանողական նկարագրով ո՛չ համերաշխութեան եւ ո՛չ ալ ներդաշնակութեան մթնոլորտ ստեղծած է իր հովանիին տակ գործող թեմերուն ու վանական համալիրներուն մէջ: Վկայ՝ ֆրանսայի ու Զուիցերիոյ եկեղեցական համայնքներուն վերջին տարիներու անցուդարձները, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի հեռացող եւ անիրաւաբար հեռացուած միաբանները:

Դ.- «Ազգային-հոգեւոր արժէհամակարգի անաղարտ պահպանմանը»: Ահաւասիկ ուրիշ հիւանդագին վիճակ մը. հոգեւոր արժէհամակարգ երբե՛ք չէ մնացած, ապա թէ ոչ մեր սրբութիւններն ու գանձերը կը պահպանուէին եւ չէին ծախուեր միջազգային աճուրդներու մէջ, եւ ո՛չ ալ մեր սրբութիւններէն մասնիկ մը կը նուիրուէր այլոց: Սա կը նշանակէ թէ մենք յարգանք չունինք մեր դարաւոր սրբութիւններուն նկատմամբ եւ մեզի համար ամէն ինչ ծախու է, ամէն ինչ առ եւ տուր է: Վերի մէջբերումները բոլորն ալ լօզունգներ են եւ ուրիշ ոչինչ:

Իր կարգին՝ տիար Պերճ Սեդրակեան կաթողիկոսին զեկուցեր է ՀԲԸՄի կողմէ Սփիւռքի մէջ իրագործուած նախաձեռնութիւններու մասին: Արդեօք տիար Սեդրակեան կաթողիկոսին յայտնե՞ց նաեւ, թէ ՀԲԸՄը վերջին տարիներուն քանի՞  վարժարաններ եւ կեդրոններ փակած է Սփիւռքի մէջ, եւ հիմա ալ կը փորձէ ծախել Թորոնթոյի «Մանուկեան» Կեդրոնը:  Փա՜ռք Աստուծոյ, անթիւ են ՀԲԸՄի կատարած սխրագործութիւնները, որոնց գլուխ գործոցը Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան փակումն էր: Այս մասին քիչ անդին  կրկին պիտի անդրադառնամ:

Անշուշտ պէտք չկայ մեր ընթերցողներուն յիշեցնելու որ Տիար Սեդրակեան Մայր Աթոռ ացելելէ առաջ, 8 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսին հանդիպեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Կաթողիկոսարանի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ առաւել քան ժամ մը տեւած է հանդիպումը, որու ընթացքին «արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր»: Ամէն անգամ նման այցելութիւններու բովանդակութենէն ո՛չ մէկ ատեն ժողովուրդը տեղեակ պահուած է, զգուշանալով նոր մարտահրաւէրներէ:

Նախ պէտք է ըսել, թէ ողջունելի է ՀԲԸՄի նախագահին այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք, որովհետեւ մենք քաջատեղեակ ենք այդ Միութեան դիրքին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հանդէպ՝ 1956-ի անիմաստ պայքարներէն ետք: Ջերմապէս կը գնահատենք որ անհաշտութեան սառոյցները արդէն իսկ եթէ ո՛չ իրական, գէթ մակերեսային ձեւով հալելու սկսած են ի սէր մեր ժողովուրդի բարօրութեան: Վերադառնանք այսօրուան վիճակին:

Մենք կ’ուզենք իմանալ թէ ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցան Արամ Ա. վեհ. կաթողիկոսն ու ՀԲԸՄի նախագահը երբ արծարծեցին.-

ա. Հայաստանի ներքին կացութիւնը.

բ.- եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնը, եւ—

գ.-Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցերը:

Նման շատ լուրջ հարցեր առաւել քան ժամ մը տեւող հանդիպումի մը ընթացքին անպայման որ կարելի չէր լուծել, բայց ի՞նչ ծրագիրներ որդեգրուեցան յաղթահարելու համար եկեղեցական եւ ազգային կեանքի մեր դժուարութիւնները:  Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող այս հարցերը պէտք չէ՞ որ հանրութեան ներկայացուին: Մենք կ’ուզենք անպայման իմանալ թէ Արամ Կաթողիկոս թէեւ իր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս եղող՝ սակայն իր Կիպրոսի Թեմին մէջ գտնուող ու համայն հայութիւնը երկար տարիներէ ի վեր տագնապեցնող Մելքոնեան կրթ. հաստատութեան փակման հարցը արծարծե՞ց պրն. Սեդրակեանի մօտ, եւ եթէ այո՝ արդեօք ի՞նչ եղաւ վերջնոյս պատասխանը:

Եթէ այս հանդիպումները ծածուկ պիտի ըլլան, սա կը նշանակէ որ անոնք  սովորական «փրոթոքոլային» հանդիպումի արժէչափը ունին միայն եւ հետեւաբար նման հանդիպումներ կը ծառայեն միայն խնկարկումներու եւ ուրիշ ոչինչ: Ժամը հասած է որ յստակ կեցուածք ունենանք մեր համոզումներուն եւ սկզբունքներուն մէջ, եւ հաղորդակից ու մասնակից դարձնենք մեր ժողովուրդին զաւակները՝ իրենց կեանքը յուզող բոլոր հարցերու մասին, առանց արհամարհելու  անոնց իրազեկուելու բնական իրաւունքը: Կարելի չէ սառն կերպով դիտել այս բոլորը, երբ կարիքն ունինք բարելաւման եւ բարօրութեան, նամանաւանդ մարդկային տարրական իրաւունքներու վերականգնումի եւ փոխադարձ յարգանքի, որովհետեւ անոնց բացակայութիւնը մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքի մէջ ընկերային չարիք դարձած է:

Ինչպէ՞ս չքննադատել, երբ որպէս անհատ եւ ազգ ենթարկուած ենք ինքնութեան կորուստի: Չենք կրնար անտարբեր մնալ՝ հաշտուելով այն տկարամիտներուն հետ որոնք վարժ են յայտարարելու, թէ «ելք չկայ. այսպէս եկած է եւ այսպէս ալ պիտի շարունակուի»: Ընդհակառակն, պէտք է քննադատել առանց վախնալու, որովհետեւ կան թերացումներ մեր ազգային կեանքի մէջ, կայ պաշտօններու եւ դիրքերու չարաշահում, կայ մարդկային բարոյական արժէքներու հանդէպ արհամարհանք, եւ ամէնուրեք կը տիրեն փառասիրութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, եսասիրութիւնն ու անպատասխանատուութիւնը:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

7 Դեկտեմբեր 2018

Լոս Անճէլըս

https://keghart.com/Mekhitarian-Setrakian-Catholicosi

 

0

«ԵՐԲԵՄՆ ԷԻ ԼՈՅՍ ԵՒ ԱՅԺՄ ԵՄ ԽԱՒԱՐ»

Պատիւս արժանաւորաց…:  «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի 175-ամեակի գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Այս առիթով մամլոյ մէջ կարդացինք Մխիթարեան միաբանութեան պատմական փայլուն գործունէութեան գնահատականները, արտասանուած՝ մտաւորականներու եւ բարձրաստիճան պետական անձնաւորութիւններու կողմէ:  Պահ մը վերյիշեցի Բազմավէպի 150-ամեակը որ նշուեցաւ Վենետիկի մէջ ո՛չ այնքան շեփորումով որքան անոր 175-ամեակը Հայաստանի մէջ:

Որքան երջանկաբեր էին այդ օրերը, երբ Վենետիկի Միաբանութեան տիտաններ՝ Հայր Ներսէս Տէր Ներսէսեան, Հայր Պօղոս Անանեան,  Հայր Սահակ ճէմճէմեան, հայագէտներ/բանասէրներ, տակաւին ողջ էին: Այսօր չկան այդ տիտանները. սերնդափոխութիւնը միաբանութիւնը դէմ յանդիման դրաւ նոր մարտահրաւէրներու, որովհետեւ շարք մը միաբաններու վախճանումով միաբանութիւնը  իր վերջալոյսին մօտեցաւ, նկատի ունենալով նոր սերունդին բացակայութիւնը՝ ըլլա՛յ Վենետիկի, ըլլա՛յ Վիեննայի մէջ:

Գերգնահատելի է Մխիթարեան հայրերու վաստակը: Անոնք բացառիկ եւ գնահատելի հրատարակութիւններու ճամբով, իրենց ամբողջական ընծայումով եւ բանասիրական աշխատանքներու միջոցաւ օտարներուն ներկայացուցին եւ ծանօթացուցին հայ գրականութեան տիտանները, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, երբ մեր նուիրապետական աթոռները կը հիւծէին Օսմանեան եւ Ռուսական իշխանութիւններու անմարդկային երկաթեայ բռունցքին տակ։
Ո՞վ չէ կարդացած, իր նախակրթարանի դասարաններէն սկսեալ, Մխիթարեան հայրերու վաստակի մասին եւ չէ հիացած ու հպարտացած անոնց գործունէութեամբ՝ կրօնական, գրական, իմաստասիրական, պատմական, թարգմանական եւ բանասիրական անդաստաններէն ներս։ Ինչպէ՞ս կարելի է չզմայլիլ եւ չհմայուիլ մոմի լոյսով գրուած Ալիշանի ստուարահատոր գործերով, Չամչեանի պատմագրութեամբ, Ակինեանի բանասիրական աշխատութիւններով, Գաթըրճեանի գրաբարի ուսումնասիրութեան նուիրուած հատորներով, Մէնէվիշեանի քննական պատմութեան յօդուածներով, Այտընեանի հայագիտական վերլուծումներով: Շարքը այնքան երկար է այս բեղուն գործունէութիւններուն, որ կարելի է հատորներ գրել այս տիտաններուն մասին։

Դժբախտաբար, աւելի քան 300 տարիներու ոսկետառ պատմութիւն ունեցող այս Միաբանութիւնը այսօր վերածուած է խլեակի մը, եւ կ’ապրի անկասկած իր վերջալոյսը։ Դժբախտաբար, ա՛յս է Մխիթարեան միաբանութեան այսօրուան պատկերը, որ մեր աչքին առջեւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ։ Բացէ՛ք երբեմնի հարուստ «Բազմավէպ»ի այսօրուան էջերը եւ պիտի տեսնէք, որ գրող-բանասէր միաբաններու մի քանին միայն կան այդտեղ եւ մեծաւ մասամբ հայաստանաբնակ աշխարհական բանասէրներու գործերն են որ կը տպուին՝ այդ ալ երկար յապաղումներով: Վերջին յիսնամեակի ընթացքին անձնական զանազան պատճառներով ինչպէս նաեւ բնական եւ անակնկալ մահերու հետեւանքով Միաբանութեան շարքերը երթալով նօսրացան: Նոյն ատեն Վարչութիւնը չկարողացաւ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը նոր սերունդի պատրաստութեան վերաբերեալ, Միաբանութեան գոյութիւնն ու շարունակութիւնը ապահովելու համար։
Հաւանաբար ընթերցողը պիտի ուզէր իմանալ թէ ի՞նչ էր պատճառը այս ահաւոր անկումին։ Վերջին յիսնամեակին, իրերայաջորդ կարգ մը աբբահայրերու ձախաւեր գործունէութիւնը իր տխուր անդրադարձը ունեցաւ Միաբանութեան ամբողջ վարկին, ինչպէս նաեւ անոր իւրաքանչիւր անդամի հոգեբանութեան վրայ։ Ոմանք, յուսահատ, հեռացան Միաբանութենէն:  Ականջը խօսի հայր Լեւոն Զէքիեանի (ներկայիս Գերապայծառ). երբ յատուկ առաքելութեամբ իր մօտ գացի եւ խնդրեցի որ Վենետիկ վերադառնայ, որովհետեւ վանքը իրեն պէս պատրաստուած մտաւորականներու պէտք ունէր, իր պատասխանը եղաւ. «Անոնց երեսը չեմ ուզեր տեսնել»: Եւ ահա այսօր «ի վերուստ» լիազօրուած  վերակացու նշանակուած է Մխիթարեան Միաբանութեան: Ոմանք՝ հեռացան ծառայութեան դաշտէն (ականջը խօսի Հայր Սամուէլին), իսկ ոմանք ալ ստեղծեցին իրենց անձնական աշխատանքի  դաշտը եւ գրեթէ գործեցին անկախաբար (ականջը խօսի հայր Մարտիրոսին եւ այլոց…)։ Բարեբախտաբար խումբ մը պարկեշտ եւ անշահախնդիր միաբաններ մնացին պատնէշի վրայ, եւ կը փորձեն կենդանացնել ու վերակերտել ինչ որ վերջին յիսնամեակին կործանած էին անփորձ, անխոհեմ եւ անպատասխանատու ղեկավարները։
Անխոհեմ կալուածային գործառնութիւններ՝ Մխիթարեան Միաբանութիւնը ակնյայտ սնանկութեան մը սեմին հասցուցին։ Այս անխոհեմ քայլերը սրբագրելու համար Միաբանութիւնը պարտաւոր եղաւ ծախելու շատ մը թանկարժէք կալուածներ, ներառեալ Վենետիկի Ս. Մարկոսի Հրապարակին վրայ գտնուող խանութները, վճարելու համար իր պարտքերը պարտատէրերուն։ Նմանօրինակ անխոհեմ քայլեր յաջորդաբար պատճառ դարձան նաեւ, որ Միաբանութիւնը վերատեսութեան ենթարկէր իր տնտեսական ընդհանուր վիճակը, եւ ստիպուած ըլլար փակելու իր բազմադարեան ու պատմական տպարանը, որուն հետեւանքով նուազեցաւ նաեւ գրքերու տպագրութիւնը:
Վերեւ յիշուած դժուարութիւններուն եկաւ միանալու անխիղճ եւ անպատասխանատու վաճառքը նո՛յնինքն միաբաններու կողմէ՝ Միաբանութեան մօտ ի պահ դրուած մեծ թիւով մշակութային հարստութիւններու, ինչպիսիք են՝ գիրքեր, ձեռագիրներ, քարտէսներ, գորգեր, զգեստներ, ոսկեղէն, արծաթեղէն դրամներ եւ իրեր, կահ-կարասիներ, արուեստի գործեր եւայլն. մէկ խօսքով՝ հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձերը, ըլլան անոնք Վենետիկի եւ կամ Վիեննայի վանքերէն ներս։ «Այս մասին տեսնել ներկայ գրութեան վերջաւորութեան զետեղուած յաւելուածը:» Աւելին գրելու պէտք չկայ….

Այսօր՝ անգամ մը եւս կը մտաբերեմ իմ 1993-ի թելադրութիւնս, երբ Վենետիկ կը գտնուէի Բազմավէպի 150-ամեակի տօնակատարութեանց առիթով, որպէս Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս եւ Կրթական Հիմնարկի Վարչութեան փոխ-ատենապետ։ Ընթրիքէ ետք հաւաքուած էինք սուրճ խմելու՝ ընթերցանութեան եւ հանդիպման սենեակին մէջ, ուր հաւաքուած էին նաեւ խումբ մը միաբաններ, ի միջի այլոց՝ հանգուցեալներ Հայր Ներսէս Տէր Ներսէսեան, Հայր Պօղոս Անանեան, Հայր Սահակ Ճէմճէմեան, եւ գրեթէ նստելու տեղ ալ չէր մնացած՝ երբ խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը դարձաւ Մխիթարեան Միաբանութեան ապագան։ Զանազան մտքերու փոխանակումէն ետք, օրուան աբբահայրը՝ Հայր Գէորգ Պալեան (այժմ հանգուցեալ) ուզեց իմանալ նաեւ իմ կարծիքս։ Ես ալ, ըստ սովորութեանս, առիթը յարմար նկատելով ըսի հետեւեալը եւ նոյնը կը կրկնեմ այսօր եւս, 25 տարի ետք. “Սիրելի Հայրեր, ներեցէք համարձակութեանս, բայց առիթը յարմար նկատելով պիտի ուզէի փոխանցել իմ ներքին ապրումներն ու համոզումներս։ Նկատի ունենալով երկու միաբանութեանց քանակի նօսրացումը, ժամանակը հասած է որ երկու միաբանութիւնները նախ միանան (տեսականօրէն կատարուեցաւ այս ցանկութիւնս 2000 թուականին, թէեւ ձախողած միութիւն մըն է) ու ապա վերադառնաք ամբողջութեամբ Մայր Եկեղեցի՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան հովանիին տակ, կղզին պահելով որպէս մշակոյթի կեդրոն, եւ դառնաք հայութիւնը ներկայացնող իտէալ կրօնական կեդրոն մը Եւրոպայի սրտին մէջ, ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս եւ ապագային”։ Ակնթարթի մը մէջ նկատեցի կարգ մը դէմքերու ծամածռութիւնը…:
Հազիւ դուրս ելանք սենեակէն, Հայր Յարութիւն Պզտիկեան մօտեցաւ եւ ըսաւ . «Ինչո՞ւ. Մայր Եկեղեցին մեզմէ լա՞ւ վիճակ ունի»: Պատասխանս եղաւ հետեւեալը. «Դուն որ Գէորգեան ճեմարանի մէջ տարիներով դասախօս եղած ես Վազգէն կաթողիկոսի օրերուն, միւսներէն աւելի լաւ կը ճանչնաս Մայր Աթոռը: Եկէ՛ք եւ ձեր ներդրումը բերէք բուռ մը միաբանութեամբ եւ փորձեցէք նոր շունչ ներարկել Մայր Աթոռին»: Դժբախտաբար Միաբանութիւնը նախընտրեց նստիլ, եւ տակաւին կը նստի, կամրջակին վրայ եւ կը սպասէ իր մայրամուտին, որ շատ հեռու չէ…:

Որ ունիցի ականջս լսելոյ՝ լուիցէ՛…:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

28 Նոյեմբեր 2018

Լոս Անճէլըս

 

ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐՅԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹՅԱՆ ԱՐԽԻՎԻՑ

ԿՐԿԻՆ ԳՈՂԱՑՎԵԼ ԵՆ ԱՐԺԵՔԱՎՈՐ ԻՐԵՐ

ԽՄԲ.

Կասկածյալըՙ հոգեւորական

Առաջին անգամը չէ, որ մեր թերթը ահազանգում է Վիեննայի Մխիթարյան միաբանության վանքից կատարվող հափշտակությունների մասին: Նախորդը եղել էր շուրջ 2 տարի առաջ, երբ վանքի պահակը հնատիպ արժեքավոր մոտ 2 տասնյակ գրքերի հետ գողացել եւ վաճառքի էր հանել հազվագյուտ մի քարտեզ, որի միջոցով բացահայտվել էր ամբողջ գողությունը: Մեր թերթն արծարծել է նաեւ ընդհանրապես Վիեննայի Մխիթարյանի ուխտի պահպանության տակ գտնվող ազգային արժեքների անձեռնմխելիության եւ անվտանգության հարցը: Աշխարհում հայկական մամուլի ամենահարուստ հավաքածոն, շուրջ 2500 ձեռագիր մատյան եւ արժեքավոր այլ գրքեր եւ հավաքածուներ ունեցող վանքը անվտանգության, այլեւ ջերմային եւ մթնոլորտային անմխիթար պայմաններում է գտնվում, ենթակա ոչ միայն կողոպուտի, այլեւ ինքնաոչնչացման: Հետեւաբար, դժբախտ առիթն ունենք Գերմանիայի մեր աշխատակցուհու հետ միասին բացատրություններ պահանջելու Մխիթարյան միաբանության ընդհանուր (Վենետիկ ու Վիեննա) աբբահայր հայր Եղիա Քիլաղբճյանից, ինչպես նաեւ Վիեննայի Մխիթարյանների աբբահայր հայր Պողոս Կոճանյանից: Ի վերջո, ի՞նչ է լինելու ճակատագիրը ազգային մեր այդ արժեքների: Չէ՞ որ աղմուկ է բարձրանում երբեմն, սակայն գողությունները շարունակվում են անընդհատ:

Մի՛ գողացիր, ասում է աստվածաշնչյան պատվիրանը: Հետաքրքրական է, որ սա մոռացության են մատնում նաեւ հոգեւոր դասի ծառայողները:

Ի՞նչ է կատարվում Մխիթարյան միաբանության սուրբ սրահներում, հատկապես արխիվում, արդեն տարիներ է, ինչ ավստրիացի պաշտոնյաների ուշադրության առանցքում է:

«Դի փրեսսե»-ն սեպտեմբերի 11-ին, «kurier.at»-ը, «Վիին հոյթե»-ն սեպտեմբերի 12-ին հաղորդում են Վիեննայի Մխիթարյան միաբանությունում կատարված կողոպուտի մասին: Թերթերը գրում են, որ կատարվածի մեջ կասկածվում է նույն միաբանության հայրերից մեկը, որը մինչեւ վերջերս հոգեւորականի իր ծառայությունն է կատարել նաեւ ոստիկանությունում: Վերոհիշյալ լրատուների հրապարակումները հիմք ընդունելով` մեր ընթերցողներին սակայն ուզում ենք տեղեկացնել, որ այդուհանդերձ, հավանաբար զերծ չենք կարող լինել որոշ անճշտություններից, քանի որ մեր ձեռքի տակ եղած տարբեր աղբյուրներում առկա է փաստերի որոշ անհստակություն:

Ներսես Րաֆֆի Ս.-ին կասկածում են Վիեննայի իր ծառայած վանքիցՙ Մխիթարյան միաբանությունից անտիկ գրքեր ու փաստաթղթեր գողանալու մեջ: Դատախազությունը պարզում է հանգամանքները: Միաբանության եղբայրները հանդիմանում են կասկածյալինՙ վանական գրադարանից 800 արժեքավոր գրքեր ու փաստաթղթեր հափշտակելու համար: «Դրանցից մի քանիսը 300 տարեկան են», ավստրիական թերթին ասել է նույն միաբանությունից Պողոս աբբահայրը:

Լիբանանում ծնված հոգեւորականը հուլիսին միաբանության հետ ունեցած տարակարծությունների պատճառով 2 տարով արձակուրդ է վերցրելՙ ցանկություն ունենալով իր ծառայությունները Հռոմում կատարել, այնուհետեւ խորհրդավոր ճամփորդության մեկնել Իտալիայի մայրաքաղաք: Կաթոլիկ հայրը մեկնումից օրեր առաջ ազատվել է Վիեննայի ոստիկանատանը կատարած իր հոգեւոր ծառայությունից: Աբբահորը կասկածելու առիթ է տվել Իտալիա տեղափոխության ժամանակ հայր Ն.-իՙ մեկ անձի համար չափից դուրս շատ ուղեբեռներ ունենալու հանգամանքը: Երբ հոգեւորական եղբայրները բացել են կասկած հարուցող ստվարաթղթե արկղերը, հայտնվել է 10 հազար եվրոյից ավելի արժողության անտիկ այն գրքերի ու փաստաթղթերի մի մասը, որ վանական գրադարանում արդեն կորած էին համարվում: Մյուս արժեքավոր իրերը գտնելու հույսով հայտնել են ոստիկանությանը: Երբ կասկածյալը Հռոմից վերադարձել է, ոստիկանությունն է դիմավորել նրան օդանավակայանում: Ս-ն առաջնորդել է Լանդշտրասսեում գտնվող իր բնակարանը, որտեղ ոստիկանությունը արկղերում գտել է մյուս ձեռագրերը: Հոգեւոր հայրն արդարացել է, թե գողության դիտավորություն որեւէ անգամ չի ունեցել, պարզապես ցանկություն է եղել անձնական իրերը դասավորել: Գործը հանձնվել է դատախազություն:

Որ մարդն անարգել կարող է Վիեննա-Հռոմ աշխույժ ճամփորդել, պաշտոնյաների համար խնդիր չէ, քանի կասկածյալը դեռ խույս չի տալիս քրեական մարմիններից, կարծիք է հայտնել Միշայելա Շնելլըՙ ոմանց կասկածը փարատելով:

Ոստիկանապետի համար, սակայն, անըմբռնելի է, թե ինչպես կարող է հանդիմանվել իրենց հոգեւորական գործընկերը, որը երկու տարի առաջ նույնիսկ օգնել էր ոստիկանությանը` հայտնաբերել վանքում կատարված մեկ այլ գողություն: Վերանորոգության ժամանակ գրքեր էին հափշտակվել: Ներսես Րաֆֆի Ս.-ն գողոնը հայտնաբերել էր անտիկ իրերի մի խանութում, եւ ոստիկանությանն ուղղորդել այնտեղ: Ներսես Րաֆֆի Ս.-ի հանդեպ դեռ ուժի մեջ է անմեղության կանխավարկածը, հանցանքն ապացուցվելու դեպքում նրան սպառնում է մինչեւ 3 տարվա ազատազրկում:

Ինչպես «Ազգը» ժամանակին, այնպես էլ ավստրիական աղբյուրներն այժմՙ հիշատակում են նմանօրինակ մեկ ուրիշ պատմություն. 2006-ի սկզբին ձերբակալվել էր 31-ամյա մի լիբանանցի վանահայր, որը խոստովանել էր մեղքը: Նա 55 մշակութային արժեք էր կողոպտել, որոնց մի մասը ինտերնետով վաճառել էր: Բայց մինչ օրս օրինական ուժ ունեցող դատավճիռ չի հրապարակվել:

Այդ դեպքից քիչ անց Մխիթարյան միաբանության արխիվի մեկ ուրիշ ծառայողՙ հայր Ն. է հայտնվում նույնպիսի որոգայթի մեջ, ով միաբանության տեղեկության համաձայնՙ մի քանի միլիոն «մի կողմ դնելու» մեջ է կասկածվում:

Երկուսի միջեւ կապ չկա, իր կարծիքն է հայտնել Պողոս աբբահայրը: Նա ասել է, թե հայր Ն.-ի տանը արկղերում եղած անձնական իրերի մեջ էր նաեւ վանքին հասցեագրած Ֆրանց Յոզեֆ կայսեր նամակը. մի բան փաստ է, որ արխիվում նրա պաշտոնավարման ժամանակ մի շարք իրեր են անհետացել, որոնց մեջ նաեւ 1 միլիոն եվրո գնահատված մի կտավ:

Այս պատմության վերաբերյալ հետաքրքրական կլինի իմանալ Մխիթարյան միաբանության ընդհանուր աբբահոր կարծիքը:

ԱՆԱՀԻՏ ՀՈՎՍԵՓՅԱՆ, Գերմանիա
«ԱԶԳ» Օրաթերթ, 9 Նոյեմբեր 2008

 

0

ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԵՒ ԿԵՂԾԻՔ

Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին այս ձաբռտուքները եւ ժողովուրդը խաբելու եւ մոլորեցնելու սադրանքները: «Լոյս» տեղեկատուական, վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Հայկ Այվազեան կը յայտարարէ, որ եթէ օրէնքի նախագիծը –Կաթողիկոսը պաշտպանութեան կարիք ունի– խորհրդարանին կողմէ չվաւերացուեցաւ, պատճառը դուրսի պարտադրանքն է:

Հարցը ներկայացնենք իր բառերով. «Իշխանութիւններն ինչպէս երէկ, այնպէս էլ այսօր գտնւում են մեծ ճնշումների տակ, եւ այդ իսկ պատճառով յաճախ չեն կարողանում ընդունել այն, ինչ ուզում են, կամ չեն կարողանում ազատօրէն արտայայտել իրենց կարծիքը եւ որոշակի քայլեր ձեռնարկել: Եթէ այդ պարտադրանքը չլինէր, ես գրեթէ վստահ եմ, որ նախկին իշխանութիւնների օրօք էլ շատ օրէնքներ կ‘ընդունուէին, նաեւ այս իշխանութեան օրօք տուեալ օրէնքը կ‘ընդունուէր: Նաեւ, իշխանութեան շրջանակներում կան Արեւմուտքի շահերը սպասարկող խմբեր, բայց կան նաեւ ազգային արժէքների պաշտպան անձինք եւս: Մեր խնդիրն է, որպէսզի այն մարդիկ, ովքեր կողմ են ազգային արժէքների պաշտպանութեանը եւ աւանդական ընտանիքի պահպանութեանը, իշխանութեան մէջ աւելի ծանրակշիռ դեր ունենան, քան նրանք, ովքեր Արևմուտքի շահերի սպասարկուն են:»  [Հայ Ձայն, 17 Նոյեմբեր, 2018]

Այվազեանի հասկացողութեամբ, որպէս թէ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցող արդար ժողովրդային ցոյցերը՝ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութիւն անուան տակ, կը վտանգեն կաթողիկոսին անձը: Այսքան խոշոր սուտ միայն անհաւասարակշիռ մէկը կրնայ հրապարակ նետել: Ե՞րբ կաթողիկոսին կեանքը վտանգի տակ եղած է, եւ ինչո՞ւ կաթողիկոսը պիտի վախնայ իր ժողովուրդէն: Այվազեան իր թէզը պաշտպանելու համար ձաբռտուքներ կ’ընէ նաեւ յայտարարելով, թէ «Գարեգին Բ. ա’յն անձն է որ կասեցուց Արեւմուտքի կողմէ մեզի պարտադրուած կարգ մը օրէնքներ, որոնք ուղղուած են աւանդական ընտանիքի դէմ եւ կը նպաստեն այլասերումի օրինականացման»: Այսքան բացորոշ այլանդակութիւն մարսելի չէ…:             Անպայման կը պահանջենք որ Հայկ Այվազեանը յստակօրէն՝ յականէ յանուանէ յայտնէ թէ ովքե՞ր կամ ո՞ր «խմբեր»ը, մարմինները, կազմակերպութիւններն են որոնք ըլլա՛յ նախկին, ըլլա՛յ ներկայ իշխանութեանց «շրջանակներում» կը սպասարկեն Արեւմուտքի շահերուն: Նաեւ՝ Արեւմուտքի ո՞ր պետութիւնը նկատի ունի:  Եթէ Այվազեան կ’ուզէ շփոթեցնել միտքերը՝ պէտք է յիշեցնել իրեն, թէ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժումը գոյութիւն չունէր նախկին իշխանութեանց օրով. անիկա սկիզբ առաւ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» անմիջապէս ետք:  Ուստի Այվազեանին կը մնայ յստակօրէն յայտնել զո՞վ կամ ովքե՞ր ի մտի ունի որոնք Արեւմուտքի շահերուն սպասարկելով՝ տապալեցին Գարեգին Բ.ի կեանքը պաշտպանելու միտող օրէնսդրական նախագիծը, որպէսզի, ենթադրաբար, կաթողիկոսին կեանքը շարունակէ վտանգի տակ մնալ…:

Ասկէ առաջ բազմիցս յայտարարած ենք, թէ սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի իրականութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար իյնալ ստուերի տակ:         Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այն կրանիթեայ խարիսխն է, որուն վրայ մեր հայրերու արեան գնով խարսխուած են մեր գոյութեան բոլոր երաշխիքները: Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան մէջ:

Պէտք է յստակ ըլլայ Հայկ Այվազեանին՝ թէ մեր ժողովուրդին ցասումն ու զզուանքը ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ են, այլ ուղղուած են դէպի այդ Աթոռը յափշտակած Գարեգին Բ. կաթողիկոսը,  որ օրուան պետական վարչակարգին օգնութեամբ, եւ ի հեճուկս կանոնական բազմազան խախտումներու, բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գահին: Դժբախտաբար առաջին օրէն իսկ տեսանք թէ ինչպէ՛ս Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ ղեկավարող եւ յափշտակող վարչակարգին լաւագոյն գործընկերը դարձաւ:

Նկատի ունենալով օրինական եւ կանոնական խախտումները Գարեգին Բ.ի օրով, եւ ելլելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընհանուր շահերէն, ժողովուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ պահանջել հեռացումը Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ տարիներու ընթացքին եղաւ մաս եւ բաժին այդ անկուշտ համակարգին, որու ետին կանգնած ընչաքաղց պետական այրերն ու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ անոնց բոլորտիքը դարձող սակաւապետերը («օլիգարխ»),  երկիրը թալանեցին եւ տակաւին կը շարունակեն թալանել մինչեւ օրս, հակառակ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան»:

Գարեգին Ա.ի գահակալութեան տարիներուն շատցան աղանդաւորները, որովհետեւ գահակալը աւելի ուշադրութիւն դարձուց իր առեւտրական հաշիւներուն քան թէ իր հոգեւոր առաքելութեան: Շատ դիւրին է ժողովուրդը մեղադրել եւ ըսել, թէ մարդիկ աղանդաւորական շարժումներու կը հետեւին զանազան ընկերային եւ տնտեսական պատճառներով: Արդեօք պահ մը մտածեցի՞ք եւ ծրագրեցի՞ք միջոցներ՝ այդ բոլորին առաջքը առնելու համար: Արդեօք ջերմեռանդօրէն նուիրուեցա՞ք հոգեւոր առաքելութեան   եւ մխիթարեցի՞ք Աւետարանի քարոզութեան ծարաւ հոգիները: Մոռցա՞ք արդեօք, թէ ինչպէ՛ս նախագահ Ռ. Քոչարեանի օրով Մորմոնները մուտք գործեցին Հայաստան:  Մայր Աթոռի գահակալը երբեւիցէ քաջութիւնը ունեցա՞ւ հրապարակաւ դէմ արտայայտուելու այդ թոյլտուութեան, թէ՞ ինքն ալ մաս եւ բաժին ունէր այդ առատաբաշխ միլիոնաւոր գումարներէն:

Մեր ընթերցողները կը յիշեն անշուշտ, թէ  Յունուար 2016-ին Հայաստանի մէջ ժողովրդական մեծ վրդովմունք յառաջացուց համայն Ռուսաստանի Պատրիարք Կիրիլի ա՛յն յայտարարութիւնը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու հանդէպ ո՛չ մէկ հալածանք կատարուած է: Այնուհետեւ որքան ալ պարզաբանումներ կատարուեցան Ռուս Եկեղեցւոյ բանբերին կողմէ, չկարողացանք համոզուիլ ու ապա չհասկցանք թէ ի՞նչ էր շարժառիթը այս նորելուկ յայտարարութեան:  Արդեօք Գարեգին Բ. քաջութիւնը ունեցա՞ւ Հայց. Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի պատիւը պաշտպանելու համար իր բողոքի ձայնը բարձրացնելու, նամանաւանդ որ տարի մը առաջ, 2015 թուականին, ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով՝ Մայր Աթոռի մէջ սրբացուցինք մեր նահատակները:

Ի վերջոյ մեր ազնիւ ժողովուրդը ե՞րբ տեսած է իր կաթողիկոսը իր կողքին՝ երբ կը հեւար տնտեսական աննկարագրելի դժուարութիւններու տակ: Ո՞ւր էր Ամենայն հայոց հայրապետը երբ ժողովուրդը Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կը խոշտանգուէր ոստիկանութեան կողմէ: Եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը…:

Ժողովուրդը, հակառակ իր ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն, մօտէն կը հետեւի իր եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու ներքին կեանքին, որովհետեւ այդ բծախնդրութիւնը իր մէջ մշակուած է դարերու ընթացքին: Դժբախտաբար՝ վերջին հարիւրամեակին չգտնուեցաւ հոգեւոր հեղինակութիւն մը ( Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով եւ կամ Եպիսկոպոսական Ժողով) որ քաջութիւնը ունենար կարգի հրաւիրելու բոլոր մոլորեալները, մեծէն մինչեւ փոքրը:

Իսկ ի՞նչ ըսել բոլոր ա՛յն միասեռական եկեղեցականներուն մասին, արուամոլ թէ իգացեալ, որոնք ողողած եւ ապականած են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտը նամանաւանդ Մայր Աթոռէն ներս: Պէտք կա՞յ արդեօք կրկին հրատարակելու մամլոյ մէջ մեր տեսած եւ կարդացած յօդուածները, որոնք ո’չ մէկ ձեւով պատիւ կը բերեն Հայց. Եկեղեցւոյ եւ անոր սպասաւորներուն:

Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէ այսօր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի վանքին մէջ: որովհետեւ Մայր Աթոռը դարձած է ապականութեան բոյն եւ ո՛չ ոք կը համարձակի ձայն բարձրացնել, վախնալով դահիճին յիշաչար, քինախնդիր  վրէժխնդրութենէն: Ահաւասիկ այս բոլորը իմանալով եւ կամ ինքզինք անգիտակ ներկայացնելով, Հայկ Այվազեան կը փորձէ տիրող փտութեան մեղքը բարդել Հայց. Եկեղեցւոյ ապագայով մտահոգ ժողովրդային «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժման հետեւորդներուն վրայ, որոնք իրենց քրիստոնէական բծախնդրութենէն ելլելով կ’ուզեն տեսնել Մայր Աթոռը մաքրուած բոլոր օձերէն եւ կարիճներէն, որոնք կը խեղաթիւրեն Հայց. Եկեղեցւոյ բիւրեղեայ պատկերը:

«Եկեղեցիիդ կամարներուն տակ հեծեծող քրիստոնեայ ժողովուրդիդ դէմ յանդիման, ես՝ Աստուածաշունչ մեծ Մատեանիդ օտարալեզու ընթերցող եւ անհարազատ թարգմանիչ, ՕԳՆԷ’ ՄԵԶԻ, անծի՜ր Աստուած… » (Սիամանթօ)

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

22 Նոյեմբեր, 2018

0

Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՊԱՊԵՐՈՒՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ

Ստեղծեցի Հայաստանը եւ գոհացում տուի Հայերու ազգային պահանջներուն: Բայց այդ ըրի այնպիսի ձեւով մը, որ չզոհեցի թրքական հողերէն ո’չ մէկ թիզ իսկ:

(Էնվեր Փաշա)

                                                          Ալեքսադր Խատիսեան

                                                                                                «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն

                                                                                                                Ու Զարգացումը», Բ. տպ., 1968, Պէյրութ, Էջ 89:

 

Ահաւասիկ ճշմարտութեան մեծագոյնը, եւ տակաւին կը հրճուի՜նք  այս կամ այն  օտար քաղաքին կողմէ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումով, միւս կողմէ մոռնալով մեր արդար պահանջը ո՛չ միայն ոճիրի սրբագրութեան, այլեւ հողային, այլ խօսքով՝ Արեւմտահայաստանի վերաբերեալ: Հայոց ցեղասպանութեան փաստը վաղուց ապացուցուած է միջազգային ցեղասպանագէտներու կողմէ: Մինչեւ այսօր կուտակուած փաստերը այնքան հարուստ են իրենց բազմազանութեամբ, որ այլեւս անհրաժեշտ պէտք է նկատենք մեր աշխատանքները կեդրոնացնել ոճիրի սրբագրութեան եւ հողայի պահանջին վրայ:

Սփիւռքի արեւմտահայ զանգուածը՝ մեծաւ մասամբ ցեղասպանութեան ճիրաններէն ճողոպրած հայորդիներու զաւակները եւ թոռները մոռցած են իրենց հայրերուն տարագրութիւնը, կառչելով խաբուսիկ ա՛յն իրականութեան զոր յաճախ կը բնութագրենք ըսելով. «Ուր հաց՝ հոն կա՛ց»: Այսօր եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասերուն վրայ շա՜տ քիչեր մտահոգուած են պահելու իրենց հայկական  ինքնութիւնը, որովհետեւ աւելի շատ մտահոգուած են իրենց անհատական բարօրութեամբ, քան թէ ազգին նուիրուելու հաւաքական մտածողութեամբ, որուն պակասը զգալի է նաեւ հայրենիքէն ներս:

Սփիւռքը իր ձայնը ունի ու պէտք է ունենայ, եւ որեւէ կազմակերպութիւն կամ անհատ իրաւունք չունի՛ յաւակնելու որպէս իւրովի եւ առանձինն ներկայացուցիչ-խօսնակ  ներկայանալու տարագիր սփիւռքահայութեան, եւ մասնաւորաբար Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութեան:  Կազմակերպութիւններ եւ սրտցաւ ազգայիններ, պարկեշտ հայեր իրենց ուրոյն գնահատելի տեղը ունին մեր հասարակական-ընկերային կեանքին ու գործունէութեան մէջ, եւ երբեք պիտի չփափաքէինք ստորագնահատել եւ անտեսել  անոնց աշխատանքը, սակայն երբ հարցը կը վերաբերի համազգային պահանջատիրութեան, լրջօրէն պէտք է մտածել հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան մասին:

Պահանջատիրութիւնը կ’ենթադրէ լուրջ նախաձեռնութիւն եւ յստակ ծրագիր: Պէտք չէ բաւականանանք հայրենասիրական եւ ազգապահպանման ճառերով եւ կամ լոկ ճանաչում հայցելով գերպետութիւններէն, որոնք անկասկած իրենց պատասխանատուութեան բաժինը ունին հայոց ցեղասպանութեան մէջ: Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները: Ցեղասպանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է նաեւ սնուցանելու ազգայնական ոգի, որուն մարմնաւորումը տեսանք Ղարաբաղեան Շարժման մէջ ու ապա Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հանդիսութեանց մէջ:

Հայրենի պետականութիւնը իր ուրոյն քաղաքականութիւնը ունի, երբ հարցը կը վերաբերի Արեւմտահայաստանի: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունի որպէս պետութիւն եւ երբեք հրապարակաւ պիտի չպահանջէ Արեւմտահայաստանի յափշտակուած հողատարածքները, ինչպէս տեսանք մինչեւ այսօր: Պէտք չէ մոռնանք որ Թուրքիան, Ատլանտեան Ուխտի անդամ է: Անկէ հող պահանջել, կը նշանակէ հակադրուիլ Ատլանտեան Ուխտի Կորիզին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Անգլիային, Գերմանիային ու Ֆրանսային: Նաեւ այստեղ պէտք է յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք ելլելով իրենց հայրենասիրական զգացումներէն կը շեփորեն արեւմտահայութեան վերաբնակեցման գաղափարը Արեւելահայաստանի մէջ՝ նամանաւանդ հայրենամերձ հիւրընկալ երկիրներէն, թէ նման մակերեսային մտածողութիւն մը, որքան ալ բխի ջինջ հայրենասիրական զգացումներէ, անուղղակիօրէն ահաւոր հարուած մը կ’ըլլայ մեր հողային պահանջատիրութեան, որովհետեւ կը դադրինք այնուհետեւ մտածելէ եւ զգալէ թէ հայրենազուրկ ենք:

Անվիճելի է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները  թէ թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային ոճրագործ արարքները բացառապէս Թուրքիոյ ներքին գործն են: Գերպետութիւններ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն մը այս նիւթականացած աշխարհին մէջ:

Մինչեւ այսօր, սփիւռքեան մեր բոլոր ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որովհետեւ սփիւռքը չունի պետական կառոյց, եւ ճիշդ ատոր համար սփիւռքեան դիւանագիտութիւնը ո՛չ միայն այլազան ու բազմատեսակ է, այլեւ յաճախ հակասական եւ իրերամերժ: Անհրաժեշտ է  ստեղծել այնպիսի դիւանագիտական աշխատանք, որով կարենանք չեզոքացնել թուրքական հակահայ քարոզչութիւնը որ կ’աղաւաղէ հայուն դիմագիծն ու պատմութիւնը, եւ այդու ապահովել թուրք եւ քիւրտ գիտակից անձնաւորութիւններ, որոնք ճշմարտութիւնը տեսնելով՝ ունին քաջութիւնը դատապարտելու թուրքական պետութեան ազգայնամոլ քաղաքականութիւնը:

Հետեւաբար ի՞նչ պէտք է ընենք մեր ձայնը աւելի լսելի եւ ընդունելի դարձնելու համար ՄԱԿ-ի ընհանուր ժողովին մէջ: Ի վերջոյ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը կը տնօրինուի այդ ժողովին մասնակցող եւ ձայն ունեցող պետութիւններու կողմէ:  նախ պէտք է դաս առնենք պատմութենէն եւ քաջատեղեակ ըլլանք թէ Արեւելեան Հարցը, որուն մէջ կը մտնեն հայերը, քիւրտերն ու պաղեստինցիները, ամենաբարդ ձեւով տակաւին կը մնայ համաշխարհային քաղաքականութեան սեղանին վրայ:

Հայկական հարցը հիմնովին միջազգային քաղաքական կեանք մտաւ հակառակ Պերլինի Վեհաժողովին առթած յուսախաբութիւններուն: Այնուհետեւ դիւանագիտական ու քաղաքական աշխարհը ճանչցաւ Օսմանեան պետութեան կողմէ հայոց նկատմամբ կիրառուող ազգային խտրականութեան, բռնի կրօնափոխութեանց, ճնշումներու եւ տեղահանութեանց փաստը, եւ այդ բոլորին արդարօրէն հակազդող՝ հայոց ազատագրական պայքարի իրաւացիութիւնը, ինչպէս նաեւ սեփական պետականութիւն ստեղծելու անվիճելի իրաւունքը, թէեւ ո՛չ մէկ ատեն Արեւմտահայաստանը Օսմանեան պետութենէն անջատելու հարց բարձրացուած է հայոց կողմէ մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի բռնկիլը, որմէ ետք, ինչպէս ծանօթ է, Արեւմտահայաստանը ցեղասպանութեան պատճառով արդէն դատարկուեցաւ, եւ Անդրկովկասի մէջ յետ-պատերազմեան քաղաքական պայմաններու դասաւորման բերումով 1918 Մայիսին Արեւելահայաստանի մէջ հռչակուեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը:

Պատմութիւնը մեզի սորվեցուց որ Հայկական հարցը կարելի է լուծել աստիճանաբար, երբ գերպետութեանց հաշիւները կը համընկնին հայկական շահերուն: Թուրքիան փորձեց իրեն իւրայատուկ ոճով, այլ խօսքով իր բնածին բարբարոսութեամբ լուծել  Հայկական հարցը: Նախ Արեւմտահայաստանի վարչական տարածքներու սահմանները փոփոխելով կապեց համաթուրքական միջոցառումներու, եւ այդ ձեւով փորձեց թաղել հարցը: Տարածքային փոփոխութիւններով փորձեց անհետացնել հայ բնակչութեան ոյժը հայկական գաւառներու մէջ, եւ երբ ձախողեցաւ իր ծրագրին մէջ՝ դիմեց ցեղասպանութեան միջոցին, օգտուելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաղաքական պայմաններէն:

Ցեղասպանութեան ու անոր հետ աղերս ունեցող բոլոր հարցերու հետ կապուած դիւանագիտական աշխատանքներու պարագային, պէտք է հաշուի առնենք միջազգային դիւանագիտութեան բոլոր ելեւէջները, եւ մանաւանդ այդ ոյժերու տեղաշարժերն ու փոփոխութիւնները ըստ պահանջի: Երբեք պէտք չէ մոռնանք որ ցեղասպան  Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելու բոլոր իրաւական հիմքերն ու շարժառիթները կային 1918 թուականէն սկսած: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցան  դատավարութիւններ, հիմնուելով փաստացի տուուեալներու վրայ:   Դատարանը իր վճիռը արձակեց եւ դատապարտեց օսմանեան կառավարութեան նախարարները հայերու զանգուածային բռնագաղթն ու ջարդը կազմակերպելու համար: Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ եւ Նազըմ մահուան դատապարտուեցան ի բացակայութեան, իսկ այլ նախարարներ 15 տարուան բանտարկութեան:  Դժբախտաբար Քեմալական շարժման քաղաքական ալիքները եկան եւ սրբեցին օրէնքի ոյժով արձակուած վճիռները եւ այդ ոճրագործները հռչակուեցան ազգային հերոսներ:

Դժբախտաբար հարցը ո՛չ միայն չլուծուեցաւ, այլ ընդհակառակն թաղուեցաւ ժամանակի փոշիին տակ: Մեծ պետութիւններ ամէն ճիգ թափեցին  ցեղասպանութիւնը մոռցնելու որպէսզի հայոց պահանջատիրութիւնը առ յաւէտ անտեսուի:  Բարեբախտաբար հրաշքով վերընձիւղած արեւմտահայը իր ամբողջ դիւանագիտական կարողականութեամբ պահանջատէրն է իրմէ յափշտակուած հայրենի հողերուն:

Անկասկած որ իւրաքանչիւր արեւմտահայ յոյս ունի եւ կ’երազէ վերադառնալ իր դարաւոր հայրենիքը, նուիրուելու համար հայրենաշինութեան սրբազան գործին: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել երազանքը: Ամէն բանէ առաջ պէտք է նուիրուինք ինքնաճանաչման եւ մեծ աշխատանք տանինք ինքնամաքրման: Մէկդի պէտք է դնենք մեր հատուածական, կուսակցական, յարանուանական, միութենական, հայրենակցական եւ այլ կազմակերպութիւններու բաժանարար գործելաոճը, եւ նուիրուինք ու խթանենք նոր սերունդի ներդրումը պահանջատիրութեան սրբազան աշխատանքին մէջ: Առանց հողի ազգ եւ պետականութիան չկայ: Հաւաքական մտածողութեամբ եւ հաւաքական եռանդուն աշխատանքով միայն պիտի կարենանք ուշ կամ կանուխ տիրանալ մեր պապենական դարաւոր հողերուն: ԱՄԷՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ՝ ԵՐԱԶՈՎ ՍԿՍԱԾ Է:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Նոյեմբեր, 2018

0

«ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺԶ. – Ի. ԴԱՐԵՐՈՒՄ. ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՔԱՌՈՒՄ, ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ, ՅԱՂԹԱՆԱԿ»

Այս խորագրով՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Հոկտեմբեր 25, 2018 թուականին տեղի ունեցաւ միօրեայ գիտաժողով մը: Այս ժողովը կազմակերպուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրատբէկեանի նահատակութեան 80-րդ տարելիցին առիթով: Փոքրիկ պատմականով մը անդրադառնանք Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեանց ձեռնարկած հալածանքներուն եւ բռնագրաւումներուն մասին: Հազիւ թէ իշխանութեան գլուխ անցած, հայ համայնավար ղեկավարութիւնը բռնագրաւեց Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան ենթակայ բոլոր հիմնարկներն ու շէնքերը, բացի Մայր Տաճարէն եւ կարգ մը միաբանական խարխուլ շէնքերէն:

Ահաւասիկ այս շրջանին՝ եկեղեցիներ քանդուեցան – ոմանք վերածուեցան թատրոնի, ոմանք խաղավայրի, եւ ուրիշներ՝ ցորենի շտեմարաններու, նամանաւանդ գիւղական շրջաններու մէջ: Եկեղեցապատկան ամբողջ ներքին  կահոյքն ու բոլոր սպասները կողոպտուեցան եւ սեփականացուեցան: Խորէն Ա. կաթողիկոս իր Դեկտեմբեր 4, 1937 թուակիր նամակով, ուղղուած Հայաստանի ներքին գործոց ժողովրդական պաշտօնատար [կոմիսար] Վիկտոր Խվորոստեանին, վիշտով դիտել կու տայ, որ Հայաստանի տարածքին միայն չորս եկեղեցիներ բաց մնացեր, եւ առաւել քան 800 եկեղեցիներ տակաւ առ տակաւ փակուեր են1:

Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան հալածանքներուն նաեւ զոհ դարձան ո՛չ միայն եկեղեցիները, այլեւ հռչակաւոր վանքերը  –Գայիանէ, Սեւան, Հառիճ, Սանահին, Գեղարդ– որոնք գրաւուեցան, փակուեցան ու ծառայեցին աշխարհիկ նպատակներու:

Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան հաստատման առաջին օրէն իսկ հալածանքը սկսաւ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան դէմ –բանտարկութիւն, աքսոր, եւ նոյնիսկ նահատակութիւն: Գաղափար մը տալու համար մեր ընթերցողներուն, հակիրճ ցանկ մը կը ներկայացնենք սպաննուածներու, աքսորուածներու եւ բանտարկուածներու: 1.- Եզնիկ վրդ. Լուսարարեան (սպաննուած). 2.- Գէորգ քհն. Սէֆէրեան (աքսորուած). 3.- Գէորգ քհն. Օրդուխանեան (աքսորուած). 4.- Գիւտ եպս. Տէր Ղազարեան (բանտարկուած). 5.- Եղիշէ վրդ. Շահումեան (բանտարկուած). 6.- Ղեւոնդ քհն. Տէր Ղազարեան (բանտարկուած). 7.- Յովհաննէս քհն. Յովհաննէսեան (աքսորուած). 8.- Գէորգ քհն. Տէր Ներսէսեան (աքսորուած). 9.- Գալուստ քհն Տէր Վահանեան (աքսորուած). 10.- Մեսրոպ քհն Տէր Գէորգեան (բանտարկուած). 11.- Թադէոս քհն. Տէր Գրիգորեան (բանտարկուած). 12.- Սրապիոն եպս. Սամուէլեան (բանտարկուած). 13.- Վրթանէս եպս. Յակոբեան (բանտարկուած). 14.-Արտակ եպս. Սմբատեան (բանտարկուած). 15.- Իսահակ եպս. Տէր Միքայէլեան (բանտարկուած). 16.- Արիստակէս եպս. Զուլոյեան (բանտարկուած): Ահաւասիկ հայ հոգեւորականութեան դէմ կատարուած այս անարդար հալածանքներն ու ոճրագործութիւնները նպատակ ունէին ի հիմանէ քանդել Հայց. Առաքելական Եկեղեցին եւ խախտել անոր առաքելահիմն կրանիթեայ հիմերը: Սակայն Խորէն Մուրատբէկեան կաթողիկոսի եւ կարգ մը նուիրեալ եկեղեցականներու նահատակութեամբ փրկուեցաւ Ս. Էջմիածինը ստոյգ քայքայումէ եւ մնայուն կորուստէ:

1932թ. Ազգային Եկեղեցական Ժողովի ընթացքին, ՄայրԱթոռ ժամանած 72 հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, կաթողիկոս ընտրուեցաւ քաջարի տեղապահ՝ Խորէն արք. Մուրատբէկեանը, որ վեց դաժան տարիներու ընթացքին տխուր պայմաններու տակ հայրապետական աթոռը փորձեց ծաղկեցնել, բայց աւա՜ղ, արժանաւոր եւ քաջարի հայրապետը խեղդամահ սպաննուեցաւ մեր հայ համայնավար չեկիստ «եղբայրներներուն» կողմէ:

Այս փոքրիկ պատմականը ըրինք՝ զուգահեռ մը գծելու համար ութսուն տարիներ առաջ պատահած դէպքերուն եւ քսանմէկերորդ դարու շեմին մերօրեայ   եղելութիւններուն միջեւ, երբ անգամ մը եւս տեղի կ’ունենան հալածանքներ, բռնութիւններ, բանտարկութիւններ, եւ այս բոլորէն անդին՝ ահագնացող հոգեւոր սպանդ մը նուիրեալ եւ արժանաւոր եկեղեցականներու, որոնք ծունկի եկած Միածնաէջ Ս. խորանին առջեւ ուխտած էին ծառայել Աստուծոյ եւ իրենց պաշտելի ժողովուրդին՝ եկեղեցւոյ ճամբով:

Դժբախտաբար տասնեւինն տարիներու դառն փորձառութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրաւ դառն իրականութեան մը առջեւ: Բռնակալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՆԴԸ կը ներկայացնենք այստեղ համայն հայութեան, տեսնելու այդ տխրահռչակ անձին մէջ՝ քինախնդրութիւնը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնն ու յիշաչարութիւնը: Ստորեւ՝ ոչ-ամբողջական ցանկ մը հալածուած եւ անօրինաբար  «կարգալոյծ» հռչակուած եկեղեցականներուն:

 

1999-2017 Գարեգին Բ-ի կողմէ կարգալոյծ հռչակուած հոգեւորականներու ցանկը:

1.- Գրիգոր Քհն. Աւետիսեան (1999). 2.- Յակոբ Քհն. Պետրոսեան (1999). 3.- Տիրան Արք. Կիւրեղեան (2001). 4.- Մակար վրդ. Յովհաննիսեան (2001). 5.- Խորէն աբղ. Յովհաննիսեան (2002). 6.- Վահան քհն. Արամեան (2003). 7.- Մաշտոց քհն. Իսայեան (2003). 8.- Գնէլ աբղ. Սողոմոնեան (2003). 9.- Արարատ քհն. Յովսէփեան (2004). 10.- Մաշտոց աբղ. Ժոռոյեան (2004). 11.- Նարեկ քհն. Ահարոնեան (2004). 12.- Մկրտիչ քհն. Սարիբէկեան (2004). 13.- Վահան քհն. Սարիբէկեան (2004). 14.- Կարապետ քհն. Մոլեքեան (2004). 15.- Սահակ քհն. Գալստեան (2004). 16.- Սուքիաս քհն. Տէրտէրեան (2004). 17.- Պսակ աբղ. Մուրատեան (2004). 18.- Զոհրապ վրդ. Կոստանեան (2005). 19.- Գարեգին աբղ. Յարութիւնեան (2006). 20.- Յովհաննէս քհն. Սողբաթեան (2006). 21.- Պետրոս քհն. Եզեկեան (2006). 22.- Խորէն աբղ. Զաքարեան (2007). 23.- Աբգար քհն. Գըլըճեան (2007). 24.- Անանիա արք. Արաբաջեան (2007). 25.- Ռուբէն քհն. Եղիազարեան (2007). 26.- Աւետիս աբղ. Սահակեան (2007). 27.- Եփրեմ աբղ. Սարգսեան (2007). 28.- Արշէն վրդ. Սանոսեան (2007). 29.- Վազգէն վրդ. Նանեան (2007). 30.- Յովհաննէս աբղ. Մայիլեան (2007). 31.- Նորայր աբղ. Սիմոնեան (2007). 32.- Վազգէն քհն. Ազիզեան (2008). 33.- Ստեփանոս քհն. Յակոբեան (2008). 34.- Ղուկաս աբղ. Զաքարեան (2008). 35.- Կիւրեղ աբղ. Վարդանեան (2008). 36.- Ասողիկ եպս. Արիստակէսեան (2008). 37.- Վարդան քհն. Վարդանեան (2009). 38.- Մխիթար քհն. Սարիբէկեան (2009). 39.- Գեղարդ աբղ. Վահունի (2010). 40. Յակոբ աբղ. Ապրեսեան (2010). 41.- Դաւիթ աբղ. Քարամեան (2010). 42.- Ղեւոնդ աբղ. Ղեւոնդեան (2010). 43.- Կտրիճ քհն. Դեւէջեան (2011). 44.- Սարգիս քհն. Յովհաննիսեան (2011). 45.- Աբէլ քհն. Մանուկեան (2011). 46.- Տիրան քհն. Աւագեան (2011). 47. -Հայազատ քհն. Մարտիկեան (2011). 48.- Յակոբ քհն. Չէրքէզեան (2011). 49.- Աբէլ աբղ. Աբրահամեան (2011). 50. Նահապետ քհն. Խաչատրեան (2012). 51. Սարգիս քհն. Մելքոնեան (2012).  52. Սմբատ աբղ. Պօղոսեան (2012). 53. Արշէն քհն. Սարգսեան (2012). 54. Ոսկան քհն. Բաղումեան (2013). 55. Զոհրապ քհն. Մազմանեան (2013). 56. Նշան աբղ. Պետրոսեան (2013). 57. Եղիա աբղ. Խաչատրեան (2013). 58. Մխիթար աբղ. Գուտուզեան (2014). 59. Մարտիրոս քհն. Պէրպէրեան (2014). 60. Յակոբ աբղ. Գրիգորեան (2014). 61. Կարապետ վրդ. Յարութիւնեան (2015). 62. Հմայեակ աբղ. Սահակեան (2015). 63. Լեւոն աբղ. Գուլեան (2015). 64. Կարապետ քհն. Խաչիբաբեան (2016). 65. Գառնիկ աբղ. Մխիթարեան (2016). 66. Խադ քհն. Ղազարեան (2016). 67. Յովհաննէս աբղ. Սահակեան (2016). 68. Հայրիկ աբղ. Յովհաննիսեան (2016). 69. Վռամ աբղ. Ղազարեան (2016). 70. Նիկողոս քհն. Յովհաննիսեան (2016). 71. Խաչատուր քհն. Գէորգեան (2017). 72. Մովսէս քհն. Մանուկեան (2017). 73. Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան (2017). 74. Եզրաս քհն. Բոգդան (2017). 75.Ահարոն աբղ Շահվերդեան (2017). 76.- Կորիւն աբղ. Առաքելեան (2018)

Համայնավար բացարձակապաշտ, տիրակալ ռէժիմի հոգեբանութիւնը տակաւին տիրող կը մնայ Մայր Աթոռէն ներս, հակառակ համայնավար վարչակարգի անկումին՝ քսանութ տարիներ առաջ. Սթալինը մեռաւ եւ սակայն անոր  ուրուականը տակաւին կենդանի է Մայր Աթոռէն ներս:

Կրկնութեան գնով ըսենք. կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածելակերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը այսօր: Աշխարհի մէջ չկայ բնականոն հաստատութիւն մը որ կը գործէ առանց օրէնքի: Չկայ անձ մը որ օրէնքէ վեր կրնայ ըլլալ: Եթէ այսօր կը տառապինք օրինազանցութիւններէ, պատճառը այն է որ դադրած ենք այլեւս հաւատալէ թէ Հայ Եկեղեցին տակաւին ընելիքներ ունի իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ:

ԸՆթերցողը կը հասկնայ թէ ի՞նչ կը նշանակէ բռնակալ կաթողիկոս ունենալ, որ 19 տարիներու իր գահակալութեան շրջանին առեւանգեց  ամէն սրբութիւն եւ կանոնագրութիւն, որովհետեւ զօրակցութիւնը կը վայելէր պետութեան մէջ իշխող քրէական համակարգին: Ահաւասիկ այսպիսի կանոնական խախտումներ կը սարսեն նաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որոնք կը հանդուրժեն այս անփառունակ կղերապետութիւնը ին՜չ-ին՜չ անձնական եւ շահադիտական պատճառներով եւ հաշիւներով:

Որքան դատապարտելի է բարձրաստիճան հոգեւորականութեան կրաւորական վիճակը, նոյնքան եւ առաւել եւս դատապարտելի է, նամանաւանդ սփիւռքի մէջ, մեր քաղաքական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններուն, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններուն, ամուլ մտաւորականութեան եւ հայ մամուլին դրսեւորած անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը: Ի վերջոյ, ժողովուրդի կողմէ «ընտրուած» պատգամաւորներն են որ կը կազմեն Ազգային Եկեղեցական Ժողովը, որուն իրաւասութեան տակ կ’իյնայ ընտրել կաթողիկոսն ու Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները:

Ասկէ առաջ արթնութեան կոչ ուղղած ենք համասփիւռ հայութեան,  թէ պէտք չէ թոյլ տալ որ կղերական մենաշնորհեալ դասակարգ մը (որ խախտած է նաեւ մեր հաւատքը իր շռայլ աշխարհիկ կենցաղով)  իւրացնէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ նուազագոյն չափով իսկ սահմանափակէ հայ հաւատացեալներու դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ կանոնական կեանքէն ներս:

Մեր խոր համոզումն ու ցանկութիւնն է այս կոչերով ժողովուրդը հասցնել գիտակցութեան ա՛յն աստիճանին՝ ուր կարենան ոտքի ելլել եւ դէմ կանգնիլ ընդդէմ անկաշկանդ կղերապետութեան, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ուծացում եւ խորտակում:

Բոլորիս ծանօթ է որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը Եկեղեցիին մօտեցնել, որովհետեւ մերժած է ըլլալ հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց մը:  Ազգին հաշիւ չտալու այս հոգեբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ ապազգայնացման: Եկեղեցական, ազգային կամ մշակութային կազմակերպութիւններ անհրաժեշտ է որ ենթարկուին ժողովրդական հրապարակային քննարկումներու, եւ այդ լոյսին տակ միայն մշակուին կանոնագրութիւններ որոնք պիտի որդեգրուին տուեալ կազմակերպութեան կամ ընկերակցութեան համար:

Ի՞նչ բանի կը ծառայեն մեր ժողովները,–Ազգային Ընդհանուր Ժողով, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողով, Կրօնական Ժողով եւ այլ ժողովներ,– եթէ ամէն բան պիտի որոշուի կաթողիկոսին կողմէ: Այս ժողովները անուանական խորհրդատո՞ւ ժողովներ են թէ լիարժէք իրաւական մարմիններ, որոնք կրնան կանոնական եւ սահմանադրական որոշումներ առնել, ի պահանջել հարկին կաթողիկոս մը հեռացնել իր աթոռէն:  Եթէ հաւատարիմ չմնանք մեր ազգային արժէքներուն, կը դառնանք խուժան հասարակութիւն, զուրկ բոլոր մարդկային ազնիւ չափանիշներէ:

Այսօր մեր ժողովուրդը կ’ապրի քսանմէկերորդ դարու պատմութեան անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը, նամանաւանդ հայրենիքէն ներս, եւ անհրաժեշտ կը նկատենք որ կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներու վերականգնումի աշխատանքին նուիրուինք ազգովին, եթէ կ’ուզենք տոկալ նոր մարտահրաւէրներուն որոնք կը կանգնին մեր առաջ իրենց բոլոր դժուարութիւններով, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդութեան առջեւ:

Անհրաժեշտ է յստակօրէն սահմանել մեր ժողովական մարմիններու աշխատանքի դաշտն ու ձեւը: Առանց վարանելու պարտաւոր ենք խօսիլ անոնց կազմերուն մէջ անսահմանափակ ժողովրդական մասնակցութեան կարեւորութեան մասին՝ միշտ մերժելով նշանակումները, որոնք պառակտումներ յառաջացուցած են մեր կրօնական, ազգային եւ կրթական հաւաքական կեանքին մէջ եւ կը յիշեցնեն մեզի ամիրայականութեան տխրահռչակ տարիները: Ո՛չ ալ խորհրդային օրերէն ժառանգուած՝ տիրելու եւ ղեկավարելու կիրքերը մեզ պէտք է առաջնորդեն մեր ազգային, նամանաւանդ կրօնական անդաստանէն ներս:

Շատեր կը կարծեն թէ կարելի չէ խօսիլ եւ քննարկել Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, զայն նկատելով մեղանչում: Ընդհակառակը, եթէ ունիք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումին նկատմամբ, անհրաժեշտ է որ յայտնէք ձեր կարծիքը: Լռելը ոսկի չէ այս պարագային, եւ լռութիւնը չի՛ նշանակեր որ բարւոք վիճակ մը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ կազմակերպչական կեանքը:

Ո’չ ոք յանդգնութիւնը թող ունենայ յայտարարելու որ Եկեղեցին կամ եկեղեցական կազմակերպութիւնը կրօնականներուն գործն ու պարտաւորութիւնն է: Ընդհակառակը՝ Եկեղեցին ժողովուրդն է իր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝  անոր սպասաւորները: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է խօսիլ, քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել ի նպաստ  ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն, հեռու՝ անհատական բոլոր դիտաւորումներէ:

Ժամանակը հասած է որ այլեւս փսփսուքով եւ բամբասանքով չխօսինք Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը յուզող հարցերու մասին: Խօսքս կ’երթայ նամանաւանդ՝ բաձրաստիճան ա՛յն հոգեւորականներուն, որոնք ընկերային մտերմիկ շրջանակի մէջ չեն քաշուիր դատապարտելու կաթողիկոսներն ու անոնց մենատիրական անբնական աշխատաոճը, բայց քաջութիւնը չունին յատենի Եպիսկոպոսական Ժողովոյ ոտքի կանգնելու՝ բարձրաձայն արտայայտուելու համար կատարուած օրինական բոլոր խախտումներուն դէմ –  ինչո՞ւ. որովհետեւ չունին լիիրաւ բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարի նկատմամբ, եւ ամէն ինչ կը ծածկեն յանուն իրենց անձնական շահադիտական նպատակներուն, այլ խօսքով՝ մամոնայի:

Բոլորս ալ գիտենք որ Եկեղեցին քրիստոնէական հաւատքի տարածման կռուանն է, իսկ մեր պարագային՝ Եկեղեցի, կրօնք եւ ազգային ինքնուրոյնութիւն  սերտօրէն ընդելուզուած են որպէս մէկ անյաղթահարելի միջնաբերդ, որ մեզ պահած է դարերու բոլոր փոթորիկներուն դէմ: Կրնա՞նք զանոնք թողուլ պատահականութեան եւ կամ պատեհապաշտ անձերու՝ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքի մոլուցքին: ԱՆՇՈ՛ՒՇՏ ԹԷ Ո՛Չ:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

9 Նոյեմբեր 2018

 

 

  • «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան (1921-1938)», տպ. Երեւան, 1994:
0

«ԵԹԷ ԴՐԱՄ ՉՈՒՆԻՔ, ՄԻ՛ ՂՐԿԷՔ ԴՊՐՈՑ…»

Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ գաղթական մօր մը սիրտը՝ լսելէ ետք այս անպատասխանատու յայտարարութիւնը հայկական վարժարանի տնօրէնուհիի մը կողմէ, որուն յանձնուած է մեր նորահաս սերունդի դաստիարակութիւնը: Վա՜յ քեզ քաղաք, որ թագաւորդ մանուկ է: Ո՞ւր մնացին մեր բեմերէն արտասանուած կոչերը՝ թէ հայ դպրոցն է այն դարբնոցը, ուր պիտի պատրաստուին մեր նորահաս սերունդները՝ Հայ Դատի հետապնդման մեր վաղուան ջահակիրները: Չէ՞ որ այդ հետապնդման աշխատանքներուն մէջ իր անվիճելի դերը ունի հայ դպրոցը, համազգային մեր նպատակներու իրականցման ի խնդիր:

Ի՞նչ խղճով տնօրէնուհի մը կրնայ վիրաւորել արդէն իսկ արիւնող՝ եւ տակաւին չսպիացո՛ղ, Հալէպի արհաւիրքներէն հազիւ ճողոպրած եւ գաղթական վիճակով Լիբանան հասած տառապեալ մօր մը ամբողջ ներաշխարհը:  Ո՜հ ինչ սառնարիւն, քարսիրտ մէկը պիտի ըլլայ այդ տնօրէնուհին,  որ պարպուած մարդկային եւ հայեցի բոլոր ազնիւ զգացումներէն՝ արհամարհելով մարդկային տարրական քաղաքավարութեան չափանիշները ինքզինքին իրաւունք կու տայ այսպիսի կոպիտ յայտարարութեան. «դրամ չունիք՝  մի՛  ղրկէք դպրոց…», պարզապէս որովհետեւ յիշեալ մայրը իր ամբողջ ունեցած-չունեցածը ի մի բերելէ ետք՝ տակաւին  շուրջ հարիւր տոլար մը կը պակսէր իրեն՝ իր երախային կրթաթոշակը լրիւ կարենալ վճարելու համար…:  Եւ այսպէս ուրեմն, պակսող հարիւր տոլարի ճղճիմ գումարի մը համար՝ «Եթէ դրամ չունիք՝  մի՛  ղրկէք դպրոց…»:  Հազա՛ր ամօթ…:

Կասկածէ վեր է որ մեր լիբանանահայ դպրոցները ներկայիս կը դիմագրաւեն ամէն տեսակի ժամանակակից մարտահրաւէրներ, եւ այդ բոլորը յաղթահարելու համար մեզի անհրաժեշտ են մարդոյժը, կամքն ու կորովը: Դժբախտաբար բաւարար չափով չենք խօսիր հայ դպրոցի էական կարեւորութեան մասին: Ուրիշ հարց՝ որ բեմերէն բարձրաղաղակ կը գոչենք եւ կը յայտարարենք թէ պէ՛տք է հաւատալ դպրոցի ազգակերտ դերին, բայց եւ այնպէս մեր վանողական աշխատելաոճով կը մերժենք հայ պատանիներ ընդունելու մեր դպրոցական յարկերէն ներս, երբ անոնք նիւթապէս անկարող են վճարելու թէկուզ համեստ ամսավճար մը:

Չմոռնանք երբեք, որ փաստուած իրականութիւն է, թէ օտար հիւրընկալ երկիրներու դպրոցները չեն կրնար փոխանցել ինքնութեան ա՛յն դիմագիծը զոր հայ վարժարանը  կու տայ հայ պատանիին, լեզուի ճանաչողութեան եւ ազգային ժառանգութեան ընդմէջէն: Հա՛յ դպրոցէն ներս միայն կարելի է կերտել ազգային ամբողջական տեսիլքի մը գաղափարաբանութիւնը: Հայ դպրոցը պէտք է տեսնել ո՛չ որպէս քարեղէն շէնք, այլ հայ լեզուի եւ հոգիի դարբնոց:

Հայ դպրոցը՝ մե՛նք ենք մեր ամբողջ կարողականութեամբ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ անոր տէրը ու ճանչնայ զայն որպէս ինքնութեան եւ հպարտութեան անսպառ աղբիւր: Ահաւասիկ հո՛ս է որ կը դրսեւորուի մեր դասալքութիւնը երբ կը փակենք դպրոց մը՝ խուսափելու համար յանձնառութենէ եւ ծանր պարտականութենէ: Վերջապէս հարց պէտք չէ՛ տանք թէ ին՞չ կը սպասենք կամ կ’ակնկալենք Հայ դպրոցէն:

Երէկ էր կարծես, երբ հայ դպրոցը եւ դպրոցականը կը վայելէին լիբանանահայութեան սէրն ու գուրգուրանքը: Հայութիւնը իր բոլոր դասակարգերով իր անսակարկ նուիրաբերութեամբ, նիւթական եւ բարոյական կարողականութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ հայ դպրոցին, գիտակցելով այդ մեծ ճշմարտութեան, որ առանց հայ դպրոցի կարելի չէ պատրաստել շողուն ապագայ մը լիբանանահայ գաղութին համար: Որքա՜ն ողորմելի են բոլոր անոնք որոնք կը փորձեն իրենց անպատասխանատու ընթացքով եւ վերինին նման յայտարարութեամբ նսեմացնել հայ դպրոցին դերը մեր գոյութենական պայքարին մէջ: Ահաւասիկ այս դասալիքներն են որ կ’եղծանեն հայ վարժարանին դիմագիծը, եւ ելլելով իրենց անհատական նեղ հաշիւներէն՝  քննադատութեամբ կը մօտենան հայ վարժարանի:

Հայկական վարժարանները հովանաւորողներն ու պատասխանատուները իրաւունք  չունի՛ն զուտ առեւտրական հաշիւներէ մղուելով մտահոգուելու՝ ի տես  աշակերտութեան թիւի անկման, որովհետեւ նման մօտեցում մը մահացու հարուած է հայկականութեան, հայու ինքնութեան եւ հայ դպրոց պահելու վսեմ առաքելութեան, այլ որոնելու են ատոր պատճառները եւ կիրարկելու անհրաժեշտ դարման(ներ)ը: Մեր ներկայ դժուարութիւնները պէտք չէ դիտել զուտ թուաբանական հաշիւներով: Հայ դպրոց, հայ աշակերտ, հայ ուսուցիչ պահելը ո՛չ թէ շուկայական սովորական շահի եւ վնասի խնդիր է, այլ ընդհակառակն՝ հայութեան պահպանման էութենական լուրջ խնդիր է, որ մեզմէ կը պահանջէ անսակարկ նուիրում եւ զոհաբերութիւն:

Կասհած չկայ մեր մտքին մէջ որ մեր դպրոցներուն տնտեսական վիճակը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնի: Նոյն ատեն ո՛չ մէկ կասկած կայ նաեւ,  որ դժուար է հայ ծնողքին ընդհանրապէս, նամանաւանդ մասնաւորապէս գաղթական հայ ծնողքին տնտեսական վիճակը, երբ շատ մը պարագաներու բերումով ան ի վիճակի չէ տուեալ տարեշրջանի  կրթաթոշակային ծանրաբեռնման ենթարկուիլ:

Հայ դպրոցի պարագային, Կաթողիկոսութիւն, համայնքային ղեկավարութիւն, կրթական մշակներ եւ ծնողներ (ինչքան հնար է)՝ ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան՝ բարոյական պարտաւորութիւն ունին այս ծանր բայց «քաղցր լուծը» իրենց ուսերուն վրայ վերցնելու, երբ հարցը կը վերաբերի մեր նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան. անդաստան մը՝ ուր պիտի դարբնուին մեր ապագայ ջահակիրները Հայ Դատին:

Թող ներուի մեզի երբ կը յայտարարենք, թէ նոր շէնքեր, եկեղեցիներ, կոթողներ, յուշարձաններ, եւայլն կառուցանելով չէ՛ որ հայութիւնը կը պահպանուի, նամանաւանդ մեզ հիւրընկալող երկիրներուն մէջ: Քարեղէն կառոյցներէն աւելի՝ հայու նկարագիրն է որ պիտի կերտենք հայ պատանիին մէջ, որպէսզի մեր գոյութենական պայքարը իր յաղթանակի ուղիղ ճանապարհին վրայ դրուած ըլլայ: Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ, հայ դպրոցը հայակերտման ու հայապահպանման սրբավայր  է, որուն պէտք է մօտենալ եւ գուրգուրալ երկիւղածութեամբ:

Այս պահուն կը վերյիշեմ հոգելոյս Խորէն Ա.կաթողիկոսին արտայայտած մտքերս երբ նոր վեհարանի շինութիւնը տեղի կ’ունենար 1966 թուականին. «Վեհափա՛ռ, վանքը, ամբողջութեամբ մարմարապատ, շատ գեղեցիկ եղաւ, բայց դժբախտաբար սկսաւ գերեզմանի նմանիլ. դուրսէն մարմարապատ, ներսէն փտածութիւն»:  Վեհափառը անակնկալի եկած ըլլալով, քիչ մըն ալ վրդոված, հարց տուաւ թէ ինչ ըսել կ’ուզեմ: Առանց վարանելու պատասխանեցի. «Վեհափա՛ռ, վանքը մարմարապատ ընելու փոխարէն՝ միաբանութիւնը կերտեցէք»:

Հիմա հարց կը դնեմ Վեհ. Արամ Ա. կաթողիկոսին. «Փոխանակ Պիքֆայայի մէջ միաբանական նոր շէնք շինելու մի քանի միաբաններու համար, համոզէի՛ք այդ ազնիւ բարերարը որպէսզի այդ միլիոն տոլարը տրամադրէր լիբանանահայ վարժարաններուն՝ անոնց անմիջական նիւթական տագնապներն ու մարտահրաւէրները լուծելու համար:  Չմոռնաք որ Անթիլիասի մայրավանքի շէնքերը պարապ են, եւ օ՛ր մը չլսեցինք եւ կամ չկարդացինք մամլոյ մէջ թէ այդ պարապ շէնքերը տրամադրած էք մեր սուրիահայ գաղթական եւ անօթեւան ընտանիքներուն: Ո՞ւր մնաց մեր գոյութենական պայքարը երբ տէր չենք կանգնիր մեր ժողովուրդի ծովածաւալ կարիքներուն»:

Համազգային բարձր պարտականութիւն ունինք հայ դպրոցը պահելու ամէն տեսակի կործանարար փորձութիւններէ: Նկատի ունենալով մեզի սպառնացող այլասերման ահարկու հոսանքները, հայ դպրոցին դերը այսօր աւելի կենսական եւ հրամայական է քան որեւէ ժամանակ: Այնպիսի դժուարին կացութեան առջեւ կը գտնուինք ներկայիս, որ մեզի համար անթոյլատրելի է որեւէ նահանջ եւ յուսալքութեան քայլ, որովհետեւ նման յուսալքութիւն մը ճակատագրական կրնայ ըլլայ իր կործանարար հետեւանքներով:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

5 Հոկտեմբեր 2018

Լոս Անճելըս