Այս խորագրով համացանցի ճամբով նամակ մը ստացայ մի քանի օր առաջ, որ կ՛աւետէր “բարի” լուրը Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի նոր պաշտօնին՝ ի Վենեզուելլա։ Կաթողիկոսարանի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը երբեք չզարմացուց զիս, որովհետեւ նմանօրինակ խաղեր մորթիս վրայ կրած եմ քառասուն տարիներ առաջ, երբ այդ օրերու Հոլիվուտի հոգաբարձութիւնը, համագործակցաբար Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի Ազգային իշխանութեան հետ, զիս մատնած էին Պետական Գաղթականական Գրասենեակին, որպէսզի արտաքսուէի Միացեալ Նահանգներէն եւ չկարենայի պայքարի դրօշը պարզել ինծի դէմ կատարուած բոլոր անիրաւութեանց եւ խարդախութեանց համար։ Փառք Ամենակալին, որ այդ բոլոր լարախաղացներուն մեծամասնութիւնը այսօր առ յաւէտ մեկնած են այս աշխարհէն, եւ Սադայէլի կողքին՝ փոխան աղօթքի վարդարանին իրենց սուտերու եւ մեղքերու համրիչով զբաղած են։
Այդ օրերուն, այսինքն քառասուն տարիներ առաջ ինծի հետ պատահածը յիշեցուցի Հայր Պարթեւին՝ իր մեկնումէն մէկ օր առաջ, եւ թելադրեցի որ չխանդավառուի իր մեծաւորներուն կողմէ իրեն տրուած “խոստումներով”, չըսելու համար սուտերով։ Բարի՝ բայց անմեղօրէն միամիտ վարդապետը կը կարծէր որ իր բնակած յարկաբաժինը կղպանքի տակ պիտի պահէր ու կարենար վերադառնալ Լոս Անճելըս, որովհետեւ Արամ Կաթողիկոս արտօնած էր իր վերադարձը։ Մեր վերջին հանդիպման, մտերիմ բարեկամներու ներկայութեան մի քանի անգամ կրկնեցի. “Հայր Պարթեւ, խելքդ գլուխդ հաւաքէ, մի՛ հաւատար ոչ մէկուն. դուն Լոս Անճելըս պիտի չվերադառնաս…հանրութեան աչքին փոշի ցանելու համար կեղծ յատարարութիւններ կատարեցին: Ամբողջ եղածը բեմակատարութիւն էր հանրային փոթորիկի մը առաջքը առնելու համար, նկատի ունենալով որ բարեկամներդ հանրահաւաքի սկսած էին որ կրնար նաեւ անախորժ վախճան մը ունենալ: Ահաւասիկ այդ բոլորէն խուսափելու համար քեզ “լոլոզեցին”, համոզեցին կեղծիքներով որպէսզի գոհունակ ժպիտով Անթիլիաս վերադառնաս… քեզ պիտի զոհեն իրենց հաշիւներուն համար… արթնցիր”։
Բարի վարդապետը չհամոզուեցաւ ըսածներուս։ Ինքզինքս աւելի համոզիչ դարձնելու համար, օրինակ բերի Հայր Միւռոն Ազնիկեանի անարդար եւ անիրաւ արտաքսումը Ֆրէզնոյի հովուական պաշտօնէն, եւ որովհետեւ Հայր Միւռոն մերժած էր անսալ Արամ Կաթողիկոսի հրահանգին, փիլոնազուրկ եղած էր քմահաճոյքներու զոհ երթալով։ Բարեբախտաբար երկու շաբաթներու իմ տքնաջան աշխատանքս, հեռաձայնային կապերս Վեհափառին հետ արդիւնաւորուեցան. Հայր Միւռոն իր փիլոնը կրելու իրաւունքը վերստացաւ մայրավանք վերադառնալէ առաջ, թէեւ գոհ չմնացին իր հակառակորդները՝ վրէժխնդրութեան տիղմին մէջ թաթխուած։
Հակառակ այս անցեալի տխուր դէպքերուն, Հայր Պարթեւ լաւատես եւ մանկունակ ժպիտով մը ողջագուրուելէ ետք բաժնուեցաւ մեր վերջին հանդիպումէն, վերադառնալու վճռակամութեամբ։ Տեսա՞ր, սիրելի Հայր Պարթեւ: Չէ՞ որ առածը կ՛ըսէ. “Փորձառուին հարցուր, եւ ո՛չ թէ բժիշկին”։ Մեծ հաշիւներուն մէջ պզտիկ հաշիւ մըն ես դուն, եւ քեզի պէս շատե՜ր “օգտագործելէ” ետք՝ զոհած են ծառայութեան այս դաշտին մէջ։
Այսօր սակայն համակիրներդ եւ բարեկամներդ նոր պայքարի մարտահրաւէր կը կարդան ազգային վարչութեան եւ մանաւանդ Մուշեղ Սրբազանին դէմ: Ահաւասիկ կարգ մը մէջբերումներ Ֆէյսպուքի (Facebook) վրայ արձանագրուած.-
“Բոլոր անոնք որոնք կասկած ունին Մուշեղ Սրբազանի անձին այստեղ արձանագրուածներու մասին, թող քաջ իմանան որ բոլորն ալ փաստերու վրայ հիմնուած են։ Օրինակի համար, բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք որ Սրբազանը հրապարակաւ յայտարարեց որ Առաջնորդարանը աշխուժօրէն կ՛աշխատի Հայր Պարթեւի օրինական թուղթերով, սակայն՝ հանրութիւնը չի գիտեր որ Առաջնորդ եւ Ազգային Իշխանութիւն պաշտօնապէս գրած են Վեհափառին որ Հայր Պարթեւի կարիքը չկայ ասկէ ետք Միացեալ նահանգներուն մէջ եւ հետեւաբար կրնայ ղրկուիլ ա՛յլ ծառայութեան դաշտ”։
“Մեր այս գրութիւնը արթնութեան կոչ է մեր հանրութեան, տեսնելու համար ճշմարտութիւնները։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Արամ Կաթողիկոս իր հովուական այցելութեան ընթացքին խոստանայ Հայր Պպարթեւի վերադարձը եւ ապա Վենեզուելլա ղրկէ զինք: Այս բոլորը ոչ միայն մեզ կ՛ընդվզեցնեն այլ նաեւ կ՛ անարգեն մեր հաւատքը”։
“Մեր նպատակը ատելութիւն սերմանել չէ։ Մեր առաքելութիւնը շատ պարզ է եւ յստակ… երեւան հանել ճշմարտութիւնը։ Այս բոլորէն պիտի շահի ոչ թէ անձ մը, այլ հազարաւոր հաւատացեալ հայորդիներ”։
“Երբ 25 Քրիստոնեայ Հայեր, Դեկտեմբեր 13, 2011-ին Առաջնորդարան այցելեցին Ազգային Իշխանութենէն եւ Առաջնորդէն իմանալու Հայր Պարթեւի մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարծ է. “Կ՛ուզէք նէ հինգ հազարով եկէք”։
“Մուշեղ Սրբազան կը կարծէ որ մարդիկ զբաղած պիտի ըլլան Ամանորի առիթով եւ հետեւաբար պիտի չկարենան զբաղիլ Հայր Պարթեւի հարցով։ Ահաւասիկ ճիշտ այս հասկացողութեամբ, հաղորդագրութիւնը Աթիլիասէն հրապարակ ելաւ Դեկտեմբեր 30-ին։ Մուշեղ Սրբազան թող իմանայ որ ինք սխալած է։ Մենք աւելի զօրաւոր ենք քան անցեալին, եւ եթէ Տէրը կամենայ՝ Հայր Պարթեւը ետ պիտի բերենք, ի հարկին հակառակ Սրբազանի հաւանութեան։ Սրբազանը պէտք է դադրի պատճառաբանութիւններ տալէ:”
Եւ վերջապէս Լիլիա Մարլի Չօպանեան կը գրէ. “Մենք մեր հաւատքը կորսնցուցած էինք Մուշեղ Սրբազանի հանդէպ նախ քան Հայր Պարթեւի ժամանումը։ Հայր Պարթեւի միջոցաւ վերականգնեցինք մեր հաւատքը, բայց ափսոս, նախանձը պարուրեց Մուշեղ Սրբազանը։ Առածը կ՛ըսէ. ան որ վերջինը կը խնդայ, լաւագոյնս կը խնդայ: Սրբազան Հայր, մի խնդար շատ հիմա, այժմ առանձին կը խնդաս, բայց իմացիր որ շուտով ամբողջ գաղութը քու վրադ պիտի խնդայ”։
http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-Barthev/209992062422773
Սիրելի հայորդիներ. աւելորդ տեղ մի փոթորկէք հայութեան նաւը որ արդէն ծանրաբեռնուած է աշխարհային այլ հոգերով։ Ոսկին որքան ալ աղբի մէջ նետէք, ոսկի կը մնայ։ Հայր Պարթեւի թողած քրիստոնէկան աւանդը ձեր հոգիներուն մէջ վառ պահեցէք եւ մի յուսահատիք։ Նախանձը միայն նախանձո՛ղը կը հիւծէ։
Ժամանակն է որ հայ Եկեղեցին իր վրայէն թօթափէ այս նեխածութիւնը եւ վերանորոգուի հոգեւոր նոր վերածնունդով։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ