Մի քանի որ առաջ համացանցի վրայ զետեղուած անգլերէն գրութիւն մը, ուղղուած հաւատացեալ հայերուն, նոր վիհեր բացաւ հոգւոյս մէջ, որովհետեւ հոն տեղ գտած բարձրաղաղակ յայտարարութիւնը՝ թէ Հայ Եկեղեցին որքա~ն խորունկ ապականութեան/կաշառակերութեան մէջ ինկած է, ինքնին նուաստացուցիչ երեւոյթ մըն է, որուն մասին անդրադառնալու քաջութիւնը չունի մեր հայ մամուլը ընդհանրապէս, զուտ անհատական շահերէ մեկնելով։ Ողբա~մ զքեզ հայ ժողովուրդ…
Գրութեան հեղինակը հարց կու տայ թէ արդեօք կրնա՞յ մեր Եկեղեցին ասկէ աւելի ապականած ըլլալ, եւ խօսքը ուղղելով Առաջնորդ Մուշեղ Ս. Մար-տիրոսեանին, քաջութեամբ կը յայտարարէ. “Մենք հաւատացեալ Հայ Քրիտոնեաներս կ’ուզենք ըսել, որ եթէ նոյնիսկ գնես աթոռդ եւ կամ փորձես ինքզինքդ ներկայացնել որպէս պատուաւոր անձ մը, դարձեալ պիտի չկարենաս գնել մեր յարգանքը, բան մը զոր կորսնցուցած ես շատոնց։ Մարդ միայն կրնայ յարգանքը վաստակիլ, եւ ոչ թէ գնել”։ Պետրոսի Բ. Ընդհանրական նամակին համաձայն՝ «Տէրը չ’ուշացներ իր խոստումին կատարումը, այնպէս՝ ինչպէս ոմանք կը հասկնան ուշացումը: Տէրը պարզապէս համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ’ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ’ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան:» (գլ. 3, հմր. 9)։ Վա~յ մեզ, վա~յ մեզ…
Ու կը շարունակէ հեղինակը. “Եթէ ուզենք կշտամբել քու սխալներդ, հաւանաբար մասնաւոր անդրադարձ մը պիտի չունենայ անձիդ վրայ, որովհետեւ մեզ կոչած ես հաջող շուներ, բայց երբ Աստուած քեզ կշտամբէ, այնուհետեւ կ՚անշնչանաս”: Ինչպէս կ’ըսէ Առակներուն Գիրքը. «Աստուծոյ վախը իմաստութեան սկիզբն է, եւ Սուրբին ճանաչումը՝ հանճար:» (գլ. 9, հմր. 10)։ Պետրոս Առաքեալ Գաղատացիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ կ’ըսէ. «Դուք ձեզ մի՛ խաբէք. կարելի չէ Աստուծոյ քթին խնդալ. Մարդ ինչ որ ցանէ՝ այն կը հնձէ:» (գլ. 6, հմր. 7)։
‘’Եւ եթէ Երեսփոխանական Ժողովը Ձեզ վերընտրելով կը խորհի որ տարաւ յաղթանակը, Աստուծոյ աչքին՝ Ճշմարտութիւնը տարբեր է, վասնզի, ինչպէս կը հաստատէ Սաղմոսներու Գիրքը, «19Բերանդ անդադար կը չարախօսէր եւ լեզուդ նենգութիւն կը նիւթէր: 20Նստած՝ եղբօրդ մասին կը չարախօսէիր, եւ հարազատ մօրդ որդւոյն դէմ որոգայթ լարեցիր: 21Այս բոլորը ըրիր ու ես լռեցի, եւ դուն կարծեցիր որ ես քեզի պէս եմ: Արդ, այս բոլորը բացայայտ ընելով պիտի մեղադրեմ քեզ: 22Իմացէք՛ բոլոր անոնք՝ որոնք մոռցած էք զԱստուած. պիտի կործանեմ ձեզ ու ոչ ոք պիտի կարենայ փրկել ձեզ:» (գլ. 50, հմր. 19-22)
“Քուէ գնելով եւ ինքզինքդ պարտադրելով նստելու առաջնորդական աթոռի վրայ, ծառայելու գաղութի մը որ քեզ չ’ընդունիր, ինքնին հաճելի երեւոյթ մը չէ եւ ոչ ալ իմաստուն որոշում մը։ Ասիկա նոյն հայ գաղութն է որուն զլացար լսելու երբ ան հարցուց քեզի Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի Կրին Քարտի մասին։ Եթէ բոլոր արարքներդ իսկապէս ճշմարտութեան համաձայն կատարէիր՝ այն ատեն ոչինչ կ’ունենայիր ծածկելիք”։ Յովհաննէս Աւետարանիչ կ’ըսէ. «Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:» (գլ. 3, հմր. 21)
“Առաջնորդ մը երբ կը յայտարարէ իր գաղութի մասին ըսելով, որ ‘’շուներու պէս հաջեցին եւ նստան’’, մեզի իրաւունք կու տայ ըսելու որ եթէ մենք հաջան շուներ ենք, դուն այդ աթոռին վրայ նստած այդ շուներուն կը ծառայես, որովհետեւ մենք այս գաղութի անդամներն ենք”: է~հ…Հոս պիտի հասնէինք…
Ուրիշ սահմռկեցուցիչ գրութիւն մը եւս ներկայացուած է համացանցի վրայ։ Չեմ կարծեր որ ընթերցողը չփոթորկի, չյուզուի այս պոռթկումնալից յայտարարութիւններէն ետք: Այդ գրութիւնը նոյնութեամբ կը ներկայացնեմ, եզրակացութիւնը թողլով ընթերցողին։
1. Առաջնորդի պաշտպանները ի գին ամէն ինչի կը զօրակցին Առաջ-նորդին՝ ոչ թէ անոր համար որ ան լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ, այլ անոր համար որ Առաջնորդը անոնց հլու հնազանդ կամակատարն է:
2. Ամէն անգամ որ Առաջնորդը բարոյական սայթաքումներ կ‘ունենայ եւ եկեղեցականի անվայել ու անյարիր գայթակղութեան մէջ կը գտնուի, զինք պաշտպանողները եկեղեցւոյ շահերուն վնասող պայմաններ կը պարտադրեն, միշտ յիշեցնելով որ իրենց պատճառով եւ պաշտպանութեամբ է միայն որ ան տակաւին Աթոռին վրայ կը մնայ՝ ու այսպէս կաշկանդումի, գերութեան օղակը աւելի կը սեղմուի Առաջնորդին վզին շուրջ։
3. Այսպէս հզօրացած, այլապէս բարոյազրկուած Առաջնորդը իր մենատիրական մահակը ամբարտաւանօրէն կը ճօճէ խեղճ եկեղեցականներուն վրայ եւ բոլոր անոնց դէմ որոնք հասարակ մահկանացու ոչխարներ են, չունին գայլի ատամ, մենաշնորհեալներ չեն, եւ չունին որոշադրիչ ձայն, քուէ, կամ դրամ։
4. Դուք կեղծաւոր փարիսեցիներ եւ կոյր առաջնորդներ, ու պատաս-խանատուներ, պատասխանեցէք. ‘’ժողովուրդին համար, ժողովուրդին հետ’’ լոզունգը ո՞ր ժողովուրդին համար է. լուսնի մէջ բնակո՞ղ թէ հաւատք, պատիւ, արժանապատուութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին ու անոր նուիրական ընդհանրական շահերուն ծառայելու համար: Արդարութեան եւ ճշմարտութեան ծառայելու կոչուածնե՛ր, ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը չէք ուզեր տեսնել: Առաջնորդին դէմ բոլոր այդ գրութիւնները եթէ սխալ են կամ կասկածելի, համարձակութիւնը ունեցէք ու պատասխանեցէք։
5. Կոյրը կոյրին չի կրնար առաջնորդել: Կոյր առաջնորդներ՝ ի՞նչպէս կ‘ուզէք որ ժողովուրդը ձեզի հաւատայ ու հետեւի: Ի՞նչ նժարով կամ չափով կ‘ուզէք առաջնորդել: Անբարոյին, կեղծաւորին, ստախօսին պաշտպանողը, ըսէ՛ք, ի՞նչ կ‘ըլլայ: Ըսէ՛ ընկերդ ով է՝ ըսեմ թէ դուն ով ես։
6. Հայ Եկեղեցին ազգային ժողովրդավար եկեղեցի է. Հայ Եկեղեցին ժողովուրդին եկեղեցին է եւ մենատէրերու սեփականութիւնը չէ: Ան կոչուած է հոգեւոր ու ազգաշէն ծառայութեան՝ բոլորին անխտիր, ու յատկապէս մանուկներուն, պատանիներուն եւ մանաւանդ ուսեալ երիտասարդութեան: Ըսէ՛ք. քանի՞ երիտասարդ կամ համալսարանաւարտ կայ հոգաբարձական, երեսփոխանական կազմերուն մէջ: Հայ եկեղեցին իր այս ընթացքով եւ գործելակերպով թերացած է, ձախողած է իր կոչումին եւ առաքելութեան մէջ:
7. Եթէ երեսփոխաններ հրահանգի եւ ճնշումի ենթարկուելով ընտրեցին Մուշեղը Առաջնորդ, ի՞նչ պիտի ըսեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածնի եկեղեցա-կանութիւնը եւ առհասարակ հայ հասարակութիւնը, հայ հաւատացեալը: Ի՞նչպէս հեղինակազրկուած, բարոյազուրկ Առաջնորդին հետ հայեր եւ օտարներ հաւասարէ հաւասար պիտի նստին: Ի՞նչպէս Խորան բարձրանայ եւ բարոյական շինծու դասեր տայ: Ի՞նչպէս եկեղեցիներ այցելէ եւ ժողովուրդին աչքերուն նայի կամ յարգանք ակնկալէ: Կը վախնանք, բայց կրնայ պատահիլ որ շատեր պատարագի կամ քարոզի ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ զինք խայտառակեն: Մ՞իթէ Կիլիկեան Աթոռը Մուշեղէն զատ ուրիշ որեւէ արժանաւոր եկեղեցական չունի՞: Եթէ չունի, ուրեմն աւելի խեղճ ենք եւ որքան սնանկացած ենք:
8. Մարդը բարոյական ու բանական արարած է: Մարդու մտքին գործունէութիւնը կամ պաշտօնը՝ ճշմարտութիւնը տեսնել, տրամաբանել, դատել ու եզրակացնել է: Եթէ այսօր ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը տեսնողներ կան ու կը խօսին, ականջ պէտք է տրուի անոնց արդարութիւն պահանջող աղաղակներուն: Հակառակ պարագային կը դառնանք թուլամորթներու, անողնայարներու անսկզբունք արարածներու, մարդամեքենաներու հաւաքականութիւն,– ենթակայ՝ վերէն եկող սխալ կամ ճիշդ հրահանգներու: Որովհետեւ նման մարդիկ կը կարծեն որ միայն իրենց տեսակէտն է ճշմարիտը եւ իրենց կողմին դատաստանը արդար է, ու կ‘անտեսեն ազգային-եկեղեցական գերագոյն շահերը, ժողովուրդին արդար ցասումի ձայնը կը խեղդեն: Բայց այս ամէնը մինչեւ ե՞րբ: Անսկզբունք մարդ արարածներ օր մը համարատու պիտի ըլլան ժողովուրդին ու Աստուծոյ արդար դատաստանին: Զգոյշ՝ մի ձգէք որ ամբոխները խելագարուին….
Ին~չ ըսել այս բոլորէն ետք։ Ու՞ր կը տանինք մեր Եկեղեցին այս ձեւով. Այ՞ս է իմաստութիւնը մեր Եկեղեցւոյ հայրերէն ժառանգուած օրինաչափութեան։ Ահաւասիկ թէ ինչու յաճախ մամուլով բարձրաղաղակ կ՚առաջարկենք Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը։ Ժամանակը հասած է որ մեր Եկեղեցւոյ հարցերը քննուին իրապաշտ մօտեցումով եւ ոչ թէ ինքնախաբէութեամբ եւ ժողովուրդը մոլորեցնելու մտադրութեամբ։ Դժբախտաբար Հայ Եկեղեցին մնացած է արարողութիւններու նեղ պարունակէն ներս եւ կապ չունի ապրող Հայ ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին հետ։ Աղանդաւորներու յաջողութիւնները Հայրենիքի եւ համասփիւռքեան մեր կեանքի մէջ յստակ յարացոյցներ են որ մեր եկեղեցին ձախողած է իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ, եւ հետեւաբար այս տխուր ընթացքով կարելի պիտի չըլլայ պահել եկեղեցւոյ ինքնութիւնն ու ամբողջականութիւնը. վկայ՝ մեր Եկեղեցւոյ թափուր նստարանները, եւ երիտասարդութեան ներգրաւումը օտար եկեղեցիներու կողմէ։ Այս կացութիւնը կը վտանգէ հայ ազգի գոյութեան պահպանման ամենակարեւոր հիմերը, եւ մենք պիտի չունենանք պահանջատէր յաջորդ սերունդը, նամանաւանդ որ այսօր ան կը մնայ արհամարհուած, եւ ոչ մէկ ձեւով սերտ առընչութիւն ունի մեր ազգային կեանքին հետ ։
Դժբախտաբար ժամանակակից մարդկութեան համար տնտեսութիւնը դարձած է կրօնք, այլ խօսքով՝ բարոյազրկուած է մարդկութիւնը իր բոլոր ազնիւ, աստուածատուր առաքինութիւններէն, եւ դրամը իրեն համար դարձած է նախապատիւ: ‘’Money talks,’’– ինչպէս կ՚ըսէ ամերիկացին, եւ մենք ալ որպէս հայ ժողովուրդ անմասն չենք մնացած այս սնանկ, թափուր փիլիսոփայութենէն։ Ամբարտաւանութեան տիղմին մէջ թաթախուած՝ կը մնանք մեր աթոռներուն փարած, մեր մարդկային ազնիւ առաքինութիւններէն պարպուած, կառչելով միայն մեր նիւթական զօրութեան։ Այսօրուան մեր առաջնորդական ընտրութիւնները կը յիշեցնեն երէկուան Պոլիսը եւ պատրիարքական աթոռի կռիւներն ու վաճառքը։ Այսօր միայն ամիրաներուն անուններն են փոխուած, եւ ուրիշ ոչինչ։ Յակոբ Պարոնեան եթէ ողջ ըլլար այսօր, նոյն բաները կրնար գրել առանց խղճահարելու։ Բարոյազրկուած է Եկեղեցին յանուն մամոնայի, որովհետեւ իր ծոցին մէջ սնուցած է յոյլ մը եկեղեցականներ, որոնք աշխարհականներու հետ համագործակցաբար կը կեղեքեն ազգն ու եկեղեցին, եւ զանոնք վերածած են շուկայական հաշիւներու, իրեն անհատական շահերը ապահովելու համար։
Մի քանի օր առաջ, ‘’Ասպարէզ’’ թերթին մէջ խմբագիր Աբօ Պողիկեանի ստորագրութեամբ հետաքրքարական վերլուծում մը կար մեր հաւաքական կեանքի գործունէութեան մասին: Խմբագիրը հետեւեալ ախտաճանաչումը կ’ընէր. “Եթէ մեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրարու հետ չեն համադրեր իրենց գործունէութիւնը, եթէ անոնց ղեկավարները իրենց աշխատանքները ծրագրելու ատեն նկատի չեն առներ միւսներուն կարելիութիւնները, ապա մեր հաւաքական ուժը կարելի չ’ըլլար կուտակումի հաշուարկներով կատարել: Կորուստներն ու կրկնութիւնները կը զրկեն համայնքը այնքա՛ն անհրաժեշտ միջոցներէ՝ մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ”: Որքա~ն ճշմարիտ են ըսուածները, եւ սակայն մեր քարոզութիւններն ու գործերը իրարու չեն համապատասխաներ։ Շրթնային ծառայութիւններէն խուսափինք եւ առիթ տանք մեր երիտասարդներուն որ արտայատուին մեր մամուլին միջոցաւ։ Չի բաւեր ըսել որ այսուհետեւ ազատ բեմ պիտի տրամադրենք: Գործով պէտք է փաստել նման յայտարարութիւնները: Երիտասարդութիւնն է մեր ապագան եւ ջահակիրը մեր արդար դատի պահանջատիրութեան։ Ժամանակն է Սթափումի…
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ