0

Ո՜Հ, ԻՆՉ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

 Երկար տարիներու ազնիւ բարեկամս, այս առաւօտ ուշադրութեանս յանձնեց յօդուած մը, գրուած Վերճիհան Զիլիֆլիօղլուի կողմէ եւ տպուած Թրքական Հիւրրիէթ Տէյլի Նիւզի (Hurriyet Daily News) 11 Հոկտ. 2012-ի համարին մէջ։  Հազիւ մի քանի պարբերութիւն կարդացած, արդէն արիւնս եռալու սկսաւ եւ պահ մը մթագնեցաւ ամբողջ էութիւնս եւ տրամաբանութիւնս յանկարծ կանգնեցաւ գործելէ։

            Պահ մը հանդարտելէ ետք, կրկին սկսայ կարդալ, եւ հազիւ աւարտած ընթերցումս՝ ահաւոր վիհեր բացուեցան հոգւոյս մէջ եւ յանկարծ շարժապատկերի ժապաւէնի մը նման աչքիս առջեւէն սկսան տողանցել մեր տեղահանութեան  կարաւանները, խաչափայտերու վրայ գամուած բռնաբարուած կոյս աղջիկներու մարմինները, Եփրատ գետի մէջ նետուող՝ իրենց կեանքի գարունը չապրած աղջիկներն ու նորահարս մայրերը, որովայնները ճեղքուած յղի կանանց աղիողորմ ճիչերը, մորթուած հաւու նման ցատկրտող գլխատուած մարմինները, իրենց մայրերը փնտռող երեխաներու երկինք հասնող լացերը, աւազի վրայ ծունկի եկած ծերունի մայրերու աղօթքներու խուլ կանչերը, իրենց ձեռքերը վեր բարձրացուցած գթութի՜ւն հայցող մայրերու պաղատանքները…եւ ահա յանկարծ կրկին կը մթագնի էութիւնս եւ յուզմունքի հսկայ ալիքներ կը տապալեն զիս իրենց անխնայ հարուածներուն տակ…: Չեմ հաւատար…։

Հարսանիքի լրատուութիւն մը պէ՞տք էր զիս այդքան խռովէր եւ փոթորկէր։  Ի՜նչ կայ որ. ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ.  հայ երիտասարդ մը  Մուրատ Գասպար անունով՝ անցեալ ամիս ամուսնացեր է թուրք աղջկան մը հետ, պսակի արարողութիւնն ալ կատարուեր է Պոլսոյ Հայ Առաքելական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ:  «Հիւրրիէթ»ն ալ լրատուութեան կողքին դրած է հարսանեկան արարողութենէն գունաւոր նկար մը, ուր կ’երեւան զուարթ դէմքերը ամուսնացող զոյգին, ինչպէս նաեւ արարողութիւնը կատարող քահանային, եւ այլոց: http://www.hurriyetdailynews.com/armenian-church-decides-to-end-blessing-mixed-marriages.aspx?pageID=238&nID=32147&NewsCatID=339

“Ո՞ւր էիր Աստուած, երբ կը խողխողուէր մի ամբողջ ժողովուրդ…”

Չէր բաւեր կարծես եղած սրբապղծութիւնը, թրքամոլ փեսան կը յանդգնի յայտարարել որ եկեղեցւոյ մէջ ամուսնանալը  աւանդութիւն է եւ հետեւաբար եկեղեցւոյ նոր արգելքը՝ որոշումը՝ թէ Հոկտեմբեր 1, 2012-էն սկսեալ, պիտի չարտօնուին նմանօրինակ պսակադրութիւններ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, զինք չափազանց անհանգստացուցած է։  Պահ մը մոռցած է թրքամոլ փեսան, որ մզկիթները միշտ բաց են իրեն համար, կրնայ իր ուզա՛ծ մզկիթը երթալ եւ ա՛յնտեղ ալ թլփատուիլ ու նաեւ թլփատել տալ իր ունենալիք զաւակները…։

2000 թուականէն սկսեալ այս տխրահռչակ արտօնութիւնը մեզի անյայտ ինչ-ինչ պատճառներով շնորհած էր օրուան պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Իրողութիւն մը որ մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց այդ օրերուն՝ մասնաւորաբար աւանդապահ Պոլսահայ գաղութէն ներս։

Եթէ, հասկնալի պարագաներու բերումով, Թուրքիոյ հայոց ազգային ղեկավարութիւնը հնարաւորութիւն չունի ազատ ու անկաշկանդ կերպով  ըլլա՛յ եկեղեցւոյ բեմերէն, ըլլայ հրապարակաւ՝ մամուլի կամ այլ հաղորդամիջոցներու օգտագործումով արծարծելու, քննարկելու տարիներէ ի վեր բաց գաղտնիք դարձած հայեւթուրք խառն ամուսնութիւններու ազգակործան ու ահռելի երեւոյթին հետեւանքները բովանդակ Թուրքիոյ տարածքին՝  այսօր սակայն, Արամ Արք. Աթէշեան, որպէս պատրիարքական փոխանորդ, համախորհուրդ իր ազգայիններուն հետ՝ ահաւասիկ առնակա՛նօրէն կը պաշտպանէ Հայց. Եկեղեցւոյ օրէնքը  եւ, ակնարկելով վերը յիշուած որոշման, «Հիւրրիյէթ»ի տուած իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կը յիշեցնէ, թէ ինք նոր օրէնք մը չէ որ կը դնէ, այլ ընդհակառակը՝ բեկանուած օրէնքը կը վերականգնէ։

Ահաւասիկ այս որոշում-յայտարարութիւնը կարգ մը թրքասէր եւ թրքամոլ վիժած հայերու մօտ, –չըսելու համար աւելին,– դժգոհութեան ալիք կը բարձրացնէ։ Անոնցմէ մին՝ Զաքարիա Միլտանօղլու անուն անձ մը, որուն համար կ’ըսուի որ երեւելի մէկ անդամն է պոլսահայ համայնքին, կը կատարէ հետեւեալ ամօթալի յայտարարութիւնը. “Երեսունհինգ տարի է որ ամուսնացած եմ թուրք կնոջ մը հետ: Թէեւ կինս կրօնափոխ եղաւ, բայց զաւակներս չմկրտուեցան։  Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, շատ բախտաւոր կը զգամ որ ամուսնացած եմ կնոջս հետ: Չեմ գիտեր թէ արդեօք այսքան երջանիկ պիտի ըլլայի՞ եթէ ամուսնացած ըլլայի հայուհիի մը հետ։  Միայն մայրս էր տխուր, –բայց ո՛չ մենք,– եւ առաւել տխրեցաւ երբ հայ եկեղեցին մերժեց մկրտել զաւակներս”։  Ո՜հ, ինչ ողբերգութիւն. դուն ո՛չ միայն անարգեցիր մայրդ, այլեւ ամբողջ հայութիւնը եւ թքնեցիր մեր նահատակներու անթաղ շիրիմներուն վրայ, որոնք խողխողուեցան թուրք կնոջդ նախահայրերուն ձեռքով։

Ուրիշ «հայ»ուհի մը՝ Քրիսթին անունով, որ չի փափաքիր իր մականունը բացայայտել, եւ որ որոշած է ամուսնանալ թուրքի մը հետ, եկած է պաշտպանելու վիժածներու այս ոհմակը, յայտարարելով.  “Պատրիարքարանի յայտարարութիւնը սխալ է, որովհետեւ կը սահմանափակէ իմ ազատութիւնս, եւ եթէ չեմ բացայայտեր իմ մականունս, պարզապէս անոր համար է՝ որ ընտանիքս եւ բարեկամներս չեն գիտեր իմ յարաբերութեանս մասին եւ կը վախնամ համայնքիս կողմէ իմ վրայ դրուելիք ճնշումներէն”: Դուն դժբախտ մըն ես, Քրիսթին, եւ քեզ յաւիտենապէս պիտի հալածեն մեր նահատակներու ուրուականները, քանի որ այդ քայլը կ’առնես գիտակցաբար։

Իսկ այս բոլորին մէջ ամենազարհուրելին՝ հայ քահանային գոհունա՜կ ժպիտն է արարողութեան ընթացքին։  Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ միւռոնով օծուած է այդ սեւազգեստ վաճառականը, բայց կրնամ ըսել որ Մուխթար Արթինէն (այն մատնիչէն՝ որ Ապրիլ 24, 1915-ի նախօրեակին հայ երեւելիներու եւ գրողներու տուները ցոյց տուաւ թուրք ոստիկանութեան) ո՛չ մէկ ձեւով կը տարբերի եւ արժանի է յաւիտենական գեհենի…։

Ու՞ր են մեր նուիրապետական Աթոռներու խօսնակները այսօր։ Ըսելիք չունի՞ն այս առիթով: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ժողովուրդին պատիւը։  Հայ դատին տրուած  խոշոր ապտակ մըն է այս կատարուածը, եւ մենք ամենայն սառնարիւնութեամբ կը դիտենք այս բոլորը՝ հանդիսատեսի անտարբերութեամբ։

Դարեր շարունակ Օսմանեան պետութիւնը հայաբնակ վայրերը պահեց ահուդողի մէջ, ճնշելով ծանր հարկերու տակ, սպառնալով հայու հաւատքին եւ ի գործ դնելով հարստահարութեան ամենէն անմարդկային եւ ճիւաղային միջոցները, որպէսզի քրիստոնեայ Հայաստանը ճնշուածի, հարկատուի, գերիի վիճակէն իր գլուխը չկարենայ բարձրացնել։ Այսօր՝ նոյն քաղաքականութիւնը կը շարունակէ ներկայ թուրք կառավարութիւնը տարբեր հանգամանքներով, տարբեր կերպարներու եւ գործելաձեւերու միջոցներով։  Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, ինչպէ՛ս կրնան մասնաւորաբար մեր աւանդապահ Պոլսահայ համայնքի զաւակները իւղ թափել մեր սրտերն ու հոգիները հրկիզող իրողութեան վրայ։ Ո՞ւր են մեր երիտասարդութեան խոհեմութիւնն ու պատիւը։  տակաւին չէ՛ լերդացած Տէր Զօրի աւազներուն վրայ թափուած մեր նահատակներուն արիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին՝ իրաւունք չունի՛նք  անարգելու եւ պղծելու մեր նահատակներուն յիշատակը։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

0

Write a Comment