0

ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԵՄ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԻ ՊԱՏՈՒՈՎ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՊԱՅՔԱՐՈՎ

Ամէն անգամ երբ ինծի հարց կը տրուի թէ ինչո՞ւ կը գրեմ մասնաւո-րաբար Հայց. Առաքելական Եկեղեցին յուզող հարցերու մասին, նոյն պատաս-խանը կու տամ առանց վարանելու. նախանձախնդիր եմ հայ եկեղեցականի պատուով եւ Հայ Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարով։

Շաբաթ մը առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջին վրայ կարդացի շատ շահեկան հաղորդագրութիւն մը, մեծ խնամքով եւ ճոխ բառամթերքով պատրաստուած։ Կարդալէ ետք հաղորդագրութիւնը չէի կրնար անտարբեր մնալ, որովհետեւ այդ հաղորդագրութիւնը իր բովանդակութեամբ՝ նախ կը կարօտի լուրջ մեկնաբանութեան ու ապա ճշգրիտ վերլուծումի։

Ամփոփ գիծերու մէջ վերլուծենք ներկայացուած կարգ մը յատկա-նշական կէտերը։

1.- “Ժողովական աշխատանքներուն մէկ կարեւոր բաժինը  յատկաց-ուեցաւ թեմերէն եկող մտահոգութիւններուն ու առաջադրանքներուն։ Թելադ-րուեցաւ թեմերուն որ իրենց ներքին դրուածքին ու պայմաններուն համապա-տասխան դիմեն այնպիսի քայլերու, որով կարելի ըլլայ գաղութներուն ներքին միասնականութիւնը ամրապնդել, ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջել, երիտասարդութեան յատուկ կարեւորութիւն տալ, հայ դպրոցը կանգուն պահել եւ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու տարածման կոչուած եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր աշխուժութիւն տալ”։  Ոհ որքա~ն գեղեցիկ եւ քաղցր կը հնչեն այս խօսքերը, երանի~ թէ իրականութիւններ ըլլային անոնք։ Այսօր Լոս Անճէլըսի գաղութը ճգնաժամային օրեր կ’ապրի Հայր Պար-թեւի մեկնումէն ի վեր։  Համասփիւռ հայութիւնը անկասկած կը կարդայ Ֆէյս Պուքի (FaceBook) http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-barthev/209992062422773 վրայ արձանագրուած յայտարարութիւններն ու երիտասարդական պոռթ-կումները։  Աննախընթաց ցոյցեր տեղի կ’ունենան հանրային վայրերու եւ եկեղեցիներու առջեւ։  Առաջնորդի հրաժարումը կը պահանջեն բարձրա-խօսներով։  Աքսորուած վարդապետին վերադարձը կը պահաջեն գրաւոր դիմումնագիրներով եւ ժողովրդային հաւաքներով: Մէկ խօսքով, խախտած է  գաղութին հաւասարակշռութիւնը, խախտած են Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ ազգային ժողովրդավարական կանոնները, եւ սակայն այս բոլորը կը հանդի-պին խուլ ականջներու։ Ողբա~մ զքեզ Հայ Եկեղեցի…

2.- Կրօնական ու հայեցի դաստիարակութիւնը միշտ նկատել  առաջնահերթութիւն։ Այս ուղղութեամբ մեր թեմերուն կողմէ կատարուող աշխատանքները գնահատելի են։ Սակայն, հարկ է վերատեսութեան ենթարկել ցարդ որդեգրուած մօտեցումները, մեթոտներն ու առաջնահերթութիւնները, որպէսզի մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքը դառնայ աւելի ազդու ու գրաւիչ”։ Այս մասին անդրադարձած եմ իմ նախորդ յօդուածներէս մէկուն մէջ եւ կատարած եմ որոշ ախտաճանաչումներ հայեցի դաստիա-րակութեան վերաբերեալ: Նոյնութեամբ կը կրկնեմ այստեղ. դժբախտաբար ձախողած են մեր դպրոցները իրենց առաքելութեան մէջ զանազան պատճառ-ներով: Կ’արժէ այստեղ առանց երկարաբանութիւններու կատարել կարգ մը պարզ ախտաճանաչումներ.-

ա. Նկատի ունենալով պետական հանրային ձրի վարժարաններու գոյութիւնը, մեր վարժարանները իրենց անմատչելի գիներով չեն կրնար հրապուրել ծնողներու շահագրգռութիւնը ազգային վարժարաններուն հան-դէպ, նամանաւանդ երկրի տնտեսական այս դժնդակ պայմաններու տակ։

բ. Մեր վարժարաններուն կը պակսին մասնաւորաբար՝ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան որակաւոր ուսուցիչներ, եւ այս իսկ պատճառով մեր երկրորդական վարժարաններու աւարտական աշակերտները չեն կրնար արտայայտել իրենց մտածումները յստակ, պարզ հայերէնով մը եւ անմիջապէս կը դիմեն անգլերէն լեզուի օգնութեան։

գ. Վարժարաններու մէջ աշխատող կամ գործող պաշտօնակազմի  մեծամասնութիւնը աշխատանքի գլուխ եկած է պարզապէս ո՛չ թէ իր ունեցած կրթական, դաստիարակչական պատրաստութեան որպէս հետեւանք, այլ շնորհիւ պարզապէս իր այս կամ այն խմբակին պատկանելիութեան, եւ կամ խնամիական ու բարեկամական կապերուն: Եւ ահաւասիկ, դժբախտաբար այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ’ունենան մեր երախաներու դատիարակութեան վրայ:

Իրենց յիսնամեակին պիտի մօտենան մեր կարգ մը ազգային վարժարանները, որոնք դժբախտաբար փակման սեմին կը կանգնին այսօր, եւ սակայն մենք պարզապէս տակաւին միա՛յն կը խօսինք մեր գործելակերպը վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականին մասին ու  ո՛չ մէկ գործնական քայլի կը դիմենք։ Ուր՞ կերթանք…:

3.- “Հարկ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդութեան, որով-հետեւ ան կը կազմէ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը։ Այնպիսի  ծրագիրներ հարկ է մշակել երիտասարդութեան համար, որոնք ըլլան համա-հունչ մեր արժէքներուն ու մեզ շրջապատող պայմաններուն”։  Ասկէ աւելի գեղեցիկ կերպով կարելի չէր ներկայացնել երիտասարդութեան կարեւո-րութիւնը մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, բայց ո՞ւր են մեր աշխատանքները։  Իմ խօսքս կը վերաբերի առաւելաբար Լոս Անճէլըսի երիտասարդութեան, ուր կ’ապրիմ աւելի քան 40 տարիներ։

Անցեալի իմ փորձառութենէս մեկնելով, ամէն անգամ որ երիտասար-դական շարժում մը սկսի Եկեղեցւոյ շուրջ եւ յաջողութեան նախանշաններ երեւնան, անպայման մութ ձեռքեր կը խորտակեն կամ կը խանգարեն այդ շարժումները։  Նոյնը պատահեցաւ այս գաղութի ժրաջան եկեղեցականներէն Հայր Միւռոն Ազնիկեանի պարագային, երբ ան հովիւ էր տակաւին Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ։

Այսօր անգամ մը եւս նոյն կացութեան առջեւ կը գտնուինք Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի արտաքսումով։  ԻՆչո՞ւ այս քինախնդրութիւնը եւ նախանձը։ Չէ՞ որ յաջողած էր վարդապետը իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ եւ իր շուրջ համախմբած էր երիտասարդական հսկայ խումբ մը։ միթէ այս չէ՞ Արամ Կաթողիկոսին պատգամը եւ թելադրութիւնը։ Կարելի՞ է ըսել որ Հայր Պարթեւի հոգեւոր մատակարարութիւնը համահունչ չէր մեր եկեղեցական եւ ազգային արժէքներուն հետ: Անշո՛ւշտ ոչ։ Հապա ինչո՞ւ, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ՝ “մտրակել վազող ձին”…:

4.- “Մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մօտէն հետեւիլ հոգեւոր շարժումներու գործունէութեան, զանոնք մեր եկեղեցւոյ անմիջական հովանիին տակ պահելով, եւ ընդհանրապէս քաջալերելով հոգեւոր արժէքներու տարածումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս”։  Ահաւասիկ հոգեւոր շարժում-ներու գործունէութեան մէջ յաջողած վարդապետը արտաքսեցին, եւ այսօր Դուք, Վեհափառ Հա՛յր, միայն խօսքերու ծիրին մէջ մնալով սառնարիւն կը դիտէք այս ահաւոր դժբախտութիւնը։  Հովուապետական Ձեր այցելութեան առիթով, բեմերէն արտասանուած Ձեր բոլոր խօսքերը արդէն ցնդած են օդին մէջ, եւ մեզի գործնականօրէն հաւաստիացումը չտուիք որ Դուք կը հաւատաք Ձեր քարոզներուն։

5.- “Շուրջ տասնըհինգ տաիներ առաջ ընթացք ստացած Աստուածաշունչի թարգմանական աշխատանքը արեւմտահայերէնի՝  արագա-ցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ մօտ ապագային Աստուծաշունչի ամբողջական հրատարակութիւնը իրագործել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ”։ Ինծի ծանօթ այս աշխատանքը որ իր աշխուժութեան գագաթնակէտին մէջն էր հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի ողջութեան, յանկարծ դանդաղեցաւ պարզապէս անոր համար որ նախապատուութիւն տրուեցաւ ա՛յլ իրագործումներու, եւ Զարեհ Արքեպիսկոպոսի համագործակիցները լծուեցան ա՛յլ աշխատանքներու, մասնաւորաբար թեմական կեանքէն ներս։  Եթէ իսկապէս այդքան անհրաժեշտ էր այս աշխատանքը, այս գործին նուիրուող խմբակը պէտք էր մնար հեռու բոլոր ա՛յլ աշխատանքներէ եւ աւարտէր այս կոթողական գործը։ Տասնըհինգ տարի՞… եւ տակաւին կը մտածե՜նք արագացնելու մասին…:

6.- “Դպրեվանքը մեր Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան կիզակէտն է։ Անհարժեշտ է Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկել եւ նոր ուսանողներ ունենալ նաեւ Միջին Արեւելեան այլ երկիրներէն եւ Հիւսիսայի Ամերիկայէն”։ Անկասկած որ բոլորս ալ կը հաւատանք թէ Դպրե-վանքը Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտն է:  Բայց յետոյ ի՞նչ։ Վաթսուն տարիներ անցան եւ տակաւին կը խօսուի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու մասին։ Նոյն առաջարկը ըրած են մեր նախորդ սերունդները, ինչպէս եւ մեզմէ ետք եկող սերունդները, եւ տակաւին թութակի պէս կը կրկնենք անհրաժեշտութիւնը կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու:  Ծիծաղելի չէ՞ արդեօք։

Բոլոր անոնք որոնք իրենց դպրեվանքեան ուսումէն ետք ուզեցին  շարունակել իրենց համալսարանական ուսումը, դէմ յանդիման եկան ահաւոր հոգեկան փլուզումի, որովհետեւ զգացին միջակութիւնը, չըսելու համար աղքատութիւնն ու ողորմելիութիւնը իրենց ստացած ուսումին։ Կ’ակնարկեմ Ընծայարանը աւարտող աշակերտներուն։ Իսկ անոնք որոնք Ժառանգաւորաց բաժինէն հեռացան, աւելի դժբախտացան, որովհետեւ  համահաւասար դասարաններու մէջ չընդունուեցան նոյնիսկ մեր ազգային կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ։ Իսկ այսօր աւելի դառն է պարագան։  Հոս կը վկայակոչեմ այս տարուան սկզբին, Արամ Վեհափառին յատուկ հրաւէրով Դպրեվանք հրաւիրուած դասախօս, կրկնակի մագիստրոսական տիտղոս ունեցող եւ այժմ իր դոկտորական աւարտաճառին վրայ աշխատող՝  երիտասարդ  Ճորճ Լէյլէկեան Սարկաւագը,  որ ինծի ուղղուած նամակի մը մէջ հետեւեալ ախտաճանաչումները կ’ընէ Գալիֆորնիա իր վերադարձէն ետք.

Ինծի համար մեծ փորձառութիւն եղաւ այցելութիւնս։ Ցաւ ի սիրտ պիտի ըսեմ որ Դպրեվանքի ուսանողներ բացարձակապէս անտեղեակ են եւ նուազագոյն գաղափարն իսկ չունին թէ ի՞նչ կը կատարուի Հիւսիսային Ամերիկայի մեր եկեղեցիներուն եւ գաղութներուն մէջ”։ 

Շատ աւելի տխուր պատկեր կը ներկայացնէ ուսումնական  մակար-դակը։ Ո՛չ Լիբանանեան, եւ ոչ ալ Սուրիական Կրթական նախարար-ութիւնները վաւերացուցած են եւ կը ճանչնան Դպրեվանքի վկայականները։ Բոլոր անոնք որոնք կ’աւարտեն Ժառանգաւորաց վարժարանը, հազիւ թէ (ամերիկեան) նախակրթարանի հինգերորդ դասարանի համահաւասար ուսում ունին։ Իսկ գալով Ընծայարանի չորրորդ դասարանի աւարտական-ներուն, որոնք պատրաստ են կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութեան այս Յունիսին, երբեք չեն սորված Խորհրդատետրի աղօթքները։ Հետեւաբար ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել այս թեկնածուներէն որ գաղափար ունենան Հովուական Առաքելութեան (Pastoral Care) եւ Ամուսնական խորհրդա-տուութեան (Marriage Counseling) ասպարէզներուն մասին: Հաւանաբար եթէ վերադառնան Գամիշլի կամ Քեսապ, իրենց կիսկատար գիտութեամբ՝  միայն կրնան ծիսակատարներ ըլլալ, եւ ո՛չ գիտակից  հաստատ հովիւներ”։

“Այս փորձառութիւնս պատճառ եղաւ որ իմանամ թէ ինչո՛ւ մեր եկեղեցականները կը մտածեն եւ կը գործեն այնպէս՝  ինչպէս այսօր կը տեսնենք մեր գաղութներուն մէջ։ Կարգապահութեան/հնազանդութեան (Discipline) բացակայութիւնը, Հովուական եւ ընհանուր Աստուածաբանական գիտութեանց  բացակայութիւնը երբ կը տիրապետէ, այլեւս  ի՞նչ կարելի է սպասել։ Աւելին՝ առանց օրինական վկայականներու վաւերացումին, վերեւ յիշուած շրջանաւարտներէն եւ ոչ մէկը պիտի կարողանայ համալսարան մտնել, բացի այն պարագային երբ անոնք կը դիմեն ոչ-հաստատուած (non-accredited) հաստատութիւններու”։

“Սուրիահայերու պարագային շատ աւելի վատ է վիճակը։  Ժառանգա-ւորաց Վարժարանը աւարտող աշակերտը երբ չուզէ շարունակել իր կրօնաւո-րական ուսումը Ընծայարանի բաժնին մէջ եւ վերադառնայ Սուրիա, պարտա-ւոր է բանակին մէջ ծառայել, եւ որովհետեւ չունի Կրթական նախարարութեան կողմէ ճանաչուած  երկրորդական վարժարանի ուսումը, պարտաւոր է ստանձ-նել ամենէն ստորին պարտականութիւնները բանակէն ներս – լուացքատան եւ աղբահաւաքի պաշտօններ”։

“Ծանօթ ըլլալով ձեզի նման դպրեվանեցիներուն, որոնք իրենց ուսումը ստացան նախ քան Լիբանանի քաղացիական պատերազմը, անոնք ստացան շատ աւելի ամուր/հաստատ բարձրորակ ուսում քան այսօրուան դպրեվա-նեցիները։   Չի բաւեր ախտաճանաչումներ ընել, անհրաժեշտ է աշխատիլ եւ մտածել թէ ի՞նչ կարելիութիւններ կան ներկայ կացութիւնը փոխելու’’։

Այո, Բարեշնորհ Ճորճ Սարկաւագ. ախտաճանաչումներդ շատ տեղին են։ Այս մասին կը խօսուի վերջին յիսուն տարիներուն, եւ տակաւին, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ. “Սանդին մէջ ջուր կը ծեծենք”։ Մեր սերունդը բախտաւոր էր որովհետեւ  ունէինք արժանաւոր, պատրաստուած ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ – Բիւզանդ Եղիայեան (նախկին տնօրէն Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան), Շահան Պէրպէրեան (իմաստասէր եւ բազմատաղանդ դաստիարակ), Սիմոն Սիմոնեան (հմուտ գրաբարագէտ եւ գիտական աշխատակից հոգելոյս Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի), Խորէն Գաբիկեան (բազմահմուտ պատմաբան),Եդուարդ Տասնապետեան (հայագէտ), Մուշեղ Իշխան (բանաստեղծ), Անուշաւան Սիմոնեան  (Անգլիական Կաճառի անդամ), Գէորգ Գանտահարեան (դաստիարակ, երաժիշտ), Երուանդ Բամպուքեան (պատմաբան), եւ ուրիշներ, որոնք կը հաւատային իրենց առաքելութեան եւ տուին իրենց լաւագոյնը նոր սերունդի պատրաստութեան համար։ Մեզի կը մնայ յայտնել մեր երախտագիտական զգացումները այս յոյլ մը նուիրեալներուն։

7.- ‘‘Վերջին հինգ տարիներուն Դպրեվանքէն անջատուելով Անթիլիասի  Մայրավանքին մէջ հաստատուած էր քահանայից պատրաստութեան յատուկ դասընթացքը։ Հետեւողական աշխատանք տանիլ թեմերէն նոր թեկնածուներ ունենալու, որպէսզի կարելի ըլլայ երիտասարդ քահանաներու պատրաս-տութեամբ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր թափ տալ’’։  Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարեմ որ այս դասընթացքները աւարտողներէն միայն մեռելաթաղ քահանաներ ելած են։ ‘‘Ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի’’ կ’ըսէ առածը: Իրենց ասպարէզներուն մէջ ձախողած եւ մի քանի ամիս Քահանայից դասընթացք-ներու հետեւող անձնաւորութիւնները միայն խորհրդակատար կրնան ըլլան եւ ուրիշ ոչինչ։  Մի քանի ամսուան մէջ կօշկակարութիւն նոյնիսկ կարելի չէ սոր-վիլ, ո՜ւր մնաց Քահանայութիւն…:  Համալսարանական նոր սերունդին ի՞նչ կրնան տալ այս սնանկները…: Յո՞ երթաս Հայ Եկեղեցի, ինչպէ՞ս պիտի մատակարարես քու ժողովուրդիդ կրօնադաստիարակչական ծով կարիքները։  Հիմա կը հասկնա՞ք, սիրելի ընթերցողներ, թէ ինչո՞ւ մեր երիտասարդութիւնը կը հեռանայ մեր եկեղեցիներէն եւ կը յաճախէ օտար եկեղեցիներ, թէ ինչո՞ւ աղանդաւորներ կը յաջողին իրենց մարդորսորդութեան մէջ. որովհետեւ մենք չենք պատրաստեր արժանաւոր մշակներ մեր Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին, պատրաստուածներն ալ ոտքով կը հրենք՝ մեր եսասիրութենէն, նախանձէն եւ քինախնդրութենէն մղուած։

8.- Միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններ։ Անկասկած որ կը նպաստեն մեր եկեղեցւոյ վարկին ու մեր ազգային պահանջատիրութեան եթէ փափաքին անշուշտ եւ իրենց քաղաքականութեան խաղաքարտին չվերածեն զայն։

9.- “Հայ Աւետարանական ու Կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ մեր Սուրբ  Աթոռին յարաբերութիւնը կը նկատենք կենսական”։ Անկասկած որ ան պէտք է ըլլայ բոլոր մակարդակներու վրայ, կրօնական թէ ազգային, որովհետեւ մեր թշնամին իր եաթաղանը ճօճած ատեն չհարցուց թէ ո՛ր յարանուանութեան կը պատկանէր իր զոհը:  Այսօր, քսանմէկերորդ դարուն մէջ, աւելորդ է վիճիլ աստուածաբանական տարակարծութիւններու եւ մեկնութիւններու վրայ, երբ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհը դէմ յանդիման կը գտնուի իսլամ ծայրայեղական շարժումին հետ։

10.- Ազգային պահանջատիրութիւնը պէտք է ըլլայ արեան կանչը իւրա-քանչիւր հայուն, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի ան։

11.- “Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը համահայկական առաջնա-հերթութիւն մըն է”։ Բարձրաղաղակ ԱՅՈ: Ո՞վ կրնայ հակառակը ժխտել, բայց ո՞ւր են գործնական քայլերը…: Երբ՞ պիտի դադրինք խօսելէ եւ նուիրուինք գործի:

12.- “Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ համապարփակ ու սերտ գործակցութիւն”։ Հազիւ թէ այս տողերը կարդացի, ինքնաբերաբար “ԱՄԷՆ” մը եկաւ ներսէս։ 1956-էն կը լսենք այս խօսքերը եւ տակաւին կը լսենք։ ԻՆՉՈ՞Ւ… որովհետեւ չենք հաւատար մեր ըսածներուն։ Համատարած է քաղցկեղը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։  Մեզի կը պակսի՝ ՀԱՒԱՏՔ, ՍԷՐ ԵՒ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԻՒՆ: Արդեօ՞ք կարիքը կայ աւելին ըսելու։ Մեր բոլորին ալ ցաւը այս է, բայց ազգովինք չենք մտածեր լուծումի մը մասին։  Ես քիչ ըսեմ, դուք շատ հասկցէք…: Արթննալու ժամն է…:

13.- Ղարաբաղի Նոր Կիլիկիա գիւղին մէջ բնակարաններու շինութիւն: Յոյժ գնահատելի ձեռնարկ: Երանի՜ վարակիչ ըլլայ այս օրինակը համասփիւռ հայութեան։

14.- Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւն: Անմիջապէս միտքս եկաւ “Բարի Լոյս” ըսել: Արդեօ՞ք նոր կ’անդրադառնանք մեր սխալին երբ քաղցկեղը հասած է ոսկորին եւ ոտքը անդամահատուելու վտանգին առջեւ կը կանգնի, այլ խօսքով ամբողջ սփիւռքահայութեան գոյութիւնն ու ինքնութիւնը հարցականի տակ է այսօր։ Շատ բան կայ ըսելիք այս մասին, բայց պիտի  փափաքէի առանձին յօդուածով մը անդրադառնալ այդ ուղղութեամբ։

15.- Մարդուժի արձանագրութիւն: Այս ծրագիրը կրնայ յաջողիլ այն պարագային երբ խտրութիւն չէք դներ դաւանական եւ կուսակցական պատկանելիութեան, եւ անձնական ձեր քմահաճոյքները կ’անտեսէք  ու չէք  մերժեր ձեզի համար  ոչ-ցանկալի անձնաւորութիւններ։ Իւրաքանչիւր հայ պարտք մը ունի տալիք իր ազգին՝ իր արժանիքներու կարողութեան չափով։

16. Իմ սրտիս ամենէն շատ խօսող կէտը Միաբանական հանդիպումի կարեւորութեան շեշտաւորումն է, ուր կ’ըսուի թէ պէտք է կարեւորութիւն ընծայել միաբանական կեանքի հոգեւոր, մտաւոր ու ծառայական երեսներուն։ Թէեւ շատ բան կայ գրելիք այս մասին, բայց պիտի բաւարարուիմ հակիրճ ախտաճանաչումներ ընել ու անցնիլ, որովհետեւ առանձին ընդարձակ յօդուածաշարք մը կը պատրաստեմ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին։

ա. Նախ յստակ պէտք է հասկնալ թէ ինչ կը նշանակէ Միաբանութիւն եւ ինչ են օրինական եւ բարոյական պարտաւորութիւնները միաբանի մը։  Ներկայիս աւելորդ նոյնիսկ կը նկատեմ գործածել միաբանութիւն բառը, որովհետեւ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար ըսել անմիաբանութիւն, իրականութիւն մը որ դժբախտաբար կը տիրէ մեր բոլոր նուիրապետական Աթոռներուն  եւ վանքերուն մէջ, պարզապէս անոր համար որ ՍԷՐ չունինք, այլ խօսքով՝ այն շաղախը որ մեզ՝ հոգեւոր եղբայրներս իրարու կը շաղկապէ։

բ. Անմիաբանութեան դրսեւորումը տեսած ենք եւ կը տեսնենք տակաւին գործնականօրէն ամէն տեղ։ Ես միայն կրնամ խօսիլ այն միաբանութեան  մասին, որուն երբեմնի մէկ անդամը եղած եմ։  պարզ մի քանի օրինակներով միտքս պարզեմ առանց անուններ տալու։  Այսօր միաբանութեան աւագ սերունդէն բազմաթիւ եկեղեցականներ քաղաքավար եւ երբեմն ալ ոչ-քաղաքավար կերպով արտաքսուած են մայրավանքէն եւ կ’ապրին օտար ափերու վրայ, հոգեւոր սնանկութեան մէջ, պարզ աշխարհականի մը նման։ Երկար տարիներու հոգեւոր ծառայութենէն ետք ինչո՞ւ թափառական մնալու փոխարէն՝  իրենց հարազատ տան մէջ պիտի չապրին անոնք, օրինակ ծառայե-լով իրենց կրտսերներուն։ Այս անփառունակ վախճա՞նն է իրենց տարիներու աշխատանքին վարձատրութիւնը։

գ.- Թէեւ Հայր Պարթեւի արտաքսումը թեմական-տեղական հարց է, որուն լուծման իրենց բաժինը կրնան միայն բերել թեմականներ եւ Արամ Կաթողիկոս, բայց չէ՞ք անդրադառնար հոգեշնորհ թէ՛ բարձրաշնորհ միա-բաննե՛ր, որ ամբողջ միաբանութեան մը արժանապատուութիւնն է որ խնդրոյ առարկայ է այստեղ։ Ի՞նչ պիտի մտածէիք ու զգայիք արդեօք՝ եթէ դո՛ւք ըլլայիք Հայր Պարթեւին տեղ, ո՛չ իր մեղքով, եւ սակայն հասարակ յանցագործի մը նման ձեռնակապերով կաշկանդուած՝ Լոս Աճէլըսի միջազգային օդակայանի ապահովական բաժանմունքին մէջ, եւ ձեր միաբանակից աւագ ու փոքր եղբայրները սառնարիւն ու անտարբեր մնային ի տես ձեր կրած այս անարգական վերաբերմունքին…:   Դէ՛հ, ե՛կ վարդապետ եւ մի՛ խենդանար…:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

0

Write a Comment