Նկատի ունենալով որ թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը Հայց. Եկեղեցիէն ներս կանոնաւորելու պարտականութիւնը գլխաւորապէս կը ծանրանայ Եկեղեցւոյ գերագոյն իշխանութեան վրայ, որուն գլուխն է կաթողիկոսը, հարկ կը նկատենք աւելի խոր վերլուծել Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան առաքելութիւնը։
Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կեանքի առաջին օրերուն, յստակ պատկեր մը կար Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան մօտ – անհատ եկեղեցիներու եղբայրական միութիւնը։ Օտարազգի եւ օտարալեզու եկեղեցիներ, հակառակ այն իրողութեան որ անկախօրէն կը ղեկավարուէին, քրիստոնէական միութեան իսկական ոգիին համաձայն ներդաշնակ կեանք մը կ՛ապրէին մինչեւ 451 թուականը, երբ Քաղկեդոնի ժողովէն ետք եկեղեցիներ սկսան իրարմէ բաժնուիլ։
Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կեանքի հիմը կը կազմէր Աւետարանի ոգին, առաքեալներու կողմէ սահմանուած ժողովական սկզբունքներու կատարումով, որովհետեւ գերագոյն օրինակը առնուած էր նոյն ինքն Քրիստոսէ, որ իր աշակերտներուն շնորհեց համահաւասար իրաւունք աւետարանելու եւ ղեկավարելու աշխարհի բոլոր եկեղեցիները ։
Քրիստոնէական Եկեղեցին, իր առաջին օրերուն, բաղկացած ըլլալով հանդերձ տարբեր-տարբեր տեղական եկեղեցիներէ, այնու ամենայնիւ ունէր համամարդկային բնոյթ եւ նկարագիր: Այս մասին Կիպրիանոս հետաքրքրական հաստատում մը կ՛ընէ, ըսելով թէ «բոլոր Առաքեալները շնորհուած են հաւասար պատուով եւ իշխանութեամբ, բոլորն ալ Քրիստոսի հօտը հովուող հովիւներ են… Քրիստոս հիմնեց մէկ եկեղեցի, թէեւ տարածուեցաւ ան աշխարհի չորս ծագերը… ընդհանրական եկեղեցին մէկ է, անբաժան եւ անքակտելի եւ ճիշդ անոր համար կապուած պէտք է ըլլայ բոլոր նուիրապետութեանց փոխադարձ կապով»։
Ազգային-տեղական եկեղեցիներու հիմը դրին նոյն ինքն Առաքեալները, որոնք ճամբորդելով աշխարհի չորս ծագերը, հաստատեցին առանձին եկեղեցիներ։ Այս նորահաստատ եկեղեցիները ունէին իրենց անկախ կառավարիչները եւ կը գործէին համահունչ ընհանրական եկեղեցւոյ ոգիով։
Առաջին անկախ եկեղեցին հիմնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ, ուր իբրեւ կեդրոն Առաքեալները կը հաւաքուէին խորհրդակցութեանց համար եւ կը հոգային կարիքները նորհաստատ եկեղեցիներու։ Երուսաղէմէն դուրս կային նաեւ այլ նորահաստատ տեղական եկեղեցիներ, ինչպէս՝ Կորնթացւոց, Եփեսացւոց, Գաղատացւոց, Մակեդոնացւոց եւ այլ շրջաններ, որոնք Հռոմէական իշխանութեան տակ կը գտնուէին, եւ որոնք կը ղեկավարուէին Առաքեալներու հովանաւորութեամբ եւ անոնց կողմէ հաստատուած կամ նշանակուած գործադիր անդամներով։
Տեղական–ազգային եկեղեցիներու շարքին կը պատկանի նաեւ Հայոց Եկեղեցին։ Մինչեւ Գրիգոր Լուսաւորիչի յայտնուիլը մեր պատմութեան թատերաբեմին վրայ, կային բազմաթիւ քրիստոնեայ հայ համայնքներ Փոքր Հայքի, ինչպէս նաեւ Կեսարիայի, Սեբաստիայի եւ Ասորիներու կից սահմաններու մէջ։ Ագաթանգեղոս պատմիչ, որ այնքան մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Լուսաւորիչի գործունէութիւնը, ոչինչ գրած է Թադէոս եւ Բարթողիմէոս Առաքեալներու Եդեսիա գալուն մասին։ Դ. դարու պատմիչ Փաւստոս Բուզանդն է որ իր պատմութիւնը կը սկսի Թադէոս Առաքեալով, ինչպէս նաեւ Խորենացին, որ կը վկայէ թէ Ս. Թադէոս Առաքեալի Աթոռին վրայ բազմեցաւ Գրիգոր Լուսաւորիչ։
Ագաթանգեղոս սակայն կը վկայէ թէ որքա՛ն արագութեամբ քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ Հայաստանի մէջ «ի ծագաց մինչեւ ի ծագս» եւ ձեռնադրեց, –կ՛ըսէ Գրիգոր Լուսաւորչի համար,– աւելի քան չորս հարիւր եպիսկոպոս, անթիւ քահանաներ եւ սարկաւագներ։
Բացի հայկական աղբիւրներէն, ունինք նաեւ արտաքին աղբիւրներ, ինչպէս Ընդհանուր Եկեղեցւոյ Հայրեր՝ Տերտուղիանոս, Եւսեբիոս եւ Փիրմիլիանոս, որոնք կը վկայեն քրիստոնեայ հայերու մասին նախ քան Գրիգոր Լուսաւորիչը։ Թէ ինչպէ՞ս կը ղեկավարուէր նախա-Լուսաւորչեան Հայոց Եկեղեցին եւ ի՞նչ կանոններով,– այդ մասին յստակ տեղեկութիւններ չունինք, բայց նկատի ունենալով նոյն շրջանի ընդհանուր քրիստոնեայ եկեղեցւոյ կացութիւնը, կրնանք եզրակացնել որ Հայոց Եկեղեցին ալ, իբրեւ մաս Ընդհանուր Եկեղեցւոյ, կը կառավարուէր հայ ու հաւանաբար նաեւ կարգ մը օտարազգի եպիսկոպոսներով, որոնք կը կառավարէին Եկեղեցին Ընդհանուր Եկեղեցւոյ կանոններով, ինչպէս կը յիշատակէ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարք իր «Ազգապատում»ին մէջ:
Գրերու գիւտէն ետք սակայն, երբ Ս. Գիրքը թարգմանուեցաւ հայերէնի, եւ հայ եկեղեցիներու մէջ հնչեցին հայերէն ժամերգութիւններն ու պատարագները՝ ամէն ինչ դարձաւ ազգային։ Սահակ եւ Մեսրոպ տաս տարուան ընթացքին հայերէնի վերափոխեցին ամէն ինչ. լեզու, Աւետարան, սուրբեր, վանքեր, նոյնիսկ Աստուած։
Դ. դարու սկիզբէն, հայոց կաթողիկոսները՝ սկսած Լուսաւորիչէն՝ կը վայելէին այն իրաւունքները զորս ունէին պատրիարքները։ Պատրիարք կը նշանակէ նահապետ, ցեղապետ, ժողովրդապետ։ Հրեաներու նախահայրերը կը կոչուէին պատրիարքներ։ Հրեաները ունէին երկու պատրիարքներ՝ մէկը Բաբելոնի եւ միւսն ալ Տիբերիադի մէջ, որ նաեւ կը հսկէր այն հրեաներուն վրայ որոնք կ՛ապրէին Հռոմէական Կայսրութեան մէջ։ Երուսաղէմի կործանումէն ետք, Դաւիթէն սկսած մինչեւ Ե. դար գործածուեցաւ այդ տիտղոսը յաջորդաբար ու ապա դադրեցաւ անոր գործածութիւնը։
Աղեքսանդրիայի արքեպիսկոպոսը, որ շատ մետրոպոլիտներ ունէր իր ձեռքին տակ, կը կատարէր նաեւ ձեռնադրութիւններ, բայց պատրիարք չէր կոչուէր։ Միայն Զ. ‘Տիեզերական’ ժողովն էր որ իր 36 կանոններով որոշեց պատրիարքութեան տեղերը եւ կարգը, առաջին համարելով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը, որ իր «տիեզերական» տիտղոսը ստացաւ 512 թուականին։
Հայ Եկեղեցւոյ վարչական ձեւը, շատ նման էր Եգիպտոսի Եկեղեցւոյ վարչակարգին։ Ինչպէս նշեցի քիչ մը վերեւ, Աղեքսանդրայի արքեպիսկոպոսը ունէր պատրիարքական իրաւունք։ Իրաւունք ունէր ձեռնադրելու եւ կրնար ձեռնադրել մետրապոլիտներ եւ եպիսկոպոսներ։ Ահաւասիկ այս վարչակարգը ամբողջութեամբ որդեգրուեցաւ Հայ Եկեղեցիին կողմէ Գրիգոր Լուսաւորիչի օրով։ Հայոց կաթողիկոսը ոչ միայն եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրէր առաջնորդութեան համար, այլ նաեւ կը ձեռնադրէր Վրաց եւ Աղուանից կաթողիկոսները։
Ագաթանգեղոս պատմիչ լայնօրէն եւ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Գրիգոր Լուսաւորչի ընտրութեան եւ ձեռնադրութեան մանրամասնութիւնները։ Շատ յատկանշական է այստեղ մասնակցութիւնը աշխարհական դասուն: Տրդատ Թագաւոր Լուսաւորիչը հոգեւոր պետ ընտրելու համար հրաման ղրկեց բոլոր դասակարգի մարդոց որպէսզի ժողովի մասնակցին. «Իսկ թագաւորն Տրդատիոս հանդերձ միաբանութեամբ կնաւ իւրով Աշխէն տիկնաւ, եւ քերբ Խոսրովիդխտով, հրաման ետ ի ժողով կոչել միաբանութեամբ ամենայն զօրաց իւրոց։ Եւ վաղվաղակի հասանէին ի ժամադիրն ի կողմանց ըստ հրամանին՝ յԱյրարատ գաւառ ի Վաղարշապատ քաղաքն։ Քանզի եւ թագաւորն չու արարեալ անդր հասանէր։ Եւ կուտեցան զօրքն ամենայն եւ մեծամեծք եւ կուսակալք, գաւառակալք, պատուաւորք պատուականք, զօրավարք, պետք եւ իշխանք, նախարարք եւ ազատք, դատաւորք եւ զօրագլուխք, հասեալ կային առաջի թագաւորին: … Եկայք ասէ (թագաւորն), ճեպեսցուք՝ զայս զառաջնորդ կենաց մերոց տուեալ մեզ յԱստուծոյ զԳրիգոր՝ հովիւ կացուցանել …» (Ագաթ. ՃԺԱ)։
Պատմութենէն գիտենք որ Լուսաւորչի ժամանակ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն էր միայն, եւ ձեռնադրուած եպիսկոպոսը որպէս եպիսկոպոսապետ-կաթողիկոս՝ չէր ձեռնադրուեր երրորդ անգամ։ Ագաթանգեղոս հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ թէ Տրդատ թագաւոր իր իշխաններով խնդրեց Լուսաւորիչէն որ իրեն յաջորդ կաթողիկոս նշանակէ իր որդին Արիստակէսը. «Արդ աղաչեաց երանելի թագաւորն Տրդատ զսուրբն Գրիգորիոս, զի … ձեռնադրեսցէ տացէ նմա եպիսկոպոս զսուրբ որդին իւր զոր ետ ածել ինքն՝ զՌըստակէս: Զոր ձեռնադրեաց յեպիսկոպոսութիւն փոխանակ իւր. … եւ յետ նորա կալաւ զտեղի հայրենեացն, անդէն նստաւ յաթոռ կաթողիկոսութեան Հայոց մեծաց: » (Ագաթ. ՃԻԴ)։
Ձեռնադրութեան հետ կաթողիկոսական օծումի մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները բաւական չեն որոշելու թէ ե՛րբ սկսած է ան։ Օծման սովորութիւնը շատ հինէն կու գայ: Եգիպտոսի փարաւոններու գլխուն թագ դնելու ժամանակ քրմապետներ իւղ կը թափէին։ Հրէական պատմութեան մէջ ալ կը յիշատակուի որ Դաւիթ թագաւոր օծուեցաւ։ Կայսրեր եւ թագաւորներ ալ կ՛օծուէին, որպէսզի աստուածային ողորմութիւնը իջնէ անոնց վրայ։
Չենք կրնար ըսել թէ ե՞րբ մտաւ Օծման Կարգը ձեռնադրութեան մէջ։ Պատմութենէն մեզի հասած տեղեկութիւնները պակասաւոր են։ Ժ. դարուն միայն, Ստեփանոս Օրբելեան կը յիշատակէ Վահան կաթողիկոսի ձեռնադրութիւնը (968-69) եւ կ’ըսէ որ կաթողիկոս օծեցին զինք։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան կը կարծէ որ ձեռնադրութեան ժամանակ օծելու սովորութիւնը Ներսէս Շնորհալի (կամ Կլայեցի) Հայրապետի (1166-1173) ժամանակ ներմուծուած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, Լատին եկեղեցւոյ հետեւողութեամբ։
Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսած, կաթողիկոսական Աթոռը մեծ պատուի եւ յարգանքի արժանացաւ մինչեւ Սահակ Պարթեւ, որովհետեւ իշխանութիւնը շարունակութիւնն էր քրմապետութեան, որոնք ընդհանրապէս կ՛ընտրուէին թագաւորական ցեղէն։ Փաւստոս Բուզանդ կը վկայէ թէ ինչպէ՛ս երբ Տիրան Թագաւոր եկեղեցի մտնել ուզեց՝ Յուսիկ Կաթողիկոս դէմ դուրս գալով չթողուց որ թագաւորը ներս մտնէ, զայն արժանի չնկատելով եկեղեցի մուտք գործելու։
Կաթողիկոսները իբրեւ գլուխ եկեղեցւոյ ունէին լայն իրաւունքներ՝ տօներ սահմանելու, սուրբերու, մարտիրոսներու եւ նահատակներու յիշատակի տօնախմբութիւններ որոշելու։ Կ՛արժէ յիշատակել այստեղ մի քանին անոնցմէ։ Գրիգոր Լուսաւորիչ Յովհաննէս Մկրտիչի տօնը սահմանեց։ Վրթանէս կաթողիկոս պատերազմի դաշտի վրայ մեռածներուն՝ նահատակաց տօն որոշեց։ Հայոց թագաւորներ օծելու իրաւունքը վերապահուած էր կաթողիկոսներուն ։
Ազգային եկեղեցական ժողովներ հրաւիրելու իրաւունքը կը պատկանէր կաթողիկոսին։ Առանց կաթողիկոսի ներկայութեան միայն երկու պարագաներու մէջ կարելի էր ժողով գումարել. եթէ կաթողիկոսը վախճանած էր եւ նոր ընտրութիւն տեղի պիտի ունենար, եւ կամ եթէ ազգային ժողովը դատի կը կանչէ կաթողիկոսը իր վարած հակաեկեղեցական գործունէութեան համար։
Հակառակ որ կաթողիկոսական պաշտօնը ցմահ է, պատմութեան մէջ կը հանդիպինք կաթողիկոսներու հրաժարման եւ կամ քաղաքական պատճառներով պարտադիր հեռացման:
Ըստ աւանդութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ սկսած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, իսկ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը համեմատաբար շատ աւելի ուշ թուականին հաստատուեցաւ, երբ Սուլթան Ֆաթիհ Բ. գրաւեց Կոստանդնուպոլիսը 1461 թուականին եւ հոն կեդրոնացուց նաեւ հոգեւոր իշխանութիւնները: ԺԵ. դարէն սկսած Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կազմին մէջ մտաւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը առանձին իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով Օսմանեան պետութեան հանդէպ, կիսանկախ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն:
Ժ. Դարու դժբախտ քաղաքական վերիվայրումներու եւ պայմաններու բերումով ստեղծուեցաւ նաեւ Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը, որ մօտաւորապէս 800 տարիներ պահեց իր գոյութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Ազգային Ժողովի իրաւասութեան տակ ու ապա փակուեցաւ վերջնականապէս:
Բագրատունեաց Թագաւորութեան անկումէն ետք, կաթողիկոսական Աթոռը փոխադրուեցաւ զանազան քաղաքներ, ի վերջոյ կայք հաստատելով Կիլիկիա՝ Ծամնդաւ, Սեւ Լեռ, Հռոմկլայ եւ Սիս, Ռուբինեան թագաւորութեան օրով: Ռուբինեան Թագաւորութեան անկումէն ետք, Արեւելեան Վարդապետներ՝ Հաղբատի Վանքին առաջնորդութեամբ՝ ուզեցին կաթողիկոսական Աթոռը ետ Էջմիածին փոխադրել: Օրուան կաթողիկոս Մուսաբէկեանի մերժումով, Արեւելեան Վարդապետներ Էջմիածնի մէջ նոր կաթողիկոս օծեցին Կիրակոս Վիրապեցին: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր գոյութիւնը պահպանեց մինչեւ 1915 թուական Սիսի մէջ, ու ապա, Մեծ եղեռնէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, տարագրեալ իր ժողովուրդին հետ թափառելէ ետք վերջապէս իր կայքը հաստատեց Լիբանանի Անթիլիաս փոքրիկ քաղաքի ծովեզերեայ ափերուն վրայ:
Շատ հետաքրքրական են երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ 1651 թուականին Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած ժողովի նիստերուն ատենագրութիւնները, որոնք շատ յաճախ տուն տուած են բուռն վիճաբանութիւններու, նամանաւանդ Պոլսոյ Ազգային Ժողովի նիստերուն մէջ, ուր կարգ մը ազգայիններ բացայայտօրէն յայտարարած են՝ թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պահպանումը քաղաքական հեռատեսութիւն է: «Փորձ»ի 1877 երկրորդ եռամսեայ թիւին մէջ հրատարակուած Ազգային Ժողովի կարծիքը շատ խօսուն վկայութիւն մըն է այդ մասին. «Էջմիածնայ Կաթողիկոսն հեղինակութիւն չունի Հայաստանեայց եկեղեցւոյն վրայ, վասն զի Հայաստանեայց եկեղեցւոյն հեղինակութիւնն աշխարհական եւ եկեղեցական ժողով է եղած եւ կը լինի, այդպէս կ՛ուսուցանէ պատմութիւնը: Վեհափառ կաթուղիկոսը միմիայն ծայրագոյն գործադիր իշխանութիւն ունի եւ առանց աշխարհական եւ եկեղեցական ժողովոց կարող չէ գործել»: Իսկապէս ալ՝ ժամանակը ցոյց տուաւ որ այդ բանիմաց ազգայինները առողջ դատողութիւն եւ քաղաքական հասունութիւն ունէին: Եկեղեցին որպէս օրէնսդրական հաստատութիւն իր հաստատումը եւ վաւերականութիւնը ստացած է իր հիմնադիրէն՝ Քրիստոսէ: Առաքեալներ հետեւելով իրենց Վարդապետի օրինակին տուին ժողովրդային պատուէրներ, հաստատեցին կանոններ եկեղեցիները ղեկավարելու: Առաքեալներ իրենց յանձնուած օրէնսդրական իրաւունքով հաստատեցին եկեղեցականներու ընտրութեան եւ ձեռնադրութեան կարգը, ինչպէս նաեւ եկեղեցական այլ կանոններ, որոնք առաջնորդեցին հաւատացեալներու կեանքը սկզբնական տարիներուն:
Առաքեալներու ժամանակ արդէն իսկ կը տեսնենք թէ ինչպէս եկեղեցական ժողովներ գումարեցին եւ ընդհանուր խորհրդակցութեամբ որոշեցին Հին Ուխտի ծէսերը պարտադիր չհամարել հաւատացեալներու համար, այլ միմիայն Նոր Ուխտի պատուէրները գործադրել: Քրիստոնէական նորակազմ եկեղեցիներ հետեւեցան ամենայն ճշդութեամբ հաստատուած կանոններուն, եւ իւրաքանչիւր յորդոր կամ թելադրութիւն որ պիտի դառնար սահմանադրական օրէնք՝ կ՛ենթարկուէր եկեղեցական ժողովի քննարկման, համաձայնութեան եւ որոշումին:
419 թուականի Կարթագենի ժողովի նամակը ուղղուած Կելեստինոս Հռոմի պապին՝ լաւագոյն օրինակն է ցոյց տալու համար որ նոյնիսկ օրէնսդրական միապետական ձգտումներ ունեցող պապը կրնայ ենթարկուիլ դատապարտութեան, որովհետեւ, կ’ըսէ նամակը. «Ո՞վ կրնայ հաւատալ, որ Աստուած մէկ անձի միայն պիտի ուզէ տալ արդար դատելու այդ իրաւունք-իշխանութիւնը»:
Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել որ նոյնինքն Առաքեալներ կը հաւատային որ այն ինչ որ միայն ժողովներով վաւերացուած է կարելի է նկատել սահմանադրական օրէնք, եւ ո՛չ թէ այն ինչ որ անհատի մը կամ եկեղեցւոյ պետի մը կողմէ թելադրուած է կամ հրահանգուած:
Այս ընհանուր հասկացողութեան համահունչ են նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնագրութիւնները որոնք առանց ժողովի երբեք չեն վաւերացուած եւ գործադրուած եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ճիշդ է որ դարերու ընթացքին եղած են կաթողիկոսական բացառիկ կարգադրութիւններ, բայց այդ բոլորը երբեք չեն հակասած ժողովական-օրէնսդրական սկզբունքներուն:
Հակառակ այն իրողութեան որ մեր նուիրապետական Աթոռները կը գործեն զանազան քաղաքական պայմաններու տակ, այդ բոլորով հանդերձ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բացարձակ իշխանութիւնը կը պատկանի համազգային եկեղեցական ընդհանուր ժողովին, որ տարբեր անուններ կը կրէ իւրաքանչիւր նուիրապետական Աթոռէ ներս:
Այս ընդհանուր ժողովներու իրաւասութեան կը պատկանի զբաղիլ թէ՛ վարչական եւ թէ՛ դաւանական հարցերով: Դաւանական հարցերը որոնք հաստատուած են Տիեզերական եւ Ազգային ժողովներով, անփոփոխ կը մնան եւ ենթակայ չեն վերանայման: Միայն եկեղեցւոյ վարչական կեանքն է որ, իր ներքին եւ արտաքին երեսներու վրայ, կարող է ենթարկուիլ բարեփոխութեան եւ աժմէացման:
Դարերու ընթացքին Եկեղեցին ունենալով օրէնսդրական իրաւունք՝ օրէնքներ սահմանելու, դատելու իրաւունքը իրեն վերապահած է: Մեր եկեղեցական աղբիւրներու մէջ, բացի Առաքելական 74 կանոններէն եւ Տիեզերական ժողովներու կանոններէն, կան նաեւ զուտ ազգային կանոններ, որոնք թէեւ չեն խօսիր մեր բարձրադաս եւ ստորադաս դատական ձեւերու մասին, այսինքն՝ դատակազմութեան եւ դատավարութեան մասին, բայց կու տան մանրամասն տեղեկութիւններ պատժական միջոցներու մասին: 447 թուականի Շահապիվանի Ժողովը լի է պատժական կանոններու մանրամասնութեամբ, ինչպէս անդրադարձած ենք մեր այլ յօդուածներէն մէկուն մէջ:
Հայ Եկեղեցւոյ դատական կեանքի ընդհանուր պատկերը լաւ ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ է զայն բաժնել չորս մասերու. ա- Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Սահակ Պարթեւ. բ- Մարզպանութենէն մինչեւ հայոց թագաւորութեան ջնջումը. գ- Մահմետական տիրապետութեան շրջան. դ- յետ եղեռնեան շրջան:
Նկատի ունենալով Լուսաւորչեան տոհմի իշխանական ծագումը եւ թագաւորական ցեղի հետ բարեկամութիւնն ու խնամիութիւնը, կարելի է յայտարարել որ մինչեւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսները շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ կը կանգնէին, վայելելով արքունական պատիւ, քան յաջորդ դարերու կաթողիկոսները: Անոնք լիազօր կառավարիչներն էին եկեղեցւոյ, վանքերու եւ բարեգործական հիմնարկութիւններու: Այնքան մեծ պատիւ կը վայելէին որ իրաւունք ունէին կշտամբելու եւ պատժելու բոլոր անոնք որոնք եկեղեցական կանոնները կը ոտնակոխէին, ըլլան անոնք ազնուական թէ շինական, նախարար թէ թագաւոր:
Մարզպանութենէն՝ այսինքն Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն մինչեւ Ռուբինեան թագաւորութեան անկումը կաթողիկոսները այնուհետեւ խեղճացած՝ նախարարներու եւ թագաւորներու քմահաճոյքին ծառայող անձեր դարձած էին: Ահաւասիկ այսպիսի մթնոլորտէն կախեալ էր եկեղեցւոյ դատական իշխանութեան ոյժն ու զօրութիւնը:
Հայ Եկեղեցւոյ դատական կեանքի երրորդ շրջանը կ’ընդգրկէ Ռուբինեան Թագաւորութեան անկումէն մինչեւ Ռուսական տիրապետութիւնը, եւ Արեւմտահայաստանի պարագային՝ մինչեւ Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումը 1860 թ.: Այս շրջանը կը բնորոշուի մահմետականութեան գերիշխանութեամբ, շրջան մը ուր արդարութիւնը ու ճշմարտութիւնը կախուած էր կաշառքէն եւ ամէն իրաւունք կեդրոնացած էր սուրի, հուրի, ոյժի եւ անմարդկային վայրենի զգացումներու մէջ: Ահաւասիկ այսպիսի պայմաններու մէջ արդեօ՞ք Եկեղեցին կարող էր արդար դատաստան ունենալ երբ ինքն իսկ խաղալիք էր դարձած բռնակալներու ձեռքը: Այս տխուր շրջանի մասին իր դառն վկայութիւնները կու տայ Առաքել Դաւրիժեցի պատմագիրը. « Էջմիածին՝ իր չորս կաթողիկոսներու (Մելքիսէթ, Դաւիթ, Սրապիոն եւ Սահակ), որոնք աթոռ բարձրացած էին սարդարի եւ շահի գրպանը լեցնելու եւ անոր քմահաճոյքներուն ծառայելու համար, հայ եկեղեցին վերածած էին վաճառատան … կաշառքով կը ձեռնադրէին եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ … հրամաններ կ՛արձակէին կնաթողութեան եւ կրկնամուսնութեան … քահանաներ թողլով իրենց ժամն ու պատարագը, կը զբաղէին աշխարհիկ իրենց ցանկալի գործերով»: Ահաւասիկ այսպիսի շրջանի մը մէջ Եկեղեցին փորձեց պահել իր դարաւոր սահմանադրական կանոնները մաքառելով ոյժի եւ բռնութեան դէմ:
Հայ Եկեղեցւոյ դատական կեանքի չորրորդ շրջանը լեցուն է արհաւիրքներով եւ գոյութենական պայքարներով: Տարագիր հայ ժողովուրդը հայրենիքէն ներս եւ դուրս իր գոյութիւնը պահպանելու համար ժամանակ մը մոխիրի տակ պահեց իր սահմանադրական կանոնները, սպասելով օտար ափերու վրայ բացուելիք նոր արշալոյսներուն:
Բոլոր ժամանակաշրջաններու մէջ Եկեղեցւոյ սկզբունքները մնացին անխախտ, բայց երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ ժանակաշրջաններու մէջ շարունակուեցան ապօրէն ոյժը, շահամոլութիւնը, կաշառակերութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, քինախնդրութիւնը, հաշիւը, գոռոզութիւնը, անարգամտութիւնը, անբարեացակամութիւնը, անբարեգթութիւնը, անբարեխղճութիւնը, անբարեհաճութիւնը, անհեթեթութիւնը, անձեռնհասութիւնը, ոխակալութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը՝ մասնաւորաբար Եկեղեցւոյ իշխանական դասուն եւ ունեւոր դասակարգին կողմէ:
Վերջին հարիւրամեակին մեր ազգային կեանքն ու գործերը ղեկավարող ու կանոնաւորող ոյժը եղած է Ազգային Սահմանադրութիւնը: Թէեւ շատեր, մասնաւորաբար բոլոր անոնք որոնք «ղեկավարի» դերեր ստանձնած են, կը խօսին պարագայաբար օրէնքի մասին, բայց դժբախտաբար բոլորն ալ ապաւինելով հանդերձ օրէնքին՝ կը չարաշահեն զայն, տեղի տալով անկարգութեանց որոնք կը փոթորկեն մեր ազգային ներքին կեանքը: Դժբախտաբար շատ քիչեր են անոնք՝ որոնք ունին իսկական ճանաչողութիւնը օրէնքին եւ անկէ բխող տրամադրութիւններուն:
Օրինակները շատ են մօտիկ անցեալէն մեզի եկող. երիտասարդ գործիչներ, որոնք ի պաշտօնէ պարտաւորութիւնը ունին Սահմանադրութիւնը լաւապէս ճանչնալու եւ իւրացնելու անոր տրամադրութիւնները, անտեղեակ են Սահմանադրութեան ժողովրդային ոգիէն բխող տրամադրութիւններուն եւ հետեւաբար իրենց անգիտութեամբ եւ երբեմն ալ գիտակցաբար կ՛արտօնեն օրինական խախտումներ յանուն խմբակցային շահերու:
Մանաւանդ այս դարուն, եւ մասնաւորաբար մեր օրերուն, կը տեսնենք որ Սահմանադրութենէ ճառող ճերմակամօրուս արքեպիսկոպոսներէն սկսեալ մինչեւ «ղեկավարութեան» կոչուած իմաստակներ տղայական յաւակնութիւններ ունին մեզի համոզելու, թէ այն ինչ որ կը կատարեն օրէնքի անունով, թէկուզ գլխիվայր շրջելով իրողութիւնները, դարձեալ այդ բոլորը կը կատարեն յօգուտ իրենց ծառայած Թեմերուն կամ գաղութներուն:
Սահմանադրութիւնը համազօր է անգլերէն «constitution» բառին եւ ունի պետական տարողութիւն: Սակայն մեր ազգային կեանքին մէջ նոյն իմաստն ունենալով հանդերձ, կը ձգտի սահմանել եւ ճշդել մեր Նուիրապետական Աթոռներու եւ անոնց գործակից աշխարհական տարրի իրաւասութիւնները եւ ազգին հանդէպ իրենց ունեցած պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար իւրաքանչիւր անհատի պարտք ու իրաւունքը ազգային իշխանութեան հանդէպ:
Սահմանադրութիւնը յառաջ եկաւ մեր ազգային կեանքի մէջ տեղի ունեցող օրինազանցութիւններն ու անկանոնութիւնները սանձելու, որովհետեւ մինչեւ 1860 թուական, Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումը, մեր ազգային կեանքը կը ղեկավարուէր պատրիարքներու եւ ունեւորներու (ամիրաներու) դասակարգի մը կողմէ, որոնք կը գործէին իրենց անձնական շահերէն եւ փառասիրութենէն մղուած: Ահաւասիկ այս ունեւորներու դասակարգը այնքան զօրացաւ որ պատրիարքներն անգամ ենթակայ եղան իրենց քմահաճոյքներուն:
Բարեբախտաբար Եւրոպայի մէջ իրենց ուսումը կատարելագործած երիտասարդ մտաւորականներու սերունդ մը, տոգորուած Ֆրանսական յեղափոխութեան սկզբունքներով եւ ընկերային ըմբռնումներով, անհանդուրժելի նկատելով մեր ազգային կեանքին մէջ տիրող մտայնութիւնն ու վարչակարգը, ժողովրդային հակակշռին ենթարկեց պատրիարքներու եւ ունեւորներու դասակարգին անսանձ եւ անփառունակ գործունէութիւնը:
Այս դժբախտ կացութեան բնական հետեւանքն է այն տխուր պատկերը զոր մեզի կը ներկայացնէ պատրիարքներու պաշտօնավարութեան ցուցակը, ուր յստակօրէն կը տեսնենք թէ ինչպէս Պոլսոյ 109 պատրիարքներէն 8ը նոյն տարին հրաժարած են: 38ը միայն մէկ տարի պաշտօնավարած են: 14ը երկու տարի պաշտօնավարած են: 11ը երեք տարի պաշտօնավարած են. մէկ խօսքով՝ 109 պատրիարքներու պաշտօնի տեւողութեան միջինը եղած է չորս տարի եւ երեք ամիս միայն…: Ի՜նչ ողբերգութիւն:
Թէեւ երիտասարդութեան այս համարձակ քայլը ժողովրդային զանգուածներէն լայն քաջալերանք ստացաւ, սակայն բախեցաւ ունեւորներու դասակարգին ընդիմութեան եւ տեղի տուաւ բուռն պայքարներու, որոնք ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար զարգացան եւ յանգեցան սահմանադրական կարգերու հաստատումին, որովհետեւ ե՞րբ կարելի եղած է խեղդել ժողովրդային շարժում մը բիրտ միջոցառումներով: երկար պայքարներէ ետք ժողովուրդը կրցաւ արժեցնել իր իրաւունքը, վերջ տալով հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող վարչակարգի մը, կոտրելով յամառութիւնն ու յաւակնութիւնը ունեւորներու դասակարգին, որ կռթնած իր նիւթական առաւելութեանց՝ կը կեղեքէր Հայ Ազգը:
Թէեւ շատոնց անցած են այն օրերը բայց մեր այսօրուան ազգային-եկեղեցական կեանքը իր բազմաթիւ պարագաներով կը յիշեցնէ ամիրայական այս դասակարգի սխրագործութիւնները: Տակաւին կան մարդիկ, «ազգայինք» յորջորջումով, որոնք կը յանդգնին իրենց ոսկիներու ոյժով ազգային ղեկին տիրանալ, հարիւր յիսուն տարիներ առաջ մեծ զոհողութիւններու գնով զգետնուած դրութիւն մը վերահաստատելու ցնորական ձգտումով, այն ալ՝ քսանմէկերորդ դարու մէջ:
Այդպիսիներուն՝ մեր խօսքը հետեւեալն է.- այդ օրերը շատո՜նց անցած են ու այլեւս չեն կրնար վերադառնալ, որքան որ ալ նեցուկ կանգնին ձեզի այլեւայլ պատեհապաշտ կազմակերպութիւններ իրենց զանազան հաշիւներով եւ ծրագիրներով: Որովհետեւ, ուշ կամ կանուխ, կու գայ օրը երբ ժողովուրդի անտարբեր զանգուածը ի վերջոյ կ՛արթննայ իր թմբիրէն, եւ իւրաքանչիւր անհատ գիտակցելով ազգին հանդէպ իր պարտաւորութիւններուն, կը կատարէ իր նիւթական օժանդակութիւնը իր կարողութեան չափով, կը ներդնէ իր բարոյական եւ ֆիզիքական զոհողութիւնը, կանգուն պահելու համար ինչ որ իրեն փոխանցուած է որպէս աւանդ իր պապերէն՝ եկեղեցի, դպրոց եւ բարեսիրական հաստատութիւններ անխտիր: Հետեւաբար՝ բոլոր անոնք որոնք կը փորձեն ամիրայութիւն խաղալ, «դրամը մեր ձեռքն է, ազգը մենք պիտի ղեկավարենք» յայտարարող յաւակնոտները, պարտին հնազանդիլ օրէնքի ու կանոնի ամէն մէկ տրամադրութեան եւ միայն իրենց անձերու արժանիքներուն ապաւինելով յաջողին վստահութիւն ներշնչել ժողովուրդին, որ միակ տէրն է ազգային հաստատութիւններուն:
Նոյն պարտաւորութիւնները ունին նաեւ մեր նուիրապետական Աթոռներու վրայ բազմող հովուապետերը, որոնք թէեւ ի պաշտօնէ կը նախագահեն մեր ազգային ժողովներուն, բայց եւ այնպէս պարտաւոր են գործել Սահմանադրութեան տրամադրութեանց համաձայն եւ ոչ ըստ կամս: Չկայ ոեւէ անհատ հեղինակութիւն որ ինքզինք աւելի բարձր կը նկատէ կամ կրնայ նկատել քան օրէնքը. «Ո՞վ կրնայ հաւատալ, որ Աստուած մէկ անձի միայն պիտի ուզէ տալ արդար դատելու այդ իրաւունք-իշխանութիւնը»: Եւ սակայն հակառակ այս մեծ ճշմարտութեան մեր նուիրապետական Աթոռներու վրայ բազմած հովուապետերը կը յանդգնին անտեսել եւ ոտնակոխել օրէնքի տարրական պարտաւորութիւնները: Այս բոլոր անկանոնութեանց որպէս հետեւանք կը հանդիպինք անարդար եւ անբնական կարգազրկումներու, որոնք միայն կը նսեմացնեն փայլքը հազարամեայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ զայն կը վերածեն շուկայական առեւտրական հաշիւներու:
Եկեղեցին անկասկած՝ ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները գործադրելու իրաւունք՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ: Բայց իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան։ Սակայն այդպէս չեն պարագաները այսօր, որովհետեւ մեր նուիրապետական Աթոռներէ ներս դէմ յանդիման կու գանք կամապաշտութեան եւ քինախնդրութեան, որոնք մեզ կը յուզեն եւ շփոթի մատնելէ ետք պոռթկում կը յառաջացնեն իր Եկեղեցիով լրջօրէն մտահոգ իւրանքանչիւր հայու մօտ։ Այս պարագային, լուռ մնալը ո՛չ թէ անտարբերութիւն է, այլ մեղսակցութիւն, որովհետեւ իւրանքանչիւր հայ, որպէս մէկ մասնիկը Հայց. Եկեղեցիին, եւ նամանաւանդ իւրաքաքանչիւր եկեղեցական, բաձրաստիճան թէ փոքրաւոր՝ կրկնակի բարոյական պարտաւորութիւնը ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու, բողոքելու եւ զգաստութեան կոչ ուղղելու յանուն արդարութեան, ապա թէ ոչ Հայց. Եկեղեցին կը դառնայ բացարձակ կղերապետութիւն։
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Եկեղեցին իրաւունք ունի դատելու, պայմանաւ որ եկեղեցականի կեանքին մէջ պատահած անկանոն երեւոյթները բազմակողմանի քննութեան ենթարկուին անաչառ մօտեցումով, դատաստանը ըլլայ դռնբաց, դատաւորներու ( Տնօրէն Ժողով, Միաբանական Ընհանուր Ժողով եւ ի հարկին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողով) եւ մեղադրեալի ներկայութեամբ, եւ առիթ ընծայուի մեղադրեալին ներկայացնելու իր պաշտպանողականը փաստացի եւ իրաւացի տուեալներով։ Դատաստան մը բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի այն անձին համար՝ որուն հանդէպ կատարուած են մեղադրանքները կամ զրպարտութիւնները։ Հետեւաբար՝ որպէսզի վճիռ մը իր բարոյական բարձրութեան վրայ մնայ եւ կշիռ ունենայ, անհրաժեշտ է որ ան չըլլայ որպէս արդիւնք կամայականութեան, քինախնդրութեան, քմահաճոյքի եւ կիրքի:
Անհրաժեշտ է պատժական տնօրինումներուն մօտենալ զգօնութեամբ, խոհականութեամբ եւ այն լրջութեամբ որ կ՛ակնկալուի նուիրապետական Աթոռէ մը։ Հակառակ պարագային կը դառնանք անօրէն եկեղեցի, ուր կ’իշխեն հաշիւ, կամայականութիւն ու քինախնդրութիւն։
Մեր ախտաճանաչումները միայն մէկ պատասխան ունեցան մինչեւ այսօր. յանցապարտ, անողնայար, ստրկացած եկեղեցականներու յամառ լռութիւնը, «եւ սակայն կարաւանը կը քալէ» հոգեբանութեամբ: Հանրային հաշուետուութենէն խուսափող եկեղեցականութիւն մը կայ այսօր դժբախտաբար, եւ սակայն ժամանակը հասած է եւ անհրաժեշտ է սեղմել անոնց կոկորդը օրէնքի պարանով յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան:
ԱՅՍՕՐ Հայց. Եկեղեցին կը գտնուի նոր պայմաններու, վիճակներու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Բարեկարգութեան եւ ազգային գիտակցութեան վերակերտման եւ վերանորոգութեան գործին մէջ, Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական վերակազմութեան գործը պիտի ըլլայ բարեկարգութեան հրատապ հարցին ամենէն ուշագրաւ եւ առաջնակարգ կէտերէն մէկը։
Չենք վարանիր ըսելու, որ վարչական վերակազմութեան եւ բարեկարգութեան հարցին կապուած է Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն (պաշտօնէութեան) պաշտօնավարութեան սահմանը։ Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական կեանքի աւանդական եւ նախկին դրութեան համաձայն, կային կարգ մը անփոփոխ վիճակներ. օրինակի համար՝ ձեռնադրուած քահանայ մը կամ թեմի մը վրայ ձեռնադրուած եպիսկոպոս մը մինչեւ մահ տէրն էր իր ծուխին կամ իր թեմին, եթէ, եպիսկոպոսի պարագային, աւելի բարձր պաշտօններու կոչուելով, պարտաւոր չըլլար հեռանալու իր պաշտօնէն: Նոյնն էր նաեւ կաթողիկոսներու եւ պատրիարքներու պարագան, պաշտօններ՝ զորս կը վարէին ցկեանս։
Այսօր սակայն, ինչպէս որ քաղաքական եւ տնտեսական կենցաղի մեր պայմանները փոփոխուած են ժամանակի պահանջներուն համաձայն, նոյնպէս պարտաւոր ենք փոփոխութիւններ կատարել Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական դրութեան մէջ։ Բարեբախտաբար՝ ժամանակը լուծած է շատ մը հնադարեան սովորութիւններ, մասնաւորաբար ժառանգական իրաւունքը՝ ըլլայ ան քահանայութեան եւ կամ կաթողիկոսութեան պաշտօններու պարագային։
Աշխարհը կառավարող սահմանադրական ընդհանուր եւ մարդկային հիմնական սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ պատմական փաստերու վրայ հիմնուելով կրնանք յայտարարել՝ որ Հայց. Եկեղեցւոյ կառավարման բարձրագոյն պաշտօնը՝ որ կաթողիկոսութիւնն է, պատշաճ է որ ենթարկուի նաեւ կանոնական պարտաւորութեանց եւ պաշտօնավարութեան տրամաբանական սահմաններու։ Այլ խօսքով՝ նկատի առնել ենթակային տարիքի հարցը եւ պաշտօնէութեան տեւողութեան սահմանը եւ ըստ այնմ ճշտել ընտրելի թեկնածուները։
Տարիքի հարցը անհրաժեշտ է, որովհետեւ մարդ արարածը իր կամքէն անկախ ֆիզիքական չափ ու սահման մը ունի իր տոկունութեան մէջ, իր պաշտօնը արդիւնաւորապէս կատարելու համար։ Անհրաժեշտ չենք գտներ աւելի պարզաբանել տարիքի հարցը, որովհետեւ բարձրագոյն պատասխանատուութիւններով ծանրաբեռնուած անձը, թեւակոխելով որոշ տարիքի մը սահմանը, պիտի չկարենայ շարունակել իր պաշտօնը նոյն աշխուժութեամբ եւ ոգեւորութեամբ եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է որ քաշուի եւ հանգստանայ, Եկեղեցիին խնայելով նորանոր բարդութիւններ:
Իսկ եթէ տակաւին առոյգ եւ կորովի է հանգստեան կոչուող ենթական, կրնայ իր հանգստեան ժամանակ իր տարիներու փորձառութեամբ ձեռք բերած գիտելիքները ի սպաս դնել նոր քատրերու դաստիարակութեան եւ պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ բանասիրական աշխատանքներու արդարօրէն գնահատելի աշխատանքին մէջ։ Միւս կողմէ, Ազգային Սահմանադրութեան երկրորդ եւ երրորդ յօդուածները կը թելադրեն եւ կը պարտաւորեն Ազգային իշխանութիւնը որ «Ազգին ծառայութեան մշտնջենապէս նուիրեալներուն կացութիւնը բարւոքեն եւ անոնց ապագան անդորրեն»:
Այս սկզբունքին հաւատացող մեծագոյն օրինակը տուաւ վերջերս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իմաստուն Հովուապետը՝ Պենետիկտոս տասնվցերորդ Պապը, որ քաջութիւնն ու վեհաձնութիւնը ունեցաւ յայտարարելու, որ իր յառաջացեալ տարիքի բերմամբ ֆիզիքապէս տկարացած ըլլալով կը հրաժարի իր հովուապետութենէն, Աթոռը յանձնելով երիտասարդ նոր ոյժերու:
Ի՞նչ են արդեօք այդ գլխաւոր իսկական պատճառները, որ մեր առաջնորդական ու նուիրապետական Աթոռներու վրայ բազմած եկեղացականները այդպէս ամուր կառչած կը մնան Աթոռին, նոյնիսկ իրենց յառաջացեալ տարիքին մէջ, երբ արդէն կորսնցուցած են ամէն տրամաբանութիւն, գիտութիւն եւ կարողութիւն: Մարդ արարածը որքան փառամոլ ըլլալու է, որ կուրացած ոսկեզօծ բեհեզներու եւ ադամանդակուռ մատանիներու սին փառքերով, այդքան կառչած կը մնայ իր Աթոռին, թէկուզ ցնդած իմացականութեամբ:
Այս իրողութեան գործնական-ժխտական վկայութիւնները տեսանք Երուսաղէմի Պատրիարքութեան մօտ վերջին տարիներուն եւ կը տեսնենք տակաւին այսօր՝ Պոլսոյ պատրիարքութեան պարագային։ Եթէ ունենայինք վարչական բարեկարգեալ վիճակ, թէ՛ եկեղեցականներուն եւ թէ՛ ժողովուրդին խնայած պիտի ըլլայինք նորանոր բարդութիւններ մեր եկեղեցական, ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ եւ առիթ պիտի չտայինք անհատներու եւ կազմակերպութիւններու որ օգտագործեն այս դժբախտ առիթները, իրենց փառասիրութենէն եւ շահամոլութենէն մղուած։
Այսօր ամբողջ աշխարհ, բացի այն երկիրներէն որոնք կը ղեկավարուին միահեծան բռնիշխանական պետերու կողմէ, կը ղեկավարուի սահմանադրական օրէնքներով եւ յստակ, յատուկ պաշտօնավարութեան տարի սահմանած է իր երկրի ղեկավարին համար: Միացեալ Նահանգներու պարագային, օրինակի համար, Նախագահը իր պաշտօնավարութեան քառամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, օրէնքի տրամադրութեամբ կը դադրի իր պաշտօնէն։ Իսկ այն պարագային երբ ան հաւատարիմ եղած է իր պաշտօնին ու երկրի սահմանադրական օրէնքներուն, եւ որոշ չափով արժեցուցած իր պաշտօնավարութիւնը՝ իր ժողովուրդի ակնկալիքներուն համաձայն, ժողովուրդը դարձեալ կրնայ ընտրել զինք յաջորդ քառամեայ շրջանի մը համար եւս։
Այս օրէնքը որ որդեգրուած է աշխարհի մեծագոյն ժողովրդապետական պետութեանց կողմէ կրնայ օրինակ ծառայել նաեւ մեզի: Ինչո՞ւ Հայց. Եկեղեցին չորդեգրէ քառամեայ, վեցամեայ կամ ութամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի օրէնք մը ոչ՛ միայն թեմակալ առաջնորդներու, այլ նաեւ պատրիարքական եւ կաթողիկոսական պաշտօններուն համար:
Նմանօրինակ երեւոյթներ երբեք օտար չեն մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եւ ո՛չ ալ հակառակ կամ խորթ՝ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական ոգիին, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին կը տեսնենք որ կաթողիկոսական ընտրութիւնները միակերպ չեն եղած երբեք: Նաեւ պատմութենէն գիտենք որ կաթողիկոսներ գահընկեց եղած ու անոնց տեղ ուրիշներ ընտրուած են, եւ ոմանք ալ ունեցած են աթոռակիցներ։ Հետեւաբար՝ պատճառ մը չկայ որ Հայց. Եկեղեցին չորդեգրէ ներկայ դարու ոգիին համաձայն ընտրական նոր դրութիւն մը, հաստատելով տարիքի եւ պաշտօնավարութեան սահմաններ՝ առաջնորդներու, պատրիարքներու եւ կաթողիկոսներու պաշտօններուն համար։
Կը կարծենք որ մեծ իմաստութիւն կայ նման մտածողութեան մէջ, երբ նկատի առնենք այն իրողութիւնը որ մարդիկ կրնան կա՛մ ֆիզիքապէս տկարացած ըլլալ, կամ գոհացուցիչ չէ իրենց կատարած պաշտօնը, եւ կամ ալ կան այնպիսի չնախատեսուած պատճառներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան առողջ եւ ողջամիտ պաշտօնավարութեան մը։ Հետեւաբար այդ պաշտօնեաներու դադրեցումը կը խնայէ թէ՛ անհատին հոգեմաշում, եւ թէ հայ ժողովրդեան կեանքի նոր ալեկոծումներ:
Այս է ընդունուած օրինական կերպը: Հակառակ պարագային կը ստեղծուի քաոս եւ անկարելի կը դառնայ շինարար որեւէ աշխատանք: Կեանքի եւ տրամաբանութեան երկաթեայ պահանջն է այս, որուն պարտաւոր է ենթարկուիլ ամէն անձ: Գործնական կեանքէն եկող այս ազդարարութիւնը բաւական պիտի ըլլա՞յ զգաստացնելու մեր ղեկավարները որոնք պարտաւոր են բծախնդրութեամբ, շրջահայեցութեամբ եւ նուիրումով առաջնորդելու հայ ժողովուրդը:
Ազգովին կ՛ապրինք ողբերգական վիճակի մէջ. Կեանքի պայմանները եւ հանրային հետաքրքրութեան լրջութիւնն ու պակասը մեզ կանգնեցուցած են քայքայիչ վտանգներու առաջ, որոնց առ հասարակ գիտակցութիւնն անգամ չունինք: Դժբախտաբար եկեղեցւոյ խունկը եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան բեմական հրապոյրը աւելի հիմնական տեղ կը գրաւեն մեր հոգիին մէջ քան Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդանը որ կը կոչուի Սահմանադրական Օրէնք: Մէկդի դրած ենք ամէն տեսակի առողջ դատում եւ իրաւական արժէք ներկայացնող ամէն խարիսխ որ իր մէջ կը մարմնաւորէ ազնիւ սկզբունքներ:
Հայց. Եկեղեցին պատմական իր կոչումի ճամբէն շեղած է ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ ազդակներու, պատճառներու եւ դասալքութեան հետեւանքով եւ կանգնած է այսօր գահավիժումի եզրին: Դաւաճանել ազգային գոյութեան ամուր հիմերը կազմող սահմանադրական օրինականութեան՝ կը նշանակէ հող պատրաստել ազգային գիտակցութեան չքացումին, դասալքութեան եւ ընդհանուր ազգային նկարագրի կազմալուծումին: հանրային գիտակցութեան զարթօնքը միայն կրնայ մեզ փրկել եւ առաջնորդել նոր արշալոյսերու:
Ազգային ժողովները, որոնք արտայայտիչը պէտք էր ըլլային մեր ժողովուրդի կամքին, հեղինակութեան եւ իրաւունքներուն, եղած են լոկ անփութութեան եւ ձեռնթափութեան վիճակ ստեղծող ժողովներ: Հայց. Եկեղեցին հետզհետէ դառնալու վրայ է կղերատիրական հաստատութիւն մը, անտեսելով ամէն ժողովրդապետական օրէնք, կարգ ու կանոն: Այս սանձարձակ վիճակին մէջ տակաւին կան ոմանք, թէկուզ փոքրաթիւ, որոնք կը հաւատան սահմանադրական սկզբունքներու, բայց եւ այնպէս չունին բարոյական ոյժը իրենց ձայները բարձրացնելու, եւ այդպէս ալ կղզիացած մեկուսի կ՛ապրին:
Սահմանադրական կարգերու հաստատումէն հարիւր յիսուն տարիներ ետք, կ՛ունենանք այն տպաւորութիւնը որ փոխանակ քայլ մը առաջ երթալու՝ կ՛երթանք դէպի ետ՝ այն խուժանային եւ անբոխային տարիները երբ ամէն ինչ կ՛որոշուէր ամիրաներու կողմէ: Վստահաբար շատեր կը տեսնեն այս իրողութիւնը, բայց վախը ունին սահմռկեցուցիչ այս վտանգը ճակատէն դիմագրաւելու եւ հակադարձ շարժումի մը դիմելու, թէեւ այս օրերուն հայկական մամուլի մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս կարգաթող, կարգալոյծ եկեղեցականներ քաջութիւնը կ՛ունենան բարձրաղաղակ յայտարարելու իրենց դժգոհութիւնը հանդէպ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կամապաշտութիւններուն եւ քինախնդրութիւններուն:
Ժամանակն է որ կազմակերպութիւններ, հանրային ղեկավարութիւն, գիտակից հոգեւորականութիւն եւ պատասխանատու աշխարհական մտաւորականութիւն կոչումն ու պատասխանատուութիւնը զգան պայքարի գնով պաշտպանելու այն ինչ որ մինչեւ հիմա շահուած է ժողովրդային բուռն պայքարով: Անհրաժեշտ է կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու առթիւ ըլլալ նախանձախնդիր եւ աղմուկ ստեղծել, գրչապայքարի դիմել, փոխանակ անտարբերութեամբ դիտելու օրէնքի եւ կանոնագրութեանց խախտումները, նամանաւանդ երբ սանձարձակ քայլեր կ՛առնուին ազգային-եկեղեցական մարզերու մէջ:
Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրեն կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ձեռնածալ մնալ բացայայտ ապօրինութիւններու, սահմանազանցումներու եւ աններելի յաւակնութեանց հանդէպ մեզ կը դարձնեն համահաւասար մեղսակիցներ բոլոր անոնց հետ որոնք կը չարաշահեն հանրային վստահութիւնը:
Կենսականը այն է՝ որ անխախտ եւ անխոտոր պէտք է պահպանուին ժողովրդապետական կարգերը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ: Հայց. Եկեղեցւոյ գերիշխան հեղինակութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է հայ ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:
Երբ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կը պակսի օրէնքի տիրապետութիւնը, երբ հանրային կարծիք եւ ղեկավարներ ուս թօթուելով կ’անցնին, սահմանազանցումները կը շարունակուին աւելի շեշտակի կերպով եւ կը դառնանք անղեկավար խուժան հասարակութիւն մը: Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի, մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն բխող հրատապ հարցերը բազմաթիւ են եւ կը սպասեն արդար լուծումի:
Իրատես եւ իրապաշտ իւրաքանչիւր հայ, որ հանրային ճանաչում եւ ապրում ունի, չի կրնար անտարբեր մնալ ի տես մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ տեղի ունեցող կաղացումներուն, թերացումներուն եւ սխալներուն: Ճակատագրական այս օրերուն երբ մեզ կը շրջապատէ ողբերգական առօրեան, չենք կրնար եւ իրաւունք ալ չունինք կրաւորական դիրքի մէջ մնալու երբ մեր աչքին առջեւ կ՛ոտնակոխուին սահմանադրական ամէն տեսակի օրէնքներ՝ անհատական կեցուածքներ արդարացնելու համար, որոնք զուրկ են տրամաբանական ըլլալէ ամէն կերպով:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր իշխանութիւնը եկեղեցականութիւնն է եւ սակայն վարչական-ժողովական կեանքի մէջ՝ կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի եւ, դարձեալ, որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան:
Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներ, առաջնորդներ, կուսակրօն թէ ամուսնացեալ քահանայութիւն՝ հաշուետու են ազգին եւ անկէ ընտրուած ժողովներու: Որեւէ շեղում եւ օրինազանցութիւններ անընդունելի են՝ ի՛նչ ձեւի արդարացումներ ալ յառաջ քշուին զանոնք չքմեղացնելու համար:
Ներելի չէ այս կրաւորականութիւնը հայուն, որ աւելի քան հարիւր յիսուն տարիներ առաջ թօթափեց ամբոխային հոգեբանութիւնը եւ իր քայլերը յարմարցուց արեւմտեան աշխարհի ընկերային կարգերուն եւ սկզբունքներուն: Անհրաժեշտ է արթուն պահել հանրային կարծիքը, բողոքել եւ խափանել ամէն չարաշահում, անկարգութիւն, սայթաքում եւ ապասերում որ կ՛արատաւորէ հայութեան պատիւն ու կ՛եղծանէ անոր նկարագիրը մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ:
Չենք կրնար անտարբեր մնալ այն իրողութեան հանդէպ, որ մեր նուիրապետական Աթոռները հոգեւոր եւ նուիրապետական իրենց դերերուն մէջ ձախողած են այն պատճառով որ արտաքին ու ներքին քաղաքական միջամտութիւններ եւ հետամտութիւններ թոյլ չեն տար որ Եկեղեցին առողջ գործունէութիւն ունենայ եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ, ինչ որ իր առաքելութեան կորիզը կը կազմէ: Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին պէտք է զերծ մնայ քաղաքական որեւէ գունաւորումէ, հակառակ պարագային ան կը դառնայ հաւաքական խաթարումի եւ այլասերումի թատերաբեմ:
Ամէն բանէ աւելի մեր մտահոգութեան կորիզը կը կազմէ մեր նոր սերունդը, որուն պիտի փոխանցենք հայապահպանման գործի անմար ջահը: Սերունդ մը որ շատ աւելի շեշտուած կերպով ենթարկուեցաւ արեւմտեան աշխարհի կեանքի բոլոր պայմաններուն՝ լեզու, կրթութիւն եւ նպաստաւոր ապրուստի լայն հնարաւորութիւններ: Այս նոր սերունդը դժբախտաբար յաճախ աւելի ամերիկացի է, ֆրանսացի է, գանատացի է, եւայլն, քան հայ: Ինչպէ՞ս ակնակալել լուրջ կեցուածք այնպիսի սերունդէ մը որ հայերէն չի լսեր, հայերէն չի խօսիր, անգիտակ է հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին: Չենք վարանիր ըսելու որ այս ողբերգութեան մէջ իրենց բաժինը ունին մեր եկեղեցական եւ ազգային ղեկավարները, որոնք իրենց նշանաբան ըրած են հեշտ կեանքը եւ կ՛ապրին կեանքը «օրը օրին» ինչպէս առածը կ’ըսէ:
Արեւմտահայութիւնը՝ տարածուած արեւմտեան աշխարհի մէջ, այսօր, անյուսութեան երազներով կ’ապրի ի տես իր նոր սերունդի ազգային կեանքի հանդէպ ունեցած գործնական սահմանափակումներուն: Սփիւռքեան առօրեայ կեանքի հարկադրանքները պատանի, երիտասարդ եւ չափահաս սերունդը կ՛առաջնորդեն այնպիսի կեանքի մը՝ որ զիրենք ամբողջութեամբ կ’անջատէ մեր եկեղեցական-ազգային կեանքէն եւ հետեւաբար մեր գոյութենական պայքարէն:
Հայութեան եկեղեցական-ազգային, մշակութային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին հետ ամէն կապ խզած այս սերունդները պիտի կարենա՞ն մեր գոյութենական պայքարի ջահը բարձր պահել: Մռայլ է ապագան, որովհետեւ մեր ղեկավարները կորսնցուցած են իրենց կոչումն ու պարտաւորութիւնը հայ ժողովուրդի ծառայութեան կեանքին մէջ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ