Կարելի՞ է երեւակայել որ Ս. Զատկուան առիթով Պատարագ տեղի չունենայ Տիգրանակերտի վերանորոգուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ: Մամուլին մէջ տրուած է սա բացատրութիւնը՝ թէ նկատի ունենալով որ բոլոր եկեղեցականներն ալ Ս. Զատկուան տօնին առիթով զբաղած էին իրենց ծխական եկեղեցիներով, կարելի չէր եղած եկեղեցական մը ուղարկել Ս. Պատարագ մատուցանելու համար: Յաւելեալ եկեղեցականի չգոյութիւնը ոչ մէկ արդարացուցիչ պատճառ ունի, եւ միայնգամայն ծիծաղելի ու դատապարտելի է: Կրնա՞յ ըլլալ որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ պատրաստ եկեղեցական չկար, կամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ եկեղեցական չկար այդ նպատակով Տիգրանակերտ ուղղուելու : Կրնայ՞ ըլլալ որ սփիւռքի տարածքին եկեղեցական մը չէր գտնուեր, որ պիտի փափաքէր անմիջապէս մեկնիլ Տիգրանակերտ եւ այդտեղ յագեցնել պապակեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները, այդ ալ՝ այսպիսի մեծ սրբազան տօնի մը առիթով:
Կարելի՞ է երեւակայել ասկէ աւելի յարմարագոյն առիթ մեր ոտքերը ամրացնելու այն հողերուն վրայ, ուրկէ տակաւին երէկ էր կարծես որ կոտորուած ու աքսորուած էինք: Այսօր, երբ Տիգրանակերտի քաղաքապետը լայնատարած ձեռքերով մեզ կը հրաւիրէ վերադառնալու մեր պապենական հողերը բաձրաձայն յայտարարելով՝ «այս հողերը ձե՛ր ալ հողերն են, վերադարձէ՛ք ձեր հայրերու հազարամեայ երկիրը,» կրնա՞յ ըլլալ որ մեր ականջները խուլ են եւ չեն լսեր այս բացառիկ կոչերը, հոգ չէ թէ անոնք ունենան քաղաքական թաքուն նպատակներ: Ա՛յս է Հայ Դատի հետապնդումը, որու մասին կը խօսինք յաճախ առանց լուրջ գործնական կազմակեպեալ քայլերու:
Ե՞րբ պիտի սորվինք ճիշդ ժամուն եւ ճիշդ տեղին գործածել մեզի ընծայուած առիթներն ու պատեհութիւնները: Կրնա՞ր ըլլալ ասկէ աւելի մեծ բացառիկ առիթ մը ցուցադրելու մեր հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը մեր տառապեալ, –թէկո՛ւզ ծպտուած եւ դաւանափոխուած,– եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք թաքուն պահելով իրենց հայեցիութիւնը, այսօր հպարտօրէն պիտի ուզէին Քրիստոսի Յարութեան Տօնին հետ յարութիւն տալ նաեւ իրենց ներքին հպարտութեան եւ բացականչել. «Մեռած էինք բայց յարութիւն առինք՝ հաւատալով Յարուցեալին, եւ այսօր մեր մեռելներու յիշատակին՝ կը պահանջենք արդարութիւն»:
Ո՜հ, որքա՛ն պիտի հպարտանային Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի մեր հայրենակիցները եթէ արթնամտութիւնը ունենայինք նախօրօք լրջօրէն պատրաստուելու Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ զանգակները հնչեցնելու յընթացս Ս. Պատարագի, որպէսզի թրքական մամուլը անգամ մը եւս անդրադառնար որ Հայը չէ՛ մեռած, հակառակ ամէն տեսակի ստորնացման, բռնութեան, աքսորի, սովի եւ մահուան բոլոր սպառնալիքներուն, եւ յարուցեալ իր Տիրոջ նման, ճակատաբաց կը կանգնի որպէս պահանջատէր իր արդար իրաւունքներուն եւ իր հազարամեայ պապենական հողերուն:
Կրկնակի ամօթալի եւ ընդվզեցուզիչ երեւոյթ է կարդալ թրքական Հիւրրիէթ թերթին մէջ հետեւեալը. «Հայ Համայնքը 98 տարիներ ետք հնչեցուց Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ զանգակները Ս. Զատիկի առիթով, բայց եւ այնպէս չկրցաւ Ս. Պատարագի արարողութիւն ունենալ եկեղեցականի բացակայութեան պատճառով»…: Թերթը կը նշէ նաեւ որ վերջերս նորոգուած եկեղեցիին վրայ ծախսուած էր $3,200.000 եւ պրոնզէ զանգակն ալ բերուած էր Ռուսաստանէն: Որպէս թէ Պոլսոյ պատրիարքարանը նախօրօք յայտնած էր Տիգրանակերտցիներուն որ առ նուազն շաբաթ մը պէտք էր պաշտօնապէս Տիգրանակերտ հասնելու: Որքան ծիծաղելի…: Կրնայինք 48 ժամէն Ամերիկայէն նոյնիսկ եկեղեցական հասցնել, երգչախումբն ալ միասին, մեր տեղական ծախսերով:
Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլատրել այսպիսի ճակատագրական սխալ մը երբ օդային գիծով Լիբանանը երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ է Տիգրանակերտէն, իսկ Հայաստան՝ մէկ ժամ: Կան նաեւ սփիւռքի մեր միւս թեմերը ուր կ’ապրին եւ կը գործեն բազմաթիւ եկեղեցականներ եւ ոմանք ալ հանգստեան կոչուած: Կրնա՞յ ըլլալ որ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդը չմտածեց դիմել վերեւ յիշուած աղբիւրներուն եւ եկեղեցականի մը ներկայութիւնը ապահովել: Ես պիտի ուզէի աւելին տեսնել եւ կրկնակի հպարտանալ. ի՞նչն է որ մեզ կը կասեցնէր որ չկրցանք երգչախումբ մը ղրկել այդտեղ եկեղեցականի մը ընկերակցութեամբ եւ թնդացնել Հայ Եկեղեցւոյ շարականները վերանորոգուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցիի կամարներուն ներքեւ, եւ հպարտօրէն աղաղակել. «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ եւ երկնաւոր. քեզ աւետիք խնդութեան հարսն ի յերկրէ եկեղեցի. Օրհնեա՛ ի ձայն ցնծութեան զԱստուած քո Սիոն»:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ