0

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆԻՆ

Համացանցի միջոջոցաւ ինծի փոխանցուեցաւ Գարեգին Սրբազանի «Եկեղեցին քնննադատել» գրութիւնը: Նկատի ունենալով որ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեանին ուղղուած բաց նամակս եղած է շարժառիթը իր վրդովմունքին, եւ հետեւաբար իր գրութեան, պատշաճ կը նկատեմ վերլուծել իր գրութիւնը եւ մէկ առ մէկ պատասխանել իր վերլուծումներուն:

Սրբազանը իր գրութիւնը կը սկսի «Ոսկան Մխիթարեան անունով անձնաւորութիւն մը համակարգիչի էջերուն վրայ բաց նամակի ձեւով քննադատութիւն մը հրատարակած է…» խօսքով: Իրեն կ’ուզեմ յիշեցնել որ երկուքս ալ  նոյն տարին ձեռնադրուած ենք կուսակրօն եկեղեցական, եւ ես որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան 12 տարիներ ծառայելէ ետք՝ կամովին հեռացած եմ պաշտօնէս:  Կ’ափսոսամ որ ծանօթ չէ ա՛յլ Նուիրապետական Աթոռներու միաբաններուն, եւ սահմանափակած  իր ծանօթութիւնը: Եթէ կը փափաքի աւելին իմանալ… պատրաստ եմ:

Սրբազանը իմ դիտողութիւններս կը նկատէ ուղղուած Եկեղեցւոյ, հակառակ այն իրողութեան որ բաց նամակս ուղղուած է պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոսին, այսինք այն անձին՝ որ ներկայիս բարձրագոյն հեղինակութիւնն է Պոլսոյ Պատրիարքարանէն ներս:  Այստեղ խնդրոյ առարկան անձին անունը չէ (կրնար եւ ուրիշ մէկը ըլլալ) այլ պատրիարքական փոխանորդի իր հանգամանքն է որ զիս կը մղէ իրեն ուղղել իմ դիտողութիւններս,  նամանաւանդ երբ այդքան ակնյայտ վարչական թերութիւն մը երեւան կու գայ մեր եկեղեցական կեանքի ծառայութեան դաշտին մէջ:

Պատշաճ չեմ նկատեր անդրադառնալ այստեղ Գարեգին Սրբազանի տափակ եւ սոփեստական վերլուծումներուն, երբ կը խօսի համակարգիչի առջեւ նստող եւ իրենց մտածումները յայտնող գրիչներուն մասին, անոնց գրութիւնը որակելով «ափեղցփեղ մտածումներ»: Մենք կ՛ուզենք բարձր մնալ իր մակարդակէն, որպէսզի չշեղինք մեր բուն նպատակէն

Յաջորդաբար Սրբազանը կը դժգոհի որ մենք մեր կարծիքը յայտնելէ առաջ պէտք է մտածենք նաեւ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Սրբազանի ունեցած պայմաններու մասին:  Ի՞նչ պայմաններ, Գարեգին Սրբազան…:  Եւ կը շարունակէք պաշտպանել ակնյայտ վարչական թերութիւնը, ըսելով, որ «այսօր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մասնաւորաբար եկեղեցական գտնել իսկապէս հարց մը դարձած է»: Եթէ այս է ձեր ծանօթութիւնը մեր Եկեղեցւոյ ներկայ վիճակի մասին, վա՜յ եկեր է մեզի՝ եթէ ձեր նմաններ պատրիարք ընտրուին դարաւոր Պոլսոյ Աթոռին:

Աւելի խոր վերլուծելէ առաջ ձեր յաջորդող մտքերը, որոնք ընդհանրապէս թեթեւակի իմն կապ ունին բաց նամակիս հետ, յայտնեմ, որ եթէ ուրիշ անգամ նման դէպքի առջեւ գտնուիք եւ կարիքը ունենաք եկեղեցականներու, ես անձնապէս ձեզի կ’ուղարկեմ հսկայ ցանկ մը հոգեւորականներու, կուսակրօն թէ ամուսնացեալ, որոնք պատրաստ են սիրայօժար ստանձնելու նմանօրինակ վեհ առաքելութիւն մը, առաքելութիւն մը՝ որ կը կոչուի ՀԱՅ ԴԱՏ:

Եկեղեցականներու չգոյութեան պակասը երկու պատճառներու հետեւանք է,– կ’ըսէ Պէքճեան Սրբազան: Առաջին՝ որ ծնողներ չեն քաջալերեր իրենց զաւակները՝ հոգեւորական դառնալու, որովհետեւ այդ ասպարէզը արհամարհուած ծառայութեան դաշտ մըն է: Իսկ մենք պիտի ուզէինք, ընդ հակառակն, շեշտը դնել հաւատքի, կոչումի տկարացման վրայ:  Եւ եթէ եկեղեցական ըլլալը արհամարհուած ծառայութեան դաշտ կը նկատէ ժողովուրդը, ատոր պատճառը նո՛յն ինքն եկեղեցականներն են՝ իրենց վարքուբարքով եւ գործունէութեամբ…:  Աւելին պէտք կա՞յ ըսելու:

Երկորդ պատճառը, կ’ըսէ, նիւթական հետաքրքրուածութիւնն է:  Մեղքս ին՞չ պահեմ… ծիծաղս չկարողացայ զսպել:  Կ’երեւի Պէքճեան Սրբազան այս աշխարհի մէջ չ’ապրիր:  Առ ի տեղեկութիւն ըսեմ որ այսօր անհամար են մեր հարուստ եւ միլիոնատէր եկեղեցականները…: Ասկէ առաջ շատ խօսած ենք եւ գրած  այս մասին, աւելորդ է կրկնել:

Ամենասահմռկեցուցիչ վերլուծումն ալ հետեւեալն է. « Տօնական օրերուն ամէն համայնք եկեղեցական կը պահանջէ, առանց մտածելու թէ ո՞ւր են այդ եկեղեցականները եւ թէ ինչպէ՞ս հայթայթել նիւթական ծախսերը»: Եւ օրինակ կը բերէ թէ «յաճախ կը հարցուի թէ ինչո՞ւ ծէսերու գիները բարձր կը բռնուին. վստահաբար պատրիարքարանի առօրեայ ծախսերուն տակէն կարենալ ելլելու համար»:  Նախ յիշեցնենք Սրբազան հօր որ եկեղեցին շուկայ չէ, եւ սակ չի կրնար ու պէտք չէ՛ ունենայ: Երկրորդ՝ աղօթքը, եկեղեցական արարողութիւնները դրամով չե՛ն ծախուիր: Հիմա կը հասկնա՞ք տխուր դերը ընչաքաղց եկեղեցականութեան, երբ կ՛ըսէք թէ «եկեղեցական ըլլալը արհամարհուած գործի մը մէջ մտած կը նկատեն». կը գործածեմ ձեր բառերը, որովհետեւ ո’չ մէկ տեղ՝ կոչում, նուիրում եւ ծառայութիւն բառերը գործածած էք: Այնպէս կ’երեւի որ դուք եւս եկեղեցական ըլլալը «գործ» կը նկատէք…:

Վերջին նկատողութիւն. հեղինակը ներկայ գրութեան ո’չ միայն ծանօթ է համայնքներու մէջ կոտտացող հարցերուն, այլ յաճախ կը գրէ անոնց մասին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ ազգային-եկեղեցական հարցերու մէջ:

Ձեր բոլոր տուած պատճառաբանութիւնները, ուղղակի եւ մասնակի, ո’չ մէկ ձեւով չեն արդարացներ կատարուած ԽՈՇՈՐ սխալը:  Կը յուսանք օր մը սորվիլ մեր սխալներէն եւ չկրկնել զանոնք, յանուն հայ ժողովուրդի արդար դատին:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

14 Ապրիլ, Լոս Անճէլըս

 

 

0

Write a Comment