0

Ի՞ՆՉՆ Է ԶԱՐՄԱՆԱԼԻՆ

Լոս Անճէլըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը արտատպած է «Հրապարակ»ի կողմէ կատարուած հարցազրոյցի մը կարգ մը հատուածները, որոնք երբեք զարմանալի չեն ինծի համար, բայց եւ այնպէս լուրջ մեկնաբանութեան եւ վերլուծումի կը կարօտին: Հարցազրոյց կատարող խմբագիրը, Լեւոն Սարգսեան, անծանօթ չէ իր խօսակցին՝ Արարատեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նաւասարդ Եպս.Կոճոյեանին, թէեւ  թերացած է անոր տալու  եկեղեցականի պատշաճ տիտղոսները (ներելի է. համայնավարութենէն մնացած սովորութիւններ են…):  Կոճոյեան Սրբազանի անունը բազմիցս կարդացինք մամուլին մէջ, նամանաւանդ այն օրերուն երբ նոր ստացած էր «Պէնթլի» մակնիշով ինքնաշարժը, որ, եթէ չեմ սխալիր, իրեն նուէր տրուած էր իր կնքահօ՞ր թէ սանուկին կողմէ: Այս պարագային այդքան ալ կարեւոր չեն այդ մանրամասնութիւնները, որովհետեւ մենք առաւելաբար պիտի կեդրոնանանք մեր եկեղեցականութեան մօտ սկզբունքներու եւ օրինականութեանց բացակայութեան վրայ (բացառութիւնները անշուշտ միշտ յարգելի), եւ պիտի վերլուծենք զանոնք:

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ` հոգեւոր կամ կրօնաւորական կեանքի ապրումին մաս կը կազմէ նաեւ Աղքատութեան Ուխտը։ Իւրաքանչիւր եկեղեցական, ձեռնադրութեան ժամանակ, կ՚ընթեռնու զայն,  խոստանալով հրաժարիլ արծաթսիրութենէ եւ չծառայել մամոնայի, վասն արքայութեան երկնից, եւ քաջաբար յայտարարել Պետրոս Առաքեալի նման եւ ըսել. «Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք ետեւէդ»։ Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ անտարակոյս կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ:

Պահ մը կանգ առնենք այստեղ եւ տեսնենք թէ ի՞նչ վիճակի մէջ են այսօր մեր կարգ մը եկեղեցականները որոնք, զուրկ եւ դատարկ հոգեւոր կեանքէ, կը յոխորտան եւ կը գոռոզանան միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութիւններով։ Նախ կ՚արժէ այստեղ յիշատակել եւ խոնարհիլ այն յոյլ մը սրբակեաց  եկեղեցականներուն անթառամ յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց անձին օրինակով ապրեցան եւ յայտարարեցին. «Տէ՛ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք ետեւէդ, ժառանգելու յաւիտենական կեանքդ»։ Մինչ ուրիշներ՝ միլիոններ դիզած, աղքատ եւ սնանկ  հոգեւոր կեանքով, սակայն մոլորեալ արծաթսիրութեամբ, կը փորձեն աթոռներ ապահովել, ի հարկին գնել,  մոռնալով իրենց աղքատութեան ուխտը։

Ասկէ առաջ բազմիցս առիթը ունեցած ենք այս մասին գրելու, սակայն եւ այնպէս ոչինչ փոխուած է մինչեւ այսօր, որովհետեւ ձուկը ո՛չ թէ միայն գլուխէն հոտած է, այլեւ նեխածութիւնը հասած է մինչեւ պոչը…:  Եթէ կաթողիկոսներ, արքեպիսկոպոսներ կրնան միլիոնաւոր տոլարներ դիզել, ինչո՞ւ իրենց ստորադասները չունենան նոյն աշխարհիկ ցանկութիւնները: Մեզի համար կարեւորը այն է որ հոգեւոր կեանքի թափանցիկութեան պակասը եւ աշխարհական ապրումներու մէջ տուայտող եկեղեցականը   (հիմա կը հասկնաք սիրելի ընթերցողներ,  թէ ինչո՛ւ Կոճոյեան Սրբազան կը յայտարարէ թէ ««Բենթլին» ինձ համար սովորական բան ա.»), նամանաւանդ երբ ան բարձրաստիճան հոգեւորական մըն է,  ո՛չ միայն կը նսեմացնէ արժանաւորներու պատիւն ու ծառայութեան ոգին, այլ վատ օրինակ կը հանդիսանայ նաեւ նոր հասնող սերունդին, որ ապագային իր փրկութիւնը պիտի ուզէ փնտռել արծաթսիրութեան մէջ, մոռնալով իր ուխտն ու հաւատարմութիւնը իր Եկեղեցւոյն եւ ազգին։

Շարքը երկար է արծաթսիրութեամբ մոլորեալներուն: Բազում են նորելուկ միլիոնատէրեր, արքեպիսկոպոսէն մինչեւ խեղճուկ անուս քահանան, որոնք ողջ  են այսօր եւ կը ծառայեն նամանաւանդ սփիւռքի զանազան թեմերուն մէջ: Կարելի է մէկ առ մէկ թուել անոնց անունները եւ տալ մանրամասն տեղեկութիւններ անոնց դրամական կարողութեանց եւ ունեցած կալուածային հարստութեանց մասին, բայց մեր նպատակը այդ չէ, ինչպէս վերեւ նշեցինք:

Նախ տեսնենք թէ ի՞նչ է արդեօք պատճառը որ եկեղեցականներ այս անփառունակ ճանապարհը ընտրած են, իյնալով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ, որ ամբողջութեամբ հակառակ է քրիստոնէական բոլոր սկզբունքներուն։  Անոնք որ կը բնակին եւ կը գործեն վանքերէ դուրս՝ առաջնորդական պաշտօններու բերումով իրենց տրուած շռայլ ամսականներով Արեւմտեան աշխարհի՝ նամանաւանդ Ամերիկաներու մէջ՝ կրնան շատ հանգիստ քրիստոնէավայել կեանք մը ունենալ, հեռու մնալով ամէն զեխութենէ, եւ հարկ չենք տեսներ որ մտահոգուին իրենց ապագայով, որովհետեւ մայրավանքերէ  ներս ամէն հանգստութիւն եւ մարդկային տարրական բոլոր պահանջները լրացնող պայմաններ ունենալով՝ կրնան հանգիստ հասարակաց կեանք մը ապրիլ։ Ահաւասիկ այս խոր գիտակցութիւնը ունեցող արտասահմանի մէջ գործող նուիրապետական Աթոռներու բոլոր միաբանները կարիքը պիտի չզգան միլիոնաւոր տոլարներ արժող տուներ շինելու կամ գնելու։ Դժբախտաբար իրականութիւնը այդ չէ՛ սակայն այսօր, որովհետեւ հոգեւոր կեանքի  պակասը եւ աշխարհային կեանքի պահանջը զիրենք առաջնորդած է ընչաքաղցութեան:

Գլխաւոր պատճառներէն մէկն է անշահախնդիր նուիրումի եւ ծառայութեան ոգիի պակասը: Քահանայական կոչումին ըմբռնումը միջին դարերուն, իր կրօնական բարձրագոյն նշանակութեամբ, հասած էր այնպիսի բարձր մակարդակի, որ պատիւ բերած է մեր վարդապետներու հաւատքին եւ գիտակցութեան, եւ այդ մասին վկայութիւնները բազում են մեր մատենագրութեան մէջ. Շնորհալիներ, Նարեկացիներ, Մագիստրոսներ…:

Դժբախտաբար սակայն, իրողութիւնը տարբեր եղաւ վերջին դարերուն, զանազան քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով։ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը մոռցած ըլլալով իր հոգեւոր պարտքն ու պարտականութիւնը իր սրբազան առաքելութեան, տարուած մասնաւոր անձնական շահերէ եւ նկատումներէ, հոգեւոր պաշտօնի բարձրացուցած է այնպիսի անձեր որոնք ո՛չ մէկ պատրաստութիւն ունեցած են իրենց վստահուած սրբազան պաշտօնին համար։ Ապականութիւնն ու տգիտութիւնը այնքան ահռելի չափանիշներու հասած էին թէ՛ Եկեղեցւոյ եւ թէ ժողովուրդին մէջ, որ  ամէն մարդ կրնար եկեղեցական ըլլալ որեւէ միջոցով: Կաշառք, քաղաքական պաշտպանութիւն, յանդգնութիւն՝ մեծ դերեր ունեցած էին հասնելու բարձր պաշտօններու։        Օրինակի համար՝ գեղեցիկ ձայն եւ կամ արտաքին ներկայանալի կերպարանք ունեցողներ, բարեկամական եւ ազգակցական կապեր, եւ երբեմն ալ սովորական ուսուցիչներ լեցուցած են շարքերը եկեղեցականութեան, գործածելով վերեւ յիշատակուած լծակները։

Դառնալով հայ եկեղեցականութեան մերօրեայ անկեալ վիճակին, պէտք չէ շփոթել կոչումը ասպարէզին հետ։  Մեր խօսքը անոնց մասին չէ որոնք եկեղեցական կը դառնան պատրաստ հաց մը ապահոված ըլլալու համար եւ կամ իրենց փառասիրութեան գոհացում տալու համար, եւ դեռ աւելին, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ. “գործը չեղաւ, տէրտէր եղաւ” (դժբախտաբար մեծամասնութիւն են այդպիսիներ այսօր), այլ՝ անոնց մասին, որոնք խորունկ գիտակցութիւնը ունին իրենց կոչումին եւ իրենց կենցաղին օրինակով պատրաստ են առաջնորդել եւ քարոզել  Աւետարանի ճշմարիտ խօսքը։

Հայց. Եկեղեցին այսօր կ’անցնի այնպիսի ժամանակաշրջանէ մը, ուր ամէն տեսակի կրօնական զգացումներ թուլցած եւ ապականած են։ Գրեթէ չկան մշակներ որոնք կրնան ստեղծել կրօնական ոգի, ապրիլ եւ ապրեցնել կրօնքի խորհրդաւորութիւնը եւ ըլլան հարազատ արտայայտիչները իրենց շնորհքին, ընդունակութիւններուն եւ կարողութիւններուն։  Եթէ չկան մշակներ, պարզապէս անոր համար է որ չկան անձեր որոնք կը զգան, կը ճանչնան եւ կը լսեն իրենց կոչումին ձայնը, իսկ մատի վրայ համրուող արժանաւորներ՝ քմահաճօրէն, անիրաւաբար եւ անխղճօրէն կը հեռացուին հոգեւորականութեան շարքերէն, պարզապէս անոր համար՝ որ անոնց ներկայութեան ու նուիրեալ հոգեւոր աշխատանքին մէջ թէկուզ անգոյ վտանգ կը տեսնուի ոմանց կողմէ…:

Եթէ այսօր եկեղեցականութիւնը կը քննադատուի իր անկարողութեան համար, որովհետեւ այնտեղ կը բացակայի կոչումը։ Այսօր եկեղեցականներէն շատեր «հոգեւոր ծառայութեան» ասպարէզ մտած են  ո՛չ թէ կրօնական կոչումով, այլ մտած են վախնալով ընտանեկան պատասխանատուութիւններէ, մտած են շահու եւ իրենց փառասիրութեան գոհացում տալու համար։

Բացայայտ իրողութիւն է այսօր որ յեղյեղուկ նկարագիր ունեցող եւ կամ աննկարագիր եկեղեցականներ (դժբախտաբար ստուար են անոնց շարքերը) վտանգաւոր եղած են Եկեղեցւոյ գործունէութեան՝ ամէն կերպով։ Իրական համոզումներէ պարպուած այս եկեղեցականները, հետամուտ եղած են միայն փառքի, փառամոլութեան, անբարոյութեան, մոլորուելով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ եւ հետեւաբար իրաւունք կը զգան քաջաբար յայտարարելու. «Ուրեմն դա ձեր աշխարհայեացքի աղքատութիւնն է, որ դուք դա համարում էք գանձ, իսկ ես համարում եմ, որ դա ոչինչ է» : Ողբա՜մ զքեզ Հայց. Եկեղեցի…

Մարդ արարածի նկարագրին ճառագայթումներն են իր բարոյական եւ կենցաղագիտական արժէքները, ինչպէս նաեւ իր սկզբունքներն ու համոզումները։ Առանց այս ստորոգելիներուն՝ ան իրաւունք չունի ծառայութեան կոչուելու Հայց. Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս:

Դժբախտաբար այսօր հայ ժողովուրդը, որ ինքնին Եկեղեցին է, չի ներշնչուիր իր Եկեղեցւոյ ղեկավարութենէն եւ հոգեւոր պաշտօնեաներէն: Ինչու՞. որովհետեւ ձուկը վաղուց հոտած է գլխէն եւ հասած պոչին, որովհետեւ եկեղեցականներ չեն ներշնչած վստահութիւն իրենց նկարագրով եւ ապրելակերպով։  Հոգեւորականը, այսօր, ժողովուրդին համար մեքենացած խորհրդակատար մըն է  որ իր պարտականութիւնը կատարելէ ետք պէտք  է վարձատրուի, որովհետեւ ա՛յդ է սովորութիւնն ու աւանդութիւնը: Այլ խօսքով՝ առ եւ տուր:

Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ճամբուն վրայ հրամայական պէտք մըն է՝ գիտակից եւ արժանի եկեղեցականութեան մը գոյութիւնը եթէ կը փափաքինք ունենալ բարեկարգեալ ժողովուրդ մը, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է: Մեր յօդուածներն ու առաջադրութիւնները կը դառնան «ձայն բարբառոյ յանապատի» եթէ անոնք չվերածուին  կեանքի, այլ խօսքով եթէ նուիրեալներ չստուարացնեն շարքերը գիտակից եւ անձնուրաց եկեղեցականութեան, որոնց համար եկեղեցականութիւնը կոչում է եւ ոչ լոկ ասպարէզ, պարպուած մարդկային բոլոր ազնիւ առաքինութիւններէն: Ահաւասիկ այս իրողութեան բացակայութեան վկայութիւնն է Կոճոյեան Սրբազանի անպատասխանատու եւ անտարբեր պատասխանները: Գերաշնո՛րհ Սրբազան, եկեղեցականի մը առաքելութիւնը  կը կայանայ իր նուիրեալ կեանքի վկայութեան, եւ ո՛չ թէ աշխարհիկ տուայտանքներու մէջ:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Մայիս 20, 2013  Լոս Անճէլըս

 

www.genocidearchives.org

 

 

0

Write a Comment