Խորհուրդ՝ որովհետեւ այս օրերուն մամուլի էջերուն մէջ ինչպէս նաեւ համացանցի կայքէջերուն վրայ կը հանդիպինք խորհրդաւոր երեւոյթներու, Հայց. Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան արժանապատութիւնը յուզող անբաղձալի երեւոյթներու կապակցութեամբ: Դժբախտաբար, պէտք է խոստովանիլ, որ այդ բոլորին առիթ եւ տուն տուող շարժառիթներուն գլխաւոր հեղինակն է նոյն ինքն հոգեւորականութիւնը, մեծէն մինչեւ փոքրը:
Արդարեւ, այս օրերուն լուսանցքի վրայ մնացին «Պենթլիները», «օֆշորային» հաշիւները,եւ այլ առեւտրական սխրագործութիւններն ու հերոսութիւնները: Այսօր ամենէն աւելի շիկացած եւ հրատապ խնդիրը՝ Ֆրանսայի Առաջնորդ Նորվան Սրբազանի հրաժարականի հարցն է, եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի «պատկեր-անդամ»ներուն՝ խնդրոյ առարկայ հրաժարականը ընդունելու «հերոսական» որոշումը, որ կու գայ անգամ մը եւս փաստելու թէ Հայց. Եկեղեցին կորսնցուցած է իր ժողովրդավարական-սահամանադրական սկզբունքները եւ մտած է ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԿՂԵՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ մը դառնալու ընթացքին մէջ. իրողութիւն մը որ ո՛չ միայն դատապարտելի է, այլեւ ազգովին դէպի ուծացում եւ խորտակում կ’առաջնորդէ մեզ:
Վերլուծելէ առաջ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովի անփառունակ որոշումը, տեսնենք թէ ի՛նչ հանգամանքներ կան այդտեղ, Ժողովը օրինական նկատելու համար: Երթանք մի փոքր դէպի ետ, եւ տեսնենք թէ օրինական ինչ խախտումներ կատարուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տասներկու տարիներու ընթացքին: Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք որ Գերագոյն Խորհուրդի անդամները կ’ընտրուին Ազգային Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ. հետեւաբար, նկատի ունենալով որ ներկայ Գերագոյն Խորհուրդի Ժողովի անդամները նշանակովի անդամներ են, եւ ո՛չ ընտրուած, չեն կրնար Գեր. Խորհուրդի օրինական անդամներ նկատուիլ, ըստ Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան, ուստի եւ իրենց առած որոշումն ալ կարելի չէ նկատել վաւերական եւ ի զօրու:
Այստեղ կը փափաքիմ վկայակոչել Պոլսոյ Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ուղղուած Նոյեմբեր 3, 2000 թուակիր նամակէն հատուած մը.
«Հոկտեմբեր 9-ին անակնկալի եկանք երբ Ֆաքսով ստացանք Ձեր 7 Հոկտ. թուակիրը (հ. 2003), որուն կցուած էր ԳՀԽ-ի անդամներու «նոր ցանկ» մը առանց որեւէ յաւելեալ տեղեկութեան: Քանի մը օր յետոյ այս անգամ Մայր Աթոռի դիւանի կողմէ հրապարակում մը եղաւ, ըստ որում կը ծանուցուէր, որ «Հայրապետական տնօրինութեամբ» ԳՀԽ-ի նոր անդամներ «նշանակուած են»: 19.VI, 1945թ. Կանոնագրութեան (յօդ. 7) եւ 21.IX.1995թ. Սահմանադրութեան Նախագծի (յօդուած 117) համաձայն, ԳՀԽ-ը Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնն է եւ կ’ընտրուի Ազգային Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ: 1995-ի Ազգային Պատգամաւորական Ժողովին յստակ կերպով որոշուած էր, որ ԳՀԽ-ը ՎԱՒԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ունենալու համար անոր անդամները ընտրութեամբ պէտք է պաշտօնի կոչուէին: Գալով այժմու ԳՀԽ-ին, անոր կազմին մէջ ամենեւին պէտք չկար որեւէ փոփոխութիւն ընելու մինչեւ Ազգային Եկեղեցական Պատգամաւորական յաջորդ ժողովը (կամ Ներկայացուցչական Ժողովը): Ձեր Երանաշնորհ Նախորդն ալ այդպէս ըրած էր արդէն: Փոփոխութիւնները, կամ նոր նշանակումները, եթէ այնքան անհրաժեշտ կը նկատէիք, այժմու ԳՀԽ-ի անդամներուն հետ, կամ առնուազն ատենապետ Պատրիարքներու հետ խորհրդակցաբար կրնայիք ընել: Այդ ալ չեղաւ: Այժմ հարց կը ծագի թէ ի՞նչ է ԳՀԽ-ի անդամ դառնալու չափանիշը: Պարզապէս Կաթողիկոսի կողմէ նշանակո՞ւմ: Այդ ընդունելի կ’ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ ԳՀԽ-ը լոկ «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խորհրդատու մարմինն է» (Ներքին Սփիւռքի Կանոն յօդ.Գ.25): Եթէ այս վերջին տրամադրութիւններով պիտի ղեկավարուինք, այդ պարագային, «նոր ցանկը» ինչո՞ւ 12 սփիւռքհայերու ընդգրկմամբ կը հակասէ մեր Սփ. Կան. 29-րդ յօդուածին: Գալով պատրիարքներու մասնակցութեան, 1945-ի եւ 1995-ի կանոնագրութեանց տրամադրութիւնները աւելի պարզ են. Պատրիարքները Կաթողիկոսին կողմէ որեւէ պաշտօնի չեն «նշանակուիր», կարգ մը ժողովներու Ի ՊԱՇՏՕՆԷ կը նախագահեն կամ կ’ատենապետեն»:
Ասկէ աւելի կանոնագրային խօսուն վկայութիւն կարելի չէ եւ պէտք չէ փնտռել: Մեկնաբանութիւնը մեր ընթերցողներուն թողլով, վերադառնանք Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի «քաջագործութեան»:
Ահաւասիկ ցանկը ժողովին ներկայ եղող «բարձրաստիճան» միաբանակից «եղբայրներուն», Գարեգին Բ. Վեհափառի նախագահութեամբ.– Վազգէն եպս. Միրզախանեան, Եզրաս եպս. Ներսիսեան (Վեհափառին եղբայրը), Արշակ եպս. Խաչատրեան, Աբրահամ եպս. Մկրտչեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան, Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արամ արք. Աթէշեան, Խաժակ արք. Պարսամեան, Եզնիկ արք. Պետրոսեան, Նաւասարդ արք. Կճոյեան, Պարթեւ աբղյ. Բարսեղեան, Վահրամ քհնյ. Մելիքեան: Անշուշտ տակաւին ծանօթ չէ բոլորիս թէ արդեօք Նորվան Սրբազանի դէմ որոշումը միաձայնութեա՞մբ տրուած, թէ՞ գտնուած են «պարկեշտ» միաբանակիցներ որոնք ուզած են ձեռնպահ մնալ: Յամենայն դէպս, աւերը արդէն իսկ գործուած է, եւ ընդհանուր բարեպաշտ հայութեան յոյսն ու հաւատքը խախտած են Մայր Եկեղեցւոյ ու միաժամանակ նաեւ Մայր Աթոռի նկատմամբ:
Շատ տեղին է այստեղ յիշատակել «Նոր Յառաջ»ի մէջ լոյս տեսած խմբագրականին վերլուծումը, ուր խմբագիրը առանց վարանելու կը յիշեցնէ որ ԳՀԽ-ի անդամները քաջութիւնը պիտի չունենան դէմ գալու Վեհափառին ցուցմունքներուն եւ ակնկալութիւններուն: Այլ խօսքով՝ «պատկեր-անդամները» մէկդի դրած իրենց ուխտը, կոչումը, խղճի ձայնը եւ Եկեղեցւոյ ընդհանրական շահերը՝ գերադասեցին իրենց անհատական հաշիւները, առանց նկատի ունենալու միաբանակից եղբօր արժանապատուութիւնն ու երկար տարիներու հաւատարիմ ծառայութիւնը Եկեղեցիին ու ժողովուրդին: Իրենց եսերը փրկելու սին ակնկալութեամբ, ստրկացան եւ խնկարկեցին կղերապետին, որ վերջին տասներկու տարիներու ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան անդաստանէն, այս կամ այն ձեւով վանած-վռնտած է մօտաւորապէս 165 եկեղեցւոյ սպասաւորներ… Ո՞ւր ես պատմահայր Խորենացի…:
ԳՀԽ-ի յայտարարութեան վերջին պարբերութեան մէջ տեղ գտած բացատրութիւնը նոյնքան ընվզեցուզիչ է, վասնզի որեւէ ձեւով իրականութեան չի համապատասխաներ: Բայց եւ այնպէս, ԳՀԽ-ի անդամները քաջատեղեակ ըլլալով հանդերձ իրողութեան, փորձած են խեղաթիւրել ճշմարտութիւնը եւ յայտարարել. «Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը նաեւ ափսոսանք յայտնեց հրաժարականում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առնչութեամբ»: Արդեօ՞ք անհիմն…:
Վերլուծենք Նորվան Սրբազանին կողմէ ըսուածները, եւ թողունք որ մեր ժողովուրդը ըլլայ դատաւորը. ի վերջոյ Հայց. Եկեղեցւոյ տէրը ժողովուրդն է բացառապէս, եւ ո՛չ թէ այն ստրկամիտ եւ անողնայար եկեղեցականները (բացառութիւնները միշտ յարգելի), որոնք որպէս անարժան հոգեւոր պաշտօնէութիւն, Աստուծոյ տաճարը վերածած են շուկայի եւ անհատական հարստութեան կուտակումի լաւագոյն դաշտի:
Ա. «Վեհափառ Տէր, … Դուք չէք անդրադառնար գուցէ, թէ մարդոց արժանապատւութիւնը կը ճզմէք ձեր ոտքին տակ»: Նորվան Սրբազանի պէս հանդարտաբարոյ, հեզահամբոյր եկեղեցական մը որքա՛ն համբերած պէտք է ըլլայ անցեալին իր դէմ կատարուած նախատինքներուն, որ յանկարծ համբերութեան բաժակը յորդած նկատելով կը պոռթկայ իրեն դէմ կատարուած նուաստացուցիչ յայտարարութեան դէմ:
Բ. ԳՀԽ-ի ժողովը չփորձեց,–եւ չէր ալ կրնար,– հերքել սա իրողութիւնը թէ այս անարգական դէպքը պատահած էր Շառլ Տը Կօլ օդակայանի VIP-ի սրահին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի, Ազգային ժողովի Նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, Դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ եկեղեցական ու աշխարհական այլ անձերու ներկայութեան, երբ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալը յայտարարած է Նորվան Սրբազանին. «Եթէ Տէր Վաչէ Քահանայ Հայրապետեանը մինչեւ 1 Յուլիս 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ թէ Թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր Աթոռի հետ դու գործ չունես այլեւս»: «Պահ մը այլայլած,–կը գրէ Նորվան Սրբազան Վեհափառին,– ստուգել ուզեցի լսածս եւ կրկնեցիք. «Այո, դու Մայր Աթոռի հետ գործ չունես այլեւս»: Նախորդ օրը արդէն շշմած էի երբ ըսիք,- «…Վաչէ քահանային սքեմը, իմ պատիւս է, քուկդ ալ պէտք է ըլլայ, իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականինը պէտք է ըլլայ»»: Եւ այս ամբողջ փոթորիկը՝ անփառունակ «քահանայի» մը համար որ դատապարտուած էր Ֆրանսական դատարանի կողմէ քրէական յանցագործութեամբ եւ դատապարտուած երկու տարուան ազատազրկման: Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու: Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ Տ. Վաչէ քհն. Հայրապետեանը վաղուց պէտք էր «կարգալոյծ» եղած ըլլար իր կատարած հերոսութիւններուն համար: Ահաւասիկ այսպիսի «հոգեւորական» մը իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականի պատիւը պէտք է ըլլայ,- կ’ըսէ Վեհափառը: Հո՞ս հասաւ մեր պատիւն ու արժանապատուութիւնը:
Գ. ««Բիզինես» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցականները կառավարելու ո՛չ տրամադրութիւնը ունիմ, ո՛չ ալ ժամանակը»,- կ’ըսէ Նորվան Սրբազան: Արդեօ՞ք սխալած է: Կարդացէ՛ք Հայաստանեան մամուլի էջերը (օֆշորէն՝ ադամանդագործութիւն, հողատարածքներու մշակում, ջրատարներու սեփականութիւն, առեւտրական գործառնութիւններու մասնակցութիւն, եւ շարքը շա՜տ երկար է): Ինչպէ՞ս կարելի է այս բոլորը շինծու պատմութիւններ որակել եւ կամ սուտ նկատել:
Դ. «…Հայոց Մայրավանքի մէջ բացակայ է շնորհքի եւ սիրոյ մթնոլորտը, յոգնեցուցիչ է անհատի պաշտամունքը»,– կ’ըսէ Նորվան Սրբազան: Այս մասին կը վկայեն նաեւ պարկեշտ բարձրաստիճան եկեղեցականներէն մինչեւ փոքրաւորներ, որոնք, անտեսուած՝ որպէս համեստ միաբաններ, իրենց սենեակներուն մէջ իրենց աղօթքներով զօրացած կը սպասեն Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան, կը սպասեն անոր այսօրուան պարզած ներքին վիճակի արմատական փոփոխումին, ուր առաջնահերթ կարեւորութիւն պիտի ընծայուի հայ ժռղովուրդի հոգեմտաւոր եւ հասարակական կարիքներու գոհացման, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ վանական կեանքին մէջ սիրոյ ու եղբայրութեան ոգիի վերահաստատման:
Ահաւասիկ դէմ յանդիման կը գտնուինք անպատասխանատու ԳՀԽ-ի տխրահռչակ որոշումին, զոր Երուսաղէմի զինուորեալ Միաբանութեան Պատրիարք՝ Նուրհան Արք. Մանուկեան Վեհ. Հայրապետին ուղղած իր 3 Օգոստ. 2013թ. նամակին մէջ «անընդունելի եւ անարդար» կը նկատէ, նոյն ատեն յորդորելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ ըլլալ ներողամիտ եւ հայրաբար վերաբերիլ իր ստորադասներու հանդէպ: Վստահաբար, Վեհափառին՝ «ձեր բոլորին կարգը կ’առնեմ» անփառունակ յայտարարութիւնը եւս վիրաւորած եւ վշտացուցած է Երուսաղէմի միաբան հայրերը: Պատրիարք հօր վերջին թելադրութիւնը, ըստ որուն «անկարելի է որ վախի եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին»՝ լաւագոյն յարացոյցը պէտք է ըլլայ հայոց զոյգ հայրապետութիւններէն ներս ստեղծելու համար նոր, պայծառակերպեալ աշխատանքային շրջան մը, եղբայրական սիրոյ մթնոլորտին մէջ, դիմագրաւելու համար քսանմէկերորդ դարու նոր մարտահրաւէրները:
Լաւագոյնս ըմբռնելու համար մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի իրական պատկերը, եւ զայն բարեկարգելու նպատակով կատարուելիք անհրաժեշտ աշխատանքները բարւոք հունի մէջ դնելու համար, անհրաժեշտ է հիմնուիլ ժողովրդավարական եւ սահմանադրական կանոններու տրամադրութիւններուն վրայ, հեռու՝ կղերապետական միտումներէ եւ անիշխանական գործելակերպէ բոլոր ոլորտներէ ներս: Համազգային նուիրականութիւններու, օրէնքի, կանոնագրութեանց եւ ընկերային կեանքի հանդէպ ցոյց տրուած անփութութիւնն ու արհամարհանքը մեզ կ’առաջնորդեն դասալքութեան եւ հոգեմտաւոր սնանկացումի:
Մեր ակնկալածը անկարելի չէ, այլ՝ կարելի, կենսական եւ իրագործելի: Ամէն հայ մարդ որ հանրային ճանաչում ունի եւ ապրում, չի կրնար չտեսնել մեր արիւնող վէրքերը, անխուսափելի կաղացումներն ու թերացումները մեր եկեղեցական, հասարակական-ընկերային կեանքին մէջ ու չյուզուիլ ի տես այս բոլորին: Մէկ է ճամբան. անխախտ եւ անխռով կանգնիլ մեր սկզբունքներուն վրայ եւ հաւատալ ժողովուրդի գերիշխանութեան սկզբունքին, որ նոյն ինքն մեր Եկեղեցւոյ կառավարման կերպին առողջ հիմքն է:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2013 Լոս Անճէլըս