Մայր Աթոռի պաշտօնական նոր հաղորդագրութեան համաձայն, Սեպտեմբեր 24-27, 2013-ին Ս. Էջմիածնի մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսական Ժողովը այնքան ալ խոստմնալից չ՛երեւիր, ինչպէս գրած էի իմ նախորդ յօդուածիս մէջ, որովհետեւ մեր տարակարծութիւնները այնքան խոր են որ մէկ ժողովով կարելի պիտի չըլլայ լուծել տասնամեակներու աներեւակայելի խոր աւերներն ու վէրքերը, նամանաւանդ միասնականութեան աշխատանքի վերաբերեալ: Նոյն ատեն, նախապատրաստական լուրջ աշխատանքներ ալ չկատարուեցան արարողական մանր մունր փոփոխութիւններ մտցնելու ծիրէն անդին, նայելու որ Եկեղեցւոյ ընդհանուր բարեկարգութիւնը իր ամբողջական հասկացողութեամբ լրումին հասնի. բարեկարգութիւն մը, որուն մասին կը խօսուի եւ կը գրուի վերջին երկհարիւրամեակին:
Սակայն եւ այնպէս անհրաժեշտ կը գտնենք կարգ մը վերլուծումներ, գնահատականներ եւ թելադրութիւններ ընել Եպիսկոպոսական Ժողովը սկսելէ առաջ, եւ զանոնք յանձնել ո՛չ միայն եպիսկոպոսներուն, այլեւ ամբողջ հայրենիքի եւ սփիւռքի հայ հասարակութեան ուշադրութեան, անխտիր:
Վերլուծումներ կատարելէ առաջ սակայն, անհրաժեշտ կը նկատենք մէջբերել՝ Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանցի (յետագային Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) մտահոգութիւնները, զորս ան գրի առած էր Մայր Աթոռի պաշտօնաթերթ «Արարատի» մէջ, 1907 թուականին: 1906 թուականի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովը ո՛չ մէկ շօշափելի դրական արդիւնք տուած էր, բայց յառաջացուցած էր բազմաթիւ հարցադրումներ. « Ի՞նչպէս պէտք է անել, որ եկեղեցու բաժան-բաժան մասերի մէջ աւելի կենդանի եւ սերտ միութիւն ստեղծուի: Մեր եկեղեցու հօտը ոչ միայն բաժնուած է երեք պետութիւնների մէջ, այլ եւ բազմաթիւ գաղթականութիւններ ունենք երկրի զանազան կողմերում բուն ժողովուրդից կտրուած: Ի՞նչպէս պէտք է անել, որ մեր եկեղեցու արտաքին ինքնուրոյնութիւնը օտար ազդեցութիւններով չխճողուի, ծէսերի պարզութիւն եւ միութիւն ստեղծուի: Ի՞նչպէս պէտք է անել, որ բարեկարգուեն վանքերն ու վանականութիւնը եւ մի գեղեցիկ նպատակի ծառայեն, որ բարեկարգուեն եկեղեցական կալուածների կառավարութիւնն ու դպրոցական գործը, վարչական հաստատութիւնների փոխադարձ յարաբերութիւններն ու գործողութիւնները, չհասական եւ ամուսնալուծման խնդիրները: Ի՞նչպէս պէտք է կարգաւորել կրօնի դասաւանդութեան շատ փափուկ, բայց կարեւոր խնդիրը մեր եւ պետական դպրոցներում, եկեղեցական երգեցողութիւնը, քարոզչական գործը: Ի՞նչու աղքատ է մեր եկեղեցին աստուածահաճոյ եւ բարեգործական հաստատութիւններով եւ ի՞նչ պէտք է անենք, որ նա իւր հիւանդանոցները, անկելանոցները, որբանոցները, աղքատախնամ հաստատութիւններն ունենայ: Ի՞նչպէս կոչման բարձրութեան համապատասխան եկեղեցականութիւն պատրաստենք, ծաղկեցնենք կրօնական եկեղեցական գիտութիւնները, առանց որին միշտ խաւարի մէջ պիտի խարխափենք:Ապահովենք քահանաների նիւթական դրութիւնը: Ի՞նչպէս պէտք է մաքառենք օտար միսիոնարութեան կամ կրօնական անտարբերութեան դէմ, ի՞նչ լուծումն պէտք է տալ քահանաների կրկնամուսնութեան, կանանց հոգեւոր գործերի մէջ մասնակցութիւն ունենալու հարցերին…»:
Ըստ երեւոյթին Գարեգին Յովսէփեանց Վարդապետի մտահոգութիւնները հանդիպած են խուլ ականջներու, որովհետեւ 1920-ական թուականներուն Բենիկ Վարդապետ «Իմ պատասխանը բոլոր զրպարտիչներին» խորագրով հրապարակած նամակ-յօդուածին մէջ կ՛արտայայտուի այսպէս. «Տասն եւ հինգ տարի է ամուսնացած եմ անթաքչելի կերպով. ընտանիքով ապրել եմ նաեւ Էջմիածնի վանքի մէջ, ուր ապրում էին եւ ապրում են իրենց ամուսինների հետ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խիւդավէրտեանը, Ադամ Վարդապետը, Եղիշէ Վարդապետը, Գէորգ Վարդապետ Չէօրէքճեանը, Դանիէլ վարդապետը, եւ Հայրապետներից եւ ո՛չ մէկը չպահանջեց, որ նրանք բաժանուեն իրենց ամուսիններից։ Այժմու Վեհափառը (Գէորգ Ե.) երբ հրաւիրեց Գէորգ Եպիսկոպոսին վարդապետանալ, վերջինս ազնուութիւն ունեցաւ նախապէս յայտնելու, թէ կին ունի: Իսկ այս հանգամանքը Կաթողիկոսը արգելք չհամարեց, որ նա վարդապետանայ, եպիսկոպոսանայ, արքեպիսկոպոսանայ, առաջնորդ դառնայ։ Սակայն նոյն Կաթողիկոսը պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից….»:
Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Ս. Էջմիածնի աթոռանիստ վանքին մէջ։ Բենիկ Վարդապետին յօդուածը պարզապէս ցոյց կու տայ որ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, Ս. Էջմիածինը՝ դարձած էր ապականութեան բոյն մը։ Արդեօ՞ք տարբեր է պատկերը այսօր…: Այս իրողութեան մեծագոյն վկաներն են մամուլին մէջ լոյս տեսնող խայտաբղէտ յօդուածները, գրուած՝ մեր դարաւոր Եկեղեցւոյ, անոր գահակալներուն, եւ եպիսկոպոսաց դասէն մինչեւ ամենկրտսեր համեստ եկեղեցականներուն մասին:
Ահաւասիկ առաւել քան հարիւր տարիներ անցած են այս հարցադրումներէն, սակայն եւ այնպէս զանոնք կրնանք կրկնել այսօր եւս, որովհետեւ ձախողած ենք առ հասարակ բոլոր ոլորտներու մէջ Եկեղեցին իր պաշտօնէութեամբ բարեկարգելու: 20-րդ դարու սկիզբը արտայայտուած մտահոգութիւնները կը պահպանեն իրենց այժմէականութիւնը: Դժբախտաբար այս համրաքայլ ընթացքով, երբ Եկեղեցին Գողգոթայի ճանապարհին է, պիտի չկարենայ դիմագրաւել 21-րդ դարու մարտահրաւէրները:
Կարելի չէ անտեսել ժամանակին պահանջները, որովհետեւ ժամանակը ամենազօր ոյժն է որ կը սղոցէ անհարկի եւ անտրամաբանական դիմադրութիւնները եւ հեղեղի նման կը քանդէ ու կը տապալէ ամէն ինչ որ արգելք կ՛ըլլայ ժամանակի պահանջներու իրագործման։ Դարձեալ կարելի չէ, — վտանգաւո՛ր իսկ է,– կառչած մնալ վարդապետական ոչ-էական հարցերու վերաբերող ուսուցումներու, ինչպէս նաեւ հաւատաւոր կեանքի զանազան գործնական արտայայտութիւններու անվերանայելիութեան, անսրբագրելիութեան գաղափարին, որովհետեւ անփոփոխութիւնը լճացում կը յառաջացնէ, իսկ լճացումը թէ՛թունաւոր է, եւ թէ՛վնասակար, քանի որ յառաջ կը բերէ ճահճացում. մէկ խօսքով՝ ամբողջական ապականացում, որուն դէմ յանդիման կը կանգնի այսօր Հայաստանեայց Եկեղեցին։ (Քրիստոնէական դաւանութեան եւ հաւատքի կէտերը –Տիեզերական Ժողովներով, Նիկիական Հանգանակով ճշտուած—կը մնան անփոփոխելի: Վարդապետական ուսուցումները՝ կերպով մը կը մեկնեն, կը բացատրեն այդ կէտերը եւ ժամանակ առ ժամանակ իրենց ոչ-էական երեսներով (aspects) նոր լոյսի, նոր պայմաններու տակ կրնան, եւ պէտք է վերատեսութեան ենթարկուիլ եւ պատշաճեցուիլ նոր պայմաններուն: Նոյն սկզբունքով ալ, ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի արտայայտութեան զանազան երեսները (ծէսեր, տօնակատարութեանց աւանդութիւններ, սովորութիւններ, եւայլն, կրնան ենթակայ ըլլալ վերանայման:)
Պէտք է ընդունինք որ եկեղեցիներէն խոյս տուած է քրիստոնէական ոգին եւ կրօնքը տագնապի շրջանէ մը կ՛անցնի ամբողջ աշխարհի մէջ, որովհետեւ մարդիկ չեն ուզեր մշակել իրենց հաւատքի կարողութիւնները։ Ամէն ինչ դարձած է մեքենականութիւն, այլ խօսքով՝ մեր արարողութիւնները դարձած են տափակ շարժապատկերի մը նման անհամ եւ անհրապոյր ներկայացում մը, ուր աղօթքները շատ անգամ կը լպռտուին տգէտ եկեղեցականներու կողմէ, որոնք յաճախ իրենց կարդացածը հասկնալու եւ ապրելու ո՛չ միայն յարմարութիւնը չունին, այլեւ պատրաստութիւնը։ Եթէ մեր եկեղեցիներու նստարանները թափուր են այսօր, որովհետեւ միայն աւանդապաշտութիւնն է որ մտած է մեր եկեղեցիներէն ներս, պարպելով մեզ բոլոր հոգեկան հարազատ ապրումներէ։ Հոն ուր չկայ շարժում, չկայ նաեւ եղափոխութիւն, յառաջդիմութիւն, եւ հետեւաբար կայ միայն քարացած մտայնութիւն, որ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց չի կրնար որեւէ լուծում առաջարկել հաւատացեալին, եւ դատապարտուած է ամլութեան։
1955 թուականէն ետք Մայր Աթոռի մէջ եւ այլուր, Գերագոյն Խորհուրդի բազմաթիւ ժողովներ տեղի ունեցած են: Այդ ժողովներուն յատուկ օրակարգի մէկ բաժինը տրամադրուած է Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան, եւ սակայն՝ առանց լուրջ արդիւնքներ յառաջ բերելու : Այդ ժողովներու շարքին են 1956-ին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած ժողովը ինչպէս նաեւ 1969-ին Մայր Աթոռի մէջ կայացածը: Կ՛արժէ այստեղ յիշատակել Գահիրէի Ժողովի ընթացքին հանգուցեալ Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի շատերու ծանօթ նշանաւոր յայտարարութիւնը: Երբ ժողովի ընթացքին յառաջ բերուած է կուսակրօնութեան հարցը, Սրբազանը յայտարարած է. «Մենք այդ հարցը վաղուց լուծած ենք,- անցնինք յաջորդ հարցերուն»…: Դժբախտաբար՝ այսօր այդպէս մտածողներ շա՜տ են եւ ինքնախաբէութեամբ կը տուայտին ցոփ կեանքի մէջ, ինչպէս ծանօթ է ամբողջ հայ հասարակութեան, հայրենիքէն ներս եւ թէ սփիւռքի տարածքին:
Եթէ Հայց. Եկեղեցին կարողանայ ինքզինք պատշաճեցնել մարդկային ազատ մտածումին եւ ըմբռնողութեան գաղափարին, այսօր շատ աւելի մեծ դեր կրնայ խաղալ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներու վրայ։
2013 Օգոստոսի 28-29-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի ժողովը, որուն մասնակցեցան Նուիրապետական երկու աթոռներէն եպիսկոպոսներ: Մայր Աթոռի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը յիշէ միայն, թէ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը ընդունելով ժողովական հայրերը՝ անոնց փոխանցեց Եպիսկոպոսական Ժողովի գումարման մասին իր պատկերացումներն ու օրհնութիւնները արդիւնալից աշխատանքի համար:
Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք նաեւ որ երկու օրերու ընթացքին ժողովական Սրբազան Հայրերը քննարկեցին Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի գումարման թուականի, օրակարգի և ժամանակացոյցի հետ կապուած հարցեր: Ուշագրաւ է սակայն որ հաղորդագրութիւնը, ընդհանուր կերպով ակնարկելով ինչ-որ «օրակարգ»ի մը մասին, ո՛չ մէկ յիշատակութիւն կը պարունակէ մեր Եկեղեցին յուզող եւ տագնապեցնող այն հրատապ հարցերու մասին որոնք պէտք է որ մաս կազմեն նման ժողովի մը օրակարգին: Նկատի ունենալով բացակայութիւնը լուրջ օրակարգի մը, կը ներկայացնեմ Եկեղեցին բարեկարգութեան ճանապարհին առաջնորդող լուրջ հարցերը, որոնք անյապաղ պէտք է օրակարգի նիւթ դառնան Եպիսկոպոսական Ժողովին, եթէ կը փափաքին Եկեղեցին փրկել ամբողջական ուծացումէ եւ գահավիժումէ:
1.- ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ
Բարեկարգութեան կարեւոր խնդիրներէն մէկը լուծած կ՛ըլլանք եթէ նկատի առնենք ժողովուրդի դաստիարակութեան պարագան նոր ժամանակներու պայմանններու համաձայն եւ նոր հասկացողութեան լոյսի տակ: Եւ որպէսզի կարենանք յաջողիլ մեր դաստիարակչական առաքելութեան մէջ, հարկ է որ նկատի առնենք 21-րդ դարու արդիական մեթոտները եւ զանոնք կիրարկենք քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ։
2.- ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԼԵԶՈՒՆ
Որպէսզի Եկեղեցւոյ կրօնական-արարողական պաշտամունքը ըլլայ հրապուրիչ եւ ունենայ իր ներգործող ազդեցութիւնը հաւատացեալներուն հոգեմտաւոր կեանքին վրայ, հարկ է որ կատարուի հասկնալի լեզուով, այսինքն աշխարհաբարով, որ գործածական լեզուն է ժողովուրդին: Նոյն ատեն պէտք է ոչ-ձանձրանալի դարձնել արարողութիւններու տեւողութիւնն ու գեղարուեստական վայելչութիւնը։
3.- ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ
Կրօնաբարոյական ըմբռնումով՝ պահեցողութիւնը լաւագոյն միջոցն է որով մարդ անհատը ոյժ կը ստանայ իշխելու իր մարմնին եւ նուաճելու իր կիրքերը։ Այս հասկացողութեան լաւագոյն օրինակը տուաւ Աստուածորդին՝ երբ կը պատրաստուէր իր երկրաւոր առաքելութեան։ Կրօնաբարոյական այս ըմբռնումէն անկախ՝ նկատի պէտք է ունենալ առողջապահական բարիքները, բժշկական անկիւնէն դիտուած։
4.- ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ կարեւոր հարցերէն մէկն է նաեւ հոգեւոր իշխանութեան, նուիրապետական կարգերու եւ կամ աստիճաններու վերակազմութիւնը։ Նկատի ունենալով մեր շեշտադրումը որ այսուհետեւ Եկեղեցւոյ բոլոր աստիճանները պէտք է բաց ըլլան արժանաւոր թեկնածուներու առջեւ՝ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ (ընտրութիւնը անհատինն է)՝ կրկնապէս կարեւոր կը դառնայ Եկեղեցւոյ աստիճաններու վերակազմութեան անհրաժեշտութիւնը, հեռու սանձարձակ կղերապետութենէ: Ամենակարեւորը այս բոլորին մէջ պիտի ըլլայ, որ Հայց. Եկեղեցին որդեգրէ քառամեայ, վեցամեայ կամ ութամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի կանոն մը՝ ո՛չ միայն թեմակալ առաջնորդներու, այլ նաեւ պատրիարքական եւ կաթողիկոսական պաշտօններուն համար: Նմանօրինակ երեւոյթներ երբեք օտար չեն մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եւ ո՛չ ալ հակառակ կամ խորթ՝ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական ոգիին:
5.- ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԱՊՐՈՒՍՏԸ
Եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը վարձատրելու սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն կապակցաբար այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք լուրջ իրողութեան մը, որ կը յուզէ Եկեղեցւոյ պաշտօնեան ի տես իր անձուկ նիւթական գոյավիճակին (բացառութիւնները շա՜տ)։ Հայց. Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան վարձատրութիւնը եւ անոր եղանակը անհրաժեշտ է որ հիմնուին համաձեւ պատուաւոր դրութեան մը վրայ, որպէսզի որեւէ կերպով չվիրաւորուի անհատին արժանապատուութիւնը, եւ հետեւաբար այս վիրաւորական ձեւերն ու նիւթական անձուկ պայմանները հեռու չպահեն արժանաւորները՝ որոնք պիտի փափաքէին հոգեւոր ծառայութեան դաշտ մտնել։
6.- ԿՈՉՈՒՄ-ՆՈՒԻՐՈՒՄ-ՈՒՍՈՒՄ
Ներկայ դարուն, երբ մարդկային իրականութեան մէջ ամէն շարժում լոյսով, գիտութեամբ եւ բարձր իմացականութեամբ կ՛առաջնորդուի, տգէտներն ու անուսները չեն որ պիտի առաջնորդեն Հայց. Եկեղեցին իր ծով կարիքներուն մէջ, այլ բոլոր անոնք՝ որոնք իրենց վանական ընծայարանի գործնական եւ հովուական աստուածաբանական ուսումներէն ետք, բաց մտքով եւ հոգիով կը յաճախեն բարձրագոյն համալսարաններ:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, մերօրեայ նիւթականացած աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է ունենալ իր կոչումին գիտակից ու պարտաճանաչ եկեղեցականութիւն մը, որ իր մէջ կը մարմնացնէ կրօնքին ներշնչած անսակարկ ծառայութեան եւ նուիրումի սէրը։ Այլ խօսքով, հոգեւոր մշակներ՝ որոնք իրենց ինքնամոռաց անձնուիրութեամբ կրնան նոյնանալ իրենց ժողովուրդին բոլոր կարիքներուն եւ ցաւերուն հետ, հասնելու համար անոնց ծով կարիքներուն։
7.-ԿԵՆՑԱՂ
Եկեղեցւոյ ամենահրատապ հարցն է եկեղեցականաց կենցաղը, որուն մասին կը խօսինք բայց երբեք չենք փորձեր լուծում մը գտնել այդ մասին։ Կոչում, նկարագիր եւ ուսում կը չքանան, կը ցնդին ի սպառ երբ այդ բոլորը չենք կրնար ապրիլ եւ ապրեցնել մեր կենցաղով. այլ խօսքով՝ մեր խօսքերն ու քարոզները կը դառնան լոկ անիմաստ շրթնային ծառայութիւն, ինչպէս կը տեսնենք բարձրաստիճան հոգեւորականէն մինչեւ համեստ քահանային մօտ: Այլ խօսքով, վերջ տանք ««Բիզինես» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցականներուն»:
7.- ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Ամուսնալուծման խնդիրները պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրել եւ կանոնաւորել նամանաւանդ այն երկիրներու մէջ, ուր քաղաքային դատարաններու չեն ենթարկուիր ամուսնալուծութեան վերաբերեալ խնդիրները: Անհրաժեշտ է որ հոգեւոր իշխանութեան մօտ անոնք գտնեն իրենց արդար օրինական լուծումը, առանց կաշառակերութեան:
8.- ՏՈՄԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՇՏՈՑԻ ԿՐՃԱՏՈՒՄ
Հայց. Եկեղեցին այսօր պէտք ունի վարչական, ծիսական եւ կանոնական բարեկարգութեան, որովհետեւ երբ կրօնի ուսուցումը կը դադրի ու կը կորսնցնէ իր հմայքը, երբ քրիտոնէական բեմը կը դադրի մեր եկեղեցիներուն ամենէն կենսունակ զօրութիւնը ըլլալէ, անկարող եւ անպատրաստ քարոզիչներու պատճառով, մենք կը դատապարտուինք ուծացումի։
9.-ՊԱՏԺԱԿԱՆ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄՆԵՐ
Հայց. Եկեղեցւոյ ամենազգայուն եւ ամենաշիկացած հարցերէն մէկն է, եւ կը խռովինք ի տես եղած անարդարութիւններուն, նամանաւանդ երբ անոնք կը կատարուին յԱթոռոյ, քինախնդրութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, յիշաչարութեամբ եւ ոխակալութեամբ, սակայն ոչ երբեք՝ օրէնքի տրամադրութեան համաձայն։ Գերագոյն Հոգեւոր Ժողովի (Ս. Էջմիածնի պարագային) եւ կամ Տնօրէն Ժողովի (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պարագային) աւագ պատասխանատուութիւններէն մէկն է քննել միաբաններու թերացումները եւ պարտն ու պատշաճը տնօրինել կանոնագրութեան համաձայն, մեղադրեալի ներկայութեամբ, առիթ ընծայելով որ ենթական ներկայացնէ իր պաշտպանողականը փաստացի եւ իրաւացի տուեալներով:
Այս տխուր իրականութեան անդրադարձած է Պոլսոյ Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, Ամենայն Հայոց Հայրապետին յղած իր Նոյեմբեր 3, 2000 թուակիր նամակին մէջ, ուր կը թելադրէ այսպէս. «Դուք արդէն տարիէ մը ի վեր Կաթողիկոս էք եւ Ձեր իշխանութիւնը ապացուցելու համար պէտք չունիք «ներքին Սփիւռքի կանոնադրութեան 68-րդ յօդուածի տրամադրութենէն օգտուելու: Թեմակալ առաջնորդ մը (կ’ակնարկէ Տիրան Արք. Կիւրեղեանի) ազատ արձակելու «ձեւն» ալ կարեւոր է: Այսօր Սրբազան Պապն իսկ իրաւունք չունի իր ուզած եպիսկոպոսը յանկարծակի պաշտօնանկ ընելու: Ամենայն հայոց Կաթողիկոսն ալ պէտք է ընկալեալ կարգ-կանոնով եւ աւանդութեամբ առաջնորդուի: Նման պարագաներուն պէտք է յստակ եւ փաստացի ըլլայ ազատ արձակուող առաջնորդի դէմ բերուած ամբաստանութիւնը. պէտք է քննիչ ատեան կազմել, ենթակային ինքնապաշտպանութեան առիթ տալ եւ ապա արդիւնքը հրապարակել»:
Նմանօրինակ աժան մօտեցում մը ցուցաբերուեցաւ վերջերս նաեւ Մեծի Տանն Կիկիոյ միաբան՝ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի, եւ իրմէ առաջ նաեւ որոշ թիւով ուրիշ միաբաններու պարագային: Պէտք չէ ենթական, բարձրաստիճան թէ փոքրաւոր, կարգազուրկ հռչակել պարզապէս ցոյց տալու համար, որ ի յաթոռոյ այդ իրաւունքը կայ: Կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, եւ պէտք չէ ունենան, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի, եւ ուրեմն որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան:
Այս առիթով կ’առաջարկեմ որ Եպիսկոպոսական Ժողովը, որ գերագոյն մարմինն է Հայց. Եկեղեցւոյ, պահանջէ թէ՛ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներէն, որ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց անօրինական եւ հակականոնական կարգազրկումները, եւ օրինական ինքնապաշտպանութեան առիթ ընծայեն բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին վերադառնալ Հայց. Եկեղեցւոյ ծառայութեան:
Հայց. Եկեղեցին տասնութ դարերէ ի վեր հայ ժողովուրդին կեանքն ու ճակատագիրը վարող ոյժը եղած է որպէս կրօնական եւ ազգային հաստատութիւն, եւ չենք կրնար ձգել զայն պատահականութեան։ Կաթողիկոսներ կու գան ու կ՛երթան, բայց Հայց. Եկեղեցին կայ ու կը մնայ, որովհետեւ կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ազատ խիղճը, եւ կը խորհրդանշէ անոր հաւատքի նուիրականութիւններու ակը: Մի՛ փորձէք խախտել մեր հաւատքը…: Հայց. Եկեղեցին՝ կը մնայ որպէս իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր սնունդի ակնաղբիւրը եւ իր հոգեւոր կարիքներու գոհացման օրրանը: «Եկեղեցին Հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ…» (Վահան Թէքէեան):
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
10 Սեպտեմբեր, 2013