0
ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ  Է

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է

Դժբախտաբար Հայց. Եկեղեցին պատանդ դարձած է բարձրաստիճան հոգեւորականութեան ձեռքը: Համազգային յուսախաբութիւն ապրեցաւ հայութիւնը թէ՛ Հայրենիքի  եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, ի տես Եպիսկոպոսական
ժողովի արդիւնքներուն:  Թէեւ այդքան ալ յուսալից չէինք որ այս «եզակի» Ժողովը կրնար շօշափելի արդիւնքներ ձեռք բերել, բայց եւ այնպէս կրնար առ նուազն զբաղիլ այն լուրջ հարցերով որոնք մեր Եկեղեցին կը տագնապեցնեն այսօր, եւ կը կանգնեցնեն զայն գահավիժումի եզրին:

            Վերջին տասնամեակներուն այսքան մեծ թիւով բարձրաստիճան եկեղեցականներ ի մի չէին հաւաքուած երբեք. պատճառները ծանօթ են հանրութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է այսպիսի լաւագոյն բացառիկ առիթ մը չօգտագործել յանուն Եկեղեցւոյ միութեան աշխատանքներուն, եւ միայն մակերեսային մօտեցում ցոյց տալ ո՛չ այդքան Եկեղեցին «յուզող» հարցերու մասին:  Նոյն իսկ այդ հարցերը որոնք արծարծուեցան ժողովին մէջ, վերջնական լուծում մը չստացան, որովհետեւ լուրջ նախապատրաստական աշխատանքներ չէին տարուած Եպիսկոպոսական Ժողովի նախօրեակին, եւ մեզի տուին ա՛յն տպաւորութիւնը  որ այդտեղ հաւաքուած էին զբօսանքի համար: Ինչու՞ այս եզրայանգումը. ահաւասիկ պատճառները–

            Առաջին առիթով պիտի անդրադառնանք արծարծուած երկու գլխաւոր հարցերուն, որոնք յատուկ լուսարձակի տակ առնուելէ ետք, ու ապա թեր եւ դէմ կարծիքներու աւարտին, Ժողովը պարզապէս եկաւ հետեւեալ եզրահանգման.

            1.- Ժողովը որոշած է « որդեգրել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման սկզբունքը, յանձնարարել Սրբադասման յանձնախումբին՝ շարունակել նահատակներու անհատական եւ խմբային սրբադասման ուսումնասիրութիւնը՝ Եպիսկոպոսաց յառաջիկայ Ժողովներուն ներկայացնելու համար, յանձնարարել Սրբադասման կանոնակարգը եւ արարողակարգը»:

            Եթէ այդքան կարեւոր էր այս հարցը, որուն մասին յաճախ կը խօսուէր վերջին յիսունամեակին եւ աւելին, արդեօ՞ք անհրաժեշտ էր հաւաքել 62 բաձրաստիճան եկեղեցականներ որոշելու համար որ անհրաժեշտ է ունենալ սրբադասման կանոնակարգ եւ արարողակարգ:  Նո՞ր անդրադարձան մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները որ Հայց. Եկեղեցին, Կաթողիկէ կամ Օրթոտոքս եկեղեցիներու նման սբադասման ո՛չ կանոնակարգ ունի եւ ո՛չ ալ արարողակարգ, հետեւաբար ի՛նչ տուուեալներու վրայ հիմնուած պիտի սրբացնէին մեր նահատակները: Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու…

            Կը բաւարարուինք ըսելով որ այս հարցին կարելի չէ մակերեսային կերպով մօտենալ, որովհետեւ ան կ՛ընդգրկէ թէ՛ աստուածաբանական եւ թէ՛ քաղաքական լուրջ հարցեր: Իսկ այս բոլորէն վեր եւ անդին, Հայ Ժողովուրդը արդէն իր հոգւոյն եւ էութեան մէջ սրբացուցած է իր նահատակները: 1915-ի նահատակներու սրբադասումը, անհատական թէ հաւաքական, առիթ պիտի տայ անյարիր մեկնաբանութիւններու, որովհետեւ սրբադասման ենթակայ մարդուն կեանքը, նախ պէտք է ըլլայ ապրող էակներու կողմէ վկայուած կեանք մը՝ լի առանձնայատուկ բարեպաշտութեամբ եւ նահատակուած՝ յանուն խաչեալ Քրիստոսի, եւ իր մահէն ետք անոր գերեզմանին վրայ կամ անոր բարեխօսութեամբ տեղի ունեցած հրաշագործութիւնները պիտի ըլլան երաշխիքը անհատը սրբադասելու: 

            2.- Ժողովի մասնակիցները քննութեան առին «Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներու՝ Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական յանձնախումբի կողմէ կատարուած աշխատանքները»:  Նարեկ Արք. Ալեմէզեանի եւ Արշակ Եպս. Խաչատրեանի տուած մամլոյ հարցազրոյցէն կ՛իմանաք որ նշեալ խորհուրդներու արարողակարգերը քննարկուելով որոշուած եւ ընդունուած է միօրինակ բնագիր: Միօրինակ բնագի՞ր… Արդեօ՞ք կային եկեղեցիներ որոնք տարբեր Մաշտոց ունէին եւ այսօր որոշուեցաւ միօրինակ բնագիր:  Հաւանաբար ըսել կ՛ուզէին արարողակարգը կատարել միաձեւ. խնդիր մը, զոր իւրաքանչիւր թեմ արդէն լուծած է իր սահմաններէն ներս, այդ ալ երբեմն օտար լեզուներով, ըստ «տեղական պահանջ»ի:

            Սեպտեմբեր 27-ի նիստերը նուիրուած էին Հայց. Եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներուն, կ՛ըսէ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ: Ուրբաթ 26 Սեպտեմբեր   2013-ի առաւօտ, ականատես եւ ականջալուր ներկայ մը մեզի փոխանցած էր Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձրաձայն յայտարարութիւնը. «ժողովուրդը այս ժողովէն բան մը կը սպասէ ,մենք ( կաթողիկոսներս) բան մը չունինք մեր միտքերուն մէջ Մինչեւ վաղը դուք մտածէք թէ ի՛նչ կարող էք առաջարկել։» Ու կ՛աւելցնէ զեկուցողը, ըսելով. «Երեւակայէ՛ եթէթղթակիցները ներկայ ըլլային, ի՞նչ պիտի գրէին միտքերնուն մէջ բան մը չունեցող կաթողիկոսներու մասին»: Վա՜յ մեզի…

            Ահաւասիկ լրջութեան աստիճանը Եպիսկոպոսական Ժողովին, ուր հաւաքուած էին «միասնաբար աղօթելու, միասնաբար խորհրդակցելու եւ որոնելու հայ եկեղեցին դէպի ներքին բարեկարգութիւն առաջնորդող ազդու միջոցներն ու ճիշդ ճամբաները»(Արամ Ա.): Ա՛յս էր ուրեմն բոլոր աղմկայարոյց յայտարարութիւններու արդիւնքը: Ո՛ւր մնացին մեր Եկեղեցին (այսինքն ժողովուրդը) յուզող հրատապ  հարցերը: Եկեղեցին ինչպէ՞ս պիտի կարենայ ինզինք վերանորոգել, երբ քաջութիւնը չունի խօսելու ա՛յն նիւթերուն մասին, որոնք կ՛ալեկոծեն Եկեղեցին,– հոն՝ ուր բարոյական արժէքներու անկում կայ, հոն՝ ուր մարդկային իրաւունքներու ճիշդ ընկալման աղճատում կայ, հոն՝ ուր ազգային ինքնութեան արժէքներու խաթարում կայ, հոն՝ ուր ընտանեկան սրբութեանց եւ սիրոյ արժէքներու խաթարում կայ:

            Անարդար չեն մեր ակնկալութիւնները եւ ո՛չ ալ անկարելի:  Պէտք է ունենալ «ինքնաքննադատութեան քաջութիւն, մեր վէրքերը ճիշդ տեսնելու եւ ցաւերը ճիշդ զգալու» (Արամ Ա.): Վերջին յիսունամեակին,  դժբախտաբար, ականատես եւ ականջալուր եղանք միայն ու միայն շրթնային ծառայութեան, որ կը նմանի ծովու ալիքներու փրփուրին, որոնք պահ մը միայն մեզ կը խանդավառեն իրենց գեղեցկութեամբ,  ինչպէս արտասանուած շքեղ խօսքերն ու նախադասութիւնները:

            Պէտք չկայ եօթներորդ դարու Ներսէս Իշխանցի կաթողիկոսը երկինքէն վար իջեցնելու, որպէսզի շրջի մեր եկեղեցիներէն ներս՝ տեսնելու համար մեր Եկեղեցւոյ այսօրուան վատառողջ վիճակը:  Հայ Ժողովուրդը ականատես է ամէն օր այդ տխուր իրականութեան եւ դէմ յանդիման կը գտնուի անփառունակ եկեղեցականութեան  վիճակին: Անհրաժեշտ ալ չէ երբեք փնտռել բռնազբօսիկ պատճառաբանութիւններ («Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն Ամենայն հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ ստեղծուած յարաբերութիւնները յանգեցան պառակտման եւ վարչական բաժանումի» (Գարեգին Բ.)) արդարացնելու եկեղեցականութեան անկեալ վիճակը: Աննպաստ քաղաքական իրավիճակի մէջ կարելի չէր զբաղիլ բարեկարգութեամբ,– կ՛առարկուի: Արդեօ՞ք քսաներկու տարիներու անկախութիւնը առիթ չտուաւ մեզի վերարժեւորելու մեր կրօնական ու ընկերային կեանքը:

            «Մեր առջեւ յառնած են ներեկեղեցական չլուծուած բազում հարցեր, ինչպէս նաեւ խնդիրներ, որոնք հետեւանք են եկեղեցական իրաւունքի, մեր եկեղեցւոյ կանոնական սկզբունքների վրայ հիմնուած օրէնքների ու կանոնագրութիւնների բացակայութեան, ինչը շատ անգամ տեղիք է տալիս թիւրըմբռնումների ու կամակայականութեան դրսեւորումների, դժուարացնելով ու բարդացնելով ցանկալի առաջընթացը եկեղեցական մեր կեանքի» (Գարեգին Բ.): Կանոնագրութիւններ կային եւ կան անպայման, դժբախտաբար այդ կանոնագրութիւնը յարգողներ չկան, գինովցած եւ յղփացած իրենց կղերապետական փառասիրութեամբ, որուն արդիւնքներէն մէկն  է միայն՝ հակականոնական, ոչ-քրիստոնէական եւ անտրամաբանական կարգազրկումները:

            Մեզի համար անհասկնալի կը մնայ թէ ինչո՞ւ այս «եզակի» բացառիկ առիթով չարծարծուեցան վերջերս մեր Եկեղեցւոյ հիմերը ցնցող հրատապ հարցերը, ըլլան անոնք ներեկեղեցական, համայնքային, անհատական եւ հասարակական: Ի՞նչ պատահեցաւ որ ժողովականներէն ոեւէ մէկը քաջութիւն չունեցաւ որպէս օրակարգի նիւթ առաջարկելու հետեւեալ հրատապ-շիկացած հարցերէն մէկը.-

            Ա. Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի նամակն ու բողոքի կեցուածքը եւ անոր ունենալիք անդրադարձը ամբողջ եկեղեցականութեան հոգեբանութեան վրայ:

            Բ. Ֆրանսայի Թեմին Առաջնորդ, Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականը. անոր նամակին ունեցած եւ ունենալիք անդրադարձը պատրաստուող հոգեւորական նոր սերունդի հոգեբանութեան վրայ:

            Գ. Գերագոյն Հոգեւոր Ժողովի ոչ-օրինական ընտրութիւնը եւ իրենց պատուասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներու ունեցած կրաւորական ստրկային վիճակը:

            Դ. Եկեղեցականի հոգեւոր առաքելութեան վերարժեւորումն ու ուխտի վերանորոգումը, հեռու մնալով աշխարհիկ բոլոր «բիզնէսներէն»:

            Ե. Ինչպէս աշխուժացնել եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ հասարակական առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործել ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ, այլ խօսքով՝ ըլլալ ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար:

            Զ. Հեռու աշխարհիկ հարստութիւններէ, կեդրոնանալ եւ նոյնանալ ժողովուրդի ցաւերուն եւ կարիքներուն հետ:

            Է. Եկեղեցին որպէս «հիւանդանոց» հասնի իր ժողովուրդի կարիքներուն եւ վէրքերուն, ջերմացնելով անոնց հոգիները ապագայի փայլուն տեսիլքով:

            Ը. Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին մէջ ընդգրկել կանանց մասնակցութիւնը եւ անոնց տալ գործունէութեան ընդարձակ դաշտեր: Եկեղեցին չի կրնար ըլլալ առողջ եւ ամբողջական առանց կանանց մասնակցութեան:

            Թ. Ամուսնացեալ (օրինական եւ ո’չ օրինական) բարձրաստիճան եկեղեցականութեան առթած դժգոհութիւններն ու խռովութիւնները, եւ որոնել լուծումներ՝ կանխարգիլելու նորերը:

            Ժ.Միասեռականութեան ախտաճանաչումը եկեղեցական կեանքէն ներս:

            ԺԱ. Եկեղեցին պարտաւոր է յստակ կեցուածք ունենալ ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ տեղի ունեցող բժշկական վիժումներու մասին, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան խախտել մեր գոյութենական պայքարի հիմերը:

            Յաջորդականօրէն պիտի վերլուծենք մեր առաջարկները առանձնապէս եւ ներկայացնենք տրամաբանական լուծումներ:

            Մի՛ շահագործէք Հայց. Եկեղեցւոյ հանդէպ մեր ունեցած պաշտամունքն ու նուիրումը:  Հակառակ պարագային՝ Եկեղեցւոյ պառակտումը նոր ճեղք մը պիտի յառաջացնէ մեր հասարակութեան մէջ եւ պիտի դառնայ մեր ազգային անվտանգութեան լուրջ մարտահրաւէր եւ սպառնալիք:

           

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                        Շար. Ա.

 10 Հոկտեմբեր, 2013

0

Write a Comment