Բ. Ֆրանսայի Թեմին Առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականը: Անոր նամակին ունեցած եւ ունենալիք անդրադարձը պատրաստուող նոր սերունդի հոգեբանութեան վրայ:
Նախ հակիրճ կերպով ներկայացնենք Սրբազան Հօր կենսագրականը, որպէսզի մեր ընթերցողները ամբողջական ճանաչողութիւնը ունենան այն հոգեւորականի մասին որ այսօր զոհն է կամայականութեան, անտարբերութեան եւ քինախնդրութեան:
Նորվան Արք. Զաքարեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1940 թուականին: Իր նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքը ու ապա շարունակած իր ուսումը Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց ընծայարանին մէջ: 1967-ին կը մեկնի ֆրանսա յատուկ առաքելութեամբ, յագեցնելու իր ուսման ծարաւը աստուածաբանական եւ հայրաբանական գիտութեանց մէջ: Սերովբէ Արք. Մանուկեան, տեսնելով եւ գնահատելով Նորվան Արք. Զաքարեանի նուիրումի եւ ծառայութեան ոգին, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրէ զինք 1968-ին:
Որպէս գնահատութիւն իր երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեան, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 1982-ին: Շարքը երկար է այն բոլոր աստուածահաճոյ, մարդասիրական, ուսումնական եւ հասարակական ազնիւ գործերուն, զորս ան անսակարկ նուիրումով կատարեց ի սպաս հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ գոյատեւման պայքարին: Եւ այս բոլորէն անկախ, Ֆրանսայի Թեմի կազմաւորման եւ հիմնադրութեան մէջ ունեցաւ իր որոշիչ գործօն դերը, իրականութիւն դարձնելով երկար տարիներու ժողովրդեան երազը:
2007 թուականին, միահամուռ խանդավառութեամբ եւ ձայներու մեծամասնութեամբ կ’ընտրուի Ֆրանսահայ նորահաստատ Թեմի առաջին առաջնորդ, եւ կը «նշանակուի» Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ:
Բոլոր անոնք որոնք ճանչցած են Սրբազան Հայրը, տեսած են իր մէջ նուիրումի բարձր ոգի, ծառայութեան աննկուն կամք, մտաւորական բարձր կարողութիւններով օժտուած տիպար հոգեւորական մը, որ պատիւ բերած է Հայց. Եկեղեցւոյ ծառայութեան բոլոր անդաստաններէն ներս: Ան իր հեզահամբոյր եւ խոնարհ նկարագրով եւ երկար տարիներու վաստակով կը վայելէ բացառիկ վարկ եւ սէր իր պաշտելի ժողովուրդին մօտ:
Ահաւասիկ այսպիսի վաստակաշատ բարձրաստիճան հոգեւորական մը թիրախ կը դառնայ Ամենայն Հայոց Հայրապետի քինախնդրութեան եւ վրէժխնդրութեան: Նորվան Սրբազան իր յուզումներն ու պոռթկումները կ՛ամփոփէ Վեհափառին ուղղեալ իր նամակի հետեւեալ տողերուն մէջ. «Ատենէ մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է: Ձեր որակումներն ու մեղադրանքները ուղղուած անձիս դէմ պարզապէս զարմանք կը պատճառեն ինծի: Դուք չէք անդրադառնար գուցէ թէ մարդոց արժանապատուութիւնը կը ճզմէք ձեր ոտքին տակ»:
«Ատենէ մը ի վեր» արտայայտութիւնը մեզի յստակօրէն կը թելադրէ որ այլեւս բոլորին ծանօթ՝ Փարիզի Շառլ տը Կօլ օդակայանին մէջ Վեհափառին կողմէ Սրբազանին հասցուած վիրաւորանքի դէպքը՝ եզակի չէր իր տեսակին մէջ: Ընդհակառակն, երկար եղած է շարքը վիրաւորանքներուն, ինչպէս յայտնի կը դառնայ վերջերս մամուլի սեփականութիւն դարձած՝ Գերագոյն Հոգեւոր Ժողովին ուղղուած Սրբազան Հօր չորս էջնոց նամակէն: Ահաւասիկ այս բոլոր վարկաբեկումներն էին, որոնք տարիներու ընթացքին կուտակուելով Սրբազան Հօր հոգւոյն մէջ, յառաջացուցած էին աներեւակայելի ալեկոծումներ եւ փոթորիկներ, եւ որոնք ի վերջոյ մղեցին զինք վաղաժամ կերպով հրաժարելու Ֆրանսահայ Թեմի առաջնորդութեան պաշտօնէն: Այժմ հարց կու տանք. – Ա՞յս է վարձատրութիւնը 45 երկար տարիներու անսակարկ ծառայութեան: Ճիշդ է, որ իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ մեր վարձատրութիւնը կ’ակնկալենք Ամենակալէն, բայց եւ այնպէս մարդկային ազնիւ սկզբունքներու չափանիշները յարգելով, չենք ալ փափաքիր աննկատ մնալ, եւ մանաւանդ հալածուիլ մեր կատարած արդար ու բարի գործերուն համար,– ինչ որ բացայայտ իրողութիւն է Նորվան Սրբազանի պարագային: Որքա՞ն արդար է նման նուաստացնող վերաբերում մը, եւ ի՞նչ պատգամ կրնայ տալ ատիկա Հայց. Եկեղեցւոյ նոր հասած կամ հասնելիք հոգեւոր սպասաւորներուն:
Ահաւասիկ կրկին անգամ Նորվան Սրբազան Թեմական պատգամաւորներուն կը բանայ իր խոցուած սիրտը եւ կ՛անդրադառնայ ա՛յլ վիրաւորանքներու եւս, որոնք եղած են իր անձին, իր «հոգեւոր հօր»՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն. «Վեղարը գլխիցդ կ’առնեմ, փիլոնազուրկ կ’անեմ, կը կանգնեցնեմ դասի մէջ, հաւատացեալները կը գան կը տեսնեն որ դու պատժուած ես. մկրտութիւն, պսակ թաղում չես կարող անել»…: Մենք ճաշակեցինք այս դառնութիւնները, փոխանակ սիրոյ եւ շնորհի քաղցրութեան: …Մեր ճանչցած Հայց. Եկեղեցին սիրոյ, շնորհքի, արդարութեան քաղցր մթնոլորտի տակ շնչող հաստատութիւնն է, մինչդեռ ներկայիս վախի մթնոլորտ մը կը տիրէ, իր բոլոր դրսեւորումներով եւ հետեւանքներով»,- կ’ըսէ Նորվան Սրբազան:
Արդարեւ ի՜նչ ահաւոր վերաբերմունք՝ մեծաւորի մը կողմէ…: Դժբախտաբար եւ ցաւ ի սիրտ, մեզի համար նորութիւններ չեն այս յայտարարութիւնները: նմանօրինակ վարկաբեկիչ երեւոյթներու եւ բռնութեան սպառնալիքներու ենթարկուած են ա՛յլ բարձրաստիճան եւ համեստ եկեղեցականներ: Հոգեբանական այս բարդոյթէն (մեծամտութիւն եւ անտառային օրէնքի հասկացողութիւն) կը տառապի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ը, որ բազմիցս յայտարարած է իր կրտսեր միաբաններուն. «Ան որ չի հնազանդիր իմ հրահանգներուս, քուրջի նման կը ճզմեմ եւ կը ստորնացնեմ այդ անձը, զէրոյի կը վերածեմ»,– կը վկայեն երիտասարդ միաբաններ: Կարելի՞ է այսպիսի մթնոլորտի մէջ հրապուրել նոր երիտասարդութիւն, որպէսզի գան եւ նուիրուին Եկեղեցւոյ ծառայութեան: Անկասկած ՈՉ: Ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորութեան թեկնածուներ յանձն առնեն մուտք գործել սեմէն ներս այնպիսի հաստատութեան մը, ուր կը բացակայի «սիրոյ, շնորհքի, արդարութեան քաղցր մթնոլորտը», եւ ուր, ըստ պարագայի, երկի՛ցս եւ երի՛ցս Ս. Հոգւոյ շնորհներուն օծումը ստացած իշխանաւորներ՝ ստորադասներու հանդէպ լոկ սարսափի ու նուաստացման ապաշնորհ վարքագիծի մը մէջ կ՛ըմբռնեն իրենց «հոգեւոր հայրութեան» դերակատարութիւնը….: Ականջ դրէ՛ք Յիսուսի խօսքերուն. «Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը հաց ուզէ եւ ինք քար տայ անոր, եւ կամ օձ տայ՝ երբ զաւակը ձուկ խնդրէ»… (Մատթ. Է 9-10).
Յստակացնե՛նք. մեր մտահոգութիւնը անձերը չեն, մեր խոր մտահոգութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ միաբանութիւններուն մէջ տիրող եղբայրական սիրոյ բացակայութիւնն է, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աստուածային սիրոյ ցոլացումը մարդ արարածին մէջ: Նոյնքան մտահոգիչ է կարգ ու կանոնի, օրինականութեան բացակայութեան պարագան, որովհետեւ մոռցած ենք որ մեր Եկեղեցին ժողովրդավար եկեղեցի է, ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար: Հոն ուր օրէնք չկայ, այնտեղ կայ կամապաշտութիւն եւ անտառային օրէնք, որոնց հետեանքով կը կորսնցնենք ժողովուրդը լսելու մեր ունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը անոր, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդներուն, որոնք ականատես եւ ականջալուր վկաներն են մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին ուծացման:
Եկեղեցին իր կառուցողական հունին մէջ կրնայ մտնել երբ բանիմաց ազգայիններ, օրէնքի լիակատար հասկացողութեամբ եւ կատարումով, յանձն կ՛առնեն իրենց վստահուած լուրջ պարտականութիւնները: խօսքս անոնց մասին չէ որոնք շքանշաններ ստանալու մարմաջով եւ մտահոգութեամբ ծախած են իրենց հոգին եւ իրենց կրաւորական հոգեբանութեամբ դարձած են խնկարկուներ՝ ճշմարտութիւնները ծածկելով վերին իշխանութիւնը հաճոյացնելու համար:
Նոյնքան զարհուրելի եւ անհասկնալի է Յուլիս 30-31ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անփառունակ հաղորդագրութիւնը: Անգամ մը եւս համոզուեցանք, որ «պատկեր» անդամները իրենց ստրկամիտ հոգեբանութեամբ ո՛չ մէկ կերպով կրնան որեւէ դարման բերել Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ տիրող այսօրուան հոգեւոր սնանկութեան եւ բարոյական սայթաքումներուն:
«Զարմանք ապրեցինք՝ ընթերցելով Ձեր գրութիւնը, ի մասնաւորի Մեր Կողմից Ձեր անձը վիրաւորելու արտայայտութիւնները, նաեւ օդանաւակայանում ի ներկայութեան Ձեր նամակում նշուած անձնաւորութիւնների, ովքեր հաղորդ չեն եղել Ձեզ հետ Մեր զրոյցին:….. Ձեր նուիրական պարտքն է նման համոզումների պարագային դրանք հիմնաւորումներով ու փաստերով ներկայացնելու սոյն ատեանին» (Գարեգին Բ.): Հիմա հարց տանք մեր ընթերցողներուն, անհրաժե՞շտ է աւելի փաստեր ներկայացնելու որպէսզի անգամ մը եւս հաստատենք թէ կատարուածը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ դիտաւորեալ վարկաբեկում: Յո՞ երթաս Հայց. Եկեղեցի…:
Ի վերջոյ պիտի ունենա՞նք ճշմարտութեան հետամուտ ըլլալու առաքինութիւնը եւ յայտարարենք ինչպէս Աւետարանը կ’ըսէ. ոչինչ կայ ծածուկ որ չյայտնուի (Մատթ. Ժ 17):
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Շար. Գ.
5 Նոյեմբեր, 2013