Գ. Գերագոյն Հոգեւոր Ժողովի ոչ-օրինական ընտրութիւնը եւ իրենց պատուասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն ունեցած կրաւորական ստրկային վիճակը:
Մեր ընթերցողներուն աւելի հասկնալի դարձնելու համար, փոքրիկ պատմականով մը լուսաբանենք Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի գոյութեան պատճառները եւ անոր զարգացումը տարիներու ընթացքին:
Առաջին անգամ «Յաղագս Լուսաւորչական Հայոց Հոգեւոր Ատենից (Կոնսիստորիայից) եւ հոգեւոր կառավարութեանց» արտայայտութիւնը կը գտնենք Յովհաննէս Ը. Կարբեցի Կաթողիկոսի օրով, Ցարական Կառավարութեան պարտադրած «Պոլոժէնիէ»-ի մէջ, որ ժամանակին թարգմանուած էր «Թարգման Լուսաւորչական Հայոց Սիւնհոդոսին Էջմիածնի»՝ Մկրտիչ Քարտաշեանի կողմէ:
Երկրորդ անգամ ըլլալով, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի մասին կը կարդանք Գէորգ Ե. Վշտալի Կաթողիկոսի կողմէ 22 Հոկտեմբեր1925-ին հաստատուած եւ Մայիս 28, 1930-ին վաւերացուած «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»-ի պատճենին մէջ, ուր յստակօրէն արձանագրուած են հետեւեալ տողերը. «Ազգային Եկեղեցական Ժողովի իրաւասութեան ենթակայ են հետեւեալ հիմնական խնդիրները.- ա. Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԱԹՈՒՂԻԿՈՍԻ (յետ մահուան ներկայ Գահակալի): բ. Ընտրութիւն Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդի անդամների». եւ կը շարունակուի Գ., Դ., Ե., Զ. յաւելեալ իրաւասութիւններով:
Յաջորդաբար Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի մասին կը կարդանք, Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի 19 Յունիս 1945-ին հաստատած «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Հատուկ Կանոնգրություն»-ի պատճենին մէջ, ուր դարձեալ յստակօրէն կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Ազգային-եկեղեցական ժողովի իրավասությանն ենթակա են հետեւյալ հիմնական խնդիրները.- ա. Ընտրություն Ամենայն Հայոց Ծայրագոյն Պատրիարք-Կաթողիկոսի: բ. Ընտրություն Ս. Էջմիածնի Գերագույն Հոգեւոր Խորհրդի անդամների». եւ կը շարունակուի Գ., Դ., Ե. ենթաբաժանումներով:
Այնուհետեւ պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան մինչեւ այսօր:
Թէեւ նպատակ չունինք շեղելու մեր նիւթէն, բայց շատ հետաքրքրական է կարդալ 1958-ին պատրաստուած «Հայաստանյայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու Սահմանադրության Նախագիծ» կանոնագրութեան մէջ հետեւեալ տողերը՝ Գլուխ Ա., Հիմնական Սկզբունքներ խորագրին տակ՝ Թիւ 13. «Հայաստանյայց Առաքելական Եկեղեցու վարչությունը կազմակերպվում է ժողովրդավարական սկզբունքներով: Հավատացյալները ազատորեն ընտրում են իրենց հովիվներին՝ քահանա, եպիսկոպոս, կաթողիկոս: 14. Հայաստանյայց Առաքելական Եկեղեցին ղեկավարվում է ժողովրդական ընտրական սկզբունքով…..»: Այս մասին անկասկած պիտի անդրադառնանք յետագային:
Այս Կանոնագրութեան մէջ յստակօրէն անգամ մը եւս կը նշուին Ազգային- Եկեղեցական Ժողովի իրաւասութիւնները.- «ա. Ընտրություն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի: բ. Ընտրություն Գերագույն Հոգեւոր Խորհրդի եւ Վերստուգիչ հանձնաժողովի:» Նոյն այս կանոնագրութեան Գլուխ Ե., Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ խորագրին տակ, առաջին երկու յօդուածները կը կարդանք այսպէս « Գերագույն Հոգեւոր Խորհուրդը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խորհրդակից մարմինն է, ընտրված Ազգային-եկեղեցական ժողովի կողմից, հինգ տարվա համար: Գ.Հ.Խ. բաղկանում է 9-11 անդամներից, որոնցից չորսը միայն աշխարհական»:
Տիրան Արք. Ներսոյեանի 1987 Սեպտեմբեր 20-ին պատրաստած նախագիծը բաւականին հետաքրքրական նորութիւններ կը պարունակէ իր մէջ: Գ.Հ.Խ. ենթախորագրին տակ կը գրէ. «Գ.Հ.Խ.ը կը բաղկանայ ութ եպիսկոպոսներէ, ի հարկին նաեւ վարդապետներէ, եւ չորս աշխարհականներէ: Գ.Հ.Խ.ի անդամները կը նշանակուին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ»: Օրինական այս շեղումն ու խախտումը, երբե՛ք կեանքի չկոչուեցաւ ըլլա՛յ Եպիսկոպոսական Ժողովի, ըլլայ Ազգային Եկեղեցական Համագումարին կողմէ:
Հայց. Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Կազմական Կանոնադրութեան նախագիծի նոր տարբերակ մը ներկայացուեցաւ Սեպտեմբեր 30, 1988 թուականին, Արեւմտահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ: Պատրաստուած այս անստորագիր նախագիծը շատ հաւանական է որ խմբագրուած է արտասահմանի մէջ, հաւանաբար Տիրան Արք.Ներսոյեանի ձեռամբ, որովհետեւ նման է 1987-ի նախագիծի բովանդակութեան եւ լեզուին, կարգ մը յաւելումներով եւ յապաւումներով:
1991 թուականի կանոնադրութիւնը որ Գ.Հ.Խ.ի կնիքը կը կրէ, թէեւ ո՛չ վաւերացուած է Ազգային-Եկեղեցական Ժողովին կողմէ, եւ հետեւաբար ո՛չ ալ հաստատուած՝ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսի կողմէ, այնու ամենայնիւ շարս այլ փոփոխութեանց կատարած է հետեւեալ փոփոխութիւնները՝ ութ յօդուածներէ բաղկացած Գ.Հ.Խ. ենթախորագրին մէջ: Այսպէս, հինգերորդ յօդուածին մէջ կը կարդանք. «Գ.Հ.Խի կազմը բաղկանում է 10 անդամներից: 2 եպիսկոպոս արտասահմանի թեմերից, 5 եպիսկոպոս ներքին թեմերից, որոնցից երեքը նշանակվում են Վեհափառ Հայրապետի կողմից եւ երկուսը ընտրվում են Եպիսկոպոսական Ժողովի կողմից, եւ 3 աշխահական ներքին թեմերից»:
Իսկ ամենավերջին նախագիծը՝ Հայց. Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Սահմանդրութեան, պատրաստուած եւ խմբագրուած է Սեպտեմբեր 11, 1995-ին, Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ Արիս Եպս. Շիրվանեանի աշխատասիրութեամբ, Արեւմտահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, ուր կատարուած են հսկայական փոփոխութիւններ: Այս վերջին խմբագրութեան մէջ, Գ.Հ.Խ. ենթախորագրի տակ կը գտնենք 18 յօդուածներ Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները սահմանող: Չորրորդ եւ հինգերորդ յօդուածներուն տակ կը կարդանք. «Գ.Հ.Խ.ը կը բաղկանայ առնուազն 21 անդամներէ, որոնցմէ տասնըչորսը եպիսկոպոսներ եւ ի հարկին կուսակրօն եւ ամուսնացեալ քահանաներ, եւ եօթ աշխարհականներ պէտք է ըլլան: Գ.Հ.Խ.ի անդամները կ’ընտրուին Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի կամ Ազգային Թեմական Ներկայացուցչական Ժողովին կողմէ չորս տարուան շրջանի մը համար եւ վերընտրելի են երկրորդ շրջանի մը համար»:
Ահաւասիկ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ամբողջական պատկեր մը, ուր յստակ կը դառնայ որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնադրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է առ ի գործադրութիւն: Այս կը նշանակէ, թէ ըլլա՛յ Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը (որուն անդրադարձած ենք նախապէս), ըլլայ անոր որոշումները ըստ էութեան անօրինական են եւ անվաւեր:
Որքան որ նողկալի են Գ.Հ.Խ.ի անօրինական եւ անվաւեր նենգամիտ որոշումները, նոյնքան եւ առաւել եւս դատապարտելի Գ,Հ.Խ.ի կազմին՝ ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը: կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ ժամանակակից փարիսեցիութեան գլուխ գործոց մը կարելի է նկատել անոնց ներկայութիւնը Խորհուրդի կազմին մէջ, ուր թափանցած է չարին գռեհկութիւնը:
Հետեւաբար՝ Հայց, Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը մօտեցնել Եկեղեցիին, անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքներով եւ զայն վերադարձնել ժողովուրդին, որ նոյն ինքն եկեղեցին է: Հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց ըլլալու եւ անբասիր եկեղեցականներու բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրած են ազգային ահաւոր ուծացումի առաջ:
Քաղաքական եւ կուսակցական իշխանութիւններու, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններու, մտաւորականութեան եւ հայ մամուլի անտարբերութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ կղերապետութեան եւ մասնաւորաբար ժողովրդական բոլոր սկզբունքներու խոշտանգումին:
Պէտք չէ թոյլ տալ, որ կղերական մենաշնորհեալ դասակարգ մը իւրացնէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ նուազագոյն չափով իսկ սահմանափակէ հայ հաւատացեալներու դերակատարութիւնը: 1995-ի Կանոնագրութեան վերջին նախագիծը, որ տակաւին չէ վաւերացուած Ազգային Եկեղեցական Ժողովի կողմէ, մեզ դէմ առ դէմ կը դնէ կղերապետական տիրակալութեան, խախտելով ժողովրդավարութեան բոլոր նորմերը:
Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք մեր ժողովուրդը հասցնել այն գիտակցութեան, որ կարենայ ոտքի կանգնիլ ընդդէմ կղերապետութեան, ամիրայական ջոջականութեան կրծող եւ մաշեցնող անկաշկանդ հոգեբանութեան:
Հայց. Եկեղեցին դուրս պէտք է գայ ներկայի իր սահմանափակ հաստատութիւն մը ըլլալու հանգամանքէն եւ անգամ մը եւս վերստանձնէ իր հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային առաքելութիւնը, այդու նպաստելով հայ ազգի գոյատեւման պայքարին:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Շար. Դ.
Նոյեմբեր 25, 2013