0
ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ  Է

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է

Դ. Եկեղեցականի հոգեւոր առաքելութեան վերարժեւորումն ու ուխտի վերանորոգումը, հեռու մնալով աշխարհիկ բոլոր «բիզինէսներէն»:

Դժբախտաբար շատեր եկեղեցական կ՛ըլլան որովհետեւ քաջութիւնը չունին աշխատելու, եւ պատրաստ հաց մը գտնելու ակնկալութեամբ կը մտնեն հոգեւորականութեան շարքերէն ներս, նոյն ատեն գոհացում տալով իրենց փառասիրական անյագ զգացումներուն: Մեր այս տեսութիւնը արմատացած է մեր ժողովրդական առածին մէջ. « գործը չեղաւ, տէրտէր եղաւ»:
Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, այսօր Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան շարքերը լեցուցած են (բացառութիւնները միշտ յարգելի) միջակէն վար ուսուցիչներ, ժամկոչներ, շարական երգելու յարմար ձայն ունեցող դպիրներ, այս կամ այն կազմակերպութեան մէջ բարեկամական կապեր ունեցող անձեր: Ահաւասիկ՝ այս բոլորը քահանայական կարգի հոգեւոր սպասարկութիւնը համարած են հացի ապահով ճամբայ եւ անաշխատ միջոց մը հանգիստ ապրելու համար:
Կան նաեւ ուրիշներ որոնք, ինչպէս ժողովուրդը վարժ է ըսելու՝ «աշխարհի քերականութիւնը կլլած» մտած են եկեղեցական ասպարէզ, այն ակնկալութեամբ որ օր մը կը դառնան հարուստ թեմի մը «Առաջնորդ»ը ( աւելի պատշաճ պիտի ըլլար զիրենք կոչել հետեւորդ) մանաւանդ Արեւմտեան երկիրներու մէջ, եւ կամ պատրիարք եւ, ինչու չէ, կաթողիկոս, կեղեքելու համար հայ ժողովուրդի ազնիւ հոգեւոր զգացումները եւ ամբարելու սեպհական հարստութիւն: Դժբախտաբար, այս իրականութեան մէջ, ստուերի մէջ կը կորսուին արժանաւոր, վաւերական հոգեւորականները, որոնք բացառութիւններ են, եւ սակաւաթիւ՝ անոնց շարքերը:
Նկատի ունենալով որ մեր մտահոգութիւնը եկեղեցականներու հոգեւոր առաքելութեան վերարժեւորումն ու ուխտի կամ կոչումի վերանորոգումն է, անհրաժեշտ է որ Եկեղեցին, որ նոյն ինքն ժողովուրդն է, ոգեւորուի, կենդանանայ եւ ներշնչէ այնպիսի անձեր, որոնք կրօնական գիտակցութեամբ լեցուն են եւ պատրաստ են ծառայութեան, ինչպէս Քրիստոս աւետարանեց:
Եկեղեցականներու պատրաստութիւնն ու վերարժեւորումը յաջողցնելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել չափանիշ մը, այլ խօսքով՝ հոգեկան եւ մտաւոր զարգացման մակարդակը բարձր պահել եւ պարտադրել ու պահանջել որ ուսուցանելու եւ առաջնորդելու ատակ անձնաւորութիւննե՛րը միայն կարենան եկեղեցական դառնալ, եւ դռները փակել «բիզինէս» մտայնութիւն ունեցող վաշխառուներուն առջեւ:
Կանգնած ենք այնպիսի աշխարհափոփոխութեան սեմին, ուր հոգեւոր ծառայութեան ասպարէզը հրապոյր չունի այլեւս եւ եկեղեցականութիւնն ալ իր շռայլ եւ վաւաշոտ կենցաղով նսեմացուցած է հոգեւոր առաքելութեան անդաստանին վարկը:
Կասկած չկայ մեր բոլորին մտքին մէջ, որ Քրիստոնէական Եկեղեցին կրօնական տագնապէ կ՛անցնի զանազան պատճառներով, եւ Հայց. Եկեղեցին ալ անմասն չէ մնացած այս տագնապներէն, որովհետեւ մարդիկ չեն ուզեր մշակել իրենց հաւատքի կարողութիւնները, կուրացած՝ աշխարհիկ նիւթական պատուարներով:
Ինչպէս կ՛երեւի մեր վերլուծումներէն, շատ մը հոգեւորականներու եւ հոգեւոր կարգ ստանալու թեկնածուներու մտքին մէջ ակնյայտ շփոթ մը կայ հոգեւորական կոչում եւ եկեղեցական ասպարէզ հասկացութեանց միջեւ: Բոլոր անոնք որոնք զգացած են ծառայելու կոչումը, եւ այդ գիտակցութեամբ մտած են հոգեւորականութեան շարքերը, անոնք անպայման կը յաջողին ըլլալ տիպար եկեղեցականներ եւ ընդհանրապէս, երբ արժանի են, փառքը այդպիսիներուն ետեւէն կը վազէ եւ ո՛չ թէ իրենք կը հետանդեն փառքը: Իսկ անոնք որոնք եկեղեցականութիւնը կը տեսնեն որպէս ասպարէզ,–որովհետեւ ունին «բիզինէս»ի հոգեբանութիւն,– չեն կրնար հասկանալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ կոչում եւ անսակարկ ծառայութիւն, որովհետեւ իրենց ամբողջ էութիւնը սեւեռած են եկեղեցական ասպարէզի ընձեռած դիրքերուն եւ պաշտօններուն վրայ, փառք եւ դրամ հետապնդելով:
Այս երկրորդ խմբակի անդամներուն անբնական կեանքը լեցուն է սայթաքումներով եւ գայթակղութիւններով, որուն ականատես է այսօր համասփիւռ հայութիւնը:
Ո՞ւր մնացին Հայց. Եկեղեցւոյ հոյակապ մեծ դէմքերը, որոնք փայլեցան վանքերու, թեմերու եւ կաթողիկոսարաններու մէջ ու արդիւնաւորեցին իրենց բոլորանուէր ծառայութիւնները անկորնչելի արժէքներով:
Մեր հազարամեայ վանքերը, որոնք պատիւ կը բերեն հայութեան, դարձան մտքի եւ հոգիի ամրոցներ իրեն հոգեւոր ճառագայթումներով: Իսկ այսօր՝ ապականութեանց եւ սանձարձակութեանց բոյն…:
Անհարաժեշտ է որ փոխուի մեր վանքերէն հասնող սերունդներու հոգեբանութիւնը, որպէսզի կարենան նուիրուիլ հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան՝ մեր ժողովուրդին կեանքի նոր պայմաններուն եւ կարիքներուն համաձայն, հայրենիքէն ներս եւ դուրս:
Եթէ հայ եկեղեցականութիւնը կը քննադատուի այսօր, այն պատճառով է որ անոր մէջ կը բացակայի կոչումը: Կոչումը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ այլազան շնորհներու ամբողջական ներդաշնակութիւն մը, որուն բացակայութիւնը կը խոտորէ ժողովուրդը իր կրօնքի հոգեւոր խորհուրդէն, եւ որմէ զերծ եղող եկեղեցականը չի՛ կրնար մատակարել հոգեւոր կեանքի սնունդ:
Փաստուած իրողութիւն է, որ յեղյեղուկ բնաւորութեամբ եւ աննկարագիր եկեղեցականներ, –որոնց մասին մամուլը կ՛անդրադառնայ լայնօրէն ամէն օր իր էջերուն մէջ,– վտանգաւոր եղած են եւ ե՛ն Եկեղեցիին համար ամէն կերպով, գայթակղութիւն եւ բարոյական սկզբունքներու խախտում պատճառելով իրենց շրջապատին մէջ:
Հոգեւոր պաշտօնեան իր նկարագրո՛վ միայն կրնայ արժեւորել իր ծառայութեան վաստակը եւ այդ կերպո՛վ կրնայ վստահութիւն ներշնչել իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հաւատացեալներու բազմութեան: Դժբախտաբար սակայն, ժողովուրդը այսօր չի ներշնչուիր իր հոգեւոր պաշտօնեաներէն, որովհետեւ անոնք դարձած են տեսակ մը մեքենայ՝ խորհուրդներ մատակարարելու, իբրեւ պահանջ ձեւակերպութեան:
Նկատի ունենալով քսանմէկերորդ դարաշրջանի՝ ընկերային, հոգեւոր-մշակութային, հասարակական եւ հոգեբանական վիճակները մեր ժողովուրդին, անհրաժեշտ է եւ պարտաւոր ենք աւելի խնամքով մօտենալ կոչումով թեկնածուներուն, որոնք պիտի նուիրուին Աւետարանի ծառայութեան, եւ հեռու պահել բոլոր անոնք որոնք այլ ազդակներու տակ եւ թաքուն նպատակներով կը մտնեն Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտ:
Հայց. Եկեղեցին ներկայիս կը գտնուի իր ամենափափուկ եւ ամենազգայուն շրջանին մէջ: Կրօնական դաստիարակութեան չափանիշները ամէնուրեք թուլցած են եւ մեր երիտասարդները հեռացած են կրօնքի եւ հայրենիքի առողջ ըմբռնումներէն: Նոր շաժում մը անհրաժեշտ է որ ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն եւ դուրս գայ իր կրաւորական վիճակէն:
Ո՞վ պիտի կարենայ այդ աշխատանքը տանիլ ԱՅՍՕՐ եթէ ոչ իր կոչումին արժանի եւ հաւատարիմ, իր ազնիւ համոզումներուն կառչած հոգեւոր սպասաւորը: Հոգեւոր սպասաւորութեան դաշտը երբ վերածուած է ասպարէզի, «բիզինէս»ի, այնուհետեւ կարելի չէ խօսիլ հաւատքի մասին. հոն ուր հաւատք ու համոզում չկայ, ԿՈՉՈՒՄ եւ ՆՈՒԻՐՈՒՄ կը դառնան անհասկնալի իրողութիւններ:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Շար. Ե.
3 Դեկտեմբեր, 2013

0

Write a Comment