Դեկտեմբեր 19, 2013 թուականի Փարիզի Նոր Յառաջ թերթին մէջ լոյս տեսած յանդուգն եւ շատ վառ գոյներով նկարագրուած խմբագրականը, որ կը կրէ (Մեծարանքի Երեկոյթ՝ կամ Ինչպէս Մսխել Տասնեակ Հազարաւոր Եւրոներ»
խորագիրը, արժանի է բացառիկ գնահատման իր զուսպ ճշմարտախօսութեան համար, սակայն՝ անգամ մը եւս կուգայ խռովելու եւ փոթորկելու մեր արդէն ալեկոծուած հոգիները:
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12-ին Փարիզի «Ինթըրքոնդինենթալ» պանդոկին մէջ աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի Մոնսերաթ Գապալէ-ի ի պատիւ տրուած երեկոն, (կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Դեսպանատան եւ զոյգ հովանաւորութեամբ Արցախի հանրապետութեան նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին) շարժառիթը եղած է Ժիրայր Չոլագեանի խմբագրականին:
Խմբագիրը արդարացիօրէն հարցականի տակ կը դնէ, մօտիկ անցեալին պաշտօնապէս մեծարուած եւ շքանշաններ ստացած երգչուհիին տրուած՝ կրկնակիօրէն անիմաստ, մեծածախս եւ շռնդալից այս հանդիսութիւնը, երբ Ֆրանսահայ Թեմը սնանկութեան եզրին, չկարենալով հասնիլ իր ժողովուրդի եւ անոր հոգեւոր սնունդի մատակարար եկեղեցականութեան կարիքներուն, պարտաւոր կը զգայ նման հանդիսութեան համար մսխել հազարաւոր Եւրոներ:
Ֆրանսահայ գաղութը միշտ ալ զօրավիգ կանգնած է հայրենաշինութեան եւ Արցախի գոյամարտի պայքարին: Ան երբեք չէ զլացած իր ջերմ մասնակցութիւնը բերել այս ազնիւ նպատակին երկրաշարժի օրերէն սկսեալ մինչեւ այսօր, եւ տակաւին հաւատարմօրէն կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ իր կարօտեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն Հայաստան-Արցախ անբաժան հայրենիքէն ներս:
Խմբագրին ընդվզումը շատ տեղին է եւ արդարացի: Տակաւին երէկ էր կարծես Տէր Վաչէ Հայրապետեանի ամսականներու վարձատրութեան խնդրայարոյց տխրահռչակ պատմութիւնը, Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Նորվան Սրբազանի անձին դէմ եղած հրապարակային նախատինքները, եւ այս բոլորին հետեւանք՝ Նորվան Սրբազանին հրաժարականը: Այսպիսի լուրջ հարց մը տակաւին չէ մարսուած Ֆրանսահայ գաղութիւն կողմէ, եւ տակաւին արդար է որ ըլլան պոռթկումներ Հիւսիսէն եւ Հարաւէն :
Խմբագիրը յատուկ կերպով կը շեշտէ թէ այսպիսի հայրապետական այցելութիւններ առնուազն քսանէն յիսուն հազար Եւրոյի կը նստին Ֆրանսահայ Թեմին վրայ, եւ կը շարունակէ ըսել թէ այս բոլոր ծուխերու ետին թագնուած ա’յլ իրականութիւն մը կայ: Նկատի ունենալով որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Ֆրանսա չէր այցելած Նորվան Սրաբազանի հրաժարումէն ասդին, ասիկա լաւագոյն առիթն էր – Մոնսերաթ Գապալլէն պատրուակ գործածելով, – որպէսզի Վեհափառը պաշտօնապէս գայ Ֆրանսայ եւ վերահաստատէ իր կորսուած «հեղինակութիւնը»: Ահաւասիկ բացորոշ, բացայայտ ճմարտութիւն մը որ կարելի չէ տրամաբանականօրէն հակաճառել:
Մենք կը կարծենք որ հեղինակութեան վերահաստատման ճշմարտութեան կողքին կայ նաեւ ա’յլ ճշմարտութիւն մը: Այս պաշտօնական այցելութիւնը առիթ է նաեւ Վեհափառին՝ իր շուրջ համախմբելու շքանշանակիր խնկարկու ազգայիններ եւ անոնց «թելադրելու» թէ ո’վ պէտք է ըլլայ Ֆրանսահայ Թեմին յաջորդ առաջնորդը. ի վերջոյ, Վեհափառը ամէնուրեք յայտարարած է թէ ի’նք պիտի որոշէ թէ ո’վ պիտի ըլլայ Թեմի մը առաջնորդը, մասնաւորաբար արտասահմանի եկամտաբեր հարուստ քաղութներէն ներս:
Պատուարժան խմբագիրը իր վերջին եզրակացութեան մէջ անգամ մը եւս կը դժգոհի եւ հարց կու տայ թէ նման հանդիսութիւններու կազմակերպման մէջ, Ֆրանսահայ գաղութը ո՞րքանով առընչուած է այս բոլորին հետ:
Այստեղ կը փափաքինք մեր եզրայանգումները տալ: Ֆրանսահայ գաղութը առընչուած է այս բոլոր հանդիսութեանց միայն այն փոքրիկ խմբակով որ հաւաքուեցաւ վեհափառի շուրջ Թեմական հարցեր լուծելու պատրանքին տակ: Վեհափառը չէր կրնար ակնկալել ժողովրդային մեծ ներկայութիւն, որովհետեւ ան բազմիցս հրապարակաւ նախատած էր գաղութին սիրեցեալ Առաջնորդը:
Այս օրերուն երբ մսխումներու մասին կը խօսինք, միտքս կուգան մամուլին մէջ լոյս տեսած զանազան յօդուածներ երկրաշարժին 25ամեակին առիթով, ուր բացայատօրէն կը տեսնենք «տոմիկ»ներու մէջ թշուառ ապրող մեր քոյրերն ու եղբայրները, եւ հարց կուտամ ինքզինքիս . Պէտք ունին՞ք շռայլ մսխումներու, թէկուզ քարոզչական յաջողութեան սիրոյն, երբ 4500 ընտանիքներ տակաւին կ’ապրին ո’չ մարդկային, սրտաճմլիկ պայմաններու մէջ: Բացէք համացանցը եւ դիտեցէք սահմռկեցուցիչ նկարները եւ երեւակայացէք թէ ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորեն Նոր Տարին Կիւմրիի ցուրտ կլիմային մէջ:
Եւ աւելին՝ պէտք ունինք՞ երկնասլաց նոր եկեղեցիներու երբ նոյնինքն եկեղեցի կոչուող ժողովուրդը, Հայաստանի մէջ, պատսպարան չունի եւ հացի կարօտ է: Պէտք ունինք՞ նոր սրահներու Էջմիածնի մայրավանքին մէջ, երբ 4500 ընտանիքներ երդիք չունին: Կարելի՞ է այսքան անգութ եւ անխիղճ ըլլալ:
Յանուն ինչի՞ են սակաւապետական ջոջերու մեծափարթամ ապարաnքներուն մէջ՝ իրենց չտեսի ինքնասիրութիւնը շոյող «սեփական» մատուռները, կամ հեռաւոր Հիւսիսի մէջ կառուցուած՝ միլիոններ արժող մայր տաճարները, երբ «Հայաստանում ամէն տասներորդ ընտանիքը սոված է քնում» (http://panorama.am/am/society/2013/12/19/adibekyan/?sw), եւ երբ անգործութիւնը այնքան տարածուած է, որ բազմաթիւ երիտասարդներ աշխտանքի եւ պատառ մը հացի համար կը լքեն հայրենիքը եւ կը դիմեն օտար ափեր: Այդ մատուռներն ու տաճարները օծող «եկեղեցւոյ իշխան»ներուն մէջ չկա՞ր մէկը որ ազնուօրէն յուշէր այդ ջոջերուն, մեծահարուստներուն, բարերարներուն՝ թէ անոնք աւելի’ երախտարժան, աւելի’ աստուածահաճոյ գործ մը կատարած կ’ըլլային եթէ սեփական մատուռներ ու շլացուցիչ տաճարներ կառուցելու փոխարէն՝ բաւարարուէին իրենց տեղի եկեղեցիներով ու եթէ հարկ է՝ պատշաճ բայց համեստ մայր տաճարներով, եւ իրենց աւելորդ հարստութենէն խոշոր բաժին մը նուիրէին Հայաստան-Արցախ հայրենիքի կարօտեալ ժողովուրդին եւ, ինչո’ւ չէ, համեստ բառին մըն ալ հանէին նոյն հայրենիքի բուռ մը տարածքին տարտղնուած՝ մեր հոգեւոր մշակոյթին անմխիթար վիճակի մատնուած դարաւոր կոթողներուն՝ խարխլած, կիսաւեր վանքերու եւ եկեղեցիներու պահպանման նուիրական նպատակին….:
Հէլլօ՞ ….. Լսող կա՞յ…
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
21 Դեկտեմբեր 2013