0
ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է – 7 –

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է – 7 –

Զ. Հեռու աշխարհիկ հարստութիւններէ, կեդրոնանալ եւ նոյնանալ ժողովուրդի ցաւերուն եւ կարիքներուն հետ:

Այսու մեր համեստ յօդուածով կոչ կ՛ուղղենք մասնաւորաբար մեր բարձրաստիճան եկեղեցականններուն, որոնք կոչուած են առաջնորդութեան եւ ղեկավարութեան. քանդեցէ՛ք ձեր գոռոզացեալ հոգիներուն ամբարտաւանութեան պատը եւ խոնարհ հոգիով մօտեցէք ժողովուրդի խաւերուն :

 Ծախեցէ՛ք ձեր ադամանդակուռ մատանիներն ու խաչերը, «Պէնթլի»ներն ու «Մերսէտէս»ները եւ տուէ՛ք աղքատներուն ու կարօտեալներուն, եթէ իսկապէս կը հաւատաք Աւետարանի սրբազան նուիրական պատգամին. «Երանի՜ աղքատներուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկինքի արքայութիւնը»: Արդ, թող ձեր աղքատութեան ուխտը առաջնորդէ ձեզ՝ ձեր նիւթական յանձնառութեանց մէջ. հոն ուր ձեր գանձն է, հոն է նաեւ ձեր սիրտը:

Ահաւասիկ այս սկզբունքներով առաջնորդուող եկեղեցականն է մտատիպար անձը, որ պիտի առաջնորդէ իր ժողովուրդը հոգեկան խոյանքներու եւ պատասխանատուութեան բարձր իմացումներու:

Անտարակոյս, հոգեւոր կամ կրօնաւորական կեանքի ապրումին մաս կը կազմէ Աղքատութեան Ուխտը։ Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ:

Արդի քաղաքակրթութիւնը այնպէս մը մեքենացուցած է մարդը, որ ան իրեն համար զբաղումի առարկայ դարձուցած է միայն ստամոքսի, դիւրակեցութեան եւ կեանքի վայելքին ապահովութիւնը:

Ո՛չ միայն ճարտարարուեստի եւ տնտեսագիտութեան ազպարէզներուն մէջ, այլ նաեւ մեր կրթական եւ կրօնական հաստատութիւններու բոլոր աշխատանքները ուղղուած են ընդհանրապէս միայն նիւթական պայմաններու ստեղծումին, պահպանութեան եւ տիրապետութեան:

Հարուստ ըլլալու մտասեւեռումը գրաւած է մարդուն կազմախօսական կառուցուածքին ամբողջ գործունէութիւնը եւ փոշիացուցած անոր ազնիւ հոգեւոր հակումները, բարոյական բարձր անշեղ սկզբունքները:

Եկեղեցականներն ալ որպէս մէկ մասնիկը այս ընկերութեան, նոյն ինքն այդ ընկերութեան ծնունդ, միջոցներու մէջ խտրութիւն չեն դներ այսօր հասնելու իրենց նիւթական յաջողութեան, արհամարհելով եւ խախտելով ամէն տեսակի բարոյական սկզբունքներ:

Դժբախտաբար բարոյական այս փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքներուն բերումով է որ մեր եկեղեցականները կը զբաղին «բիզնէս»ներով, (օֆշորային դրամական հաշիւներ, ադամանդագործութիւն, հողատարածքներու եւ ագարակներու մշակում, ջրատարներու սեփականութիւն,  առեւտրական զանազան գործառնութիւններու մասնակցութիւն, յայտնի փողոցներու եւ շրջաններու մէջ թանկարժէթ բնակարաններ, եւ վերջապէս սակարանի աժեթուղթերու «վարպետ» հմտութիւն ):

Մեր մտահոգութիւնները այսօր այդքան ալ դաւանաբանական կամ աստուածաբանական չեն, որքան կազմակերպչական: Պէ՞տք է լռել այս բոլորին դիմաց, երբ ժողովուրդի կրօնաբարոյական եւ հասարակական ծով կարիքները կը մնան անպատասխան հայ հոգեւորկանութեան կողմէ:

Ո՞վ կրնայ յայտարարել այսօր՝ որ Հայց. Եկեղեցին պէտք չունի բարեկարգուած եկեղեցականութեան մը, որ գիտակից է իր կոչումին: Արդարամիտ եւ նուիրեալ եկեղեցականութիւն պատրաստելու կարիքը միշտ ալ շեշտուած է մեր ժողովուրդին կողմէ: Աւա՜ղ, սակայն, ձուկը գլուխէն հոտած է եւ հասած պոչին, ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ, եւ մենք ձեռնածալ կը դիտենք այս բոլորը սառն անտարբերութեամբ:

Այսօրուան մեր եկեղեցականութիւնը մեզի կը յիշեցնէ ԺԶ. դարու Եւրոպայի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վիճակը, որ պատճառ դարձաւ Լուտերական շարժումին: Ապականութիւնը, նիւթապաշտութիւնը եւ տգիտութիւնը ահռելի չափանիշերու հասած են մեր նուիրապետական հաստատութիւններէն ներս: Այսօր մարդիկ եկեղեցական կ՛ըլլան գործածելով ամէն տեսակի լծակներ (կաշառք, զօրաւոր պաշտպանութիւն հարուստի կամ կազմակերպութեան կողմէ, յանդգնութիւն եւ քծնանք):

Բարքերը այնքան ապականած եւ թուլցած են որ ահազանգային վիճակ մը ստեղծուած է Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Անհրաժեշտ է որ անմիջապէս հնար մը  գտնենք այս ամօթալի վիճակէն դուրս գալու համար, որպէսզի հայ եկեղեցականութիւնը անսակարկ վճռակամութեամբ նորոգէ իր ուխտը՝ հանդէպ իր Եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին:

Թերեւս ժամանակն է որ Հայց. Եկեղեցւոյ ծոցէն ծնի նոր Նիկողոս Լոյոլայի (հիմնադիր Ժէզուիթեան Միաբանութեան, 1491-1556) նման բարեպաշտ եւ զինուորական ոգիով նուիրեալ եկեղեցական մը, որ յեղաշրջէ Եկեղեցւոյ ներսիդին գոյութիւն ունեցող ապականութիւնը, եւ Եկեղեցւոյ սպասաւորութիւնը հասցնէ բաղձալի նոր բարձունքներու:

Քահանայական պաշտօնի ըմբռնումը մեր նախնեաց մօտ հասած էր այնպիսի անթերի գաղափարականի մը, որ բացառիկ պատիւ կը բերէ մեր հայ վարդապետներու հաւատքին եւ գիտակցութեան: Ո’չ թէ այնպէս ինչպէս կը տեսնենք այսօր, երբ մասնաւոր շահերէ եւ նկատումներէ տարուած՝ հոգեւոր պաշտօնի կը բարձրացնեն այնպիսի անձինք, որոնք ո՛չ մէկ պատրաստութիւն ունին այդ սուրբ պաշտօնին համար:

Ինչպէս միշտ կը շեշտենք, եկեղեցականութիւնը ընդհանրապէս նկատուած է ասպարէզ «բիզնէս» հասկացողութեամբ. ասպարէզ մը որ շահու եւ փառքի լաւագոյն միջոցներէն մէկն է: Ահաւասիկ այս հասկացողութիւնն է որ կ՛ապականէ եւ կ՛աղաւաղէ հոգեւոր կոչումի հասկացողութիւնը՛ որ միայն կ’արտայայտէ՝ անշահախնդրութիւն, նուիրում եւ ծառայութեան ոգի:

Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան նկատմամբ ժողովրդային ըմբռնումը փոխելու համար նախ անհրաժեշտ է փոխել թեկնածուներուն հոգեբանութիւնը Եկեղեցւոյ նուիրումի եւ սպասաւորութեան մասին, ու ապա  ինքնաբերաբար պիտի փոխուի նաեւ ժողովրդային ըմբռնումը Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան մասին:

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ անցեալի հալածանքները, տեղահանութիւնները, գաղթականական կեանքը, վերջին յիսունամեակի քաղաքացիական պատերազմները Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ, նոր գաղթականութիւնը դէպի Արեւմտեան աշխարհներ, բերին իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնները հայ ժողովուրդի կեանքին վրայ:

Ազգային կեանքի մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւններու առջեւ պէտք է կանգ առնել եւ լրջօրէն մտածել հայ ժողովուրդի ընկերային եւ հասարակական կեանքի մասին, որ հետզհետէ տարբեր գաղթավայրերու մէջ կամաւ թէ ակամայ պիտի ենթարկուի այնպիսի խորթ ազդեցութիւններու, որ հայը պիտի հեռացնէ իր հայրերու հաւատքէն:

Ահաւասիկ այս պայմաններուն մէջ միայն Հայ Եկեղեցին է, որ իր նուիրեալ եկեղեցականութեամբ պիտի կարենայ հայը հայ պահել, հասնելով անոր ցաւերուն եւ կարիքներուն:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                         Շար. Է.

 3, Յունուար, 2014

0

Write a Comment