0
ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է – 8 –

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է – 8 –

Է. Եկեղեցին որպէս «հիւանդանոց» հասնի իր ժողովուրդի կարիքներուն եւ վերքերուն, ջերմացնելով անոնց հոգիները ապագայի փայլուն տեսիլքով:

Վերջին դարու, Հայց. Եկեղեցւոյ մասին արտայայտուած մեծագոյն ճմարտութիւններէն մէկն է հետեւեալ հարցադրումը, «Ի՞նչու աղքատ է մեր եկեղեցին աստուածահաճոյ եւ բարեգործական հաստատութիւններով եւ ի՞նչ պէտք է անենք, որ նա իւր հիւանդանոցները, անկելանոցները, որբանոցները, աղքատախնամ հաստատութիւններն ունենայ» (Գարեգին Ա. Յովսէփեան,Մեծի Տանն Կիլիկիոյ):

Որովհետեւ մեզի կը պակսին նոր Մեծն Ներսէսներ, յանդուգն, պատրաստակամ եւ քաջարի եկեղեցականներ, որոնք պատրաստ են ամբողջական նուիրումով սկսելու բարոյական եւ կրօնական բարեկարգութեանց նոր շրջան մը: Եւ ինչպէս Փաւստոս Բիւզանդ կը վկայէ «ինքն իւրովի ձեռօքն լուանայր զամենեսեան, օծանէր, պատեր, եւ ինք իսկ ջամբէր նոցա զիւրաքանջիւր կերակուրս »(Փաւստ. Բիւզդ. 78):

Կան՞ այնպիսի գթասիրտ, ազնուական եւ քաջարի եկեղեցականներ որոնք պատրաստ են եկեղեցին վերածելու ժողովուրդին կարիքներուն եւ վերքերուն  հասնող հիւանդանոցներու, թ’է հոգեկան եւ թ’է ֆիզիքական իմաստով:

Պիտի կարենա՞նք պատրաստել իրենց կենցաղով օրինակ դարձող եկեղեցականներու ստուար բանակ մը, որոնք իրենց անխարդախ օրինապահութեամբ եւ աստուածահաճոյ տեսլականով պիտի տնտեսեն մեր եկեղեցիները ի շահ ժողովուրդի բարօրութեան:

Դժբախտաբար ընհանուր Քրիստոնէական Եկեղեցին տարբեր երեւոյթ մը, տարբեր հանգամանք մը կը ցուցադրէ ամէն տեղ, որուն մէկ մասն է նաեւ Հայց. Եկեղեցին: Փակուած են եկեղեցւոյ ստեղծած անկելանոցները, հիւանդանոցները, հիւրանոցները եւ ժողովուրդը թողուած է իր անողոք եւ անմխիթար փախտին:

Եկեղեցականութեան մեծամասնութիւնը մոռցած է աղքատները, անկեալները եւ կարօտեալները, որոնք որպէս ժողովուրդ կը կազմեն եկեղեցիին ճշմարիտ գանձը: Ինչպէս աւետարանը կուսուցանէ՝ ողորմութեան առաջին պտուղն է արդարութեան ոգին, որուն բացակայութիւնը յոյժ զգալի մեր եկեղեցականութեան մօտ:

Կար ժամանակ մը երբ՝ Քրիստոնէական եկեղեցիները պայքար չմղեցին ընկերային անարդարութեանց դէմ, չպաշտպանեցին անհատը ընկերային խոշտաքումներու դէմ եւ սահմանափակուեցան զուտ վարդապետական եւ կրօնական ուսուցումի մէջ: Այս անտարաբերութեան հետեւանքն այն եղաւ, որ զանգուածները հարստահարուած հեռացան եկեղեցւոյ պաշտամունքներէն եւ կարչեցան այլանդակ քարոզչութեանց, որոնք իրենց կը խոստանային աւելի նիւթական եկամուտ, նուազ աշխատանք, անընտանիք եւ անհայրենիք աշխարհի մը մէջ, ոչնչութիւններով սահմանափակ, մոլութիւններով պարուրուած «դրախտի» մը մէջ:

Այն տաքնապը որուն ենթարկուած են քրիստոնէական եկեղեցիները, ստեղծուած է եկեղեցւոյ թերացումով: Բոլորն ալ առաքելութեան սկսած են աղքատներուն, կարօտեալներուն եւ անկեալներուն  յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով եւ սակայն իրենց ապահով կռուան մը ստեղծելէ ետք, լքած են աշքատներու դասակարգը անցնելով դրամատիրութեան հարստահարութեան եւ վաշխառութեան  կողմը:

Ահաւասիկ, եկեղեցին անտեսելով աղքատները, թերացաւ իր ընկերային կոչումին մէջ, որուն որպէս հետեւանք եղաւ այն, որ ծէսերն ու վարդապետութիւնները առանձինն անկարող եղան պահելու կրօնական հաստատութիւնները իրենց ուղիղ շառաւիղին մէջ:

Ընկերային գործի կարեւորութեան հետ կապ ունի նաեւ եկեղեցւոյ հմայքն ու ազդեցութեան աստինաչափը: Որքան քիչ է ընկերային օժանդակութեան գործը, այնքա’ն անհրապոյր է եկեղեցին համայնքի մը աչքին: Որքան տկար է բարոյական ներշնչումի աղբիւրը եկեղեցիէն ներս, այնքա’ն տկար է անոր քաշողականութիւնը, անոր երկնային հմայքը ժողովուրդին համար:

Քրիստոնէական եկեղեցին, մերն ալ մէջը ըլլալով, ո’չ միայն արհամարհեց զրկուած դասակարգը, այլեւ քաջալերեց հարուստին մոլութիւններն ու փառասիրութիւնները: Այս բոլոր ախտաճանաչումներու դրսեւորումը կը տեսնենք տակաւին այսօր, հայրենի երկրաշարժէն 25 տարիներ ետք «տոմիկ»ներու մէջ ապրող մեր դժբախտ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ողորմելի կեանքին մէջ, մինչ անդին՝ այլ վայրերու մէջ կը կանգնին երկնասլաց նորկառոյց եկեղեցիներ յղփացած հարուստներու  մատակարարութեամբ, որոնց կուրծքերը կը զարդարուին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի շքանշաններով, ձեռամբ եկեղեցւոյ հայրապետներու:

Բայց եւ այնպէս, տակաւին լիայոյս կ’ըսպասենք այն ճշմարիտ կոչին, որ եկեղեցին պարտաւոր է բարձրաձայն յայտարարել « եկայք առիս ամենայն վաստակեալք եւ բեռնաւորք եւ ես հանգուցից զձեզ» (Մատթ.11:28):  Ծանր է յուսախափութիւնը եւ հիասթափումը մեր ժողովուրդին որ կեանքի պէտք ունի իր բովանդակ պայմաններով հասնելու իր իտէալ տենչանքներուն:

Եկեղեցւոյ գոյութեան եւ յաջողութեան պայմաններէն մէկն է մղում տալ ընկերային-հասարակական գործին, խորտակելով խտրութեան բռնազբօսիկ բոլոր պատուարները, անխտրական ոգիով կարենալ մօտենալու համար ժողովրդական բոլոր խաւերուն:

Ահաւասիկ այս ապրումներով տոգորուած եւ գօտեպնդուած՝ գիտակից պարտաճանաչ եկեղեցականութեան մը կարիքը ունինք, որ իր մէջ կը մարմնացնէ կրօնքին ներշնչած անսակարկ նուիրումի սէրը եւ ինքնամոռաց անձնուիրութեամբ կը նոյնանայ ժողովուրդին հետ, կը իւրացնէ անոնց ցաւերը, կը ներշնչուի անոր տառապանքներէն եւ իր կուրծքին վրայ կ’ըզգայ ժողովուրդին սրտի զարկերը եւ անոր համաձայն կը կատարէ իր սրբազան աստուածահաճոյ պաշտօնը:

Այս մտատիպար եկեղեցականներու մասին գրած պահուս, յաճախ իմ առջեւ կը ներկայանան նորընտիր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ֆրանսիս Քահանայապետին խօսքերը, երբ իրեն հարց տրուեցաւ թէ եկեղեցին ինչի պէտք ունի այսօր, յայտարարեց անվարան. «բացայայտօրէն եւ յստակ կը տեսնեմ, թէ եկեղեցին կարիք ունի ընդունակութեան(ability) որպէսզի կարենայ բուժել վերքերն ու ջերմացնել հաւատացեալներու հոգիները: Պէտք է ցոյց տայ մօտիկութիւն, մտերմութիւն:  Պէտք է ըլլայ ռազմադաշտի մէջ գոյութիւն ունեցող հիւանդանոցը: Աննպատակ է ծանր վիրաւորուած զինուորին հարցնել թէ ին՞չ է իր արեան ճնշումը եւ կամ շաքարի աստիճանաչափը. Պէտք է իսկոյն բուժել իր վերքերը եւ յետոյ խօսիլ  մնացածներու մասին»:

Շարունակելով իր մտածումները, Քահանայապետը կը յայտարարէ «ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է եկեղեցականի կեցուածքը (attitude): եկեղեցւոյ հովիւները պարտին ըլլալ այնպիսի անձեր որոնք կրնան ջերմացնել մարդոց հոգիները եւ զիրենք առաջնորդել կեանքի մթաքին ճանապարհներէն: Մեզի անհրաժեշտ են եկեղեցականներ որոնք կը գործեն ո’չ թէ դիւանագէտի կամ կառավարական պաշտօնեայի հոգեբանութեամբ, այլ կը կարողանան  քարոզել Աստուծոյ խօսքը համբերութեամբ, որպէսզի որեւէ անձ զրկուած չմնայ Աստուածային ճշմարիտ խօսքերէն եւ գտնէ իսկական կեանքի ճանապարհը…..»:

Այս բոլոր պէտք է յետեւցնել , որ ժամանակն է եւ հրամայական, որ Հայց. Եկեղեցին դուրս գայ կղզիացած իր կառոյցէն եւ երթայ բոլոր անոնց ետեւէն որոնք զանազան պատճառներով հեռացած են  եկեղեցւոյ փառախէն եւ փրկէ անոնց հոգիները:

Պիտի գայ՞ օրը, երբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հասնի իր ժողովուրդի կարիքներուն եւ վերքերուն, ջերմացնելով անոնց հոգիները ապագայի փայլուն տեսիլքով:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                         Շար. Ը.

 18, Յունուար, 2014

 

0

Write a Comment