Blog NEWS.am Կայքէջի վրայ, նման յայտարարութիւն մը դրուած է, Դիլանեան Զար անունով անձի մը կողմէ: Չկարողացայ հաւատալ որ եկեղեցւոյս եւ ազգիս սպասաւոր մը եւ ինչպէս յայտարարութիւնը գրող անձը կը նկարագրէ «Համեստ հոգեւորական է եւ անխոնջ նուիրեալ Հայ Եկեղեցւոյ» կրնայ այսքա՜ն թշուառ յուսահատ կացութեան մատնուիլ եւ համասփիւռ հայութենէն օգնութիւն խնդրել:
Չեմ կրնար հաշտեցնել նման իրողութիւն մը բնականոն տրամաբանութեան հետ, այդ ալ այսպիսի օրերուն, երբ հսկայական գումարներ կը մսխուին կառուցանելու անհարկի շէնքեր, «շինարար» տիտղոսներ վաստակելու համար, երբ քիչ անդին, չըսելու համար իրենց քթին տակ, ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյս համեստ սպասաւոր մը մահու կենաց հարց ունի, որովհետեւ չունի նիւթական պայմանները որ «Քիմիոթերապիայի» ենթարկուի բուժման համար: Ո՜հ ինչ հեգնանք…
Անգամ մը եւս հարց տանք մեր ընթերցողներուն՝ ու՞ր է մեր եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը: Կրնա՞յ ըլլալ որ պարպուած են մարդկային բոլոր ազնիւ նկարագրի չափանիշներէն: Ու՞ր է Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան խիղճը: Ինչպէ՞ս կրնան թողուլ որ նման յայտարարութիւն մը սեփականութիւնը դառնայ համասփիւռ Հայ մամուլին:
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու Ամենայն Հայոց Հայրապետին, թէ Տ. Եզնիկ Քահանայ Մալխասեանին պատիւը մեր բոլորին պատիւը պէտք է ըլլայ: Արդեօ՞ք Տ. Եզնիկ քահանան չի պատկանիր ա’յն խմբակին որուն անդամներէն էր երբեմնի Նիսի (Ֆրանսա) Հովիւ Տ. Վաչէ Հայրապետեանը: Ըստ երեւոյթին, կայ երկու չափ երկու կշիռ. Մէկը մարդկային եւ միւսը անմարդկային:
Այս բոլոր անարդարութիւնները տեսնող երիտասարդներէն, ինչպէ՞ս ակնկալել որ գան եւ նուիրուին եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին: Իրենց փառաւոր եւ շքեղ պալատներուն մէջ ապրող, մասնաւորաբար մեր բարձրաստիճան եկեղեցական եղբայրները, չե՞ն տեսներ թէ ինչ կը կատարուի իրենց շուրջ: Կրնա՞յ ըլլալ որ փակած են իրենց աչքերը չտեսնելու այլոց՝ իրենց «փառքն ու պատիւը» հիւսող ազնիւ քահանաներու ստորնացնող կեանքի դառն պատահարները:
Ո՞վ տէր պիտի կանգնի «համեստ եւ նուիրեալ» այս եկեղեցականներուն, որոնք եկեղեցւոյ խորանին առջեւ ուխտեցին ծառայել, իրենց տրուած աստուածատուր շնորհներուն համաձայն եւ իրենց մարդկային կարողութիւններուն ներած չափով, օգտակար ըլլալ իրենց ժողովուրդին՝ եկեղեցւոյ ճամբով:
Ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ Օծեալի մը կարիքներուն երբ հարցը մահու կենաց հարց է: Այ՞ս է վարձատրութիւնը եկեղեցւոյ ծառայութեան:
Չկա՞ն այլեւս այնպիսի գթասիրտ, ազնուական եւ քաջարի եկեղեցականներ որոնք պատրաստ են եկեղեցին վերածելու ժողովուրդին կարիքներուն եւ վէրքերուն հասնող հիւանդանոցներու, թ’է հոգեկան եւ թ’է ֆիզիքական իմաստով: Կարծէք անհրաժեշտ է արթնցնել մեր պատմահայր Խորենացին իր գերեզմանէն՝ որպէսզի անգամ մը եւս ողբայ մեր ազգին ցաւերը:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
10 Փետրուար, 2014