0

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է – 10 –

Ամուսնացեալ(օրինական եւ ո’չ օրինական) բարձրաստիճան եկեղեցականութեան առթած դժգոհութիւններն ու խռովութիւնները եւ որոնել լուծումներ՝կանխարգիլելու համար նորերը:

            Որպէսզի մեր գնահատումներն ու ախտաճանաչումները առողջ եւ շինիչ ըլլան, անհրաժեշտ կը գտնենք պատմական ակնարկ մը նետել նախ ընդհանուր Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կողմէ կուսակրօնութեան հասկացողութեան վրայ ու ապա անդրադառնալ Հայց. Եկեղեցւոյ կուսակրօնութեան անփառունակ վիճակին եւ առաջարկել լուծումներ, որոնք անյապաղ պէտք է ներկայացուին յաջորդ Եպիսկոպոսական Ժողովին:

            Առաջին բաժնին համար մեր պատմական տեղեկութիւնները կը քաղենք The Marriage of the Priest (Le Mariage des Prêtres) անուն գրքէն, հրատարակուած 1911 թուականին Փարիզի մէջ, հեղինակութեամբ Abbé Jules Claraz-ի (ex-vicaire de Saint-Germain-L’Auxerrois): Նաեւ՝ նոյն շրջանին հրատարակուած մէկ այլ գիրքէն՝ (The clergy of our times and celibacy) դարձեալ հրատարակուած Փարիզի մէջ, հեղինակութեամբ՝ Abbé d’Olonne-ի: Այս նշանաւոր երկու գիրքերը, մաս եւ բաժին կը կազմեն ի շարս այլոց ա՛յն գիրքերուն որոնք արգիլեալ հռչակուած են Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ(1): 

            Քրիստոնէական եկեղեցիին մէջ, ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կայ կուսակրօնութեան եւ անոր կանոնաւոր կազմակերպութեան: Առաքեալներուն մեծամասնութիւնը ամուսնացած էին եւ ամէնուրեք իրենց հետ կը տանէին իրենց օրինաւոր «քոյր-կիները» ( Ա.Կորնթ. Թ. 5). Ա՛յս է վկայութիւնը Նոր Կտակարանին: Պօղոս Առաքեալի կողմէ արտայայտուած հետեւեալ պատուէրը՝ «կ’ուզէի որ մարդիկ ինծի պէս ըլլային», ամբողջութեամբ դուրս հանուելով իր բնագրէն՝ առիթ տուած է սխալ մեկնաբանութեան: Ահաւասիկ ամբողջական բնագիրը այն նամակին զոր ան ղրկած էր Կորնթացիներուն. «աւելի լաւ է այր մարդուն համար եթէ կնոջ չմերձենայ, սակայն պոռնկութեան վտանգի պատճառով թող իր կինը ունենայ ամէն մարդ, եւ ամէն  կին իր ամուսինով թող ըլլայ… Թոյլատուութեամբ կ’ըսեմ ես այս բաները, եւ ո’չ թէ պատուէր տալով: Պիտի ուզէի, որ ինծի պէս ըլլար ամէն մարդ, միայն թէ ամէն ոք իր առանձնայատուկ շնորհքն ունի Աստուծմէ, մէկն այսպէս, միւսն այնպէս: Իսկ ամուրիներուն եւ այրիներուն կ’ըսեմ, որ աւելի լաւ է իրենց համար, եթէ ինծի պէս մնան: Սակայն եթէ չեն կրնար ժուժկալել՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ աւելի լաւ է ամուսնանալ, քան ցանկութեամբ տոչորիլ» (Ա. Կորնթ. Է. 1-9): 

            Առաջին անգամ ըլլալով, Նիկիոյ Ժողովին անդամակցող եկեղեցականներէն ոմանք առաջարկեցին Ժողովին, հրամայել եպիսկոպոսներուն (ոմանք բազմակին) որ զատուին իրենց կիներէն եւ ապրին կուսակրօնութեամբ: Բազմակնութեան մասին Պօղոս Առաքեալ Տիմոթէոսի ուղղուած իր առաջին նամակին մէջ յստակօրէն կը նշէ այդ ախտաճանաչումը. «եպիսկոպոս մը պէտք է ըլլայ անբասիր, մէկ կին ունեցած մարդ, հեզ, խոնարհ, պարկեշտ, հիւրասէր եւ ուսուցանելու կարողութեամբ օժտուած: Պէտք չէ ըլլայ նախատող (Յունարէն բնագրի մէջ՝ գինեմոլ), ո’չ ալ հարուածող, այլ հանդարտ, ո’չ կռուազան, ո’չ ալ արծաթասէր» (Ա. Տիմ. Գ. 2-3):

            Մինչեւ Նիկիոյ Ժողովը՝ զանազան շրջաններու մէջ կարգ մը եպիսկոպոսներ իրենց յօժար կամքով բաժնուած էին իրենց կիներէն, որովհետեւ որեւէ նախընթաց արգելիչ օրէնք մը չկար զիրենք բռնադատող: Նիկիոյ Ժողովին էր որ կարգ մը եկեղեցականներ, ուզեցին ժողովական որոշումով հաստատել այդ բռնադատիչ ոյժը: Շատ հետաքրքրական է ժողովականներէն՝ ծերունի անապատական Պաֆնոս Եպիկոպոսի յատարարութիւնը. «այդպիսի լուծ մը պէտք չէ՛ դնել կղերականներու եւ քահանաներու վրայ. պատուաւոր է ամուսնութիւնը եւ անբիծ՝ ամուսնական անկողինը: Այդպիսի օրէնք մը եկեղեցիին վնաս միայն պիտի պատճառէ, բարքերու մասին անկէ ծագելիք հետեւանքներով: Վերջապէս պէտք է բաւականանալ, որ քահանաները այլեւս չամուսնանան համաձայն հին օրէնքին, որ կ’արտօնէ բազմաթիւ կիներ: Ժուժկալութիւնը փորձութեան ենթարկուած պիտի ըլլար՝ ամուսինները կիներէն բաժնելով, ամուսնութեան սովորութիւնը ինքնին ժուժկալութիւն մըն է: Պէտք չէ Աստուծոյ միացուցածը բաժնել» (Abbé Jules Claraz, էջ 137):

            Նիկիոյ Ժողովի ժխտական կեցուածքէն ետք, կարգ մը եպիսկոպոսներ սկսան իրենց թեմերու մէջ արգիլել եկեղեցականներու ամուսնութիւնը: Օրինակի համար, Սեբաստիոյ Եպիսկոպոս Եւսթատ՝ արգիլեց ամուսնացեալ եկեղեցականներուն նոյնիսկ տան մէջ աղօթել եւ յորդորեց հաւատացեալներուն որ Հաղորդութիւն չստանան անոնցմէ: Բարեբախտաբար սակայն՝ 377 թուականի Պափղակոնիոյ քաղաքներէն՝  Գանկրայի  ժողովը (Gangra,Paphlagonia) հրաժարեցուց Եւսթատ Եպիսկոպոսը եւ նզովքի ենթարկեց բոլոր անոնք որոնք պիտի յանդգնէին յայտարարելու թէ ամուսնացեալ քահանայէ հաղորդուիլը օրինական չէ:

            Ընդհանուր Եկեղեցւոյ հայրերէն Յուստինոս՝ (St. Justine) կուսակրօնութեան ջատագովներէն եղաւ: Օգոստինոս (St. Augustine) նոյպէս ամուրիութիւնը նախադասեց ամուսնութեան: Ամբրոսիոս՝ (St. Ambrose) յորդորեց երիտասարդուհիներուն որ ինքզինքնին Աստուծոյ նուիրեն: Ահաւասիկ անհատական բնոյթ կրող գաղափարի այս արտայայտութիւնները սակայն, չկրցան արգելք ըլլալ եպիսկոպոսներու ամուսնութեան եւ անոնց ընտանեկան կեանքին:

            ԸՆդհանուր Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ պարտաւորիչ կուսակրօնութիւն մը գոյութիւն չունի մինչեւ Ե. Դարու առաջին կէսը: Այս ժամանակահատուածին մէջ կը տեսնենք եպիսկոպոսներ որոնք երկիւղածութեամբ իրենց կիներէն կը բաժնուէին հակառակ Առաքելական կանոններուն հինգերորդ յօդուածին, ուր յստակօրէն նշուած է. «Եպիսկոպոս, երէց կամ սարկաւագ, եթէ երկիւղածութեան պատճառով իրենց կիները կը հեռացնեն, թող կարգալոյծ ըլլան»: Նոյնպէս՝ այս ժամանակահատուածին մէջ գտնուած են երկկին եպիսկոպոսներ, ինչպէս ցոյց կու տայ Մեծն Լեւոն Պապի (440-461) մէկ կոնդակը:

            Մեծն Լեւոն Պապ կը ձեռնարկէ պարտաւորիչ դարձնել եւ ընդհանրացնել կուսակրօնութիւնը, բայց դժբախտաբար կը հանդիպի բուռն հակառակութեան: Սակայն ոմանք համակերպեցան պապական այս կարգադրութեան, տարուած՝ իրենց շահի եւ փառքի զգացումներէն, ինքզինքնին տալով ցոփութեան եւ անառակութեան:

            Եօթներորդ դարուն էր որ միայն, Մեծն Գրիգոր Պապ աւելի մեծ ջանք թափեց իրագործելու Լեւոնի կուսակրօնութեան պարտադրիչ օրէնքը, որովհետեւ կուսակրօնութեան պարտաւորչութեամբ, ո՛չ միայն ապահոված կ’ըլլար վանքերու եւ բարեգործական հաստատութիւններու հասոյթները՝ ի նպաստ Եկեղեցւոյ վերին իշխանութեան, այլեւ կարգապահական գործը դիւրացուցած կ’ըլլար քաղաքական եւ ընկերային յաջողութեան համար:

            Դժբախտաբար պատահեցաւ անխուսափելին: Մէկ կողմէ եկեղեցականներու կողմէ արձակուած օրինաւոր կիները ինքզինքնին յանձնեցին պոռնկութեան եւ, միւս կողմէ, ամուրի կամ ամուրիացած եկեղեցականներ ազատ ասպարէզ գտան յագեցում տալու իրենց ցոփ սեռական կիրքերուն, ինչպէս նաեւ՝ գինովութեան, գողութեան եւ մարդասպանութեան: Եկեղեցականութեան անպարկեշտ կեանքը ծայր տուաւ ժողովրդային նոր հալածանքներու:

            Նիքոլա Ա. Պապ (857-860) անհրաժեշտ նկատեց յատուկ շրջաբերականով մը հրահանգելու ժողովուրդին, որ հաշտ աչքով նային ամուսնացեալ կղերին եւ անոր կողմէ կատարուած արարողութիւններուն, որովհետեւ կաթողիկէ եկեղեցականութեան մեծամասնութիւնը չէր փափաքեր հրաժարիլ ամուսնութենէ եւ ընտանեկան կեանքէ:

            Այս բոլորին արդիւնքը եղաւ այն՝ որ կուսակրօնութեան բռնադատուած եկեղեցականները հարկադրուեցան ապրիլ գաղտնի ամուսնական կեանք: Անոնք նախ սկսան իրինց հետ ապրեցնել մայր, քոյր, մօրաքոյր եւ այլ մօտաւոր ազգականներ: Եւ ահաւասիկ նոր գայթակղութիւն. «Այս քոյրերը զաւակներ կ’ունենան, եւ եկեղեցականներ կ’ամբաստանուին անոնց հայրութեան յանցանքով: Ոմանք կը դառնան կասկածելիներ ոճրային յարաբերութիւններու մէջ, նոյնիսկ իրենց հարազատ մայրերուն հետ» (Abbé Jules Claraz – էջ 226): Նկատի ունենալով այսպիսի գայթակղութիւնները, 742 թուականի Ռաթիզպոնի եւ 888 թուականի Մէցի ժողովները, արգիլեցին կուսակրօնին կենակցութիւնը ոեւէ կնոջ հետ, «ըլլայ մայր կամ քոյր»:

            Կրօնապատմագէտ Կարտինալ Պարոնիոս (Caesar Baronius (1538-1607) Պապերու պատմութեան (Annales Ecclesiastici)  իր նշանաւոր գիրքին մէջ կը խոստովանի թէ Թ-Ժ դարերու պապերը եղած են հրէշներ, եւ կ’աւելցնէ. «ինչպիսի ամօթալի տեսարան կը ներկայացնէ Հռովմէական Եկեղեցին, երբ զզուելի պերճաղիճներ անսահման հեղինակութիւն ունէին Պապերու վրայ..: Անոնք իրենց սիրահարները Ս. Պետրոսի աթոռը կը նստեցնէին»:  

            Հակապապ Պենետիքտ Ժ. (1033-1054) որ անձնատուր եղած էր ցոփ եւ զեխ կեանքի, որոշեց ամուսնանալ իր ազգականուհիներէն մէկուն հետ, առանց պապական աթոռէն հրաժարելու: Հետաքրքրական է նաեւ որ, Ֆելիքս Ե. Պապի (1439-1449) ընտրութեան առթիւ, Պազելի (Զուիցերիա) Ժողովին մէջ ներկաներէն Սէլվիուս պաշտպանեց հետեւեալ սկզբունքը, թէ «կանամբի (կին ունեցող) մէկը կրնայ Պապ ընտրուիլ եւ թէ Պապ մը կրնայ ամուսնանալ, ինչպէս Պետրոս Առաքեալ ամուսնացած էր»:

            Նոյնպէս ԺԲ. Դարուն, երբ Գրիգոր Է. Պապ (1073-1085) պարտաւորիչ կը դարձնէր կուսակրօնութիւնը, միւս կողմէ սակայն իրմէ անբաժան կը պահէր Կոտըֆրուա Լը Պօսիւ-ի (Goderfroid le Bossu (սապատաւոր, կուզ)) կինը՝ Մաթիլտա իշխանուհին, եւ անոր հետ Պիպիանէլլօ բերդը կ’առանձնանար, հաճոյքի եւ հեշտանքի ժամեր ապրելու համար իր «սիրական կնոջ» հետ:

            Դժբախտաբար նմանօրինակ ցոփ կեանքերու գունագեղ նկարագրականները շատ են Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Երկար դարեր Կաթողիկէ Եկեղեցին իր ճնշումի զանազան միջոցներով եւ բանադրանքներով չկարողացաւ արգիլել ամուսնացեալ եկեղեցականութիւնը, եւ ո’չ ալ սանձ դնել կուսակրօններու ցոփ կեանքին: Եւ ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, թեմական եպիսկոպոսներ հարճեր պահելու սովորութիւնը արգիլելու անկարողութենէն ճարահատ՝ մտածեցին եկամուտի աղբիւր դարձնել զայն եւ մասնաւոր տուրքեր դրին ա՛յն կուսակրօններուն վրայ, որոնք օրինապէս հարճ պահելու իրաւունքին կ’ուզէին տիրանալ: Այս տուրքի մասին լայն յիշատակութիւն կը գտնենք Յովհաննէս ԺԲ. Պապի կողմէ պատրաստուած՝ Livre des taxes de la chancellerie Romaine գրքին մէջ:

            Այս բոլոր պատմական դէպքերը ցոյց կու տան որ կուսակրօնութեան պարտադրութեան հետեւանքով պոռնկութիւնն ու սեռային ապօրէն յարաբերութիւնները ամուսնութեան տեղը բռնած էին: Դժբախտաբար գայթակղութիւնը մեծ ծաւալներով կը շարունակուի տակաւին Պապական Աթոռին ենթակայ արեւմտեան աշխարհի եկեղեցիներուն մէջ: Վերջին տասնամեակին այդ սանձարձակութիւնները հսկայական  վնաս տուին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հեղինակութեան եւ ենթարկեցին զայն նիւթական ահաւոր եւ անհաշիւ վնասներու:

            Անշուշտ տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնէ վիճակը Արեւելեան Եկեղեցիներուն, որոնք հաւատարիմ մնալով առաջին երեք Տիեզերական Ժողովներուն՝ դաւանական կամ ծիսական որեւէ նորութիւններ չընդունեցան եւ սակայն չհրաժարեցան ամուսնացեալ եկեղեցականութենէն:

Կուսակրօնութիւնը վանական կեանքի մէկ արգասիքն է, եւ յետսամուտ է մեր եկեղեցական կեանքին մէջ, որովհետեւ մինչեւ հինգերորդ դար՝ մեր կաթողիկոսներնալ ամուսնացած էին, եւ կաթողիկոսական աթոռն ալ ժառանգական էր մինչեւ Սահակ Պարթեւ, երբ այս վերջինը չունեցաւ արու զաւակ մը որ բարձրանարկաթողիկոսական աթոռ։ 

            Հայց. Եկեղեցին ժողովական կանոններով սեղմումներու ենթարկած է կուսակրօնները, արգիլած է անոնց պաշտօնավարութիւնը Թեմերու մէջ եւ զիրենք փակած է վանքերու պարիսպներէն ներս: Կուսակրօններու այս վիճակը շատ յստակ կերպով կ’երեւի Ս. Սահակի Կանոններու 38րդ յօդուածին մէջ, ուր ցոյց կը տրուի թէ վանքերը կուսակրօններուն համար շինուած են: Սահակ Հայրապետի այս կանոնը, իր ոյժը պահեց դարերու ընթացքին:

            Ներսէս Շնորհալի Հայրապետն ալ, իր «Առ կրօնաւորս խարազնազգեացս որ ի վանորայս» թղթով, կ’արգիլէ կուսակրօններուն՝ թողուլ իրենց վանքերը եւ հաստատուիլ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, եւ կ’ըսէ. «աշխարհիկ կեանքի մէջ իր պաշտօնին բերմամբ միշտ յարաբերութիւններ ունենալով կիներու հետ եւ զանոնք խոստովանեցնելով…կարելի չէ սրբութեամբ ծառայել Աստուծոյ»:

            Կուսակրօններու յատուկ այս վանարգելումը յստակ ապացոյց մըն է որ մեր Եկեղեցւոյ հայրերուն անծանօթ չէր կուսակրօն պաշտօնեաներու գայթակղական կենցաղը քաղաքներու մէջ, եւ այդ իսկ պատճառով արգիլեցին անոնց շփումն ու յարաբերութիւնը ժողովուրդին հետ: Այս արգելքը պատճառ դարձաւ որ անոնք իրենց ժամանակը նուիրեն Ս. Գրոց ընթերցման, գրականութեան, թարգմանութեան, ձեռագիրներու ընդօրինակութեան եւ մանրանկարչութեան:

            Անտարակոյս որ նման արգելքի դրութիւն մը կարելի պիտի չըլլար շարունակել մինչեւ վերջ: Բազմաթիւ ազդակներ պատճառ դարձան եւ դիւրացուցին կուսակրօններու վազքը դէպի քաղաքներ: Կրթական տեսակէտով ամուսնացեալ եկեղեցականներու անկումը, իշխանական տուներու եւ ժողովրդական հասարակական կեանքի բարքերու փոփոխութիւնն ու թուլութիւնը պատճառ դարձան որ կուսակրօններ վազեն թեմական պաշտօններու ետեւէն, հրաժեշտ տալով վանական խորհրդապաշտ, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին:

            Կուսակրօններու այս նորաստեղծ, անբնական եւ անկանոն քաղքենիութիւնը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ անտեսուի մտաւոր զարգացման կարեւորութիւնը ամուսնացեալ քահանաներուն, որոնք մնացին պարզ խորհրդակատար պաշտօնեաներ, եւ հակառակ Եկեղեցւոյ կանոններուն՝ կուսակրօնները դարձան մենատէրերը եկեղեցական բարձրագոյն աստիճաններուն եւ պաշտօններուն:

            Ահաւասիկ այսպէսով երբ ամուսնացեալ եկեղեցականութեան ձեռքէն յափշտակուեցան իր իրաւասութիւնները եւ անոր առջեւ փակուեցաւ վերելքի ասպարէզը, այլեւս կարելի չէր ակնկալել որ իրապէ՛ս արժանաւորներ, նկարագրի ու կոչումի տէր անձնաւորութիւններ յօժարէին ստանձնել քահանաներու թողուած ծիսակատարի անփառունակ պաշտօնը:  Այս բոլորին հետեւանքով, քահանայութիւնը ասպարէզ մը դարձաւ անուս, անմշակ ժամկոչներու, ձախողած արհեստաւորներու, սնանկացած խանութպաններու, եւայլն, որոնք քահանայական ասպարէզին մէջ տեսան իրենց համար ապրուստ մը ճարելու միջոցը:

            Հայց. Եկեղեցւոյ կուսակրօնին կեանքը այնքան ալ տարբեր չէր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կուսակրօնին ցոփ եւ անպարկեշտ կեանքէն: Եթէ հայ Եկեղեցւոյ կուսակրօններուն չընծայուեցաւ որոշուած տուրքի մը փոխարէն հարճեր պահելու իրաւունքը, այդ չի՛ նշանակեր որ անոնք հրաժարեցան իրենց մարմնական ցանկութիւններէն եւ սեռային բնական կարիքներէն: Ահաւասիկ այս պատճառով, շատ քիչեր արժանացան «անբասիր» յորջորջումին, իրենց յարաբերական ժուժկալութեամբ:

            Մեր առջեւն է այսօրուան կուսակրօնութեան ապրած կեանքը եւ ստեղծած գայթակղութիւնը: Բոլորս ալ կը ճանչնանք բարձրաստիճան եւ փոքրաւոր եկեղեցականներ (կաթողիկոս, պատրիարք, եպիսկոպոս, վարդապետ) որոնք տարիներ շարունակ ո՛չ օրինական յարաբերութիւններ մշակած են եւ տակաւին կը շարունակեն մշակել իրենց սիրուհիներուն եւ հոմանուհիներուն հետ, եւ շատեր ալ հայր են զաւակներու:

 Անհրաժեշտ չենք նկատեր այստեղ թուել բաձրաստիճան կամ փոքրաւոր եկեղեցականներուն անունները, որոնք զաւակներ եւ ընտանիքներ ունին, որովհետեւ մեր նպատակը այդ անձերը դատապարտել չէ, այլ մեր ակնկալութիւնն է որ անոնք զգաստանան եւ չխախտեն ժողովուրդի հաւատքը իրենց կենցաղով: Ի վերջոյ հաշիւ պիտի տան Աստուծոյ՝ իրենց արարքներուն համար երբ Դատաստանի օրը գայ:  Դժբախտութիւնը հո՛ն է, որ հոգեւոր հեղինակութիւն մը չգտնուեցաւ, եւ չկայ տակաւին, որ այս բոլոր անկարգապահները ի կարգ հրաւիրէ յանուն ժողովուրդի հոգեւոր ընդհանրական շահերուն:

            Ասկէ առաջ մեր այլ յօդուածներէն մէկուն մէջ յիշած ենք Բենիկ Վարդապետի(2) գրած մէկ յօդուածը որպէս պատասխան իր զրպարտիչներուն. «Տասն եւ հինգ տարիէ ամուսնացած եմ անթաքչելի կերպով. ընտանիքով ապրել եմ նաեւ Էջմիածնի վանքի մէջ, ուր ապրում էին եւ ապրում են իրենց ամուսինների հետ ՆերսէսԱրքեպիսկոպոս Խիւդավէրտեանը, Ադամ Վարդապետը, Եղիշէ Վարդապետը, Գէորգ Վարդապետ Չէօրէքճեանը, Դանիէլ վարդապետը, եւ Հայրապետներից եւ ո՛չ մէկըչպահանջեց, որ անոնք բաժանուեն իրենց ամուսիններից։ Այժմու Վեհափառը (Գէորգ Ե.) երբ հրաւիրեց Գէորգ Եպիսկոպոսին վարդապետանալ, վերջինս ազնուութիւնունեցաւ նախապէս յայտնելու, թէ կին ունի: Իսկ այս հանգամանքը Կաթողիկոսը արգելք չհամարեց, որ նա վարդապետանայ, եպիսկոպոսանայ, արքեպիսկոպոսանայ,առաջնորդ դառնայ։  Սակայն նոյն Կաթողիկոսը պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւմանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից….»

             Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի վանքին մէջ։ Բենիկ Վարդապետին յօդուածըպարզապէս ցոյց կու տայ որ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, Էջմիածինը՝ դարձած էր ապականութեան բոյն մը։ Արդեօք տարբե՞ր է պատկերը այսօր մեր նուիրապետականա՛յլ Աթոռներէ ներս….բարձրաձայն ՈՉ:

            Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան որ կուսակրօնութիւնը ժամանակավրէպ իրողութիւն մըն է, եւ բոլոր անոնք որոնք կը տուայտին այդ կեանքին մէջ՝ կ’ապրինիսկական ինքնախաբէութեամբ։  Կուսակրօնութիւնը որպէս պարտադիր կենցաղ  պահպանել ու շարունակել՝ կը նշանակէ քաջալերել շնութիւնն ու պոռնկութիւնը, կընշանակէ կրօնապէս վաւերացնել եւ հովանաւորել անբարոյականները, ուստի եւ ուրանալ ամուսնութեան սրբութիւնը եւ ստորադասել զայն ապօրէն յարաբերութեան եւկամ կենակցութեան։

            Մարդկայնօրէն անհնարին է պայքարիլ մարմնական-բնախօսական կարիքներուն դէմ։ Բնութեան օրէնքը անտեղիտալի է եւ միշտ յաղթական՝ ամենազօրաւորկամքին դէմ։ Ահաւասիկ գիտակցելով այս բոլորը, մեր համոզումը այն է որ ամուրի հոգեւորականի մը համար՝ պատշաճ է որ օրինաւորապէս ամուսնանայ, քան թէ ապօրէն կենակցի կիներու հետ, եւ կամ ըլլայ միասեռական կամ մանկապիղծ: Հետեւաբար, երբ Եկեղեցւոյ արգելիչ կանոնները չեն կրնար յաղթել բնութեան օրէնքին,կուսակրօններուն օրինաւոր ամուսնութիւն կնքել արգիլելով՝ քաջալերած կ’ըլլանք անոնց մեղապարտ եւ ապօրէն կենակցութիւնը։ 

Այս բոլորը քաջաբար գիտնալով, անհրաժեշտ է բարեփոխել շնութեան համազօր դարձած կուսակրօն կենցաղը, եւ ազատ թողուլ բոլոր փափաքողները՝ օրինաւորամուսնութիւն կնքելու, իսկ կամաւորապէս  կուսակրօնութիւն ընտրողներուն   թելադրել եւ պարտադրել, որ ապրին աղօթանուէր վանական կեանք մը, եթէիսկապէս կ’ուզենք պահպանել եւ պարտադրել Աւետարանին բարոյականը, եթէ կ’ուզենք պահպանել ամուսնութեան սրբութիւնն ու ընտանեկան պարկեշտութիւնը եւունենալ իր կոչումին գիտակից եւ հաւասարակշռուած մտքով ու նկարագրով եկեղեցականներ։

Ո՞վ կրնայ յայտարարել որ Աստուծոյ գործին նուիրուած ծառայական կեանքը անպայմանօրէն կապուած է կուսակրօն կենցաղի հետ։ Մեր Եկեղեցւոյ բոլոր փոքրկամ բարձրաստիճան պաշտօնեաները, որոնք ամուսնացած էին առաջին հինգ դարերուն, արդեօ՞ք նուազ գիտակից էին իրենց կոչումին, եւ նուա՞զ անձնուրացութեամբպաշտպանեցին ու պահպանեցին Եկեղեցիին գոյութիւնը։ 

Արդեօ՞ք նուազ ապահով է Անկլիքան Եկեղեցիին գոյութիւնը այսօր՝ ամուսնացեալ եկեղեցականութեան ձեռքին մէջ։ Եւ արդեօ՞ք նուազ պահպանուած ենԲողոքական յարանուանական եկեղեցիները ամուսնացեալ քարոզիչներու ձեռքին մէջ։  Հետեւաբար կարելի է ըսել որ մեր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեանտեւականութիւնը կամ գոյութիւնը կախեալ է նախ՝ իր հոգեւորականութեան,– մասնաւորաբար ամուսնացեալ եկեղեցականութեան,– հոգեւոր ու մտաւոր մակարդակիբարձրացումէն ու անոր գործունէութեան ասպարէզին ընդլայնումէն, եւ երկրորդ՝ անոր կարգապահական ոգիէն։   

            Անցնող դարերուն՝ ժողովուրդը անտարբերութեամբ կը նայէր եկեղեցականներու ցոփ կեանքին, ամէն ինչ ձգելով պատահականութեան եւ կեանքի բախտին։ Այսօր սակայն, բոլոր ժամանակներէն աւելի, մերօրեայ նիւթականացած աշխարհին մէջ՝ ան անհրաժեշտ կը նկատէ ունենալ իր կոչումին գիտակից ու պարտաճանաչեկեղեցականութիւն մը, որ իր մէջ կը մարմնացնէ կրօնքին ներշնչած անսակարկ ծառայութեան եւ նուիրումի սէրը։ 

            Այսօր դժբախտաբար՝ Եկեղեցին կորսնցուցած է իր բարոյական հեղինակութիւնը, որովհետեւ այլ ազդակներու կողքին՝ ամուսնացեալ եկեղեցականութեանմտաւոր ու հոգեւոր պատրաստութեան բացակայութիւնը եւ մասնաւորաբար կուսակրօնութեան ապրած ցոփ եւ անբարոյ կեանքը (բացառութիւնները միշտ յարգելի)նսեմացուցած են Եկեղեցւոյ պատկերը իր ժողովուրդին առջեւ։   Հետեւաբար ի՞նչ է բարւոք լուծումը այս իրողութեան, եւ ինչպէ՞ս փրկել Եկեղեցին իրգահավիժումէն։           

            Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ու միշտ եղած են անհատներ որոնք նախընտրած են ամուրի մնալ զանազան պատճառներով։ Ոմանք կը սիրեն ապրիլառանձին, խաղաղ, ամուսնական կեանքի աղմուկէն եւ տաղտուկէն հեռու կեանք մը։ Ուրիշներ ալ այնքա՛ն գրաւուած են իրենց մասնագիտական գործով կամ արուեստով՝որ ժամանակ չունին ուրիշ բանի մասին մտածելու եւ ուրախութեամբ կը հրաժարին ամուսնացեալ կեանքի մը առաւելութիւններէն։ Իսկ ոմանք ալ այնպիսիասպարէզներու մէջ են որ ամուսնական կեանքը կրնայ խոչընդոտ մը հանդիսանալ իրենց բնականոն կեանքին։ Եւ կան տակաւին այնպիսիներ որոնք կը նախընտրենմնալ ամուրի զանազան եւ բազմազան պատճառներով։

            Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է բաց թողուլ Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական կարգերը քահանայութեան առջեւ, եւ կուսակրօնութիւնը վերածել կամաւոր վանականդրութեան մը՝ փափաքողներուն համար։  Իսկ կրօնական աստիճաններու բարձրացումը հիմնուած պէտք է ըլլայ ոչ՛ թէ եկեղեցականին ամուրի կամ ամուսնացեալըլլալուն, այլ անոր պատրաստութեան եւ նկարագրի ապացուցեալ արժանիքներուն վրայ։ 

            Նմանօրինակ միտք մը կ’արտայայտէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռակից Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան իր «Հայց. Եկեղեցւոյ Բարեկարգութեան Խնդիրներ»յօդուածաշարքին մէջ, ըսելով. «Շնորհիւ այս ազատ կենցաղի ընտրութեան ուրիշ կարեւոր խնդիր մըն ալ պիտի գտնէ իր լուծումը, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւորաստիճանները այս կերպով բաց կը մնան միայն արժանաւորներու առջեւ։ Անարժան մը, որովհետեւ կուսակրօն մըն է, չի կրնար բարձրանալ, զոր օրինակվարդապետութեան եւ եպիսկոպոսութեան աստիճանին, չի կրնար առաջնորդ ըլլալ. եւ ասոր հակառակ, արժանաւոր մըն ալ, որովհետեւ ամուսնացած է, չի զրկուիր այդաստիճանէն եւ պաշտօնէն։  Եկեղեցւոյ պաշտօններուն մէջ յառաջացումներ եւ վարձատրութիւններ կը հիմնուին, եւ պէտք է հիմնուին, շինուած եւ փորձուած արժանիքիվրայ. այսինքն՝ այնպիսի արժանիքներու վրայ, որոնք ինքնին կ’արտացոլան կոչումի եւ նկարագրի տէր եւ լաւ պատրաստուած ուսեալ հոգեւորականի մը կեանքին եւգործունէութեան արդիւնքներէն»։

            Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան եւս հետեւեալ կարծիքը կ’արտայայտէ իր՝ «Սիոն»ի յօդուածներէն մէկուն մէջ. “Քանի որ սուրբ է ամուսնութիւնը եւ քրիստոնէականկրօնի Խորհուրդներէն մին, քանի որ Հայաստանեայց Եկեղեցին, չմերժելով ամուսնացեալներուն քահանայացումը, նովին իսկ էապէս ընդունած կ’ըլլայ արդէն սասկզբունքը թէ ամուսնական կեանքը ժխտումը չէ հոգեւորականութեան, քանի որ անցեալին մէջ, այս կամ այն կերպով, ամուսնացեալներուն առջեւ չէ փակուածաստիճանային բարձրացումին ճամբան, ինչո՞ւ այսօր, իր անցեալէն նոյնիսկ իրեն մատուցուած փաստով կամ լոյսով չկարենայ ընդառաջել ներկայի պահանջներուն,յեղաշրջում մը յառաջ բերելով իր կազմին կամ կարգին վրայ՝ որ չունի վարդապետական կամ դաւանական որեւէ կողմ, եւ թոյլ չտալով որ ի սպառ մեռելութեանդատապարտուի եկեղեցական պաշտօնէութիւնը»։

            «Շեշտելով հանդերձ այն խոշոր դժուարութիւններուն վրայ, որոնք ի սկզբան մանաւանդ պիտի յառաջ գան, երբ ընդունուի ու գործադրուի քահանայականասպարէզի բացման սկզբունքը, որոնք, սակայն եւ այնպէս, բոլորովին ալ անյաղթելի խոչընդոտներ չեն կրնար ըլլալ իմաստուն եւ զօրեղ իշխանութեան մը համար.Իրականութիւն է թէ այլեւս հասած է ամուսնաւոր հոգեւորականներուն առջեւ եկեղեցական յառաջացումի եւ վարչական ընդլայնման ժամը: Զայդ կը պահանջէ ո՛չ միայնդարուն ոգին, այլ մանաւանդ ներքնապէս եկեղեցական ուժաւորման հարկը, ու ատոր չեն հակառակիր ոչ կրօնքին հոգին, եւ ոչ մեր Եկեղեցւոյ նախկին եւ նոյնիսկ ներկայիրաւաբանութիւնը»:

            Որեւէ ընկերութեան մէջ յառաջ եկած փոփոխութիւնները առ հասարակ սկիզբ չեն առներ իշխանութեան բարձր աթոռներու վրայ բազմած օրէնսդիրներունախաձեռնութեամբ։ Փոփոխութիւնները յառաջ կու գան իբրեւ հետեւանք ժողովրդական ճնշումներու եւ կարիքներու, որ իր ամէնօրեայ ապրումներուն մէջփորձառութեամբ կը զգայ տիրող օրէնքներուն եւ սովորութիւններուն ամլութիւնն ու անբաւարարութիւնը:

Եւ այսօր՝ համասփիւռ հայութիւնը, հայրենիքէն ներս եւ դուրս, որպէս ականատես կատարուած օրինախախտումներուն, կուսակրօնութեան կանոնական շեղումներուն, կը զգայ կարիքը եւ հրամայական կը նկատէ փոփոխութիւն մտցնել Եկեղեցւոյ օրէնքներուն մէջ եւ վերադառնալ ճշմարիտ քրիստոնէավայել առաքելութեան եւ քարոզչութեան, ամուսնացեալ եկեղեցականութեամբ:  

            Կուսակրօնութեան հարցը այսպէս պարզելէ ետք, մեր համոզումն ու կարծիքն է որ, Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցին մէջ, այս խնդիրը լուծելու համարանհրաժեշտ է ազատ թողուլ եկեղեցականութեան թեկնածուները իրենց կենցաղի ընտրութեան մէջ, եւ անոնց մէջ փնտռել մարդկային ազնիւ նկարագրիարժանիքներն ու աստուածատուր շնորհները:

 

(1)The Roman Index of Forbidden Books անունով հրատարակութիւնը, տպուած 1920-ին Սէյնթ Լուիսի մէջ, իր ցանկին մէջ ունի այս երկու գիրքերու անունները: Մեր ընթերցողներէն բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին յաւելեալ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալ այս գրքերու մասին, կարող են Amazon.com-ի կամ այլ կայքէջներու վրայ փնտռել այս գրքերը: Կ’արժէ յիշեցնել, որ այս ցանկին մէջ է նաեւ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Հայոց Եկեղեցին» The (The Armenian Church) տպուած Փարիզի մէջ 1910-ին:

(2) Բենիկ Վարդապետ Էջմիածնի որպէս միաբան կը պատկանէր «ճեմարանականներու» այն խմբակին (Գարեգին Վրդ. Յովսէփեան, Երուանդ Վրդ. Տէր Մինասեան,  Կարապետ Վրդ. Տէր Մկրտչեան) որոնք իրենց ուսումը ստացած էին Եւրոպական համալսարաններու մէջ, մասնաւորաբար Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ, եւ ջատագովներն էին Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                        Շար. Ժ.

20 Փետրուար, 2014

0

Write a Comment