Երկար տարիներու ազնիւ բարեկամէս ստացայ հետեւեալ հարցադրումը. «Ինչո՞ւ ձայն չեն բարձրացներ մեր հոգեւոր ղեկավարները, մասնաւորաբար մեր կաթողիկոսները, եւ չեն դատապարտեր քաղաքական իշխանութեանց անհոգութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի այս ահաւոր չարիքին դէմ»:
Փոխանակ ուղղակի բարեկամիս պատասխանելու, նիւթը շատ այժմէական նկատելով, նախընտրեցի մտածումներուս բաժնեկից դարձնել մեր համասփիւռ հայութիւնը, որ այդքան ալ մտահոգուած չ՛երեւիր ներկայ քաղաքական պայմաններու եռուզեռին մէջ, անշուշտ աւելի յարմար պիտի ըլլար ըսել՝ խառնաշփոթութեան մէջ, եւ զբաղած է իր առօրեայ մտահոգութիւններով եւ գործերով:
Վերլուծելէ առաջ դրդապատճառները արտագաղթի, նախ տեսնենք թէ ինչո՞ւ ժողովուրդներ կը գաղթեն: Ժողովուրդներ կը գաղթեն զանազան պատճառներով.- Առաջինը՝ ներսէն դէպի դուրս մղող ազդակներն են.
1.- Սնդեղէնի պակաս,
2.- Պատերազմ,
3.- Բնութեան արհաւիրքներ,
4.- Քաղաքական անկայունութիւն,
5.- Անգործութիւն,
6.- Խտրականութիւն,
7.- Քաղաքական եւ կրօնական հալածանք,
8.- Յարմար, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն:
Երկրորդ՝ դուրսէն քաշողականութիւն ունեցող ազդակներն են.
1.- Աւելի գեղեցիկ կլիմայ,
2.- Սննդեղէնի առատութիւն,
3.- Գործի հնարաւորութիւններ,
4.- Կեանքի կեցութեան ապահով պայմաններ,
5.- Ընտանեկան կապեր,
6.- Քաղաքական եւ կրօնական ազատութիւն,
7.- Ուսման կարելիութիւններ,
8.- Բժշկական խնամք:
Աշխարհը շարժման մէջ է եւ ժողովուրդներ դարերու ընթացքին միշտ ալ գաղթած են աւելի լաւ կենսական պայմաններ որոնելու համար: 2010 թուականի վիճակագրութեան համաձայն, 214 միլիոն մարդ, այլ խօսքով 3 տոկոսը աշխարհի բնակչութեան, կ’ապրի իր երկրէն դուրս, երեւոյթ մը որ կը մտահոգէ թէ՛ զարգացած եւ թէ՛ զարգացման ընթացքի մէջ եղող երկիրները: Մտահոգութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ գաղթողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ կանայք են, որոնք սերունդ պիտի հասցնէին իրենց տուեալ երկիրներուն մէջ:
Նոյնքան մտահոգիչ է ներքին գաղթը, երբ մարդիկ կը թողուն իրենց գիւղերը եւ կ’իջնեն կեդրոնական քաղաքներ, աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ունենալու ակնկալութեամբ: Այստեղ եւս պատճառները բազմազան են. բնութեան արհաւիրքներ, (ջուրերու յորդում, սաստիկ ձիւն, երաշտ) անգործութիւն, միջոցներու բաժանման անհաւասարութիւն, եւայլն:
Գաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը թողու իրենց երկիրը, փնտռելու համար տնտեսական եւ ընկերային աւելի լաւ պայմաններ: Տնտեսական պայմաններ փնտռող անձերը ամենաստուար խումբն են գաղթականներու: Համաշխարհայնացումը (globalization) պատճառ կը դառնայ որ աշխատող ոյժեր շարժման մէջ ըլլան, նոյն ատեն պատճառ ըլլալով աշխատող դասակարգի ծննդաբերութեան աճումի կանխարգիլումին: Այն երկիրները որոնք անցեալին արտագաղթ ունէին, այսօր ենթակայ են ներգաղթի՝ իրենց երկիրներուն մէջ. օրինակի համար՝ Արժանթինը, Իրլանտան եւ Հարաւային Քորէան:
Միջազգային Գաղթականական Կազմակերպութեան (International Organization for Migration) համաձայն, միլիոնաւոր մարդիկ կը գաղթեն այսօր, առանց օրինական թուղթեր ունենալու: Նմանօրինակ գաղթականներ, շատ յաճախ կը ձեռնարկեն վտանգաւոր ճամբորդութեանց եւ յաճախ թիրախ կը դառնան մաքսանենգներու, եւ պարտաւորուած կ’ըլլան աշխատելու եւ ապրելու շատ վատ եւ վտանգաւոր պայմաններու տակ: Իրենց ապօրէն կեցութիւնը պատճառ կը դառնայ որ չկարենան բողոքել իրենց հանդէպ գործադրուող անարդարութեանց եւ անօրինութեանց դէմ:
Վերջին կէս դարուն, նկատելի դարձած է որ կանայք շատ աւելի կը գաղթեն քան թէ այր մարդիկ: Կանայք այսօր գաղթականներու 50 տոկոսը կը կազմեն ընդհանրապէս, սակայն կարգ մը երկիրներու մէջ անոնց թիւը կը բարձրանայ 70 կամ 80 տոկոսի: Անոնք պարտաւորուած կ’ըլլան աշխատելու շատ աւելի նուազ աշխատավարձք վճարող գործերու մէջ, ինչպիսին են տնային սպասաւորութիւնը եւ հետեւաբար ենթակայ խոշտանգումներու, առեւանգումներու եւ բռնաբարութեանց: Կանայք մանաւանդ ենթակայ են սեռային մարմնավաճառութեան, որ նկատուած է պիլիոններ արժող համաշխարհային գործառնութիւն մը: Դժբախտաբար մարմնավաճառ այս կանայք ենթակայ են սեռային խոշտանգումներու, բռնակալութեան, սեռային ախտերով վարակման եւ շատ յաճախ՝ միջոցն ալ չեն ունենար բժշկական խնամքի:
Գաղթականութիւնը շատ յաճախ ժամանակաւոր է, եւ բոլոր անոնք որոնք կ’արտագաղթեն՝ կը պահեն կապը իրենց հայրենիքին հետ: Մինչ գաղթականներ կարեւոր ներդրումներ կը կատարեն զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ, նոյն ատեն սակայն անոնք նիւթական, ճարտարարուեստական եւ ընկերային ներդրումներ կ՛ունենան նաեւ իրենց հայրենիքէն ներս, նպաստելով հայրենիքի տնտեսական յառաջխաղացքին, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնեն այնտեղ տիրող աղքատութիւնը: Գաղթականներու ներդրումը մեծ դրամագլուխ է մանաւանդ նոր զարգացող երկիրներուն համար, նամանաւանդ նախկին Սովետական համայնավար հանրապետութիւններէն ներս:
Միջազգային տուեալներու համաձայն, առաւել քան 500 պիլիոն տոլար փոխադրուած է դէպի նոր զարգացող երկիրները, եւ այս գումարը կ’աճի տարուէ տարի: Շատ հաւանական է նաեւ՝ որ այս գումարին կրկինը կը փոխանցուի դէպի այդ երկիրները՝ ո’չ օրինական ճամբաներով: Հետաքրքրական է նշել այստեղ, որ կանայք շատ աւելի դրամ կը փոխանցեն իրենց ընտանիքի հարազատներուն՝ քան այր մարդիկ: Այս բոլոր ներդրումները կը նպաստեն որ ընտանիքներ բարեկեցիկ կեանք ունենան, երախաներ դպրոց յաճախեն, մէկ խօսքով՝ ընտանիքներու կենսամակարդակը կը բաձրանայ:
Դժբախտաբար մեր ցաւը մեր տան մէջ է, այսինքն մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ Է: Երկիրը մօտ է արդէն ժողովրդագրական աղետալի վիճակի: Ամուսնութիւններու թիւը նուազած է եւ բնականաբար նուազած է նաեւ նորածիններու քանակը: Շիրակի մարզպետարանի առողջապահութեան բաժնի պետ՝ Հայկանոյշ Աւետիսեանի փոխանցած տեղեկութիւններու համաձայն, 2012-ի համեմատ 2013 տարուան ընթացքին ծնունդներու քանակը մարզէն ներս նուազած է աւելի քան 100 տոկոսով, իսկ Գիւմրիի մէջ աւելի քան 400 տոկոսով:
Հայկանոյշ Աւետիսեան ծնունդներու թիւի նուազումը կը կապէ գլխաւորաբար արտագաղթի հետ: Արդեօ՞ք միակ պատճառը այդ է. չենք կարծեր: Պետական տուեալներու համաձայն, 2013 թուականի Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն մեկնած է 1 միլիոն 888 հազար 165 մարդ, իսկ երկիր վերադարձողներուն թիւը եղած է 1,780,160 մարդ: Այլ խօսքով 108,005 մարդ չէ վերադարձած հայրենիք:
Իշխանութիւններու տեսակէտը այն է որ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր հայրենիքին համար. Ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը:
Բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին, սակայն բոլոր անոնք որոնք Եւրոպաներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան:
Երեւանի մէջ լոյս տեսնող «Հայկական Ժամանակ» թերթը կը գրէ որ ՀՀ Ազգային Վիճակագրական Ծառայութեան հրապարակած թիւերը սարսափեցուցիչ են. մարզերու բնակչութիւնը նուազած է 13-17 տոկոսով:
Հայաստանի Վիճակագրական Ծառայութեան հրապարակած տուեալներու համաձայն 2013 թուականի Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին 122,191 Հայաստանի քաղաքացիներ անցած են սահմանային կէտերը եւ չեն վերադարձած: Նախորդ տարի չվերադարձողներուն թիւը եղած է 109,405: Այս թիւերը անհանգստութիւն յառաջացուցած են հասարակութեան բոլոր խաւերուն մէջ:
Հոկտեմբեր 19, 2013-ին Էջմիածնի մէջ գումարուած «Եկեղեցի եւ պետութիւն. փոխյարաբերութիւններ, հրամայականներ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրով միջազգային գիտաժողովը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ կրկնակի հիասթափութիւն մը: Մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ չենք տեսներ որեւէ ակնարկութիւն արտագաղթի մասին: Ըստ երեւոյթին, մեր Եկեղեցին մտահոգ չէ որ օր մը մեր եկեղեցւոյ նստարանները թափուր պիտի մնան, եթէ չեն արդէն իսկ:
Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան՝ անկախութեան տարիներուն: Նկատի ունենալով որ տարիներ զբաղած եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գաղթականական հարցերով, արդարօրէն եւ անվերապահ կերպով կ’ուզեմ բացայայտել ճշմարտութիւնները, մասնաւորաբար հայրենիքէն արտագաղթողներու մասին:
1960-ական թուականներուն արատագաղթ մը սկսած էր դէպի Միացեալ Նահանգներ, մասնաւորաբար ԱՆՉԱ-ի հովանաւորութեամբ, Սովետական պետութեան արբանեակ Պալքանեան երկիրներէն՝ Ռումանիայէն եւ Պուլկարիայէն: Այս արտագաղթին անմիջապէս յաջորդեց՝ արտագաղթը Հայաստանէն:
1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ) մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինջեւ Արեւմտեան ափերը:
Արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը 1946-47 տարիներուն ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապ ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա’յն է, որ այդ տարիներուն ո’չ Հայրենիքէն ներս եւ ո’չ ալ Սփիւռքի տարածքին ահազանգ հնչեցնողներ կային. կարծես արտագաղթը բնական երեւոյթ էր:
Յաջորդաբար՝ ականատես եղանք ա՛յլ արտագաղթերու. Լիբանանէն (քաղաքացիական պատերազմ), Եգիպտոսէն, Պարսկաստանէն (իսլամական յեղափոխութիւն), Յորդանանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն: Այս երկիրներէն գաղթող հասարակութեան մասին լրջօրէն մտածող չեղաւ երբեք– ո՛չ Սովետական ու ապա՝ նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ ո’չ ալ արտասահմանի մեր կազմակերպութիւնները: Արտագաղթողները ձգուեցան իրենց անողոք ճակատագրին: Նոյն ճակատագրին արժանացան նաեւ Պաքուի եւ Սումգայիթի դէպքերուն պատճառով Ատրպէյճանէն վտարուած մեր փախստական եղբայրներն ու քոյրերը:
Մեր մտահոգութեան կեդրոնական բաժինը պէտք է ըլլայ՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ: Երիտասարդ ուժերու հեռացումով, կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կ’ըսպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան:
Ճիշդ է որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ այսօր չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Կորսնցուցած է նաեւ իր հաւատքը՝ հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ:
Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր եկեղեցական, եւ թէ քաղաքական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը: Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:
Հետեւաբար ի՞նչն է որ մեզ կրնայ փրկել այս ազգային գահավիժումէն.-
1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներու համաձայն:
2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները:
3.- Առողջութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել:
4.- Օրինականութիւն. Ո’չ մէկ քաղաքացի կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանականութեան:
5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը եւ ո’չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ:
6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ:
7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը:
Եւ այս բոլորէն վեր եւ անդին՝ ՍԷՐ ունենալ իրարու հանդէպ, ըլլալ ողորմած եւ գթասիրտ: Ասիկա պետութեան ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս է՛ նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Այնուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահարաւէրները, ինչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնները, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:
Ժամը հասած է եւ պէտք է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն հայրենիքը փրկելու համար: Երկրի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ դատապարտելի է ըստ ամենայնի: Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած համակերպող լռութիւնը մասնաւորաբար մեր նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն կողմէ, որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Չենք ուզեր սխալ հասկցուիլ. ամէն արժանի յարգանք՝ մեր Նուիրապետական Աթոռներուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն, բայց եւ այնպէս խոնարհաբար կ՛ուզենք նշել, թէ անոնց բարոյական պարտքն է, հարկ եղած ժամանակ, մեր Եկեղեցւոյ` մահուան վտանգը արհամարհած առաջին հայրապետներու օրինակով, քաջաբար մատնանշել պետական իշխանութեանց սխալները եւ յորդորել, ի հարկին նաեւ պահանջե՛լ, որ անոնք զգաստանան եւ ուղղեն իրենց ընթացքը՝ յանուն երկրին եւ ժողովուրդին վերին, յաւիտենական շահերուն:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
28 Փետրուար 2014