Միասեռականութեան ախտանաճանաչումը եկեղեցական կեանքէն ներս:
Ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար շատ պարզ եւ յստակ է որ միասեռականութիւնը մեղք է Աստուծոյ առջեւ: Պօղոս Առաքեալ իր Հռոմայեցիներուն գրած նամակին մէջ կ’անդրադառնայ ատոր եւ կը դատապարտէ զայն, ըսելով. «Նոյնպէս նաեւ այր մարդիկ, կնոջ հետ (սեռային յարաբերութեան) բնական մղումը ձգելով՝ իրարու վրայ տռփեցան իրենց ցանկութիւններով, արուները խայտառակութիւն սկսան ընել արուներու հետ, որուն հետեւանքով, իրենց մոլորութեան համար, իրե՛նց իսկ անձին վրայ ստացան արժանի փոխարինումը: Եւ քանի որ չնախընտրեցին անոնք զԱստուած ունենալ իրենց ճանաչողութեան մէջ, Աստուած անոպայ տրամաբանութեան թողուց զիրենք, եւ տմարդի գործերու որոնք լի էին ամէն տեսակի անիրաւութիւններով, պոռնկութեամբ, անզգամութեամբ, ագահութեամբ, չարութեամբ, նախանձով, ոճրագործութեամբ, կռուազանութեամբ, նենգութեամբ եւ չարասրտութեամբ: Զրպարտիչ դարձան, չարախօս, աստուածատեաց, թշնամանող, ամբարտաւան, ամբարհաւաճ, չարագիւտ, ծնողք անարգող, անմիտ, ուխտադրուժ, անխիղճ, անգութ եւ անողորմ» (Հռոմ. 1:27-31):
Հին Կտակարանի էջերը, սկսած Ծննդոց գիրքէն, լեցուն են միասեռականներու դատապարտութեամբ: Սոդոմի եւ Գոմորի պատմութիւնը մեծագոյն վկայութիւններէն մէկն է այդ ախտաճանաչումին. «Եւ սկսան դուրս կանչել Ղովտն ու կ’ըսէին անոր. Ո՞ւր են այն մարդիկը, որ քովդ մտան գիշերով, բեր զիրենք մեր քով, որ արուագիտենք մենք ատոնք…Եւ Տէրը ծծումբ ու կրակ տեղացուց իր քովէն՝ երկինքէն, Սոդոմի եւ Գոմորի վրայ» (Ծննդոց 19:5,24): Նոյնպէս յատկանշական է Ղեւտացւոց Գիրքին մէջ արտայայտուած պատուէրը. «Եթէ այր մարդ մը ուրիշ այր մարդու հետ քնանալու ըլլայ, եւ յարաբերուին անոնք իրարու հետ այնպէս ինչպէս կնոջ մը հետ կը յարաբերուին, պղծութիւն գործած կ’ըլլան անոնք, մահով պէտք է պատժուին երկուքն ալ, որովհետեւ մահապարտ են» (Ղեւ. 20:13):
Եթէ մարդկային սեռային այս անբնական յարաբերութիւնը զզուելի էր Աստուծոյ համար, ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ, չենք կարծեր որ Աստուած իր կարծիքը փոխած է այսօր միասեռականներու նկատմամբ: Միասեռականութիւնը շնութեան մէկ տարբերակն է եւ չի՛ կրնար տեղ ունենալ Աստուծոյ տան մէջ: Թէեւ ազատամիտ մարդիկ պիտի փորձեն հանրութիւնը համոզել որ միասեռականութիւնը մարդուն հետ կը ծնի, սակայն եւ այնպէս ժողովուրդը համոզուած չէ այդ իրողութեան, որովհետեւ միասեռականութիւնը ապականած ընկերութեան մէկ արգասիքն է, եւ գինեմոլութեան ու հաշիշամոլութեան նման՝ կարելի է գերի դառնալ անոր մոլուցքներուն:
Պօղոս Առաքեալ իր Կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին մէջ կ’ըսէ, թէ անյոյս չէ բոլոր անոնց պարագան որոնք տակաւին կը թաւալին այս տիղմին մէջ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը չեն ժառանգեր անիրաւներ, մի’ խաբէք դուք ձեզ, ո’չ պոռնիկներ, ո’չ կռապաշտներ, ո’չ շնացողներ, ո’չ իգացեալներ, ո’չ արուագէտներ, ո’չ գողեր, ո’չ ագահներ, ո’չ գինեմոլներ, ո’չ բամբասողներ եւ ո’չ ալ յափշտակողներ կը ժառանգեն Աստուծոյ արքայութիւնը: Արդ, այդ տեսակ (մարդիկ) էիք դո՛ւք ալ ժամանակին, բայց լուացուեցաք, մաքրուեցաք եւ արդարացաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, եւ մեր Աստուծոյն Հոգիով» (Ա.Կորթ. 6:9-11):
Հակառակ ազատամիտներու կողմէ կատարուած ընկերային հասարակական ճնշումներուն, որպէսզի միասեռականութիւնը նկատուի որպէս ընդունելի կենցաղային ձեւ, շատ պարզ է որ Աստուածաշունչի ճշմարիտ խօսքի եւ լոյսի ուսուցումը կը մնայ անդրդուելի, թէ միասեռականութիւնը անբնական է եւ հետեւաբար պէ՛տք է մերժուի բոլոր քրիստոնեաներուն կողմէ:
Միւս կողմէ սակայն, չենք մոռնար որ Քրիստոս մեռաւ մեր բոլորին մեղքերուն համար, ուստի միասեռականներն ալ Իր սիրոյն արժանի են, հետեւաբար մենք պարտաւոր ենք հրաւիրել զիրեք զգաստութեան, որպէսզի մաքրուին եւ արժանի ըլլան յաւիտենականութեան: Վերջապէս Ֆրանսիս Պապի յայտարարութիւնը ցնցեց բոլոր քրիտոնէական մտածողութիւնը երբ յայտարարեց «Ո՞վ եմ որ դատապարտեմ զիրենք»:
Մարդկային այս տիղմին մէջ, դժբախտաբար ինկած են նաեւ եկեղեցականներ, որպէս արուամոլներ, իգացեալներ եւ մանաւանդ մանկապիղծներ…: Ու տակաւին կը շարունակուի այս տխուր կենցաղային ձեւը քրիստոնէական բոլոր Եկեղեցիներու մէջ: Վերջին տասնամեակին՝ Միացեալ Նահանգներու մամուլին մէջ եւ այլուր՝ կարդացինք Կաթողիկէ եւ այլ յարանուանութիւններու պատկանող կղերին կողմէ կատարուած մանկապղծութիւններու մասին, իրենց զանազան գունաւորումներով:
Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներն ալ չեն կրցած դուրս մնալ այս տիղմէն, եւ տակաւին կը շարունակեն տուայտիլ այս անբնական կենցաղին մէջ: Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր«պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքումաղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից….» (Բենիկ Վրդ.,Պատասխան իմ զրպարտիչներին, 1920 Ս. Էջմիածին):
Կուսակրօնութեան բռնադատուած եկեղեցականներ հարկադրուած են ապրիլ գաղտնի կեանք մը, ստեղծելով մեծածաւալ գայթակղութիւններ, որոնք տակաւին կը շարունակուին՝ երբեմն բացորոշ կերպով յաչս ժողովրդեան: Մարդկայնօրէն անհնարին է պայքարիլ մարմնական-բնախօսական կարիքներուն դէմ: Եկեղեցւոյ արգելիչ կանոնները չեն կրնար յաղթել բնութեանօրէնքին, եւ հետեւաբար կ’առաջնորդեն անհատը զարտուղի եւ անբնական միջոցներու՝ արուամոլութեան, մանկապղծութեան եւ գիջութեան մէջ փնտռելու իր սեռային կարիքներուն գոհացումը, եթէ ճարպիկ եւ ընդունակ չեն գաղտնի կենակցութիւն վարելու կանանց հետ:
Անկասկած որ հայ կղերին հաճելի պիտի չըլլան մեր ախտաճանաչումները, եւ սակայն եթէ չբացայայտենք այս ո՛չ քրիտոնէավայել մոլութիւնները՝ կը նշանակէ որ կորսնցուցած ենք մեր բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ նկատմամբ եւ չենք փափաքիր նոր զարթօնք մը սկսիլ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, որ մեր գոյութեան եւ ազգապահպանման զօրաւորագոյն միջնաբերդն է: Այլ խօսքով՝ մեղսակից ենք բոլորին մեր անտարբերութեամբ, անհոգութեամբ, եւ դատապարտելի՝ Աստուծոյ առջեւ: Մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսումնարաններու, դպրեվանքներու պատասխանատու ղեկավարներուն հիմնական պարտաւորութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ անկասկած՝ աչալուրջ կերպով հետեւիլ իրենց վարած հաստատութեանց ուսանողներու կեանքին ու հակումներուն, կանուխէ՛ն իսկ գտնելով՝ ուսանողական կազմերէն ընդմիշտ հեռացնելու համար միասեռական հակում ունեցողները:
Օրինակներ շա՛տ են մեր Եկեղեցւոյ վերջին հարիւրամեակի պատմութեան մէջ: Որպէս ականջալուր եւ ականատես այս անբարոյականութեան, կարելի է խօսիլ անուններով ու անոնց արարքներուն խայտաբղէտ նկարագրութիւններով, եւ ոմանց ալ հանգիստը խանգարել իրենց յաւիտենական նինջին մէջ: Սակայն եւ այնպէս մեր նպատակը այդ չէ՛ բնաւ, այլ զգաստութեան կոչ ուղղել նամանաւանդ մեր բոլոր բարձրաստիճան հոգեւորականներուն որոնք պիտի մասնակցին յաջորդ Եպիսկոպոսական Ժողովին: Պարտին լրջօրէն եւ զգօնութեամբ մօտենալ այս մոլութիւններուն, եւ կուսակրօնութեան կենցաղի դժուարութիւններուն համար առաջարկեն աստուածահաճոյ, արդար լուծումներ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
9 Մարտ, 2014