Պոլսոյ Պատրիարքութեան Աթոռին վրայ բազմած, պատրիարքական փոխանորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, հայկական մամուլին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, բացորոշ կերպով, առանց տատամսելու եւ վարանելու, կը յայտնէ զիրար հակասող երեւոյթներ: Նախ կը փորձէ մեզ համոզել ըսելով որ « Պոլսոյ հոգեւորականները քիչ են եւ նոյնիսկ մեր եկեղեցիները չեն կրնար գոհացնել», ու ապա կ’աւելցնէ. « Պոլսոյ ներկայ հոգեւորականներէն եւ ո’չ մէկը կը փափաքի գաւառ մնալ»:
Զիրար հակասող նման յայտարարութիւններ անգամ մը եւս մեզ շփոթութեան կը մատնեն եւ կը մղեն աւելի լրջօրէն խորհրդածելու այս ահաւոր անկումին դրդապատճառներու մասին, ըլլան անոնք՝ կրօնական, կրթական, ընկերային կամ քաղաքական մարզերէ ներս:
Սրբազան Հօր յայտարարութիւնը, ուրիշ բան չի’ թելադրեր մեզի բացի անկէ` որ չկայ հոգեւորական մը որ պիտի ուզէ գաւառ մնալ: Ըստ երեւոյթին Սրբազան Հայրը, Տիգրանակերտը տակաւին կը նկատէ գաւառ, հակառակ այն իրողութեան որ այսօր Տիգրանակերտը կը նկատուի Հարաւարեւելեան Անատոլուի (Արեւմտահայաստանի՝) Այնթապէն ետք երկրորդ մեծագոյն քաղաքը, մէկ միլիոն բնակչութեամբ:
Պահ մը մոռնանք աշխարհագրութիւնը եւ «գաւառ» հասկացողութիւնը: Հոգեւորական չկայ որ փափաքի հոն ծառայել: Կրնա՞ք հասկնալ, սիրելի ընթերցողներ, թէ ինչ կը նշանակէ այս յայտարարութիւնը: Պարզ հայերէնով, հոգեւորական մը պիտի չուզէ Պոլսոյ մէջ իր հանգիստը խանգարել եւ երթալ ծառայելու հոն՝ ուր իսկական կարիքը կայ հոգեւոր մատակարարութեան բոլոր ժամանակներէն աւելի ԱՅՍՕՐ, երբ մանաւանդ մեր իսլամացած եղբայրներն ու քոյրերը թախանձագին կը խնդրեն վերադառնալ հայութեան եւ մկրտուիլ Մայր Եկեղեցւոյ աւազանին մէջ: Ու՞ր ես Հայց. Եկեղեցի…:
Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին է, վերանորոգուելէն ետք վերաբացաւ իր դռները, դժբախտաբար սակայն ներկայիս հոգեւոր հովիւ չունի: Եկեղեցւոյ հիմնադրամի հոգաբարձուները դիմած են Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարան, սակայն Պատրիարքարանէն տեղեկացուցած են, որ ներկայիս բաւարար թիւով հոգեւորականներ չունենալով, չեն կրնար մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ղրկել: Նորէն հարց տանք մեր ընթերցողներուն, բաւարար թիւով հոգեւորակա՞ն չկայ, թէ փափաքող չկայ:
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ի՜նչ հսկայական զոհողութիւններով կը պահէ իր եկեղեցիները, բայց ըսել թէ չկայ հոգեւորական մը որ կը փափաքի «գաւառ»ի մէջ ծառայել՝ բացարձակապէս ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ է: Համիտեան ջարդերէն, Ատանայի ջարդերէն ու ապա 1915-ի ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն այս կամ այն կերպով «փրկուած» մեր քրտացած ու թրքացած եղբայրները կոչ կ’ուղղեն մեզի հոգեւոր մատակարարութիւն խնդրելով, եւ մենք ամենայն անտարբերութեամբ՝ սառնարիւն կը դիտենք անոնց հոգեւոր փլուզումը:
Ինչպիսի՞ արդարացում կրնայ ունենալ Արամ Սրբազանի կողմէ արտայայտուած այս տեսակէտը. «Երեւակայեցէք, եթէ ես քահանայ ուղարկեցի՝ քահանան դպրութի՞ւն պիտի ընէ թէ պատարագ մատուցանէ»: Մեր անձնական փորձառութենէն ելլելով, կրնանք քաջաբար յայտարարել որ անկարելի բան չկայ երբ նուիրում եւ կամեցողութիւն կայ: Ամերիկայի մէջ մենք նոյնը կատարած ենք տարիներով. ինչպէս Ամերիկացին կ’ըսէ «one-man show», թէ՛ պատարագած ենք, թէ՛ սարկաւագութիւն ըրած ենք եւ թէ՛ դպրաց խումբի դեր կատարած ենք միասնաբար: Հոս է նուիրումը….. Դուրս ելէք ձեր հանգիստէն այլեւս:
Իրեն ուղղուած հարցումին թէ ինչո՞ւ արտասահմանէն հոգեւորական չի բերեր, կը պատասխանէ հետեւեալ ձեւով. «Ես արտասահմանէն մնայուն մարդ չեմ կրնար ընդունիլ հոս. յետոյ ատիկա պետականօրէն արգիլուած է: Անոր այստեղ նստելու (մնալու) արտօնութիւն պէտք է: Բացի այդ ես այս երկրէն մարդ կ’ուզեմ՝ թրքերէն լաւ խօսող եւ քրտերէն գիտցող մարդ: Հայաստանէն եկողը ինծի օգտակար չի կրնար ըլլալ. գաւառի համար Հայաստանէն եկողը պատարագ կ’ընէ կ’երթայ: Իսկ մեզի պէտք է մէկը, որ այդ ժողովուրդով զբաղի: Մինչեւ որ թեկնածու չըլլայ՝ այդ հարցին լուծումը չկայ»:
Սրբբազան Հօր կ’ուզենք յիշեցնել որ օրերը փոխուած են եւ արգելքները մեղմացած, հետեւաբար յատուկ արտօնութեամբ կարելի է հոգեւորական բերել ո’չ միայն Ս. Էջմիածնէն, ուր թերեւս կարելի չըլլայ թրքախօս հոգեւորական գտնել, այլեւ՝ Երուսաղէմէն եւ Անթիլիասէն, ուր կան թրքախօս, քրտախօս, ինչպէս նաեւ ասորախօս ընտանիքներու մէջ ծնած եկեղեցականներ: Ձեր տուած պատճառաբանութիւնները արդարացուցիչ չեն, այլ ընդհակառակը դատապարտելի են, երբ լուծումներ եւ միջոցներ կան ձեր առջեւ:
Քաջութեան եւ նուիրումի պակասը ձեզ մղած է նաեւ յայտարարելու, որ կրօնափոխները «մահմետական մնալը կը նախընտրեն փոխանակ հայ ըլլալու»: Եթէ կան այդպիսիներ, եւ մենք քաջ գիտենք որ կան ինչ ինչ պատճառներով, բայց կան նաեւ հազարաւորներ որոնք կը փափաքին վերադառնալ իրենց արմատներուն: Հողը պարարտ է, մշակներն են վախկոտ եւ անտարբեր:
Այնքան ատեն որ մեր քրտացած եւ թրքացած եղբայրները կը փափաքին վերադառնալ իրենց արմատներուն, մենք ազգովին պարտաւոր ենք գրկաբաց ընդունելու զիրենք: Թէկուզ չմկրտուին ներկայիս, գէթ հայերէն կը սորվին ճանչնալու համար իրենց պապենական մշակոյթի հարստութեան տարողութիւնը, եւ տէր կը կանգնին կիսաւեր եւ կիսաքանդ մեր կոթողական մշակութային արժէքներուն: Այս բոլորը իրականացնելու լաւագոյն եւ յարմարագոյն վայրը Ս. Կիրակոս Եկեղեցին է իր բոլոր առաւելութիւններով:
Տիգրանակերտի քաղաքական այժմու պայմանները ի նպաստ մեզի են, նամանաւանդ որ այդքան «բարեացակամ» վերաբերմունք ցոյց կու տայ քաղաքապետը եւ կոչ կ’ուղղէ հայութեան որ գան իրենց երբեմնի հայրենիքը եւ տէր կանգնին իրենց արդար իրաւունքներուն: Ինչպէ՞ս կրնանք անտարբեր մնալ նման կոչի մը, երբ մեծ ակնկալութեամբ մեզի անպայման կը սպասեն մեր քրտացած եւ թրքացած եղբայրներն ու քոյրերը:
Նոյնքան եւ առաւել եւս նման հարցի մը սատարելու պարտականութիւնը կ’իյնայ մեր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներուն, մեր բոլոր կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութեանց վրայ: Հայ Դատի մեծագոյն դաշտերէն մէկն է այսօր Տիգրանակերտը եւ ահրաժեշտօրէն համազգային գերագոյն ճիգերով պէտք է հասնինք հոն՝ ուր արեան կանչը մեզ կ’առաջնորդէ:
Չենք կրնար անտարբեր մնալ. անյապաղօրէն պէտք է ձեռք երկարել Պոլսոյ Պատրիարքութեան, երբեմնի արեւմտահայութեան մէջ իր կատարելիք հոգեւոր եւ կրթական անմիջական խոշոր կարիքներուն:
Վերջին եղբայրական թելադրութիւն մը եւս: Արամ Սրբազան, մի՛ ըսէք. « Մենք ոչ մէկ պահանջք չունինք Թուրքիոյ կառավարութենէն: Ատիկա Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործն է: Ես միայն իմ եկեղեցիներուս ձեռքէն առնուած կալուածները կը պահանջեմ եւ սա 1915 թուականի հետ կապ չունի»: Սա ինքնախաբէութենէն դուրս եկէք եւ ճշմարտութիւնները մի՛ խեղաթիւրէք: Մեզի ծանօթ են Պոլսոյ պատրիարքութեան դժուարութիւնները քաղաքական վերին մարմիններու հետ, բայց մի քողարկէք ճշմարտութիւնները:
Հայ ժողովուրդը միահամուռ մէկ դատ ունի: Մեր բոլորին դատերն ալ միաձուլուած են եւ խառնուած մեր պապերու արեան կանչին հետ եւ չկայ առանձին դատ. կայ ու կայ միայն ազգային մէկ դատ եւ այդ պահանջատիրութեան մէկ ձայնը Պոլսոյ պատրիարքութեան ձայնն է անկասկած, գլխաւորաբար Հայաստանի՝ որպէս պետութիւն, ապա նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին (որպէս պահանջատէրը Կիլիկիոյ հայութեան եւ աթոռապատկան նիւթական, հոգեւոր ու բարոյական կապտուած հարստութիւններուն), եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու ձայնին առընթեր:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
14 Մարտ 2014