0
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԻԹՈՎ

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն կ’իմանանք որ Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014ին տեղի ունեցած է Միաբանական Ընդհանուր Ժողով:

Այն ազատատենչ եւ ազատախոհ հայը որ բծախնդրութիւն ունի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորական սպասաւորներու նկատմամբ՝ չի՛ կրնար անտարբեր մնալ այն մակերեսային ծանծաղ մօտեցումներուն հանդէպ, զորս ցուցաբերեցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ժողովին մասնակցող աւագ սերունդի անդամները մասնաւորաբար:

Արդարեւ, աւելի մատչելի եւ հասկնալի դառնալու համար մեր յարգելի ընթերցողներուն, մանրամասն եւ մէկ առ մէկ կը վերլուծենք կատարուած կարեւոր յայտարարութիւններն ու արտայայտուած մտքերը: Վերլուծման առընթեր պիտի տանք նաեւ մեր գնահատումները,  ու կատարենք ախտաճանաչումներ, որովհետեւ յոգնած ենք այլեւս լօզունգներէ եւ շրթնային ծառայութիւններէ, որոնք ամբողջութեամբ զուրկ են եւ հեռու՝ բացարձակ ճշմարտութիւններէ եւ գործնական ըլլալէ:

Ողջոյնի իր խօսքի աւարտին, Արամ Կաթողիկոս հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Անհրաժեշտ է որ միաբանութիւնը հարստացնէ իր հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը սիրոյ եւ եղբայրական ոգիով եւ ծառայութեան գիտակցութեամբ»: Անմիջապէս որ այս տողերը կարդացի, աչքիս առջեւէն սկսան տողանցել այն միաբանները, որոնք իր հայրապետութեան օրով այս կամ այն շինծու եւ անարդար պատճառներով եւ պատճառաբանութիւններով հեռացուեցան միաբանական շարքերէն, իր մենատիրական կամքը պարտադրելով: Գիտակցելով այս տխուր ճշմարտութեան, արտասանուած «եղբայրական ոգին» թէեւ ներքին փոթորիկ մը յառաջացուց մէջս, բայց եւ այնպէս ծիծաղ մը եւս գծագրուեցաւ դէմքիս վրայ…: Ե՞րբ պիտի զանազանենք ինքնաքննութիւնը, ինքնաարժեւորումը ինքնախաբէութենէն:

«Վեահափառ Հայրապետի պատգամէն ետք, ժողովս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ սուրիահայութեան տագնապին եւ որդեգրեց համապատասխան բանաձեւեր» :

Արդարեւ՝ դժբախտ եւ ճշմարիտ իրականութիւն է որ ամբողջ Միջին Արեւելքի հայութիւնը կ’ապրի օրհասական օրեր, եւ համասփիւռ հայութիւնը ըստ կարելւոյն կը փորձէ հասնիլ կարօտեալներուն: Քաղաքական վերլուծումը կը թողում քաղաքագէտներուն, բայց ցաւալին հոն է՝ որ 20 տարիներու վրայ երկարող Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը բան մը չսորվեցուց մեզի, եւ տակաւին կառչած կը մնանք մեր փորձուած՝ այլ ձախողած սկզբունքներուն, եւ կը կրկնենք նոյն սխալը, որովհետեւ մեզի կը պակսին լուրջ, յստակ ծրագիրներ տարագիր հայութիւնը համախմբելու:

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը կը զօրակցի Սուրիահայութեան: Սակայն՝  խօսքէն անդին՝ գործնական զօրակցութի՛ւնն է կարեւոր: Պիտի ուզէի որ առաջին օրինակը ըլլային մեր եկեղեցականները, նամանաւանդ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ գործող, իրենց  միլիոններուն մէջ թաւալող  Թեմական Առաջնորդները, որոնք իրենց հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ թաղուած՝ սառնարիւն անտարբերութեամբ կը դիտեն հայրենիքի եւ Միջին Արեւելքի իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն դժբախտութիւնը: Ամերիկացին շատ հետաքրքրական իմաստալից  խօսք մը ունի.  «Put your money where your mouth is» Հայկական առածն ալ կ’ըսէ. «Խօսքով փիլաւ չ’եփիր», անհրաժեշտ է կարագ եւ բրինձ:

«Ապա կարդացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի տեղեկագիրը եւ կատարուեցաւ նոր անդամներու ընտրութիւնը»: Դառն փորձառութիւն ունինք տակաւին շատ մօտիկ անցեալէն. այս «պատկեր» անդամները ցոյց տուին մեզի իրենց ստրկամտութիւնը երբ խարդախութեամբ յայտարարեցին, որ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի հարցը քննարկելէ ետք յանգած էին մեզի ծանօթ եւ վերէն թելադրուած անարդար եզրակացութեան, որուն որպէս թէ ընթա՜ցք տալով՝ Արամ Կաթողիկոս առօք-փառօք ստորագրեց երիտասարդ ու սիրուած վարդապետը հոգեւոր ծառայութեան դաշտէն արտաքսելու որոշումը: Կրկնութիւններէ խուսափելու համար, պէտք կա՞յ աւելին ըսելու….:

«Երկրորդ նիստին, ժողովը քննարկեց Միաբանական Կանոնագրութեան վերջնական բնագիրը»: Վերջնական բնագիր կը նշանակէ որ ամէն ինչ քննարկուած եւ որոշուած է: Այնուհետեւ անհեթեթ է յայտարարել որ մինչեւ Ապրիլ ամսոյն վերջը միաբաններ ներկայացնեն իրենց առաջարկները Տնօրէն Ժողովին, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը պիտի հաստատէ զայն: Ծիծաղելի թուող այս երեւոյթը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ «փոշի ցանել» նորափետուր վարդապետներու աչքին: Առ նուազն վեց ամիսներ առաջ անհրաժեշտ էր միաբանութեան մասնակցութիւնը ներգրաւել իրենց առաջարկներով՝ նոր խմբագրուելիք կանոնագրութեան համար, կանոնագրութիւն մը որ պիտի ղեկավարէ իրենց միաբանական ներքին կեանքը:

Ժողովի յաջորդական վեց նիստերով, զեկոյց դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ:

Ա.- «Ի՞նչ պայմաններու մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հեռացաւ Սիսէն եւ Հաստատուեցաւ Անթիլիաս» (Դասախօս՝ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան): Այս օրերուն երբ նոր մարտահրաւէրներ ունի իր դիմաց պարսկահայ գաղութը, ի՞նչ այժմէականութիւն ունի թէ ինչպէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հաստատուած է Անթիլիասի մէջ: Սեպուհ Սրբազան, այդ բոլորը մանրամասնօրէն ներկայացուած են Բիւզանդ Եղիայեանի՝ ”Ժամանակակից Պատմութիւն  Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ. 1914-1972” գրքին մէջ, եւ ով որ կը փափաքի, կրնայ դիմել ատոր եւ կարդալ այդ բոլորը: Դուք պարտաւոր էիք ներկայացնել եւ խօսիլ այն մարտահրաւէրներու մասին զորս կը դիմագրաւէ պարսկահայ գաղութը եւ մասնաւորաբար անոր երիտասարդութիւնը, դէմ առ դէմ ըլլալով Միջին Արեւելեան պայթուցիկ վիճակին:  Պարսկաստան գրեթէ պարպուած է հայութենէն: Երբեմնի աշխոյժ այդ գաղութը նոր անակնկալներու առջեւ կրնայ գտնուիլ շուտով: Մտածած եւ ծրագրա՞ծ էք երբեք թէ ի՞նչ պիտի ընէք եւ կամ ո՞ւր պիտի առաջնորդէք մնացած հայութիւնը եթէ պատերազմի փողն հնչէ:  Քայլ պահեցէք ձեր ժողովուրդի կեանքին հետ:

Բ.- «Ցեղասպանութեան հետեւանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու կալուածական կորուստը» (Դասախօս՝ Բաբգէն Եպս. Չարեան): Նոյն եղբայրական խրատը Բաբգէն Եպիսկոպոսին: Խուսափելու համար կրկնութիւններէ – այդ բոլորը բազմիցս արձանագրուած են զանազան գրքերու եւ վաւերագրերու մէջ: Դուք պարտաւոր էիք ներկայացնել Պարսկաստանի ձեր թեմէն ներս ապրող հայութեան մարտահրաւէրները, երիտասարդութեան արտագաղթը դէպի Արեւմտեան աշխարհ, դէպի «ապահով» երկիրներ: Աւելի կարեւորութիւն տանք գալիք նոր մարդկային, մշակութային եւ հոգեւոր կորուստներուն՝ առանց մոռնալու անցեալը:

Գ.- «Անթիլիասի մէջ Կաթողիկոսութեան հաստատման առաջին տասնամեակը- Կալուածի գնում, դպրեվանքի եւ մատենադարանի հաստատում, Նահատակաց մատուռի եւ Մայր Տաճարի շինութիւն» (Դասախօս՝ Գրիգոր Ծ, Վրդ. Չիֆթճեան): Կրկնութիւններ եւ կրկնութիւններ: Հայր Գրիգոր՝ դուք որ յաճախ թուղթին կը յանձնէք ձեր մտահոգութիւնները ”Ասպարէզ” թերթի ճամբով, «Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ» խորագրով, ցոյց տալու համար որ մտահոգուած էք ներկայ երիտասարդութեան ընթացքով, որքա՞ն այժմէական է կը կարծէք ձեր ներկայացուցած՝ բազում գրքերու մէջ արձանագրուած պատմագրութիւնները, որուն խորապէս ծանօթ էին ձեր ունկնդիրները: Ո՜հ ինչ ժամանակի կորուստ…

Դ.- «Զարեհ Կաթողիկոսի ընտրութիւն եւ տագնապալից շրջան մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս» (Դասախօս՝ Կորիւն Արք. Պապեան): Կորիւն Սրբազան, Մեր Եկեղեցւոյ կեանքը նոյնքան տագնապալից է այսօր եւ բան մը չենք սորված մեր անցեալի սխալներէն: Անիմաստ է վերարծարծել անցեալի տխուր տագնապալից օրերը, երբ չենք փորձեր առ նուազն չկրկնել զանոնք եւ չենք ուզեր դաս քաղել մեր մօտիկ անցեալի դառն փորձառութենէն:

Ե.- «Երկու Կաթողիկոսութիւններուն միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ» (Դասախօս՝ Նարեկ Արք. Ալեմէզեան): Մեղքս ի՞նչ պահեմ. ծիծաղս չկրցայ զսպել երբ այս տողերը կարդացի: Նարեկ Սրբազան, դուք կը հաւատա՞ք ձեր ըսածներուն, թէ՝ ժողովուրդը յիմարի տեղ դրած էք: Ի՞նչ գործակցութեան մասին կը խօսիք, բացի այն միացեալ պաշտօնական յայտարարութիւններէն: Քաջութիւնը ունեցէք ձեր բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու հետամուտ եղէք: Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են, որ եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել անոնց մասին:  Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց  միջեւ, իրողութիւն մը որուն   կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:

Զ.- «Հայ Եկեղեցին բարեկարգութեան սեմին. Եպիսկոպոսաց Ժողով, մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ» (Դասախօս՝ Օշական Արք. Չօլոյեան):Ազգովին տեսանք, լսեցինք եւ կարդացինք Եպիսկոպոսական Ժողովի «յաջողութիւններու» մասին:  Հանգուցեալ Արսէն Արք. Պէրպէրեանի արտայայտած մէկ նշմարը այս պահուս կը վերյիշեմ. « Ոսկան ջան, լեռը ծնաւ մի մուկ: Այս բոլորի մէջ մէկ բան յաջող անցաւ – նկարուեցանք իրարու հետ»: Ասկէ աւելի ողբերգական եւ զաւեշտական արտայայտութիւն չէր կարելի ըլլալ: Օշական Սրբազան, ի՜նչ բարեկարգութիւն եւ ի՜նչ մարտահրաւէրներ. պարզապէս ժամանակի կորուստ: Մոռցա՞ք արդեօք որ անցեալ տարուան Եպիսկոպոսական Ժողովի վերջաւորութենէն մէկ-երկու  օր առաջ Արամ Վեհափառը ժողովականներէն  խնդրեց որ առաջարկներ բերեն յաջորդ օրը, որովհետեւ իրենք (երկու կաթողիկոսները) յստակ առաջարկներ չունէին ներկայացնելու…:

Դարերէ ի վեր կը խօսուի բարեկարգութեան մասին, եւ բազմաթիւ յօդուածներ եւ առաջարկներ գրուած են այդ մասին նուիրեալ եկեղեցականներու եւ բանիմաց աշխարհականներու կողմէ, եւ սակայն՝ ձայն բարբառոյ յանապատի, գործնական ո’չ մէկ քայլ:  Այսօրուան եկեղեցականութեան կը պակսի նուիրումի անսակարկ ոգին: Հոգեւոր տեսիլքներու բացակայութիւնը զիրենք առաջնորդած է ընչաքաղցութեան եւ մամոնայի պաշտամունքին: Եկեղեցւոյ թափուր նստարանները չեն մտահոգեր հոգեւորականութիւնը, որ իր պաշտօնը կը կատարէ որպէս առեւտրական գրասենեակային պաշտօնեայ եւ ո’չ որպէս կոչեցեալ եւ յորովայնէ ընտրեալ:

Ի՞նչ առաջարկեցիք անցեալ Եպիսկոպոսական Ժողովին, որ այսօր կը խօսիք նոր մարտահրաւէրներու եւ առաջնահերթութիւններու մասին: Ինքնագիտակցութիւնը մարդկային կեանքի մեծագոյն առաքինութիւններէն մէկն է, բայց ո’չ ինքնախաբէութիւնը:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

14 Ապրիլ 2014

0

Write a Comment