Արդէն անցած են տաս ամիսներ այն դժբախտ եւ բարոյապէս հեղձուցիչ օրերէն որոնց դէմ յանդիման եկաւ ամբողջ Ֆրանսահայ գաղութը, իր Թեմի առաջին Առաջնորդին՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի անակնկալ հրաժարականով:
Փետրուար 15, 2014-ին տեղի ունենալիք առաջնորդական ընտրութիւնները յետաձգուեցան զանազան պատճառներով, հակառակ այն իրողութեան որ երեք թեկնածուներու եռանուն ցանկը (Վիգէն Արք. Այգազեան, Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան եւ Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեան) վաւերացուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ:
Առաջին հայեացքէն, ընթերցողի մտքին մէջ անմիջապէս հարց կը ծագի թէ ինչպէ՞ս տարիներու «փորձառութիւն» ունեցող արքեպիսկոպոսի մը (Վիգէն Սրբ.) մրցակից կը դառնան երկու նորափետուր անփորձ հոգեւորականներ, որոնցմէ մէկն ալ… աբեղայ: Անտարակոյս, երեւոյթը մեզի մտածել կու տայ որ եղածը պարզապէս բեմադրութիւն է, եւ հետեւաբար կրնանք բացայայտօրէն եզրակացնել եւ յայտարարել, որ Վիգէն Արք. Այգազեանն էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի իսկական թեկնածուն, միւս անուններն ալ եկած էին լեցնելու «պարապ» մը:
Դժբախտաբար պատահեցաւ անխուսափելին: Վիգէն Արք. Այգազեան հրաժարեցաւ թեկնածութենէ եւ խանգարեց ամբողջ ընտրական գործընթացը, եթէ անշուշտ կարելի է կոչել «ընտրական գործընթաց», որովհետեւ ամէն ինչ կը որոշէ եւ կը տնօրինէ Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս որ տեսանք իր գահակալութեան առաջին օրերէն:
Յիշեցնենք մեր ընթերցողներուն որ նման թեմական կանոնագրութիւն մը գոյութիւն չունի երբեք, ուր կ’ըսուի թէ երբ թեկնածուներէն մէկը հրաժարի, անհրաժեշտ է գործընթացը վերսկսիլ: Պարզ հայերէնով կը նշանակէ՝ որ Վեհափառին թեկնածուն հրաժարեցաւ, հետեւաբար այս գործը պէտք է խափանուի ցնոր տնօրինութիւն եւ կամ մինչեւ որ Վեհափառը իր ուզած թեկնածուն Ֆրանսահայ գաղութին կոկորդէն հեզասահ վար իջեցնէ…:
Անշուշտ անհրաժեշտ չենք տեսներ որ Ֆրանսահայ Թեմական Խորհուրդը պարտաւոր զգայ հանրութեան բացատրութիւններ տալու, որովհետեւ Հայց. Եկեղեցին այլեւս դադրած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքի մէկ անբաժան մասնիկը ըլլալէ, եւ հետեւաբար սահմանադրական ու ժողովրդավարական սկզբունքներու յարելէ, որովհետեւ մենատիրական եւ շահադիտական ախորժակներու դիմաց՝ Սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կանոնագրութիւններ կը խոչընդոտեն վերին իշխանութեանց անկաշկանդ, սանձարձակ ախորժակները:
Լաւ հասկնալու եւ ըմբռնելու համար ընդհանուր կացութիւնը, անհրաժեշտ կը նկատենք նախ վերլուծել թէ ինչո՞ւ հրաժարեցաւ Վիգէն Արք. Այգազեան ( Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Թեմական Պատուիրակ ի Ուաշինկթոն), շատերու այնքա՜ն երազած Թեմական Աթոռի թեկնածութենէն:
Այստեղ մէջբերենք նոյն ինքն Վիգէն Արք. Այգազեանի կողմէ արտայայտուած միտքն ու պատճառները. «Ինծի համար անսպասելի էր եւ նոյնիսկ մտքովս չէր անցնէր: Իմ բարեկամներս առաջարկեցին եւ զիս մղեցին մտածելու թեկնածութեանս մասին: Երկար մտածեցի, եւ նժարի վրայ դրի թէ’ ժխտական եւ թէ’ դրական կողմերը: Երկար մտածելէ ետք պատասխանեցի: Դժուարութիւններու լոյսի տակ փորձեցի հաւանական լուծումներու մասին հեռանկարներ ձեւաւորել մտքիս մէջ: Վերջին հաշուով չկրցայ անտարբեր մնալ, քանի որ գիտեմ որ Թեմը այստեղ դժուար կացութեան մէջ է: Կացութիւնը կշռադատեցի թէ’ իբրեւ մարդ եւ թէ’ իբրեւ հոգեւորական: Այս բոլորը հաշուեկշռելով՝ որոշեցի յետս կոչել թեկնածութիւնս»:
»Ինծի համար անսպասելի էր եւ նոյնիսկ մտքովս չէր անցնէր» արտայայտութիւնը քիչ մը մեզի անակնկալի առջեւ կը դնէ եւ նաեւ շփոթութեան կը մատնէ: Արդէն «վերէն» ապսպրուած եւ պատրաստուած էր ենթահողը, հետեւաբար անակնկալ չէր կրնար ըլլալ որեւէ նման կոչ կամ երեւոյթ: Արդեօ՞ք պէտք էր որ բարեկամներ առաջարկէին իր թեկնածութիւնը, թէ ի՛նք որպէս կոչեցեալ եւ նուիրեալ, պարտաւոր էր ծառայելու իր ազգին եւ եկեղեցիին:
«Դժուարութիւններու լոյսի տակ փորձեցի հաւանական լուծումներու մասին հեռանկարներ ձեւաւորել մտքիս մէջ:» Արդեօք՞…: Թէ՝ չփափաքեցաւ Ուաշինկթոնի իր հանգիստը խանգարել, ուր թեմական ո’չ մէկ գլխացաւանք ունի եւ ո’չ ալ պարտաւորութիւն: Մէկ խօսքով ազատ, անկախ, հանգիստ կեանք: Ինչո՞ւ գալ եւ ողջ գլուխը Աւետարանի տակ դնել, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ:
«Վերջին հաշուով չկրցայ անտարբեր մնալ, քանի որ գիտեմ որ Թեմը այստեղ դժուար կացութեան մէջ է:» Եթէ իսկապէս այդ գիտակցութիւնը ունէր, հապա ինչո՞ւ հրաժարեցաւ, նամանաւանդ յստակ գիտէր որ ի՛նքն էր Ամենայն Հայոց Հայրապետի թեկնածուն եւ միւս թեկնածուները ոչինչով կրնային խոչնդոտել իր ընտրութիւնը — բեմադրութիւնը պատրաստուած էր, հողն ալ պարարտ…:
Շատ պարզ է եզրակացութիւնը. մտքին մէջ յստակ էր Թեմի կացութիւնը եւ շատ հանգիստ ալ կրնար անտարբեր մնալ, հակառակ իր արտայայտութեան: Ի վերջոյ՝ ինչո՞ւ թողուլ Ուաշինկթոնի ազատ պայմանները եւ գալ իր քրտինքը խառնելու եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար: Յանուն ինչի՞…:
Ա՜հ որքան հակասական են իր արտայայտած մտքերը Փետրուար 14, 2014 թուականին, «Նոր Յառաջ» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ: «Իմ կարծիքով՝ բարձրաստիճան իւրաքանչիւր հոգեւորական պէտք է մտահոգ ըլլայ երկիրով մը, ուր եկեղեցական տագնապ գոյութիւն ունի:» Եթէ իր ըսածին կը հաւատայ Վիգէն Սրբազան, եւ իսկապէս մտահոգ էր Ֆրանսահայ գաղութով, հապա ինչո՞ւ որոշեց հրաժարիլ: Հետեւաբար՝ հարազատ եւ անկեղծ չեն իր արտայայտութիւնները:
«Մեր մօտ գոյութիւն չունի ԿՂԵՐԱՊԵՏԱԿԱՆ հասկացողութիւնը, միշտ ալ եկեղեցականն ու աշխարհականը միասնաբար գործակցած են:» Տէ՜ր ողորմեա՜… Հապա ի՞նչ են բոլոր այն տագնապները որ ստեղծուեցան վերջին տասնամեակին՝ Ժընեւի, Նիսի, Մոսկուայի, Լոնտոնի, Մոնթրէալի, Սոֆիայի, Կալկաթայի մէջ, եւ դեռ՝ գալիքներէն զատ: Այս բոլորը արդիւնք չէի՞ն մենատիրական, կղերապետական ախորժակներու: Դուք կը հաւատա՞ք ձեր ըսածին, Վիգէն Սրբազա՛ն, թէ շրթունքի ծառայութիւն է որ կ’ընէք եւ խնկարկում Ամենայն Հայոց Հայրապետին:
«Ֆրանսայի Թեմի կանոնագրութիւնը անցաւ Եպիսկոպոսական Ժողովէն եւ թեմակալ ներկայացուցիչներն ու առաջնորդները անոր ի նպաստ քուէարկեցին եւ որուն ենթակայ են աշխարհի բոլոր թեմերը: Հետեւաբար այս հարցէն դուրս կը մնայ Կաթողիկոսը»: Ինպէ՞ս համարձակիլ եւ ըսել որ այս հարցէն դուրս կը մնայ Կաթողիկոսը: Չէ՞ք կարծեր որ մեղանչում մըն է կատարուածը: Ամենայն Հայոց Հայրապետը բազմիցս յայտարարած է, որ ի’նք պիտի որոշէ թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Թեմի մը առաջնորդը: Այլ խօսքով՝ Վեհափառը մեզի կը հասկցնէ որ, թեմական կանոնագրութիւնները ո’չ մէկ նշանակութիւն ունին իրեն համար, եւ վե՛րջ: Աւելորդ է այլեւս խօսիլ ժողովրդային մասնակցութեան եւ ընտրութեան իրաւունքներու մասին: Եկեղեցին դարձած է մենատիրական, անիշխանական կղերապետութիւն:
Վիգէն Սրբազան հակասական իր արտայայտութիւններուն մէջ կը փորձէ խուսափիլ իրեն ուղղուած հարցումներէն, եւ Նիսի դժբախտ պարագան,–որ այլեւս ծանօթ է ամբողջ սփիւռքահայութեան, եւ որուն տխրահռչակ հովիւին՝ Վաչէ քահանային «պատիւը» պաշտպանած չըլլալուն համար Նորվան Արք. Զաքարեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ հրապարակաւ պախարակուած էր Փարիզի Օրլիի Օդակայանին մէջ,– կը որակէ «հիւանդ գաղութ»: Եւ որովհետեւ ինք չէ տեսած «հիւանդը», հետեւաբար բուժումներ չի՜ կրնար առաջարկել…: Նման անձնաւորութիւն մը անկասկած որ օգտակար պիտի չկրնար ըլլալ Ֆրանսահայ տագնապող գաղութին, բայց անկասկած օգտակար պիտի կարենար ըլլալ Ամենայն Հայոց Հայրապետին թաքուն ծրագիրները իրագործելու…: Մնացեալ վերլուծումներն ու եզրակացութիւնները կը թողում ընթերցողներուն:
Իսկ ամենազարհուրելին այն իրողութիւնն է երբ «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիրը Վիգէն Սրբազանին կը հարցնէ թէ ինք տեղեա՞կ է արդեօք որ նոր ծխական ընկերակցութիւն մը կեանքի կոչուած է Նիսի մէջ, եւ թէ նախկին՝ մօտաւորապէս ութսուն տարիներ առաջ օծեալ ու տակաւին գործող Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ կաթողիկոսական հրահանգով, 26 Յունուար 2012 թուակիր Գերագոյն Հոգեւոր Ժողովի որոշումով, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կոչումէն զրկուա՜ծ եւ հետեւաբար Հայց. Եկեղեցւոյ անդամակցութենէն «հեռացուած» է,– Այգազեան Սրբազանի խուսափողական պատասխանը կ’ըլլայ՝ «պէտք է մօտէ՜ն քննել նիւթը» …:
Ահաւասիկ թեկնածու մը որ շատ յաճախ խօսած է Նորվան Սրբազանին հետ, ինչպէս ինք կը վկայէ, յանկարծ կը դառնայ անգիտակ ճշմարիտ իրողութեանց եւ կը խուսափի քաջաբար պատասխանելէ: Փոխանակ կարկտան մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու, Վիգէն Սրբազան քաջաբար պէտք էր յայտարարէր.– Աննախադէպ տխրահռչակ երեւոյթ մըն է ասիկա մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ. ինչպէ՞ս կարելի է օծեալ եկեղեցի մը ՈՉ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ նկատել, որուն խորանին վրայ պատարագուած է ինքը Քրիստոս: Այն ատեն միայն կրնար հերոսանալ որպէս պարկեշտ եւ գիտակից եկեղեցական:
«Նոր Յառաջ»ի խմբագրութիւնը հաւանաբար առիթը չունեցաւ միւս երկու թիկնածուներուն հետ հարցազրոյց կատարելու, բայց մենք հարկ կը նկատենք հանրութեան ծանօթացնելու միւս երկու հոգեւորականներն ալ, որոնք, ինչպէս վերեւ յայտարարած էինք, եկած էին լեցնելու «պարապ» մը եւ ուրիշ ոչինչ:
Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան.- Նախկին Հոգեւոր Հովիւ Մարսէյի ու այսօր՝ հովիւ եւ հայրապետական նուիրակ Պրիւքսէլի: Իր մասին տեղեկութիւններ կը քաղենք իր ներկայի եւ անցեալի գործակիցներէն: Մեզի փոխանցուած ստոյգ տեղեկութիւններէն կ’եզրակացնենք որ Զատիկ Վարդապետ ո’չ հովուական եւ ո’չ ալ վարչական կարողութիւններու տէր անձնաւորութիւն մըն է: Երկու հովուական վայրերու մէջ ցոյց տուած է անհանդուրժողութիւն եւ իր «դաստիարակութեան» համաձայն փորձած է անտեսել կանոնական սկզբունքները եւ ստեղծել եկեղեցական բռնատիրական համակարգ: Ասկէ աւելին հարկ չենք նկատեր մանրամասնել:
Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեան.- շատ բան կարելի է գրել այս «հերոս»ի մասին, որ վաղուց պէտք էր փիլոնազուրկ ըլլար իր կատարած սրբապղծութեան համար: Դէպք մը որ ո’չ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կրնայ ունենալ: Որպէսզի մեր ընթերցողները ըլլան արդար դատաւորը, կը խնդրենք որ դիտեն YOU TUBEի վրայ արձանագրուած տեսաերիզը,( http://www.youtube.com/watch?
Ահաւասիկ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի բառերով, «բիզնէս» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցական մը թեկնածու կը նշանակուի Ֆրանսահայ Թեմին: Վա՜յ քեզ քաղաք որ թագաւորդ մանուկ է…: Ի՛նչ օրերու մնացիր, Հա՛յ Ժողովուրդ:
Շա՜տ ափսոս… ի՜նչ երազներ հիւսեցինք Հայրենիքի նորանկախ Հանրապետութեան վերահաստատումով եւ անոր անբաժան մասը կազմող Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր արժէքներու, եղբայրական մթնոլորտի եւ հոգեւոր եւ հասարակական ծառայութեանց ակնկալուած նոր ակիւնադարձին առջեւ: Դժբախտաբար անոնք մնացին երա՜զ…….. խաբկանքի սահմաններուն մէջ:
Այսօր խրամատը աւելի խորացած է հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Հայց. Եկեղեցին որ միջնաբերդն է հայու հաւատքին եւ գոյութեան, որ պիտի դառնար պողպատեայ անխորտակելի միացնող կամուրջը հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան, դարձաւ երկպառակութեան եւ ապականութեան խորհրդանիշ:
Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին յատուկ եւ կարեւոր դեր մը վերապահած է եկեղեցւոյ իշխանութեան, ո’չ որպէս միահեծան բռնակալ իշխանութիւն, այլ՝ բարոյական հեղինակութիւն, թափանցիկ եւ համարատու իր ժողովուրդին: Լռութիւնը բացարձակապէս ներելի եւ օգտակար չէ այս պարագային:
Թեմական հարցերու դժուարութիւններն ու կարգադրութիւնները միայն եկեղեցական խնդիրներ չեն: Սահմանադրական կանոնագրութիւնները պէտք է յարգուին իւրանքանչիւր Թեմէ ներս: Թեմական մարմիններ, որոնք ընտրուած են իրենց ժողովուրդին կողմէ, պարտին որոշել այդ Թեմէն ներս կատարուելիք կրօնական-հասարակական աշխատանքները ըստ տուեալ կանոնագրութեան, եւ Առաջնորդ ու Կաթողիկոս պարտին յարգել այդ Թեմի կանոնագրութեան տրամադրութիւնները, առանց մերժելու ժողովրդավարական կարգն ու կանոնը:
Համահայկական պատմութեան ներկայ հանգրուանին, երբ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնինք, պարտաւոր ենք խուսափիլ նոր պառակտումներէ, որոնք կրնան եւ պիտի խախտեն մեր ժողովրդավարական կանոնագրութեան հիմերը: Թեմերը աւատապետական կալուածներ չեն եւ չեն ալ կրնար ըլլալ: Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային ներկայացուցչական նկարագիրը պարտաւոր ենք մշակել, զարգացնել եւ արժեւորել, առանց անոր տալու կղերապետական-մենատիրական հանգամանք, թէկուզ նման ախորժակներ ունեցող ղեկավարներ շատ են այս օրերուն:
Ներկայիս սփիւռքեան պայմաններու մէջ, բոլորիս ալ ծանօթ է որ եկեղեցին համախմբելու մեծ կարողութիւն ունի: Հետեւաբար՝ պարտաւոր ենք ստեղծել եկեղեցիներու շուրջ ներգործօն ազգային կեանք ժողովրդային մասնակցութեամբ: Այսօրուան ղեկավարութիւնը կը յաջողի ա՛յն ատեն, երբ կը յաջողի համախմբել ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ հոգեւոր- ընկերային կեանքին մէջ, հիմնուած միայն ու միայն ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ, հեռու վանելով մենատիրական ախորժակները:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
3 Մայիս, 2014