Ինչպէ՞ս կարելի է օծեալ եկեղեցի մը ՈՉ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ նկատել, որուն խորանին վրայ պատարագուած է ինքը Քրիստոս:
Ի ձեռին ունինք Ֆրանսական Դատարանի պաշտօնական յայտարարութիւնը, որուն անմիջապէս կը կցենք հայերէն թարգմանութիւնը.- (Vu les conclusions récapitulatives du Diocèse, notifiés par voi de RPVA le 21 mai 2014, par lesquelles il est demandé au tribunal de débouter l’association culturelle des Arméniens de Nice et de ses environs (Paroisse Nice Côte d’Azur) de l’ensemble de ses prétentions; de dire qu’elle n’est pas en droit de prétender appartenir à L’Ėglise Apostolique Arménienne ni de célébrer le culte de L’Ėglise Apostolique Arménienne; d’interdire à ladite association de prétender appartenir à ce culte et de le célébrer à compter de la signification de la décision à intervenir et à retirer toute mention dans son appellation ou ses activités pouvant faire croire à son appartenance à la Sainte Église Apostolique Arménienne, sous astreinte de 500 € par jour de retard; de la condemner à lui payer la somme de 4500 € en application de l’article 700 du CPC, le tout avec exécution provisiore).
«Առաջնորդարանի կեցուածքները արտայայտող որոշումներով, փոխանցուած RPVA -ի կողմէ 21 Մայիս 2014-ին, կը պահանջուի դատարանէն՝ մերժել Նիսի Հայ Կրօնական Ընկերակցութիւնը եւ անոր գործունէութիւնը Գօթ տ’Ազիւրի ծխական շրջաններուն մէջ. ըսել՝ թէ անիկա իրաւունքը չունի յաւակնելու, թէ անդամ է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, ո’չ ալ կատարէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտամունքը. արգիլել յիշեալ ընկերակցութեան, որ ինքզինք ճանչնայ որպէս մաս այդ ծէսին, եւ չկատարէ զայն սկսեալ յայտարարուած թուականէն, ու ձեռնարկէ ետ քաշել ամէն նշում՝ որ կրնայ պատճառ ըլլալ կարծելու, թէ ինք անդամ է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ: Այլապէս՝ կ’ենթարկուի 500 Եւրօ տուգանքի՝ իւրաքանչիւր օրուան ուշացման պարագային, եւ վճռել որ ան 4500 Եւրօ վճարէ իրեն՝ ըստ CPC-ի յօդուած 700-ին: Այս ամբողջը՝ առժամեայ գործադրութեան համար»:
Ահաւասիկ տխրահռչակ դատարանական որոշում մը, որ ամբողջութեամբ կը հակասէ Ֆրանսական օրէնքի հասկացողութեան սկզբունքներուն՝ ուր Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ բաժանումը շատ յստակ է: Հակառակ այս իրաւաբանական ճշմարտութեան, դատարանը իր վճիռը արձակած է, որովհետեւ Փարիզի Առաջնորդարանն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը, այս վերջինին պարտադրութեամբ եւ պետական լծակներու գործակցութեամբ, յաջողցուցին իր տեսակին մէջ եզակի ազգային ողբերգութիւն մը….:
Հայաստանեան մամուլի «Առաջին Լրատվական»ի մէջ երեւցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեան այսպէս կ’արտայայտուի. «դեռ մէկ տարի առաջ, երբ Սուրբ Ծննդեան պատարագը կաթոլիկ եկեղեցում արեցի, որպէսզի առճակատումից խուսափեմ (իրենք շատ անգամ գալիս էին եկեղեցի սադրանքներ անելու, որ կռիւ հրահրեն), պատարագ արեցի ուրիշ տեղ: Մէկ երկու շաբաթ անց եկեղեցու փականը փոխեցին, եւ իրենց կողմից հրաւիրեցին կարգալոյծ եկեղեցականի, որը ոչ մի եկեղեցական կարգուկանոն չի յարգում, եթէ յարգի եկեղեցու կարգուկանոնը, Մոսկուայից չէր գայ Ֆրանսիա»:
Նախ խօսինք Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեանի մասին, որ ընտրելիներու եռանուն ցանկին վրայ է Ֆրանսայի առաջնորդական յաջորդ ընտրութեան, այս տարուան Նոյեմբեր ամսուն: Ասկէ առաջ առիթով մը իր մասին գրած էինք, կ’արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այս «հերոս»ի մասին, որ վաղուց պէտք էր փիլոնազուրկ ըլլար իր կատարած սրբապղծութեան համար: Դէպք մը որ ո’չ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կրնայ ունենալ: Որպէսզի մեր ընթերցողները ըլլան արդար դատաւորը, կը խնդրենք որ անգամ մը եւս դիտեն YOU TUBE-ի վրայ արձանագրուած տեսաերիզը, (http://www.youtube.com/watch?
Այս «հերոս» Աբեղան հիմա դաս կու տայ մեզի կարգ ու կանոնի մասին: Նախ պէտք է թելադրենք իրեն որ «պատարագ արեցի» չեն ըսեր այլ պատարագ մատուցի: Այնպէս կ’երեւի որ կրօնական դաստիարակութեան պակաս մը կայ այստեղ: Կարգ ու կանոնի մասին խօսողը նախ ինք պէտք է յարգէ օրէնքը ու ապա իր վերլուծումները կատարէ պարկեշտութեամբ առանց ցեխ արձակելու ուրիշներու հասցէին: Ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ճոն Քէնըտի Նախագահը անգամ մը յայտարարած էր. «երբ ապակիէ տան մէջ կը բնակիս, ուրիշին պատուհանին քար չես նետեր»:
Այս պարագային կ’ենթադրենք որ խօսքը հասցէագրուած է Տիրան Արք. Կիւրեղեանին, որուն անձնապէս տակաւին ճանչնալու առիթը չենք ունեցած, բայց լսած ենք իր փայլուն ծառայութեան մասին ընդհանրապէս հայ եւ օտար մամուլէն:
Ռուսաստանի Թեմի նախկին առաջնորդին հրաժարեցման, կարգալոյծ հռչակման եւ նոր առաջնորդի նշանակման հարցը ծնունդ տուած էր անհեռատես տագնապի մը (որ տակաւին կը շարունակուի), որ երբեք կեանքի պիտի չկոչուէր, եթէ Ամենայն Հայոց Հայրապետը կարգ ու կանոնը յարգէր, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի առջեւ ինքնապաշտպանութեան առիթը ընծայէր մեղադրեալին, ու ապա, հարցը ներկայացնէր նոյնպէս Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին, եւ եթէ մեղադրեալը իր ինքնապաշտպանութեան առընթեր, իր ապաշխարանքի շրջանը անցնելէ ետք, տակաւին մնար իր խոտոր ընթացքին մէջ, այն ատեն արդար կ’ըլլար որոշումը:
1995-Նախագիծ կանոնագրութեան Յօդուած 6-ի տակ յստակօրէն արձանագրուած են հետեւեալ տողերը. «Առաջնորդի մը դէմ բարոյական ծանրակշիռ մեղադրանքներու պարագային՝ հարցը Եպիսկոպոսաց Համաժողովի քննարկման ներկայացնել եւ համաժողովի վճիռը գործադրել»: Յօդուած 74 « Միայն Եպիսկոպոսաց Համաժողովը իրաւասու է կախակայել եւ ապա կարգալոյծ ընել եպիսկոպոս մը յետ պատճառաբանեալ եւ արդարացի քննարկութեան եւ ենթակային տրուած պաշտպանողական առիթին: Համաժողովի վճիռը կ’արձակուի երկու-երրորդի քուէով եւ կը հաստատուի Վեհափառ Հայրապետին կամ Տեղակալին կողմէ»: Այս բոլորը չկատարուեցան դժբախտաբար, եւ պարզ հեռախօսազանգով մը, Մոնթրէալէն մինչեւ Մոսկուա, Տիրան Արք. Կիւրեղեան կարգալոյծ հռչակուեցաւ: Ու՞ր կերթաս Հայ Եկեղեցի….
Հիմա հարց տանք մեր «հոգեշնորհ» Աբեղային, յարգուեցա՞ն մեր կանոնագրութեան տրամադրութիւնները որ դուք «կարգ ու կանոն չի յարգում» ըսելով հրապարակ իջած էք: Կարելի՞ է երեւակայել նման իրողութիւն մը: Այս բոլորը կատարուեցան, որովհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ինքզինք կը նկատէ օրէնքէ վեր, եւ հետեւաբար կրնայ իր կամքը պարտադրել ուր որ կ’ուզէ: Եւ այս բոլոր անիրաւութիւններէն ետք, ակնկալել որ յոյլ մը կարգալոյծ հռչակուած եկեղեցականներ, որոնք ուխտած էին ծառայել Աստուծոյ եւ ժողովուրդին, լուռ ու մունջ հեռանան եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դաշտէն, թողնելով զայն «բիզնէս» հոգեբանութեամբ սնած եկեղեցականներու:
«Դատական գործընթաց կոչուածը ինքնին ինձ համար խորթ է, եւ մեծապէս ցաւում եմ, որ Նիսի համայնքից ներս տիրող ճգնաժամը յաղթահարելու համար միայն այս միջոցն էր մնացել» կ’ըսէ Գրիգոր Աբեղան: Արդեօք որքա՞ն պիտի ցաւէր բոլոր անոնց համար որոնք առանց ինքնապաշտպանութեան առիթը ունենալու, ապօրինաբար հեռացուած են Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, երբ ուրիշներ՝ հակառակ պաշտօնական եւ պետական քրէական յանցանքներու, տակաւին կը մնան Եկեղեցւոյ ծառայութեան անդաստանին մէջ, որպէս «տիպար» եկեղեցականներ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի տիրէ այս քմահաճ կղերապետութիւնը:
Վերադառնանք դատարանի վճիռին: Նախ յստակացնենք մէկ իրողութիւն. ընդհանրապէս տիրող սովորութիւն է որ իւրանքանչիւր Եկեղեցի իր ազգագրական (ethnographical) անունը կը ստանայ իր վարդապետական յորջորջումներէն (doctrinal denomination) մէկուն միջոցաւ.- առաջին՝ երկրին կամ ազգութեան, եւ երկրորդ՝ վարդապետական այն սկզբունքներէն որոնց կը հետեւի ան (օրինակ. Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցի, Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցի, Անկլիքան Եպիսկոպոսական Եկեղեցի):
Հայ Ժողովուրդը դարերու ընթացքին գործածած է տարբեր անուններ իր Եկեղեցւոյ համար. «Հայ Եկեղեցի» «Հայաստանեայց կամ Հայոց Եկեղեցի»: Ռուսական Ցարական տիրապետութեան օրով էր որ անհրաժեշտութիւն ստեղծուեցաւ, աւելի ճիշդ պարտադրուեցաւ որ Հայ Եկեղեցին առաւել եւս յստակացնէ իր ազգագրական անունը: Ահաւասիկ այս շրջանին էր որ «Լուսաւորչական» եզրը հրապարակ եկաւ որ թարգմանուեցաւ Գրիգորեան-ի, վերագրելով զայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի: Ահաւասիկ այս անուանումը կը տեսնենք 1836-ի Ռուսական «Պոլոժէնեայ»ի մէջ:
Բարեբախտաբար՝ Եկեղեցւոյ այս նոր ազգագրական անունը հաճելի չթուեցաւ հայ ժողովուրդին, որովհետեւ այդ անունը կու տար այն տպաւորութիւնը որ Հայ Եկեղեցին հիմնուած է չորրորդ դարուն եւ ո’չ թէ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս Առաքեալներու ձեռամբ, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան: Ժամանակի ընթացքին կատարուեցան նաեւ այլ առաջարկներ՝ կոչել հայ Եկեղեցին «Ուղղափառ Հայոց Եկեղեցի»:
Հայ Եկեղեցին ինքզինք կ’անուանէ նաեւ «Առաքելական» Եկեղեցի, որովհետեւ հիմնուած է, ինչպէս յիշատակեցինք վերեւ, Թադէոս եւ Բարթողիմէոս Առաքեալներուն կողմէ: Այս մակդիրը հասարակաց կերպով կը վերաբերի նա՛եւ բոլոր այն քրիստոնեայ քոյր Եկեղեցիներուն՝ որոնք կը դաւանին թէ իրենց եկեղեցին հիմնուած է առաքեալի մը կամ առաքեալներու ձեռամբ: Ասկէ կը հետեւի, որ Հայց. Եկեղեցին,—իր բովանակ նուիրապետական եւ առաջնորդական աթոռներով միատեղ,–իրաւունք չունի՛ եւ չի’ կրնար «Առաքելական» կոչումը բացառապէս ինզինքին վերապահել, եւ ո՛չ ալ իրաւունք ունի յայտարարելու՝ թէ որեւէ հայ եկեղեցական համայնք,–այս պարագային Նիսի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին,–այսուհետեւ Առաքելական չէ, եւ արգիլելու՝ որ տուեալ եկեղեցին/համայնքը Առաքելական անուանէ ինքզինք, այնքան ատեն՝ որ անոր անդամները ծնած են մէկ եւ նոյն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն, եւ այնքան ատեն՝ որ տուեալ եկեղեցին օրինաւորապէս օծուած է որպէս այդպիսին՝ մէկ եւ նոյն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ օրինաւորապէս ձեռնադրեալ եպիսկոպոսի մը կողմէ: Այնպէս ինչպէս անջնջելի է հաւատացեալին՝ Ս. Մկրտութեամբ ստացած շնորհքը, նոյնպէս ալ անջնջելի/անբաժանելի է Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն ծնած հաւատացեալին առաքելականութեան հանգամանքը, որ «առուծախի ապրանք» չէ՛ «բիզնես»ի չէրչիական հոգեբանութեամբ ոեւէ մէկու կողմէ ըստ կամս տրուելու կամ ետ առնուելու համար…:
Եկեղեցական համայնքի մը հանդէպ գործադրուած այս բիրտ վերաբերմունքը ակամայ կերպով մեզի յիշել կու տայ 1930-ական թուականներուն ամերիկահայ թեմին մէջ ծայր տուած տխուր տագնապը, որու հետեւանքներէն մէկը եղաւ որոշ թիւով եկեղեցիներու հանդէպ որդեգրուած խտրողական տգեղ քաղաքականութիւնը եւ գաղութին երկփեղկումը: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին կը գտնուինք – ի գին ամէն ինչի նորանոր պառակտումներ պէտք է խնայուին մեր ժողովուրդին: Լսող կա՞յ…:
Թեմական հարցերու դժուարութիւններն ու կարգադրութիւնները միայն եկեղեցական խնդիրներ չեն: Սահմանադրական կանոնագրութիւնները պէտք է յարգուին իւրանքանչիւր Թեմէ ներս: Թեմական մարմիններ, որոնք ընտրուած են իրենց ժողովուրդին կողմէ, պարտին որոշել այդ Թեմէն ներս կատարուելիք կրօնական-հասարակական աշխատանքները ըստ տուեալ կանոնագրութեան, եւ Առաջնորդ ու Կաթողիկոս պարտին յարգել այդ Թեմի կանոնագրութեան տրամադրութիւնները, առանց մերժելու ժողովրդավարական կարգն ու կանոնը:
Ֆրանսահայ Թեմական Խորհուրդը պարտաւոր է հանրութեան բացատրութիւններ տալու տուեալ իրադարձութիւններուն մասին, որովհետեւ Հայց. Եկեղեցին այլեւս դադրած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքի մէկ անբաժան մասնիկը ըլլալէ, եւ հետեւաբար սահմանադրական ու ժողովրդավարական սկզբունքներու յարելէ, որովհետեւ մենատիրական եւ շահադիտական ախորժակներու դիմաց՝ Սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կանոնագրութիւններ կը խոչընդոտեն վերին իշխանութեանց անկաշկանդ, սանձարձակ ախորժակները:
Համահայկական պատմութեան ներկայ հանգրուանին, երբ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնինք, պարտաւոր ենք խուսափիլ նոր պառակտումներէ, որոնք կրնան եւ պիտի խախտեն մեր ժողովրդավարական կանոնագրութեան հիմերը:
Թեմերը աւատապետական կալուածներ չեն եւ չեն ալ կրնար ըլլալ: Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային ներկայացուցչական նկարագիրը պարտաւոր ենք մշակել, զարգացնել եւ արժեւորել, առանց անոր տալու կղերապետական-մենատիրական հանգամանք, թէկուզ նման ախորժակներ ունեցող ղեկավարներ շա՜տ են այս օրերուն:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
17 Հոկտեմբեր 2014