Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն՝ Վահրամ Քահանայ Մելիքեան, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, կը փորձէ շփոթի մատնել հասարակութիւնը իր անճիշդ եւ իրականութեան չհապատասխանող յայտարարութիւններով, չըսելու համար սուտերով: Յստակեցնենք մեր տեսակէտները, որպէսզի մեր ազնիւ ընթերցողները իմանան ճշմարտութիւնը:
http://www.a1plus.am/1344701.
Տէր Վահրամ, իր մամլոյ ասուլիսին մէջ կը յայտարարէ որ վերջերս կայացած ներկայացուցչական ժողովի ընթացքին Նուիրապետական Աթոռները թեմական կառոյցներու մակարդակին իջեցնելու պահանջ դրուած չէ: Այսքան ԽՈՇՈՐ սուտ կարելի չէ մարսել: Ճշմարիտ իրողութիւնն այն է, որ ժողովին ներկայ Երուսաղէմի միաբան ներկայացուցիչներ խոր ընդվզումով դէմ արտայայտուած են առաջարկին: Ինչպէ՞ս կարելի է նման բացայայտ իրողութիւն մը քողարկել սուտերով: Հետեւաբար՝ Տէր Վահրամի կատարած յայտարարութիւնը, որ «քննադատութիւնները յաճախ հնարաւոր է լսել յատկապէս կարգալոյծ հոգեւորակնների կողմից» ամբողջութեամբ չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ այդ ստոյգ տեղեկութիւնները ստացած ենք նոյն ինքն ժողովականներէն եւ ո՛չ թէ «կարգալոյծ հոգեւորականներ»է:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ոտնտձգութեանց ո’չ առաջին եւ ո’չ ալ վերջին դրսեւորումներն են ասոնք: Անցեալի դառն իրողութիւնները տակաւին չեն մարսուած մեր երկու պատրիարքութեանց ղեկավարութեան եւ միաբանութեան կողմէ: Անգամ մը եւս յիշեցնենք մեր ընթերցողներուն, թէ ի՛նչ գրած էր Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան՝ Գարեգին Բ.ին ուղղած իր 3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակին մէջ, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «հ. 1002 եւ հ. 1669 գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ, ինչ որ ներհակ է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնամենի աւանդութիւններուն, 22, X, 1925թ. Կանոնագրութեան (յօդ. 5), 19, VI, 1945թ. Կանոնադրութեան (յօդ. 5, 6, 9բ եւ 19), 21, IX, 1995թ. Սահմանադրութեան Նախագծի (յօդ. 6, 7, 21) եւ 11, XII, 1991թ. ՀՀ մօտ պաշտօնապէս գրանցուած «Ներքին Սփիւռքի Կանոնադրութեան» նախաշաւղի տրամադրութիւններուն՝ Կաթողիկոսը, Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո’չ նոյնանիշ եւ ո’չ ալ հոմանիշ են»:
Յաջորդաբար կը ներկայացնենք Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Նուրհան Արք. Մանուկեանի 3 Օգոոստոս 2013 թուակիր նամակը, ուղղուած Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր Պատրիարք Սրբազան Հայրը իր արդար վրդովմունքը կ’արտայայտէ Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականին առիթով: Հոս եւս կը տեսնենք խորհրդային օրերէն ժառանգուած տիրելու եւ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ կը սպառնայ կարգալոյծ հռչակել վարչականօրէն անկախ, Նուիրապետական Աթոռի մը միաբանները. «եղածը անընդունելի եւ մեծ անարդարութիւն մըն էր եկող Ս. Էջմիածնէն, Հայ Ժողովուրդի սրբութիւն սրբոցէն, ու միայն Տէրը գիտէ թէ տակաւին շարքը որքա՜ն պիտի երկարի: Վեհափառ Տէր, եթէ կը յիշէք մի քանի տարիներ առաջ երբ ամենայն հպարտութեամբ, – եւ այս արդարացիօրէն, – ինծի ցոյց կու տայիք Մայր Աթոռի շրջափակէն ներս Ձեր կառուցել տուած գեղեցիկ շէնքերը, ըսի Ձեզի, թէ նիւթական շէնքերուն չափ եւ աւելիով կարեւոր էր հոգեւոր շէնքը ամրացնել, եւ Դուք վստահեցուցիք, թէ այդ եւս պիտի ըլլար: Սակայն ժամանակը եկաւ փաստելու, թէ արտաքինն ու նիւթականն էր էականն ու Ձեզ հետաքրքրողը: Իսկ երկու տարի առաջ երբ փորձած էիք մեր ապառողջ Թորգոմ պատրիարքը համոզել, որ «աթոռակից» մը ընտրել տար, եւ ան մերժած էր Ձեր առաջարկը, ետքը Դուք Արիս Արք. Շիրվանեանին, որ ըսած էր Ձեզի. «Մենք մեր կակոնադրութեան մէջ այդպիսի յօդուած մը չունէինք», որուն Ձեր իրեն կատարած սպառնալիքը եղած է. «Ես ձեր բոլորին կարգը կ’առնեմ», ինծի ալ կրկնեցիք նոյնը, եւ իմ պատասխանս եղաւ. « Վեհափառ, ո՞ւր կ’երթաս, ուրիշ բան չե՞ս գիտեր: Անկարելի է որ վախի եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին, բան մը որուն պատճառով պիտի տուժեն մեր ժողովուրդը եւ Մայր Եկեղեցին…..»:
Հետաքրքրական է այստեղ յիշեցնել նաեւ ա՛յլ տխուր իրողութիւն մը որ կ’արտացոլացնէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին՝ վերէն նայելու եւ իշխելու յաւակնոտ կիրքը: Գարեգին Արք. Ներսիսեան, երբ տակաւին Առաջնորդական Փոխանորդն էր Հայրապետական Այրարատեան Թեմին եւ տեղակալը երանաշնորհ Գարեգին Ա. Սարգիսեան կաթողիկոսին՝ երբ վերջինս դարմանումի համար արտասհաման կը գտնուէր, հարցազրոյցի մը ընթացքին, որուն օրուան մամուլը անդրադարձած էր, յայտնած էր իր միտքը՝ երբ իրեն հարցուցած էին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի յարաբերութիւններու մասին: Գարեգին Արք. Նեսիսիեան ըսած էր թէ ինք անընդունելի կը գտնէ որ Հայց. Եկեղեցին ունենայ երկու առաջնորդ: Ու ապա կը շարունակէ ըսելով որ ինք կը յարգէ Կիլիկիոյ պատմական Աթոռը, բայց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կ’ընդունի որպէս սոսկ հոգեւորական…: Արդեօ՞ք պէտք կայ աւելին ըսելու անձի մը մասին որ կը տառապի տիրելու, ղեկավարելու եւ իրաւունքներ յափշտակելու անյագուրդ կիրքէն:
Անաստուածութեամբ դաստիարակուած սերունդ մը, որ միայն իշխանութիւն կը հետապնդէ բրտութեամբ եւ բռնութեամբ, չի՛ կրնար ղեկավարել Եկեղեցին, որ հիմնուած է սիրոյ, եղբայրութեան, համերաշխութեան, հաւատարմութեան վեհագոյն սկզբունքներուն վրայ:
Վերադառնանք «ճշմարտախօս» Տէր Վահրամին: «Արմէնփրէս»ի վկայութեամբ, Վահրամ Քհն. Մելիքեան կը յաատարարէ թէ «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, որը հայկական ազգային ամենահին կրօնական կառոյց է, պէտք է օժտուած լինի կանոնադրութեամբ, որը մաս առ մաս յստակեցւում եւ ընդունւում է: “Մինչ այժմ Մայր Աթոռն առաջնորդւում է «Կանոնագիրք hայոց»-ով, դատաստանագրքերով ու տարբեր ժամանակներում ձեւաւորուած կանոնագրքերով, երբեմն Ազգային սահմանադրութեամբ, որը շարունակում է գործել նուիրապետական աթոռներում, որոնցից է Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը: …”»: Ահաւասիկ օդին մէջ նետուած անկապ, անպատասխանատու եւ անճիշդ յայտարարութիւններ:
Տանք կարճ վաւերագրական պատմականը Ազգային Եկեղեցական Ժողովով վաւերացուած օրինական Կանոնագրութեանց, վերջին իննսունամեակին:
Ա.- Գէորգ Ե. Վշտալի Կաթողիկոսի կողմէ 22 Հոկտեմբեր 1925-ին հաստատուած եւ Մայիս 28, 1930-ին վաւերացուած «Ազգային Եկեղեցական Ժողով ԳումարելուՅատուկ Կանոնագրութիւն»:
Բ.- Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի 19 Յունիս 1945-ին հաստատած «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Հատուկ Կանոնագրություն»:
Այնուհետեւ պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովիվաւերացումին եւ պաշտօնական գործածութեան մինչեւ այսօր:
Գ.- 1958-ին պատրաստուած «Հայաստանյայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու Սահմանադրության Նախագիծ»
Դ.- Տիրան Արք. Ներսոյեանի 1987 Սեպտեմբեր 20-ին պատրաստած նախագիծը:
Ե.- Սեպտեմբեր 30, 1988 թուականին, Արեւմտահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ պատրաստուած այս անստորագիր նախագիծը շատ հաւանական է որխմբագրուած է արտասահմանի մէջ, հաւանաբար Տիրան Արք.Ներսոյեանի ձեռամբ, որովհետեւ նման է 1987-ի նախագիծի բովանդակութեան եւ լեզուին, կարգ մըյաւելումներով եւ յապաւումներով:
Զ.- 1991 թուականի կանոնադրութիւնը որ Գ.Հ.Խ.ի կնիքը կը կրէ, թէեւ ո՛չ վաւերացուած է Ազգային-Եկեղեցական Ժողովին կողմէ, եւ հետեւաբար ո՛չ ալհաստատուած՝ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսի կողմէ:
Է.- Ամենավերջին նախագիծը Հայց. Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Սահմանադրութեան՝ պատրաստուած եւ խմբագրուած է Սեպտեմբեր 11, 1995-ին, Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ Արիս Եպս. Շիրվանեանի աշխատասիրութեամբ, Արեւմտահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:
Ահաւասիկ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ամբողջական պատկեր մը, ուր յստակ կը դառնայ որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնադրութիւն վաւերացուած ուհաստատուած է առ ի գործադրութիւն: Այս կը նշանակէ որ ամէն ինչ որ կը կատարուի այսօր Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրով նենգամիտ որոշումներ են, անօրինական, անվաւեր եւ դատապարտելի:
Ամենատխուր իրողութիւնն ա՛յն է, որ իրենց ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած միաբաններուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը մեզ կը մտահոգէ ազգովին:կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ ժամանակակից փարիսեցիութեան գլուխ գործոց մը կարելի է նկատել անոնց ներկայութիւնը Եպիսկոպոսական Ժողովի կազմին մէջ, ուրթափանցած է չարին գռեհկութիւնը:
Անգամ մը եւս յիշեցնենք մեր ազնիւ ընթերցողներուն՝ որ քաղաքական եւ կուսակցական իշխանութիւններու, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններու,մտաւորականութեան եւ հայ մամուլի անտարբերութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ կղերապետութեան եւ մասնաւորաբար ժողովրդական բոլոր սկզբունքներուխոշտանգումին:
Պէտք չէ թոյլ տալ, որ կղերական մենաշնորհեալ դասակարգ մը իւրացնէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ նուազագոյն չափով իսկ սահմանափակէ հայ հաւա-տացեալներու դերակատարութիւնը: Որեւէ Կանոնագրութիւն որ տակաւին չէ վաւերացուած Ազգային Եկեղեցական Ժողովի կողմէ՝ մեզ դէմ առ դէմ կը դնէկղերապետական տիրակալութեան հանդէպ, խախտելով ժողովրդավարութեան բոլոր նորմերը:
Մեր վերջին խօսքը Տէր Վահրամին. Մեծի ՏաննԿիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախկին միաբան Ոսկան Մխիթարեան կամովին հեռացած է միաբանական շարքերէն, եւ ո՛չ թէ «կարգալոյծ հռչակուած» է: Եթէ Տ. Վահրամ իր խօսքին տէր կանգնելու առաքինութիւնը ունի, կը հրաւիրենք զինք հրապարակաւ յստակօրէն մատնանշելու, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի պաշտօնաթերթ՝ «Հասկ»-ի ո՛ր թիւին ու էջին մէջ կը գտնուի Ոսկան Մխիթարեանի «կարգալոյծ հռչակման» տեղեկատուութիւնը: Տ. Վահրամ չի՛ կրնար ընել ատիկա, որովհետեւ նման բան գոյութիւն չունի՛, վասնզի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին կողմէ ո՛չ մէկ պաշտօնական որոշում կամ վճիռ տրուած է, եւ կամ հաղորդագրութիւն հրապարակուած է՝ անոր կարծեցեալ «կարգազրկութեան» մասին, ըլլա՛յ ներքին կարգով՝ Միաբանութեան, ըլլայ հանրութեան ուղղուած: Ոսկան Մխիթարեան իր ազատ կամքով հեռացած է միաբանական շարքերէն, մերժելով ինքնախաբէութիւնը, ստրկութիւնը եւ մանաւանդ «մեծապատիւ մուրացկան» տիտղոսը: Վստահելով Աստուածատուր իր մարդկային տաղանդերուն, իր արդար քրտինքով վաստակած է իր եւ իր ընտանիքին ապրուստը, եւ երբեք չէ զլացած իր մասնակցութիւնը բերել եկեղեցական, ազգային եւ մշակութային անդաստաններէն ներս, որովհետեւ կը հաւատայ որ ժողովուրդի ծառայութիւնը միայն եկեղեցականութեան ճամբով չէ որ կ’իրագործուի: Կը թելադրենք Տէր Հօր, կամ բոլոր հետաքրքրուողներուն, կարդալ մեր կայքէջին վրայ (www.vanagan.com) տեղադրուած գիրքը, «Վարդապետի մը Ոդիսականը» խորագրով:
Ժամանակն է որ արթննանք, հասկնանք եւ ըմբռնենք իրողութիւնն ու ճշմարտութիւնը, թէ ՄԵ՛ՆՔ ԵՆՔ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով: Հայց. Եկեղեցին է՛ եւ կը մնայ ու կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ազատ խիղճը, եւ կը խորհրդանշէ անոր հաւատքի նուիրականութիւններու ակը:
Յաճախ կը կարդանք, նամանաւանդ Մայր Աթոռի դիւանատան հաղորդագրութեանց մէջ, թէ մամլոյ մէջ երեւցած քննադատական բոլոր յօդուածները մասնաւոր դիտաւորութեամբ գրուած են, անարդար եւ յանդուգն քննադատութեան թիրախ դարձնելով Հայաստանեայց Եկեղեցին, նամանաւանդ Ս. Էջմիածինը: Այս անհեթեթ յայտարարութեանց հեղինակները՝ չարաչար կը սխալին, որովհետեւ զուսպ եւ հաւասարակշռուած քննադատութիւնը յառաջ կու գայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականութեան հանդէպ մեր ունեցած բծախնդրութենէն:
Պէտք չէ շփոթել Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կայ ու կը մնայ որպէս իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր սնունդի ակնաղբիւրը եւ իր հոգեւոր կարիքներու գոհացման օրրանը: Կասկած պէտք չէ արթննայ ոեւէ հայ անհատի մտքին մէջ, որ եթէ քննադատութիւններ կան այսօր, –ինչպէս եղած են ե՛ւ անցեալին,– Մայր Աթոռի հանդէպ, այդ բոլորը ծնունդ են պարզապէս այն լուրջ մտահոգութեանց զորս ունինք մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգի նկատմամբ, որովհետեւ կը փափաքինք մեր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը անեղծ պահել՝ այնպէս ինչպէս պիտի ուզէինք պահել ու պահպանել մեր հարազատ ընտանիքը: Ո’չ ոք թող համարձակի Տէր Վահրամի նման սակարկութեան դնել մեր զգացումները, յարգանքն ու պատիւը հանդէպ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին: Մեր հարցը սանձարձակօրէն գործող եկեղեցական ղեկավարութեան հետ է, որ կը չարաշահէ Եկեղեցին:
Ապահովաբար, մեր կատարած ախտաճանաչումները կրնան հաճոյ չթուիլ ո՛չ եկեղեցական բաձրաստիճան իշխանութեանց, եւ ոչ՛ ալ տիտղոսաւոր, շքանշանակիր ժողովականներու եւ ազգայիններու։ Հայց. Եկեղեցին ամենէն ամուր կռուաններէն մէկն է ազգային մեր գոյութեան, եւ մեր ժողովրդական կարգերն են անոր ապառաժեայխարիսխը։ Վա՜յ մեզի եթէ զայն ըմբռնենք լոկ որպէս ծիսական արարողութեանց վայր:
Եթէ Հայց. Եկեղեցին չկարողանայ ինքզինք պատշաճեցնել մարդկային ազատ մտածումին եւ ըմբռնողութեան գաղափարին, պիտի չկարենայ խաղալ իր մեծ դերըմարդկային հոգեմտաւոր եւ ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
29 Հոկտեմբեր 2014