«ՄԵՆՔ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄՏԱՀՈԳ ՉԵՆՔ…»
Իրան կատարած իր Հովուապետական այցելութեան վերջին երեկոյին, Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի կողմէ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթի եզրափակիչ խօսքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց հետեւեալը. «Մենք գաղութէն հեռացողներով մտահոգ չենք, բայց մնացողներով հպարտ ենք»:
Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Թեմական Խորհուրդի անդամները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի զոյգ հայ պատգամաւորները, միութիւններու պատասխանատուներն ու բարերարները:
Աւելցնելով՝ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար միշտ առաջնահերթութիւն եղած է ու կը մնայ Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն իրականացումը»:
Այս առիթով լրջօրէն մտահոգուած ենք կատարուած յայտարարութիւններով եւ կը փափաքինք մեր ազնիւ ժողովուրդի խորհրդածութեան առարկայ դարձնել վերեւ նշուած անըմբռնելի եւ դատապարտելի լօզունգները:
Ա. «Մենք գաղութէն հեռացողներով մտահոգ չենք, բայց մնացողներով հպարտ ենք». կատարուած անփառունակ եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնը կը խախտէ մեր հաւատքը, կը փոթորկէ եւ կ’ալեկոծէ մեր հոգին: Անցեալին՝ հայութեան փառքը եղող իրանահայ (պարսկահայ) գաղութին երեք թեմերու հայութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական դաժան պայմաններու տակ հիւծելով, վերածուած է մատի վրայ համրուող փոքրիկ գաղութներու, մասնաւորաբար արտագաղթի պատճառով: Մնացող բեկորներով հպարտ ենք բայց ….տխուր:
Վերջին հարիւրամեակին մէջ տեղի ունեցած դժբախտութիւններէն մէկն ալ այս էր հայութեան գոյութենական պայքարին մէջ: Չորս հարիւրամեայ ամրակալուած հայ գաղութը վերածուած է գրեթէ ոչնչութեան, հասնելով Լիբանանի ճակատագրին, եւ «մենք չենք մտահոգուած հեռացողներով», որոնք յանձնուեցան իրենց ճակատագրի անորոշ բախտին, որովհետեւ ազգովին չէինք մտահոգուած որպէսզի հեռացողներով լեցնէինք Հայաստանն ու Արցախը:
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր ազգային կազմակերպութեանց թախանձագին կոչերը, որպէսզի հայութիւնը չհեռանայ Լիբանանէն, մասնաւորաբար հազարամեայ քրիստոնէութեան օրրանէն, որ այդքան մօտ էր նաեւ Մայր հայրենիքին: Քարոզողներէն կարեւոր մաս մը իրե՛նք հեռացան առաջին առիթով ու ապա ժողովուրդը անսալով իր բանականութեան, թողուց Լիբանանը, նկատի ունենալով իրենց ընտանիքներուն բարւոք կեցութիւնն ու ապահովութիւնը եւ իրենց զաւակներուն ապագան: Ինչո՞ւ այդ ատեն մտահոգ էինք հեռացողներով իսկ ո՛չ հիմա:
Ահաւասիկ՝ անգամ մը եւս ազգովին ձախողեցանք մեր գոյութենական յարատեւ պայքարին մէջ, որովհետեւ յստակ եւ հաստատ ծրագիրներ չեն մշակուած հայրենադարձութեան: Ու՞ր է առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Ե՞րբ պիտի դադրինք լօզունգներէ եւ խօսքէն պիտի անցնինք գործի:
Արդեօ՞ք այս մտածելակերպն է որ պատճառ եղաւ որպէսզի Արամ կաթողիկոս յստակ կեցուածք մը չ’որդեգրէ եւ չդատապարտէ արտագաղթը հայրենիքէն: Այո՛, խոշորագոյն դժբախտութիւնն ու ցաւոտ երեսն է մեր հասարակական կեանքին, որովհետեւ մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ հայրենիքէն ներս տեղի կ’ունենան ամէն տեսակի անկանոնութիւններ, երկիրը հասցնելով ժողովուրդին համար աղիտալի վիճակի մը: Այս դժբախտութեան կու գան միանալու նաեւ ամուսնութիւններու նուազումը եւ աղջիկ զաւակներու կամովին՝ անմարդկային վիժեցումը: Որո՞նք պիտի ըլլան մեր ապագայի մայրերը….. Ովքե՞ր պիտի ծնին մեր հայրենիքի պաշտպանութեան բանակին զինուորները…..
Ճիշդ է որ արտագաղթը համաշխարհային մեծ խնդիր է: Ճիշդ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր հայրենիքին համար. ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Վերջին Եպիսկոպոսական Ժողովին, որուն համանախագահն էր Արամ Կաթողիկոս, առ նուազն զգաստութեան ահազանգ հնչեցնէր ներկայ թմրած-անտարբեր բարձրաստիճան ղեկավարներուն եւ եկեղեցականներուն: Բայց… չէ՞ որ մտահոգ չէ հեռացողներով-արտագաղթողներով……
Ասկէ առաջ առիթով մը անդրադարձած էինք մամուլով, որ վերջին յիսունամեակին՝ յաջորդաբար ականատես եղանք բազմաթիւ արտագաղթերու. Լիբանանէն (քաղաքացիական պատերազմ), Եգիպտոսէն, Պարսկաստանէն (իսլամական յեղափոխութիւն), Յորդանանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն: Այս երկիրներէն գաղթող հասարակութեան մասին լրջօրէն մտածող չեղաւ երբեք – ո՛չ Սովետական ու ապա՝ նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ ո՛չ ալ արտասահմանի մեր կազմակերպութիւնները: Արտագաղթողները ձգուեցան իրենց անողոք ճակատագրին: Նոյն ճակատագրին արժանացան նաեւ Պաքուի եւ Սումգայիթի դէպքերուն պատճառով Ատրպէյճանէն վտարուած մեր փախստական եղբայրներն ու քոյրերը:
Այս բոլորին մէջ, մեր մտահոգութեան կեդրոնական բաժինը պէտք է ըլլայ՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժին հայրենիքէն արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ: Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով, կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան: Պիտի ըսենք թէ մտահոգ չե՞նք հեռացողներով…..
Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր եկեղեցական, եւ թէ քաղաքական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:
Բ. Այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը կանգնի շատ աւելի մեծ եւ պարտաւորիչ առաջնահերթութեան մը առջեւ, Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն իրականացման ճանապարհին վրայ: Հայ Եկեղեցւոյ նաւաբեկեալ վիճակը ահազանգային տագնապներու ալիքներուն վրայ ծովամոյն ըլլալու վտագին մէջ է անկասկած: Ինչո՞ւ լուռ են Արամ Կաթողիկոս եւ իր միաբանութիւնը: Ըսելիք չունի՞ն երբ Նուիրապետական Աթոռներ տագնապներէ կ’անցնին: Արդեօ՞ք առաջնահերթութիւն չեն նկատեր ազգը յուզող եւ պառակտող նոր եկեղեցական տագնապները: Տակաւին չեն սպիացած 1956-ի մեր վէրքերը: Հեռու մնանք մեր հռետորական ելոյթներէն, խօսքէն անցնինք գործի եւ փրկենք Հայ Եկեղեցին:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
11 Դետեմբեր 2014