0

ՍՔԵՄԻ ՊԱՇՏԱՄՈ՞ՒՆՔ …

Թէեւ քիչ մը ուշացումով՝ երեւի մխիթարուելով  «աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք» ասացուածքէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր 12 Յունուար 2015 թուակիր մամլոյ հաղորդագրութեամբ հրատարակած է «Նամակ Զոյգ Կրօնապետերուն» խորագրով կոչ  մը: Առաջին նայուածքով՝ զարմանք պատճառեց խորագիրը, եւ պահ մը մտածեցի թէ ովքե՞ր են այդ կրօնապետները, կարծէք ոչ-հայ կրօնապետներու մասին է խօսքը, մինչդեռ նամակը ուղղուած է Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի նուիրապետական զոյգ աթոռներու գահակալներուն: Անցնինք մեզ յուզող հարցին:

Ահաւասիկ աներեւակայելի, անիմանալի եւ շփոթեցուցիչ յայտարարութիւն մը, որ զիս խորապէս փոթորկեց եւ պահ մը մտածել տուաւ որ մենք տակաւին չենք ըմբռնած հոգեւոր ծառայութեան դաշտին ամբողջական իմաստը. « Դուք քաջ գիտէք, որ ողջ հայութեան հաւատացեալ դասը կը խոնարհի հաւատք բուրող եւ ներշնչող Ձերդ Փիլոններու եւ Վեղարներու առաջ»: Կրնա՞ք երեւակայել նման յայտարարութիւն մը ինքզինք առաջնորդ եւ ղեկավար նկատող կուսակցութեան մը պաշտօնական թերթին մէջ: ԻՆծի այնպէս կը թուի որ տակաւին «հորթի պաշտամունք»ի դարաշրջանին մէջ կը գտնուինք…:

Բացատրենք: Բաւականին ծիծաղելի է հոգեւորականի սքեմին  տրուած այս կարեւորութիւնը: Սքեմին յարգանք եւ արժէք տալով չէ որ պիտի բարձրացնենք հայ եկեղեցականութեան դիրքը: Այդ յարգանքը պիտի վայելէ հայ եկեղեցականը իր մարդկային արժանիքով, իր մտաւոր եւ բարոյական յատկութիւններով, իր նկարագրով, կենցաղով եւ իր կոչումին ամբողջական  իրագործումով:

Նախ ըսենք, որ հայկական սքեմ գոյութիւն չէ ունեցած բնաւ: Քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներու մէջ եկեղեցականներու հասարակաց զգեստ մը միայն կար— վերարակուն, որ հաւանաբար հին սեմական ժողովուրդներէ ժառանգուած է եւ  զոր ցարդ կը կրեն բոլոր ազգերու եւ կրօններու կրօնականները անխտիր, մանաւանդ Արեւելքի մէջ: Հայ եկեղեցականի զգեստի մասին որոշ ծանօթութիւն չունինք հայ եկեղեցական կանոններու մէջ ալ: Միայն Դուինի ժողովին (555) եւ Ներսէս Կաթողիկոսի անունով ծանօթ  37 կանոններուն  12րդը կ’ըսէ. «Զինուորի զգեստ հագնիլ եւ եկեղեցականներու շարքին կանգնիլ չէ՛ կարելի, եկեղեցականները քահանայական տարազով պէտք է ըլլան»:

Փաւստոս Բուզանդ,երբ կը խօսի Մեծն Ներսէսի ընտրութեան մասին, կը նշէ անորոշ կերպով, թէ «կղերականներու հանդերձներ բերին եւ անոր հագցուցին»: Իսկ երբ կը խօսի անոր թունաւորման պարագաներու մասին, կը գրէ. «երբ իր օթեւանը մտաւ, իր պարեգօտը հանելով, սիրտը ցոյց տուաւ»: Ուրեմն հետեւցնելով՝ կրնանք ըսել որ կղերականներու յատուկ զգեստը պարեգօտն էր, այսինքն վերարկուն: Ահաւասիկ այս վկայութենէն ետք կրնանք ըսել Փաւստոս Բուզանդի բառերով, որ կանացազգեստ վերարկուն չունի ազգային որեւէ հանգամանք:

Այս հակիրճ բացատրութենէն ետք, վերադառնանք «բացառիկ» նամակի բովանդակութեան: Մեր բարձրաստիճան եկեղեցականներէն մինչեւ փոքրաւորը պէտք է իմանայ որ ժողովուրդը, որ ինքնին եկեղեցին է, երբեք չի՛ խոնարհիր իրենց փիլոններուն եւ վեղարներուն առաջ, այլ ա՛յն հոգեւոր կարգին, որ է ըսել «աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ին՝ որ անոնց փոխանցուեցաւ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ,  եւ ատիկա ա՛յն ատեն՝ երբ այդ շնորհքը  կ’արդարացնեն իրենց ամբողջական անսակարկ նուիրումով եւ կ’արտացոլացնեն զայն իրենց ծառայական կեանքին մէջ:

«Ի տես սակայն Ձեր երկու մեծութեանց մէջ վերջերս յառաջ եկած անհամաձայնութեանց եւ փոխադարձ մեղադրանքներուն, ինչպէս նաեւ չափազանց մտահոգ անոր ժխտական զարգացումներուն հաւանական անբաղձալի եւ վտանգաւոր հետեւանքներէն, մեզ համար անհանդուրժելի է լուռ մնալ այս ուղղութեամբ»:  Կ’արժէ այստեղ «Բարի լո՜յս»  մը ըսել մեր Ռամկավար եղբայրներուն: Տարիներէ ի վեր կը գրենք, եւ շատեր կը գրեն, Հայց. Եկեղեցւոյ տագնապներու մասին. նո՞ր կ’արթննաք ձեր թմբիրէն:

2000 թուականէն սկսեալ, կարգ մը պարկեշտ եւ արիասիրտ եկեղեցականներ բացայայտօրէն բողոքեցին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բռնատիրական, հակականոնական բոլոր արարքներուն դէմ, եւ ուրիշներ կարգալոյծ եղան քինախնդրութեան զոհ երթալով: Դժբախտաբար մեր բոլոր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները լուռ մնացին եւ այդ լռութեամբ մեղսակից դարձան կատարուած աւերներուն Հայց. Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին մէջ:  Անհեթեթ կը նկատենք այսօր այն յայտարարութիւնը թէ կարելի չէ լուռ մնալ այսուհետեւ— պէտք չէ որ լուռ մնայիք մինչեւ այսօր` եթէ իսկապէս բծախնդրութիւնը ունէիք Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ:

Անհամաձայնութիւն կ’ըլլայ այնտեղ ուր օրէնքը կը բացակայի եւ կամակայականութիւնները կը գործեն: Այստեղ չկան փոխադարձ մեղադրանքներ, այլ կան փաստուած իրականութիւններ եւ կանոնական ոտնձգութիւններ: Պէտք է վերջ տալ անհանդուրժողութեան, քինախնդրութեան եւ բոլոր կանոնական խախտումներու: Օրէնքէ վեր ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ ըլլալ: Եկեղեցին ա՛յն հաստատութիւնն է, որ կ’առաջնորդէ իր հաւատացեալները դէպի կատարելութիւն, ո՛չ թէ հրահանգներով եւ բռնակալութեամբ, այլ՝ բարոյական ազատ ընտրութեամբ, խղճի դաստիարակութեամբ:

Կրնաք երեւակայել որ համբերութեան բաժակը որքա՜ն յորդած պէտք է ըլլար, որ Ամենապատիւ Նուրհան Պատրիարք պարտաւորուէր հանրութեան ներկայացնել իր բողոքագիր-նամակը: Ժողովրդավար Հայց. Եկեղեցին պարտաւոր է ըլլալ թափանցիկ իր բովանդակ գործունէութեամբ, ներքին եւ արտաքին աշխարհի դիմաց: Ժողովուրդը՝ որ Եկեղեցին է, պարտաւոր է եւ պէտք է գիտնայ թէ ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ օրինական խախտումներ կան Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը Եկեղեցիին մօտեցնել, որովհետեւ մերժած է ըլլալ հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց մը:  Ազգին հաշիւ չտալու այս հոգեբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ ապազգայնացման:

 Հետեւաբար՝ Պատրիարքին գրած նամակին ոճը երկրորդական է այլեւս: Այնտեղ արձանագրուած «մեղադրանքները» ինչպէս նամակը կ’ըսէ, եթէ ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, թող Մայր Աթոռը պաշտօնապէս պատասխանէր Գարեգին Բ.ի  ուղղուած նամակին: Անկասկած որ Մայր Աթոռը պիտի չկարենար հակաճառել, որովհետեւ, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ, «երեւցող գիւղը, առաջնորդի պէտք չունի»: Ուստի պատրիարքին կողմէ յառաջ բերուած  մեղադրանքները (ես պիտի կոչէի բացայայտ ճշմարտութիւնները) կարելի պիտի չըլլար հերքել, եւ  այդ պատճառով ալ՝  Մայր Աթոռի պատուէրով փարիսեցիական եւ շինծու պաշտպանողական յօդուածներ հրատարակուեցան «խնկարկուներու» կողմէ:

Այս բոլորը կը պատահին, եւ տակաւին պիտի պատահին, այնքան ատեն որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս  ինքզինք օրէնքէ վեր նկատելով կը շարունակէ անտեսել ամէն օրէնք, կարգ ու կանոն եւ սահմանադրութիւն:  Անկասկած որ բոլորս ալ հաշուետու ենք ի վերջոյ Նախախնամութեան, բայց այնքան ատեն որ կ’ապրինք եւ կը գործենք Եկեղեցւոյ մէջ՝ հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին որ նոյն ինքն Եկեղեցին է, այն ժողովուրդին՝ որ իր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կ’ընտրէ Կաթողիկոսը:

Անհարժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան եւ ժողովուրդի փոխ-յարաբերութիւնները: Այլ խօսքով՝ ստեղծել մշակութային յեղափոխութիւն մը որուն ժողովուրդը մասնակցի անպայման իր անսահմանափակ իրաւունքով եւ իր բաժինը  բերէ Եկեղեցւոյ վերաշխուժաւորման աշխատանքին մէջ: Առանց ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեան՝ դատապարտուած պիտի մնանք նախ՝ մենաշնորհեալ կղերապետութենէ տառապող եկեղեցականներուն ձեռքը, ու ապա պիտի յանձնուինք քաղաքական  եւ ընկերային մաշումներու յորձանուտին:

Թափանցիկութեան պակասը պարզապէս մեզ կ’առաջնորդէ ազգային անպատասխանատուութեան եւ հոգեւոր սնանկութեան, եւ ճիշդ անոր համար մեր կուսակցութիւններն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները պարտին ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան գործօն մասնակցութիւնը բերել Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, մերժելով «մենաշնորհեալներու» աճպարարութիւնները յօգուտ իրենց անհատական կամ կուսակցական շահերուն:

Բոլորս պատասխանատու ենք այս տխուր եւ ո՛չ յուսադրիչ, անփառունակ կացութեան, որովհետեւ չենք փափաքիր մեր ամբողջական եւ լիիրաւ մասնակցութիւնը բերել Եկեղեցւոյ կեանքին եւ փրկել զայն իրենք զիրենք «ղեկավար» ներկայացնող, ժողովուրդին արիւնն ու աւիշը ծծող այս նոր ջոջերէն՝ եկեղեցական թէ աշխարհական:

Յ.Գ. Այնպէս կը թուի որ նամակը խմբագրող անձը, փորձած է իր գրաբար լեզուի ծանօթութիւնը դրսեւորել ո՛չ այդքան գիտութեամբ: Կարելի չէ գրել «ի Երուսաղէմ,» այլ պէտք է գրել «յԵրուսաղէմ»: Նոյն ատեն, ուղղագրական սխալները ներելի չեն այստեղ: Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի բացակայութիւնը զգալի է այս խմբագրութեան մէջ:

0

Write a Comment