0

ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ

Մի հող, որ թէկուզ երկինք համբառնայ՝

                                                                                                         Հայոց եղել է…. Հայոց կը դառնայ:

(Յովհաննէս Շիրազ)

Հաւանաբար մեզմէ շատեր առարկեն որ ներկայիս Թուրք պետութեան քաղաքական դիրքը ամուր կռուաններու վրայ է, եւ հետեւաբար մեր դատի բարւոք լուծման համար նպաստաւոր պայմաններ չկան քաղաքական հարթակին վրայ: Այդպիսիներուն մենք ա՛յո պիտի ըսենք, նկատի ունենալով ներկայ քաղաքական պայմանները եւ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը որուն կարիքը ունին Եւրոպական պետութիւնները, ելլելով իրենց քաղաքական շահերէն: Անկասկած որ ներկայ պայմաններու տակ չենք կրնար առաջնորդուիլ մակերեսային լաւատեսութեամբ եւ ակնկալել վարդագոյն արշալոյսներ մեր ժողովուրդին համար, հետեւաբար անհրաժեշտ է ըլլալ իրապաշտ եւ չառաջնորդուիլ զգացումներով, ինչ որ յատուկ է մեր ժողովուրդին: Չմոռնանք երբեք որ այսօրուան քաղաքական իրականութիւնը չի’ կրնար այսպէս շարունակել եւ անփոփոխ մնալ, նկատի ունենալով հիւլէական դարաշրջանի նոր իրողութիւններն ու փոփոխութիւնները:

Եթէ այսօր թուրքական ռազմակայանները անհրաժեշտ են ամերիկեան կառավարութեան քաղաքական, ռազմավարական ծրագիրներու իրագործման համար, վաղը անոնք կրնան փոխուիլ նոր պայմաններու բերումով:  Հետեւաբար՝ անհարկի յոռետեսութեամբ անշարժութեան չմատնուինք եւ մեր բախտը չանիծենք:

Շա՛տ հետաքրքրական է նաեւ հոգեբանական այն երեւոյթը կամ իրողութիւնը որ լայնատարած թուրք հասարակութիւնը,–ընդհանրապէս Արեւելեան Նահանգներուն մէջ ապրող ժողովուրդը,– կը մերժէ կայք հաստատել, տուն շինել հայկական հողերու վրայ, այն ակնկալութեամբ որ անոնց տէրերը օր մը պիտի գան եւ պահանջեն իրենց կալուածները: Այս իրողութեան վկայութիւններէն մէկն  է նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու պարապութիւնը:

Կասկածէ վեր է այն իրողութիւնը որ թուրք պետութիւնը ինքզինք զօրաւոր կը զգայ  միջազգային իրադարձութեանց մէջ այսօր, եւ հետեւաբար կարելի է ըսել որ ներկայ քաղաքական պայմանները աննպաստ են հայ ժողովուրդի արդար դատի բարւոք լուծման համար, եւ դժուար է ակնկալել որեւէ շօշափելի յաջողութիւն: Մեզի կը մնայ դաս առնել  մեր մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալէն, թէ ինչպէս ենթարկուեցանք միջազգային բազմապիսի եւ բազմերանգ դաւաճանութիւններու: Ուրեմն՝ պէտք չէ առաջնորդուինք ծանծաղ եւ մակերեսային լաւատեսութեամբ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրապաշտ եւ երբեք չառաջնորդուիլ զգացումներով եւ սպանական դղեակներ կառուցանելով:

Ա՛յո, ճիշդ է որ ներկայի միջազգային քաղաքական պայմանները աննպաստ են մեր դատին համար, սակայն պէտք չէ պարուրուինք յոռետեսութեամբ եւ մեր պահանջատիրութեան արդար աշխատանքը անշարժութեան մատնենք. ընդհակառակը, որքան որ ալ աննպաստ ըլլան պայմանները ներկայիս, պէտք է առաւել եւս աշխուժացնենք մեր աշխատանքները, որովհետեւ՝ ոչինչ յաւերժական է քաղաքական բեմին վրայ եւ անպայման պիտի  գայ հատուցման օրը:

Հետեւաբար լծուինք աշխատանքի եւ միջազգային կարծիք ստեղծենք ի նպաստ մեր դատին՝ կեդրոնացեալ արդիւնաւէտ աշխատանքով:  Մեր այս յարատեւ աշխատանքին մէջ իրենց կեդրոնական տեղը պիտի ունենան մեր հայրենի իշխանութիւնները, եւ սփիւռքահայութիւնը իր կարգին պիտի լծուի բոլորանուէր աշխատանքի, համազգային զօրաշարժով: Այո՛, դիւրին եւ արագ լուծումներ չկան մեր դատին, բայց անհրաժեշտ է ըլլալ վճռական եւ միշտ յարձակողական: Անկասկած որ պիտի հանդիպինք խոչընդոտներու՝ մեր աննկուն աշխատանքին մէջ, բայց պարտաւոր ենք ազգովին մնալ պայքարի դաշտին վրայ եւ պայքարիլ մոլեռանդօրէն մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ իրականացում մեր մեծ երազին – Ազատագրում բռնագրաւուած հողերու եւ միացում-ամբողջացում հայրենի ազատ պետականութեան սահմաններուն:

Արդարութիւնն ու իրաւունքը մեր կողմն են անկասկած: Այնու ամենայնիւ անոնք բաւարար չեն, նամանաւանդ քսանմէկերորդ դարու քաղաքական վերիվայրումներուն եւ հաշիւներուն մէջ, մեր դատը իր լրումին եւ արդար լուծումի մը հասցնելու համար: Այսօր՝ բիրտ ուժը եւ նիւթական շահերն են առաջնահերթ բոլոր գերպետութիւններու համար:

Հետեւաբար  նկատի ունենալով վերեւ յիշատակուած քաղաքական մթնոլորտը, անխուսափելիօրէն ուշ կամ կանուխ պիտի կազմալուծուի Թուրքիան եւ պարարտ հող եւ պատեհ առիթ պիտի ստեղծէ մեր դատի յաջողութեան համար:  Հայ ժռղովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ իր դատը մինչեւ որ արդար հատուցում չստանայ, եւ ո’չ ալ Թուրքը պիտի կարենայ մաքրուիլ իր ոճրապարտ ժառանգութենէն, տխո՜ւր անցեալէն, մինչեւ որ գոհացում չտայ հայկական պահանջներուն:

Անհրաժեշտ է որ «քաղաքակիրթ» գերպետութիւններ իմանան, թէ հայկական հողերուն վրայ թուրքերուն տիրապետութիւնը պահելը՝ բացայայտօրէն կը նշանակէ վարձատրել դահիճը իր ցեղասպանութեան համար: Ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ ցեղասպանը պատասխանատուութեան կանչելու բոլոր իրաւական հիմքերը կային 1918 թուականէն սկսած, երբ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն եւ Օսմանեան Կայսրութեան տապալումէն ետք, 4 Նոյեմբերին եւ 12 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած Երեսփոխանական Ժողովի (Meclisi Mebusan)  նիստերու ընթացքին, Երիտ-Թուրքերը մեղադրուեցան երկիրը պարտութեան մատնելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ երկրի սահմանադրութեան հիմնական յօդուածները (մարդկային կեանքի եւ սեփականութեան ապահովութեան մասին) խախտելու օրինազանցութեամբ:

Ահաւասիկ այս Ժողովի հիման վրայ, 8 Յունուար 1919 թուականին, Պոլսոյ մէջ կազմուեցան ռազմական ատեաններ: Սուլթան Մէհմէտ Զ. Վահտէտինի

[الدين وحيد] հրամանով Երիտ-Թուրքերու պարագլուխները յանձնուեցան ռազմական ատեանի քննութեան եւ երկու տարուան երկարաշունչ դատավարութենէ ետք՝ դահիճները  դատապարտուեցան զանազան պատիժներու, մահապատիժէն սկսելով մինչեւ վարչական եւ նիւթական տուգանքներու: Հետաքրքրուողներ այս մասին ընդարձակօրէն կրնան կարդալ պրոֆ. Աւետիս Փափազեանի «Հայերի Ցեծասպանութիւնը ըստ Երիտթուրքերի Դատավարութեան Փաստաթղթերի- Երեւան, 1989» աշխատութիւնը:

Ցեղասպանութեան հարցի կարեւորութիւնը եւ անոր պատմական անհերքելիութիւնը նոր լուսարձակի տակ առնելով պիտի տեսնենք որ իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական լուսաբանութիւններու կը կարօտի ան:  Ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան հարցերու քննարկումը եւ անոնց լուծման հնարաւորութիւնը կապուած են ռուս-արեւմտեան եւ ռուս-թուրքական քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ խմորումներուն:

Նկատի ունենալով ներկայի քաղաքական դաշտը, մեզի կը մնայ վարպետօրէն նաւարկել հայ-ռուսական, հայ-արեւմտեան,  հայ-ատրպէյճանական, հայ-վրացական, հայ-քրտական, հայեւթուրք եւ հայ-իրանական յարաբերութիւններու լաբիւրինթոսին մէջ: Բոլորիս ծանօթ է որ մեծ պետութիւններու թուրքանպաստ կեցուածքը պայմանաւորուած է թուրքերու՝ անոնց մատուցած զանազան ծառայութիւններուն վրայ. իրողութիւն մը որ թուրք պետութեան  «իրաւունք» կու տայ դրօշակակիր ըլլալու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման — բայց մինչեւ եր՞բ: Եւ որքան որ մօտեցանք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն՝ ա՛յնքան նորանոր դժուարութիւններ յարոյց թուրք պետութիւնը:

Թուրքական պետութեան ղեկավարութեան աճպարարութիւններէն մէկն է նաեւ առաջարկուած հայ եւ թուրք մասնագէտներէ բաղկանալիք  յանձնաժողով մը գոյացնելու առաջարկը, ստեղծելու համար ա՛յն պատրանքը, որ իբր թէ գոյութիւն ունի հակագիտական եւ հակապատմական ցեղասպանագիտութիւն:  Փաստօրէն կը փորձեն այդ յանձնաժողովի միջոցաւ աշխարհին ցոյց տալ որ օտար երկիրներու դիւանագէտներուն, բարեսիրական կազմակերպութեանց միսիոնարներու եւ ականատեսներու տուած տեղեկութիւններն ու տեսակէտները սխալ եւ կեղծ են:

Միջազգային փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ ինչպիսի կորուստներու կ’ենթարկուին ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդները, որուն մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, որ մինչեւ այսօր իր արդար լուծումը չէ ստացած:

  1. Անշարժ եւ շարժուն գոյքեր, դրամ, ոսկի եւ այլ իրեղէններ:
  2.  Սպաննուած անհամար քաղաքացիներ:
  3. Մշակութային կորուստ:
  4.  Հողային կորուստ:

Օսմանեան Թուրքիան բնաջնջել փորձեց, բռնագաղթի ենթարկեց Հայ ժողովուրդը  եւ բռնի իւրացնելով Հայոց Աշխարհը՝ ստեղծեց Հայ Սփիւռքը, որ այսօր իր ամբողջական կարողականութեամբ կը պահանջէ իր հայրենի հողը, ուր անգամ եւս պիտի համախմբուի ան ստեղծագործելու եւ շէնցնելու իր աւերեալ երկիրը:

1944 թուականին, Ռաֆայէլ Լեմքին (Raphael Lemkin, 1900-1959)  որպէս իրաւաբան եւ որպէս ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի զաւակ, առաջին անգամ իրաւական եւ գիտական գետնի վրայ շրջանառութեան մէջ դրաւ իր կողմէ ստեղծուած «ցեղասպանութիւն» (genocide) եզրը, որ ճշմարիտ կերպով կ’արտայայտէր մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութեան գերագոյն աստիճանը: Հետեւաբար՝ ցեղասպանութեան ոճիրը միջազգային իրաւաբանութեան համաձայն դարձաւ օրէնք, որ ենթակայ է հետապնդումի, խափանումի եւ պատիժի:

Թէեւ Օսմանեան Պետութեան ժառանգորդ թուրք պետութիւնը կ’ընդունի թէ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին հայրենաբնակ հայութիւնը մարդկային կեանքի կորուստներ ունեցաւ, բայց ան կը մերժէ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու իրողութիւնը, խուսափելու համար անոր իրաւաբանական, օրինական հետեւանքներէն: Հետեւաբար մեզի կը մնայ ներկայացնել աշխարհին՝ թէ հայութեան դէմ կատարուածը միայն ու միայն կանխամտածուած ցեղասպանութիւն էր:

Ինչպէս անցեալին հրաժարեցան ցեղասպանը դատապարտելէ եւ պատժելէ, նոյնպէս եւ այսօր՝ Թուրքիոյ բարեկամ եւ դաշնակից պետութիւններ կը մերժեն տակաւին առնել գործնական պատժական քայլեր, հակառակ այն իրողութեան որ «ցեղասպանութիւն» եզրը շրջանառութեան մէջ դրուելէ ետք՝ իրաւական գետնի վրայ բազմիզս փաստուեցաւ եւ հաստատուեցաւ թէ’ իրաւաբաններու եւ թէ’ ցեղասպանագէտներու կողմէ, թէ հայութեան դէմ գործուած ոճիրը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ ցեղասպանութիւն:

Մեզի կը մնայ զինուիլ եւ յարատեւ պայքարիլ մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Սփիւռքահայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը շատ զգայուն է այս հարցով քան իր Հայաստանի մէջ ապրող եղբայրներն ու քոյրերը, որովհետեւ քաջատեղեակ է եւ ամէնօրեայ ապրում է իրեն համար այն իրողութիւնը որ ինք ՀԱՅՐԵՆԱԶՈՒՐԿ է, եւ չի կրնար իր գոյութիւնը պաշտպանել եւ պահպանել առանց հողի: Գերմանացի գոյութենապաշտ (existentialist) իմաստասէր՝ Մարթին Հայտեկկըր (Martin Heidegger 1889-1976) իր «Գոյութիւն եւ Ժամանակ» (Sein und Zeit) գիրքին մէջ շատ յստակ կերպով կը վերլուծէ եւ կը շեշտէ թէ մարդ չի՛ կրնար իր գոյութիւնը (ինքնութիւնը) պահպանել առանց հողի: Հայ ժողովուրդն ալ իր պատմութեան դառն փորձառութենէն գիտէ, որ կարելի չէ ինքնութիւն ստեղծել օտար հողի վրայ:  Հայրենական հողի բացակայութեան հետեւանքով՝ պատմութեան ընթացքին կազմալուծուեցան եւ առ յաւէտ  կորսուեցան մեր սփիւռքեան բոլոր մեծ եւ փոքր գաղութները:

Ցաւալին հոն է որ մեր սփիւռքեան ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու կամ հաստատութիւններու միջոցաւ, եւ ահաւասիկ այս իրողութեան ամենէն նոր փաստը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կալուածային դատն է, ուր այս վերջինը կը պահանջէ կաթողիկոսանիստ Սիս մայրաքաղաքի իր սեփական կալուածները թուրքական եւ միջազգային դատարաններու միջոցաւ, որուն հակադարձ պատասխան տուաւ անմիջապէս Քոզան-ի (Սիս) քաղաքապետ՝ Մուսա Էօզթիւրք, ըսելով որ խնդրոյ առարկայ վանքը կը պատկանի Քոզանի Քաղաքապետարանին եւ ոչ ոքի տալիք տարածք ունի: Ըստ քաղաքապետին, Լոզանի համաձայնագիրին մէջ նշուած է. «Ոչ իսլամները պէտք է վեց ամսուան ընթացքին գային եւ իրենց ունեցուածքին տէր կանգնէին: Այդ օրէն ի վեր, այն բոլոր կալուածները, որոնք անտէր մնացած են, անցած են գանձարանին, իսկ այնտեղէն ալ՝ մեզի» :

Ահաւասիկ քաղաքական պոռնկութեան լաւագոյն ցուցանիշներէն մին:  Մուսա Էօզթիւրք (որ թարգմանի՝ հարազատ թիւրք) կ’ակնկալէր որ ցեղասպանութեան ենթարկուած, անապատներու մէջ անօթի-ծարաւ ջախջախուած հայեր իրենց գերեզմաններէն ելլելով գային եւ տէր կանգնէին իրենց հայրենի հողերուն: Կարելի՞ է նման արիւնարբու օսմանցիի հարազատ զաւկին հետ սեղան նստիլ եւ հասկցուիլ:

Թուրքական քաղաքական մտածողութեան այս դրսեւորումը առիթ պէտք է ըլլայ մեզի անդրադառնալու՝ որ մեր համազգային կեդրոնացած միասնական ուժերով, այլ խօսքով՝ լիարժէք ներկայացուցչական մարմնով յառաջ տարուելիք իրաւական պահանջատիրութիւնը շատ աւելի գործնական յաջողութեան կրնայ հասնիլ, քան անձնական նախաձեռնութիւնները:  Այս ըսելով՝ երբեք չենք փափաքիր ստորագնահատել կամ թերագնահատել կատարուած աշխատանքները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան նաեւ իրենց դրական բաժինը բերել մեր  Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ պահանջատիրութեան աշխատանքին մէջ:

Իրաւական հեղինակութեան պակասը զգալի է՝ որովհետեւ ներկայ պայմաններու տակ բազմագլուխ պահանջատիրութեան եւ անկազմակերպ աշխատանքի մը առջեւ կը գտնենք մենք զմեզ: Դժբախտաբար չունինք եւ չկրցանք ստեղծել կեդրոնական մարմին մը կազմուած դիւանագէտներէ, քաղաքաքէտներէ, իրաւաբաններէ եւ ցեղասպանագէտներէ,  որ լիազօրուած ըլլայ ներկայացնելու մեր հողային պահանջը միջազգային ատեաններու առջեւ պետական մակարդակով:  Այնքան ատեն որ չենք կրնար համախմբուիլ որպէս պահանջատէր մէկ ձայն, մեր բոլոր աշխատանքները կրնան հարցականի տակ մնալ եւ ամլութեան դատապարտուիլ:

Չենք կրնար երբեք ուրանալ այն կարեւոր դերը զոր Հայաստանի պետութիւնը պիտի ունենայ մեր պահանջատիրութեան աշխատանքին մէջ, նամանաւանդ նկատի ունենալով անոր պետական կառոյց լինելու հանգամանքը միջազգային քաղաքական յարաբերութեանց մէջ, որպէս լիազօր մէկ անդամը պետութիւններու միջազգային ընտանիքին: Նոյն ատեն պէտք է նկատի ունենալ ա’յն իրողութիւնը՝ որ Հայաստան, մեկնելով իր պետական շահերէն, մինչեւ այսօր ո’չ մէկ յայտարարութիւն կատարած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ հողային պահանջատիրութեան մասին:

Տակաւին ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան, թուրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի խմբագրին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին, բացայայտօրէն յայտարարեց որ Հայաստան միայն կը հետապնդէ եւ կը պահանջէ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հետեւաբար ո’չ մէկ հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն: Նոյն մօտեցումը ցուցաբերեցին նաեւ իր նախորդները, դիւանագիտական լռութեամբ ըսելու որ յետագային կը ներկայացնենք նաեւ մեր հողային պահանջատիրութիւնը. քաղաքական տհասութիւ՞ն թէ ինքնախաբէութիւն: Մենք կը փորձենք հասկնալ այդ քաղաքական ճարպիկութիւնը, սակայն եւ այնպէս նոյն ատեն  կը փորձենք նաեւ զսպել մեր խոր վրդովմունքն ու ցասումը, որովհետեւ որպէս տարագիր հայութեան ժառանգորդները չենք փափաքիր որ մեր հողային պահանջը քաղաքական սակարկութեան դրուի՝ արատաւորելով մեր արիւնաթաթախ նահատակներու սրբազան կտակը:

Բայց ին՞չ է պահանջատիրութիւնը որուն մասին կը խօսինք. դրա՞մ, տո՞ւն, վաճառատո՞ւն, եկեղեցի՞, վա՞նք:  Ո’չ ոք այլեւս ետ կրնայ բերել մեր մշակութային գանձերը եւ ո’չ ալ մեր մարդկային կորուստի ահաւորութեան առթած ծանրակշիռ հետեւանքները: Կը կարծեմ որ իւրաքանչիւր տարագիր հայորդիի համար պէտք է յստակ ըլլայ պահանջատիրութիւնը՝  ՀՈՂ, ՀՈՂ, ՀՈՂ — բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան եւ Հայկական Կիլիկիա:

Ժամանակն է որ զգացական ելոյթներէն, հադիսութիւններէն եւ ոգեկոչումներէն անդին անցնինք, եւ որպէս իրաւազրկուած ժողովուրդ՝ հասարակական կամք արտայայտող մէ՛կ կառոյցով հրապարակ իջնենք եւ միջազգայնացնենք մեր հարցը, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ նոյնիսկ համամարդկային տեսիլքի վերածենք ցեղասպանութեանց ի սպառ վերացման խնդիրը մեր մոլորակի երեսէն, որպէսզի աշխարհ զերծ մնայ նորանոր ցեղասպանութիւններէ, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին այսօր «քաղաքակիրթ» պետութիւններու աչքին առջեւ:

Մեր պահանջատիրութեան անհրաժեշտութենէն ելլելով, պէտք է չէզոքացնենք թուրքերու հակահայ քարոզչութիւնը, որուն նպատակն է աղաւաղել հայուն դիմագիծն ու պատմութիւնը եւ իւրացնել անոր ազգային արժէքները:

 

Հերթը մի պահ քոնն է հիմա, ո՜վ Հայ Ժողովուրդ:

 

0

Write a Comment