Կռո’ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ.
Կռո’ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս:
(Կոմիտաս Վրդ.)
Աշխարհը շարժման մէջ է եւ ժողովուրդներ դարերու ընթացքին միշտ ալ գաղթած են աւելի լաւ կենսական պայմաններ որոնելու համար: 2010 թուականի վիճակագրութեան համաձայն, 214 միլիոն մարդ, այլ խօսքով 3 տոկոսը աշխարհի բնակչութեան, կ’ապրի իր երկրէն դուրս. երեւոյթ մը որ կը մտահոգէ թէ՛ զարգացած եւ թէ՛ զարգացման ընթացքի մէջ եղող երկիրները: Մտահոգութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ գաղթողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ կանայք են, որոնք սերունդ պիտի հասցնէին իրենց տուեալ երկիրներուն մէջ:
Գաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը թողու իրենց երկիրը, փնտռելու համար տնտեսական եւ ընկերային աւելի լաւ պայմաններ: Տնտեսական պայմաններ փնտռող անձերը ամենաստուար խումբն են գաղթականներու: Համաշխարհայնացումը (globalization) պատճառ կը դառնայ որ աշխատող ոյժեր շարժման մէջ ըլլան, նոյն ատեն պատճառ ըլլալով աշխատող դասակարգի ծննդաբերութեան աճումի կանխարգիլումին, որուն մասին պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով:
Միջազգային Գաղթականական Կազմակերպութեան (International Organization for Migration) համաձայն, միլիոնաւոր մարդիկ կը գաղթեն այսօր առանց օրինական թուղթեր ունենալու: Նմանօրինակ գաղթականներ, շատ յաճախ կը ձեռնարկեն վտանգաւոր ճամբորդութեանց, ինչպէս է պարագան՝ այս օրերուն Ափրիկէէն Միջերկրական Ծովու վրայով դէպի Եւրոպա հասնիլ փափաքող անհամար գաղթականներուն, որոնք յաճախ թիրախ կը դառնան մաքսանենգներու, եւ պարտաւորուած կ’ըլլան աշխատելու եւ ապրելու շատ վատ եւ վտանգաւոր պայմաններու տակ:
Վերջին կէս դարուն, նկատելի դարձած է որ կանայք շատ աւելի կը գաղթեն քան թէ այր մարդիկ: Կանայք այսօր գաղթականներու 50 տոկոսը կը կազմեն ընդհանրապէս, սակայն կարգ մը երկիրներու մէջ անոնց թիւը կը բարձրանայ 70 կամ 80 տոկոսի: Անոնք պարտաւորուած կ’ըլլան աշխատելու շատ աւելի նուազ աշխատավարձք վճարող գործերու մէջ, ինչպիսին են տնային սպասաւորութիւնը, եւ հետեւաբար ենթակայ խոշտանգումներու, առեւանգումներու եւ բռնաբարութեանց: Կանայք մանաւանդ զոհ կը դառնան սեռային մարմնավաճառութեան, որ նկատուած է պիլիոններ արժող համաշխարհային գործառնութիւն մը: Դժբախտաբար մարմնավաճառ այս կանայք ենթակայ են սեռային խոշտանգումներու, բռնակալութեան, սեռային ախտերով վարակման եւ շատ յաճախ՝ միջոցն ալ չեն ունենար բժշկական խնամքի: Դժբախտաբար այս վիճակին մէջ են նաեւ հայ կանայք, որոնք կ’երթան Թուրքիա կամ Արաբական երկիրներ՝ «գործ փնտռելու» նպատակով…: Կարդացէ՛ք հայկական եւ թուրքական մամուլը, որոնք լայնօրէն կ’անդրադառնան տխուր այս իրողութեան: Ո՞վ է մեղաւոր…
Կայ նաեւ դրական երեսը գաղթականութեան: Գաղթականութիւնը շատ յաճախ ժամանակաւոր է, եւ բոլոր անոնք որոնք կ’արտագաղթեն՝ կը պահեն կապը իրենց հայրենիքին հետ: Մինչ գաղթականներ կարեւոր ներդրումներ կը կատարեն զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ, նոյն ատեն սակայն անոնք նիւթական, ճարտարարուեստական եւ ընկերային ներդրումներ կ՛ունենան նաեւ իրենց հայրենիքէն ներս, նպաստելով հայրենիքի տնտեսական յառաջխաղացքին, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնեն այնտեղ տիրող աղքատութիւնը: Գաղթականներու ներդրումը մեծ դրամագլուխ է մանաւանդ նոր զարգացող երկիրներուն համար, նամանաւանդ նախկին Խորհրդային համայնավար հանրապետութիւններէն ներս: Որքանո՞վ կրնանք ըսել որ նոյնն է պարագան Հայաստանի համար:
2013-ի միջազգային տուեալներու համաձայն, առաւել քան 500 պիլիոն տոլար փոխադրուած է դէպի նոր զարգացող երկիրները, եւ տնտեսագէտներու համաձայն՝ այդ գումարը կ’աճի տարուէ տարի: Դժբախտաբար մեր ցաւը մեր տան մէջ է, այսինքն մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ Է: Երկիրը մօտ է արդէն ժողովրդագրական աղետալի վիճակի: Հայաստանի Վիճակագրական Ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2013 թուականի Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն մեկնած է 1 միլիոն 888 հազար 165 մարդ, իսկ երկիր վերադարձողներուն թիւը եղած է 1,780,160 մարդ: Այլ խօսքով 108,005 մարդ չէ վերադարձած հայրենիք: Այս թիւերը հայութեան համար ազգային աղէտ պէտք է նկատել:
Ահաւասիկ ուրիշ իրական տխուր արտագաղթի պատկեր մը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գաղթականական Գրասենեակի տուուեալներուն համաձայն, (Diversity Visa Program) ժողովրդային հասկացողութեամբ՝ Վիճակախաղի ծրագրով (Lottery Program) դիմող Հայաստանցիներուն թիւերը եղած են հետեւեալները.- 2007-ին, 33169 անձ, 2008-ին, 35935 անձ , 2009-ին, 38714 անձ , 2010-ին, 34892 անձ , 2011-ին, 41296 անձ , 2012-ին, 52434 անձ , 2013-ին, 55548 անձ: Շուտով լոյս կ’ընծայուին նաեւ վիճակախաղի ծրագրին 2014 թուականի արդիւնքները:
Հայաստանի իշխանութիւններուն տեսակէտը այն է, որ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար. ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին – թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով -, սակայն բոլոր անոնք որոնք եւրոպական երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ:
Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան՝ անկախութեան տարիներուն: 1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ) մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը, եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինչեւ Արեւմտեան ափերը:
Արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը 1946-47 տարիներու ընթացքին Հայաստան ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին, ինչպէս նշած էինք մեր նախորդ յօդուածին մէջ: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապեր ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին, առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին:
Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային՝ ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ: Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան:
Ճիշդ է որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ Հայրենիքին եւ մանաւանդ առաւել տխուր՝ հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ այսօր չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Ի՞նչ կարելի է սպասել իր երազը կորսնցուցած ժողովուրդէն:
Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը: Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:
Հետեւաբար ի՞նչն է որ մեզ կրնայ փրկել այս ազգային գահավիժումէն: Ահաւասիկ մեր առաջարկները.-
1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներու համաձայն:
2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները:
3.- Առողջապահութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել:
4.- Օրինականութիւն. Ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն, կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանականութեան:
5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ:
6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ:
7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը:
Վերեւ յիշատակուած առաջարկները Հայրենի Պետութեան ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս է՛ նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով՝ կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահրաւէրները, ինչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնը, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:
Հայրենի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ, դատապարտելի է ըստ ամենայնի: Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած համակերպող անպատասխանատու լռութիւնը մասնաւորաբար մեր նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն կողմէ, որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը: Անոնց բարոյական պարտքն է, քաջաբար մատնանշել պետական իշխանութեանց սխալները եւ յորդորել, ի հարկին նաեւ պահանջե՛լ, որ անոնք զգաստանան եւ ուղղեն իրենց ընթացքը՝ յանուն երկրին եւ ժողովուրդին վերին, յաւիտենական շահերուն:
Ժամը հասած է ու չենք կրնար, եւ իրաւունք ալ չունինք, իրականութիւնը դիտել մեր մատներու արանքէն: Կրնա՞յ ըլլալ որ կորսնցուցած ենք տոկալու եւ պայքարելու բնազդը: Պէտք է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն հայրենիքը փրկելու համար: Անգամ մը եւս կ’արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի սրտամորմոք խօսքերը. «Արտագաղթը հայրենիքից 1915 թուի ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»: Պիտի արթննա՞նք արդեօք մեր մահաքունէն: