0
ԺԱՄԱՆԱԿԱՎՐԷՊ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՎՐԷՊ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ոչ փող զարկինք, ոչ արձագանգ լեռնասոյզ,

           Սարէ ի սար չարաշշուկ տարին լուր.

            Ու չերգեցինք ողբոց երգեր սրտայոյզ,

            Երբ պատանւոյն բացինք մռայլ փոսին դուռ:

                                                                                                                    (Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան)

 

Վերջին հարիւրյիսուն տարիներու ընթացքին մեր ազգային կեանքը լեցուն է յեղափոխական շարժումներով, որոնք արդիւնք էին հայերու դէմ կատարուած անմարդկային բռնութիւններու, կողոպուտին ու անողոք սպանդներուն եւ կոտորածներուն: 19րդ դարու հայ իրականութեան ամենէն տիրական դէմքերէն Խրիմեան Հայրիկ՝ Պերլինի վեհաժողովէն ստացած իր յուսախաբութենէն ետք,  բողոքի ձայն բարձրացուց եւ իր «երկաթէ շերեփ»ի անփոխարինելի պատգամով բացայայտ կոչ մը ըրաւ իր ժողովուրդին՝ իր փրկութիւնը յեղափոխութեան եւ զէնքի մէջ փնտռելու: Յաջորդաբար, ազգային գործիչներ եւ գրիչներ՝ Ռափայէլ Պատկանեան, Միքայէլ Նալբանդեան, Րաֆֆի, Մկրտիչ Փորթուգալեան, Արփիար Արփիարեան, Քրիստափոր Միքայէլեան, Աւետիս Ահարոնեան եւ տակաւին շատեր, 19րդ դարու վերջերուն հայ երիտասարդութեան գաղափարական խմորումին մշակները դարձան եւ զարկ տուին հայ յեղափոխական շարժումներուն:

Շատ հակիրճ պատմականով մը անդրադառնանք մեր յեղափոխական կուսակցութիւններու պատմութեան:

  1. Ֆետայական (հայդուկային) շարժումներ 1880-ական թուականներուն.- Հերոսներ պայքար կը մղէին թուրք եւ քիւրտ հրոսակներու դէմ, որոնք սանձարձակ կը կեղեքէին Հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար գաւառներու մէջ:
  2. Արմենական Կուսակցութիւն.- 1885-ին կը ծնէր առաջին քաղաքական, ազատագրական կուսակցութիւնը Վանի մէջ, որ թէեւ միակ անհատ հիմնադիր մը չունէր, բայց Փորթուգալեանի գաղափարախօսութեան շունչով պատրաստուած եւ ներշնչուած երիտասարդութիւն մը հիմնեց զայն, որուն գլխաւոր նպատակը եղաւ « Թիւրքիայի հայ ժողովրդեան համար իրաւունք ձեռք բերել, ինքզինք ազատօրէն կառավարելու, որով միայն կարող կը լինի իբրեւ մարդ ապրելու միջոցներ գիտնալ եւ զանոնք գործադրել ժամանակի պահանջմանց համեմատ»:
  3. Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն .- հիմնուած 1887-ին Ժընեւի մէջ: Կարճ ժամանակի մէջ ունեցաւ մասնաճիւղեր Թուրքիոյ տարածքին, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Պարսկաստանի, Ռումանիայի, Պուլկարիայի եւ Եգիպտոսի մէջ: Անոր քարոզչութեան առանցքը կը կազմէր «Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը եւ անկախ պետականութեան ստեղծումը»:
  4. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն.- Հիմնուած է Թիֆլիսի մէջ 1890-ին: Կուսակցութեան գլխաւոր նպատակը եղած է համախմբել ժողովուրդը ձեռք բերելու համար քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւն Արեւմտահայաստանի մէջ: Կուսակցութեան քարոզչութեան գլխաւոր նպատակը եղած է «Հայկական Հարցի լուծումը, Արեւմտեան Հայաստանի  մէջ ինքնավարութիւն ստեղծելով»:
  5. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն.- Հիմնուած է 1908-ին, իր շարքերուն մէջ ներառնելով Վերակազմեալ Հնչակեան եւ Արմենական Կուսակցութեանց անդամները: Նորակազմ կուսակցութեան հիմնական սկզբունքները եղած են « ջատագով կանգնիլ ազգային իրաւունքներու պահպանման եւ զուտ վարչային ապակեդրոնացման դրութեան

Օսմանեան կայսրութեան մէջ տիրող անարդարութեան ու բարբարոսական կեղեքումին դէմ պոռթկացին եւ զէնք բարձրացուցին  մեր կուսակցութիւններու հերոսները եւ անոնցմէ շատեր գիտակցաբար եւ մարտիրոսաբար զոհուեցան Հայ ժողովուրդի պայծառ ապագայի տեսլականով ու բոլորն ալ արժանի են մեր խոր յարգանքին, եւ կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առջեւ:

Այս յօդուածը որեւէ ձեւով պիտի չփորձէ անդրադառնալ ներքին կռիւներու եւ պայքարներու, ինչպէս նաեւ եղբայրասպան կռիւներու, որոնք դժբախտաբար ջլատեցին մեր ոյժերը եւ աւելիով թիրախ դարձուցին մեզ թշնամիին անյագ ոխակալութեան:   Կ’արժէ միայն յիշատակել այստեղ, թէ 1908-ին՝  Թուրքիա տակաւին Սահմանադրութեան մէկ տարին չբոլորած, նախորդ համիտեան նախճիրներէն եւ կոտորածներէն զերծ մնացած Ատանան՝ նշաւակ դարձաւ Երիտ-Թուրքերու ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան: Սահմանադրական նոր կարգերու յայտարարութեան ատեն բաւականին էր թիւը մեր քաղաքական ղեկավարներուն, որոնք միամիտ լաւատեսութեամբ եւ վստահութեամբ ողջունեցին նոր կարգերը, մասնակցեցան ցոյցերու, առանց անդրադառնալու որ արիւնարբու, մոլեռանդ եւ նենգամիտ թուրքը չէր կրնար փոխուիլ, ինչ որ ժամանակը փաստեց:

            Եւ վերջապէս պիտի համարձակինք ըսելու, որ տխուր էին քաղաքական կուսակցութեանց ներքին անհասկացողութիւնները. «միութիւն,» «համերաշխութիւն,» «համաձայնութիւն» մնացին օդին մէջ նետուած բառեր եւ երբեք կեանքի չկոչուեցան, որովհետեւ մեզի կը պակսէր հաւաքական  կամքն ու կորովը:

            Ակներեւ է որ մեր կուսակցութիւնները հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը յեղափոխական միջոցներով կ’ուզէին իրականացնել: Հայկական հարցը քաշքշուեցաւ խորհրդաժողովէ խորհրդաժողով: Ո’չ մէկ գերպետութիւն կամք արտայայտեց անկեղծօրէն տէր կանգնելու հայկական անկախ պետականութեան մը իրականացումին՝ մեր պապենական հողերուն վրայ: Ամերիկան, որ այդքան հետեւած եւ օգնութեան ձեռք երկարած էր որբեր հաւաքելու աշխատանքին մէջ, նիւթական շահ մը չէր գտած Հայաստանի հովանաւորումը (mandate) ստանձնելուն մէջ եւ հետեւաբար մերժած էր: Անգլիան որ միշտ թիկունք կանգնած էր թուրքերուն, անոնց պարտութեան օրերուն իսկ չպնդեց հայերու անկախութեան մասին, իսկ Ֆրանսան շահագործել կ’ուզէր Թուրքիան, եւ ինչպէս պատմութիւնը վկայեց՝ Մարաշի Հայութիւնը կոտորուեցաւ 1920 թուականին երբ Ֆրանսացիներ տակաւին Կիլիկիոյ մէջ էին, որմէ երկու տարի ետք ամբողջապէս պարպեցին Կիլիկիան եւ զայն արծաթեայ սկուտեղի վրայ հրամցուցին թուրքերուն: Այս բոլոր քաղաքական խաղերը շարունակուեցան մինչեւ Լօզանի Խորհրդաժողովը:

            Այս բոլորին մէջ հայ ժողովուրդը իր ազատութիւնը երազեց եւ դիմեց յեղափոխութեան, ինչ որ արդար պոռթկում մըն էր նենգամիտ Թուրք դիւանագիտութեան դէմ, որուն մեղսակից էր  նաեւ Եւրոպան իր անտարբերութեամբ, ոտնակոխելով մարդկային ազնուագոյն սկզբունքներն ու իտէալները:

            Հայերուս համար շատ դիւրին է փնտռել մեր դժբախտութեան պատասխանատուութիւնը օտար պետութեանց շահամոլ քաղաքականութեան մէջ: Պատմութեան առջեւ անհերքելի փաստը պիտի մնայ ա’յն իրողութիւնը, որ հայ ազգի ղեկավարներ, դիւանագէտներ եւ յեղափոխականներ իմաստութիւնը չունեցան համագործակցութեամբ, կեդրոնացեալ միահամուռ ճակատով հետապնդելու Հայկական Հարցը. հետեւաբար մեր ցաւագին վիճակին պատճառները պէտք է փնտռել մեր ներքին տկարութեան մէջ: Այդ տկարութեանց դրսեւորումը տեսանք նաեւ գաղթօճախներու մէջ՝ Պէյրութ, Սուրիա, Եգիպտոս, Աթէնք եւ այլուր տեղի ունեցած եղբայրասպան ահաբեկումներով, որոնք անհասկնալի են մարդկային առողջ մտածողութեան:

            Տարագիր սփիւռքահայեր՝ կորսնցուցած են hայրենիք եւ ծննդավայր, բայց տակաւին իրենց աչքերը կը յառին դէպի Արարատ, որուն ստուերին տակ իր օր աւուր գոյութիւնը կը պահէ վերանկախացած փոքրիկ Հայաստանը, ուր կը գտնուին Արեւմտեան Հայաստանի գաղթականներէն խոշոր զանգուած մը: Այսուհետեւ թերեւս այնքան ալ անհրաժեշտ չեն մեր քաղաքական կուսակցութիւնները Սփիւռքի տարածքին, երբ հայրենիք ունինք ուր կան եւ կը գործեն քաղաքական կուսակցութիւններ:  Սփիւռքին պէտք է Արտասահմանեան Ազգային Ժողով մը (որուն մասին պիտի անդրադառնամ յաջորդ յօդուածով) որպէսզի մէկ ձայնով ներկայացնէ իր արդար դատը համայն մարդկութեան, իսկ ազգային բարեգործական գործերով կրնան զբաղիլ մեր բարեսիրական հաստատութիւնները, նամանաւադ Եկեղեցին որ այդքան թերացած է իր առաքելութեան մէջ:

            Անհրաժեշտ են մեզի նոր ժամանակներու ոգիին համապատասխանող նոր ուղղութիւն եւ դաստիարակութիւն: Այսուհետեւ Հայկական Դատի հետապնդումէն զատ եւ անդին՝ չկայ ա՛յլ քաղաքական գործունէութիւն, որու կողքին՝ սակայն կայ Հայաստանի վերաշինութեան ու ամէն առումով հզօրացման հսկայական աշխատանքը, որուն մէջ մեծ ներդրում պիտի ունենան Արեւմտահայ գաղթօճախները ի սփիւռս աշխարհի: Որքան ալ ներդաշնակ չեն Սփիւռքի հայութեան կապերը հայրենի պետականութեան աշխատանքներուն հետ, այնու հադերձ իւրաքանչիւրիս արեան կանչն է սատարել հայրենիքին՝ մեր կարողութեան չափով:

            Նոյնքան ակնկալելի է որ մեր հայրենի պետութեան ղեկավարները ըմբռնեն սփիւռքահայութեան վիճակը, եւ հեռու մնան վերէն նայելու իրենց հոգեբանութենէն եւ չկաշառեն ու չշոյեն փառասէր եւ փառամոլ «ազգայինները» իրենց առատաբաշխ շքանաշաններով, մեկնելով ընդհանրապէս իրենց անհատական եւ ո’չ ընդհանրական շահերէն:

            Հայաստանի Պետութիւնը պէտք է հասկնայ, որ Հայրենիքի ու Սփիւռքի գաղութներու միջեւ կապը՝ մօր եւ որդիի յարաբերութիւն է, եւ անհրաժեշտ է որ հիմնուած ըլլայ մայրական սիրոյ բոլոր տուեալներուն վրայ, –սիրոյ, գուրգուրանքի եւ քաջալերութեան,– որպէսզի աստանդական հայեր վերադառնան իրենց մօր գիրկը, եւ իրենց հետ բերեն զիրենք հիւրընկալած երկիրներու՝ տնտեսական, գիտական, ճարտարարուեստական բոլոր առաւելութիւնները եւ սատարեն հայրենիքի վերելքին:

            Հետեւաբար՝ դատապարտելի է հատուածական շահեր հետապնդելու մեր հոգեբանութիւնը, ինչ որ կը ջլատէ մեր քաղաքական եւ մարտական ոյժը: Ներկայիս այս հարցը որքան ալ էական նկատուի, տակաւին կարելիութիւն մը դառնալէ հեռու է, որովհետեւ սոսկ փափաքով եւ զգացումներով չենք կրնար առաջնորդուիլ, անհրաժեշտ է միութեան նախանձախնդրութիւն եւ անկեղծութիւն, որոնց բացակայութիւնը զգալի է մեր բոլոր գաղթօճախներուն մէջ:

            Հայ Ժողովուրդը երբեք պէտք չէ մոռնայ թէ ի՜նչ զոհողութիւններու եւ ի՜նչ մարտիրոսութեան գին վճարեց իր ազատութեան պայքարի ճանապարհի ընթացքին: Այս զոհողութիւններն ու նահատակներու մարտիրոսութիւնները պէտք է կորիզը կազմեն մեր ապագայի մտածողութեան: Բարբարոս Թուրքը փորձեց փճացնել հայ ցեղը, ջարդեց, կոտորեց, դէպի անապատները քշեց եւ յաջողեցաւ մոխրացնել հայոց աշխարհը, եւ սակայն չկրցաւ փճացնել ցեղին ապրելու եւ գոյատեւելու բարոյական եւ մտաւորական կորովը:

            Այսօր իրաւունք ունինք հպարտանալու ներկայ Հայաստանով, որ մեր պատմական հայրենիքի մէկ մասն է միայն, եւ իւրաքանչիւր հայ՝ զայն պահելու, սնուցանելու արիութիւնն ու կամքը, հեռատեսութիւնն ու իմաստութիւնը ցոյց պէտք է տայ առանց անտեսելու սփիւռքի ծովածաւալ կարիքները, ուր կ’ապրի հայութեան մեծամասնութիւնը:

             Մեր արդար դատի հետապնդումին համար անհարաժեշտ է որ կեդրոնացնենք մեր ոյժերը, միաձոյլ եւ միաձայն գործունէութիւն պէտք է ըլլայ մեր նոր նշանաբանը, հեռու հատուածական եւ կուսակցական թշնամութենէ եւ ատելութենէ, կարենալ հասնելու մեր նպատակին: Սէր, միութիւն եւ զոհողութիւն պիտի առաջնորդեն մեզ փառապանծ յաղթանակի, որ մեր անիրաւուած ժողովուրդին արդար իրաւունքն է եւ մեր նահատակաց արիւնաթաթախ կտակը:

0

Write a Comment