Թուրք պետութիւնն ու ժողովուրդը, պատասխանատու են
գաղթականներու դիմագրաւած դժուարութեանց համար,
ուր շատեր իրենց կեանքն ու ընտանիքները կորսնցուցին:
(ՓրոֆեսորԱյհան Գայա –Պիլկի Համալսարան)
Այս անշնչացած մարմիններուն սրտաճմլիկ, ողբերգական նկարներուն ի տես, –մէկը ջրամոյն, միւսը՝ սովամահ,– ինչպէս՞ կարելի է չողբալ մարդկային անարդարութիւնը: 2 Սեպտեմբեր 2015 թուականին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին, փոքրիկն Այլան Քըրտիի ջրամոյն եղած անշնչացած մարմինը հասած էր Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան միջերկրականեան Պոտրում քաղաքի Աքեարլար ծովափը: Թուրք մամուլը փորձեց զանազան սրտամորմոք նկարներով արթնցնել մարդկութեան՝ նամանաւանդ Եւրոպական պետութիւններուն խիղճը: Կրնա՞ք երեւակայել նման հակասական երեւոյթ մը — բարբարոս պետութիւն մը որ առանց խղճահարութեան խողխողեց մէկ ու կէս միլիոն անօգնական հայ ժողովուրդը, արմատախիլ ընելով զայն իր հազարամեայ պապենական հայրենիքէն, կը փորձէ արթնցնե՜լ մարդկութեան խիղճը:
Առաջին նկարին հեղինակը Տողան Նիւզ Էճընսիի (Doğan News Agency) աշխատակից խմբագիրներէն Նիլիւֆէր Տէմիրն է (Nilŭfer Demir), որ վերջերս իր հարցազրոյցին մէջ այսպէս արտայայտուեցաւ. «խոր ցաւ զգացի նկարահանած ատենս եւ ուզեցի որ աշխարհ նոյն այդ ցաւը զգայ»: Նիլիւֆէրին պէտք է հարց տալ թէ արդեօք ի՞նչ ցաւ պիտի զգար եթէ նկարահանած ըլլար երկրորդ նկարը, որ հայ քրիստոնեայ սովամահ մանուկի մը նկարն է, եւ ի՞նչ պիտի ուզէր ընել մարդկութեան խիղճը արթնցնելու համար: Թէ ե’կ վարդապետ եւ մի’ խենթանար…….
Ուրիշ Թուրք մամլոյ աշխատակից մը՝ Պէլկին Ագաթլան, Տէյլի Նիւզ-ի (Daily News) մէջ կը նկարագրէ թէ ի՜նչ ահաւոր ողբերգական ապրումներ ունեցած են զինուորները, երբ հասած են ծովեզերք եւ տեսած մանուկին անշնչացած մարմինը, եւ ներկայ զինուորներէն մէկը կը վկայէ թէ այս տխուր տեսարանը յիշեցուցած է իր հարազատ զաւակը: Կատակերգութի՞ւն թէ ողբերգութիւն: Ո՞ւր էր այդ թուրք զինուորին խիղճը երբ իր արենակիցը եաթաղանով պատռեց հայ մօր արգանդը եւ դուրս հանեց չծնած փոքրիկը եւ զայն գնդակի նման նետեց սովահար շուներուն առջեւ:
Իսկ կատակերգութեան գլուխ գործոցը, ըստ թուրք նախագահական պալատի խօսնակին, նախագահ Էրտողանի հեռաձայնային յայտարարութիւնն էր երբ ան կը խօսէր ծովամոյն եղած մանուկին հօր՝ Ապտիւլլա Քուրտի-ի հետ. « Երանի՜ մնայիր մեր հիւրը եւ չփորձէիր հարազատներդ տանիլ օտար երկիր: Այդ երկու ծովամոյն երախաները, որքան քուկդ՝ նոյնքան ալ մեր երախաներն էին, եւ կինդ՝ մեր քոյրը»: Կրնա՞յ ըլլալ որ նոյն ապրումները պիտի ունենար տեսնելէ ետք երկրորդ նկարը եւ յայտարարէր. «Երանի՜ մնայիք ձեր պապենական հողերուն վրայ եւ շէնցնէիք երկիրը ինչպէս հազարաւոր տարիներ ձեր նախահայրերը շէնցուցին»: Ո՜հ ինչ անարդարութիւն եւ հեգնանք…….
Մինչ անդին՝ որքա՛ն մարդկային է մօտեցումը փրոֆեսոր Այհան Գայայի, որ ի տես տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու հոսքին Թուրքիոյ ճամբով դէպի Եւրոպա՝ կը յայտարարէ. «Ընկերութիւնը ընդհանրապէս կը զուգորդէ, կը նկարագրէ գաղթական բառը որպէս ներհոսում, գրաւում, ասպատակութիւն եւ ողողում: Բոլոր այս բառերը կը գործածուին ընդհանրապէս երբ կը նկարագրենք բնութեան արհաւիրքները: Դժբախտաբար նման նկարագրումներ մեզի մոռցնել կու տան որ հարցը՝ մարդ արարածին հետ է, որ կը փախչի իր երկրի դժուարութիւններէն եւ դժբախտութիւններէն եւ կը փորձէ ապահով վայրի մը մէջ ապագայ մը գտնել իր ընտանիքին համար: Ի վերջոյ մարդ արարածը թիւ մը չէ, եւ որքան ատեն որ զիրենք նկատի կ’ունենանք որպէս թիւ՝ այդքան անմարդկային վարկանիշ կու տանք անոր, ինչ որ զիս կը սարսափեցնէ»: Ահաւասիկ՝ մի՛ւս թուրքը……
Դժբախտաբար այս է մարդոց մօտեցումը գաղթականներու նկատմամբ, ըլլան անոնք քաղաքագէտներ, մամլոյ գրիչներ, ակադեմականներ կամ մասնագէտներ, որոնք իրենց բաժինը կը բերեն գաղթական մարդ արարածը ապամարդկայնացնելու (dehumanize), որովհետեւ զայն կը նկատեն վտանգ մը իրենց երկիրներու ընկերային-տնտեսական եւ հասարակական ապահովութեան համար:
Պատմութեան ընթացքին նկատած ենք Թուրք պետութեան երկչոտ քաղաքականութիւնը նամանաւանդ անոնց նկատմամբ որոնք տարբեր են իրմէ՝ կրօնական, մշակութային եւ ցեղային գետնի վրայ: Եւ այս երեւոյթը չի վերաբերիր միայն գաղթականներուն որոնք Թուրքիա կ’ապաստանին, այլ նաեւ՝ փոքրամասնութիւններուն (Հայ,Յոյն, Ասորի,Ալէվի, Քիւրտ, Զազա, Չէրքէզ): Թուրք պետութեան քաղաքականութիւնը եղած է միշտ թշնամի, անհանդուրժող ըլլալ բոլոր անոնց՝ որոնք տարբեր են իրենց ցեղային, կրօնական եւ մշակութային պատկանելիութեամբ:
Ի՜նչ խղճի եւ ի՜նչ արդարութեան մասին կը խօսին թուրքը ժողովուրդը եւ մանաւանդ թուրք պետութիւնը: Ամէն բանէ առաջ մարդ պարտաւոր է ի՛ր խիղճը արթնցնել՝ ուրիշին խիղճը արթնցնելէ առաջ, եթէ կը փափաքի այս անցաւոր կեանքը վերածել դրախտային ճամբորդութեան մը դէպի յաւիտենականութիւն: