0
Ո՞ՒՐ Է ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Ո՞ՒՐ Է ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Ո՞վ պատասխան պիտի տայ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատրիարք Կիրիլի յայտարարութեան եթէ ոչ  Եպիկոպոսկան Ժողովի համանախագահ՝ երկու կաթողիկոսները: Բոլորիս ծանօթ է հայկական մամուլէն  որ  անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ ժողովրդական մեծ վրդովմունք յառաջացուց համայն Ռուսաստանի Պատրիարք Կիրիլի ա՛յն յայտարարութիւնը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու հանդէպ ո’չ մէկ հալածանք կատարուած է: Այնուհետեւ որքան ալ պարզաբանումներ կատարուեցան Ռուս Եկեղեցւոյ բանբերին կողմէ, չկարողացանք համոզուիլ ու ապա չհասկցանք թէ ի՞նչ էր շարժառիթը այս նորելուկ յայտարարութեան:

            Ներկայի քաղաքական փափուկ եւ զգայուն պայմաններու ներքեւ, կը փորձենք հասկնալ եւ չենք ակնկալեր որ հայրենի պետութիւնը այս տխրահռչակ յայտարարութեան վերաբերեալ որեւէ մեկանաբանութիւն կատարէ, նամանաւանդ երբ պաշտօնապէս «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» պարզաբանումներ կատարուեցան Ռուս Եկեղեցւոյ բանբերին կողմէ:

            Սակայն եւ այնպէս ո՛չ թէ անհասկնալի`  այլեւ դատապարտելի է նուիրապետական մեր երկու Աթոռներուն՝ Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ գահակալներուն լռութիւնը:   Տակաւին երէկ էր՝ ուխտեցինք յանուն մեր նահատակներուն պահպանել մեզի աւանդ թողուած ամէն սրբութիւն: Հարիւրամեակի հոգեպարար հանդիսութիւններուն, աննախընթաց քայլարշաւներուն, գիտաժողովներուն, հազարաւոր հանդիսութիւններուն  ոտնաձայները կը լսենք տակաւին:  Մեր սրբացած նահատակներու յիշատակին վարած մեր մոմերը տակաւին կը պլպլան: Սրբատաշ հայկական տաճարներուն մէջ տակաւին կը ճենճերին խունկի հոտն ու աղօթքի մրմունջները:  Այս բոլորին «գիտակից» մեր հոգեւոր ղեկավարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ լուռ մնալ մեր նահատակներուն յիշատակը արատաւորող այսպիսի խեղաթիւրուած յայտարարութիւններու նկատմամբ:

Ս. Էջմիածնի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Տ. Վահրամ Մելիքեան քահանայի հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը նոյնքան անհանգստացուցիչ է  եւ կը փոթորկէ մեզ իր այդքան տժգոյն, աժան եւ ողորմելի մեկնաբանութեան համար. «Մի բան յստակ է, որ պէտք չէ աւելորդ տեղը քաղաքականցնել այս ամէնը:  Որովհետեւ միայն մի արտայատութեամբ, որը նաեւ կոնտեքստից դուրս է հանւում, դատել ամբողջ եկեղեցու դիրքորոշման մասին, կարծում եմ, տեղին չէ:  Առաւել եւս, որ այդ եկեղեցու դիրքորոշումը տարբեր առիթներով եւ տարբեր կերպերով մշտապէս արտայատուել է, եւ զօրակցութիւն ցուցաբերուել է թէ’ հայ ժողովուրդին, թէ’ հայ եկեղեցուն եւ թէ’ մեր հայրենիքին»:

            Ի՞նչն է որ պիտի քաղաքականացնենք:  Բացարձակ ճշմարտութեան մը խեղաթիւրումը պարզապէս բարոյական ապտակ մըն  է մեր ժողովուրդին ուղղուած, այդ ալ անմիջապէս հարիւրամեակէն ետք:  Մեր նպատակը պատմութեան դաս տալ չէ, այլ պարզապէս չէինք ակնկալեր որ համայն Ռուս Եկեղեցւոյ պատրիարքը կրնայ նման պատմական խոշոր սխալ մը թոյլ տալ, այդ ալ այս օրերուն, երբ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհը դէմ յանդիման կը կանգնի իսլամական նոր արշաւանքներու, որոնք կը միտին  տապալել  քրիստոնէական եւ բարոյական ամէն ազնիւ սկզբունք:

            Բացէք Օսմանեան պատմութեան էջերը եւ տեսէք թէ ինչպէս Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ զաւակներ բռնի կերպով իսլամացան պալքանեան բոլոր երկիրներու տարածքին:  Բիւզանդական Կայսրութեան մնացորդ յոյներ, Հայկական Բաձրաւանդակին վրայ հազարմեայ բնակութիւն հաստատած հայեր, ասորիներ ինչպիսի արհաւիրքներէ եւ սպանդներէ անցան իրենց քրիստոնէական կրօնքը չուրանալու համար, շատեր ալ իսլամացան, որոնց մասին տակաւին նոր գրեցինք մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ: Եւ այս բոլորը գիտնալով յայտարարել թէ Օսմանեան պետութեան տիրապետութեան տակ քրիստոնեաներ չեն հալածուած,–ինչ որ բացարձակ իրողութիւն մը է եւ  տակաւին  այսօր իսկ կը շարունակուի, Օսմանեան Պետութեան արժանաւոր յաջորդ եւ ժառանգորդ Թուրք պետութեան կողմէ,– անընդունելի է:

            Չի բաւեր կարծէք պատմական այս խոշոր խեղաթիւրումը, արտասանուած Ռուսաց պատրիարքին կողմէ, ահաւասիկ Մայր Աթոռի բանբերը եկած է արդարացնելու եղածը եւ մեզի դաս տալու որ չքաղաքականացնենք հարցը:  Ո՛հ ի՜ նչ ստրկամիտ հոգեբանութիւն:  Անհանգիստ են մեր նահատակներուն ոսկորները….

            Թէեւ այդքան ալ պէտք չէ զարմանանք կատարուածին վրայ, որովհետեւ շատ մօտիկ անցեալին, ցարական իշխանութեան միջամտութեամբ, որքա՜ն ստրկացուցին Հայ Եկեղեցին, որուն՝ դժբախտաբար՝ անհատական եւ փառասիրական շահերէն մեկնելով իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերաւ տխրահռչակ Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Յովհաննէս Ը. Կարբեցին, որ իր նպատակին հասնելու համար ենթարկուեցաւ Ռուսաց տէրութեան եւ մեզի պարտադրուեցաւ Պոլոժէնիէն, որպէս Հայ Եկեղեցւոյ նոր կանոնագրութիւն: Նիւթէն շեղած կ’ըլլանք եթէ աւելի մանրամասն խօսինք այս տխրահռչակ կանոնագրութեան մասին, որ ամբողջութեամբ  եղծեց Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական պատկերը:

             Պատմութենէն մեզի ծանօթ է որ Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ սկզբունքն է եկեղեցական իշխանութիւնը ենթարկեալ նկատել, եւ պետութիւնը ճանչնալ որպէս կրօնական եւ քաղաքական յարաբերութեանց գերագոյն վարիչ: Կարծէք մեր Մայր Աթոռի ներկայ վիճակը հայելին է այդ օրերու Ռուս Եկեղեցւոյ քաղաքականութեան: Նոյն ատեն դարձեալ պէտք է յիշեցնել, որ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցին, բիւզանդական ըմբռնումներէն ժառանգուած՝ Հայ Եկեղեցին կը նկատէ աղանդաւոր, այսինք Եւտիքեան, հակառակ ա՛յն իրողութեան որ Հայ Եկեղեցին նզոված է Եւտիքէսը:

            Գիտակցելով վերեւ յիշատակուած բոլոր իրողութեանց, կը կարծենք որ Մայր Աթոռը պիտի չկարենայ բարձրացնել իր պաշտօնական ձայնը, որովհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը որպէս եկեղեցական իշխանութիւն ենթակայ է պետութեան եւ այսօր քաղաքական այս պայթուցիկ օրերուն չենք ակնկալեր որ իր խօսքը ըսէ: Սակայն եւ այնպէս չենք ալ ուզեր լսել արդարացուցիչ շինծու գնահատականներ:

            Արտասահմանի մէջ նոյնը չէ պարագան, ուր կ’ապրի հայութեան մեծամասնութիւնը, որոնց ստուար մէկ մասը ժառանգորդներն են ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայութեան բեկորներուն:  Հետեւաբար՝ պարտաւորութիւնը կը ծանրանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի վրայ, որ երկար տարիներ վարած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (World Council of Churches) կեդրոնական վարչութեան ատենապետութիւնը, եւ տակաւին մօտէն հետեւելով՝ իր գործօն մասակցութիւնը կը բերէ անոնց աշխատանքներուն:  Որպէս ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու զաւակ, կրկնակի պարտաւորութիւն ունի բարձրաղաղակ դատապարտելու եւ զգաստութեան հրաւիրելու Կիրիլ Պատրիարքը:  Ռուս Եկեղեցին, որպէս մէկ բաժինը քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցւոյ, իրաւունք չունի զանազան քաղաքական հաշիւներէ ելլելով՝ պատմականօրէն փաստուած ցեղասպանութեան եւ բռնի կրօնափոխութեան դէպքերը խեղաթիւրելու:

            Ռուս Եկեղեցին  պարտաւոր է Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի տառապանքներու հանդէպ իր դիրքորոշումը անգամ մը եւս յստակացնելու եւ գործնականապէս ցոյց տալու որ ան, որպէս աւագ եղբայր, յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ իր փոքր եղբօր նկատմամբ որ տակաւին կը սպասէ արդարութեան….

0

Write a Comment