0
ՈՃԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ՈՃԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Աւելի պատշաճ եւ ճշգրիտ պիտի ըլլար ըսել, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ դարաւոր բնիկ ժողովուրդի մը մշակութային գանձերու աւերն ու կողոպուտը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կանխամտածուած  ցեղասպանութեան մը շարունակութիւնը՝ երբ թշնամին կը փորձէ ջնջել ամէն հետք որ կը միտի հաստատելու եւ վաւերացնելու ինքնութիւնն ու գոյութիւնը բնիկ հայ ժողովուրդին, պապենական իր հազարամեայ հողերուն վրայ:

Քաջ գիտակցելով այս իրողութեան, ինչո՞ւ լուռ են մեր ազգային եւ եկեղեցական ղեկավարները, ինչո՞ւ լուռ է հայ մամուլը, եւ ինչո՞ւ լուռ է մեր պահանջատէր երիտասարդութիւնը: Դուրս ելլենք մեր հանգիստ պայմաններէն եւ միասնաբար պայքարինք այս ահաւոր ոճիրին դէմ բոլոր քաղաքակիրթ միջոցներով:

Պուրսայի 300-ամեայ երեք յարկանի «լքուած» Հայոց Եկեղեցին ծախու է մէկուկէս միլիոն տոլարի, կը յայտարարէ sahibinden.com Թուրք կայքէջը:  Պահ մը հարց տանք մենք մեզի՝ թէ ո՞վ է սեփականատէրը այս կալուածին, եւ որո՞ւն  կը փորձէ ծախել զայն:  Ո՞ւր են մեր Պոլսոյ նուիրապետական Աթոռի վարչականները, ո՞ւր է պատրիարքական փոխանորդ՝ Արամ Արք. Աթէշեանը, որ այդքան «սերտ կապեր» ունի պետութեան հետ եւ երբեմն ալ լորձնաշուրթն գովասանքներ կը շռայլէ պետութեան հասցէին: Ո՞ւր է մեր պատուախնդիր աւանդապահ փաղանգը եկեղեցականներուն, որոնք կը ծառայեն Պոլսոյ եւ շրջակայքի մէջ: Ո՞վ պիտի առաջքը առնէ շարունակուող այս մեծ ոճիրին…

Թուրքիոյ Կալուածոց ծառայութեան գրասենեակին համաձայն, շէնքը որ 1986-ին պիտակուած էր որպէս «պատմական կոթող՝» տակաւին չէ ծախուած, բայց եւ այնպէս գրասենեակը մեծ ակնկալութիւններ ունի, որ անպայման շահարկման հետամուտ ընկերութիւն մը պիտի փափաքի գնել կալուածը, որ քաղաքին կեդրոնը կը գտնուի, եւ անկասկած պիտի առինքնէ գնողները՝ առ նուազն իր կալուածային դիրքին համար:

Կալուածոց ծառայութեան գրասենեակի պաշտօնեային՝ Թայֆուն Օզէնկիւնլէր-ի յայտարարութիւնը, թէ «տակաւին պատմութիւն կը բուրէ ամէնուրեք» ինքնին ուրանալի վկայութիւն մըն է թուրքի մը կողմէ կատարուած, այն մասին՝ թէ Պուրսան, ուրկէ եկած էր Կոստանդնուպոլսոյ առաջին պատրիարք Յովակիմ Եպիսկոպոսը, կարեւոր կեդրոն մը եղած է հայութեան համար:

Ոճիրը որեւէ իրաւունք չի կրնար ունենալ, իսկ վարձատրութիւն՝ երբե՛ք:  Հայկական հողերուն վրայ թուրք պետութեան բռնի տիրապետութիւնը յայտնօրէն պիտի նշանակէր վարձատրել ոճրագործը իր կատարած ցեղասպանութեան համար:  Այս հողամասերը անգիր ժամանակներէ ի վեր հայոց հայրենիքին մաս կազմած են, եւ եթէ անոնց բնակչութիւնը ջարդուեցաւ թշնամի թուրք կառավարութեան կողմէ կանխամտածուած ծրագրի մը համաձայն, երկիրը չի՛ դադրիր սակայն հայկական ըլլալէ եւ վերապրող հայութեան պատկանելէ:

 Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով  անգամ մը եւս ուխտեցինք անաղարտ պահել մեր նահատակներուն արիւնաթաթախ կտակը եւ վերջ տալ մեր անմխիթար սուգին: Այսուհետեւ՝ անհրաժեշտ է որ Սփիւռքի վերապրող հայութիւնը յաջողի ընդհանուր բիւրեղացում մը կատարել իր ազգային նպատակներուն ու քաղաքական գործելակերպին մէջ, ճիգերու եւ իտէալներու ամբողջական սերտ միութեամբ:

Պէտք է խորապէս իմանանք եւ գիտակցինք որ մշակութային կորուստը անհատուցելի է: Աւերուած ու քանդուած պատմական մեր յուշարձանները, մշակութային արժէքները, որոնք միազգային ճանաչողութիւն ալ ունին Եունէսքոյի կողմէ, անվերադարձնելի են:  Կրնանք նորերը ստեղծել, նմանները շինել, բայց ո՛չ այն՝ զոր բարբարոս թուրքը քանդեց: Դժբախտաբար Հայ մշակոյթի նկատմամբ բարբարոսական վերաբերմունքը կը շարունակուի այսօր Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ թուրք պետութիւնը նպատակադրուած է պատմական Հայաստանէն վերացնել ամէն հայու հետք, որպէսզի կարենայ մեր հազարամեայ հողերուն թրքականութիւնը «հաստատել»:

Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որ համայն մարդկութիւնը միացեալ ոյժերով չի կասեցներ ցեղասպանին արիւնոտ ձեռքը եւ չի՛ պատժեր զայն ըստ արժանւոյն: Հետեւաբար՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հաւաքական կեցուածքն ու դիրքորոշումը շարունակուող այս ոճիրին դէմ…

0

Write a Comment