Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջէն կ’իմանանք, որ Փետրուար 16-18-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողով «ընդլայնուած կազմով»:
Ասկէ առաջ մի քանի անգամ արտայայտուած ենք այս տխրահռչակ ժողովի մասին, սակայն եւ այնպէս մեզի կը թուի որ մեր մեկնութիւններն ու կոչերը հանդիպած են փակ աչքերու եւ խուլ ականջներու:
Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնագրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար բացորոշ եւ անվարան կերպով կրնանք յայտարարել որ Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր:
Քաջ գիտակցելով այս ճշմարտութեան եւ իրողութեան, առաւել եւս դատապարտելի է Գ.Հ.Խ.ի՝ ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը, որոնք քաջութիւնը չունին ըսելու որ իրենց ժողովը խորհրդակցական հանգամանքէն անդին չի կրնար անցնիլ եւ հետեւաբար իրենց բոլոր որոշումներն ալ սահմանափակուած են ըլլալու միայն խորհրդակցութիւն եւ ո՛չ օրէնք: Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ «ընդլայնուած» կազմով յայտարարութիւնը, որ կը փորձէ մեզի տալ ա՛յն երաշխիքը որ նորելուկ անդամներ իրենց ներկայութեամբ կերպով մը կ’օրինակացնեն Գ.Հ.Խ.ի անօրինական ժողովի հանգամանքը:
Ընդլայնուած կազմ ըսելով հաղորդագրութիւնը մասնաւորաբար շեշտ կը դնէ Բարեգործական Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի՝ ժողովին ներկայութեան վրայ, որուն մասին շռայլուած խօսքերը կու տան մեզի ա՛յն տպաւորութիւնը, թէ ո՛վ որ կը վճարէ՝ կրնայ երգը ապսպրել (առանց մեկնութեան…):
Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք եւ քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումի նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին, որուն ոտնաձայները կը լսենք:
Հինցած հոգեբանութեան, յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան արդիւնք է յայտարարել, որ Եկեղեցին կամ եկեղեցական կազմակերպութիւնը կրօնականներուն գործն է եւ պարտաւորութիւնը: Ընդհակառակը՝ միանգամ ընդ միշտ յստակ պէտք է ըլլայ, որ Եկեղեցին ժողովուրդն է առանց բացառութեան իր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝ անոր սպասաւորները:
Անգամ մը եւս զգալիէ է Երուսաղէմի Նուիրապետական Աթոռի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի բացակայութիւնը այս ժողովէն, որուն կարելի է տալ միայն երկու մեկանաբանութիւն. Նուրհան Պատրիարք կը մերժէ ճանչնալ Գ.Հ.Խ.ի օրինականութիւնը, որովհետեւ այդ կազմը նշանակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ եւ ո՛չ մէկ օրինական վաւերացում ունի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովի կողմէ, եւ կամ` տակաւին չեն լուծուած երկու Աթոռներու միջեւ տարակարծութիւնները Երուսաղէմի Աթոռին կողմէ առաջադրուած եպիսկոպոսութեան թեկնածուներու ձեռնադրութեան մերժումին առիթով: Հակառակ այս իրողութեան, Գ.Հ.Խ.ի ժողովականներէն եւ ո՛չ մէկը համարձակութիւն չէ ունեցած հարցնելու թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքը ներկայ չէր ժողովին, որուն աթոռը գրաւած էր Տիար Պերճ Սեդրակեան:
Պաշտօնական հաղորդագրութենէն կ’իմանանք որ ժողովի ընթացքին ներկայացուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի 2015 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը եւ ֆինանսական զեկոյցը, բայց ո՛չ մէկ խօսք միջազգային եւ հայ մամուլի մէջ հրապարակուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դրամական անձնական հաշիւներու մասին: Ո՞վ պիտի պահանջէ….
Հաղորդագրութեան մէջ լայն տեղ տրուած է Մայր Աթոռի շինարարական աշխատանքներու մասին, երբ երկու քայլ անդին ընտանիքներ թիթեղածածկ, կիսափուլ, խոնաւ տուներու մէջ կ’ապրին: Ինչո՞ւ այս անտեղի շռայլութիւնը: Ակնարկութիւն կայ նաեւ եկեղեցականութեան թիւի մասին, առանց շեշտ դնելու անոնց որակին վրայ: Եւ որքա՜ն տխուր է այն իրողութւնը որ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կայ նուիրեալներու այն հսկայ փաղանգին մասին, որոնք անիրաւաբար կարգազրկուեցան քինախնդրօրէն, խախտելով օրինականութեան եւ կանոնագրութեան բոլոր չափանիշները: Ողբ Հայ Եկեղեցւոյ….
Շատ հետաքրքրական էր նաեւ այն շեշտադրումը ուր կ’ըսուի. « տարէցտարի ընդլայնուող սոցիալական ծրագրերի շրջանակներում սոցիալական աջակցութիւն է յատկացուել անապահով ընտանիքներին, հաշմանդամներին, ծնողազուրկ երեխաներին, ծերախնամ կառոյցներին, բանտարկեալներին եւ զինծառայողներին»: Այս բոլորը կարդալէ ետք ինչպէ՞ս բացատրել մամուլի մէջ հրատարակուած այս բոլոր աղերսագին դրամահաւաքի կոչերը.- Փոքրիկ Միքայելին մեր օգնությունն է անհրաժեշտ. $2000 արժողությամբ վիրահատությունից հետո նա կկարողանա քայլել և խոսել (http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/127812). Տանն են ծնվել՝ դպրոց չեն գնում. ցամաք հացով ապրող ընտանիքին զրկել են գազից ու լույսից, պահանջել՝ լքել բնակարանը (http://www.1in.am/1846568.html). Գյումրիում միակ կին-տեսուչը գործազուրկ է դարձել. վաճառում է տան գույքը (http://www.asparez.am/news-hy/gyumri_kin_tesuch_gordzazurk-hy/). Փլվող տան 12 բնակիչները (http://hetq.am/arm/news/society/). Դիպուկահարի կրակոցից զոհված զինվորի ընտանիքը չի կարողանում վճարել անգամ գերեզմանաքարի արժեքը. նրանց … (http://www.hraparak.am/?cat=2&paged=6&l=am). Փոքրիկ Մխիթարը սրտի հետ կապված խնդիրներ ունի. նրան մեր օգնությունն է անհրաժեշտ (http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/128012). Ուզում եմ հանուն իմ երեխաների բուժվեմ. 33-ամյա Գեւորգին երիկամների փոխպատվաստում է պետք (http://news.am/arm/news/312837.html): Եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը այս ողբերգութիւններուն…
Անհաւատալին եւ ամենազարհուրելին ա՛յն է որ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կայ արտագաղթի արհաւիրքի մասին: Ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած անպատասխանատու լռութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեղսակցութիւն: Հայաստան կը պարպուի քաղաքական եւ ընկերային զանազան պատճառներով: Մեզ կրկնապէս անհանգիստ ընողը գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքն է դէպի «հիւրընկալ» երկիրներ: Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Ո՞ւր կ’երթան մեր երիտասարդ մայրերը որոնք պիտի ծնին մեր ապագայ զինուորները: Ազգային աղէտ … Ո՜ղբ հայրենիքի…
Այս բոլորէն ետք ի՞նչպիսի գնահատանք եւ գոհունակութիւն յայտնեց Գ.Հ.Խ.ը վերեւ յիշատակուած «լայնածաւալ գործունէութեան» մասին: Այսքան կեղծիք եւ այսքան ստրկութիւն հանդուրժելի չէ: Խոնարհեցո՛ Տէր զունկն քո, զի աղքատ եւ տնանկ են սպասաւորք քո…