0
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ, 20 ՅՈՒՆԻՍ 1966

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ, 20 ՅՈՒՆԻՍ 1966

Աբեղայական Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մէջ

 Նորընծաները Կոչուեցան
Ոսկան Աբեղայ Եւ Զարեհ Աբեղայ

 

          Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան համար երէկ` 19 յունիսի կիրակին, ուրախութեան օր մը եղաւ:

          Դպրեվանքի ընծայարանէն երկու շրջանաւարտներ` Կարպիս Ա. սրկ. Մխիթարեան, ծնեալ Զահլէ, 1946 եւ Մինաս Ա. սրկ. Ազնաւորեան, ծնեալ Պէյրութ, 1947, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, հանդիսաւոր արարողութեամբ աբեղայ ձեռնադրուեցան` ինքզինքնին նուիրելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան թիւը բարձրացնելով 32-ի:

                 Պատարագեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս: Կարպիս սրկ. Մխիթարեան կոչուեցաւ Ոսկան աբեղայ եւ Մինաս սրկ. Ազնաւորեան կոչուեցաւ Զարեհ աբեղայ: Այնուհետեւ պատարագիչ սրբազանը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը:Թուելէ ետք այն ծանր, բայց քաղցր պարտականութիւնը, որ յատուկ է հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի նուիրեալին, սրբազան հայրը, իր խօսքը ուղղելով նորընծաներուն, մաղթեց, որ ըլլան արժանի յաջորդները այն անուններուն, զոր բախտը ունեցան կրելու, Ոսկան վարդապետին, Աւետարանի առաջին տպագրիչին եւ երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսին, սրբակենցաղ վեհափառին Տանն Կիլիկիոյ:

(Նկարին մէջ Ս. Խորանին վրայ ծախէն աջ – Արամ Ա. Կաթող., Մաշտոց Վրդ. Յովսէփեան, Գարգին Բ. Կաթող., Տիրայր Արք, Փանոսեան, Բաբգէն Վրդ. Թօփճեան, Օշական Արք. Ջոլոյեան, Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեան)

0

Write a Comment