Ամիսներէ ի վեր հայկական եւ օտար մամուլին մէջ կը կարդանք, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուապետը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, Հայաստան պիտի այցելէ: Իր բառերով՝ «Այցելութիւն մը առաջին քրիստոնեայ երկրին: Կու գամ իբր ուխտաւոր, այս Յոբելենական Տարւոյն մէջ, մասնակցելու ձեր ժողովուրդի հինաւուրց իմաստութեան եւ ըմպել ձեր հաւատքի աղբիւրէն, որ ժայռանման է, ինչպէս ձեր նշանաւոր խաչքարերը»:
«Ձեր պատմութիւնը եւ ձեր սիրելի ժողովուրդին նկատմամբ կատարուածները իմ մէջս կը յառաջացնեն հիացմունք եւ վիշտ: Հիացմունք, քանի որ Յիսուսի խաչին ու ձեր տաղանդաւոր մտքին մէջ գտած էք կրկին ոտքի կանգնելու ուժը` նոյնիսկ ամէնէն սարսափելի տառապանքներէն ետք, զորս պատմութիւնը կրնայ յիշել: Վիշտ` այն ողբերգութիւններուն համար, զորս ձեր հայրերը կրած են իրենց մաշկին վրայ»: http://www.aztagdaily.com/archives/300941 ]
Ահաւասիկ Քահանայապետին՝ ազնիւ մեծ մարդուն, գաղափարապաշտ հոգեւորականին ապրումները հայութեան նկատմամբ, որոնք ամբողջութեամբ ցոյց կու տան քաջարի հովուապետին կարեկցող նկարագիրը, ու ապա յանդուգն կեցուածքը արի քաղաքագէտին, որ չի վարանիր բարձրաձայն յայտարարելու ամբողջ աշխարհի առաջ. ԱՅՈ՛… հայ ժոովուրդին հանդէպ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր:
Զարմանահրաշ այս մարդը եկած է իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեր սրբացած նահատակներուն, համբուրելու մեր սրբատաշ խաչքարերը եւ իր օրհնութիւնը բաշխելու տառապեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Արդեօ՞ք անհրաժեշտ չէր ցոյց տալ մեր առաւելագոյն գնահատաքն ու պատիւը Ս. Քահանայապետին: Հետեւաբար ո՞ւր են մեր նուիրապետական աթոռներու գահակալները, նամանաւանդ Արամ Ա. կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու թոռ է, եւ որպէս Կիլիկիոյ պատմական տարագրեալ Աթոռին եւ Արեմտահայութեան պահանջատէր ներկայացուցիչ՝ աւագ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունէր ներկայ գտնուելու այս բացառիկ ուխտագնացութեան, ինչպէս քահանայապետը կը նկարագրէ իր այցելութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս, յառաջիկայ Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 4, հայրապետական այցելութիւն պիտի տայ Միացեալ Նահագներու Արեւմտեան թեմին, իր գահակալութեան 20-րդ տարեդարձի տօնախմբութեանց անձամբ նախագահելու համար։ Նոյն նպատակով, մի քանի ամիսներ առաջ, հայրապետական այցելութիւն տուաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց երկիրներ: Երբ կայ անձի փառաբանանք եւ պաշտմունք, հո՛ն է Արամ Կաթողիկոս, սակայն երբ կայ անհրաժեշտութիւն ազգովին գնահատելու մեզի զօրավիգ կանգնող քաջարի Քահանայապետին՝ չկայ ինք այնտեղ…: Ինչո՞ւ: Ընթերցողը թող տայ իր գնահատականը:
Վստահ եմ որ մեզմէ շատեր քաջ կը յիշեն թէ անցեալ տարի Ապրիլ ամսուն, Վատիկանի մէջ, ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհական տօնախմբութիւնները ի՜նչ արձագանգ տուին համայն մարդկութեան խղճին մէջ, եւ ինչպէ՜ս զայրացուցին Սուլթան Համիտներու եւ Երիտ-թուրքերու հարազատ որդի եւ ժառանգորդ Թուրք պետութիւնը, որ ցեղասպանութիւն գործադրելէ ետք տակաւին կը փորձէ այսօր իր եաթաղանէն մազապուրծ ազատած, անապատներու կիզիչ արեւուն տակ հալած ու մաշած հայու բեկորներուն վերջին մասնիկն անգամ արիւնաքամ դարձնելով՝ հայաթափ ընել իր երկրին սահմանամերձ բոլոր վերակենդանացեալ Հայ գաղութները…: Ե՞րբ պիտի արթննանք եւ արժանաւորապէս գնահատականներ տանք բոլոր անոնց՝ որոնք քաջութիւնը ունին ճշմարտութիւնը յայտարարելու, որպէսզի ցեղասպանութիւնները անգամ մը եւս չկրկնուի՛ն երկարագունդի այլ երկիրներու մէջ:
Բոլոր ժամանակներէ աւելի, պարտաւոր ենք ունենալ յանձնառու կեցուածք, բարձր հասկացողութիւն ցուցաբերելով ճգնաժամային այս օրերուն մեր առջեւ ծառացող՝ քաղաքական, հասարակական-ընկերային եւ տնտեսական բոլոր հարցերուն հանդէպ, երբ տակաւին չեն աւարտած սպառնալիքները հայ ժողովուրդի հանդէպ, երբ մեր դարաւոր թշնամին մեր դրան սեմին կանգնած սուր կը ճօճէ սպառնալով մեր գոյութեան դէմ:
«Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար». այս բարձրաղաղակ լօզունգէն անդին, գործնականապէս ցոյց տանք որ մենք կը հաւատանք մեր ըսածներուն: Այս օրերուն երբ մեր հայրենիքի, Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար սուրիահայ եւ իրաքահայ եղբայրներն ու քոյրերը տնտեսական-հասարակական, ընկերային տագնապներէ կ’անցնին, երբ անոնք ամէօրեայ օրհասական կացութեան մէջ կը մաքառին իրենց գոյութիւնը պահպանելու, համեստ ու քաջարի Քահանայապետը եկաւ Հայաստան, իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեր նահատակներու յիշատակին եւ Կիւմրիի հրապարակին վրայ բազմահազար հայորդիներու առաջ վկայելու, որ ինք Հայ ժողովուրդին հետ է եւ անոր արդար դատի պաշտպան:
Յուսահատութիւնը՝ ժողովուրդներու համար կորուստի նշանակութիւն ունի: Մեր պայքարը այսօր քաղաքական է, եւ այդ պայքարը միայն զէնքով չէ որ պիտի յաղթահարենք, — չենք ալ կրնար անշուշտ: Այնքան ատեն որ հայը կ’ապրի, պիտի չլքէ իր իրաւունքները, որովհետեւ իր դատը անվիճելի է: Թուրքիան չի՛ կրնար մաքրուիլ իր ոճրապարտ ժառանգութենէն, արիւնաթաթախ անցեալէ մը, առանց գոհացում տալու հայկական արդար պահանջներուն: Պատմութիւնը չարափոխելու իր բոլոր փորձերն ալ միշտ ձախողութեան դատապարտուած են, որովհետեւ Քահանայապետին պէս հերոսներ չեն վարանիր յայտարարելէ թէ ինչ որ հայ ժողովուրդի դէմ կատարուեցաւ, կանխամտածուած եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն էր:
Վատիկանի արխիւները որոնք բաց են այսօր մեր առաջ, նամանաւանդ այս Քահանայապետին գահակալութեան օրով, մեզ կը հարաւիրեն եւ կը մղեն աշխատանքի: Պատմութեան արձանագրութիւնը կը հաղորդուի սերունդէ սերունդ, եւ անոր սրբագրութիւնը կրնայ կատարուիլ մի՛միայն ոճիրին հեղինակներուն ժառանգորդներուն արդարամիտ կեցուածքով:
Այսուհետեւ՝ Ապրիլեան մեր ոգեկոչումները նահատակութեան, սուգի, ողբի ու ափսոսանքի արտայատութիւններ չեն, այլ կոչ ազգային վերածնունդի եւ նորոգուած ուխտի փուլ մը թեւակոխելու: Պարտաւոր ենք այսուհետեւ մոռնալ մեր անձնական հաշիւները, մեր նահատակներու անթաղ ոսկորներու խորանին առջեւ վերարժեւորել մեր անցեալի արարքներն ու նպատակները, եւ քալել դէպի հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն եւ տեսիլքին յաջողութեան ճանապարհէն, միշտ միացեալ ոյժերով: