Ձախէն աջ` Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեան, Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան, Գրիգոր Վրդ. Փիտէճեան, Թորգոմ Վրդ. Հանէշեան, Վարդան Արք. Տէմիրճեան, Վահրամ Ծ. Վրդ. Եղիայեան եւ Ներսէս Արք. Բախտիկեան:
Ամէն անգամ որ մտածեմ այս նուիրեալներու մասին, յիշատակներու ամբողջ յորձանք մը կը ողողէ էութիւնս եւ հոգեպէս կը փոխադրուիմ Անթիլիաս, մտաբերելով Դպրեվանքի քաղցր յիշատակները: Երկարատեւ պայքարներէ ետք, 1956 թուականին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեան արժանապէս ընտրուած եւ օծուած էր գահակալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1952-էն ի վեր թափուր մնացած Աթոռին:
Ընդդիմադիր միաբաններու հեռանալով, տկարացած էին Միաբանութեան հիմերն ու կենսունակութիւնը: Ընդհանուր պատկերացում մը տալու համար ստեղծուած իրավիճակին, կ’արժէ յիշատակել այստեղ, թէ այդ տարին, չհաշուած թեմերու մէջ ծառայող հատ ու կենտ կիլիկեան միաբանները (Պէյրութ, Հալէպ, Գամիշլի, եւայլն), Անթիլիասի մայրավանքին մէջբնակող միաբաններուն թիւը –- ներառեալ նոյնինքն Զարեհ Վեհափառն ու Արտակ՝ հետագային եպիսկոպոս Մանուկեանը,– չէր իսկ հասներ մէկ ձեռքի մատներու թիւին…: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր նոր նուիրեալներով անմիջապէս լրացնել Միաբանութեան շարքերը:
Եւ ահաւասիկ նոյն՝ 1956թ. աշնան տենդագին, չըսելու համար տագնապալից, կոչ կ’ուղղուէր Դպրեվանքի Ընծայարանի վերին՝ Ե. եւ Զ. կարգերու վեց ուսանողներուն, –աւարտական վերջին՝ Է. կարգը ուսանողներ չունէր այդ տարին,– որպէսզի կուսակրօնութեան ուխտագիր ներկայացնելով նուիրուին ազգին ծառայութեան՝ հոգեւորական կեանքի փշոտ ճամբով…: Այդ օրերու դպրեվանքի տեսուչ՝ Գարեգին Վրդ. Սարգիսեան ծնրադիր եւ արտասուաթոր աչքերով դիմած էր երիտասարդ ուսանողներուն, ըսելով. «Տղա՛ք, դո՛ւք միայն պիտի փրկէք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը…: Իմ փափաքս է որ անպայման սարկաւագ, եւ ապա աբեղայ ձեռնադրուիք: Ապագան փայլուն է ձեր բոլորին առջեւ…»: Անշուշտ, աւելի ետք ժամանակը ցոյց պիտի տար թէ տրուած խոստումներն ու հաւաստումները դատարկ էին…:
Այդպէս էր ահա, որ այդ վեց տղաքը յանուն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի անսասանութեան ու տեւականութեան, յանուն զայն արտաքին ու ներքին ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու ՄԵԾ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ, ամէն անձնական վերապահութիւն մէկ կողմ հրելով՝ որոշեցին իրենց երիտասարդ կեանքերը դնել ժողովուրդի, Եկեղեցիի եւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի ծառայութեան զոհասեղանին…: Անոնց սարկաւագական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն տարուան Նոյեմբերին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի օրուան առաջնորդ Խորէն Եպիսկոպոս Բարոյեանի (հետագային՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ): Ու Զարեհ Վեհափառի գահակալութենէն տակաւին տարի մը չանցած, առանց նոյնիսկ սպասելու ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, նոյն վեցերը, որոնց միացաւ աշխարհական դասէն՝ նախկին ուսուցիչ-տնօրէն Սարգիս (հետագային՝ Ներսէս Արք.) Բախտիկեանը, Վեհափառին կողմէ հապճեպօրէն 1957 Յունիս 2-ին ձեռնադրուեցան կուսակրօն քահանայ…:
Նուիրեալներու այս առաջին հոյլին, ահաւասիկ, կը պատկանի նորոգ հանգուցեալ Վահրամ Եղիայեան: Կարճ ժամանակ մը վանական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարելէ ետք Կաթողիկոսարանէն ներս եւ ի Պէյրութ, 1959 դեկտեմբերին կը մեկնի Լոս Անճէլըս՝ ստանձնելու Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հովուութիւնը: Մի քանի ամիս ետք, 1960-ի սկիզբը կը նշանակուի Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ, նկատի առնելով նոյն եկեղեցւոյ կազմակերպչական սուր կարիքները, ուր եւ կը մնայ մինչեւ 1965 թուական, սիրուելով ու յարգուելով իր ծխականներուն կողմէ, իր բարեխիղճ եւ նուիրեալ ծառայութեան համար:
Վահրամին ճակատագիրը եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դաշտէն ներս ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ եթէ ոչ՝ յար եւ նման միւս բոլոր միաբաններու ճակատագրին, որոնք հիասթափ, իրենց կօշիկներուն փոշիները թօթուելով հեռացան եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, չդիմանալով ազգային «ղեկավարութեան» սանձարձակ հակականոնական եւ սահմանադրական ապականած գործելակերպին:
Վահրամին կրկին հանդիպեցայ 1971 թուականի Յունիսին, երբ Լոս Անճէլըս հասայ որպէս Հոլիվուտի Ամէնօրեայ Վարժարանի տեսուչ եւ նորաստեղծ համայնքի հովիւ: Եղբայրական իր խրատները որոնք կու գային իր տարիներու փորձառութենէն, զիս կը զգուշացնէին «ղեկավար» կոչուած մենաշնորհեալներէն: Նկատի ունենալով որ տակաւին անծանօթ էի թէ՛ գաղութին եւ թէ՛ միջավայրին, մտերմիկ հանդիպումներ յաճախ կ’ունենայի իրեն հետ, անոր տարիներու փորձառութենէն օգտուելու համար: Հարազատ մեծ եղբօր մը պէս կ’ընդունէր զիս իր տան մէջ: Ժամանակը անգամ մը եւս փաստեց որ Վահրամ ճիշդ էր իր դատումներուն մէջ:
1972-ի սկիզբը, պաշտօնապէս Նիւ Եորք ղրկուեցայ, ուր ուրախութեամբ զիս դիմաւորեց Վահրամին օծակից՝ միաբանակից եղբայր Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեանը, որ այդ օրերուն Առաջնորդական Փոխանորդն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմին –-Արեւմտեան թեմ գոյութիւն չունէր տակաւին: Երուանդին հետ իմ կապերս միշտ մօտ եղած են Կիպրոսի ծառայութեան մեր օրերէն, երբ Երուանդ Կաթողիկոսական Փոխանորդն էր Թեմին: 1973թուականին Երուանդ դառնութեամբ հեռացաւ իր ծառայութեան դաշտէն: Երկրորդ յուսախաբութիւն ինծի համար…
Նիւ Եորք կեցութեանս շրջանին, հանդիպեցայ նաեւ Գրիգոր (Վրդ.) Փիտէճեանին, հայ հասարակութեան ծանօթ մեծ երաժիշտին: Ամէն անգամ որ կը հանդիպէինք, կը խնդրէի որ պատմէր թէ ինչպէ՛ս երբ Անթիլիաս գացած էր իմացնելու իր մեծաւորներուն թէ կը փափաքէր որպէս ամուսնացեալ հոգեւորական ծառայել եկեղեցւոյ մէջ, իր «մեծաւորները» յորդորած էին չհեռանալ, փոխարէնը՝ թելադրելով որդեգրել այլընտրանքային կենցաղ մը……: Երրորդ յուսախաբութիւն….
1972 Յուլիս 4-ին վերադարձայ Հոլիվուտ, եւ արդէն հոգեւոր ծառայութեան մէջ էի երբ Լոս Անճէլըս հասաւ Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեանը: Ուրիշ զոհ մը՝ քինախնդրութեան եւ ոխակալութեան: Չորրորդ յուսախաբութիւն….
Վերեւ յիշատակուած փառաւորներէն՝ առաջին հեռացողն ու ամենաճարպիկը, Թորգոմ Վրդ. Հանէշեանն էր, որ 1959-ի աւարտին ոտքին փոշիները թօթուելով հեռացաւ դէպի Գերմանիա: Քսան տարի ետք կարճ հանդիպում մը ունեցայ իրեն հետ Գերմանիոյ Գարլզրուհը(Carlsruhe) քաղաքին մէջ:
Վեցերորդ փառաւորը ՝ Վարդան Արք. Տէմիրճեան, Պարսկաստան ծառայելէ ետք վերադարձած էր Կաթողիկոսարան եւ կը վայելէր «հասարակաց կեանքի» բարիքները….: Տխուր վախճան մը ունեցաւ հէգ սրբազանը… վասնզի Վարդան Արք. Տէմիրճեանի նեխած մարմինը անոր մահէն երեք օր ե՛տք միայն գտան իր իր սենեակին մէջ…: Ո՜հ, ինչ ողբերգութիւն:
Եօթներորդ փառաւորը, Ներսէս Արք. Բախտիկեան, Ցեղասպանութեան տարիներուն որբացած մանկութեան դառնութիւնները ճաշակելէ ետք, իր հասուն տարիքին եկաւ եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտ՝ իր արդար քրտինքը խառնելու ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու սպասաւորութեան եւ դարձաւ մշակ առանց ամօթոյ:
Իր հովուապետութեան կարճ ժամանակաշրջանին Զարեհ Կաթողիկոս իր նկարագրի վեհութեամբ եւ անբասիր հոգեւորականի տիպարով՝ չափով մը կրցաւ վերահաստատել նօսրացող միաբանութեան շարքերը նոր նուիրեալներով: Դժբախտաբար սակայն՝ իր մահէն ետք հեռացողներուն շարքերը ստուարացան — Տրդատ Վրդ. Քէշիշեան, Մաշտոց Վրդ. Յովսէփեան, Եզնիկ Վրդ. Բալայեան, Գուրգէն Վրդ. Թրթռեան, Բաբգէն Վրդ. Թօփճեան, Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան, Գեղամ Վրդ. Պաղտասարեան, Արշաւիր Վրդ. Գաբուճեան, Արարատ Վրդ, Թոսունեան, Համազասպ Վրդ. Քիւրքճեան, Նաւասարդ Վրդ. Մարտոյեան, Վրոյր Վրդ. Տէմիրճեան, Առէն Աբղ. Միհրանեան, Վազգէն Աբեղայ Հէճինեան, Մաշտոց Վրդ. Թօփալեան, Ներսէս Վրդ. Մերճանեան, Մովսէս Աբղ. Պոյաճեան, Ներսեհ Աբղ. Շէխուկեան, Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան, Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան — եւ տակաւին պիտի շարուակուի շարքը բոլոր անոնց որոնք պիտի նախընտրեն ապրիլ կեանքը գիտակցաբար եւ ո՛չ թէ ինքնախաբէութեամբ: Ընդհանրապէս այս նիւթի կապակցութեամբ յաւելեալ ծանօթութիւններ ունենալ փափաքող մեր ընթերցողներուն կը թելադրենք այցելել հետեւեալ կայքէջը. vanagan.com եւ կարդալՎարդապետի մը Ոդիսականը խորագրով գիրքը:
Ի՞նչ պէտք է ընել վերարժեւորելու համար Ազգին եւ Եկեղեցիին փոխ-յարաբերութիւնները: Քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային եւ այլ հաստատութիւններ անհրաժեշտ է որ կազմակերպեն հրապարակային քննարկումներ եւ հաշիւ պահանջեն ա՛յն մենաշնորհեալներէն, եկեղեցական կամ աշխարհական, որոնք կեղծ բարեսիրութեան անուան տակ կը կեղեքեն ժողովուրդին ազնիւ զգացումները: Զարեհ Կաթողիկոսի օծման վաթսունամեակն է այս տարի. արդեօ՞ք պիտի գտնուի մէկը որ մարտահրաւէր կարդայ ազգային մենաշնորհեալ ջոջերուն եւ ամիրաներուն ու հաշիւ պահանջէ թէ ինչո՞ւ այս նուիրեալները հեռացան ծառայութեան դաշտէն եւ մենք ձեռնածալ անտարբեր դիտեցինք այս բոլորը:
Երանական հանգի՜ստ մեզմէ յաւէտ բաժնուած բոլոր միաբաններուն…: