Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, Լօզանի տխրահռչակ դաշնագրով արդէն վերջ տրուած էր «Արեւելեան Հարցին» եւ յօդս ցնդած՝ Հայ ժողովուրդի բոլոր երազանքները Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ վերաբերեալ: Հայ ժողովուրդին տրուած բոլոր խոստումները մնացին թուղթի վրայ եւ մեզի կը պակսէր «երկաթեայ շերեփը» մեր բաժինը ստանալու համար միջազգային քաղաքականութեան խոշոր կաթսայէն: Բոլորն ալ լքեցին մեզ որբ ու մինակ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յաջորդական իշխանութիւնները տէր չկանգնեցան մեր արդար դատին, հակառակ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի (Woodrow Wilson) խոստումներուն: Հետեւաբար հարց տանք թէ ինչի՞ կը ծառայէ ցեղասպանութեան ճանաչման համար մեր թափած աշխատանքները, երբ նոյն այդ պետութիւնները չունին պարկեշտութիւնն ու քաջութիւնը ընդունելու իրենց անցեալի սխալները, նամանաւանդ Ամերիկան որ այսքան ատենէ ի վեր կը մերժէ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը որպէս միջազգային կանխամտածուած ոճիր Հայ ժողովուրդի դէմ, իրագործուած՝ Թուրք պետութեան կողմէ: Եւ այս բոլորէն ետք կրնա՞յ ըլլալ որ ան պիտի համաձայնի որ քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց սեփականտէրերուն վերադարձուին: Կարելի՞ է այսքան միամիտ ըլլալ: Ե՞րբ պիտի փարատենք մեր մանկամիտ պատրանքը:
Դժբախտութիւնը շարունակուեցաւ երբ դաշնակից պետութիւնները, ներառեալ Միացեալ Նահանգները, Լօզանի տխրահռչակ դաշնագրէն ետք չկրցան գործադրել Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւններն ալ, եւ որպէս տխուր հետեւանք՝ Արեւմտահայաստանը դադրեցաւ քաղաքական խնդիր ըլլալէ: Յաղթական դաշնակից պետութիւններու համար պատերազմը աւարտած էր եւ Թուրքիան կրնար անգամ մը եւս փայփայել իր «կայսրութիւն» դառնալու Օսմանեան ցանկութիւններն ու երազանքները:
Թուրք պետութեան դէպի Արեւելք եւ Արեւմուտք ընդարձակուելու ցանկութեան արդիւնքն են Յունական կղզիներու հարցը, Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումը, Սուրիոյ սահմաններու բռնաբարումը, Իրաքեան սահմանէն ներս ռազմական գործողութիւնները, Ատրպէյճանական քարոզչական վարչամեքենային հետ իր համագործակցութիւնը, եւ պատերազմական մասնագէտներով ու զինուորներով իր անսահման մասնակցութիւնը՝ Արցախեան պատերազմին:
Գաղտնիք չէ նաեւ, թէ հակառակ իր բոլոր ընկերային եւ հասարակական փտութեան, Թուրքիա կը փորձէ նաեւ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան որպէս «քաղաքակիրթ» երկիր: Պարզապէս կարելի է ըսել որ թրքական խորամանկութեամբ եւ պատեհապաշտութեամբ ան կը ցանկայ ընդարձակել իր ազդեցութիւնը որպէս Նաթոյի մէկ անդամը, իր աւելի քան մէկ միլիոն կազմ ու պատրաստ բանակով: Հետեւաբար կարելի է յայտարարել, թէ Թուրքիա միջոցներու մէջ երբեք խտրութիւն չի դներ եւ չէ դրած հասնելու համար Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու իր ցնորածին ախորժակներուն ու երազանքներուն իրականացման:
Թրքական այս ծաւալուն ախորժակներուն դիմաց ի՞նչ կ’ընեն Եւրոպական Միութեան անդամները, եւ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Միջազգային ոյժերու փոխյարաբերութեան եւ ընդհանրապէս միջազգային ներկայ իրականութեան մէջ, ազգային ազատագրական պայքարները—մասնաւորաբար Քրտական հարցը— կը դիտուին բացառապէս սեփական շահերու անկիւնէն միայն: Նման հարցերու մէջ, գերպետութիւններու համար միջազգային դրամատիրութեան յարուցած առաջադրանքներու նպատակայարմարութիւնն է, որ կը ճշդէ անոնց կեցուածքը: Այլ խօսքով՝ գերպետութիւնները իրենց սեփական շահով եւ զիրենք հետաքրքրող ծրագիրներու իրականացման կշռոյթով է որ կը ղեկավարուին: Դժբախտաբար այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ’ունենան մասնաւորաբար փոքր ժողովուրդներու ճակատագրին եւ կեանքի ընթացքին վրայ:
Փոխյարաբերութիւններու այս մթնոլորտին մէջ, հայապատկան հողերու պահանջատիրութեան որեւէ քայլի դիմաց՝ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ զինք հովանաւորող «քաղաքակիրթ» երկիրները, ի մասնաւորի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը պաշտպանելու եւ պահանջելու փոխարէն, Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը ջատագովեն, ելլելով իրենց պետական շահերէն: Ահաւասիկ այս մօտեցումն է, որ հակամարտութեան դաշտը կը խորացնէ եւ յեղափոխական շարժման կը մղէ ճնշուած եւ անիրաւուած ժողովուրդները:
Վերեւ յիշատակուած ծիրին մէջ նամանաւանդ ներկայ հանգրուանին յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ քրտական հարցը: Դժբախտաբար մինչեւ այսօր քրտական մարտական ոյժերու անմիաբանութիւնն ու անոնց միջեւ գործակցութեան պակասը աննշան յաջողութիւններու հասցուցած է զիրենք: Գիտակցելով հանդերձ ներկայ իրական պայմաններու անփառունակ վիճակին, պէտք է իմանանք որ Հայկական հարցը Թուրքիոյ մէջ այն աստիճան հիւսուած է Քրտական հարցին հետ, որ հայ-քրտական ծրագրուած եւ հաւասարակշռուած գործակցութիւն մը միայն կրնայ շահ ապահովել երկու կողմերուն:
Եւ որպէսզի յիշատակուած գործակցութիւնը իր գործնական արտայայտութիւնն ու ուժականութիւնը ունենայ հայ կեանքի ու մանաւանդ սփիւռքահայ կեանքի մերօրեայ պայմաններուն մէջ, պէտք է ուժեղացնել սփիւռքը իր կազմակերպչական բոլոր աշխատանքներուն մէջ եւ ստեղծել կեդրոնացած միացեալ համահայկական մարմին մը աշխուժացնելու համար հայ-քրտական ծրագրուած գործակցութիւնը, ստեղծելով վստահութեան մթնոլորտ, անցեալին գործուած սխալները միասնաբար սրբագրելու առաջադրանքով:
Անգամ մը եւս կ’արժէ յիշատակել եւ թարմացնել մեր յիշողութիւնը, թէ երբ գերպետութիւններ յաղթական դուրս եկան Առաջին համաշխարհային պատերազմէն, յայտարարեցին որ պատժական դատարաններու առջեւ պիտի քաշեն պատերազմին հեղինակներն ու ոճրագործները: Առաջինը եղաւ Ֆրանսան, որ անմիջապէս 2 Սեպտեմբեր 1914-ին մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմեց, որուն պաշտօնը պիտի ըլլար հետապնդել ոճրային արարքները: Ազդարարեցին նաեւ Բարձրագոյն Դրան, որ դաշնակից պետութիւնները գործուած ոճիրներուն համար պատասխանատու պիտի բռնեն օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ անոր գործակալներէն անոնք՝ որ մեղսակից պիտի նկատուէին ջարդերուն մէջ: Ամէն ինչ թուղթի վրայ մնաց…
Նոյնիսկ Նախագահ Ուիլսըն, 1918-ին յայտարարեց որ «ուշ կամ կանուխ Թուրքիան դատաստանի պիտի բերուի, իր արարքներուն հաշիւ տալու համար»: 25 Յունուար 1919-ին դաշնակից երկիրները 15 անդամներէ բաղկացած յաձնաժողով մը կազմեցին պատժական դատի կանչելու համար գերմանացի եւ թուրք պատերազմական ոճրագործները: Ո՛չ միայն գերմանացիները, այլեւ թուրք ոճրագործները եւս անպատիժ մնացին: Ճիշդ է որ Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ եւ Տոքթ. Նազըմ մահուան դատապարտուեցան Պոլսոյ մէջ անգլիացի դատաւորներէ կազմուած զինուորական ատեանի մը կողմէ, բայց այդ մահավճիռը չգործադրուեցաւ ի՜նչ-ի՜նչ հաշիւներով:
Ինչպէս վերեւ յիշատակեցինք, դաշնակից տէրութիւններէն ո՛չ մէկը պիտի յիշէր այլեւս, թէ պատերազմի սկիզբէն իսկ թուրք կառավարութեան պաշտօնապէս ազդարարած էին որ «անձնապէս պատասխանատու պիտի բռնէին օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ իրենց մեղսակից գործակալները»: Դաշնակից տէրութեանց թերացումով, թուրքերը անմիջապէս վերսկսան իրենց զանգուածային ոճիրները՝ զինադադարէն հազիւ մէկ-երկու տարի ետք: Բացորոշ է որ քեմալական նոր ցեղասպանութիւնը տեղի չէր ունենար, եթէ Անգլիան եւ Ֆրանսան փոխն ի փոխ չօգնէին թուրքերուն:
Մուսթաֆա Քեմալ, օգտուելով Դաշնակից տէրութեանց թերացումէն, զինուորական ոյժ վերակազմեց եւ ամէն տեղ ըմբոստութեան շաժումներ ստեղծեց եւ շուտով պատուհաս դարձաւ ամողջ տարածաշրջանին մէջ: Ո՛չ միայն հայ եւ յոյն ջարդեց, այլ եւ մեծ թիւով Ֆրանսացի զինուրականներ ալ սպաննեց մասնաւորաբար Կիլիկիոյ մէջ (որմէ ետք տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ պարպումը), իւրացնելով հսկայական քանակութեամբ զէնք ու ռազմամթերք, եւ ինքզինք պարտադրեց որպէս Թուրքիոյ կանոնաւոր օրինական իշխանութիւն: Այս բոլորին որպէս հետեւանք, Ֆրանսան կորսնցուց դարերէ ի վեր իր վայելած քաղաքական դիրքն ու վարկը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ: