Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, յաղթական դաշնակից երկիրները 28 Յունիս 1919-ի Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովին (Paris Peace Conference), որ ծանօթ է նաեւ Վերսայի հաշտութեան խորհրդաժողով անունով (Versailles Peace Conference), հաշտութեան պայմաններ պարտադրեցին պարտեալ կողմերուն: Երեսուներկու տարբեր երկիրներ մասնակցեցան այս խորհրդաժողովին, որուն կարեւորագոյն որոշումներէն մէկը եղաւ Ազգերու Լիկային (League of Nations) ստեղծումը: Ահաւասիկ ա՛յս ժողովին էր որ հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացուց 3.7 պիլիոն տոլար արժողութեամբ (այսօրուան արժողութեամբ 51 պիլիոն Ամերիկեան տոլար) հսկայական ցուցակ մը՝ Հայ Եկեղեցիէն բռնագրաւուած ու կողոպտուած կալուածներու: Իսկ Փետրուար 1920-ին ներկայացուց ա՛յլ ցուցակ մը հայ ժողովուրդէն բռնագրաւուած եւ կողոպտուած կալուածներուն՝ Օսմանեան պետութեան կողմէ:
Խորհրդաժողովին յանձնուած ցուցակները յստակօրէն կը ներկայացնէին Օսմանեան պետութեան կողմէ կործանուած 2000 եկեղեցիներու եւ 200 վանքերու ցանկ մը, ինչպէս նաեւ նիւթական հատուցման պահանջ՝ բոլոր կողոպտուած, բռնագաւուած, կործանուած եւ սեփականացուած անձնական կալուածներուն համար: Թրքական պետութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով պատասխանեց ներկայացուած խնդրագրին եւ հետեւաբար հատուցման հարցն ալ մնաց թուղթի վրայ:
Բռնագրուած հայկական կալուածներուն հարցը ներկայացուեցաւ զանազան այլ խորհրդաժողովներու մէջ եւս: Օրինակի համար, Պաթումի 4 Յունիս 1918-ի խորհրդաժողովին, Սեւրի 10 Օգոստոս 1920-ի խորհրդաժողովին, ուր շատ յստակ կերպով, նամանաւանդ 144-րդ յօդուածի տրամադրութեան համաձայն, Թուրքիա պարտաւոր էր չեղեալ նկատել, ջնջել իր կալուածներու բռնագրաւման օրէնքը: Դժբախտաբար սակայն այս բոլորը չգործադրուեցան եւ ամէն ինչ խորտակուեցաւ Լօզանի 24 Յուլիս 1923-ի խորհրդաժողովով:
Բոլորիս ծանօթ է ա՛յն իրողութիւնը, որ հայերէն բռնագրաւուած կալուածաթուղթերը ինչպէս նաեւ հսկայական գումարներ եւ թանկագին մետաղներ (ոսկի, արծաթ, ադամանդ եւ թանկագին այլ քարեր) ի պահ դրուեցան օսմանեան, գերմանական եւ աւստրիական դրամատուներու մէջ: Այս մասին իրենց վկայութիւնները կու տան Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սթէնլի Պոլտուին եւ Հերպըրթ Հէնրի Ասքուիթ (Stanley Baldwin, H. H. Asquith), թէ երեսուն հազար քիլոկրամ ոսկի օսմանեան կառավարութեան կողմէ 1916-ին փոխանցուած է Պերլինի Ռայխսպանքին (Reichsbank):
Թուրքիոյ 1923-ի անկախացումէն ետք բռնագրաւումները շարունակուեցան տարբեր պատրուակներու տակ այս անգամ: Եթէ անցեալին յատարարեցին թէ կը բռնագրաւեն «տեղահանուած» անհատներու կալուածները, այս անգամ յատարարեցին թէ կը բռնագրաւեն «կորսուած կամ հեռացած» անհատներու կալուածները: 15 Ապրիլ 1923-ի Լօզանի խորհրդաժողովի նախօրեակին, թուրք կառավարութիւնը ի զօրու յայտարարեց «լքուած կալուածներու» օրէնքը եւ որպէս հետեւանք, առանց նկատի ունենալու հանգամանքներն ու պարագաները, բռնագրաւեց բոլոր կալուածները ա՛յն հայերուն, որոնք իրենց կալուածներուն վրայ չէին ապրեր:
Վերեւ յիշատակուածները կարծէք չէին բաւեր՝ 23 Մայիս 1927-ին թրքական կառավարութիւնը ի գործ դրաւ նոր օրէնք մը, ըստ որուն բոլոր անոնք որոնք քեմալական անկախութեան պատերազմին հեռացած էին երկրէն եւ չէին վերադարձած մինչեւ 24 Յուլիս 1923՝ կը զրկուէին թրքական հպատակութենէ: Այս տխրահռչակ օրէնքին յաջորդեց 28 Մայիս 1928-ի օրէնքը, ըստ որուն բոլոր անոնք որոնք կորսնցուցած էին իրենց քաղաքացիութիւնը՝ պիտի արտաքսուէին երկրէն, պիտի բռնագրաւուէին անոնց կալուածները եւ այդտեղ պիտի բնակեցուէին գաղթական թուրքեր:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի նախօրեակին եւս, թրքական կառավարութիւնը «Վարլըգ վէրկիսի» («Ունեւորութեան Տուրք») անուամբ ծանօթ իր հարկային տխրահռչակ նոր օրէնքով՝ թիրախ դարձուց երկրին փոքրամասնութիւնները: Բոլոր անոնք որոնք չկրցան վճարել իրենց վրայ դրուած անմարդկային ծանր հարկերը, պարտաւորուած եղան աճուրդի միջոցաւ ծախելու իրենց կալուածները շուկայական գիներէն շատ աւելի պակաս արժէքով: Իսկ անոնք որոնք չկրցան ծախել, կառավարութիւնը բռնագրաւեց անոնց կալուածները, փոխան հարկային վճարումի:
Այս տխուր դէպքերուն յաջորդեցին Պոլսոյ մէջ 6–7 Սեպտեմբեր 1955-ի խուժանային յարձակումները մասնաւորաբար հայերու եւ յոյներու դէմ: Այս բոլորին արդիւնքը եղաւ այն, որ 5317 կալուածներ (4214 տուն, 1004 աշխատանոց, 73 եկեղեցի, 2 վանք, 1 սինակոկ, եւ 26 դպրոցներ) աւերուեցան: Թուրք պետութեան համաձայն, յարձակող խուժանները, մօտաւորապէս 25 միլիոն տոլարի, անգլիական աղբիւրներու հաշուարկութեամբ՝ աւելի քան 200 միլիոն տոլարի, իսկ Միացեալ Ազգերու հաշուարակութեամբ 150 միլիոն տոլարի վնաս պատճառեցին:
Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու 1960-ի թիւ 903 նոր օրէնքը, որուն համաձայն՝ հայեր չէին կրնար ունենալ նոր հաստատութիւններ եւ ո՛չ ալ կրնային գնել կամ կտակել կալուածներ: Այս բոլորը անշուշտ հակառակ էին Լօզանի խորհրդաժողովին մէջ արձանգրուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքին, ինչպէս նաեւ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Խորհրդաժողովի (European Convention of Human Rights) տասնմէկերորդ յօդուածին, որուն համաձայն «ազատութիւն կը շնորհուէր բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքէին կազմակերպութիւններ ունենալ եւ ժողովներ գումարել»:
1974-ի նոր օրէնքով, ոչ-իսլամներ պիտի չկարենային յաւելեալ կալուածներ ունենալ, բացի անոնցմէ որոնք արդէն կալուածներ ունէին արձանագրուած իրենց անուան տակ՝ 1936-ին: Այս նոր օրէնքին տխուր հետեւանքը եղաւ ա՛յն, որ հայ գաղութը կորսնցուց աւելի քան 1400 կալուածներ – ներառեալ՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, բնակելի շէնքեր, հիւանդանոցներ, ամառնային ճամբարներ, գերեզմանատուներ եւ որբանոցներ – որոնք արձանագրուած էին 1936-էն ետք:
Այս բոլորով ուզեցինք ցոյց տալ, որ այս դիտաւորեալ բոլոր դժուարութիւնները ստեղծուեցան հայերու վիճակը դժոխային դարձնելու համար Թուրքիոյ մէջ: Եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք՝ ո՛չ մէկ հայկական նոր եկեղեցի կառուցուեցաւ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Գոյութիւն ունեցող բոլոր եկեղեցիներն ալ կառուցուած են նախ քան 1923 թուականը: Միայն Դեկտեմբեր 2012 թուականին արտօնուեցաւ որ ասորիներ կառուցանեն իրենց նոր եկեղեցին, բայց ատիկա չիրականացաւ երբ ասորիներ իմացան, թէ ա՛յն հողը որուն վրայ պիտի կառուցանէին իրենց եկեղեցին՝ նախապէս եղած էր լատինական գերեզմանատուն:
Թող տարօրինակ չթուի մեր ընթերցողներուն երբ կ’արձանագրենք այստեղ, թէ 15 Յունիս 2011-ին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու յանձնաժողովը (United States House Foreign Affairs Committee) նախագիծ մը որդեգրեց մեծամասնութեան քուէով, թէ պիտի պահանջէր Թուրքիայէն որ «ապահով պահէր քրիստոնէական ժառանգները եւ վերադարձնէր բռնագրաւուած եկեղեցական կալուածները»: Հիմա նորէն հարց տանք մեր ընթերցողներուն, թէ ի՞նչ նշանակութիւն եւ կամ կարեւորութիւն ունի նոր նախագիծի մը որդեգրումը՝ երբ հինգ տարիներ առաջ որդեգրուած նախագիծը չիրականացաւ եւ կեանքի չկոչուեցաւ: Պէտ՞ք է հաւատալ սին խոստումներու…:
Վերջ