0

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԼՈՒՌ ՄՆԱԼ

           Ռուսիոյ պետական տեղեկատուական գործակալութեան «Կոլոս Ռոսիի» ռատիոկայանը 2016 նոյեմբեր 27-ին Հայաստանի մասին ընդարձակ հաղորդում մը սփռած էր շա՜տ ուշագրաւ սա վերնագրով. «Մինչև 2040 թուական Հայաստանը կրնայ մնալ առանց հայերու»:

            Պէտք կա՞յ ահազանգելու եւ յիշեցնելու, թէ ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Վիճակագրական Ծառայության (ԱԱԾ) Գրասենեակի հրապարակած տուեալներուն, «Հայաստանի մշտական բնակչութիւնն այս տարեսկզբին, 2016-ի Յունուարի 1-ի համեմատ, նուազել է 12,100-ով»:  Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ՝ Կարինէ Գույումճեանի համաձայն, բնակչութեան թուաքանակի նուազումը արդիւնք է երկու գլխաւոր պատճառներու. առաջին՝ ծնելիութեան նուազում, եւ երկրորդ՝ արտագաղթ:

            Ըստ փոխանցուած տեղեկութեան,  2016 թուականին Հայաստանէն արտագաղթած են 24,600 անձ, 2015 թուականին 25,900 եւ 2014 թուականին՝ 21,800 անձ: Դարձեալ ըստ  նոյն տուեալներուն, 2016-ի Յունուարէն մինչեւ Դեկտեմբեր երկարող ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն դէպի դուրս՝ արտերկիր՝ սահմանը անցնողներուն թիւը եղած է 820,398 հայաստանցի եւ երկիր մտնողներուն թիւը՝ 769,19 ՀՀ քաղաքացի:  Հետեւաբար ափսոսանքով պիտի ըսենք, թէ  մէկ տարուան ընթացքին 51,379 անձ հայրենիք չէ՛ վերադարձած…: Ողբա՜մ զքեզ, հայոց աշխարհ:

            Դարձեալ վիճակագրական տուուեալներու համաձայն, հայրենիքի մէջ ծնողներուն թիւը նուազած է: 2014 թուականին գրանցուած է 43,301 ծնունդ, 2015-ին՝ 41,763, իսկ 2016 թուականին լույս աշխարհ եկած են 40,638 երախայ-հրեշտակներ: Ծնելիութիւնը քաջալերելու  համար հայրենի պետութիւնը միջոցներ ձեռնարկեց, որոշակի ծրագրեր պատարստեց որոնք տակաւին կեանքի չկոչուեցան լիովին եւ հետեւաբար անօգուտ փորձեր կարելի է որակել զանոնք:

            Եկէք պահ մը ազգովին լրջօրէն մտածենք առանց զգացական մօտեցումներու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքին վիճակը: Հեռացողներուն աւելի քան 50 տոկոսը 20-54 տարեկան է՝ մեծ մասամբ այրեր: Ականատեսներու վկայութեամբ, Հայաստանի գիւղերը դատարկուած են երիտասարդ բնակիչներէ, իսկ մնացող ծերունիները, անկարող են հողը մշակելու: Հողին կապուած քիչ թիւով ընտանիքներ եթէ մնացին` գիւղը պահպանելու նուիրական տրամադրութեամբ՝ անոնց ալ չտրամադրուեցաւ հարկ եղած պետական օժանդակութիւնը: Լեռնային եւ դաշտային շրջաններու մէջ գիւղական կեանքը մնացած է անհրապոյր եւ տխուր: Ինքնասպանութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն, ժողովուրդն ալ, դժբախտաբար, օրապահիկ մը ապահովելու արժանապատիւ միջոցներու չգոյութեան հետեւանքով մոռացութեան տուած է իր հայրենասիրութիւնը:

Գնահատելի է, անշուշտ, Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը, բայց կրկնակի պիտի գնահատէինք եթէ նոյն նախարարութիւնը բարձրաձայն յայտարարէր. ՄԻ՛ ԵՐԹԱՔ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՈՐԲ ՄԻ՛ ՁԳԷՔ: Դժբախտաբար հայրենի պետութիւնը, իր աւագանիով, զբաղած է տարբեր խնդիրներով, որոնցմէ  կարեւորագոյններն են՝ իշխանութեան պահպանումը եւ անոր  ժառանգականութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական շահերու սեփականացումը:

            Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ՛ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:

            Այս մասին անդրադարձած ենք անցեալին եւ կատարած առաջարկներ փրկուելու համար այս ազգային գահավիժումէն որուն ոտնաձայները կը լսենք բոլորս եւ սակայն սառնութեամբ եւ անտարբերութեամբ ոչինչ կ’ընենք:  Ահաւասիկ մեր առաջարկները.-

            1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներուն համաձայն:

            2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները:

            3.- Առողջապահութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել:

            4.- Օրինականութիւն. Ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն, կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանութեան:

            5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ, թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ:

            6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ:

            7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիին հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը:

            Վերեւ յիշատակուած առաջարկները հայրենի պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս է՛ նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահրաւէրները, ի՛նչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնը, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:

            Հայրենի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ` դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած համակերպող անպատասխանատու լռութիւնը մասնաւորաբար մեր նուիրապետական Աթոռներուն կողմէ, որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը:  Անոնց բարոյական պարտքն է քաջաբար մատնանշել պետական իշխանութեանց սխալները եւ յորդորել, ի հարկին նաեւ պահանջե՛լ, որ անոնք զգաստանան եւ ուղղեն իրենց ընթացքը՝ յանուն երկրին եւ ժողովուրդին վերին, յաւիտենական շահերուն:

            Սպառած են արդէն արդարացման բոլոր փորձերը` յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ այս կենսական եւ սկզբունքային բարոյական հարցին նկատմամբ: Պէտք է տեսնել եւ բացայայտել ամէն ճշմարտութիւն, եթէ բան մը կ’ուզենք փոխել եւ շտկել մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ, ապա թէ ոչ «Կոլոս Ռոսիի» գուշակութիւնը իրականութիւն կրնայ դառնայ մօտիկ ապագային: Անգամ մը արդէն դառնապէս վճարեցինք մէկուկէս միլիոն հայերու ոչնչացումին-հեռացումին գինը. պատմութիւնը չկրկնե՛նք այս անգամ՝ մե՛ր իսկ ինքնասպանութեամբ:

            Հայրենիք ունինք, բայց կ’ապրինք օտարութեան մէջ….:

0

Write a Comment