0

ԱՄՕԹԱԼԻ՞, ԹԷ ԾԻԾԱՂԵԼԻ

Շատ հետաքրքրական էր լսել Ոսկան Արք. Գալփաքեանի հարցազրոյցը Ա1+ հեռուստակայանի վրայ:  Ունկնդրողը անակնկալի առջեւ կը գտնէ ինզինք անկասկած: Ոսկան Արք. Գալփաքեանի «քաջաբար» կատարած յայտարարութիւնը, թէ «Հայաստանում իշխանութիւնը կաշառքով է ընտրւում», մեզ երբեք չի զարմացներ որովհետեւ ակնյայտ ճշմարտութիւն մըն է: Դժբախտաբար վերջին քսանեւհինգ տարիներուն Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ստեղծուած իրավիճակ մըն է ատիկա, որուն մասին ամէն օր կը գրուի հայկական մամուլին մէջ:  Մեզի զարմացնողը արտայայտութի՛ւնն իսկ է բարձրաստիճան հոգեւորականին, որ քսանեւհինգ տարիներու նինջէն ետք յանկարծ արթնննալով տեսած է կաշառակեռութիւնը, քաղաքական բանտարկութիւնները, մարդկային իրաւունքներու խախտումները, տնտեսական ճգնաժամային պայմանները, արտագաղթը  եւ մասամբ նոցին:    Ամօթալի իրականութիւն մը, որ մեզ կը յուզէ, կը մտահոգէ, կը տառապեցնէ եւ կը զայրացնէ, նոյն ատեն կը մխիթարէ նաեւ, թէ վերջապէ՜ս բարձրաստիճան եկեղեցական մը յանդգնութիւնը կ’ունենայ  դատապարտելու հայրենի պետութեան սանձարձակութիւններն ու անիրաւութիւնները: Շա՛տ բարի, բայց ու՞ր են մեր մնացեա՛լ բարձրաստիճան եկեղեցականները, նամանաւանդ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետը, որ կրաւորական վիճակով, անտարբերութեամբ եւ սառնարիւն կը դիտէ այս բոլորը եւ չի՛ համարձակիր ի սէր Աստուծոյ ըլլալ խղճին ձայնը տառապեալ ժողովուրդին:

            Ոսկան Արքեպիսկոպոսին յաջորդ գիւտը՝ Պէնթլի վարող շքեղ կենցաղով ապրող հոգեւորականներուն մասին է (մոռցած է յիշեցնելու որ ինք ալ անոնց մաս կը կազմէ), որպէս թէ նման զեխ եւ ճոխ կեանք մը որոշակիօրէն կը պարտադրուի եղեր. «ժողովուրդը չի ուզում բարձրաստիճան հոգեւորականին տեսնել Ժիկուլիի մէջ:» Լաւ կ’ըլլար որ հոգեւորական բառը չգործածէր, որովհետեւ հոգեւոր ոչինչ մնացած է այնտեղ –բացառութիւնները միշտ յարգելի- եւ ամէն ինչ դարձած է առեւտուր եւ եկամուտի աղբիւր:  «Եթէ ես Երեւանում մի տեղ Ժիկուլիից իջայ, հիւրանոցի ներսի աշխատողը չի գայ դուռս բացի:  Բայց եթէ տեսնի Մերսէտէսով եմ գնում, կը գայ անմիջապէս դուռս կը բացի…»: Կրնա՞ք երեւակայել նման սոփեստութիւն: Այս բառերը արտասանողը Մայր Աթոռի կարգապահական եւ շնորհաբաշխութեան յանձնաժողովի ատենապետն է: Յարգանք կը շահիք, սրբազա՛ն հայր, երբ փոխադարձ յարգանք եւ կարեկցութիւն ցոյց կու տաք ձեր ժողովուրդին. յարգանք կը շահիք ձեր նկարագրով եւ կենցաղով եւ ո՛չ թէ ձեր Մերսէտէսներով եւ կամ Պէնթլիներով: Վա՜յ քեզ քաղաք….

            Գիւտարար Ոսկան Արքեպիսկոպոս եկեղեցականները կարգալոյծ ընող եւ անոնց աստիճաններ շնորհող յանձնաժողովի ատենապետն է եղեր:  Մեզի անծանօթ է թէ ե՞րբ այդ պաշտօնին կոչուած է, թէեւ այդ ալ կարեւոր չէ այս պահուն: Սրբազանը կը պնդէ որ առարկայական չեն կարգալոյծ եղած այն հոգեւորականները, որոնք յետոյ բողոքած են կաթողիկոսին մասին. «ինչ որ տեղ վեհափառը մեղմ է գտնւում: Մենք ենք ասել՝ ”Վեհափա՛ռ, կարգալոյծ արէք,” ինքը կանչել է հոգեւորականին, ասել է՝ ”Քո մեղքի համար քեզ կագալոյծ անելը վատ է, դու քո հրաժարականը գրիր”: Դժուար է հասկնալ եւ մարսել այս ստախօսութիւնը:  Այսքան ստրկութիւն եւ խնկարկում անհանդուրժելի է:

            Ի՞նչ ընէին արդեօք բոլոր այն արժանաւոր եկեղեցականները որոնք քինախնդրութեամբ արտաքսուեցան եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, որոնք եկեղեցւոյ խորանին առջեւ ծնրադիր՝ խոստացած էին ծառայել Աստուծոյ եւ ժողովրդեան, ուխտելով հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, յանձն առնելով ապրիլ աղքատութեան, քաղցի, ծարաւի, վիշտերու, հալածանքներու, նախատինքներու եւ չարչարանքներու մէջ՝ Քրիստոսի սիրոյն: Այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունեցող հոգեւորականը ինչպէ՞ս կրնայ չպոռթկալ անարդարութեան դէմ:

            Այս մասին շատ գրած ենք անցեալին, սակայն եւ այնպէս տակաւին կը շարունակուին ապօրէն կարգալուծումները: Հայց. Եկեղեցւոյ ամենազգայուն եւ ամենաշիկացած հարցն է, որուն մասին խօսիլը անհնարին կը նկատենք եւ սակայն կը խռովինք ի տես եղած անարդարութիւններուն, նամանաւանդ երբ անոնք կը կատարուին յԱթոռոյ, քինախնդրութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, յիշաչարութեամբ եւ ոխակալութեամբ: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է պատժական տնօրինումներուն մօտենալ զգօնութեամբ, խոհականութեամբ եւ այն լրջութեամբ որ կ’ակնկալուի նուիրապետական Աթոռէն։ Հակառակ պարագային կը դառնանք անօրէն եկեղեցի, ուր կ’իշխեն հաշիւ, կամայականութիւն ու քինախնդրութիւն, ինչ որ կը նսեմացնէ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան պատկերը:

            Եկեղեցին ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները արդարօրէն գործադրելու պարտաւորութիւն՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ։ Իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի եւ առիթ ընծայուի մեղադրեալին՝ ներկայացնելու իր պաշտպանողականը փաստացի եւ իրաւացի տուեալներով ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան: Կան նաեւ այսպէս կոչուած մեղմ յանցանքներ, որոնց համար սահմանուած են յատուկ պատիժներ, ինչպէս՝ ապաշխարութիւն եւ փիլոնազրկութիւն։

            Դժբախտաբար այս չէ կացութիւնը այսօր  եւ օրինակները սահմռկեցուցիչ են: Քսանեւութ տարիներու ծառայութիւն ունեցող արքեպիսկոպոսը կարգալոյծ հռչակուեցաւ սոսկ հեռաձայնային կանչով մը՝ այն ալ Մոնթրէալէն. ո՛չ դատ, ո՛չ դատաստան:  Ուրիշ վարդապետ մը արտաքսուեցաւ շատ հոգեւոր ըլլալուն համար, դարձեալ առանց դատ ու դատաստանի, եւ նոյնիսկ պետական լծակներու միջոցաւ անոր արգիլուեցաւ Ս. Գրոց սերտողութիւններ կատարել ընտանիքներէ ներս: Անշահախնդիր եւ մամոնայի չծառայող քահանաներ հեռացուեցան իրենց սպասաւորութեան դաշտէն որպէս անբաղձալիներ, առանց դատ ու դատաստանի: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն մէջ նշուած շինծու մեղադրանքները, «կարգապահական խախտումներ» անուան տակ, ո՛չ միայն համոզիչ չեն, այլեւ ո՛չ մէկ ձեւով կը համապատասխանեն ճշմարտութեան: Մինչ ուրիշներ իրենց բացայայտ խայտառակութեամբ կ’ոտնակոխեն եկեղեցւոյ բոլոր սրբութիւններն ու կանոնները՝  կը մնան պատիւը ամենայն հայոց հայրապետութեան:

            Ոսկան Սրբազա՛ն, կարգալոյծ հռչակուեցան բազմաթիւ արժանաւոր եկեղեցականներ, թէ՛ կուսակրօն եւ թէ՛ ամուսնացեալ: Հարաւային Ֆրանսայի Նիսի եկեղեցին «առաքելական» կոչումէն զրկուեցաւ ու տակաւին դատավարութեան մէջ է առաջնորդարանին հետ:  Անվաւեր նկատուեցան թեմական եւ համայնքային կանոնագիրներու համաձայն ընտրուած վարչութիւններ — այս բոլորը ինչպէ՞ս կարելի է նկատել որպէս սիրոյ եւ խաղաղարար ոգիի դրսեւորում կամ արտայայտութիւն: Ու՞ր ես, Արդարութիւն…

            Եկեղեցւոյ եւ պետութեան սերտաճումը ստեղծեց մտահոգիչ նոր իրավիճակ մը, նամանաւանդ վերջին քսանհինգամեակին: Հայաստանի անկախացումէն եւ պետականութեան վերստեղծումէն ետք Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը պետութեան հետ համագործութեամբ դարձած է պետական կառոյցի մէկ հատուածը, այլ խօսքով անոր ուղեկիցը: Բայց եկեղեցին իրաւունք չունի այլեւս թաքնուելու իր մեքենացած արարողութիւններու ետին, իսկ անոր հոգեւոր սպասաւորները, որոնք հանապազօր կը տեսնեն անարդարութիւնները,  քաջութիւնը չունին բացայայտելու ճշմարտութիւնները: Այսօրուան կղերը քաջութիւն եւ բարոյական վեհութիւն պէտք է ունենայ ընդունելու իր թերութիւններն ու սխալները: Դժբախտաբար վիժած հոգեւոր կեանքի ճգնաժամի մը մէջ կ’ապրինք: Հեռացած ենք աւետարանական ուսուցումներէն եւ հոգեւոր արժէքներու սնանկացումը մեզ կը մաշեցնէ ազգովին: Եկեղեցականութեան նիւթապաշտ մտածողութիւնը հայ ստուար հասարակութիւնը ընդհանրապէս մղած է անտարբերութեան հանդէպ իր եկեղեցիին եւ ազգային արժէքները:

            Այս մտահոգիչ ճգնաժամին առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ է կատարել բարոյական սկզբունքներու վերարժեւորում եւ յառաջ բերել բարեկարգութեան զարթօնք: Ժամանակն է զգաստանալու, սթափելու եւ տեսնելու գահավիժումը մեր դարաւոր եկեղեցիին, մեր հաւատքի կրանիթեայ ապառաժին: Եկեղեցին կարելի չէ նոյնացնել պետութեան մը կառոյցին հետ, որովհետեւ այդտեղ չկա՛յ տիրութիւն, այլ կայ միայն ծառայական առաքելութիւն, որուն մեծագոյն օրինակը Աստուածորդին Ի՛նք տուաւ Իր կեանքին զոհաբերութեամբ:

            Դժբախտաբար ծառայասիրութեան եւ եղբայրութեան փոխարէն եկեղեցւոյ ղեկավարութեան մէջ արմատացած է բռնամոլութեան, մենատիրութեան եւ քինախնդրութեան ախտը, որ յաճախ կը դրսեւորուի անհատին մօտ՝ երբ կը բացակային ինքնավստահութիւնը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Այսուհետեւ մեզի կը մնայ վանել ապականութիւնը եւ ժողովրդային գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին դուրս բերել իր ճահճացած վիճակէն:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

25 Մարտ 2017

0

Write a Comment