0

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷԻՆՔ ԱՐԴԵՕՔ

«Աչք գոն եւ ո՞չ տեսանէք, ականջք են եւ ո՞չ լսէք,

եւ ո՞չ իմանայք տակաւին, եւ ո՞չ յիշէք:»

(Մարկ. Ը,18)

 

Ոչի՛նչ…:   Որովհետեւ աչք ունինք եւ չենք տեսներ, ականջ ունինք եւ չենք լսեր եւ ո՛չ ալ կը յիշենք:  Ահաւասիկ քսանհինգ տարի է որ դէմ յանդիման կը կանգնինք  քաղաքական նոյն պատկերին – թերեւս աւելի յարմար պիտի ըլլար ըսել՝ կրկէսին առջեւ-: Ի՞նչ կ’ակնկալէինք արդեօք: Աջէն-ձախէն ընտրակաշառք կը գոռան. մոռցա՞նք արդեօք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Սօս Սարգսեանի մրցակցութիւնը,  երբ երկու խմբակներն ալ ընտրակաշառք բաժնեցին մեր հայրենի ժողովուրդին, չհաշուած այլ զեղծումները: Նոյնը պատահեցաւ երկրորդ նախագահական ընտրութեան ժամանակ, եւ անշուշտ թէ նոյնը պիտի կրկնուէր յաջորդող ընտրութիւններուն:  Հետեւաբար ոչինչ կայ զարմանալի:

Փաստօրէն ինչպէս որ կ’ակնկալէինք՝ այդպէս ալ պատահեցաւ: Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ժպտերես նոր դէմքին առաջ մղումը քարոզարշաւներու հարթակին վրայ՝ տուաւ իր «դրական» արդիւնքը:  Այս երեւոյթը պէտք է նկատել որպէս քաղաքական հասունութին, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար բնորոշել՝ քաղաքական ճարպիկութիւն ՀՀԿ-ին կողմէ: Առիւծի բաժինը կրկին ինկաւ ներկայ իշխանութեան (մեծահարուստներուն), ներառեալ Ծառուկեան Դաշինքը, իսկ մնացեալ փշրանքներն ալ իշխանութեան փէշերուն փարած կուսակցութիւններուն, առ ի մխիթարութիւն: Այս բոլորը կը նշանակեն որ շատ քիչ նոր դէմքեր պիտի տեսնենք խորհրդարանէն ներս:

Ապրիլ 27-ին տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանի առաջին նիստը, ուր եւ պիտի ընտրուի Ազգային Ժողովի նախագահը:  Յաջորդող տաս օրերու ընթացքին ՀՀ նախագահը պիտի նշանակէ նոր վարչապետը:  Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Կարէն Կարապետեան պիտի վերահաստատուի իր պաշտօնին վրայ: Վարչապետի նշանակումէն քսան օր ետք, իր իսկ առաջարկով, Ազգային Ժողովի նախագահը կը նշանակէ նախարարները: Կառավարութեան կազմը ամբողջանալէ ետք, յաջորդ քսան օրերու ընթացքին կառավարութիւնը կը ներկայացնէ իր ծրագիրները Ազգային Ժողովին:

Քաղաքական այս գործընթացը ներկայացուցինք առ ի գիտութիւն մեր ընթերցողներուն:  Վերադառնանք իսկական քաղաքական պատկերին եւ վերլուծենք կատարուած ընտրապայքարը, որ շատ նման էր յաջող բեմադրութեան մը: Շեշտելու համար, անգամ մը եւս յայտնենք որ կաշառքներն ու զեղծումները նորութիւններ չեն շատ մը ա՛յլ քաղաքական ընտրարշաւներու պարագային եւս:  Այսօրուան պէս կը յիշեմ լիբանանեան ընտրութիւննները, ուր թեկնածուներ ամէն ձեւի ճարպիկութեամբ, չըսելու համար խարդախութեամբ, կանաչ տոլարներով կը խաբէին քուէարկողները. ի վերջոյ դրամը հրաշքներ կը գործէ՝ կ’ըսէ անգլիական առածը (money does wonders):

Կը յիշէք ԱՄՆ նախագահական ընտրապայքարին՝ Նախագահ կրտսեր Պուշի երկրորդ ընտրութեան (ընդդէմ Ալ Կորի) ընթացքին քուէներու բացայայտուած զեղծումները:  Հետեւաբար, բոլոր անոնք որոնք քիչ թէ շատ կը հետեւին քաղաքական ընտրութիւններու, կը հասկնան թէ ի՞նչ կը նշանակէ ընտրարշաւ:  Չմոռնանք այստեղ յիշատակելու, որ նման զեղծումներ նաեւ կը կատարուին մեր կաթողիկոսական ընտրութեանց ընթացքին:  Իշխող դասակարգը —նոր ամիրաները— ըլլայ պետական համակարգ կամ կուսակցութիւն, իր գործընթացը յաջողցնելու համար, կը դիմէ ամէն տեսակի զեղծումներու եւ զարտուղի միջոցներու:

Այս բոլորին մէջ հետաքրքրականը ընտրողներու քանակի յաւելումն է, հակառակ այն իրողութեան՝ որ երկիրը թողած ու հեռացած են առաւել քան մէկ միլիոն հայրենաբնակներ: Ահաւասիկ պատկերը նախորդ ընտրութիւններուն, ըստ պաշտօնական տուեալներու.—

ա.- 1990 թուականին 1,286,464 անձ քուէարկած է, երբ տակաւին Հայաստանի մէջ կ’ապրէին 3,700.000 մարդ:

բ.-  1995 թուականին 1,183,000 անձ քուէարկած է, երբ արտագաղթի ալիքը կը շարունակուէր եւ մօտաւորապէս 4էն 500,000 մարդ հեռացած էր երկրէն:

գ.- 1999 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,137,000 մարդ:

դ.- 2003 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,188,256 մարդ: Ընթերցողը անմիջապէս պիտի մտածէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ քուէարկողներուն թիւը շատցաւ երբ ստուգապէս գիտենք, թէ հայրենիքը կը պարպուի արտագաղթի հետեւանքով:

ե.- 2007 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,375,733 մարդ: Եթէ փորձենք արդարացնել այս թիւերու ոստումը, ըսելով որ 20,000 սուրիահայեր ներգաղթեցին Հայաստան, – թէկուզ շատեր թողուցին հայրենիքը եւ հեռացան, – այդ բոլորով հադերձ կարելի չէ արդարացնել այս ընտրողներու մեծ ոստումը եւ չյայտարարել որ ընտրութիւնները խարդախուած են:

զ.- 2012 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,572,518 մարդ: Մեկնաբանութեան կը կարօտի՞ քուէարկողներուն թիւը, երբ նոյն ժամանակաշրջանին՝ հայենիքը թողած ու հեռացած են աւելի քան 130,000 մարդ:

է.- Իսկ այս վերջին 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,575,382 մարդ, երբ վերջին հինգ տարիներուն հայրենիքէն հեռացած են աւիլի քան 200,000 մարդ:  Հէլօօօօօ…..պէտք կա՞յ մեկնաբանութեան:

Հետաքրքրական են վերջին այս ընտրութեան առիթով արտայայտուած կարգախօսները, որոնք ձեւով մը կ’արտայայտեն այդ դաշինքին կամ կուսակցութեան հետագայ ծրագիրները:

1.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) կը ներկայանայ նոր կարգախօսով. «Անվտանգութիւն եւ առաջընթաց»: 2102-ին ան ներկայացաւ «Դէպի ապահով Հայաստան» կարգախօսով, իսկ 2007-ին «Առաջ Հայաստան» կարգախօսով:  Անցեալի բոլոր կարգախօսերն ալ փաստեցին, թէ անոնք  շրթնային ծառայութենէն անդին չեն անցնիր, որովհետեւ իշխանութիւնը առաւել եւս կողոպտեց ու հարստացաւ եւ երկիրը տնտեսապէս քայքայուելով անցաւ աղքատ երկիրներու շարքին:

Այստեղ կ’արժէ մէջբերել Ատլանտեան Խորհուրդի ներկայացուցիչին՝ Ճոն Հէրբսթի խօսքը, որ սփռուեցաւ «Ամերիկայի Ձայն» կայանէն, ուր ան յստակ կերպով արտայայտեց հետեւեալ տեսակէտը Հայաստանի վերջին ընտրութիւններու առիթով. «Ընտրակաշառք կամ թուախաղ՝ երկուքն ալ ընտրակեղծարարութեան տարբեր ապօրինի եւ անբարոյ միջոցներն են. այնպէս որ ես այստեղ առաջընթաց չեմ տեսներ: Նկատի ունենալով որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստան ամենաստեղծագործ եւ տնտեսապէս ամենազարգացած երկիրներէն մէկն էր, թէեւ այնտեղ չկար ժողովրդավարութիւն՝ բայց առ նուազն կար ազատ կեանք, որքան որ կարելի էր խորհրդային պայմաններու տակ:  Անկախացումէն ետք սակայն, Հայաստանը դարձաւ քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս ամենէն թերի զարգացած երկիրներու ցանկին մէջ: Շատ ցաւալի է այս իրողութիւնը, որովհետեւ Հայաստան կրնար տարբեր իրավիճակ ունենալ»:  Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու…:

2.- Ծառուկեան Դաշինքի կարգախօսն էր «Փոփոխութիւններու եւ կառուցելու ժամանակ»: Որո՞ւ համար, ի՞նչպէս եւ որո՞ւ հաշւոյն:  Հայրս եթէ ողջ ըլլար, հաւանաբար ըսէր.  «Լաֆ օլսուն, փատիշահըմ», որ թարգմանի՝ խօսքը աժան է:

3.- «Հայկական Վերածնունդի» կարգախօսն էր «Քուէարկէ՛ յանուն փոփոխութեան»: Բայց ի՞նչ փոփոխութեան մասին է խօսքը երբ յստակ ծրագիր մը չկայ ներկայացուած:

4.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կարգախօսն էր «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան»: Ո՞ւր մնաց արդար Հայաստան լօզունգը, երբ արդէն կը յայտարարուի թէ պիտի գործակցի  տիրող իշխանութեան՝ Հանրապետական Կուսակցութեան հետ:

5.- Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան  կարգախօսն էր «Հայրենիք, աշխատանք, սոցիալիզմ», որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երբեմնի կարգախօսը կը յիշեցնէ:

6,- Ազատ դեմոկրատներու կուսակցութեան կարգախօսն էր «Մենք կարող ենք», բայց մի՛ հարցնէք թէ ի՞նչ կամ ինչի՞ կարող են:

7.- Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան դաշինքի կարգախօսն էր «Ժառանգութիւն, համախմբում, յաղթանակ»:

8.- Կոնգրէս-ՀԺԿ դաշինքի կարգախօսն էր «Խաղաղութիւն, հաշտութիւն, բարի դրացիութիւն»:  Կարգախօսի հեղինակ՝ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

9.- «Ելք դաշինքի» կարգախօսն էր՝ «Ընտրութիւն, փոփոխութիւն, յաղթանակ»:

Կարգախօսներու շարա՜ն, յաղթանակներու երազա՜նք…:

Այս բոլորը իմանալէ ետք, ընթերցողը թէ՛ զարմանալու եւ թէ՛ տխրելու շատ պատճառներ ունի: Նախ պիտի մտածէ, թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ ա՛յսքան քաղաքաքարոզչական աշխատանքներէ ետք նոյն վերնախաւը յաղթական դուրս եկաւ, ամլութեան մատնելով իր բոլոր հակառակորդները: Շատ պարզ է. տնտեսապէս անապահով ժողովուրդ մը շա՜տ դիւրին է ստրկացնել երբ ան կորսնցուցած է իր հաւատքը հայրենի պետութեան ղեկավարութեան հադէպ, հետեւաբար կաշառք ընդունիլն ալ չի նկատեր որպէս ստորնացում: Պարապ տեղ չէ ըսուած, թէ «ջուրին մէջ խեղդուողը՝ օձի՛ն ալ կը փաթթուի»: Ահաւասիկ այս հոգեվիճակի մէջ են մեր հայրենաբնակ եղբայրներն ու քոյրերեը, եւ հետեւաբար թերեւս պէտք չէ մեղադրել. զիրենք այս վիճակին հասցնո՛ղն է մեղաւորը:

Ցաւով կ’աձանագրենք, թէ հայրենաբնակ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հայրենիքի ղեկավարութեան նկատմամբ: Այդ պատճառով ալ պանդխտութեան ճամբան բռնողներուն թիւը հետզհետէ կը բազմանայ, հայրենիքը թողլով մեր արիւնարբու թշնամիին ճիրաններուն զոհ: Ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւատք ներշնչել ժողովուրդին, տալով անոր տնտեսական եւ ընկերային ապահովութիւն՝ որպէսզի տէր կանգնի իր հայրենիքին:

Ժամանակն է վերարժեւորելու մեր սկզբունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը: Անսասան հաւատքով ու կորովով պարտաւոր ենք հետամուտ ըլլալու որ բարոյական արժէքները վերականգնուին հայրենիքէն ներս: Կ’արժէ յիշել այստեղ իրլանտացի մեծ գրող Պեռնարտ Շօի խօսքը. «Կը կամի՛ս եւ կ’ունենա՛ս»:  Ժողովուրդը երբ կամենայ, ուշ կամ կանուխ կը հասնի իր նպատակին:

 

1 Մայիս 2017

 

0

Write a Comment