Մեր ազնիւ ընթերցողները կը յիշե՞ն արդեօք Փարիզի Շառլ տը Կօլ օդակայանի յարգարժան անձնաւորութեանց յատկացուած սրահին մէջ (VIP Room)` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Ֆրանսայի հայոց նախկին առաջնորդ Նորվան Սրբազանին հասցուած վիրաւորանքի խօսքերը. «Վեղարը գլխիցդ կ’առնեմ, փիլոնազուրկ կ’անեմ, կը կանգնեցնեմ դասի մէջ: Հաւատացեալները կը գան կը տեսնեն, որ դու պատժուած ես. մկրտութիւն, պսակ, թաղում չես կարող անել»…: Անտարակոյս, Նորվան Սրբազանին պոռթկումն ու հրաժարականը տակաւին կը տագնապեցնեն Հայց. Եկեղեցին:
Այս դէպքը պատահած էր այն պաճառով, որ Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ Վաչէ քհնյ. Հայրապետեանին հետ աշխատանքային պայմանագիր կնքելու գործին մէջ «թերացած» ըլլալով՝ Նորվան Սրբազան «արժանի» համարուած էր կաթողիկոսին կողմէ նման վիրաւորանքներ կրելու…: Թէեւ, պէտք է ըսել, եզակի չեն նման վիրաւորանքները, որովհետեւ նոյնպիսի դառնութիւններ ճաշակած են նաեւ ա՛յլ եկեղեցականներ, սա տարբերութեամբ՝ որ Նորվան Սրաբազան քաջութիւնը ունեցաւ իր դառնութիւնները գրաւոր ներկայացնելու Նորին վեհափառութեան «հայրական բա՜րձր, ամենողո՜րմ նկատառութեան». «Մենք ճաշակեցինք այս դառնութիւնները փոխանակ սիրոյ եւ շնորհի քաղցրութեան: …Մեր ճանչցած Հայց. Եկեղեցին սիրոյ, շնորհքի, արդարութեան քաղցր մթնոլորտի տակ շնչող հաստատութիւնն է, մինչդեռ ներկայիս վախի մթնոլորտ մը կը տիրէ, իր բոլոր դրսեւորումներով եւ հետեւանքներով»:
Վաչէ քհն. Հայրապետեան Նիսի ոստիկանութեան կողմէ իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւններուն հիմամբ Վերաքննիչ Դատարանին կողմէ դատապարտուած էր երկու տարուան պայմանական ազատազրկումի, անձ մը ծեծած ըլլալու յանցանքով: Մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ, որովհետեւ շեղած կ’ըլլանք մեր բուն նպատակէն: Ամփոփելու համար ըսենք, որ Վաչէ քահանան այդ երկրէն հեռացաւ եւ Նորին վեհափառութեան եղբօր՝ Եզրաս Սրբազանի «խնամքին» տակ շարունակեց գործել Ռուսահայոց Թեմին մէջ, ի Ս. Փեթերպուրկ:
Վերոյիշեալ դէպքէն մի քանի տարի անց՝ ահաւասիկ յանկարծ իր մօտիկ բարկամներէն կ’իմանանք, թէ Վաչէ քահանան լքած է իր պաշտօնավայրը եւ ընտանեօք հաստատուած է Քալիֆորնիոյ Լոս Անճէլըս քաղաքը: Մեզի անձնապէս անծանօթ են թէ ի՞նչ պայմաններու հետեւանքով Տէր Վաչէն եկած է Լոս Անճէլըս, եւ սակայն մեր մտքին մէջ կը ծագին շատ լուրջ կանոնական հարցեր: Այսպէս.—
1.- Տ. Վաչէն ազատ կեցութեան յանձնարարականո՞վ եկած է Լոս Անճէլըս, թէ՝ ինքնակամ կերպով: Եթէ յատուկ առաքելութեամբ եկած ըլլար, ապահովաբար այսօր արդէն իսկ հովուական պաշտօնի մը կոչուած պիտի ըլլար Քալիֆորնիայի մէջ, ուստի մենք կը հակինք ա՛յն վարկածին, թէ ան, ի հեճուկս եկեղեցւոյ կանոններուն, ազատ կամքով լքած է իր հովուական պաշտօնը ու եկած Լոս Անճէլըս:
2.- Էջմիածնական Թեմի Արեւմտեան Ազգային Առաջնորդարանի անձնակազմէն իմացանք, թէ առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան մերժած է պաշտօն տալ Վաչէ քահանային: Ստուգելու համար ճշմարտութիւնը՝ Յովնան Սրբազանին դիմելու անհրաժեշտութիւնը չտեսանք, որովհետեւ ստոյգ գիտենք եւ կը ցաւինք որ Հայ եկեղեցւոյ օծուած քահանան ներկայիս կ’աշխատի կապարագործ (plumbing) ընկերութեան մը մօտ որպէս օգնական. ի վերջոյ ընտանիք ունի եւ պարտաւոր է հոգալ իր ընտանիքը երբ հովուական աշխատանքի դռները փակուած են իրեն առջեւ: Մեզի համար անհանգստացուցիչ է տեսնել եկեղեցիի օծեալ պաշտօնեայի մը այս դժբախտ կացութեան մատնուիլը: Երանի թէ չպատահէր, բայց չենք կրնար ժամացոյցին սլաքը ետ տանիլ:
Արդարեւ, ի՛նչ պարագաներու տակ ալ ըլլայ, ողբերգական է այն վիճակը որուն ենթարկուած է Վաչէ քահանան: Դիտեցէ՛ք վերեւի նկարը. ան իր ինքնաշարժին առջեւ կանգնած է Հոլիվուտի Ֆորեսթ Լոն Գերեզմանատան (Hollywood Forest Lawn Cemetery) մուտքին, եւ «յաճախորդի» կը սպասէ, նման կարագազուրկ եւ ոչ-կարգազուրկ ուրիշ եկեղեցականներու, որոնք իրենց օրապահիկը շահելու համար՝ մուրացկանի նման շաբաթ եւ կիրակի օրերը կը կանգնին գերեզմանատան դրան առջեւ, սպասելով որ մէկը զիրենք հրաւիրէ աղօթք մը կարդալու իրենց հարազատներու գերեզմաններուն վրայ: Որքա՜ն անհանգստացուցիչ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ նուաստացուցիչ է տեսնել եկեղեցւոյ պաշտօնեայ մը այս պայմաններու տակ: Տակաւին չե՛նք իսկ խօսիր այն ժխտական տպաւորութեան մասին, որ այս մուրացկանութեան տեսարանը կը թողու գերեզմանատուն այցելող օտար անհատներու վրայ…: Ո՞ւր մնաց մեր պատիւը…: Առաջնորդարանները լրջօրէն պէտք է մտածեն իրենց հոգեւոր պաշտօնեաներու հանգստեան թոշակի մասին – առ նուազն անոնց, որոնք կարգապահական պատժամիջոցներու չեն ենթարկուած: Այս ամօթը կարելի չէ մարսել…:
3.- Մեզի ամենէն շատ անհանգստացնողը մէկ ա՛յլ իրողութիւն է: Ի՞նչ պատահեցաւ որ Վաչէ քահանան, որ ըստ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի՝ «հայ եկեղեցականութեան պատիւն» էր, այսօր քուրջի նման մէկ կողմ նետուած է: Եթէ ստոյգ է, թէ ան այսօր գրեթէ տարի մըն է որ Լոս Անճէլըս եկած է առանց իր մեծաւորներու հաւանութեան՝ ինչո՞ւ չի նկատուիր որպէս «կարգապահական խախտումներ» կատարած մէկը (ականջդ խօսի, Ոսկան Սրբազա՛ն) եւ ըստ այնմ կարգազուրկ չի՛ հռչակուիր, միանալու համար կաթողիկոսին կողմէ կարգազուրկ հռչակուած մնացեալ «բախտակից» եկեղեցականներուն: Իսկ եթէ ստոյգ չէ, ապա ինչո՞ւ յարմար պաշտօն մը զլացուած է իրեն՝ Քալիֆորնիոյ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմին մէջ, եւ որպէս կապարագործի օգնական կ’աշխատի օտար ընկերութեան մը մօտ, իսկ շաբաթավերջերուն ալ մուրացկանի նման կը յայտնուի «Ֆորեսթ Լոն»ի մուտքին…: Շա՞տ է յուսալ, որ Ս. Էջմիածնի կամ Առաջնորդարանի դիւանը պատշաճ հաղորդագրութեամբ մը յստակացնեն Վաչէ քահանային իրաւավիճակը (status)՝ ի գիտութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին: Սա պատուաբե՞ր երեւոյթ է մեզի համար ընդհանրապէս: Հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ, թէ ենթադրաբար կանոնազանց, –եւ կամ թերեւս մեզի անծանօթ պատճառներով շնորհազուրկ դարձած ու քուրջի նման մէկդի նետուած,– Տէր Վաչէն արդեօք տակաւին կը շարունակէ՞ մնալ մեր «եկեղեցականութեան պատիւը»՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետի աչքին…: Երկու չափ, երկու կշի՞ռ…:
Յստակ թող ըլլայ. մեր մտահոգութիւնը անձերը չեն, ի մասնաւորի՝ Տէր Վաչէն: Մեր խոր մտահոգութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եկեղեցականութեան մէջ տիրող անկարգութիւնն է ու եղբայրական սիրոյ բացակայութիւնը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աստուածային սիրոյ ցոլացումը մարդ արարածին մէջ: Անգամ մը եւս համոզուեցանք, թէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի «պատկեր» անդամները իրենց ստրկամիտ հոգեբանութեամբ ո՛չ մէկ կերպով կրնան որեւէ գործնական դարման բերել Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ տիրող այսօրուան հոգեւոր սնանկութեան եւ կանոնական ու բարոյական սայթաքումներուն:
Այստեղ անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան առարկան կը դառնան այն բոլոր արժանաւոր եկեղեցականները, որոնք քինախնդրութեամբ հեռացուեցան Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, որովհետեւ չէին պատկաներ ստրկամոլներու եւ կամակատարներու հաւաքածոյին: Ողբա՜մ զքեզ Հայ Եկեղեցի…:
13 Ապրիլ 2017