Եւ տակաւին յաջորդաբար պիտի անցնին ա՛յլ Ապրիլ 24-ներ, միօրեայ յուզումներ յառաջացնելով: Որքա՜ն միամիտ ենք որ տակաւին կը սպասենք, եւ չենք ալ գիտեր թէ որո՞ւ կը սպասենք եւ կամ ի՞նչ կ’ակնկալենք: Ցեղասպանութեան 102-րդ տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս ծանծաղամտութեամբ ակնկալեցինք որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցեղասպանութիւն բառը գործածէ, ինչ որ չպատահեցաւ, եւ սին «բարոյական արժէքներու» մասին մեր յոյսերը անգամ մը եւս ի դերեւ ելան: Խե՜ղճ հայ ժողովուրդ…
Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ քոնկրէսականներու կոչերը, ուղղուած նախագահ Տանըլտ Թրամփին, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ դարձան ձայն բարբառոյ յանապատի: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը կը համընկնին Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութեան, եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Վկայ՝ Թուրքիոյ բռնակալ նախագահ Էրտողանի այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, ուր անգամ մը եւս շեշտուեցաւ կարեւորութիւնը երկու երկիրներու համագործակցութեան:
Այսուհետեւ ո՛չ խանդավառուինք, եւ ո՛չ ալ մխիթարուինք թէ այսինչ կամ այնինչ երկրի մէկ քաղաքը ճանչցեր է հայոց ցեղասպանութիւնը: Որքա՛ն ճշմարիտ է Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի (American Foreign Policy Council) փորձագէտ Սթիվըն Պլանքի (Stephen Blank) յայտարարութիւնը, թէ «Թուրքիա պէտք է հետեւի Գերմանիոյ օրինակին եւ ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը: Ապա թէ ոչ, պէտք չէ ակնկալել որ հայ ժողովուրդը լիարժէք վստահութիւն ունենայ Թուրքիոյ վրայ՝ ապագայ համերաշխութեան եւ գործակցութեան նկատմամբ.» -զաւե՞շտ, թէ ճշմարտութիւն:
Նմանօրինակ ”մխիթարական” միտք արտայայտեց նաեւ Պարաք Օպամայի աւագ խորհրդականներէն Սամանթա Փաուըր՝ հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարեդարձին առիթով: Փաուըր նախ ցաւ կը յայտնէ որ ամերիկեան վարչակազմը պաշտօնապէս չէ ճանչցած հայոց ցեղասպանութիւնը – անշուշտ յոգնած ենք լսելէ մխիթարական այս դատարկ խօսքերը – ու ապա կը շարունակէ. «Ամէն հայ ընտանիք աղերս մը ունի հայոց ցեղասպանութեան հետ: Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութիւնը՝ իբրեւ բաց վէրք կը պահէ այս իրողութիւնը: Շատ կը ցաւիմ, որ իմ պաշտօնավարութեան օրերուն Օպամայի կառավարութիւնը չճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը.» եւ այսքան միայն ու վե՛րջ….: Տակաւին ի՞նչ կ’ակնկալենք:
Ամէն տարի նո՛յն յուսախաբութիւնը կ’ապրինք առանց դաս մը քաղելու մեր նախորդ տարիներու փորձառութենէն, մոռնալով որ նախագահ Ռեկըն 1981 Ապրիլ 22-ին իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագրով արդէն ճանչցած էր հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց յետոյ ի՞նչ. բան մը փոխուեցա՞ւ Թուրքիոյ հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ: Անշո՛ւշտ ոչ. ընդհակառակն, Թուրքը իր աշխարհագրական դիրքը օգտագործելով կը փորձէ միշտ «ջերմ» պահել իր յարաբերութիւնները թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ՝ ելլելով իր երկրի շահերէն:
Ահաւասիկ Թուրքիոյ վերջին ճարպիկութիւնը. «Այնքան ատեն որ Ամերիկան որոշած է քիւրտերը զինել արդիական նոր զէնքերով ընդդէմ ծայրայեղական իսլամական հրոսակներուն, որոնք Ռագգան մայրաքաղաք ունենալով՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրենց անմարդկային ահաբեկչութեամբ համատարած սարսափի են ենթարկած ժողովուրդները, մենք այսուհետեւ թոյլ պիտի չտանք որ ամերիկեան օդանաւները գործածեն Ինճիրլիքի օդակայանը»: Թէեւ այդքան ալ կարեւոր չէ ներկայիս, բայց կ’արժէ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն, որ Ինճիրլիքի կալուածը կը պատկանի հայու մը, եւ բռնագրաւուած է թուրք պետութեան կողմէ:
Քաղաքական այս մեծ խաղերուն մէջ ի՞նչ կշիռ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, անոր ճանաչումը, ազգային կալուածներու պահանջը, եկեղեցական եւ մշակութային գանձերու կողոպուտին հատուցումը, մէկուկէս միլիոն նահատակներու արեան գինը եւ մասամբ նոցին: Ե՞րբ պիտի գիտակցինք եւ վեր բարձրանանք ստրուկի, մուրացկանի եւ խնդրողի հոգեվիճակէն:
Ներկայի քաղաքական խաղադաշտին մէջ, մեզ պէտք է մտահոգեն երկու կարեւոր հարցեր:
Ա.- Հայաստանի մէջ զարգացող «սովետաբոյր» քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային դառն կացութիւնը, որ դժբախտաբար կը մղէ իւրաքանչիւր հայորդին արտագաղթելու դէպի օտար երկիրներ: Եկէք պահ մը ազգովին լրջօրէն մտածենք առանց զգացական մօտեցումներու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքին վիճակը: Հեռացողներուն աւելի քան 50 տոկոսը 20-54 տարեկան է՝ մեծ մասամբ այրեր: Ինքնասպանութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն, որ դժբախտաբար օրապահիկ մը ապահովելու արժանապատիւ միջոցներու չգոյութեան հետեւանքով մոռացութեան տուած է իր հայրենասիրութիւնը: Ի՞նչպէս մեղադրել….
Բոլորիս ծանօթ է որ Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն` երկրին ճակատագիրը տնօրինողները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն են, հակառակ այն իրողութեան՝ որ ազգին միայն փոքր մասն է որ կ’ապրի հայրենի հողին վրայ, իսկ մօտաւորպէս 8 միլիոն սփիւռքը իր ամբողջ կարողականութեամբ ոչինչ կը ներկայացնէ յաչս պետութեան: Հայրենիքի առջեւ դրուած է մշտապէս մաշեցնող պատերազմի հեռանկարը: Միւս կողմէ՝ ներկայ տնտեսական վիճակն ալ ո՛չ մէկ ձեւով կը հրապուրէ սփիւռքահայը որպէսզի ներգաղթէ: Հայրենիքի անկախութեան առաջին օրէն իսկ, մենաշնորհեալ իշխող դասկարգը յստակ դիրիքորոշում մը ունեցաւ սփիւռքահային հանդէպ: Նկատի ունենալով որ սփիւռքահայը հայրենի հողին վրայ չ’ապրիր եւ իր պարտականութիւնը չի կատարեր հայկական բանակին մէջ ծառայելով, ապա ուրեմն բարոյական իրաւունք չունի խառնուելու պետութեան ներքին եւ կամ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Ահաւասիկ այս ձախաւեր մտածողութիւնը իր բնոյթով բացարձակապէս ապազգային եւ վնասակար է:
Ահաւասիկ այս ապազգային մտածողութեան ծնունդ է նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին յայտարարութիւնը, երբ իրեն հարց տրուեցաւ թէ ինչո՞ւ սփիւռքի նախարարը սփիւռքահայ մը չէ. «Չի կարող սփիւռքահայ լինել, որովհետեւ ՀՀ օրէնսդրութիւնն ու Սահմանադրութիւնը թոյլ չեն տալիս: Սահմանադրութեամբ արգելուած է, որ այլ երկրի քաղաքացին կամ երկքաղաքացին լինի ՀՀ կառավարութեան անդամ կամ ԱԺ անդամ: Դրանք ցանկութիւններ են»: Հետեւաբար՝ չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ հայրենի պետութիւնը սփիւռքին կը նայի որպէս «կթան կովի» եւ դժբախտաբար վերջին քսան եւ հինգ տարիներու փորձառութիւնն ալ այդ կը հաստատէ:
Բ.- Դժբախտաբար սփիւռքն ալ իր ամբողջ կարողականութեամբ ինքնութեան կորուստի տխուր ընթացքի մը մէջ է: Օտարութեան ճիրաններուն մէջ, իրենց հայրենիքէն արմատախիլ եղած այլ ժողովուրդներու նման, մենք ալ ենթակայ ենք կամաւոր ստրկութեան եւ ուծացման՝ յանուն խաբուսիկ «բարօր» կեանքի մը: Սփիւռքը, որպէսզի կարողանայ տոկալ եւ շարունակել իր գոյութիւնը, պարտաւոր է պահել ու պահպանել իր ինքնութիւնը, նամանաւանդ իր լեզուն, որ անզգալաբար մաշումի եւ կորստեան ճանապարհի մէջ է: Սփիւռքահայը պարտաւոր է իր հայեացքը ուղղելու դէպի հայրենիք – առանց շփոթելու հայրենասիրութիւնը բարեսիրական օգնութեան եւ հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ – եւ այս բոլորէն անդին՝ իր ամբողջ կարողականութիւնը կեդրոնացնելու բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի վրայ:
Տխուր իրականութիւններէն մէկն է, անշուշտ, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրած է այլեւս մեր ազգային քաղաքականութեան մարտավարութեան գլխաւոր օրակարգերէն մէկը ըլլալէ, որուն մէջ իր տխուր բաժինը ունի հայրենի կառավարութիւնը, որ երբեք մշակուած քաղաքականութիւն մը չունի հայկական հարցը միջազգայնացնելու ու վաղուց յայտարարած է, թէ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի, որմէ ետք սփիւռքի ճիտին պարտքը կը մնայ այդ ռազմավարական քաղաքականութինը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդել մինչեւ արդար հատուցում: Այլ խօսքով, չբաւարարուինք միայն ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքով եւ գտնենք մեր ապահով յենարանները արագօրէն զարգացող աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ:
Վերեւ յիշատակուած սրբազան առաքելութիւնը յաջողցնելու համար անհրաժեշտ է ունենալ կեդրոնական ղեկավարութիւն մը հիմնուած ազգային համախոհութեան վեհ սկզբունքներու վրայ, հեռու՝ հատուածական եւ կուսակցական բոլոր տեսակի այլեւայլ նեղ շահերէ: Ստեղծել համազգային ծրագիր մը, որ մեզ պիտի առաջնորդէ յաջորդ յիսունամեակի ընթացքին, տակաւ առ տակաւ իրականացնելով մեր երազած միացեալ հայրենիքը:
Այս միացեալ աշխատանքին մէջ իր կարեւոր դերը պիտի ունենայ բաժանեալ եւ փոթորկեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր բոլոր նուիրապետական աթոռներով: Ի՞նչ կ’արժեն մեր հանդէսներն ու ոգեկոչումները, ծէսերն ու շարականները երբ եկեղեցին բաժանեալ կը պահենք սփիւռքի մէջ, ելլելով մեր անհատական եւ կուսակցական շահերէն: Այս բաժանումը ո՛չ միայն հոգեկան նահանջի արտայայտութիւն է, այլեւ մեծագոյն տապարի հարուածը՝ ուղղուած ընդդէմ մեր սփիւռքահայ կեանքի հաւասարկշռութեան եւ յաջողութեան:
Համասփիւռ հայութեան պահանջատիրութեան հիմքը բռնագրաւեալ Արեւմտահայստանի ազատագրումն է, իր ամբողջական հասկացողութեամբ: Ներկայ փոքրիկ հայրենիքի հզօրութեան պատուանդանը սփիւռքի կարողականութեան հարստութիւնն է, եւ եթէ չկարենանք պահել զայն յառաջիկայ յիսունամեակի ընթացքին, պէտք է մեղադրենք մենք զմեզ՝ մեր ամլութեան եւ ողջմտութեան բացակայութեան ու քաղաքական անհեռատեսութեան համար: Հեռու ինքնախաբէութենէ, իրատեսութեամբ մօտենանք հարցին եւ արժանապատիւ լուծումներ որոնենք երբ տակաւին ուշ չէ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
25 Մայիս 2017