Մեր նախորդ յօդուածով («Յանուն ճշմարտութեան՝ խօսեցէ՛ք») մտաւորականութեան ուղղուած կոչը՝ կ’ակնկալէինք որ ճիշտ կերպով հասկցուէր: Հրապարակագիր Սագօ Արեանի մեկնաբանութիւնները, –աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ապատեղակատուութիւնները,– Մայր Աթոռի Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովի առիթով, շատ հեռու են իրականութիւններէ եւ երբեք չեն համապատասխաներ ճշմարտութեան:
Ա. Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միջեւ եղած ծանր եւ լուրջ պայքարը կարելի չէ տարակարծութիւն կոչել. ընդհակառակն հարցերը պէտք է կոչել իրենց անուններով: Այլ խօսքով՝ նոր հարց մը չէ եղածը: Հանգուցեալ Եղիշէ պատրիարքի օրով ալ կապերը այդքան ջերմ չէին: Նոյն վիճակը շարունակուեցաւ Թորգոմ պատրիարքի օրով եւ հանգամանքները աւելի սրուեցան երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս «բազմեցաւ» Ամենայն հայոց հայրապետութեան աթոռին: Թորգոմ պատրիարք մօտէն հետեւեցաւ կաթողիկոսական ընտրութեանց՝ որպէս տեղապահ, եւ ափսոսանքով հեռացաւ երբ ականատես եղաւ կանոնական կոպիտ խախտումներու:
Ստեղծուած անբաղձալի յարաբերութիւնները առաւել եւս սրուեցան երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս մերժեց, եւ տակաւին կը մերժէ, եպիսկոպոս ձեռնադրել Ս. Յակոբեանց միաբանական ժողովի կողմէ ընտրուած արժանաւոր թեկնածուները՝ շինծու պատրուակներով: Ժամանակին աւելի մանրամասն գրած էինք այս մասին եւ եզրակացուցած, ըսելով. «Ով որ անմեղ է, թող առաջին քարը նետէ»: Շատ դիւրին է ուրիշին աչքին շիւղը տեսնել երբ կուրցած ենք մեր աչքին մէջ գտնուող գերանով:
Բ. Ակնյայտ է որ կանոնական մտահոգութիւններ կան Եւրոպայի թեմերուն մէջ, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի ժողովրդավարութեան: Ներկայացուցչական Ժողովի բացման նիստին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտարարեց թէ «Մերժելի է նաեւ երեւոյթը, երբ թեմի թեմական-պատգամաւորական ժողովը իրեն իրաւունք է վերապահում մերժել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի որոշումները:» յայտարարութիւն մը որ միայն կղերապետութիւն կը բուրէ եւ կ’անտեսէ մեր եկեղեցւոյ ժողովրդավարութեան հիմերը: Օրինակներ շա՜տ, բայց բաւականանաք նշելով հարաւային Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարագան, որ այսօր «զրկուած» է իր առաքելական եկեղեցի կոչումէն, հայրապետական հրահանգով:
Ո՞ւր մնաց Ժողովրդավարութիւնը:
Գ. Չենք կարծեր որ կարիքը կայ աւելի մանրամասնօրէն վերլուծելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի գործելաոճը: Տարիներու փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուաւ իր մենատիրական ախորժակները —թեմական կանոնական որոշումներու բացարձակ տիրութիւն, թեմական առաջնորդներու իրաւունքներուն սահմանափակում— ո՞ւր լսուեր է որ Առաջնորդ մը չկարենայ քահանայ ձեռնադրել առանց կաթողիկոսի հաւանութեան, այդ ալ արտասահմանի մէջ: Այս բոլոր միջամտութիւնները կը միտին առեւանգել Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական սկզբունքները: Եթէ Ամենայն հայոց հայրապետութիւնը կը միտի դրական ընթացք տալ թեմերու կրօնական ազգային կեանքին, պէտք է սկսի Հայաստանէն, ուր կորսուած է ո՛չ միայն կարգուկանոնը, այլեւ խախտած է ժողովուրդին հաւատքը նախ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, եւ ապա մանաւանդ անոր եկեղեցական սպասաւորներուն հանդէպ, կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ յետին համեստ եկեղեցականը: Կղերապետութեան այս բռնապետութիւնը անկասկած որ բաղձալի պիտի չըլլայ նամանաւանդ արտասհմանի հայութեան համար, որ կառչած կը մնայ ժողովրդավարական սկզբունքներուն:
Անցա՜ն Բերիայի տարիները…
Դ. Յօդուածագիրը կ’ըսէ նաեւ, թէ Ս. Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին միջեւ բաւական կնճռոտ եւ երկար տարիներէ ի վեր «լռութեան թաղանդ»ով մը պատուած տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: Այս շռնդալից եւ քրքջառիթ յայտարարութիւնը կը վերագրենք յօդուածագրին երիտասարդ տարիքին, որ տակաւին առիթ չէ ունեցած ըմբռնելու թէ որքա՜ն խորունկ է վիհը երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ, որուն մասին կարելի է հատորներ գրել: Այդ վիհը բաւականին խոր էր արդէն երբ երկու կաթողիկոսները տակաւին դպրեվանքի ուսանողներ էին եւ կարողութիւնն ու հասունութիւնը չունէին հասկնալու այդ իրարամերժ յարաբերութիւնը: Այո՛, սիրելի՛ ընթերցող, ութ միլիոննոց սփիւռքը պառակտեալ պահողը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ այս վիճակն է, որուն սպեղանին կարելի պիտի չըլլայ գտնել այնքան ատեն որ անոր ետին կանգնող եւ ղեկավարող անհատներն ու կազմակերպութիւնները աւելի վեր կը դասեն իրենց շահերը եւ կ’անտեսեն հայութեան ընդհանուր շահերը: Որքա՛ն ցնցիչ են Գարեգին Բ.ի արտասանած խօսքերը, երբ ան տակաւին Արարատեան Թեմի փոխ-առաջնորդն էր. զոյգ կաթողիկոսութեանց յարաբերութեան մասին խօսած ատեն՝ այսպէս արտայատուած էր մամուլին. «Ես կը յարգեմ Կիլիկիոյ պատմական Աթոռը, բայց Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կ’ընդունիմ որպէս սոսկ հոգեւորական»: Կարելի՞ է հաւատալ թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու գահակալները հարցականի տակ առնող խնդրայարոյց անձ մը կրնայ իր յարաբերութիւնները բարելաւել յանուն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:
Գարեգին կաթողիկոս կ’անգիտանայ թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եկեղեցական տագնապի մը հետեւանքով չէ ստեղծուած: Կիլիկիոյ Աթոռը ի սկզբանէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռն էր, որ հետեւելով հայոց պետութեան քաղաքական կեդրոնի տեղաշարժներուն, փոխադրուած էր Կիլիկիա: Պատմական դէպքերու վերլուծուման մէջ չենք ուզեր մխրճուիլ այստեղ. պարզապէս ըսենք որ օրուան կաթողիկոս Գրիգոր Թ. Մուսաբէգեանցի հաւանութեամբ Էջմիածնի մէջ ընտրուած էր նոր կաթողիկոս մը յանձին Կիրակոս Վիրապեցիի: Վարչականօրէն իրարմէ անկախ այս երկու աթոռները, եկեղեցական-նուիրապետական կարգով հաւասար, զոյգ օծուած կաթողիկոսներ ունին, թէեւ ընդունուած է ի հոգեւորս առաջնութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան:
Ժողովրդավարական հիմեր ունեցող կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը Հայց. Եկեղեցին հասցուցած է անհասկացողութիւններու, թիւրիմացութիւններու եւ խոր պայքարներու — թէեւ վերջին եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին մէջ յայտարարուեցաւ որ շուտով տեղի պիտի ունենայ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր ժողով, ուր պիտի վաւերացուի նոր խմբագրուած կանոնագրութիւն մը, որուն մասին պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով մը՝ մատնանշելով կանոնական խախտումները: Այլ խօսքով՝ այս նոր կանոնագրութիւնը կ’անտեսէ բոլոր ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կ’առաջնորդէ մեզ դէպի կղերապետութիւն: Այդ կղերապետութեան պտուղները արդէն իսկ կը քաղենք վերջին տասնեօթ տարիներու սանձարձակ եւ ապօրինի կարգազրկութիւններով:
Ե. Այդքան թեթեւ պէտք չէ մօտենալ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան հետ կապուած վերջին տարիներու իրադարձութեանց: Պոլսոյ ազգային-եկեղեցական կեանքը իր առաջին եւ վերջին տագնապը չէ որ կ’ապրի. ընդհակառակն՝ Պոլսոյ նուիրապետական աթոռի պատմութիւնը իր հաստատութենէն (1461) սկսեալ լեցուն է արկածախնդրութիւններով, կամակատարութիւններով, հրաժարականներով, կաշառակերութեան պատմութիւններով եւ մասամբ նոցին…: Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ ըսած էինք թէ Մայր Աթոռի պաշտօնական յայտարարութիւնը –«Առկախուած է Պոլսոյ ժողովի որոշումներու իրագործումը»– ինքնին արդէն կանոնական խոշոր խախտում մըն է եւ նամանաւանդ ոտնձգութիւն՝ նուիրապետական Աթոռի մը վարչական կեանքէն ներս: Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, որպէս անբաժան մասը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, ունի իր ուրոյն վարչական անկախ օրէնսդրութիւնը՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ կորիզը կը կազմէ իր ազգային-եկեղեցական կանոնագրութեան:
Վերջին տասնհինգամեակին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ անվերապահ զօրակցութիւն մը չենք տեսած Պոլսոյ Պատրիարքութեան հետ: Ընդհակառակն կարելի է վկայակոչել անգամ մը եւս Մեսրոպ Պատրիարքի 3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝ հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Ձեր գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ… Կաթողիկոսը Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո՛չ նոյնանիշ եւ ո՛չ ալ հոմանիշ են»: Մեսրոպ Պատրիարքի անկարողութենէն ետք ինն տարիներու տագնապ մը ապրեցաւ Պոլսոյ Աթոռը՝ Աթէշեան արքեպիսկոպոսի սանձարձակ գործունէութեան պատճառով, եւ զարմանալին այն է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մինչեւ վերջերս երբեք «չմիջամտեց» բարւոք լուծում մը գտնելու համար, մինչեւ որ ժողովուրդը ոտքի ելաւ եւ իր արդար իրաւունքը պահանջեց: Եղբայրական ձեռք կրնար երկարել նաեւ Արամ Կաթողիկոս, բայց այդ ալ տեղի չունեցաւ ինչ-ինչ հաշիւներով, եւ Պոլսոյ Աթոռը մնաց խաղալիք Արամ Արք. Աթէշեանին ձեռքը՝ պետական «հոգատար» օրհնութեամբ: Կը մաղթենք որ գալիք պատրիարքական ընտրութիւնը բարւոք աւարտի:
Զ. Մայր Աթոռը իր աթոռակալով հանդերձ չէ տուած մեզի հաւաստիացումը թէ ան կանգնած է, կամ կը ցանկայ կանգնիլ, իր երբեմնի պատմական դերին մէջ: Ընդհակառակը, մինչեւ այսօր, հակառակ անկախ Հայաստանի «բարենպաստ» պայմաններուն, խուսափած է Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով հրաւիրելէ, որովհետեւ հոն չկայ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն. հոն կայ հաշիւ եւ դրամ: Մայր Աթոռը անտարբերութեամբ դիտեց աղանդներու խուժումը հայրենիքէն ներս: Սառնարիւնութեամբ մօտեցաւ արտագաղթին եւ ո՛չ մէկ ճիգ թափեց գէթ լուծում մը առաջարկելու հայրենի անկուշտ եւ ագահ իշխանաւորներուն, որոնք օրն ի բուն կեղեքելով ժողովուրդը՝ կը դատարկեն հայրենիքը: Մայր Աթոռը ի վիճակի չէ Հայաստանի եւ ներքին սփիւռքի եկեղեցական կարիքները բաւարարելու, հետեւաբար ի՞նչպէս կարելի է ակնկալել որ հասնի արտաքին սփիւռքի՝ արտասահմանի ծովածաւալ կարիքներուն. պարզապէս անհեթեթութիւն է այս մօտեցումը:
Եւ այս բոլորէն ետք յայտարարել, թէ Մայր Աթոռը պիտի հասնի նաեւ նուիրապետական միւս Աթոռներուն, նամանաւանդ Ս. Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ միաբանութեանց հոգեւոր կարիքներուն, անհաւատալի է: Մինչեւ երէկ Ս. էջմիածնի Աթոռին պատկանող արտասահմանի թեմերուն մէջ գրեթէ բոլոր առաջնորդներն ալ Երուսաղէմի միաբաններն էին, երբ Մայր Աթոռը համայնավար վարչակարգի տակ կը հիւծէր՝ կանգնած հոգեւոր սնանկութեան եզրին, ուր կարելի չէր առողջ նոր սերունդ պատրաստել հոգեւոր մատակարարութեան համար: Այսօր ալ կախարդական լուծումներ չկան երբ կղերապետութիւնը կը տիրէ այնտեղ:
Որքա՜ն մտահոգիչ է եւ դատապարտելի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անտարբերութիւնը նուիրապետական Աթոռներէ ներս տեղի ունեցող եկեղեցական կեանքի կանոնական խախտումներուն նկատմամբ: Կարծէք իրենք միեւնոյն եկեղեցւոյ սպասաւորները չըլլային: Հիմա կը հասկնայ ընթերցողը, թէ ինչո՛ւ ապականած է մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքը — որովհետեւ հոգեպէս սնանկացած եկեղեցականութեան հետ է մեր գործը, որոնք միայն մտահոգուած են փառամոլութեամբ եւ մամոնայով:
Հայց. Եկեղեցին, նամանաւանդ Մայր Աթոռը, կրօնական ընկերակցութեան հասկացողութեան սահմանափակ շրջանակէն պէտք է դուրս գայ որպէսզի կարենայ նուաճել հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական իր պատմական առաքելութիւնը եւ այս բոլորին մէջ իր սեւեռակէտը դարձնէ Հայ ազգի գոյատեւումը որպէս գերագոյն նպատակ:
Պատրաս՞տ է Մայր Աթոռը նուաճելու քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրները…:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
26 Յունիս 2017