0

ԱՂՕԹԱՎԱ՞ՅՐ ԹԷ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆ

«Իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք»

Յովհ. Բ. 16

 

Որքա՞ն կարելի է լուռ մնալ ի տես այս հակաքրիստոնէական գործելակերպին: Այս խորագրիը անկասկած որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հայուն միտքը չարչրկող հրատապ հարցերէն մէկն է, որ տակաւին անլոյծ կը մնայ եւ ենթակայ է զանազան մեկնաբանութիւններու: Մի՛ մեղադրէք ժողովուրդը, «արժանապատիւ» եւ «հոգեշնորհ»  ժամակատար հայրեր, որովհետեւ դո՛ւք երկնաւոր Հօր տունը վերածած էք եկամտաբեր վաճառատան (բացառութիւնները միշտ յարգելի):

Մի քանի օր առաջ ազնիւ բարեկամ մը սրտնեղած հեռաձայնեց,  ըսելով. «Եղբա՛յր, այս ի՛նչ կողոպուտ է։ Տղաս պիտի ամուսնանայ, հեռաձայներ է եկեղեցի եւ իրմէ պահանջեր են $1,200 սակագին, ու հիմա բարկացած՝ որոշած է քաղաքական պսակ ընել առանց եկեղեցականի: Հարսին ծնողն ալ փեսացուն հանգստացնելու համար առաջարկեր է հանրային պարտէզի եւ կամ ծովեզերեայ պանդոկի մը մէջ կատարել պսակադրութեան արարողութիւնը եւ խոստացեր են անապայման քահանայ մը բերել: Դժբախտաբար յուսախաբ մնացեր են անոնք ալ, երբ իմացեր են որ թէ’ Էջմիածնական եւ թէ’ Կիլիկեան թեմերու առաջնորդարանները որոշած են քահանայ չտրամադրել բոլոր անոնց որոնք կ’ուզեն իրենց պսակադրութիւնը կատարել եկեղեցիէն դուրս»: Զարմանալի՝ բայց իրաւ… չէ՞ որ Քրիստոս հոն է՝ ուր որ մենք կ’աղօթենք: «Դարձեալ ասեմ ձեզ, եթէ երկու ի ձէնջ միաբանիցեն յերկրի վասն ամենայն իրաց, զինչ եւ խնդրեսցեն՝ եղիցի նոցա ի Հօրէ իմմէ որ յերկինսն է:  Զի ուր իցեն երկու կամ երեք ժողովեալ յանուն իմ, անդ եմ ես ի մէջ նոցա»: (Եւ կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ ատիկա:  Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց միջեւ): Մատթ. ԺԸ. 19-20:

Ինծի համար զարմանալի չէր այս բոլորը:  Լսեր էի նախապէս որ առաջնորդարանները նման որոշում մը առած են, ինչ որ ներհակ է քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցողութեան: Հաւանաբար նման որոշում մը առնուած է զուտ տնտեսական մտահոգութիւններէն մեկնելով:  Եթէ իսկապէս ա՛յդ է մտահոգութիւնը, եկեղեցիէն դուրս ամուսնանալ փափաքող զոյգերուն կրնան թելադրել որ պէտք է եկեղեցւոյ ինքնաբուխ նուէր մը տան իրենց պսակադրութեան առիթով, եւ այդ նուէրը երբեք կաղապարուած գին պէտք չէ ունենայ, նամանաւանդ երբ տուեալ եկեղեցին աւելի ընդարձակ եւ հարուստ է քան ուրիշ եկեղեցիներ: Նոյնն է նաեւ ծիսակատար եկեղեցականին  տրուելիք գումարին պարագան՝ փոխան երկու աղօթքի:  Չմոռնանք յիշեցնել այստեղ, թէ բոլոր եկեղեցականներն ալ կոկիկ ամսականներ ունին զորս համայնքը կը հոգայ,  հետեւաբար ազնիւ եւ արդար չէ յատուկ գումար պահանջել խորհրդակատար քահանային կամ վարդապետին համար – չխօսինք եպիսկոպոսներու սակագինի մասին……. մեղա՜յ Աստուծոյ…․․: Ի վերջոյ քահանան, կուսակրօն կամ ամուսնացեալ, մոռնալով աշխարհային կեանքը, ուխտած է ծառայել Աստուծոյ, հետեւաբար ինչո՞ւ պիտի ունենայ անձնական հարստութիւն, հողատարածք, եկամտաբեր կալուած կամ բնակարան՝ քաղաքի հարուստ շրջանին մէջ, եւ կամ իր օրը անցնէ հետեւելով սակարանի արժեթուղթերու ելեւէջին:

Օրինակներով խօսինք –                                            Պսակադրութիւն

1.- Ս. Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցի        (Է)          $  1,600.00

2.- Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցի           (Կ)          $     850.00

3.- Ս. Պետրոս եկեղեցի                           (Է)          $     950.00

4.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի               (Կ)         $     850.00

5.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի      (Է)          $     950.00

6.- Ս. Խաչ եկեղեցի                                  (Կ)          $     800.00

7.- Ս. Յակոբ եկեղեցի                               (Է)         $     900.00

8.- Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի    (Կ)        $     550.00

10.- Ս. Սարգիս եկեղեցի                          (Կ)         $     700.00

Ահաւասիկ գայթակղութիւն մը որուն համար պայքար տարած եմ անցեալին, միաբանական տարիներուս, եւ ամէն անգամ զիս մեղադրած են ըսելով. «Հարուստի զաւակ է, ատոր համար դրամ չ’առներ որեւէ աղօթքի եւ կամ խորհրդակատարութեան համար»: Յիսուն տարիներ անցած են եւ տակաւին կը պայքարիմ այս գայթակղութեան դէմ:  Այո՛, սիրելի ընթերցողներ, եթէ իսկապէս քրիստոնեաներ ենք՝ չենք կրնար գումար պահանջել մեր աղօթքներուն համար:  Հակաքրիստոնէական է այդ ըմբռնողութիւնը, որ կը նսեմացնէ, կ’արատաւորէ եկեղեցականի ուխտին նուիրականութիւնը:

Նմանօրինակ գայթակղութիւն է նաեւ տեսնել եկեղեցւոյ մուտքին դրուած մոմերու սակը: Հաւատացեալին կու տաք այն տպաւորութիւնը, որ ան աղօթավայր չէ եկած, այլ՝ վաճառատուն: Նոյնքան առաւել եւս գայթակղութիւն է Ս. Պատարագի կէսին պնակ պտտցնելու սովորութիւնը: Որքա՜ն տգեղ է աղօթքի պահուն հաւատացեալի կեդրոնացումը խանգարելով դրամ պահանջել: Ի՞նչ պէտք է ընէ աղօթող հաւատացեալը ի տես այլոց, եթէ, ենթադրենք,  այդ օր բաւարար գումար չէ վերցուցած իրեն հետ, կամ բոլորովին մոռցած է իր դրամապանակը:

Ու այս բոլորէն ետք կարելի՞ է ակնկալել որ մեր եկեղեցւոյ աթոռները թափուր չըլլան: Ի՛նչ պէտք է ընենք հաւատացեալը, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդը, մօտեցնելու Եկեղեցւոյ. որովհետեւ Եկեղեցիին վերապահուած է կարեւոր դեր, ո՛չ թէ իշխանութեան, այլ բարոյական հեղինակութեան առումով: Եթէ չխօսինք այս նիւթերու մասին, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը Եկեղեցւոյ բարոյական գահավիժումին: Նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ դերը դարերու ընթացքին, որուն խորապէս կը գիտակցի մեր ժողովուրդը, պարտաւոր ենք կատարել ախտաճանաչումներ, որոնք քննադատութիւն չեն, այլ վիճարկումներ, որոնելու համար ուղիներ որպէսզի լաւագոյնս կարելի ըլլայ ծառայել գաղութի, եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայ ժողովուրդի  ազգային նկարագրի անեղծ պահպանման:

Բոլորս ալ գիտենք թէ Հայց. Եկեղեցին դժուարութիւններ ունեցած է անցեալին եւ տակաւին ունի՝ մեր ժողովուրդին դաժան ճակատագրին պատճառով: Յուսախաբութիւններ՝ շա՜տ: Ատով հադերձ մենք մեզի իրաւունք պէտք չէ տանք ըսելու թէ Եկեղեցին ընելիք չունի, եւ կամ մենք Եկեղեցւոյ հետ ընելիք չունինք:  Նման դիրքորոշում մը, ազգային անկիւնէ դիտուած, պիտի նմանի անձնասպանութեան: Ընդհակառակը, անհրաժեշտ է զօրավիգ կանգնիլ Եկեղեցիին որպէս կրանիթեայ ազգային հիմնակառոյց, դարձնելով զայն հաւատացեալ ժողովուրդի իսկական տուն, քրիստոնէական լիիրաւ հասկացողութեամբ:

Սփիւռքեան մեր պայմաններու մէջ, Եկեղեցին ունի համախմբելու մեծ կարողութիւն եւ ահա ճիշդ այս նպատակով — եւ ո՛չ թէ վանողական մեր գործելակերպով,– պարտինք ստեղծել եկեղեցիներու շուրջ ազգային ժողովական կեանք, ժողովրդավարական սկզբունքներով, ժողովուրդի մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ ստեղծել առողջ հոգեմտաւոր ներշնչարան: Յաջողած պիտի ըլլայ ա՛յն ղեկավարութիւնը՝ որ պիտի կարենայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը, նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, բերել գործօն մասնակցութեան Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:

Անգամ մը եւս կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ Եկեղեցին եկեղեցականներուն սեփականութիւնը չէ: Եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին եւ եկեղեցականը կը սպասարկէ եկեղեցւոյ, իմա՛ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն, եւ ժողովուրդն ալ փոխադարձաբար կ’ապահովէ պարկեշտ վարձատրութիւն մը եկեղեցականին:  Այս փոխ-յարաբերութիւնը կը ներդաշնակուի ու կը զօրանայ երբ չկայ այդտեղ բարոյական գայթակղութիւն եւ մամոնայի պաշտամունք: Այլ խօսքով՝ Եկեղեցին կը մնայ իր բարձունքին վրայ, իր սրբազան առաքելութեան իսկական ճանապարհին մէջ, եւ չի վերածուիր վաճառատան՝ որպէս եկամուտի աղբիւր:

Ազգային արժէքներու վերականգնումի ճանապարհին մեծ ոստում մը կատարած կ’ըլլանք եթէ հաւատարիմ մնանք Աւետարանի ճշմարիտ ուսուցման  ու մեր աղօթավայրերը չվերածենք վաճառատան:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Յուլիս 2017

 

0

Write a Comment