0

«Չորս հոգի կրկին Հալէպից Հայաստան են տեղափոխուել»

            Ուրախանա՞նք, տխրի՞նք, թէ՞ ծիծաղինք: 30 Յուլիս 1917-ին, «Հալէպ» հայրենասիրական բարեսիրական կազմակերպութեան «Փրկէ կեանք մը» ծրագրով, Հայաստան փոխադրուած է հալէպահայ ընտանիք մը, չորս անդամներով: Ամերիկացին պիտի ըսէր. “Big deal!, այսինքն այդքան ալ կարեւոր լո՞ւր է որ մամուլի էջերուն մէջ կը հիւրընկալուի, երբ հանապազօր մեծաթիւ հայեր կը դատարկեն երկիրը՝ «ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»:

             Սուրիական պատերազմի հետեւանքով հազարաւոր հայեր թողուցին իրենց ծննդավայրը եւ օգտագործելով իրենց ունեցած հնարաւորութիւնները՝ դարձան պանդուխտ հայեր — ոմանք հայրենադարձ եւ ոմանք ալ փախստական: Այս պահուն կարեւոր չեն որակումները, որովհետեւ պետական եւ ազգային լուրջ ծրագրի մը բացակայութիւնը զիրենք յաձնեց կեանքի անորոշ բախտին:

            Ինչպէս համասփիւռ հայութեան համար, նոյնպէս եւ սուրիահայերու համար Հայաստան-Հայրենիք հասկացողութիւնը ուրիշ տարբերակ չունի: Սակայն եւ այնպէս անոնց Հայաստան երթալը պատերազմական այս տարիներուն՝ պէտք է նկատել որպէս հարկադրական գաղթ, ուր կարելի պիտի ըլլայ ներկայ քաղաքական դժուարին պայմաններու պարտադրանքին տակ ապրիլ ապահով վայր մը, ցնոր տնօրինութիւն: Նկատի ունենալով քաղաքական դժուարին պայմանները, պիտի վարանինք ըսելու որ ասիկա կամաւոր գաղթ է դէպի հայրենիք. աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, թէ «չարեաց փոքրագոյնն» է: Պէտք չէ շփոթել այս իրավիճակը հայրենադարձութեան հետ, որովհետեւ այս վերջինը տեղի կ’ունենայ միայն հայրենի պետութեան յատուկ ծրագրով եւ օժանդակութեամբ:

            Այնքան ատեն որ հայրենի պետութիւնը սուրիահայերուն համար մշակուած հեռանկարային յատուկ ծրագիր մը չունի զանոնք Հայաստան պահելու, կարելի չէ յստակ արժեւորումներ կատարել թէ ի՞նչ պիտի պատահի Հայաստան եկողներուն: Մշտակա՞ն կերպով պիտի հաստատուին Հայաստանի մէջ, պիտի վերադառնա՞ն իրենց ծննդավայրը, թէ՞ հայաստանեան անցագիրներ ապահովելէ ետք պիտի մեկնին Արեւմտեան երկիրներ:

            Մեղադրական ո՛չ մէկ խօսք ունինք ըսելու, որովհետեւ կրակը ինկած տեղը կ’այրէ: Արեւմտեան երկիրներու ապահով քաղաքներու մէջ ապրողներս չենք կրնար լիովին հասկնալ սուրիահայուն տառապանքի խորութիւնը, որովհետեւ մենք չապրեցանք այն հանապազօրեայ արհաւիրքները, գոյութենական պայքարները զորս տակաւին կը մղեն անոնք՝ իրենց երերող գոյութիւնը պահպանելու համար գերպետութիւններու պատերազմական խաղադաշտին մէջ:  Սուրիահայը ի՛նք պիտի որոշէ իր ճակատագիրը՝ երբ չկայ  յստակ կազմակերպուած ծրագիր՝ ո՛չ սփիւռքի մէջ եւ ո՛չ ալ հայրենի պետութեան մօտ:  Վկայ՝ հայաթափումը հայրենիքին, զոր այլ կերպ կարելի չէ որակել բացի ինքնասպանութիւնէ:

            Գրութեանս նպատակը Հայաստան փոխադրուող մեր հայրենակիցներուն արժեւորումը ընել չէ, անոնց դիմագրաւելիք տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւնները չեն, եւ ո՛չ ալ այն՝ թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենան ներդաշնակ կեանք մը վարել հայաստանաբնակ իրենց արենակիցներուն հետ. ի վերջոյ կեանքի հանդէպ ըմբռնումներու մե՛ծ տարբերութիւն կայ, չըսելու համար թէ թէկո՛ւզ մէկ եւ նոյն ժողովուրդի երկու տարբեր հատուածներ են, որ մրրկաւ էին զատուած:

            Այս գրութեան իսկական նպատակը անգամ մը եւս անդադրում մամուլի եւ հասարակութեան խղճին ուղղուած պատգամ է: Դժբախտաբար հայրենի կառավարութիւնը անկախութենէն 25 տարիներ ետք տակաւին ներգաղթի հետ կապուած յատուկ՝ յստակ եւ մեկին քաղաքականութիւն մը չունի: Ներգաղթի քաղաքականութեան բացակայութիւնը չի՛ քաջալերեր եւ ո՛չ ալ կը խանդավառէ սփիւռքահայը որպէսզի ան հայրենիք վերադառնայ, առաւել եւս՝ երբ երկիրը  տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական տագնապներ կ’ապրի: Այդ երկիրը, թէկուզ մի բուռ հող հայրենիք, չի՛ կրնար հրապուրել սփիւռքահայը, որքան ալ ան հայրենասէր կամ ազգասէր ըլլայ: Սա չի՛ նշանակեր որ մեր հայեացքները չենք սեւեռած դէպի հայրենիք, ընդհակառակը՝ հայուն երազները կրնան իրականանալ միայն ներկայ հայրենիքի՝ հոգ չէ՛ թէ փոքր տարածութեան մէջ, մինչեւ նոր արշալոյսերու, այլ խօսքով՝ միացեալ Հայաստանի վերյառնումը:

            Մինչ այդ, մենք չե՛նք կրնար անտեսել մեր հոգին կրծող թշուառութիւնը՝ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ հայրենիքէն: Որքան ալ պաշտօնական յայտարարութիւններու եւ մամուլի մէջ կը կարդանք որ ընդհանուր առմամբ նուազած է արտագաղթողներու հոսքը դէպի արտասահման, սակայն եւ այնպէս նոյն տուեալներու համաձայն՝ աճա՛ծ է անվերադարձ մեկնողներուն թիւը, իրողութիւն մը՝ որ մեզ ազգովին ո՛չ միայն կը մտահոգէ այլ եւ կը տառապեցնէ, որովհետեւ այս վարակիչ երեւոյթը, ինչպէս վերեւ յիշեցինք, ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է:

            Դարձեալ պաշտօնական տուալներու համաձայն, տարեկան 35 հազար հայորդիներ, որոնք մեծամասնութեամբ գիտական մարդոյժն են երկրին, կը հեռանան անվերադարձ:  Դժբախտաբար տարուէ տարի կ’աճի մեկնողներուն թիւը, որուն մէջ կարեւոր է նկատել զինուորական տարիք ունեցող երիտասարդները:  Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր սահմանները:

            Դարձեալ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 2017 թուականի առաջին վեց ամիսներուն ծնող երախաներուն թիւը նուազած է 6.5 տոկոսով՝ բաղդատած նախորդ տարուան: Այս մասին կը կարդանք Panorama.am-ի մէջ, Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան եւ մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ՝ Կարինէ Գույումճեանի յայտարարութեան մէջ: Նոյնքան ցաւալի է եւ տխուր՝ կարդալ նոյն յայտարարութեան մէջ, թէ 2017 թուականի առաջին վեց ամիսներուն մահացողներուն թիւը աճած է 2.1 տոկոսով:  Այս մահացողներուն (14,709) 57.3 տոկոսը մահացած է արեան շրջանառութեան հիւանդութիւններով: Ե՛կ վարդապետ եւ մի՛ խենթանար – զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ…:

            Աւա՜ղ… հայաթափումը կը շարունակուի ահազանգային համեմատութեամբ: Քննադատական չէ մեր մօտեցումը, այլ ափսոսանքի եւ ցաւի խոր արտայայտութիւն:

Հայապահպանման մեր բոլոր պայքարներուն մէջ երբեք չենք փափաքիր անտեսել Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրն ու յատկապէս նորաստեղծ «Վերադարձ դէպի Հայաստան» հիմնադրամը, որուն գլխաւոր նպատակն է քաջալերել հայրենադարձութիւնը: Աշխատանքներ են,  որոնք տակաւին իրենց նախնական քայլերուն մէջ չկրցան խանդավառութիւն ստեղծել սփիւռքահայութեան մէջ, որովհետեւ այդ ծրագիրներուն տապար զարնող մեծագոյն տխուր իրականութիւնը` Հայաստանէն  ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹՆ է:

            Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով, որ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու` այլասերման վտանգէն: Յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք եւ բեմերէն պաշտօնապէս կը լսենք, թէ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը արդեօք հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելո՞ւ համար, թէ՝ իսկապէս խոր հաւատքով եւ համոզումով ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:

            Պիտի չդադրինք գրելէ եւ յայտարարելէ որ ցաւով եւ ափսոսանքով կ’արձանագրենք այս տողերը, երբ կը տեսնենք որ սփիւռքի մէջ, ազգային ղեկավարներն ու աւանդական կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ հայրենի պետութիւնը, չեն շեփորեր ներգաղթի գաղափարը: «Փաստ» օրաթերթը կը գրէ, թէ հակառակ անոր որ ԱԺ 6–րդ գումարման խորհրդարանի մեկնարկի ելոյթին նախագահ Սերժ Սարգսեանը, անդրադառնալով արտագաղթի խնդիրին, յայտարարեց, թէ «յառաջիկայ տասնամեակների համար մեր գերխնդիրը պէտք է լինի… արտագաղթածների վերադարձի նախապայմանների ստեղծումը», կառավարութիւնը որոշած է դիւրացնել Հայաստանէն արտագաղթածներէն սեփական հողերը վերցնելու գործընթացը: Կը յիշէ՞ ընթերցողը թէ ինչպէ՛ս Քեմալ Աթաթիւրք նոր կառավարութեան ստեղծումէն ետք յայտարարեց թէ բոլոր անոնք որոնք մինչեւ որոշ թուական մը չեն վերադառնար Թուրքիա (խօսքը մեծաւ մասամբ կոտորուած եւ աքսորուած հայերուն համար է)՝ պետութիւնը պիտի բռնագարաւէ եւ սեփականացնէ անոնց կալուածները:

            Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը: Այս մասին բազմիցս անդրադարձած ենք անցեալին, բայց փակած ենք մեր աչքերը, փակած ենք մեր ականջները, չտեսնելու եւ չլսելու համար տխուր իրականութիւնները:

            Կ’արժէ անգամ մը եւս բարձրաձայն կրկնել այստեղ, թէ հայրենի պետական այրերու եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներու՝ մեղմ ասած անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ` դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած համակերպող ու անպատասխանատու լռութիւնը մասնաւորաբար մեր նուիրապետական Աթոռներուն, որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը…:

Խե՜ղճ ժողովուրդ… հայրենիք ունինք, բայց կ’ապրինք օտարութեան մէջ…:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Օգոստոս 2017

0

Write a Comment